Հայաստանը ստանձնեց Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի նախագահութիւնը

Հայաստանը ստանձնեց Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի նախագահութիւնը

Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի պաշտօնական պատուիրակութիւններու ղեկավարներու լիագումար նիստի ընթացքին Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի նախագահութիւնը Մատակասկարէն փոխանցուեցաւ Հայաստանին: Ընդունելով գագաթնաժողովի նախագահութիւնը՝ վարչապետ Փաշինեանը, մասնավորապէս, նշած է.

«Մատակասկարի Հանրապետութեան պարոն Նախագահ, Ձեր կողմէ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի նախագահութեան իրավունքն ինծի փոխանցելը, իհարկէ, յուզիչ պահ է։

«Մենք լիովին կը գիտակցինք այն պատասխանատուութեան, որ այսուհետեւ կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ գալիք երկու տարիներու ընթացքին այդ նախագահութիւնը ապահովելու համար։

«Կ՛ուզեմ կրկին շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանքոֆոնիայի բոլոր անդամ երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն՝ վստահութեան համար։

«Բաղխելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, զորս կը դիմագրաւեն մեր հասարակութիւնները, կարեւոր է, որպէսզի մենք համախմբուինք մեր համամարդկային արժէքներուն շուրջ, մշտապէս ապահովենք յարգանքը մեր բազմազանութեան հանդէպ եւ խթանենք փոխանակումն ու համերաշխութիւնը ֆրանքոֆոն տարածքի տարբեր հատուածներուն միջեւ։ Այդ պայմաններուն մէջ է, որ «Ապրիլ միասին»ը կրնայ ըլլալ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան աղբիւր ֆրանքոֆոն տարածքին մէջ։

«Ասիկա շատ գեղեցիկ ձգտում է, որպէսզի ցանկութիւն յառաջանայ գործելու յանուն այն սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, որոնք կը բնութագրեն «Ապրիլ միասին»ը։

«Բաղխուելով բազմակողմանիութեան ճգնաժամին` մեր ցանկութիւնն է նաեւ աւելի ամրապնդել համագործակցութիւնը եւ քննարկումները Ֆրանքոֆոնիայի եւ տարածաշրջանային ու ենթատարածաշրջանային կազմակերպություններու միջեւ տարբեր բնագաւառներէ ներս, որոնք կը վերաբերին խաղաղութեան, անվտանգութեան, կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարի, կայուն զարգացման կամ դարձեալ Մարդու իրաւունքներու յարգման հարցերուն, քանի որ այդ համագործակցութիւնը վստահաբար թոյլ կու տայ աւելի արդիւնաւէտ արծարծել այս հարցերը, իսկ Ֆրանքոֆոնիային՝ շարունակել հաստատուիլ որպէս միջազգային յարաբերութիւններու դերակատար»։