Վերաբացուեցաւ Փանիկի Սուրբ Աստուածածին նորոգուած եկեղեցին

Վերաբացուեցաւ Փանիկի Սուրբ Աստուածածին նորոգուած եկեղեցին

Յիսնակաց հինգերորդ կիրակի օրը, Փանիկի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգը կը հրաւիրէր գիւղը մասնակցելու վերանորոգ եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութեան եւ առաջնորդ Հօր՝ արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի ձեռամբ մատուցուած Սուրբ Զոհի Սեղանին: Սրբազան Հայրը, առընթերակայութեամբ գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի, Հ. Եղիա վրդ. Դերձակեանի եւ Տ. Սահակ քհնյ. Աղեկեանի, օծեց եկեղեցւոյ նոր երկաթեայ դուռը եւ ապա իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ նորոգուած մօտ 150 տարեկան եկեղեցիին:

Փանիկի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1846 թուականին՝ գիւղի առաջին քահանայ Տ. Պետրոս Նահապետեանի ջանասիրութեամբ, եղած է տարածաշրջանի հայ կաթողիկէ հաւատքի լուսաւոր օճախներէն մէկը, ուր դաստիարակուած է հաւատքի եւ ազգային դէմքի պահպանութեան առաջամարտիկ, աւանդապաշտ ժողովուրդ մը, որ տուած է քահանաներ, վարդապետներ եւ գիտնականներ: 1936 -1990 թուականներուն եկեղեցին չէ գործած՝ կոմունիստներու հալածանքներուն պատճառով, փորձ մը կատարուած է զայն մթերքի պահեստանոցի վերածելու, բայց՝ անյաջող. ժողովուրդը թոյլ չէ տուած: Եկեղեցին մինչեւ այժմ նորոգուած է երկու անգամ՝ 1968-1971 թուականին՝ պատմութեան ուսուցիչ, իր պապի արժանի անուանակիր Պետրոս Նահապետեանի եւ Սահակ Սալնազարեանի ջանասիրութեամբ, ապա՝ 1991 թուականին, գերյ. Հ. Կոմիտաս ծ. վրդ. Մանուկեանի նախաձեռնութեամբ, որ հաւատացեալներուն համար դարձած է հաւատքի վերածննդեան խորհրդանիշը: 1991-էն կանոնաւոր գործող եկեղեցւոյ վերստին հիմնանորոգման կարիքը նկատեց եւ նախաձեռնեց գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանը՝ 2017 թուականին:

Իր խօսքին մէջ Հայր Գառնիկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ բարերարներուն ըսելով .- «Փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն Հայր Աստծուն եւ Փանիկի Տիրամօր, որ կարողացանք մեր եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին հասցնել: Նաեւ ձեր անունով մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք բոլոր բարերարներուն, որոնք աջակցեցան, որպէսզի այս շքեղ եկեղեցին ունենանք»:

Յարդարուած են եկեղեցւոյ գաւիթը, զանգակատունը, պատերը, վերստին ներկուած, փոխուած են ջահերը, նորոգուած են սրբապատկերները, նկարուած են նորերը, որոնք կը զարդարեն Սուրբ Խորանի առաստաղը՝ Աստուածամօր պատկերներով, մուտքի դրան վերնամասը՝ Յովհաննէս Մկրտիչի պատկերով եւ աջ պատը՝ Խաչելութեան պատկերով: Նկարիչը Տիգրան Յակոբեանն է: Շատ կարեւոր նորութիւն մըն է նաեւ ջեռուցման համակարգի տեղադրումը՝ Հայկական Կարիտասի աջակցութեամբ: Եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքները ֆինանսաւորած են Շուէտի հայ կաթողիկէ համայնքը՝ Հ. Յովսէփ վրդ. Պահէի առաջնորդութեամբ, Սթոքհոլմի կարդինալ Անդերս Արբորելիուսը, սուրիացի բարերարներ եւ փանիկցի՝ գիւղը ապրող եւ ռուստաստանաբնակ հաւատացեալները, գիւղապետ Վարդան Մաքէյեանի աջակցութեամբ: Նորոգութեան աշխատանքը կազմակերպած է Վարդան Կարապետեանը: Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան իր քարոզին մէջ ուրախութեամբ ըսաւ, որ նորոգութիւնը հնարաւոր եղաւ «շնորհիւ պետական հաստատութիւններու, շնորհիւ հոգեւորականներու, որոնք ձեզի կը սպասաւորեն եւ ձեր մասնակցութեամբ, սիրելի՛ հաւատացեալներ, որովհետեւ իմացայ, որ ամէնքդ ալ մասնակցած էք այս աշխատանքներուն, եւ բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք նուիրեցին, որպէսզի Աստուծոյ տունը նորոգուի, շնորհակալութիւ՛ն»:

Սրբազանը առանձնայատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սուրբ Պատարագին ներկա Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանին եւ փոխմարզպետ Սեյրան Պետրոսեանին։

Սուրբ Պատարագէն ետք իր շնորհակալական խօսքն արտասանեց նաեւ Փանիկի գիւղապետը՝ ուրախութիւն յայտնելով նաեւ առ այն, որ համայնքի սոցիալ-տնտեսական խնդիրներու լուծումը սկսաւ եկեղեցւոյ նորոգութեամբ, եւ ըսաւ․- «Կատարուեցաւ առաջին հերթին փանիկցիներու շնորհիւ, իւրաքանչիւրս մեր լուման ունինք այս եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն մէջ, եւ զայն պարտաւոր ենք պահել, պահպանել, բոլոր երկիրներու ժողովուրդները կը պահեն Եկեղեցին: Մեր համայնքի այցետոմսը եկեղեցին է»:

Սուրբ Պատարագէն ետք Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կից երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ Սրբազան Հօր, պարոն մարզպետի եւ այլ հիւրերու մասնակցութեամբ: