Հայր Միքայէլ… Շատ ուշացար – Մաալուլայի Մայրապետներէն ետք… Ո՞վ

Հայր Միքայէլ… Շատ ուշացար – Մաալուլայի Մայրապետներէն ետք… Ո՞վ

«Երանի ձեզի, երբ ձեզ նախատեն, երբ ձեզ հալածեն կամ զրպարտեն ամէն տեսակ չարախօսութիւններով՝ իմ պատճառովս, ցնծացէք եւ ուրախացէք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ Երկինքի մէջ»: (Մատթ. 5, 11): Ահաւասիկ քրիստոսական երանութիւն մը, որ թէեւ աշխարհիկ երանութիւններուն չի համապատասխաներ, սակայն դարերու ընթացքին, տառապած բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները, ինչպէս Սուրիոյ պարագան այսօր, կը վկայեն թէ աստուածային այս խօսքը յուսալից ու կենսունակ ճշմարտութիւն մըն է: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու ժամանակակից մարտահրաւէրներուն, անոնք տակաւին կը շարունակեն պայքարիլ ի գին իրենց հաւատքին ու գոյութեան:

Մաալուլայի մայրապետները վերագտան ազատութիւնը

Այս երանութիւնը ապրեցան նաեւ Մաալուլայի այն մայրապետները, որոնք իրենց բարեխօսին՝ սրբուհի Թաքլայի քայլերուն հետեւելով, յանձն առին համբերութեամբ տանիլ այն խաչը, որ իրենց ուսերուն դրուեցաւ: Ամիսներ առաջ, Մաալուլան՝ սրբութիւն բաշխող քաղաքը, դարձաւ արեան դաշտ մը, գրաւելով միջազգային լուրերուն առաջին կարգերը: Մեծ թիւով ընտանիքներ տեղահանուեցան եւ կամ գաղթեցին փախուստ տալու համար մահուան վտանգէն, իսկ վանաբնակ մայրապետները շարունակեցին իրենց հանապազօրեայ աղօթքներովն ու շարականներով խնդրել Աստուծմէ խաղաղութեան շնորհքը: Մաալուլայի մէջ, եկեղեցւոյ ղօղանջին փոխարէն այլեւս կը լսուէին կապարի եւ ռումբերու ձայները: Հակառակ անոր որ վանքին մեծաւոր մայրը յաճախ «TռlռlumiՌre» կայանին միջոցաւ կը վկայէր թէ իրենք ապահով վիճակի մէջ են, սակայն, 2013-ի վերջին օրերուն, «ժպհադ ալ-նասրա»ի զինեալներ յարձակելով վանքին վրայ, առեւանգեցին զիրենք: Երկու տարբեր արձանագրութիւններով մայրապետները հեռատեսիլէն վստահեցուցին թէ իրենք լաւ վիճակի մէջ են, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին որ արագընթաց աշխատանք տարուի զիրենք ազատ արձակելու դիտաւորութեամբ: Այս արձանագրութիւններուն ընդմէջէն մտահոգիչ երեւոյթ մը պարզուեցաւ. ինչո՞ւ մայրապետները իրենց ուխտի խաչերը չէին կրեր իրենց վիզերուն վրայ:

Ma3loula2Ոմանք վերլուծեցին այս երեւոյթը ըսելով թէ առեւանգողները հաւանաբար արգիլած են մայրապետներուն խաչ կրել, սակայն անոնց ազատ արձակումէն ետք, մեծաւոր մայրը վկայեց թէ իրենք որոշում առած էին խաչերը վերցնել իրենց վիզերէն, որովհետեւ վայրը ուր կը գտնուէին յարմար չէր: 10 Մարտ 2014-ին, երկար միջամտութիւններէ ետք, Մաալուլայի մայրապետները ազատ արձակուեցան ու մեծ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց հոգեւոր օճախը՝ եկեղեցի: Անոնք անգամ մը եւս իրենց վիզերուն վրայ անցուցին խաչերը, ուխտելով որ ոչ մէկ բան զիրենք պիտի բաժնէ Քրիստոսէն:

Իսկ դուն՝ հայր Միքայէլ, ո՞ւր մնացիր

Father Mikaeyl 1Ճիշդ է որ եկեղեցին մեծ հրճուանքով դիմաւորեց Մաալուլայի մայրապետները, սակայն մեր սրտերուն մէջ տակաւին ցաւ ու կսկիծ կայ այն եպիսկոպոսներուն ու վարդապետներուն համար, որոնք դեռ եւս առեւանգուած կը մնան; եւ որոնց շարքին կը գտնուի հայր Միքայէլը, որուն կարօտը կ’այրէ սիրտս:

Հայր Միքայէլ, կարօտցանք քեզի:

Կը յիշե՞ս Հռոմի Քահանայապետական Լեւոն-եան Հայ վարժարանի նորընծայութեան օրերը, զորս միասին անցուցինք: Երկու տարիներ շարունակ ապրեցանք միեւնոյն վայրին մէջ, միեւնոյն շէնքին յարկերուն տակ, մեր աչքերը սեւեռելով միեւնոյն տապանակէն ճառագայթող լոյսին, որ մեզ պիտի հասցնէր Քահանայութեան: Կը յիշե՞ս պտոյտները զորս միասին կը կատարէինք. որքան զուարճացանք, խնդացինք: Սրտանց կը խնդամ ամէն անգամ որ յիշեմ 2007-ի տեղական երիտասարդական օրերը, որոնց մասնակցեցանք, եւ որուն աւարտին շոքեկառքը փախցուցինք եւ ստիպուեցանք մէկ գիշեր քնանալ կայարանին մէջ, մայթերուն վրայ: Չեմ մոռնար նաեւ երբ միասին՝ դուն, Անտոնը, Եղիշէն եւ ես, Սարտէնիայի կղզին գացինք եւ հոն դիմաւորեցինք 2008-ի նոր տարին: Անմոռանալի օրեր:

Եւ երբ աւարտեցան համալսարանական տարիները, մեծ գոհունակութեամբ Քահանայ ձեռնադրուեցանք՝ դուն՝ Հալէպ եւ ես՝ Լիբանան: Սակայն, դժբախտաբար, այս ուրախալի տարիներուն այսօր ընկերացան տխուր օրեր: Յուսամ շուտ անցնին:

Father Mikaeyl 210 փետրուար 2013-ին, Հոգեւոր Տէրը ժամանած էր Զալքայի սուրբ Խաչ ժողովրդապետութիւնը, անարժանիս յանձնելու Վարդապետական գաւազանը: Ուրախ էինք: Բայց, սուրբ Պատարագին աւարտին զօրաւոր տխրութիւն մը պատեց մեր սրտերը, երբ իմացանք թէ մէկ օր առաջ քեզ առեւանգած էին:

Հայր Միքայէլ, քեզ չեմ մոռցած: Կ՛աղօթեմ միշտ քեզի համար: 2013-ի ծնունդի պատարագին, քարոզիս ընթացքին քու մասիդ խօսեցայ ժողովրդապետութեանս հաւատացեալներուն: Ուզեցի որ բոլորն ալ ինծի հետ միասին քեզի համար աղօթեն: Այդ վայրկեաններուն ճիշդ է որ չէի գիտեր թէ դուն ուր կը գտնուիս, սակայն միակ բանը որ գիտէի որ ես սուրբ Սեղանին առջեւ կը պատարագէի, եւ եղբայրական պարտականութիւնը ունէի աղօթելու քեզի համար: Այդ օրը ծննդեան շնորհաւորութիւններս քեզի փոխան-ցեցի, բայց չեմ գիտեր եթէ հասան:

Հայր Միքայէլ, ո՞ւր ես: Ինչո՞ւ քեզ տակաւին ազատ չարձակեցին: Որքան ուրախ պիտի ըլլայի եթէ տեսնէի որ դուն ալ Մաալուլայի մայրապետներուն հետ միասին ազատութիւնը կը շնչես: Մտքիս մէջ միշտ հարց կու տամ թէ ո՞վ արդեօք քեզ ազատ պէտք է արձակէ: Ո՞ւր են անոնք որոնք պէտք է յանձն առնեն այս աշխատանքը: Որո՞նք են յանձնառու պատասխանատուները: Որո՞ւ երթամ, որո՞ւ աղաչեմ ու պաղատիմ:

Հայր Միքայէլ, մի՛ մտահոգուիր, ուրախ եղի՛ր հոն ուր որ ես, որովհետեւ դուն այսօր իսկական երանութիւնը կ՛ապրիս: Այո՛, երանի քեզի, որովհետեւ, հետեւելով քու նախահայրերուդ օրինակին, դուն կը նախատուիս Քրիստոսի համար:

Հայր Միքայէլ, այս տողերը կը գրեմ Լեւոնեան վարժարանէն, այդ վայրէն ուր միասին ապրեցանք. կը գրեմ յիշատակներու ժպիտով եւ արցունքոտ աչքերով:

ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ.ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ