Պարոյր Սեւակի մահուան 45-ամեակին առիթով Հ.Կ.Հ.Մ. ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ «ԱՆԼՌԵԼԻ, ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պարոյր Սեւակի մահուան 45-ամեակին առիթով Հ.Կ.Հ.Մ. ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ «ԱՆԼՌԵԼԻ, ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՁԵՌՆԱՐԿ

2016 թուականը կը զուգադիպի անզուգական բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի մահուան 45-ամեակին: Այս առիթով, Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը (ՀԿՀՄ) կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ կը կրէր «Անլռելի, անկրկնելի Պարոյր Սեւակը» խորագիրը:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ` հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի օգնական՝ արհիապատիւ Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ նախագահութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԿՀՄ-ի ատենապետ Արամ Գարատաղլեան: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայ երիտասարդութեան մէջ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը վառ պահելու առաջադրանքով, ՀԿՀՄ-ը կը յարգէ յիշատակը անգերազանցելի Պարոյր Սեւակին, որուն անլռելի զանգակատան ղօղանջները մշտահունչ հրաւէրներ են մեր համազգային արժէքներուն հաւատարմութեան:

bs4Ողջոյնի իր խօսքը փոխանցեց վսեմաշուք դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որ ըսաւ, թէ Պարոյր Սեւակ, ըլլալով մեծ բանաստեղծ եւ գրականագէտ, եղած է միաժամանակ մեծ քաղաքացի, որովհետեւ իր գեղարուեստական ժառանգութիւնը կը կրէր քաղաքացիական դիրքորոշում, որ մեր բոլորին մշտապէս անհրաժեշտ է: Դեսպան Մկրտչեան իր խօսքի աւարտին անդրադարձաւ ձեռնարկի կարեւորութեան, որովհետեւ անիկա առիթ է առնչուելու եւ շփուելու Պարոյր Սեւակի խոհերուն, մտորումներուն եւ դիրքորոշումներուն հետ:

bs5Օրուան առաջին բանախօսն էր լեզուագէտ, հրապարակագիր եւ դասախօս դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս հայ գրականութեան մէջ բացառիկ եւ անկրկնելի տեղ ունի բազմատաղանդ Պարոյր Սեւակ, որ խորաթափանց յոյզերով, ազգայնական երանգներով, նահապետական արմատներով, համամարդկային հրամայականներով, քնարերգական բազմաշնորհութեամբ եւ չարենցեան ոգիով ժամանակին շունչը դարձած է: Սեւակի մասին այլ մտաւորականներու վկայութիւնները մէջբերելով` Աղպաշեան նշեց, թէ ինչպէ՛ս Սեւակի ստեղծագործական կեանքը եղած է հարուստ նոր վերելքներով, նոր յայտնագործումներով, նոր հնարքներով եւ նոր ձեռքբերումներով, որոնք հայ բանաստեղծութեան եւ հայ ժողովուրդին համար դարձած են հոգեկան ու գեղարուեստական անգին հարստութիւններ:

bs6Օրուան երկրորդ բանախօսն էր բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու եւ Պարոյր Սեւակի թոռ՝ Սեւակ Ղազարեանը: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Պ. Սեւակի արխիւի ճակատագիրը եւ ներկայ վիճակը, եւ ժամանակագրական առումով ներկայացուց 2011-էն հրատարակուած սեւակեան գիրքերը, որոնցմէ երկուքը լիովին անտիպ եղած են, իսկ միւս գիրքերուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ տպագրուած գործեր, որոնք ճշգրտուած են Պ. Սեւակի արխիւին մէջ յայտնաբերուած նիւթերուն միջոցով:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան վաստակաշատ ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, որ ապրումով ներկայացուց Պ. Սեւակի գրական գոհարներէն քանի մը հատ, նաեւ տուտուկահար Գէորգ Քէշիշեան, որ սրինգով նուագեց հայկական մեղեդիներ:

Ձեռնարկի ընթացքին, ՀԿՀՄ-ի մշակութային-դաստիարակչական ծրագիրներու վարիչ Լիւսի Տէօքմէճեան յայտնեց, թէ ՀԿՀՄ-ը, որ իր հիմնադրութեան օրէն ջատագովը եղած է հայ ազգային ու մշակութային անկորնչելի արժէքներուն, իր գործունէութեամբ սատարած է անոնց տարածման, ինչպէս նաեւ հետամուտ եղած է զանոնք հայ նոր սերունդին փոխանցելու, նախաձեռնութիւնը ունեցաւ հրատարակելու գրքոյկ մը, որ ուղղուած է ի մասնաւորի հայ աշակերտին, անոր մատչելի դարձնելով Սեւակի բանաստեղծական ժառանգութիւնը, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ տրամադրելով հաւաքածոյ մը 45 հատընտիրներու` յատկանշելով անոր մահուան 45-ամեակը:

bs7

Այնուհետեւ, արհիապատիւ Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ձեռամբ ՀԿՀՄ-ի յուշանուէրը յանձնուեցաւ Պ. Սեւակի թոռ՝ Սեւակ Ղազարեանին: Գերապայծառ Ասատուրեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Պ. Սեւակ 20-րդ դարու հայ գրականութեան վաւերական խորհրդանիշներէն է, որ եղաւ մարգարէաշունչ պատգամաբերը եւ հարազատ արտայայտիչը իր ժողովուրդին հաւաքական ապրումներուն եւ ազգային ձգտումներուն: Ան յորդորեց լեցուիլ Պ. Սեւակի արդար եւ սրբազան հպարտութեամբ` հայ ազգին նկատմամբ:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաներուն տրամադրուեցան ՀԿՀՄ-ի հրատարակութեամբ «Անլռելի, Անկրկնելի Պարոյր Սեւակը» հատընտիր ու գիրքէն օրինակներ: