ՀԱՅԵՐՈՒՍ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՍԻՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ…

ՀԱՅԵՐՈՒՍ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՍԻՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ…

«Հայոց խնկելի Աստուածածի՜ն, աղօթեա՛ վասն մեր»:

301-ին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ դարձի բերելով եւ մկրտելով հայոց Տրդատ Գ. Արքան՝ Քրիստոսի կրօնը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ հայերուս կողմէն:

Ուշադրութի՛ւն: Յիսուսի ընկալումով տեղի ունեցաւ նաեւ Մարիամի ընկալումը: Որդիին մուտքով՝ Մայրը նաեւ մտաւ հայոց պատմութեան ու կեանքին մէջ:

Յստակ եւ ճիշդ է պատմագրին տեղեկագրութիւնը. «Ս. Լուսաւորիչ նորադարձ սորվեցուց հայերուն, թէ՚՚ առաքեաց Աստուած զՀոգին Սուրբ ի Կոյսն Մարիամ, եւ էառ Աստուածորդին մարմին ի Կուսէն՚՚»:

Նոյնպէս շատ յստակ է, որ Քրիստոսի պատմութիւնը Մարիամի պատմութիւնն է հայերուս քով: Ուստի, 2001-ին երբ տօնեցինք հայերուս քրիստոնէականութեան տասնեօթներորդ դարադարձը, կը նշանակէ, թէ ասով նաեւ կատարեցինք հայերուս մարեմականութեան տասնեօթ դարերուն յոբելեանը:

1700 տարիները, որոնց սկզբնաւորութեան՝ գոյացաւ մեր Հայաստանեայց Առաքելական, Կաթողիկէ, Սուրբ Եկեղեցին, մեզ կը վերադարձնեն Գողգոթայի կատարը, ուր մեզի տրուեցաւ փրկագործութիւնը:

Նոյն սրբատեղին, Գողգոթա, հանդիսացաւ նաեւ այն սրբավայրը, ուր մեզի շնորհուեցաւ Մարիամ իբր Մայրը մարդերուն բոլոր ժամանակներուն հոլովոյթով ու շարունակութեամբ: Պատմական եւ սուրբգրային իմաստով՝ բոլորովին յստակ է, թէ Յիսուս Փրկիչէն անբաժանելի է Մարիամ Փրկչակիցը:

Այո՛, երկուքին՝ Որդիին ու Մօր անբաժանելիութիւնը, ամբողջութիւնը, ամբողջականութիւնը կը զգենու տարազը տիեզերականութեան մարդերուն հանդէպ, ընդհանրապէս, եւ հայերոս նկատմամբ, մասնաւորապէս:

Գողգոթայի վրայ, Յիսուսի եւ Մարիամի տիեզերականութիւնը կրկնուեցաւ Հայաստանի մէջ, երբ Ս. Մկրտութեամբ՝ հայերս իբր անհատներ ու հասարակութիւններ, կազմած մէկ ժողովուրդ, դարձանք քրիստոսական ու ասով՝ նաեւ մարեմական հաւատացողներ:

Հայերուս օրհնեալ թուականէն 301 տարիներ առաջ՝ Կոյս մը, որուն անունն էր Մարիամ, ինքզինքը «Ես Տիրոջ Աղախինն եմ» (Ղկ. 1,38) յայտարարելէն յետոյ, մարգարէական ոգիով կանխատեսեց իր տիեզերականութիւնը բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր մարդերուն, երբ իր «Մեծացուսցէ» ցնծերգին մէջ ըսաւ Եղիսաբէթին՝ իր ազգականին ներկայութեան. «Այսուհետեւ, ասկէ ետք բոլոր ազգերը պիտի երանե՜ն զիս», հռչակելով եւ օրհներգելով (Ղկ. 1,49):

Երէկ եւ այսօր, անցեալին ու ներկային մէջ իրականացած կը տեսնենք Տիրամօր կանխատեսութիւնը: Մարեմական դարերու եւ մարեմասէր մարդերու համընդհանրութիւնն ու ամբողջականութիւնը կ’ապրինք յատկապէս Մայիս ամսուան մէջ:

Րոպէի մը համար շրջի՛նք ամբողջ աշխարհը եւ մտաբերե՛նք անոր տարածքին վրայ, օրինակի համար՝ այսօր, այս կամ այն պահուն կատարուած բոլոր մայիսեան ջերմեռանդութիւններն ու մարեմեան բարեպաշտութիւնները հարիւրաւոր լեզուներով եւ բարբառներով…:

Եւ ահա, անակնկալի պիտի մատնուինք, պիտի սքանչանանք, պիտի զգետնուինք, երբ կ’անդրադառնանք Մարիամի՝ Սիրամօր աշխարհատարած տիեզերականութեան, որ տրամաբանական, բնական ու գերբնական հետեւանքն է թէ՛ Անոր կանխատեսութեան եւ թէ՛ Խաչեալին կարգադրութեան:

Կամ՝ դարձեալ վայրկեանի մը համար մենք սրե՛նք մեր հոգեմտաւոր լսողութիւնն ու ունկնդրե՛նք ամբողջ աշխարհին տարածքին տեղի ունեցած եւ ունեցող օրհներգութիւնները, երանութիւնները, փառատրութիւնները մշտնջենաւոր կանթեղին շառայլով լուսաւորուած եկեղեցիներու, մատուռներու, աղօթարաններու եւ տուներու մէջ…:

Եւ ահա, պիտի գօտեպնդուինք ու քաջալերուինք մեր մարեմասիրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մեր մարեմականութիւնը պիտի դառնայ արդար հպարտանքը հայերուս, ընդհանրապէս, եւ մայիսական աղօթողներուս, մասնաւորապէս:

Մարիամի՝ Աստուածամօր սա տիեզերականութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ ջինջ Աղբիւրին՝ Յիսուս Քրիստոսին, որուն առաքելաջան ներկայացուցիչն է մեր Հաւատքին Հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ:

Ուրեմն, ինչպէս որ կը յանգիմ այս ուղիղ եզրակացութեան, Մարիամի այս տիեզերականութիւնը մեզ կը վերադարձնէ մեր առո՛ղջ, կենսատո՛ւ եւ հիւթե՛ղ արմատներուն, որոնք խրած են մեր ժողովուրդին լուսաւորչաւանդ մարեմականութեան մէջ:

Այո՛, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սորվեցուց Մարիամի վարդապետութիւնը, քարոզեց Մարիամի սէրն ու սկզբնաւորեց Մարիամի յարգանքը:

Այս իմ վկայութիւնս կրնամ հաստատել Ագաթանգեղոսի «Հայոց պատմութիւն» մատեանէն, որ մեզի կը նկարագրէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին առաքելութիւնն ու վարդապետութիւնը: Այս վարդապետութեան ելակէտը կը կազմեն Յիսուս եւ Մարիամ՝ Աստուածամարդն ու Աստուածամայրը:

Այս առաքելութեան սկիզբը կայ այն պատմական իրողութիւնը, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ երբ կառուցանեց Հայաստանի ու Հայութեան առաջին մայր տաճարը, զայն նուիրեց քրիստոսակիր Տիրամօր՝ անոր անունը դնելով «Մարիամ Ս. Աստուածածին»:

Եզրայանգումս շատ յստակ եւ ամրապնդիչ է իր պատմական տարողութեամբ ու մարեմական խորքին մէջ: Կ’ուզեմ ըսել, թէ երբ մենք տօնեցինք հայերուս պաշտօնական դարձին ու կնունքին 1700-ամեայ մեծ յոբելեանը, անդրադառնալու էինք նաեւ Մարիամի՝ «Հայոց խնկելի Աստուածածնի» սկզբնական ու տեւական ներկայութեան եւ արդիւնաւէտութեան մեր պատմութեան մէջ ու կեանքէն ներս:

Այս անդրադարձումը մեզ կը զօրացնէ մեր անհատական եւ հաւաքական մարեմասիրութեան մէջ: Մենք չմոռնա՛նք երբեք, որ հարազատ մարեմասիրութիւնը իրական առաջնորդը ու կենսատու աւիշն է հարազատ յիսուսասիրութեան:

Մարիամը սիրե՛նք, որ սիրենք Յիսուսը: Մայրը մեծարե՛նք, որ պաշտենք Որդին:
Ա՛յս հասկացողութիւնն եւ անբաժանելիութիւնը կը մաղթեմ ընթերցողներուս՝ Աստուած Ս. Հոգիին ներգործութեամբ ու լոյսով:

 

Այնճար, 1 Մայիս 2014

 

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ