«ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՏՈՒԿ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ»

«ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՏՈՒԿ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ»

Ինչպէս գիտէք, «Ողորմութեան տարի»ին «արտակարգ յոբելեան»ը սկսանք Դեկտեմբեր 8-ին, որ պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբեր 20-ը:

Ուստի, «Աստուածային Ողորմութիւնը» պիտի ըլլայ սիրանիւթը յաջորդ գրութիւններուս ՄԱՍԻՍ-ի մէջ՝ անոնց խորհրդածութեան իբր աղբիւրն առնելով աղօթքները Ս. Պատա-րագին:

Անշուշտ, նաեւ պիտի առաջնորդուինք Փրանկիսկոս Սրբազան Պապին «Ողորմութեան բացառիկ յո-բելեանին» առիթով հրատարակած «Ողորմութեան Դէմքը» յորջորջեալ առաքելական նամակին խոհերէն ու վերլուծումներէն:

Աստուածային Զոհը, որ անարիւն կրկնութիւնն է Գողգոթայի վրայ տեղի ունեցած նուիրումի, սիրոյ ու ներումի Խաչելութեան, մշտազուլալ ակնաղբիւրը, սիրատուր փաստանիշը եւ տեւական առկայութիւնն է Աստուածային Ողորմութեան:

Ողորմութեան խնդրանքով կը սկսինք Ս. Պատարագը, երբ մասնակցողներս, առնելով Ս. Աստուածածինը իբր Միջնորդ եւ սուրբերը իբր բարեխօս, կը հայցենք մեր երկնաւոր Հօրմէն, որ «հաճի ողորմիլ եւ գթալով փրկէ իր արարածները»:

Պատարագիչը, ձեռնադրուած ներկայացուցիչը Ս. Եկեղեցիին, զոհակատար միջնորդն է Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ, կը հայցէ, որ երկնաւոր Հայրը լսէ մեր աղաչանքները՝ ողորմելով ու ներելով մեզի, ինչպէս ալ քաւելով եւ արձակելով մեր մեղքերը, եւ այն՝ միշտ «Միածին Որդիին անարատ Մօր՝ Ս. Աստուածածնին բարեխօսութեամբ»:

«Մարդասէր ու հզօր» Աստուծոյ ողորմութեամբ միայն արժանի կը դառնանք թողութեան մեր մեղքերուն եւ յանցանքներուն՝ գործուած անցեալին ու ներկային մէջ:

Պատարագիչը, մեզ օրհնելով եւ մաղթելով, որ «մարդասէր Աստուած» մեզի ժամանակ տայ ապաշխարելու եւ բարիք գործելու», ինչպէս ալ «ուղղէ մեր յառաջիկայ կեանքը Ս. Հոգիին շնորհքներով», կը յայտարարէ բերկրանքով. «Տէրը հզօր եւ ողորմած է»:

Ս. Պատարագին այս պահուն երիցս եւ բացայայտօրէն կը հայցենք Աստուծմէ, որ ընդունի ու փրկէ մեզ, ինչպէս նաեւ ողորմի մեզի, որովհետեւ Ինքն է «ամենակալ Տէրը»:

Սրբազան Պապը մէջբերելով Ս. Թովմաս Ագուինացիին խօսքը, թէ «ողորմութիւնը յատուկ է Աստուծոյ, եւ Տիրոջ ամենազօրութիւնը կը կայանայ Տիրոջ ողորմութեան մէջ», կը հաստատէ, որ «ողորմութիւնը ո՛չ թէ տկարութեան նշանն է, այլ՝ Աստուծոյ ամենակարողութեան արտայայտութիւնն է: Այս պատճառով՝ ծիսական ամենահին կցուրդներէն մին մեզի աղօթել կու տայ այսպէս. «Ո՜վ Աստուած, քու զօրութեանդ գերագոյն ապացոյցը կու տաս, երբ մեզի կը համբերես, կը գթաս՚» եւ կ՚ողորմիս:

Այսպէս, Աստուծոյ ամենահզօրութեամբ եւ մարդասիրութենէն մեզի շնորհուած ողորմութիւնը «աղբիւրն է ուրախութեան, անդորրութեան ու խաղաղութեան: Ան է պայմանը մեր փրկութեան», որովհետեւ «Ողորմութիւն» բառը կը յայտնաբերէ Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը», կը բացատրէ Սրբազան Քահանայապետը:

Ողորմած Մարդասէրը՝ Հայրը ստեղծեց մեզ: Ողորմած Մարդասէրը՝ Որդին փրկեց մեզ: Ողորմած Մարդասէրը՝ Ս. Հոգին կը սրբացնէ մեզ:

Կը մաղթեմ ու կ՚աղօթեմ, որ 2016-ը շարունակենք այն խոր համոզումով, թէ, ինչպէս Սրբազան Պապը կը բանաձեւէ, «ողորմութիւնը Աստուածն ու մարդը իրարու միացնող ճամբան է, որպէսզի մենք մեր սիրտը բանանք միշտ սիրուած ըլլալու յոյսին՝ ի հեճուկս մեր մեղքին դրած սահմանափակումներուն»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ