Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի հիմնադրման 180 ամեակ

Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի հիմնադրման 180 ամեակ

25 յուլիս 2014-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի հիմնադրման 180 ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որուն ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ եւ վարժարանի տնօրէն Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը շնորհաւորեց Մխիթարեանները վարժարանի 180 ամեակին առթիւ` նշելով, որ հեռատես գտնուելով` Մխիթարեանները 180 տարի առաջ հիմնեցին այս դպրոցը` գլխաւոր սկզբունք դարձնելով հայ հաւատքի, կրթութեան, մշակոյթի եւ լեզուի պահպանումը: Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ստեղծուած են 36 այսպիսի դպրոցներ, որոնց հազարաւոր սաներ բոլոր ժամանակներուն դարձած են նշանաւոր մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներ, գիտնականներ:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը բարձր գնահատեց Ֆրանսայի «Օ տէ Սեն»ի մարզպետ, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, հայազգի Փաթրիք Տեւեճեանի մեծ աջակցութիւնն այս վարժարանին, որու շրջանաւարտն եղած է: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեաններու իրական ժառանգորդ Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանին վարժարանի գործունէութեան մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար, որ իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին եւ այսօր ալ մեծ պատիւ ու հեղինակութիւն կը բերէ:

Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ գործունէութեան համառօտ պատմութիւնը ներկայացուց Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը: Հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ Մխիթարեաններու դպրոցի դերի մասին պատմեցին եւ 180 ամեակի առթիւ շնորհաւորեցին Արմէն Տէր-Ստեփանեանը՝ Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ինսթիթութի փոխտնօրէն Վարդան Տեւրիկեանը:

Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով նկարահանուած Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող տեսաֆիլմ մը, ապա տեղի ունեցաւ կեդրոնի պատմութիւնը լուսաբանող լուսանկարներու, գիրքերու եւ Մխիթարեան վարժարաններու նշանաւոր սաներու մասին արխիւային այլ նիւթերու ցուցադրութիւն:

Աւարտին, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները երգեցին Մխիթար Աբբահօր շարականներ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի ստեղծագործութիւնները: