«Յիսուսի ցոյց տուած ճանապարհը ծառայութեան ճանապարհն է թէեւ, սակայն յաճախ եկեղեցւոյ մէջ կը փնտռուին փառք, պատիւ, դրամ եւ ունայնութիւն։ Քրիստոնեաները պէտք է յաղթահարեն “աշխարհիկ փորձութիւնները” որոնք կը բաժանեն Եկեղեցին եւ անձնական ձգտումներու համար ուրիշները կ՛ամբաստանեն»։ Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Պապին` 17 մայիս 2016-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթաց-քին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթերը։
Յիսուս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, իր աշակերտներուն սորվեցուց ծառայութեան ճամբան, անոնք սակայն իրարու հարց կու տային թէ ո՞վ էր անոնց մէջ ամենամեծը։ Յիսուս կը խօսէր խոնարհեցումի, մահուան ու ապաշխարութեան ոճով, մինչ աշակերտները կը խօսէին “մագլցողներու”՝ այսինքն իշխանութիւնը փնտռողներու ոճով։
Յիսուսի համար ամենամեծը այն է որ աւելիով կը ծառայէ, այն որ կը ծառայէ ուրիշներուն, ոչ թէ ինքնահաւանը կամ իշխանութիւն եւ դրամ փնտռողը…:
Այս է նաեւ Եկեղեցւոյ ուղղուած այսօրուայ պատգամը. աշխարհը կը խօսի իշխանութիւն ունեցողներու մասին, Յիսուս կը հաստատէ թէ ինք եկած է ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու։
Անոնք որոնք կը ձգտին փառքին եւ իշխանութեան` չեն խնայեր ուրիշները, անոնց դէմ չարախօսելով… նախանձը այս կ՛ընէ` կը կործանէ։ Մինչ Յիսուս կը սորվեցնէ ծառայութիւնը` խոնարհութեան ճանապարհը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ ՚՚Ամէնքս, փորձուած ենք միւսը խորտակելու, որպէսզի մենք աւելիով բարձրանանք։ Ասիկա աշխարհիկ փորձութիւն մըն է որ կը բաժնէ եւ կը կործանէ Եկեղեցին, այս մէկը Յիսուսի Հոգին չէ՚՚ հաստատեց Ան, հրաւէր ուղղելով խորհրդածելու այս իրողութեան վրայ ու խնդրելու Տիրոջմէն որ լուսաւորէ մեզ` որպէսզի հասկնանք թէ աշխարհիկ սէրը` աշխարհիկ հոգիի սէրը, Աստուծոյ թշնամի է։