Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

Սեպտեմբերի 22-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նորընտիր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարը, որ Հայաստան կը գտնուէր ՀՀ նախագահի հրաւէրով՝ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք․ Մինասեանին ընկերակցութեամբ այցելեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն: Սեպտեմբերի 24-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կատարեց Կիւմրիի կաթողիկէ Հայոց Տիրամայր Նահատակաց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ օծումը։

Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը՝ նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորեց զինք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութեան առթիւ եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ ան նոր կարգավիճակով կ՛այցելէ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Նախարարը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկացուց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ եւ դրուատանքով խօսեցաւ առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանի նուիրեալ աշխատանքի մասին: Նախարարը երախտագիտութեամբ խօսեցաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդներու ունեցած անգնահատելի դերի մասին՝ յատկապէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ արտասանած ճառի մասին, որ կրնայ շրջադարձային ըլլալ Հայոց ցեղասպանության ճանաչման գործընթացին համար:

Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ըսաւ, որ մեծապէս կը գնահատէ հայապահպանութեան ի նպաստ իրականացուող Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը եւ պատրաստ է շարունակելու գործակցութիւնը անհրաժեշտ ծրագրերու իրականացման համար:

Զրոյցի աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին նուիրեց հայ մանրանկարչութեան կրկնօրինակ մը ի յիշատակ Սփիւռքի նախարարութիւն կատարած անոր այցելութեան: