Սաթիկ Սէյրանեան` Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան նորընտիր նախագահ

Սաթիկ Սէյրանեան` Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան  նորընտիր նախագահ

Հայաստանի լրագրողներու միութեան 12-րդ համագումարին, որ տեղի ունեցած է ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2017-ին, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ ընտրուած է «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանի «Ռ-Էվոլիւցիա» հաղորդաշարի հեղինակ եւ վարող Սաթիկ Սէյրանեան, որ կը յաջորդէ երկար տարիներ այդ պաշտօնը վարած եւ լրագրութեան մէջ նկատառելի վաստակ ունեցող Աստղիկ Գէորգեանին:

«ՄԱՍԻՍ» կը շնորհաւորէ միութեան նորընտիր նախագահը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ անոր: