Համաշխարհայնացման գործընթացը եւ ընկերային հաղորդամիջոցները, որոնք ցանցերու պիտակին տակ կը գործեն, աշխարհը օր ըստ օրէ աւելի փոքրացնող երկու անշրջանցելի ազդակներ, ընկերութիւնը ճնշող երկու գլաններ են, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին այսօր մարդիկ։ Անոնք միաժամանակ՝ մարդոց տրամադրութեան տակ դրուած երկսայրի սուրեր են։
Համաշխարհայնացումը մարդիկը իրարմէ կախեալ կը դարձնէ, ինչ որ անպայմանօրէն դրական երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ կը վերացնէ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող ամէն առանձնայատկութիւն ու կը նպաստէ անոնց այլասերումին։ Ինչպէս կ’ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը, համաշխարհայնացումը կը նմանի շրջանակի մը որմէ ներս առանձնայատկութիւններ գոյութիւն չունին։ Ժողովուրդներու առանձնայատկութիւնները կը կորսուին։ Շրջանակին կեդրոնը նիւթն է, դրամը, իր բոլոր երանգաւորումներով ու տարբերակներով։ Դիմագիծ ու ինքնութիւն չունի ան՝ իր տէրերուն եւ երկրպագուներուն նման։ Այսպիսով, համաշխարհայնացումը կը դառնայ անհատի եւ հաւաքականութեան ինքնութեան, անոր առանձնայատկութիւններուն, մարդկային, մշակութային, քաղաքակրթական, քրիստոնէական արժէքներու տապանաքարը։
Հաղորդամիջոցները տաքին ու պաղին, մութին կամ լոյսին, լռութեան կամ աղմուկին ազդեցութեամբ բանող ինքնագործ կազմածներ չեն՝ նման օդաչափի սնդիկին կամ ահազանգի ճչակին՝ որ ինքնաբերաբար կը հնչէ երբ կրակ կայ կամ գող կը մտնէ իր տեսադաշտէն ներս։ Անոնք ուղղակիօրէն կը հային մարդու հոգեմտաւոր կարողութիւններուն։ Անոնք խօսափողն են մարդուն, թարգմանը ու տարածողը գաղափարներու եւ արտայայտութիւնը՝ զգացումներու։ Հետեւաբար, հաղորդամիջոցները հայելին են իրենց ետին կանգնած մարդուն, իրենց հովանաւորին եւ հաղորդամիջոցավարին։ Անոնք կը ցոլացնեն զիրենք աշխատցնող մարդուն դիմագիծը, նկարագիրը, յատկանիշերը, նախասիրութիւնները, համոզումները, ինքնութիւնը։
Ահա թէ ինչո՛ւ հաղորդամիջոցները՝ համաշխարհայնացման յորձանքին դիմաց կանգնած կա՛մ բարին չարէն, օգտակարը վնասաբերէն, ցորենը որոմէն զատող ու զտող պատուարներ են, տեսակ մը մաղեր, կա՛մ յորձանքէն տարուող աւազաբլուրներ։ Այս դերակատարումը կախեալ է բոլոր անոնցմէ՝ որոնք հեռուէն կամ մօտէն առնչուած են հաղորդամիջոցներու գործունէութեան հետ, սեփականատէրեր ու հովանաւորներ, լրագրողներ, մեկնաբաններ ու վերլուծաբաններ, ծանուցումի գործակալութիւններ, գործարարներ ու արհեստագէտներ եւ դեռ շատուշատ ուրիշներ։ Այս մարդիկը հաղորդամիջոցը կրնան դարձնել բարեգործ ու շինիչ կամ, ընդհակառակը, չարագործ ու կործանարար։
Այս երկու իրականութիւններու ազդեցութեան տակ կը գտնուին այսօր ո՛չ միայն անհատները, այլ նաեւ զանգուածները, աշխարհի որ ծայրամասին ալ գտնուին, եւ այսպէս, անոնք անհատը կը դարձնեն, կամ մեղմ ըսած՝ կը փորձեն դարձնել աշխարհաքաղաքացի, ինչ որ կը յարուցանէ ինքնութեան խնդիրը։ Յստակացնենք։ Խնդիրը՝ ոչ այն ինքնութեան որ կը ստացուի յետ ծննդեան, անուան, դաւանանքի, հպատակութեան, համայնքային ու քաղաքացիական կարգավիճակին հայող դեռ շատ մը ուրիշ պիտակաւորումներու արձանագրութեամբ թուղթի կտորի մը վրայ, այլ խնդիրը՝ տոհմային ինքնութեան, ազգային պատկանելիութեան, որ մեր՝ հայերուս պարագային զուգորդուած է կրօնական պատկանելիութեան հետ եւ որ կը ծնի մարդուն հետ եւ կը կազմէ անոր էութիւնը։ Ծնունդով եւ արեամբ ստացուած ինքնութեան դրոշմը անջնջելի է Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն նման։ Իսկ անոր յատկանիշերը անհատի ազգային պատկանելիութեան խորհրդանշաններն են։ Այդ յատկանիշերը ուրացող կամ անոնցմէ հրաժարող մարդը կը դառնայ անդիմագիծ արարած։ Լեզուն, որ ազգային պատկանելիութեան գլխաւոր յատկանիշն է, մեզմէ իւրաքանչիւրի կենդանի եւ թրթռուն հայրենիքն է։ Առանց Մեսրոպ Մաշտոցին Հայաստան հայրենիքը գոյութիւն պիտի ունենա՞ր արդեօք։
Ահա այս ինքնութիւնն է որ համաշխարհայնացումին թիւր ընկալումին եւ ընկերային հաղորդամիջոցներուն սխալ օգտագործումին հետեւանքներէն պահել պահպանելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուինք ազգովին, ազգային եւ եկեղեցական բոլոր կառոյցներով, անհատապէս եւ հաւաքաբար։
Համաշխարհայնացման գործընթացը արգելակել եւ ընկերային հաղորդամիջոցներուն գործունէութիւնը հակակշռել հնարաւոր չըլլալով, ոչ իսկ կրաւորական հանդիսատես, ճակատագրուած ենք անոնց հետ գոյակցելու։ Այս գոյակցութիւնը, սակայն, մեզ կը դնէ երկու իրականութիւնները դրական երեւոյթի վերածելու մարտահրաւէրին առջեւ։ Ինչպէ՞ս։ Ճանապարհը ցոյց կու տայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
«Եկեղեցւոյ համար, կ’ըսէ Ան, համաշխարհայնացումը պէտք է նմանի բազմանկիւնի մը «Polygone»՝ իր զանազան երեսներով, ուր ամէն ժողովուրդ կը պահէ իր մշակոյթը, իր լեզուն, իր կրօնքը եւ իր ինքնութիւնը»։ 5 Մարտ 2014-ին, Carrera della Sera եւ La Nacion թերթերուն կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ, Ան «Այո՛» կ՛ըսէ համաշխարհայնացումին, պայմանաւ որ մա՛րդը գտնուի անոր կեդրոնը եւ յարգուի իւրաքանչիւր ժողովուրդի առանձնայատկութիւնները։ Ան ըսել կ’ուզէ թէ համաշխարհայնացումը պէտք է ծառայէ մարդուն համար աւելի արժանավայել կեանքի մը ստեղծումին, առիթ պէտք է դառնայ աշխարհին նայելու նաեւ տարբեր մշակոյթներու եւ աւանդութիւններու ընդմէջէն եւ աւելի լաւապէս գնահատելու համար քրիստոնէութեան մեծ արժէքները։
Իսկ ընկերային հաղորդամիջոցները – կ՛ըսէ ան ուրիշ առիթով մը – մարդիկը, մշակոյթները, քաղաքակրթութիւնները իրարու կը մօտեցնեն եւ զանոնք իրարու հաղորդակից կը դարձնեն, կ՛օգնեն մարդոց իրարու մօտենալու եւ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու, իրար մտիկ ընելու, իրարհասկացողութեան եւ փոխադարձ յարգանքի առաջնորդող երկխօսութիւն հաստատելու, աւելի միացած ըլլալու։ Այս կերպով անոնք կը նպաստեն մարդոց փոխադարձ հարստացումին։ Այսուհանդերձ, Ֆրանչիսկոս կը զգուշացնէ հաղորդամիջոցներուն միջոցաւ մենք զմեզ միայն մեր ակնկալիքներուն ու միտքերուն, եւ քաղաքական ու տնտեսական որոշ շահերու համապատասխանող տեղեկութիւններու ոլորտի մը մէջ արգելափակելու վտանգէն։ Ան կը զգուշացնէ մանաւանդ հաղորդամիջոցները մարդոց ապակողմնորոշումին ծառայեցնելու վտանգէն, ապատեղեկատուութիւնը «մեծագոյն մեղք» որակելով։
Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ գործող հաղորդամիջոցներուն, եւ ոչ միայն, ուղղուած յորդոր-ուղեցոյց մըն է ասիկա։ Նաե՛ւ հրաւէր մը հաղորդամիջոցներուն հետ առնչուած բոլոր մարդոց՝ իրենց աշխատանքին մէջ առաջնորդուելու իրենց հարազատ ինքնութենէն իրենց ստացած քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով միայն։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ