Կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը աշխարհի վրայ

Կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը աշխարհի վրայ

Միսիոնարներու համաշխարհային օրուան առթիւ, Ֆիտես Լրատու գործակալութեան հրապարակած վիճագրական տուեալներուն համաձայն, աշխարհի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը, բաղդատմամբ 2016 թուականին, 14,2 միլիոն աճ արձանագրած է, հակառակ Եւրոպայի մէջ կաթողիկէներու թիւի նուազեցման:

Աշխարհի 7,4 միլիարտ բնակչութեան, 1,3 միլարտը կաթողիկէ հաւատացեալներ են: Համեմատութեամբ 2016-ին, կաթողիկէներու թիւը ամէնէն շատ աճ արձանագրուած է Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ, որուն կը յաջորդեն Ամերիկայի, ապա Ասիոյ ցամաքամասերը: Մինչ՝ Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ կաթողիկէներուն թիւը նահանջ արձանագրած է․ համեմատութեամբ բնակչութեան աճ արձանագրած 1,3 միլիոն թիւին, մկրտեալներուն թիւը նուազած է:

Միշտ Ֆիտես լրատու գործակալութեան վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, աշխարհի վրայ քահանաներուն թիւը եւս նահանջ արձանագրած է: Աշխարհի քահանաներու թիւն է 414,949: Այս անգամ եւս քահանաներուն թիւը ամէնէն շատ նուազած է Եւրոպայի մէջ: Մինչ Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ քահանաներուն թիւը 1,181 աճ արձանագրած է :

Կրօնաւորներուն թիւը եւս նուազելով, անոնք այսօր աշխարհին վրայ կը հաշուեն 133,138 կրօնաւորներ: Համեմատութեամբ 2016 թուականին, աշխարհին վրայ նորընծաներու թիւը եւս ընդհանուր առմամբ նահանջ արձանագրած է: