Աշխարհիս բոլոր քրիստոնեաները կը սպասեն Մեսիային գալուստը: Գալուստը Անոր, որ խաղաղութիւն պիտի բերէ աշխարհին, գալուստը երկինքէն իջած Որդիին` յոյսը ազգերուն:
Յիսուսի ծնունդը լոկ պատմական դէպք մը չէ, այլ անդրադարձ մը, ուր անցեալը, ներկան ու ապագան իրարու կը միանան:
Սակայն Յիսուս յայտնուեցաւ իբրեւ պարզ մարդու մը զաւակը` համեստ ու խոնարհ: «Երբ հասաւ ժամանակներուն լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ Օրէնքի տակ, որպէսզի ազատագրէ օրէնքի հպատակները եւ մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհը» (Գաղ. 4, 4-5):
Յիսուս կը ծնի եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ ամէն մէկուն սրտին ու կեանքին մէջ: Ան մաս կը կազմէ մարդկութեան պատմութեան: Ան մարդացաւ` մեզի վերստին տալու համար մեր հիմնական մարդկային արժանապատուութիւնը, զոր կորսնցուցինք Ադամի սկզբնական մեղքին պատճառով: Մեր հարազատ Յիսուսը ընտրեց խաչի եւ սիրոյ ճանապարհը, եւ առ ի հետեւանք, բարեսիրտ Հայրը իրեն շնորհեց ամէնէն վսեմ անունը:
Յիսուսի ծնունդին առիթով, նոր իմաստ մը կը յայտնուի մարդկութեան պատմութեան մէջ` վերածնունդը նոր եւ ընտիր մարդու մը, հեռու մեղքէն: Բեթղեհէմի մանուկով է, որ մենք կ’ըլլանք Աստուծոյ իսկական եղբայրներն ու բարեկամները: Մենք կը պարտինք այս աստուածային կապը պահպանել մեր առօրեայ կեանքին մէջ:
Ծնունդը, զոր կը տօնակատարենք, առիթ մըն է վերադառնալու Աստուծոյ, որ Իր միակ Որդին ղրկեց մեր կեանքը փոխելու համար: Այս տօնակատարութեան ու անոր նախապատրաստութիւններու շրջանին, ջանանք մեր մէջ հիւրընկալել Ան, որ կը փափաքի մեր սրտերուն մէջ հիմնել իր սուրբ տաճարը, ուր Ան շարունակ կը վերածնի` մեզ ստեղծելու համար ըստ Իր պատկերին եւ նմանութեան: Անոր նպատակն է մեզ տեղաւորել անդորր ու հանդարտ վայրի մը մէջ` մեզի լսելի դարձնելու համար Իր քաղցր ու սփոփարար խօսքերը եւ ուսուցումները:
Յիսուս կարողութիւնը ունի մեր սրտերը լեցնելու այնպիսի սիրով մը, որուն շնորհիւ կարող կ’ըլլանք մինչեւ իսկ ներելու մեր թշնամիին եւ սիրելու զայն իբրեւ մեր հարազատ եղբայրը:
Երբ Յիսուս ծնի, հրեշտակները երկինքի մէջ կ՛երգեն ովսաննաներ: Ցնծաբեր այս երգը մեր ականջներուն մէջ կը թնդայ, քանի որ մեր սրտերուն մէջ Անոր կեանքը կ’արմատանայ, Անոր ուրախութիւնը կը յայտնուի եւ Անոր Յարութեան բոցը կը փայլի:
Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանենք Իր սիրոյն: Ինչպէ՞ս պիտի փոխադարձենք այդ սէրը: Ասիկա է խորագոյն իմաստը Ծնունդին: Եկեղեցին յաճախ կը հրաւիրէ մեզ Յիսուսէն սնանելու, Ինք` այդ խոնարհ մանուկը Բեթղեհէմի, որ աշխարհ եկաւ` ծնելով խեղճ մսուրի մը մէջ:
Ժամանակ տրամադրենք ներքին լռութեան` ընդունելու համար մարդկութեան ամէնէն սքանչելի Զաւակը: Այդպիսով, լաւագոյն նուէրը ընծայած կ’ըլլանք Յիսուս Մանուկին:
Երբ մարդիկ կ’ուզեն իրենց սէրը արտայայտել` ընդհանրապէս բարեգործութիւն կ’ընեն, ծառայութիւն մը կը մատուցանեն, կ’օգնեն ու կը մխիթարեն, կը ջանան բարեփոխել ընկերութեան անարդար պայմանները: Սակայն երբ Աստուած կ’ուզէ ցոյց տալ իր զօրութիւնը, յայտնել իր սէրը, չի դիմեր աչքառու գործերու, այլ կ’ըլլայ մարդ, մանուկ-մարդ, դրուած մսուրի մը մէջ, աղքատ, զրկուած, խղճալի: Ան «խենթ» սիրահարն է հոգիներու եւ չուզեց մեզմէ տարբերիլ, այլ եղաւ մեզմէ մէկը:
Մեր անձնական կեանքին մէջ այս դէպքը որքա՜ն կը գրաւէ մեր սիրտը, կամքն ու հոգին: Մսուրի մը առջեւ կանգնած յուզումի րոպէներէն ետք, ինքնամփոփ, յաճախ կը վերադառնանք մեր մտածումներուն, մեր սին ձգտումներուն, մեր տմարդի իղձերուն: Ս. Ծննդեան առիթով, արծարծենք մինչ այդ տկար ու պատեհապաշտ մեր հաւատքը: Մարդկութիւնը պէտք ունի հովիւներուն հաւատքին, պարզերու անապակ հաւատքին:
Տիրոջ հրեշտակին խօսքերը կը խրախուսեն մեզ Ծննդեան օրը եւ ամբողջ կեանքին համար` ըլլալու աւելի ճշմարիտ, աւելի մաքրասիրտ, աւելի երջանիկ: Թողունք, որ Տէրը ծնի մեր մէջ, թող իր ներկայութիւնը ձեւաւորէ մեզ իր պատկերին նման ու կարող դարձնէ սիրելու զինք ու զիրար` իր սիրով:
ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
Օգնական Եպիսկոպոս Պէյրութի
Հայ Կաթողիկէ Թեմին