Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանը

Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանը

Չորեքշաբթի 5 յունիս 2014, կէսօրուայ ժամը 12-ին, Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի պատուոյ հիւրը եղաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ պաշտօնական եռօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Վատիկան 3-5 յունիս 2014:

Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցած էին գերաշնորհ տէր Կոմիտաս արք. Օհանեան, Օշական արքեպիսկոպոս Չօլոյեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Խորէն եպիսկ. Տողրամաճեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Բաբգէն եպիսկ. Չարեան, Շահէ եպիսկ.Փանոսեան եւ հոգեշնորհ տէր Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան։

Aram1

Մինչեւ ժամանումը Վեհափառ Հայրապետին, Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի փոխ տեսուչ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ՝ զանազան գաղութներէն ժամանած շուրջ 80 ազգայիններու եւ բարերարներու պատուիրակութեան ներկայացուց սուրբ Նիկողայոս Դոլենդինացիի նուիրուած 1606-ին կառուցուած եկեղեցւոյ պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր զանազան մասերը:

Aram2

Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցի մուտք գործեց «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ ու նախագահեց այս այցելութեան առթիւ վարժարանին կողմէ պատրաստուած միասնական աղօթքին: Սոյն աղօթքին մասնակցեցան նաեւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղար՝ Պրայըն եպիսկոպոս Ֆարել, գերյարգելի Անտրէա Փալմիերի եւ սոյն ժողովին արեւելեան եկեղեցիներու պատասխանատու հայր Գաբրիէլ Քուիք:

Aram3

Աղօթքի վերջաւորութեան, Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի մեծաւոր հայր՝ Գէորգ թ. ծ. վ. Նորատունկեան իր գորովագին ողջոյնի խօսքը ուղղեց Վեհափառ հայրապետին եւ ներկաներուն: Մեծաւոր հօր խօսքէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր սրտագին մաղթանքը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանի տեսչութեան ու ժառանգաւորներուն այդ ջերմ ընդունելութեան համար:

Վերջին օրհնութենէն ետք, Վեհափառը, վարժարանի ոսկեմատեանին մէջ անմահացուց իր այցելութիւնը հետեւեալ տողերով. «Թող Աստուած այս հոգեւոր տունը պահէ միշտ անսասան իր առաքելութեան ճամբուն վրայ»:

Aram5

Արարողութենէն ետք, Արամ Ա. վեհափառը եւ իրեն ընկերակցող սրբազան հայրերը տեսչութեան կողմէ հրաւիրուեցան վարժարանի մէջ պատրաստուած ագապին: