ՍԲ. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԲ. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ – ՍԲ. ԵՂԻԱ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՍԲ. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԲ. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ – ՍԲ. ԵՂԻԱ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Համայն կաթողիկէ աշխարհին հետ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցիները եւ հաւատացեալները 25 դեկտեմբերին նշեցին Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը եւ վերապրեցան Քրիստոսի ծննդեան Մեծ եւ Սքանչելի Խորհուրդը սուրբ եւ անմահ պատարագներով, որոնք մատուցուեցան աշխարհի բոլոր հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ: Պէյրութի մէջ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայրապետական սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Հայրապետական թափօրը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի եւ բարձրացաւ խորան: Առընթերակայ պատարագակիցներն էին Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:

Յընթացս Ս. Պատարագին փոխանցած Սուրբ Ծննդեան իր քարոզին մէջ, Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը դիտել տուաւ որ Քրիստոսի գալուստէն երկու հազար տարի ետք աշխարհը թաւալգլոր կ՛ընթանայ: Մարդիկ կորսնցուցած են կեանքին իմաստը եւ նպատակը: Շատեր չեն գիտեր իսկ, թէ ինչո՛ւ աշխարհ եկած են եւ ո՛ւր կ՛երթան. կը կասկածին նոյնիսկ, թէ անդենական կեանք մը կայ, որ պիտի յաջորդէ այս անցաւոր կեանքին, որովհետեւ կ՛անգիտանան, թէ մարդը անասուններէն տարբեր էակ է` ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերին համեմատ, օժտուած հոգիով մը անմահ, որով կը զանազանուի անասուններէն:

Ամենապատիւ Հոգւոր Տէրը իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Քրիստոս միակ լոյսն է, որ կրնայ լուսաւորել մարդուն ուղին եւ իմաստաւորել անոր գոյութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Ծնունդը լոյսի տօնն է: Այն լոյսին, որ կը բխի մեր սրտէն, որ կը տարածուի մեր մերձաւորին թէ հեռաւորին վրայ, անխտիր: Այն լոյսին, որ շողարձակումն է ճշմարիտ Լոյսին, Քրիստոսի, որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ Լոյսն աշխարհի»: Քրիստոս կը հրաւիրէ մեզ, որ ըլլանք լոյսի առաքեալներ, որպէսզի նաեւ մե՛ր միջոցով աշխարհի վրայ տիրէ խաղաղութիւնը, սէրը եւ, ի վերջոյ, ճշմարիտ երջանկութիւնը: (Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ քարոզը ամբողջութեամբ էջ` 4-6)։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, որուն ընթացքին ներկայ հաւատացեալները հաղորդուեցան Յիսուս Քրիստոսի սուրբ ու կենարար մարմինով եւ արեամբ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, շրջապատուած գերապայծառ, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրերով, ընդունեց շնորհաւորութիւնները Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ այնուհետեւ եւ յաջորդող երկու օրերուն՝ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի մէջ, ուր այցելեցին քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներ, պետական, պաշտօնական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ միութենական պատուիրակութիւններ։