Աշխարհի Ամենաերկար Գաթան

Աշխարհի Ամենաերկար Գաթան

Երեւանի մէջ 20 Մարտ 2017-ին պատրաստեցին, ցուցադրեցին ու համտեսեցին աշխարհի ամենաերկար գաթան:

Տարբեր չիրերով համեմուած թխուածքը ունէր 4000 սմ. երկարութիւն եւ 40 սմ. լայնք: Անիկա պատրաստելու համար աշխատած է մօտ 30 մարդ – կը յայտնէ panorama.am-ը:

Իւրայատուկ բաղադրատոմսով պատրաստուած գաթայի համտես-հիւրասիրութեան մասնակցած են բազմաթիւ քաղաքացիներ: Անիկա նախաձեռնած է «Պանդոկ Երեւան»ը, Տէրեան փողոցի իր մասնաճիւղին չորսամեակին առթիւ:

Գաթան հայ աւանդական խոհանոցին մէջ շատ տարածուած ու սիրուած աղանդեր է: Հինէն ի վեր անիկա կը զարդարէ տօնական գրեթէ բոլոր սեղաններն ու յաջողութիւն եւ երջանկութիւն կը խորհրդանշէ: Գաթան կը պատրաստէին առաւելապէս տօնական կամ ծիսական առիթներով` Նոր Տարի, Բարեկենդան, Տէրնդէզ, հարսանեկան ծիսակատարութիւններու, հիւրասիրութիւններու, տօնական այցելութիւններու ժամանակ: Տարբեր շրջաններու մէջ ընդունուած էին գաթայի պատրաստման տարբեր եղանակներ` կլոր, եռանկիւնի, քառակուսի, լուսնաձեւ, տարբեր չափերով: