Կանանց միջազգային օրուան առթիւ – Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Եկեղեցւոյ մէջ կիներու դերը

Կանանց միջազգային օրուան առթիւ – Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Եկեղեցւոյ մէջ կիներու դերը

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 8 մարտին նշուեցաւ Կանանց նուիրուած միջազգային օրը։ Օրը ճանչցուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1977-ին: Ստորեւ, Վատիկանի Ռատիոյէն քաղելով, կը ներկայացնենք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետէն յատկանշական մէջբերումներ կնոջ՝ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան մասին։

«Յարութեան առաջին վկաները կիներն են։ Եւ կիներու առաքելութիւնը այս է» 2013-ի ապրիլ 3-ին է որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուելէն 3 շաբաթներ ետք, Քահանայապետութեան հրապարակային երկրորդ ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց այդ խօսքերը, որոնց յետագային յաջորդեցին այլ մէջբերումներ ի նպաստ կիներուն ու անոնց կարեւոր դերակատարութեան՝ եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ։

Քահանայապետը յաճախ անդրադարձած է այն կիներուն մասին որոնք իր հաւատքի ուղեւորութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցան, սկսեալ Ռոզա մեծ մայրիկէն ու վերջերս յիշեց նաեւ երիտասարդ կրօնաւորուհի մը՝ Քոյր Անթոնիան որ զինք իր գիրկը առած է երբ տակաւին մէկ օրուայ նորածին մըն էր։

Ֆրանչիսկոս Պապին կիներու նկատմամբ յատկանշական մօտեցումը արտայայտուած է նաեւ երբ ան աւագ հինգշաբթի օր մը, ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց լուալով բանտարկեալ կիներուն ոտքերը, ինչպէս նաեւ անոր կամքով հիմնուած իգական սարկաւագութեան հայող յանձնախումբով ու Վատիկանի մէջ կիներուն շնորհած կարեւոր պաշտօններու միջոցաւ։

28 Յուլիս 2013-ին, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան աւարտին, Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին, պատասխանելով իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ՝ «առանց կիներու եկեղեցի մը կը նմանի առանց Աստուածամօր առաքեալներուն», Ան ապա աւելցուց թէ «Եկեղեցին իգական է, Եկեղեցին հարս է, մայր է» եւ այս ուղղութեամբ է որ անցեալ օրերուն, Նորին Սրբութիւնը, լատինական ծիսական օրացոյցին մէջ ներմուծեց «Տիրամայրը Եկեղեցւոյ Մայր» տօնը որ պիտի յիշատակուի Պենտեկոստէին յաջորդող երկուշաբթի օրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ դատապարտած է կիներու շահագործումը ու անոնց «աղախին» նկատումը, նաեւ Եկեղեցական կառոյցներէն ներս, նշելով թէ կնոջ դերը ըլլալու է «սպասարկութիւն», ոչ թէ «ծառայ», ու հաստատելով թէ կինը «ծառայ» համարելը, նոյնիսկ եկեղեցական ասպարէզէն ներս, նախատինք է անոր արժանապատուութեան։

Սրբազան Հայրը ապա 2014-ի դեկտեմբեր 2-ին՝ Ընտանիքի Փառատօնին յղած մէկ պատգամին մէջ թելադրած էր որ կիներուն չտրուին ծանր գործեր եւ որ հարկաւոր է նկատի առնել կնոջ դերը՝ ընտանեկան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ ու յատկապէս անոր դերակատարութիւնը՝ ընկերութեան ապագայի կառուցման ծիրէն ներս։

7 փետրուար 2015-ին, մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին ուղղած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ «ժամանակն է որ կիները իրենք զիրենք հիւրեր չի նկատեն, այլ լիիրաւ մասնակիցներ ընկերութեան ու եկեղեցական միջավայրին», այս ուղղութեամբ դիտել տալով թէ «այս մէկը յետաձգուելիք մարտահրաւէր մը չէ» եւ առաջարկելով «Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւս կիներուն շնորհել պատշաճ տեղեր» յառաջացնելով իգական աւելի ազդու ներկայութիւն մը ու հովուական պատասխանատուութեան ծիրէն ներս անոնց յաւելեալ ներառումը։

26 Յունուար 2015-ին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսելով հաւատքի փոխանցումի մասին հաստատած էր թէ «հաւատքի փոխանցումը կախեալ է կիներէն, եւ Ան որ մեզի պարգեւեց Յիսուսը կին մըն է։ Հաւատքի պարգեւը ուստի կ՛անցնի կնոջմէ»։

Անցեալ տարուայ 9 փետրուարին Ան հաստատած էր թէ «առանց կիներուն աշխարհին մէջ չկայ ներդաշնակութիւն։ Կինն է որ ներդաշնակութիւն կը ստեղծէ ու մեզի կը սորվեցնէ շոյանքը, քնքշութիւնը, սէրը, աշխարհը դարձնելով գեղեցիկ իրականութիւն մը»։

Այդ նոյն քնքշութիւնը որ փոքրիկն Եորկէ Պերկոլիոն ընդունած էր իր մօրմէն ու իր մեծ մօրմէն եւ որ այսօր զայն կ՛ուզէ նուիրել աշխարհին։