Շատեր անհիմն ձեւով խօսեցան Քրիստոսի կեանքին եւ մանաւանդ յարութեան մասին. շատ մը անհաւատ փիլիսոփաներ փորձեցին զիրենք լսողները եւ ընթերցողները համոզել թէ քրիստոնէական կեանքը ու հաւատքը ապարդիւն են: Ասոնք Քրիստոսը նկատեցին երազային անձնաւորութիւն մը որ եկաւ հրեայ ժողովուրդը խաբելու:
Եւ սակայն այն տիկիններուն որոնք գերեզման գացած էին մաքրելու համար Քրիստոսի գերեզմանը՝ հրեշտակը եկաւ աւետելու «Հոս չէ, յարութիւն առաւ»:
Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ թէ, Քրիստոսի խաչին վրայ մահէն ետք, Իր տարակուսող աշակերտները հասկցան թէ մահը վերջ մը չէր, այլ՝ Յիսուս դարձեալ ներկայ էր ուրիշ էութեամբ: Այս իրականութիւնը նկարագրելու համար անոնք շատ մը արտայայտութիւններ օգտագործած են, ինչպէս «վերականգնեցաւ», «մեռելներէն զարթնեցաւ», «Հօր մօտ բարձրացաւ», «այժմ Հօր փառքին մէջն է», այսինքն՝ Աստուծոյ էութեան իսկ մէջն է: Այս բոլոր արտայայտութիւնները լատիներէնի թարգմանուած են Յարութիւն բառով:
Զատկի տօնական շրջանին՝ կը յիշենք մահը եւ յարութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ մատնուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ իր թշնամիներէն եւ յաղթական կերպով յարութիւն առաւ:
Զատկի առաւօտ կանուխ, Քրիստոս յարեաւ մեռելներէն եւ երեւելով իր աշակերտներուն, անոնց վստահեցուց իր աստուածային կարողութեան մասին:
Այսպէսով Զատկի տօնակատարութեան ժամանակ կը յիշենք մեր յարուցեալ Յիսուս Նազովրեցիի մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնը, մահը եւ փառաւորեալ յարութիւնը:
Զատիկով քրիտոնեաները անդրադարձան Աստուծոյ փրկչագործական ծրագրին՝ Քրիստոսի յարութեամբ միայն: Հրէական զատիկը հասաւ իր լրումին Քրիստոսի Յարութեամբ: Գառնուկի զոհաբերումը կը յիշեցնէ մեզի ազատագրումը մեղքի ծառայութենէն: Քրիստոսի Յարութիւնը յոյս տուաւ որ մարդիկ իրենց կարգին կը յաղթեն մահուան:
Ինչպէս Մովսէս հրեայ ժողովուրդը անապատէն առաջնորդեց դէպի խոստացեալ երկիրը, նոյնպէս ալ Յիսուս՝ նո՛ր Մովսէսը առաջնորդեց նո՛ր ժողովուրդը դէպի խոստացուած երկիրը որ է Եկեղեցին:
Յիսուսի Յարութիւնը ուրեմն յաղթանակն է մահուան դէմ. բացառիկ յաղթանակ մը երբ նկատի առնենք աշխարհային պարտութեան իմաստը: Այս յաղթանակը օրէնքին բացառութիւնը չէ անշուշտ, այլ՝ վստահութիւնը, թէ մենք ալ պիտի ապրինք այն ինչ որ Քրիստոսի պատահեցաւ: Արդարեւ, Քրիստոսի Յարութիւնը մեր յարութեան խոստումն է: Յարութիւնը շօշափելի խորհրդանիշն է փրկութիւն իմաստին, որովհետեւ փրկուիլ կը նշանակէ ապրիլ միշտ եւ յաւիտենական սիրոյ կեանքին մէջ: Մենք յաւիտեան պիտի ապրինք Աստուծոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոս պատուիրեց մեզի: Աշխարհային հասկացողութեամբ կեանքի իմաստը յաղթահարուած է, որովհետեւ Յարութիւնը մեզ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ: Քրիստոսի Յարութիւնը երաշխիքն է մեզի տրուած խոստումներուն:
Վերջապէս, Յարութիւնը մարդոց ողղուած խաղաղութեան հռչակում մըն է, եւ ոչ՝ պատերազմի հռչակում: Վերջացնելով իմ խօսքս, կ’ուզեմ կրկնել սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի խօսքը, թէ «Աստուած մեզ կը դիտէ միմիայն իր Որդիին դէմքով»:
ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
Օգնական Եպիսկոպոս Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին