«Բարեխօսեա վասն մեր մեղաւորացս»
Տիրամօր նուիրուած Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութիւնը հինաւուրց աւանդութիւն մըն է Զմմառու միաբաններուն մօտ։ Ընկալեալ սովորութեանց համաձայն, Մայիս ամսուան ընթացքին արտասանուած աղօթքները ի խորոց սրտէ բխած խօսքեր են՝ ուղղուած Աստուածամօր:
Ընթացիկ տարուայ Մայիսին, Զմմառու հրաշագործ Ցաւագին Տիրամօր մատրան մէջ,ամէն երեկոյեան ժամը 7-ին, Զմմառու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները իրենց Վարդարանի խորհուրդները մատուցանեցին եւ առօրեայ մտահոգութիւններն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց Երկնաւոր Մօր, խնդրելով անոր բարեխօսութիւնը եւ երաշխիքը առ Աստուած:
Դպրեվանքիս նորակերտ շէնքի 50-ամեայ յոբելեանին առթիւ, Լիբանանի հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները՝ Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերապատիւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ օգնականները, Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերապատիւ Սարգիս վրդ. Դաւիթեան ու օգնականը, Աշրաֆիէի Աւետման Ս. Կուսին եկեղեցւոյ ժողովըրդապետ՝ գերապատիւ Վարդան վրդ. Գազանճեան ու օգնականները հրաւիրեցին Դպրեվանքիս մեծ ընտանիքը՝ երկուշաբթի, 12 Մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, երկուշաբթի, 19 Մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, երեքշաբթի, 27 Մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, առիթ տալու համար կղերիկոսներուն աւելի մերձենալու հաւատացեալներուն եւ իրենց ներկայութեամբ բացայայտելու նորանոր կոչումներ՝ խթանելով անոնց մէջ եղած կայծը: Այս նպատակով, դպրեվանքիս փոխտեսուչ՝ գերապատիւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան՝ իր վառ անհատականութեամբը եւ քարոզներով ոգեւորեց ունկնդիրները եւ բոցավառեց այն կայծը որ կարիքն ունէր փքոցի: Հայր սուրբը խրախուսեց երիտասարդները անվարան կրկնելու Տիրամօր կոչը՝ «Այ՛ո»ն, որ բեկումնային եղաւ համայն մարդկութեան հաւատքին համար: Այնուհետեւ, հայր Մաշտոց՝Տիրամօր անբիծ պատկերին ընդմէջէն փորձեց հայ մայրերուն ուղերձ մը յղել հետեւելու Անոր օրինակին՝ քաջալերելու իրենց զաւակները դպրեվանք մուտք գործելու, որպէսզի բիւրեղացնեն իրենց մէջ յառաջացած կոչումը:
Վարդարանի աղօթքէն եւ քարոզէն ետք,դպրեվանքիս փոխ-տեսուչ հայրը՝ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր պատկերը բարձրացնելով, Անոր բարեխօսութիւնը հայցեց եւ օրհնութիւնը փոխանցելով լրումին հասցուց ջերմեռանդութիւնը:
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան
դպրեվանի ժառանգաւոր`
եղբ. ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ