Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան օրհնեց Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ նոր Զանգակը

Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան օրհնեց Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ նոր Զանգակը

Կիրակի 21 օգոստոս 2016-ին, Պէյրութի թեմի Օգնական Եպիսկոպոս արհիապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, հայաւանի Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ ապա կատարեց Եկեղեցւոյ նոր զանգակներուն օրհնութեան կարգը։ Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ սրբազան հայրը անդրադառնալով եկեղեցւոյ նոր զանգակներուն ըսաւ. «Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ զանգակները պիտի շարունակեն աւելի ուժգին հնչել հրաւիրելու համար հաւատացեալ ժողովուրդը հանդիպելու Աստուծոյ եւ Անոր հետ զրուցելու Սուրբ Միքայէլի եւ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ»։

Ստորեւ՝ քարոզը ամբողջոթեամբ։

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է յարաբերաբար այնքան կարճ ժամանակի մը ընթացքին դարձեալ միասին աղօթելու առիթ մը ունենալ, թէեւ աղօթելու համար միասին կամ առանձին` բացառիկ առիթներու պէտք չէ սպասել։

Սակայն, ինչպէս գիտէք, այս սուրբ խորանին դիմաց մեր այսօրուան համախմբումին առիթը բացառիկ է. ան այս պատմական հայաւանի սուրբ Միաքայէլ եկեղեցւոյ զանգակի վերականգնումն է, որպէսզի ան շարունակէ աւելի ուժգին հնչել եւ հրաւիրել հաւատացեալ ժողովուրդը հանդիպելու Աստուծոյ եւ սրտբացօրէն զրուցելու Անոր հետ, սուրբ Միքայէլի եւ ինչու չէ՞ նաեւ Տիրամօր բարեխօսութեամբ։

kessab-1Գիտէ՞ք թէ այսօր երբ շրջապատուած ենք հաղորդամիջոցներու բազմատեսակ եւ գերարդիական միջոցներով, հաղորդակցութեան նախակարապետը Հայ Եկեղեցւոյ զանգակատունէն հնչող ԿՈՉՆԱԿն է, այսինքն զանգակը։ ԿՈՉՆԱԿն է որ հաւատացեալները կամ վանականները օրուան տարբեր ժամերուն կը հրաւիրէր եկեղեցի՝ աղօթքի։ Անոր ձայնը Աստուծոյ կոչն էր եւ է՛, այսինքն հրաւէրը հանդիպելու Իրեն եւ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած։ Ահա թէ ինչու Հայ Եկեղեցւոյ զանգակատունը եւ անոր մէջ զե-տեղուած կոչնակը յատուկ նշանակութիւն ունին քրիստոնեայ հաւատացեալին համար։ Անոր զանգը արձագանգն է Աստուծոյ ձայնին, որ կը հրաւիրէ մեզ եկեղեցի՝ աղօթելու։ Իսկ աղօթքը ընդհանրապէս քրիստոնեային եւ մասնաւորաբար Հայ քրիստոնեային համար վերանորոգ հաւատքով լիցքաւորուելու, աւելի մեծ յոյսով ապագան կերտելու եւ իր շրջապատին ու նմաններուն աւելի մեծ սիրով նայելու միջոցն է։ Այս Հաւատքը, Յոյսն ու Սէրը մեծագոյն արժանիքը եղած են մեր ժողովուրդին եւ դուք այդ արժանիքով օժտուած եւ անով զօրացած ըլլալու ձեր վկայութիւնը տուիք մօտիկ անցեալին՝ դիմադրելով ձեր կեանքին իսկ սպառնացող վտանգներուն եւ յաղթահարելով դժուարութիւնները որոնց դէմ յանդիման գտնուեցաք։ Դուք զտարիւն քրիստոնեայի եւ Հայու վկայութիւնը տուիք։ Չարագործ ձեռքեր քանդեցին ձեր զանգակատունը եւ Կոչնակը՝ ձեզ զրկելու համար Աստուծոյ ձայնէն, բայց այսօր անոնք վերականգնուած են եւ դարձեալ կը հնչէ Կոչնակը, որովհետեւ Աստուծոյ ձայնը անխափանելի է, յաւերժահունչ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին, այդ ԿՈՉՆԱԿը եղած է մինչեւ իսկ զօրակոչ։ Հայ ժողովուրդը միշտ ականջալուր եղած է այդ ձայնին եւ առաջնորդուած է անով՝ յաճախ կեանքի գնով։ Շատ բնական է որ Աստուած իր ուշադրութիւնը եւ հովանին չհեռացնէ Հայ ժողովուրդի վրայէն եւ օգնէ անոր հարթելու իր ճանապարհը դէպի խաղաղ ու բարգաւաճ ապագայ։

Պատահական չէ որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դեռ ամիս մը առաջ երբ այցելեց Հայաստան, աշխարհին մատնացոյց ըրաւ Հայ ժողովուրդը իբրեւ քրիստոնեայ առաջին երկրի զաւակները եւ իր հիացումը յայտնեց Հայ ժողովուրդի տոկալու եւ ամէն փորձութիւն յաղթահարելու կամքի ուժին, եւ կեանքի գնով իր Լուսաւորչեան Հաւատքին կառչածութեան համար։ Ահա թէ ինչու ան գնաց Խոր Վիրապ մոմ վառելու Հայ ժողովուրդի Հաւատքի Հօր յիշատակին։ Այդ հաւատքի Հօր զաւակները որպէս՝ դուք կոչուած էք ընդառաջելու Աստուծոյ հրաւէրին եւ ինչպէս միշտ` հաւաքուելու այս Եկեղեցւոյ մէջ ձեր Հովիւին շուրջ, ամէն անգամ որ հնչէ այս եկեղեցւոյ ԿՈՉՆԱԿԸ։