«ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ» ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

«ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ» ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց», պատգամախօսութեամբ՝ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար մեծարգոյ տիար Աւետիս Կիտանեանի, եւ մասնակցութեամբ Արծիւեան եւ Բլբուլ երգչախումբերու՝ ղեկավարութեամբ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի:

Ներկայ էին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Պէյրութի պատրիարքական թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Հ. Գէորգ Ասատուրեան, մեծարգոյ տիար Աւետիս Կիտանեան՝ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար, Հայաստնի Հանրապետութեան Լիազօր Դեսպան՝ պրն. Սամուէլ Մկրտչեան, մեծարգոյ երեսփոխան՝ պրն. Սերժ Թուրսարգիսեան, արհիապատիւ, գերյարգելի գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրեր, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրեր, մեծարգոյ պրն. Մարտիկ Արսլանեան՝ Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետ, թաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, Զմմառու «Ս. Միքայէլ» եւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի նորընծաները, հայկական միութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, լիբանանահայ երեւելի անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը: 

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ անմիջապէս ետք օրդ. Դալար Աթէշեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վարդանանց յաւերժահունչ խորհուրդին եւ վերահաստատեց նորահաս սերունդներուն յանձնառութիւնը հաւատարիմ մնալու Վարդանանց կտակին։ Ապա ան ներկայացուց տօնահանդէսին յայտագիրը ու անոր մասնակիցները։ Իմաստալից երեկոյին առաջին մասը սկսաւ Բլբուլ մանկապատանեկան երգչախումբին կատարած երկու աւանդական երգերով. «Տալւորիկի քաջեր»ը եւ «Բամբ որոտան»ը:

Այս երկու աւանդական երգերուն ստեղծած մեծ խանդավարութեան յաջորդեց Վահան Թէքէյեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» ասմունքը կատարողութեամբ՝ օրդ. Սթեֆանի Պալթայեանի, որմէ ետք պրն. Գէորգ Քէշիշեան, Տուտուկի վրայ խոր ապրումով հրամցուց Մակար Եկմալեանի «Լռեց, ամպերը եկան ծածկեցին երկինքը» խորագրով սրտի խորը թափանցող մենանուագը:

Տօնահանդէսի կիսուն, մեր ինքնութիւնը շոյող տուտուկին անուշ նուագէն ետք, կարելի պիտի չըլլար չյիշել մեր Կոմիտաս վարդապետը՝ Հայ ազգին պարգեւած իր երեք երգերով՝ «Ծիրանի ծառ»ը, «Հոյ Նազան»ը եւ «Վաղարշապատի Պար»ը, որոնք ներկայացուեցան քառեակի մը կողմէ՝ ջութակահարներ տիկին Սեւան Յովակիմեան եւ օրդ. Մարինէ Հալլաճեան, պրն. Մունիր Մահմալադ, որպէս թաւ ջութակահար, եւ ալթ ջութակի վրայ՝ պրն. Շարպէլ Պու Անթուն:

Երբ պահը հասաւ օրուան պատգամը փոխանցելու, ներկաներու ծափահարութեամբ բեմ բարձրացաւ լիբանանահայ երիտասարդ նախարար՝ մեծարգոյ տիար Աւետիս Կիտանեան։

Պրն. նախարարը իւրայատուկ եւ հայկական շունչով յորդուն տօնին առթիւ իր խօսքը սկսաւ նախ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, որոնք իր մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանին դարձան ուսման եւ հայկական հոգիով աճման օճախը: Պրն. Կիտանեան ըսաւ թէ Հայուն պատմութիւնը լեցուն է «Աւարայր»ի ճակատամարտներով եւ տակաւին կը շարունակուին այդ մարտերը ընդդէմ մեր ինքնութեան, հաւատքին եւ կրօնքին սպառնացող վտանգներուն, սակայն այս բոլորով հանդերձ, Հայը կանչուած է չզիչելու իր լեզուէն, մանաւանդ իր սկզբունքներէն եւ իր ինքնութեան պահպանութեան դիրքերէն: Հուսկ, պրն. նախարարը թուեց մեր ինքնութեան սպառնացող կարգ մը երեւոյթներ, որոնցմէ՝ խառն ամուսնութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր զաւակներուն օտար դպրոցներ յաճախելը:

06

Օրուան պատգամին յաջորդեց Արծիւեան երգչախումբը որ կատարեց չորս երգեր. «Աւարայրի դաշտ»ը, «Նորահրաշ շարական»ը, «Հիմի էլ լռենք»ը, եւ «Իմ հերաւոր Հայրենիք»ը:

Թատերասրահին մէջ ստեղծուած հայաբոյր ջերմ մթնոլորտին ներքեւ, սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապեհ հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով ներկաներուն եւ յայտագրի մասնակիցներուն, եւ հրաւիրեց Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ իր հայրական խօսքը փոխանցելու համար Հայ Ազգի որդիներուն: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը սկսաւ ներկաներուն յիշեցնելով որ Աւարայրի ճակատամարտը՝ վասն Հայրենեաց եւ վասն Կրօնից էր, եւ թէ ինչպէս կրօնը միջոց մըն է զԱստուած ճանչնալու եւ Անոր մօտենալու: Ան ըսաւ թէ Աստուած ընտրեց Հայը ըլլալու առաջին ազգը զԻնք ճանչցող եւ ընդունող: Ճիշդ է որ բոլոր մարդիկը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն են բայց կարծես Աստուած «քիչ մը աւելի» սէր ունի Հայուն հանդէպ քան միւսներուն, որովհետեւ այս ազգը կանչեց Իր խաչը շալկելու, ինչ որ մեծ պատիւ է մեր բոլորին համար։ Հայը որպէս մի Սիմէոն Կիւրենացի հաւատարմօրէն կրեց եւ մինչեւ այսօր կը կրէ իր ուսին դրուած խաչը եւ կը շարունակէ անդադար պատերազմիլ: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ այն պայքարին զոր մարդ արարածը ամէն օր պարտ է մղել զինք այլասերող «ես»ին, անձնասիրութեան դէմ։ Ան իր խօսքը փակեց կոչ ուղղելով ՝ առաջնորդուելու սիրոյ եւ զոհողութեան հոգիով, եղբայրական սիրով, որովհետեւ ի վերջոյ բոլորս մէկ ազգի պատկանող զաւակներ ենք եւ կանչուած ենք ըլլալու մէկ՝ փոխանակ զանազանութիւններ դնելու մեր միջեւ:

07

Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը իր «պահպանիչ»ով օրհնեց ներկաները, եւ հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Հայր մեր»ով, որմէ ետք բեմ բարձրացան եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ համախմբուեցան պրն. Նախարարը, կղերական դասը, Բլբուլ եւ Արծիւեան երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ քառեակը որպէսզի այս յիշատակելի երեկոն փակեն պատմական լուսանկարով մը:

«ՄԱՀ ՈՉ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ ՄԱՀ Է, ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ»

08