ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԳԱՆԱՏԱ – ԵՒՐՈՊԱ

ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԳԱՆԱՏԱ – ԵՒՐՈՊԱ

Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, հետեւելով միաբանութեան կանոնագրքի 114-րդ յօդուածին, որ կը խնդրէ պատրիարքական փոխանորդէն իր պաշտօնավարութեան շրջանին գոնէ մէկ անգամ այցելել իր միաբան առաքեալները աշխարհի ծագերուն, եւ որպէս նշան եղբայրսիրութեան ու հայրական հոգածութեան, շաբաթ 10 մայիս 2014-ին ձեռնարկեց Հիւսիսային Ամերիկա իր հովուական այցելութեան:

Ան նախ ժամանեց Գանատայի Թորոնթօ քաղաքը ուր ընդունուեցաւ տեղւոյն ժողովրդապետ գերյ. Եղիա ծ.վ. Գիրէջեանին կողմէ: Նոյն օրը, երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մայրերու տօն եկեղեցւոյ սրահէն ներս, որուն ընթացքին գերյարգելի հայրը ներկաներուն ներկայացուց մեծաւոր հայրը ու անոր յատուկ բարի գալուստի խօսք մը ուղղեց, որուն յաջորդեց նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում: Ապա, գերպծ. Գաբրիէլ շնորհակալական սրտի խօսք մը ուղղեց ժողովրդապետին որ 40 երկար տարիներէ աւելի կը ծառայէ սոյն ժողովրդապետութեան պատկան հօտին: Իր աշխատանքներով կառուցուած է Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին ու ամբողջ համալիրը: Անոր անձին մասին վկայելով, մեծաւորը անդրադարձաւ անոր՝ որպէս բարի հովիւի օրինակ: Տօնակատարութեան ներկայ էր նաեւ Զմմառու վանքի բարերար՝ Պրն. Լուի Աբիկեան:

Կիրակի, 11 մայիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 11-ին նոյն եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատոյց եւ յաւուր պատշաճի պատգամը փոխանցեց գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանը: Պատարագի ընթացքին, ժողովրդապետ գերյարգելին պաշտօնապէս ներկայացուց զինք ներկայ ժողովուրդին, որ Սբ. Պատարագի աւարտին առիթ ունեցաւ հանդիպելու եւ մօտէն ծանօթանալու գերապայծառ հօր եկեղեցւոյ սրահէն ներս:

Գերապայծառ Հայրը հովուական այցելութիւնը շարունակելով երեքշաբթի մայիս 13-ին ժամանեց Մոնթրէալ քաղաքը: Տեղւոյն ժողովրդապետ՝ միաբան՝ գերյ. Հ. Գէորգ ծ.վ. Զապպարեան զինք դիմաւորեց ու հիւրընկալեց Մոնթրէալի Նարեկի Տիրամօր ժողովրդապետութենէն ներս: Մեծաւոր հայրն ու տեղւոյն ժողովրդապետը միասնաբար մտերմիկ զրոյց մը ունեցան, որուն ընթացքին մեծաւորը յատուկէն հետաքրքրուեցաւ անոր առողջութեան վիճակով ու անոր առաքելութեան մասին: Յաջորդ առաւօտ, ան այցելութիւն մը տալէ ետք Հայ Կաթողիկէ Նարեկ վարժարանը, հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէն՝ Զմմառու միաբան հ. Պօղոս Գազանճեանին, ինչպէս նաեւ հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեանին հետ:

Kapriel2Մեծաւոր գերապայծառը այցելելէ ետք Գանատաի բոլոր միաբան հայրերը, հրաժեշտ տուաւ բոլորին ու անցաւ դէպի Միացեալ Նահանգներ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին կայքը եղաւ Ֆիլատելֆիա քաղաքը, ուր զինք դիմաւորեց տեղւոյն ժողովրդապետ հ. Միքայէլ վրդ. Պասալէ, 22 մայիս 2014ին: Գերապայծառը մօտէն տեսաւ վարդապետին զանազան գործունէութիւնները սոյն ժողովրդապետութենէն ներս: Ան նաեւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններով ու արձանագրած յաջողութիւններով: Հոն մատոյց սուրբ եւ անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին ժողովրդապետը ներկայ հաւատացեալներուն ներկայացուց գերապայծառ հայրը, որ հաւատացեալներուն հետ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս:

Գերպծ. Գաբրիէլ Մուրատեան 24 մայիս 2014ին իր հովուական այցելութիւնը շարունակելով ժամանեց Նիւ Ճըրսի քաղաքը, ուր զինք դիմաւորեց Մ.Նահանգներու եւ Գանատայի առաջնորդ Արհի. Տ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանը: Հոն նաեւ առիթը ունեցաւ հանդիպելու տեղւոյն ժողովրդապետ՝ Գէորգ վրդ. Գալուստեանին, որ թեմական վարդապետ է:

24 մայիս 2014-ին գերապայծառը ժամանեց Լոս Անճելոս քաղաքը: Զինք դիմաւորելու եկած էր տեղւոյն ժողովրդապետ՝ հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեանը: Կիրակի առաւօտ, գերապայծառը սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց տեղւոյն Նարեկի Տիրամօր եկեղեցիէն ներս: Ժողովրդապետը բարի գալուստի իր խօսքը փոխանցեց եւ հաւատացեալներուն ծանօթացուց մեծաւոր գերապայծառը, որ փոխանցեց յաւուր պատշաճի իր պատգամը, ու բարձր գնահատեց հայր Անտոն Նորատունկեանի աշխատասիրութիւնը այս լայնածաւալ ժողովրդապետութենէն ներս: Պատարագի աւարտին, ան դարձեալ հանդիպեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն հետ:

Նոյն վայրին մէջ, գերապայծառը դարձեալ հանդիպեցաւ Առաջնորդ Հօր հետ, իսկ 28 մայիսին տեսակցեցաւ հայր Անտոն վրդ. Սարոյեանի հետ: 29 մայիսին, գերապայծառը յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ հանգիստի կոչուած միաբան՝ հ. Անտոն Փանոսեանին հետ, որ նախկին ժողովրդապետն էր Թագուհի նահատակաց Լոս Անճելոսի կեդրոնի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ: 30 մայիսին, գերապայծառը այցելութիւն տուաւ նաեւ Ամերիկայի թեմի վարդապետ՝ հ. Արմենակ Պետրոսեանին որ այժմ կը գործէ որպէս ժողովրդապետ սոյն եկեղեցւոյ: Ապա, ան այցելեց տեղւոյն Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու վարժարանը եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց գործունէութիւններուն: Այսպէս, գերապայծառ Գաբրիէլ Մուրատեան վերջ տուաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներ իր հովուական այցելութեան:

Ապա, անցնելով դէպի Եւրոպա, Զմմառու մեծաւոր հայրը 30 մայիսին ժամանեց Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզ, ուր դիմաւորուեցաւ Փարիզի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժոովրդապետ գերյ. Հ. Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանին կողմէ, որ հիւրընկալեց զինք նաեւ իր ժողովրդապետութեան յարկերուն ներքեւ:

Kapriel3

1 Յունիսին գերապայծառը պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց առաջնորդարան հանդիպում ունենալու Փարիզի եւ արեւմտեան Եւրոպայի առաջնորդ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեաննի հետ: Հոն նաեւ տեսակցեցաւ սոյն թեմի վաստակաւոր առաջնորդ Գրիգոր եպս. Կապրոյեանի հետ: Նոյն երեկոյ, տեղւոյն առաջնորդը մեծաւորին ի պատիւ ընթրիք մը սարքեց ներկայութեամբ նաեւ Կապրոյեան գերա-պայծառին, ինչպէս նաեւ Մանուէլ եպս. Պաթագեանին որ նոյն թուականին կը գտնուէր Փարիզ:

9 Յունիսին գերապայծառ Գաբրիէլ Մուրատեան հասաւ Լիոն, ուր տեսակցութիւններ ունեցաւ գերպծ. Յովսէփ թ.ծ.վ. Քելեկեանին եւ Սան Շամոնի ժողովրդապետ՝ հ. Անդրանիկ վրդ. Ադամեանին հետ: Ապա, զինք տեսնելու եկաւ Վալանսի մէջ գործող հ. Նարեկ Նամօ, որուն ընկերակցութեամբ գերապայծառը այցելեց Վալանսի նախկին հովիւ՝ տարեց միաբան՝ գերյ. Յովհաննէս ծ.վ. Սէֆէրեանին, որ հանգստեան կոչուած է: Սոյն այցելութիւնը դրական ազդեցութիւն թողուց վարդապետին վրայ որ սրտի մեծ ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ ընդունեց իր միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդը: Անոնք միասնաբար ունեցան մտերմիկ հանդիպում մը: Ապա, գերապայծառը վերադարձաւ Փարիզ:

Սոյն ճամբորդութեան ամբողջ տեւողութեան մեծաւոր գերապայծառը հանդիպեցաւ յատուկէն վերոյիշեալ թեմերէն ներս առաքեալ միաբաններուն: Անոնց հետ բաժնեց իրենց ամենօրեայ դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ քաջալերեց եւ խնդակցեցաւ անոնց արձանագրած նուաճումներուն: Հանդիպումներուն ընթացքին, մեծաւորը դարձեալ հրաւիրեց զանոնք Զմմառու մայրավանք իրենց մասնակցութիւնը բերելու օգոստոս 2014-ին տեղի ունենալիք միաբանական հանդիպումին:

10 Յունիս 2014-ի երեկոյեան, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան եւ Պէյրութի թեմի Պատրիարքական Փոխանորդ՝ գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան վերադարձաւ իր նստավայրը՝ Զմմառու մայրավանք, շարունակելու համար միաբանական հանդիպումին նախապատրաստական աշխատանքները:

Զմմառու Տիրամօր մայրական հոգածութիւնը, ինչպէս նաեւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնները անպակաս էին բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին, որոնք առիթներ եղան անկեղծօրէն հարցերը քննարկելու եւ միասնաբար մտածելու անոնց լաւագոյն լուծումներու մասին:

Ամենաբարին Աստուծոյ շնորհքները անպակաս ըլլան իւրաքանչիւր առաքեալի մտքին ու սրտին մէջ, իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ առաջնորդելու Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան հօտը: