ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՀԱԿՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ «ՄԱՀԱՑՈՒ ՄԵՂՔ»Ը ԵՂԱՒ

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՀԱԿՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ «ՄԱՀԱՑՈՒ ՄԵՂՔ»Ը ԵՂԱՒ

… Ուրբաթ, 19 Յունուար 2007-ին 17 տարեկան ահաբեկիչի մը կողմէ դաւադրաբար արձակուած երեք փամփուշտներով նահատակութենէն տասը տարի ետք, Հրանդ Տինքի բարձրացուցած ճշմարտութեան ջահը կը մնայ կանգուն ու աւելի բոցավառ, ձեռամբարձ ոչ միայն համայն հայութեան, այլ ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր պայքարող թուրք եւ քաղաքակիրթ հասարակութիւններուն կողմէ։ Անոր օրինակով ոգեշնչուած պայքարի այդ ջահը բարձր բռնողներու առաջին շարքերուն վրայ կանգնած է այսօր Կարօ Փայլան, թրքական խորհրդարանի համարձակախօս անդամը, որուն դէմ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող ճնշումները կþապացուցանեն որ տասը տարի ետք ոչինչ փոխուած է Անգարայի այլատեաց եւ անհանդուրժող քաղաքականութեան մէջ։ Ճշմարտութեան զէնքը, զոր Փայլան ժառանգ ստացած է Տինքէն, կը շարունակէ սարսափեցնել Անգարայի ղեկավարները որոնք տասը տարի ետք կը շարունակեն քօղարկել փորձել ճշմարտութիւնը Տինքի սպանութեան մասին։ Ճշմարտութիւնը, սակայն, արեւու լոյսին նման անխափանելի է, ուշ կամ կանուխ զայն ծածկող ամպերը տեղի կու տան։

Հրանդ Տինք իր ճշմարտախօսութեամբ, յանդգնութեամբ եւ խիզախ դիրքորոշումներով միջազգային համբաւի տիրացած եւ գնահատանքի արժանացած հրապարակագիր-լրագրող էր։ Բայց այս արժանիքները, որքան ալ բարձր ըլլան, բաւարար պիտի չըլլային որպէսզի անոր սպանութեան լուրը անմիջապէս իր վրայ կեդրոնացնէ միջազգային մեծագոյն լրատուամիջոցներուն լուսարձակները եւ կայծակի արագութեամբ տարածուի ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայկական շրջանակներէն ներս, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ, այնպէս ինչպէս կը պատահի սովորաբար աշխարհացունց աղէտի մը, ողբերգութեան մը կամ իրադարձութեան մը պարագային միայն։

Անոնք բաւարար պիտի չըլլային որպէսզի դէպքը երկրաշարժի մը նման տակնուվրայ ընէ Թուրքիան՝ իր պետութեամբ ու հասարակութեան բոլոր խաւերով, ցնցէ միջազգային շրջանակները եւ յուզէ ողջ Հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ ամէնէն հեռաւոր գաղութները։

Բաւարար պիտի չըլլային եթէ Հրանդ Տինք Թուրքիոյ մէջ դարձած չըլլար ջահակիրը խօսքի ու խղճի ազատութեան, թրքաբնակ փոքրամասնութիւններու ազգային արժանապատուութեան, մարդու իրաւունքներու, մարդկային արժէքներու ու ժողովրդավարական սկզբունքներու պաշտպանութեան, անկաշկանդ արդարադատութեան հաստատումին, եւրոպական կառոյցներուն կողմէ պահանջուած բարեկարգումներու կիրարկումին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին, թրքական պետութեան՝ երկրէն ներս այլամերժութեան, ազգայնական մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի ստեղծումը քաջալերող քաղաքականութեան դատապարտումին, եւ մանաւանդ թուրք հասարակութեան զարթնումին, իրողութեանց մասին իրազեկումին եւ լուսաւորումին։

Յայտնապէս, թուրք հասարակութիւնը խաւարէն դուրս բերելու եւ զայն ճշմարտութեան լոյսով լուսաւորելու փորձը եղաւ Հրանդ Տինքի «մահացու մեղքը»։ Ճշմարտութեան զէնքը, որով զինուած էր Հրանդ Տինք, փաստօրէն սարսափեցուց թրքական պետութիւնը։ Որովհետեւ, թուրք խաւարամիտ հասարակութեան զարթնումը եւ պատմական ու ժամանակակից ճշմարտութեանց գիտակցումը կրնային թրքական եւ կրնա՛ն օսմանեան պետութեան ժառանգորդներուն համար աւելի վտանգաւոր ըլլալ քան արտաքին ճնշումը, զոր կեղծաւորութեամբ, ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելով կամ ուրանալով շրջանցելու իրենց փորձառութեան ապացոյցը տուած են անոնք։ Ի՞նչ պիտի կարենային ընել, սակայն, Էրտողանները կամ իրենց ազգայնամոլութիւնը, այլամերժութիւնը, ժխտողականութիւնը «լայիքութեան» տարազին տակ ծածկող թուրք զինուորականները եթէ ճնշումը գար ներսէն, Հրանդ Տինքի ջահով լուսաւորուած սեփական ժողովուրդէն, եթէ ոչ ահաբեկել զայն։

Ահա թէ ինչո՞ւ քաղաքական վերլուծաբան ըլլալու հարկ չկայ հետեւցնելու համար որ ո՞վ կրնայ ըլլալ ատրճանակը Հրանդ Տինքը սպաննող 17 ամեայ խաւարամիտ թուրքին ձեռքը դնողը եթէ ոչ թուրք խաւարամիտ վերնախաւը՝ երկրէն ներս ազգայնամոլութեան, այլատեացութեան, անհանդուրժողականութեան, հակաժողովրդավարականութեան, խօսքի ազատութեան դէմ հալածանքներու եւ կեղծիքի մթնոլորտը խթանող իր քաղաքականութեամբ։

Ո՛չ «թրքական ինքնութիւնը անարգելու» ամբաստանութեամբ իրեն դէմ կատարուած դատական ու ոստիկանական հետապնդումներն ու հալածանքները, ո՛չ իրեն դէմ արձակուած բանտարկութեան վճիռները, ո՛չ իր վրայ բանեցուած ճնշումները, ո՛չ իսկ մահուան սպառնալիքները ընկրկեցին գաղափարապաշտ մտաւորականը։ Հրանդ Տինք շարունակեց իր գաղափարները սերմանել թուրք հասարակութեան մէջ, անոնց յաղթանակին մէջ տեսնելով թուրք ժողովուրդին շահն ու բարիքը, անոր արժանապատուութեան վերականգնումը, անոր արժանավայել կեանքի մը ձգտումին իրականացումը։ Ան կը յուսար եւ կը հաւատար որ թուրք հասարակութեան անգիտութենէն դուրս բերումը եւ ճշմարտութեանց գիտակցումը պիտի հարթէ նաեւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհը։

Իր մարդկայնական ու ժողովրդանուէր գաղափարներով՝ Հրանդ Տինք յայտնապէս իր դրոշմը ձգեց Թուրքիոյ հասարակութեան եւ հանրային կարծիքին վրայ՝ ինչպէս ցոյց կու տան թուրք մասսաներուն եւ մանաւանդ մտաւորական շրջանակներուն ազատագրական տրամադրութիւնները արտայայտող իրադարձութիւնները զորս իշխանութիւնները կը փորձեն սանձել բռնամիջոցներով։ Մինչեւ ե՞րբ, սակայն։

07 / 02 / 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ