ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Մեծ է խորհուրդը մեր փրկութեան: Աւագ հինգշաբթի օր, Վերջին Ընթրիքին՝ Յիսուս մեզի տուաւ իր մարմինը. Աւագ ուրբաթ, Խաչին վրայ՝ իր արիւնը. Աւագ շաբաթ, գերեզմանի մէջ՝ յաղթութիւն տարաւ մահուան վրայ. Յարութեան կիրակին՝ մեզի երկնային կեանքը պարգեւեց: Այս է մեծ խորհուրդը փրկութեան:

Սուրբ Յարութեան Նախօրեակին, հասկցնելու եւ բացատրելու համար Զատկուայ այս խորհուրդը, ճրագալոյցի ժամերգութեան միջոցին, մեզի կարդացուեցան սուրբ գիրքէն հատուածներ: Ասոնցմէ մէկուն մէջ, որ Յելից գիրքէն է, Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդէն կը պահանջէ որ Պասէքի տօնը կատարեն ամէն տարի, յիշատակելու եւ յաւերժացնելու համար անոնց փրկութիւնը եգիպտացիներէն. ու կ՛ըսէ անոնց՝ «Այն օրը յիշատակելի օր մը թող ըլլայ. տօնեցէք այդ օրը ձեր ազգին մէջ՝ այսուհետեւ մինչեւ յաւիտեան»:

Հաւատարիմ այդ պատուէրին, եւ առ ի յիշատակ մեր փրկութեան՝ սատանային գերութենէն, ահաւասիկ մենք եւս եկած ենք այսօր կատարելու համար յիշատակը մեր Պասէքին, մեր Զատիկին, այսինքն սուրբ Յարութեան տօնին, ինչպէս սովոր ենք ընելու ամէն տարի: Կը մաղթեմ որ այս տարի մեր Զատիկի Պատարագը եւ տօնակատարութիւնը աւելի գոհաբանական ըլլան եւ փառք ու պատիւ ընծայեն ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօր եւ Որդւոյ եւ սուրբ Հոգւոյն եւ այսպէսով բազում շնորհքներ եւ օրհնութիւններ ստանանք:

Ահաւասիկ հաւաքուած ենք այսօր կրկին անգամ պաշտօնապէս արտայայտելու մեր դաւանանքը Յիսուսի սուրբ Յարութեան ճշմարտութեան եւ իրարու յայտնելու մեր այս հաւատքը, իրարու մաղթելով՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Գալով ու մասնակցելով զատկական այս սուրբ Պատարագին, ոչ միայն մենք կը խոստովանինք մեր հաւատքը Յիսուսի սուրբ Յարութեան ճշմարտութեան, այլ մենք կ՝ընդունինք եւ կը փարինք այս դաւանութեան, համարելով զայն իբր մեր քրիստոնէական ճշմարտութիւններուն մէջ ամէնէն յուսադրիչն ու մխիթարականը, ինչպէս նաեւ չարին ու մեղքին դէմ մեր յաղթութեան վարձատրութիւնն ու մեր փառքի պսակումը:

Կու գանք, ոչ միայն յայտնելու համար մեր հաւատքը, այլ նորոգելու զայն, խորացնելու եւ ամրապնդելու: Մենք երանելի ենք, որովհետեւ ընդունեցանք այս հաւատքը մկրտութեամբ եւ դաստիարակութեամբ մեր ընտանիքին ու եկեղեցւոյ, սակայն ան կը մնայ ծիլ եւ չի գտներ իր գնահատումին վայելքն ու գեղեցկութիւնը եթէ ոչ երբ ան բացուի, ծաղկի եւ բուրէ. այսինքն երբ զայն ապրինք եւ պատրաստ ըլլանք մեռնելու եւ նահատակուելու մեր հաւատքին համար:

Մեր հաւատամքին մէջ մենք կ՛ըսենք, կը հաւատանք ի յարութիւն մեռելոց, յարքայութիւնն երկնից եւ ի կեանսն յաւիտենականս: Ըսելը միայն չի բաւեր. մենք չենք կրնար գտնել մեր հաւատքի գոհացումը, եթէ ոչ հաւատքին ներգործութեամբ, անոր աճումովն ու խորացումով:

Ասոր համար է որ մեր մէջ կը գտնուին տակաւին անհաւատներ, թերահաւատներ եւ տարակուսողներ որոնք պէտք ունին սուրբ անձերու վկայութեան ու դաստիարակութեան:

Ցաւալի է նկատել որ դաստիարակիչներ ու կրթիչներ կը պակսին այսօր մեր մէջ: Կրնանք կրկնել այն ինչ որ ըսած էր ժամանակին հանգուցեալ Սահակ եպս. Կոգեանը.- «Մեզմէ ոմանք արդէն սկսած են դառնալ հերետիկոսներ, ոմանք ուրացողներ եւ ուրիշներ քաղջեր ու անտարբերներ: Ո՞վ պիտի փրկէ զանոնք: Քիչ է այսօր մեր մէջ թիւը քաջարի եւ եռանդուն առաքեալներուն եւ հաւատքի դիւցածներուն»:

Սակայն գիտենք որ այս երկրի վրայ եկեղեցին պատերազմող է: Իր աստուածային Վարդապետին հետեւելով՝ ան կը պատերազմի դիւային բոլոր յարձակումներուն եւ խաւարային իշխանութիւններուն դէմ. կը մաքառի անօրէններուն եւ անիրաւներուն դէմ. կը պարտէ չարը եւ կը յաղթահարէ ամէն կեղծութիւն:

Այս օրերուս, չարին դէմ պատերազմը մեծ է եւ ահարկու. ամէն կողմ կը լսենք հալածանք քրիստոնեաներուն դէմ, անոնց հաւատքին եւ բարեպաշտութիւններուն դէմ: Աւերիչ սուտ վկաներու վարդապետութիւնն ու քարոզչութիւնը լսելի է բեմերուն վրայ եւ դպրոցներուն եւ տուներուն մէջ: Ապականութիւնը եւ դիւական ծէսերու ներդրումը մտած է մեր քրիստոնեայ խաւերէն ներս: Չեմ ուզեր յիշել այլ ամբարիշտութիւններ եւ ապօրինութիւններ:

Cross

Ինչ լաւ է յիշել ու յիշեցնել Սուրբ Դաւթի որդւոյն՝ Սողոմոնի առակներէն քաղուած այդ հատուածը, զոր կը կարդանք ժամերգութեան ատեն: Հոն կ՛ըսուի, թէ Աստուած կու տայ խորագիտութիւն ՝ պարզամիտներուն եւ միտք ու հանճար՝ երիտասարդներուն: Կը կարդանք հոն՝ Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ երկիւղն է, իսկ զգօնութեան սկիզբը՝ բարի աստուածպաշտութիւնն է: Աստուածպաշտութիւնը Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած խրատն է, իսկ զգօնութիւնը՝ մեր կողմէ յայտնաբերուած կրօնասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնն է:

Այս օրերուս սակայն ու՞ր են իմաստունները եւ ու՞ր են աստուածպաշտները:

Չէ՞ որ Տէրն է որ կու տայ իմաստութիւն, գիտութիւն եւ հանճար: Դաւիթ մարգարէն կ՛ըսէ՝ Աստուած նայեցաւ երկինքէն տեսնելու համար թէ բոլոր մարդոց մէջ իմաստուն մարդ մնացեր է որ զԱստուած կը փնտռէ. ու Տէրը տեսաւ որ ամէնքը խոտորեցան եւ անպիտանացան: Ան՝ բացակայ է այսօր մեր կեանքէն, հեռու է մեր հասարակութենէն: Տէրը կ՛ըսէ՝ Որդեակ մի մոռնար խրատներս ու խօսքերս, պահէ զանոնք որպէսզի կեանքիդ օրերը եւ կենդանութեանդ տարիները երկարին եւ խաղա-ղութեամբ անցնին:

Հաւատքի վկայ ըլլալու համար անհրաժեշտ է գիտակցութիւնը եւ համոզումը. այսինքն միտքն ու հանճարը որոնք կ՛աճին դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ. ցորքան ասոնք չեն հիմնաւորուած ամուր սկզբունքներով եւ չեն շաղախուած ապրուած հաւատքի ներգործութիւններով, ասոնք չեն կրնար տանիլ ու հասցընել մարդը քաջութեան, նուիրումի եւ զոհաբերութեան վկայութեան:

Հաւատքի դաստիարակութիւնը եւ մշակոյթը արդիւնքն է քրիստոնէական վարդապետութեան լուրջ զարգացման հետապնդումին: Սակայն այս օրերուս, մինչ հաւատքի դէմ ահաւոր պայքարներ կը մղուին, պէտքը կը զգանք դաստիարակիչներու, քրիստոնէական ամուր դաստիարակչական գիրքերու եւ դասընթացքներու, յաճախակի հոգեւոր ընթերցումներու, հոգեւոր կրթութիւններու եւ շինիչ եւ առինքնող տիպար հանդիսացող սուրբ անձերու կեանքի ճանաչման:

Դժբախտաբար, չըսեմ թէ մենք զուրկ ենք այս բոլորէն, սակայն աղքատ ու ծարաւի ենք ասոնց բոլորին եւ տուող չկայ զանոնք մեզի: Այժմէական է տագնապը՝ հունձքը առատ է եւ մշակները սակաւ, արդ աղօթեցէք հունձքի Տիրոջ:

Ճրագալոյցի ժամերգութեան մէջ, Յեսուայ Նավիայ որդւոյն ընթերցոuածին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Տէրը կ’ըսէ Յեսույին, դուն օգնութեանս պէտք ունիս. արդ զօրացիր եւ շատ քաջ եղիր , որպէսզի կատարես այն բոլորը…: Եղիր անվախ եւ աներկիւղ, քանի որ Տէր Աստուած քեզի հետ է ամենուրեք՝ ուր որ ալ երթաս»:

Այո Տէր, թէպէտ եւ գնացից ես ի մէջս ստուերաց մահու, ոչ երկեայց ի չարէ, զի դու Տէր ընդ իս ես:

Այս օրերուս նոյնն է մեր վիճակը. պէտքը կը զգանք իրապէս Աստուծոյ օգնութեան: Մեր կողմէն ալ շատ աղօթելու ենք, առանց ձանձրանալու, հաւատքով եւ վստահութեամբ: Այս տօնին առթիւ չմոռնանք խոկալ այն ինչ որ կ՛աղօթենք երբ կ՛երգենք յաճախ՝ Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, ողորմէ մեզի: Մտածենք պահ մը այն ինչ որ կ՛ըսենք՝ Աստուած հզօր է, անմահ է, այսինքն ողջ է, այսինքն սուրբ եւ կարող է մեզ փրկելու ամէն չարէ, ինչպէս փրկեց Բաբելոնի երեք մանուկները հրաբորբոք կրակի հնոցէն: Չէ՞ որ կը հաւատանք որ յարուցեալ է եւ յաղթեց մահու: Ուրեմն հզօր է Ան եւ կարող է մեզ ու ամէն բան յարուցանելու:

ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԱՐՔԵՊԻՍԿ. ԽԱԶՈՒՄԵԱՆ