«Լիբանանի Հայերը (Բ.)» Գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

«Լիբանանի Հայերը (Բ.)» Գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Լիբանանի Հայերը (Բ.)» գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:

Արդարեւ, 14 Մայիս 2014-ի երեկոյեան պաշտօնական բացումէն ետք, յաջորդող երկու օրերուն՝ 15 եւ 16 Մայիս 2014-ին, Հայկազեան Համալսարանին մէջ, գիտաժողովը գումարեց չորս նիստեր՝ 16 զեկոյցներով: Ընդհանուր առմամբ եղան տասնութ ելոյթներ՝ իբրեւ գիտական ուսումնասիրութիւններ եւ դասախօսութիւն:

Ներկայացուած նիւթերն էին՝ Դոկտ. Հուտա Քասաթլի՝ «Լուսանկարիչ Յովսէփ Մատէնեանը՝ լիբանանահայ լուսանկարիչներու ենթախորքին վրայ», Դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան՝ «Արեւմտահայերէնի խնդիրներ լիբանանահայ համայնքին մէջ», Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան՝ «Լիբանանահայ դպրոցի հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչը», Դոկտ. Օհաննէս Կէօքճեան՝ «Անտեսուած բնագաւառ մը՝ Լիբանանահայ համայնքին դերը հակամարտութեան լուծման մէջ (1975-1990)», Ռուբէն Աւշարեան՝ «Լիբանանահայ երեսփոխանները Լիբանանի խորհրդարանին մէջ. արժեւորում մը՝ ներսէն», Դոկտ. Իրինա Փափքովա՝ «Լիբանանահայ Եկեղեցին եւ իր միջավայրը», Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան՝ «Հասարակաց դատեր. լիբանանահայերը Եւ Լիբանանի Մայիս 6-ի Նահատակաց ու Անկախութեան տօները», Դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան՝ «Հայ Եւ լիբանանեան մի քանի դաշինքներ Խաչակիրներու ժամանակ», Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան՝ «Մուսա Լեռան հայութեան տեղաւորումը Լիբանան, 1939 – 1940», Դոկտ. Ճէյմս Սթոքըր՝ «Մ. Նահանգներու կառավարութիւնը Եւ լիբանանահայ համայնքը (1943-1975», Դոկտ. Արման Եղիազարեան՝ «Լիբանանի Հայ համայնքը եւ մոդելային սփիւռքի խնդիրը Հայ իրականութեան մէջ», Հրաչ Քեսթէնեան՝ «Հայ ուսանողական կեանքը սուրիական Բողոքական Քոլէճին մէջ (1885-1920)», Եղիկ Թաշճեան՝ «Երրորդ ուղին լիբանանահայութեան մէջ, 1956-1960», Վահագն Քէշիշեան՝ «Լիբանանահայ պետական պաշտօնեաները», Արազ Գոճայեան՝ «Հանրային անդրադարձը՝ տագնապներու ժամանակ. Կեզիփարքի դէպքերուն անդրադարձը լիբանանահայ երիտասարդութեան մօտ», Շանթ Վարդանեան՝ «Սուրիահայ գաղթականները Լիբանանի մէջ»:

U3

Պաշտօնական բացման հանդիսութեան, Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան խօսեցաւ «Լիբանանահայ համայնքի կենսական դերը. 1950ականներու յիշատակներ պէյրութահայութենէն» նիւթով, իսկ գիտաժողովի փակման օրը, Տիար Վիգէն Աւագեան հանրային դասախօսութեամբ մը ներկայացուց «Պատմական պտոյտ մը Պուրճ Համուտի մէջ» նիւթը: Գիտաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Յուշամատեան Կայքէջի Houshamadyan հատորի շնորհահանդէսը՝ Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Արուեստի Ցուցասրահին մէջ եւ Պուրճ Համուտի լուսանկարներու ինչպէս նաեւ լիբանանահայ երգիչ-երգչուհիներու, երգչախումբերու փոքր եւ մեծ ձայնապնակներու ցուցահանդէսը՝ Հայկազեան Համալսարանի Մաթոսեան Արուեստից Ցուցասրահին մէջ:

Գիտաժողովին մասնակիցները լաւապէս կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն, մանաւանդ որ անոնք մօտէն շփում ունէին այդ նիւթերուն, կարծես մասնակիցն ու բաղադրամասը ըլլային անոնց:

U4

Ազատ, անմիջական, երկար եւ խորունկ քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն վերահաստատուեցաւ լիբանանահայութեան տիպականութիւնը՝ Սփիւռքի իրականութեան մէջ:

Գիտաժողովի ընթացքին շեշտուեցաւ այն որ լիբանահայութիւնը գիտական ուսումնասիրութեան բազում երեսակներ ունի տակաւին, որոնք կը սպասեն խորաթափանց պրպտողներու:

Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան նաեւ մեծաթիւ ունկնդիրներ, ինչ որ կ՚արտացոլացնէ նման գիտաժողովներու հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը, որ սկսած է գիտական հետաքրքրութեան վերածուիլ մանաւանդ երիտասարդ համալսարանականներու եւ համալսարանաւարտներու մօտ:

Յատկանշական այլ երեւոյթ մըն էր երիտասարդ համալսարանաւարտներու մասնակցութիւնը: Արդարեւ, գիտաժողովի վերջին նիստը ամբողջութեամբ տրամադրուած էր իրենց եւ անոնք փայլուն յաջողութեամբ ներկայացուցին իրենց այժմէական ու ցարդ չուսումնասիրուած նիւթերը: Այս առումով, անոնք նոր փորձառութիւն շահեցան: Անոնց շփումը փորձառու եւ երէց մասնագէտներու հետ հասունացման կարեւոր գործօն կրնայ հանդիսանալ անոնց համար: Կը յուսանք որ անոնք առաւել ամուր քայլերով կը յառաջանան իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ, յառաջ բերելով համալսարանաւարտ, հայեցի մտաւորականներու նոր խաւ մը:

Կեդրոնը շնորհակալ է բոլոր մասնակիցներուն՝ զեկուցողներուն, որոնք ուշագրաւ նորութիւններ, չարծարծուած նիւթեր մատուցեցին, ինչպէս նաեւ՝ ունկնդիր հասարակութեան, որ յատուկ մթնոլորտ յառաջացուց եւ աւելի ծաւալուն դարձուց գիտաժողովին անմիջական արդիւնքները:

Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնի չորրորդ գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Սուրիոյ Հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2015 Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են այս առնչութեամբ:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն:

 

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ