Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՌԵՀԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՌԵՀԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ – ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ

Շաբաթ 12 Սեպտեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագ, ռեհանի օրհնութիւն, ինչպէս նաեւ անդաստանօրհնէք:

Այս առթիւ ներկայ էին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերպ. հ. Պերճ վրդ. Սապեհ, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերպ. հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ գերպ. հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան, Զմմառու նորընծայարանի փոխ տեսուչ՝ գերպ. հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան, Զմմառու «Ս. Միքայէլ» եւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» երկու դպրե-վանքներու նորընծաները, Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողո-վուրդը:

pergitch-2Օրուան պատարագիչ վարդապետն էր՝ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերպ. հ. Պերճ վրդ. Սապեհ, առընթերակայութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ գերպ. հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեանի:

«Խորհուրդ Խորին» շարականով սկիզբ առաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագը, ինչպէս նաեւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթքներուն ու աղաչանքներուն բարձրացումը առ Սուրբ Խաչը եւ անոր Յարուցեալ Խաչեալը:

Օրուան Աւետարանը ընթերցելէ եւ յատկապէս բացատրելէ ետք Ռեհանօրհնէքի եւ անդաստանօրհնէքի իւրայատուկ աւանդութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը՝ Հայ ազգին համար, հ. Պերճ վրդ. Սապեհ, իր քարոզը բաժնեց երեք գլխաւոր կէտերու ըսելով.

1. Ի՞նչ է Խաչը, ի՞նչ կը ներկայացնէ մեզի Խաչը, եւ ինչպէ՞ս կարող ենք հասկնալ Խաչը: Մարդս կարող չէ հասկնալ Խաչը երբ չէ հասկցած թէ ո՛վ է Խաչեալը… Քրիստոսէ առաջ ալ կային խաչեալներ, որովհետեւ մարդս եղած է եւ է միշտ մեղաւոր, եւ նոյնինքն իր այդ մեղքն է որ զինք խաչած է մինչեւ օրս:

2. Սակայն մեր Տէրը անմեղ է, աւելցուց վարդապետը, ի՞նչ պէտք ունէր խաչուելու. Ան խաչուեցաւ որպէսզի համայն մարդկութեան փաստէր իր Սէրը անոր հանդէպ, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է սէր կոչել այն արարքը երբ ես չեմ կիսեր իմ սիրածիս դժուարութիւններն ու անոր խաչը. մենք չենք տօներ խաչը, ըսաւ վարդապետը, որովհետեւ այս փայտը յայտնուեցաւ մեր մեղքերուն պատճառով ու անոր հետեւանքով…, այլ մենք կը տօնենք Աստուծոյ Սէրը որ յայտնուեցաւ համայն մարդկութեան:

3. Ահաւասիկ ուրեմն, աւելցուց վարդապետը, մենք այս տօնին ընդմէջէն կը տօնենք Յիսուսի տարած յաղթանակը՝ ընդդէմ մահու, որովհետեւ թափուր գերեզմանը եւ առանց Խաչեալի Խաչը` մեր բոլորիս համար փաստ է որ Սէրը կարողացաւ յաղթահարել Խաչին…

Վարդապետը իր քարոզը փակեց ըսելով, թէ եթէ Սէրը կարողացաւ յաղթահարել Խաչին՝ ուրեմն մենք ալ կարող ենք յաղթահարել մեր հանապազօրեայ Խաչերուն:

Սուրբ եւ անմահ Պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին բաշխուեցան ռեհանները, որմէ ետք տեղի ունեցան ռեհանօրհնէքն ու անդաստանօրհնէքը:

Իսկ արարողութեան աւարտին, եւ «Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացելոց…» աղօթքէն ետք, Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, տեղի ունեցաւ ռեհանէ պատրաստուած Խաչափայտով մը, մոմերով եւ ռեհաններով՝ հոգելից թափօր մը:

ԽԱՉԻԿ վրդ. ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ