ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ, ՖՐԱՆՔՈՖՈՆԻԱՅԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՇՐՋԱԳԱՅԵԼՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ – ՅՈՒՍԱԼԻ ՍՊԱՍՈՒՄ

ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ, ՖՐԱՆՔՈՖՈՆԻԱՅԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՇՐՋԱԳԱՅԵԼՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ  – ՅՈՒՍԱԼԻ ՍՊԱՍՈՒՄ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

……………………………

Թաւշեայ յեղափոխութեամբ Հայաստանի մէջ բոլոր մարզերէն ներս՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կենցաղային,ստեղծուած նոր իրավիճակին, անոր արձանագրած հետեւանքներուն ու անդրադարձներուն զարգացումները եկան արդարացնելու եւ զօրացնելու ապագային հանդէպ քաղաքացիներուն ընդհանուր լաւատեսութիւնը, անոնց յուսալի տրամադրութիւնները։ Յայտնապէս, ապագային հանդէպ թաւշեայ յեղափոխութեան ստեղծած յոյսով եւ հաւատքով առլցուն տրամադրութիւնները գերատիրող են ժողովուրդի գրեթէ անխտիր բոլոր խաւերուն մօտ։ Համայն երկիրը յուսալի սպասումի վիճակի մէջ է այն հաստատ համոզումով որ մօտիկ անցեալի ալան-թալանով տարուած ղեկավարներու իշխանութեանց վերադարձի ամէն հնարաւորութիւն միանգամընդմիշտ փակուած է։ Բացուած է ճշմարիտ ժողովրդավարացման ճանապարհը։ Օրէնքի առջեւ հաւասարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան պայմաններու տակ, իրենց թիկունքին զգալով պետութեան արդարադատ ներկայութիւնը՝ քաղաքացիները շրջած են երկիրը լքելու տրամադրութիւնը, տոգորուած՝ լաւատեսութեամբ, հակառակ անոր որ նորաստեղծ իրավիճակին դրական զարգացումները խոչընդոտող սահմանադրական եւ օրէնսդրական արգելքները դեռ եւս ամբողջութեամբ չեն հարթուած եւ ապագայ իշխանութեանց մասին որոշ մտավախութիւններ չեն փարատած։

Վստահաբար, այս իրողութիւնը պիտի հաստատեն անոնք որոնք, ինծի պէս, վերջին ամիսներուն առիթը ունեցան շրջագայելու Երեւանի եւ մերձակայ քաղաքներու փողոցներուն մէջ եւ հանդիպելու հին բարեկամներու եւ տարբեր շրջանակներու, խաւերու ու ասպարէզի քաղաքացիներու, այս կերպով մասսայի ներկայացուցիչներու բազկերակը շօշափելու։

Ինչպէս ընդհանրապէս կը պատահի յեղափոխութիւններու ժամանակ կամ անոնց հետեւանքով, մասսաներու ճնշումին տակ կը շրջուին իրավիճակներ, կը չէզոքացուին ժողովուրդի կամքին արտայայտութենէն շեղած կամ անոր հակադրուող մարմիններ եւ իրենց ուժը կը կորսնցնեն ամէն բարեշրջում արգելակող սահմանադրական կամ օրէնսդրական կարգ ու կանոն, փոխարինուելու համար նորերով։ Այսուհանդերձ, Հայաստանի մէջ արձանագրուած բարենորոգչական իրադարձութիւններուն մէջ ակներեւ է թաւշեայ յեղափոխութեան պիտակին տակ ժողովրդային շարժումի առաջնորդին՝ Նիկոլ Փաշինեանին ճիգը յեղաշրջական պահանջներն ու քայլերը օրէնքի, օրինականութեան եւ սահմանադրականութեան սահմաններուն մէջ պահելու։ Անխարդախ քուէարկութեամբ յատկանշուած՝ Երեւանի Քաղաքապետական Աւագանիի ընտրութիւններուն արդիւնքը այդ ճիգին առաջին պսակումը հանդիսացաւ եւ ճամբան հարթեց Ազգային Ժողովի լուծարման եւ յետ քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութեան՝ դեկտեմբերին իսկ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու պահանջին, զոր վարչապետ Փաշինեան հրապարակաւ ներկայացուց Նիւ Եորքէն, ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովին մասնակցելէ ետք։ Այս պահանջը նոր փոթորիկ յառաջացուց դեռ եւս իր օրինականութիւնը պահող Ազգային Ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան եւ ասոր դաշնակից խմբաւորումներու շարքերէն ներս։ Ասոնք անսովոր փութկոտութեամբ մը քուէարկեցին խորհրդարանը լուծարելու եւ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու Փաշինեանի նպատակին իրագործումը խափանելու միտող օրինագիծ մը, ինչ որ ստիպեց վարչապետը անգամ մը եւս եւ արտակարգ արագութեամբ զօրաշարժի ենթարկելու իրեն հետեւորդներու մասսան, որ պաշարեց խորհրդարանի շէնքը։

Հակառակ իրավիճակի այս շատ բուռն զարգացումներուն, անգամ մը եւս, բարեբախտաբար, երկրին ցնցումներ խնայելու եւ երկխօսութեան ճամբան բաց պահելու հրամայականը աստիճանաբար հանդարտեցուց կիրքերը եւ երկխօսութեան սեղանին առաջնորդեց կողմերը։ Դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու գաղափարը աստիճանաբար գետին շահեցաւ։ Եւ որպէսզի ասիկա կատարուի առանց օրէնքը խախտելու, Փաշինեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր հրաժարականը ներկայացնելու՝ արտահերթ ընտրութիւններու ճամբան բանալու համար, պայմանաւ որ մինչ այդ իրեն ընդդիմացող խմբաւորումները իրեն յաջորդելու համար վարչապետութեան թեկնածու չառաջադրեն։

Մինչ այդ…

 

ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ՈՉ-ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Համաշխարհային բեմին լուսարձակները կեդրոնացան Երեւանի վրայ՝ ուր պատմական բացառիկ իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը, հակառակ անոր որ Հայաստան ֆրանսախօս չէ, սակայն ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան դաւանած մշակութային, քաղաքակրթական եւ մարդկայնական արժէքները կրողը։ Բացառիկ շուքով եւ բարձրագոյն մակարդակով կազմակերպուած այս վեհաժողովը հանդիսացաւ վկայութիւնը արտաքին ճակատի վրայ Հայաստանի վայելած վարկին ու կարեւորութեան տարածաշրջանին մէջ։ Ան միաժամանակ հանդիսաւոր առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Ցեղասպանութեան ճանաչումին ու դատապարտումին, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման հրամայականին։ Վեհաժողովին «Ապրիլ միասին» կարգախօսը համերաշխութեան անուղղակի կոչ մը եղաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն՝ «միասին ապրելու»՝ երկխօսութեամբ հանգուլածել փորձելով ներքաղաքական խնդիրները։ Հայաստանին համար պատմական այս իրադարձութիւնը եկաւ ողջունելու եւ նաեւ քաջալերելու աւելի ժողովրդավար եւ արդարադատ կարգերու հաստատման գործընթացը՝ որուն ազդանշանը հանդիսացաւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը։

84 երկիրներ ու պետութիւններ համախմբող ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի շրջագիծէն ներս տեղի ունեցած գործարարական, տնտեսական, արհեստագիտական ֆորումները, առիթներ հանդիսացան 84 երկիրներու ու պետութիւններու ներկայացուցիչներուն ցոյց տալու որ «Հայաստանը իւրայատուկ վայր է եւ մենք՝ իբրեւ պետութիւն, թէ՛ արեւելքի եւ թէ՛ արեւմուտքի մաս եղած ենք, միշտ եղած ենք արեւելք-արեւմուտք խաչմերուկին վրայ։ Մեր երկիրը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի։ Այն քաղաքը, ուր դուք այսօր կը գտնուիք, 2800 տարուան պատմութիւն ունի։ Մենք ո՛չ միայն պատմութիւն, մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ ենք, այլեւ առեւտուրով զբաղող ժողովուրդ ենք՝ դարեր շարունակ ըլլալով Մետաքսի ճամբուն վրայ» ըսաւ նախագահ Արմէն Սարգսեան տնտեսական ֆորումի մասնակիցներուն։ Ֆրանքոֆոնիայի վեհաժողովի շրջագիծէն ներս ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ մասնակից երկիրներու մշակոյթներուն, արուեստներուն եւ արհեստներուն նուիրուած ցուցահանդէսներուն ստեղծած ոգեւորող մթնոլորտը եկաւ աւելի զօրացնելու քաղաքացիներուն ՅՈՒՍԱԼԻ ՍՊԱՍՈՒՄԸ։

Մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններ, երբ ալ կայանան անոնք, դեկտեմբերին կամ աւելի ուշ, եւ անկէ ետք, ժողովրդային կամքի ազատ արտայայտութեամբ, ինչպէս կ’ակնկալուի, թաւշեայ յեղափոխութեան շարժումին ղեկավարները պիտի գտնուին ժողովուրդը իր սպասումին մէջ յուսախաբ չընելու, պետութեան հանդէպ անոր վստահութիւնը վերահաստատելու շատ ծանր պատասխանատուութեան եւ մարտահրաւէրին առջեւ։

12 / 10 / 2018