2016-ի Հոկտեմբեր 28-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Թարգմանչաց տօնին նուիրուած աշակերտական հանդիսութիւնը, որուն նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը: Ներկայ էին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Արհի. Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Արհի. Հայր Մանուէլ եպս. Պաթաքեան, Զմմառու վանքի պատրիարքական փոխանորդ, Հայ Կաթողիկէ կրթական խորհուրդի նախագահ Հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ վրդ. Սապէ, փոխ ժողովրդապետներ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, Մեսրոպեանի Հոգեւոր վարիչ Տ. Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան եւ Մեսրոպեան նախկին սաներու միութեան ատենապետ պրն. Ռաֆայէլ Ումուտեան:
Հանդիսութեան ընթացքին իր հայրական խօսքը ուղղելով աշակերտութեան եւ Մեսրոպեանի անձնակազմին, Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. դիտել տուաւ, որ բախտաւոր ու երջանիկ է այն հայ մանուկը, որ հասակ կը նետէ ու կը դաստիարակուի լիարժէքօրէն հայաշունչ կրթական միջավայրի մը մէջ, ինչպիսին է Մեսրոպեան վարժարանը: Հոգեւոր Տէրը յորդորեց աշակերտները հպարտութեամբ կրելու եւ ապրելու իրենց հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը, քանզի անոնք իրենց մէջ կը կրեն անժամանցելի արժէքներ, որոնք կարեւոր են ոչ միայն հայ ազգին, այլ ամբողջ մարդկութեան համար: Ան յայտարարեց, որ Մեսրոպեանը Հայ Կաթողիկէ համայնքին ամենամեծ եւ ամենակարեւոր հաստատութիւնն է, որուն գործունէութեան կը հետեւի ամբողջ համայնքը՝ աշխարհի չորս ծագերէն եւ որուն յաջողութիւններով կ՛ոգեւորուի համայնքի իւրաքանչիւր անդամ: Այս առիթով, Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. հաւաստիացուց, որ կրթական հաստատութիւնները միշտ պիտի մնան իր յատուկ հոգածութեան առարկայ, քանզի անոնց մէջ է, որ կը կազմաւորուին համայնքային եւ ազգային կեանքի ապագայ դերակատարները:
Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօս Տ. Ռաֆֆի Քհնյ. Յովհաննէսեան իր հերթին կոչ ուղղեց աշակերտներուն լաւապէս ճանչնալու Ոսկեդարու գրական, կրօնագիտական, իմաստասիրական եւ պատմաբանական ժառանգութիւնը եւ ընդհանրապէս Հայ մշակոյթի արժէքները, որոնք բովանդակութիւն կու տան հայու ինքնութեան եւ անոր կը շնորհեն իւրայատուկ տեղ մը՝ մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ: Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչը յորդորեց աշակերտները սուրբ Թարգմանիչները ընդունիլ որպէս աստուածասիրութեան, եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան, ուսումնատենչութեան, աշխատասիրութեան եւ նուիրուածութեան օրինակներ եւ հետեւիլ անոնց վար-քին՝ յանուն Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին յառաջընթացին:
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Թարգմանչաց տօնին առիթով Մեսրոպեանի ընտանիքը մեծագոյն ուրախութեամբ կ՛ընդունի Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին անդրանիկ այցելութիւնը վարժարան, որուն տնօրէնի պաշտօնը ան վարած է 1961-1969 տարիներուն: Այցելութեան առիթով վարժարանի տեսչական բաժանմունքը կնքուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ անունով եւ այդ մասին յուշաքար մը զետեղուեցաւ բաժանմունքի մուտքին: Խօսքը ուղղելով Հոգեւոր տիրոջ, Կ. Գալուստ ըսաւ. «Այս վարժարանը եղաւ, կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ հաւատարիմ այն առաքելութեան, որ դուք եւ ձեր միաբանական եղբայրները սահմանեցիք՝ համաձայն մեր Լուսաւորչեան Հաւատքին, ազգային նկարագրին եւ համամարդկային վեհագոյն արժէքներուն» եւ ապա շեշտեց. «Մեսրոպեանը կը դաւանի, որ իրեն դիմող աշակերտներն ու ծնողները արժանի են լաւագոյնին. hետեւաբար, անիկա յանձնառու է հետեւողականօրէն զարգացնելու իր ֆիզիքական ենթակառոյցը, մանկավարժական անձնակազմին կարողութիւնները, ակադեմական ծրագիրներն ու կրթութեան հետ կապուած բոլոր ծառայութիւնները»: Կ. Գալուստ Մեսրոպեանի ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին իր օրհնաբեր այցելութեան եւ հայրական սիրոյն համար, եւ այս առիթով անոր յանձնեց յուշանուէր մը:
Սրբոց Թարգմանչաց տօնակատարութեան գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» մեծերու երգչախումբը՝ երկու երգերով, խմբավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի, Դ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին թատերական պատկեր մը, Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներ կատարեցին խմբային ասմունք, 11-րդ դասարանի աշակերտ Էլի Թորանեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Սուրբ Մեսրոպ» քերթուածը, աւարտական դասարանի աշակերտուհիներ Արմիկ Հեքիմեան (քլարինեթ) եւ Մարիա Եմէնեան (դաշնամուր) ներկայացուցին «Սարդարապատ» երաժշտական կտորը, ցոցադրուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտ Հայկ Թապաքեանի պատրաստած տեսանիւթը՝ Հայ գիրերու ստեղծման մասին, բացման խօսքն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կասիա Ժինեան:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի