Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-ամեայ յոբելեանին առիթով ՖԱԹԻՄԱՅԻ ԵՐԵՒՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ (2)

Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-ամեայ յոբելեանին առիթով ՖԱԹԻՄԱՅԻ ԵՐԵՒՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ  Ս. ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ (2)

«Ֆաթիմայասիրութեան« աշխարհահռչակ մարմնացումն եղաւ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը (1978-2005), որուն քահանայապետութեան մէջ Ֆաթիմայի թէ՛ պատգամը եւ թէ՛ սրբատեղին նորէն ստացան պապական ճանաչումը: Սակայն, սկզբնաւորութիւնը այդպէս չէր…:

Հոս թէպէտ զարմանալի պիտի թուի, բայց եւ այնպէս հետաքրքրական է յիշել, թէ Գարօլ Վօյթիվա հոգեւորական անձնաւորութիւնն այնքան ալ քաջատեղեակ չէր Ֆաթիմայի երեւումներուն ու պատգամներուն մինչեւ 13 Մայիս 1981 թուականը, երբ կատարուեցաւ մահափորձը՝ ձախողութեան մատնուած Ս. Կոյսին «մայրական ձեռքէն, որ շեղեց փամփուշտը»:

Սրբազան Պապին պատմածին համաձայն՝ մահափորձէն ետք էր, որ լաւագոյնս յայտնաբերեց «Ֆաթիման» եւ թէ ինչպէս խորապէս համոզուեցաւ անոր ստիպողական այժմէականութեան, յատկապէս երբ յաճախ կը մտաբերէր ու կ’արտասանէր Տեսլամօր երկու հաւաստիացումները:

«Ռուսիա դարձի պիտի գայ»:

«Վերջաւորութեան՝ Անարատ Սիրտս պիտի յաղթանակէ» (տեսնել Jean Paul II, Entrez dans l՚Espռrance, Plon, 1994, էջ 320):

Ընդհանրապէս, այս մարեմաջերմ, եւ յատկապէս, ֆաթիմայասէր Պապը, որուն «Totus Tuus» բնաբանը, գլխագիր «M-Մ»-արիամի սկզբնատառով, դրոշմեց անոր աշխարհամէտ աւետումն եւ աւետարանումը, 12 Մայիս 1982-ին ուխտի գնաց Ֆաթիմա, նախ՝ իր շնորհակալութիւնը յայտնելու Ս. Կոյսին, որ զինքը ազատեց 13 Մայիս 1981-ի մահափորձէն Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ, երկրորդ՝ տօնախմբելու տեսիլքներուն 65 ամեակը, երրորդ՝ ամբողջ Եկեղեցիին անունով նորէն լսելու Ֆաթիմայի պատգամը՝ արտաբերուած հասարակաց Մօրմէն, որ մտահոգ է վիճակով իր զաւակներուն, եւ չորրորդ՝ վերանորոգելու նուիրումը Մարիամի Անարատ Ս. Սրտին 13 Մայիս 1982-ին մատուցած Ս. Պատարագին ընթացքին, երբ Հաղորդութիւնը տուաւ Աստուածային Զոհին մասնակցած 75 տարեկան Քր. Լիւսիա տոս Սանթոս Կարմեղեան մայրապետին՝ երեք տեսանողներէն դեռ ապրած երիցագոյնին:

Ուխտաւոր Պապը, իր քարոզին մէջ, Քրիստոսի ուսուցումին նկատմամբ կարեւորեց Ֆաթիմայի պատգամը՝ զայն ներառնելով անոր ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտեց, թէ Եկեղեցին կ’արժեւորէ կամ կ’արժէքազրկէ անհատական տեսիլքներն ու կ’ընդունի կամ կը մերժէ անձնական յայտնութիւնները յայտնեալ Աստուածային Ճշմարտութիւններուն լոյսին ներքեւ:

«Եկեղեցին ընդունեցաւ Ֆաթիմայի պատգամը, որովհետեւ ան ամէն բանէ առաջ կը բովանդակէ ճշմարտութիւնն ու կոչը, որուն պարունակը ճշմարտութիւնն է ու կանչը՝ ինքնին Աւետարանին. «Ապաշխարեցէ՛ք, վերանորոգեցէ՛ք ձեր կեանքը եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին (Մրկ. 1,15)»:

Ասոնք են առաջին խօսքերը, զորոնք Մեսիան ուղղեց ամբողջ մարդկութեան: Իր խորքին մէջ՝ Ֆաթիմայի պատգամը կանչ մըն է դարձի եւ ապաշխարանքի, ինչպէս Աւետարանին մէջ: Այս կանչը հասցէագրուած էր մասնաւորապէս այս ներկայ հարիւրամեակին:

Ֆաթիմայի Տիրամօր պատգամը մայրական է, ինչպէս նաեւ զօրաւոր ու վճռական (բախտորոշ, կտրուկ) է: Կը հնչէ խիստ: Կը հնչէ ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչ կը խօսէր Յորդանան գետափին՝ հրաւիրելով ապաշխարութեան: Սպառնանման զգուշացում է: Կը կանչէ աղօթքին: Կը յանձնարարէ Վարդարանը»:

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը, լիովին իւրացուցած Ֆաթիմայի պատգամն ու խորապէս հաւատացած Տեսլամօր վերոյիշեալ երկու նախատեսութիւններուն իրականացումին, ինչպէս նաեւ իր երկնային Մօր միջնորդութեամբ մահափորձէն ազատած ըլլալու անխորտակելի համոզումով, դեռ երկու անգամ պաշտօնապէս կատարեց Եկեղեցիին, մարդկութեան, աշխարհին ու յատկապէս Ռուսաստանի նուիրաբերումը Մարիամ Սիրամօր Անարատ Սրտին՝ 1984-ին եւ 1991-ին:

Առաջինը, Ռուսիայի համար, դիպեցաւ «Ս. Աւետում» տօնին, Մարտ 25-ին, Հռոմի մէջ, ուր Ֆաթիմայէն բերուած էր Տեսլամօր արձանը, որուն առջեւ սրբաշնորհ Սպիտակազգեստը կատարեց ընծայումի աղօթքը:

Իրարայաջորդ աշխարհապատմական դէպքերը՝ Միխայէլ Կորպաչովի ընտրութիւնը (1985), Արեւելեան Եւրոպայի համակարգին տարանջատումը, համայնավարութեան քայքայումն ու Պերլինի պատին կործանումը (1989), Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին արդար համոզումով ու տրուպիս տեսութեամբ, հետեւանքներն են Ֆաթիմայի Տեսլամօր կանխատեսութիւններուն եւ անոր պայմանաւորած նուիրումներուն իր Անարատ Սրտին:

Մարեմասէր Քահանայապետը համոզուած էր եւ վարդապետս չեմ կասկածիր երբեք, որ Մարիամ Հրաշամայրն ունեցաւ իր ինքնուրոյն դերը Սովետական Միութեան փլումին մէջ:

1991-ին կատարած նուիրումին մէջ, որ Մարիամի տիեզերական միջնորդութեան գաղափարով օժտուած էր, «Աստուծոյ ժողովուրդին հետ հաղորդակցութեամբ», Սրբազան Հայրը իր անխորտակելի վստահութիւնը յայտնեց Մարիամի՝ «կեանքի Մօր», անոր բացագանչելով.«Բազմաթիւ նշաններով Դուն առաջնորդեցիր մեզ, ինչպէս նաեւ չարէն ու մահուան իշխանութենէն պաշտպանեցիր: Իբր իմ Մայրս՝ ինչպէս սկիզբէն եւ մանաւանդ այդ 13 Մայիս 1981 թուականին, երբ իմ քովս զգացի Քու ազատարար ներկայութիւնդ: Իբր Մայր իւրաքանչիւր մարդուն, որ կը պայքարի կեանքին համար, որ չ’ացնիր: Իբր Մայր մարդկութեան, որ փրկուեցաւ Քրիստոսի արիւնով, եւ իբր Մայր կատարեալ սիրոյն, յոյսին ու խաղաղութեան»:

Մէկ կողմէ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին մօտ լսելի համահնչիւնութիւնը փորձառութենէն գոյացած անձնական դաւանումին Ֆաթիմայի հանդէպ, ու, միւս կողմէ, եկեղեցական հաւատքին մէջ աշխարհասփիւռ նշանակութեան Ֆաթիմայի «սպիտակափայլ Տիկին»ին նկատմամբ՝ իբրեւ «Մայր կենաց» քաղաքակրթութեան մը մէջ, որ բազմազան կերպերով առկայ մահուան սպառնալիքի տակ է, Ֆաթիմայի պատգամին կու տայ որակ եւ այժմէականութիւն մը, զորոնք նաեւ հոգեկան աստուածաբանութիւնը կրնայ յանձն առնել:

Այս համահնչիւնութեան դիմաց ու հոգեկան աստուածաբանութենէն թելադրուած, ինչպէս նաեւ Տեսլամօր պատգամով համակուած՝ հուսկ յիշեցնելու եմ, թէ ֆաթիմայասէր Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը 13 Մայիս 2000-ին «Երանելի» հռչակեց երեք տեսանողներէն Յակինթան (1910-1920) ու Փրանկիսկոսը՝ (1908-1919) քոյր-եղբայր Մարթօ ընտանիքէն, եւ այն՝ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» պազիլիքային մէջ, Ֆաթիմա:

 

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ