Զմմառու Մայրավանքի Դիւանին մէկ հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք որ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ․ ծ․ վ․ Մուրատեան, շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2018-ին, մեկնեցաւ Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ թեմակալ եպիսկոպոսին, միաբան հայրերուն և յատկապէս առաքելավայրերու մէջ նոր նշանակուած միաբան վարդապետներուն հետ:
Պատրիարքական Փոխանորդին հովուական այցելութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Երեւան՝ Քանաքեռ շրջանի Հայ կաթողիկէ կեդրոնատեղին, ուր Պատրիարքական Փոխանորդը դիմաւորեցին Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հայաստանի Հայ կաթողիկէ թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Արհի. Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէյեան, դպրեվանքի տեսուչ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան, Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Կոմիտաս քհնյ. Տաւէյեան եւ Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեան:
Հ. Գաբրիէլ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին ողջոյնները եւ զօրակցութիւնը փոխանցեց ամենուն։ Ապա Առաջնորդ Հօր ընկերակցութեամբ, Պատրիարքական Փոխանորդը այցելեց դպրեվանք ու մօտէն հետեւեցաւ անոր բարենորոգման աշխատանքներու ընթացքին:
Կիրակի 16 սեպտեմբեր 2018-ին, Պատրիարքական Փոխանորդին յաջորդ կայանը հանդիսացաւ Կիւմրին, ուր զինք դիմաւորեցին տեղւոյն հոգեւոր դասը: Մեծաւոր Հայրը Խաչվերացի տօնին առիթով՝ սուրբ և անմահ պատարագ մատուցանեց Կիւմրիի Հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյն մէջ, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան:
Պատրիարքական Փոխանորդին այցելութեան յաջորդ հանգրուանը եղաւ Արփենի և Հովտուն գիւղերը, ուր զինք դիմաւորեցին շրջանի ժողովրդապետ եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ Հ. Եղիա վրդ. Դերձակեան եւ շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը: Այս առթիւ, Հ. Գաբրիէլ տեղւոյն ժողովուրդին խոստացաւ թէ Զմմառու Միաբանութիւնը, կամօքն Աստուծոյ մօտ ապագային պիտի սատարէ շրջանի համայնքին վերականգման նուիրական աշխատանքին:
Կիրակի երեկոյեան Առաջնորդ Հօր եւ միաբան Հայրերու հետ միասին, Մեծաւոր Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած մշակութային համերգին։ Այս առթիւ Պատրիարքական Փոխանորդը խօսք առնելով՝ բարձր գնահատեց համերգին յաջողութիւնը եւ անոր բարեգործական վսեմ նպատակը, շեշտը դնելով ազգային միասնականութեան գաղափարին եւ անկախութեան իսկական իմաստին վրայ։
Երեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2018-ին, Առաջնորդ Հօր ընկերակցութեամբ, Հ. Գաբրիէլ այցելութիւն տուաւ հիւսիսային Հայաստանի Տաշիր քաղաքը, ուր դիմաւորուեցաւ ժողովրդապետ՝ Հ. Ներսէս վրդ. Գալստեանին կողմէ եւ ապա, հիւրը եղաւ Տաշիրի քաղաքապետին, որուն հետ, Առաջնորդ Հօր եւ ժողովրդապետին ներկայութեան քննարկեց կրօնական եւ մշակութային հարցեր:
Յիշատակութեան արժանի է այս առթիւ Հ. Գաբրիէլին խորհրդանշական այցելութիւնը Մեծաւան (Շահնազար) գիւղ, ուր այցելեց տեղւոյն պատմական Վերի Վանքը և Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան կալուածը, եւ իր գնահատանքը յայտնեց մասնաւորապէս Վերի Վանքի վերանորոգման :
Մայր Հայաստան հովուական այցելութեան աւարտին՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդը գոհունակութիւն յայտնեց, որ Զմմառու միաբանները, աշխարհի որ անկիւնը որ գտնուին անսակարկ նուիրումով կը ծառայեն Ս. Եկեղեցւոյ եւ Ազգին: