Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին բացման պատարագն ու Քահանայապետին քարոզը

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին բացման պատարագն ու Քահանայապետին քարոզը

«Սուրբ Հոգին զոր Հայրը իմ անունովս պիտի ղրկէ, ան ձեզի պիտի սորվեցնէ ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ բոլոր ըսածներս» (Յովհ 14,26)։ Յիսուսին այս խօսքերէն մեկնելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 3 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսի բացումին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի բոլոր երկիրներէն ժամանած սիւնհոդոսական 267 հայրեր, որոնք յետմիջօրէին,Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ ընթացք տուին «Երիտասարդները, Հաւատքը եւ Կոչումներու զատորոշումը» խորագիրով եպիսկոպոսական 15-րդ սովորական սիւնհոդոսին, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է երիտասարդներուն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ հոկտեմբեր 28։

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Պապը, իր այդ խօսքերով աշակերտներուն տուաւ երաշխիքը՝ որ իրենց պիտի ընկերանայ իրենց վստահուած ամբողջ առաքելական աշխատանքի ընթացքին. Սուրբ Հոգին, արդարեւ, առաջինն է որ առաքեալներու սրտերուն մէջ կը պահպանէ ու միշտ վառ ու այժմէական կը պահէ Վարդապետին յիշատակը։ Ան է որ այնպէս կ՛ընէ որ Աւետարանի հարստութիւնն ու գեղեցկութիւնը ըլլան նաեւ յարատեւ ուրախութեան եւ նորութեան աղբիւր, յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Ակնարկելով «համայն Եկեղեցւոյ համար շնորհքի պահին», Ան հրաւիրեց «հաստատակամ հայցել որ Սուրբ Հոգին մեզի օգնէ՝ յիշելու եւ վերարծարծելու մեր սիրտը բորբոքող Տիրոջ խօսքերը։ Յիշատակ որ կարենայ մեր մէջ վերակենդանացնել ու վերանորոգել երազելու եւ յուսալու կարողութիւնը որովհետեւ գիտենք թէ երիտասարդները կարող պիտի ըլլան մարգարէութեան ու տեսիլքի այն չափով որով մենք, չափահասներ ու տարեց, կարողութիւնն ունինք երազելու ու մեր սրտին երազներն ու յոյսերը կիսելու ու անոնցմով վարակելու» աւելցուց Սրբազան Պապը հայցելով որ «Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ շնորհքը ըլլալու երազի եւ յոյսի պարգեւով օծեալ սիւնհոդոսական Հայրեր, որպէսզի կարենանք մեր կարգին մեր երիտասարդները օծել մարգարէութեան եւ տեսիլքի պարգեւով»։

Ապա, Քահանայապետը նշեց թէ «այսօր առաջին անգամուան համար մեր հետ կը գտնուին Չինաստանէն երկու եպիսկոպոսներ որոնց ներկայութիւնը, ըսաւ Ան, աւելի տեսանելի կը դարձնէ Եպիսկոպոսներու հաղորդակցութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ»։ Հուսկ մաղթելով որ օծեալ յոյսին մէջ սկիզբ տրուի եկեղեցական հանդիպումի մը որ կարող ըլլայ ընդարձակելու հորիզոնները, հանգստացնելու սիրտերը ու փոխելու մեզ անդամալուծող եւ երիտասարդներէն բաժնող ու հեռացնող կառոյցները, Ան հրաւիրեց նայելու երիտասարդներուն ու զանոնք պատած միջավայրերուն, յանձնառու ըլլալով յաղթահարել բացառումի եւ բռնութեան իրականութիւնները, որոնց թիրախ են պատանիները։

«Երիտասարդները, որոնք պտուղն են անցեալին տրուած բազմաթիւ որոշումներու, կը հրաւիրեն մեզ իրենց հետ միասին յանձն առնելու ներկան ու պայքարելու իրենց կեանքին արժանապատուութեամբ զարգացումին արգելք հանդիսացող իրականութիւններուն դէմ։ Անոնք մեզմէ կը պահանջեն ստեղծագործ նուիրում մը, իմաստուն, խանդավառ եւ յոյսով լի շարժականութիւն մը, որպէսզի զանոնք միայնակ չի թողունք մահուան շուկային մէջ, որ կը ճնշէ անոնց կեանքին վրայ եւ կը մթագնէ անոնց տեսլականը։

«Միասին երազելու կարողութիւնը որ Տէրը այսօր մեզի կը պարգեւէ որպէս Եկեղեցի՝ Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն համաձայն կը պահանջէ մեր միջեւ զարգացնել շատ յստակ կեցուածք մը․- «Թող ձեզմէ իւրաքանչիւրը փնտռէ ոչ միայն իր սեփական շահը, այլ մտածէ ուրիշներու շահերուն մասին եւս» եւ դեռ՝ կը թելադրէ աւելին, պահանջելով որ խոնարհութեամբ ուրիշները գերադասենք։ Այս ոգիով՝ պիտի ուզենք զիրար ունկնդրել, միասին զատորոշելու համար այն ինչ որ Տէրը կ՛ակնկալէ իր Եկեղեցիէն։ Ասիկա մեզմէ կը պահանջէ ուշադիր ըլլալ որպէսզի չգերակշռէ ինքնապահպանումի եւ ինքնագոհութեան տրամաբանութիւնը» որ ի վերջոյ կարեւոր կը դարձնէ այն ինչ որ երկրորդական է եւ երկրորդական՝ այն ինչ որ կարեւոր է։ Աւետարանին եւ մեզի յանձնուած ժողովուրդին հանդէպ սէրը մեզմէ կը պահանջէ ընդարձակել մեր տեսադաշտը եւ չմոռնալ առաքելութիւնը որուն կոչուած ենք ձգտելու համար աւելի մեծ բարիքի մը, որմէ պիտի օգտուինք բոլորս։ Առանց այս կեցուածքին, մեր բոլոր ճիգերը զուր պիտի մնան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ կարեւորելով «անկեղծ ունկնդրութիւնը» շարունակեց․-

«Անկեղծ, աղօթարար եւ հնարաւորին չափ առանց նախապաշարումներու ու պայմաններու անկեղծ ունկնդրութեան շնորհը կարելի պիտի դարձնէ որպէսզի հաղորդակից ըլլանք Աստուծոյ ժողովուրդին ապրած զանազան կացութիւններուն։ Ունկնդրել Աստուած՝ Անոր հետ ունկնդրելու համար մարդկութեան ճիչերը․ ունկնդրել մարդիկը՝ անոնց հետ շնչելու համար մեզ կանչող Աստուծոյ կամքը»։

«Սուրբ Կոյս Մարիամին մայրական հովանիին տակ դնելով այս ժամանակահատուածը, որպէսզի մեզի ընկերանայ, ճանչնալու համար Հոգիին հետքերը ու անոնց վրայէն ընթանալով ընկերանանք ու խրախուսենք մեր երիտասարդները, որպէսզի երբեք չի դադրին մարգարէանալէ»։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Վատիկանեան Բ․ Տիեզերական ժողովի հայրերուն երիտասարդներուն ուղղած պատգամէն հատուած մը. «Եկեղեցին կ՛ուզէ որ այն ընկերութիւնը որ դուք կը պատրաստուիք կառուցել, յարգէ արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը եւ մարդոց իրաւունքը… եւ այդ մարդիկը դուք էք։ Ան վստահ է որ դուք պիտի գիտնաք ձեր հաւատքը հաստատել ձեր կեանքին եւ ամէն բանի մէջ որ իմաստ կու տայ կեանքին․ արդար ու բարի Աստուծոյ մը գոյութեան համոզումը։

«Այդ Աստուծոյ եւ Անոր Միածին Որդիին՝ Յիսուսին անունով է որ մենք այսօր կը յորդորենք ձեզ ընդլայնելու ձեր սրտերը աշխարհի ծաւալին համաձայն, լսելու ձեր եղբայրներուն կոչը եւ համարձակութեամբ անոնց ծառայութեան ի սպաս դնելու ձեր երիտասարդ կորովը։ Պայքարեցէք ամէն եսասիրութեան դէմ։ Մերժեցէք բռնութեան եւ ատելութեան բնազդները, որոնք կը յառաջացնեն պատերազմ ու թշուառութիւն։ Եղէք վեհանձն, ջինջ, յարգալիր, անկեղծ։ Եւ ոգեւորութեամբ կառուցանեցէք այսօրուայ աշխարհէն աւելի լաւ աշխարհ մը» (Պօղոս Զ․ – Երիտասարդներուն ուղղուած Պատգամ, Վատիկանեան Ժողովի աւարտին, 8 դեկտեմբեր 1965)։

«Սիրելի սիւնհոդոսական հայրեր, Եկեղեցին ձեզի կը նայի վստահութեամբ ու սիրով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր քարոզը։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ
ՌԱՏԻՕ ՎԱՏԻԿԱՆ