2015 սեպտեմբերի 26-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստը, զոր վարեց յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Այս մասին հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ նիստը գումարուած է ընդլայնուած կազմով եւ պետական յանձնաժողովի անդամներէն բացի, ներկայ եղած են տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, փոր֊֊ձագէտներ, մասնագէտներ: Նիստին սկիզբը, Նախագահը տեղեկացուցած է ներկաներուն, որ ի կատարումն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի 5-րդ նիստի որոշման՝ միջոցառումներու գլխաւոր համակարգողի գրասենեակը՝ Հայաստանի անկախու-թեան տօնին հետեւող եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան նախորդող այս խորհրդանշական շաբթուան ընթացքին կը կատարէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու ընթացքի եւ յառաջիկայ ընելիքներու քննար-կումներ, հաշուետու միջոցառումներ, ցուցահանդէսներ:
Օրակարգի հարցերու քննարկման անցնելէ առաջ, նիստին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են յանձնաժողովի անդամ, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին բացառիկ ներդրում բերած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք, երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս 19-րդի յիշատակը: Հանրապետութեան Նախագահը տեղեկացուցած է յանձնաժողովի անդամներուն, որ ի նշանաւորումն Պատրիարք Ներսէս Պետրոս 19-ի երկնային ճանապարհի, հաշուի առնելով անոր հսկայածաւալ ազգանուէր գործունէութիւնը՝ հրամանագիր ստորագրած է անոր յետ մահու Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի Շքանշանով պարգեւատրելու մասին: Շքանշանը յանձնուած է յանձնաժողովի նոր անդամ, Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս 20-րդին:
Սերժ Սարգսեան նաեւ շնորհաւորած է Գրիգոր Պետրոս 20-րդը՝ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութեան առթիւ։
Նիստի օրակարգի հարցերու շարքին յանձնաժողովը քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու ընթացքն ու յառաջիկայ ընելիքները, Սուրիոյ եւ Իրաքի հայկական համայնքներէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, լսած է՝ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» կլոպալ ֆորումի մասին զեկոյցը, քննարկած է նաեւ կազմակերպչական հարցեր:
Առաջին հարցին շուրջ կայացած ծաւալուն քննարկումները ամփոփելով՝ Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ կը նկատուի յետագայ աշխատանքի համադրման, պարբերական շփումներու մշտական հարթակ ձեւաւորելու ընդհանուր պահանջ: Նախագահի կարծիքով, ասիկա կրնայ ըլլալ օգտակար եւ արդիւնաւէտ գործընթաց: Յանձնաժողովը քննարկած եւ միաձայն որդեգրած է Համահայկական Խորհուրդ ձեւաւորելու շուրջ նախապատրաստական աշխատանք կատարելու մասին որոշումը: Ձեւաւորուած է կազմակերպչական յանձնախումբ, որուն յանձնարարուած է նախաձեռնել խորհրդատուութիւններու լայն ներառական գործընթաց մը:
Օրակարգի երկրորդ հարցի՝ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան եւ Իրաքի Հանրապետութեան հայկական համայնքներէն ներս ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ Նախագահը նշած է, որ խորապէս մտահոգուած է յատկապէս Սուրիոյ մէջ շարունակուող բախումներով եւ օրը օրին վատթարացող մարդկային իրավիճակով: Սերժ Սարգսեանը նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններու մշտական ուշադրութեան առարկան է տարածաշրջանին մէջ բնակուող հայութեան եւ մասնաւորապէս՝ սուրիահայութեան խնդիրները, որուն վկայութիւններէն է, առաջին հերթին, Հալէպի մէջ արդէն մի քանի տարիէ ի վեր գործող միակ օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւնը՝ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւ Դամասկոսի մէջ իր աշխատանքները շարունակող Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:
Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայորդիներու ժառանգորդները, Նախագահի խօսքով, կը կիսեն ժամանակին իրենց օգնութեան ձեռք մեկնած ժողովուրդներու ճակատագիրը: Անոնք կը շարունակեն մարդկային եւ նիւթական մեծ կորուստներ կրել։ Հանրապետութեան Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը իր դռները բացած է բոլորին առջեւ եւ արդէն Սուրիայէն ընդունած է շուրջ 16 հազար հայրենակից: Հայաստանի պետական բոլոր կառոյցները անխտիր ներգրաւուած են սուրիահայերու հիմնախնդիրները լուծելու եւ մեր հասարակութենէն ներս անոնց ընտելացման գործընթացը արագացնելու աշխատանքներուն մէջ:
Սերժ Սարգսեանը նշած է, որ բոլորին հաւաքական ջանքերով է, որ մեր հայրենակիցներու հարցերը վերջնական լուծումներ պէտք է ստանան: Նախագահը խորին շնորհակալութիւն յայտնած է այն բոլոր երկիրներուն, միջազգային եւ համայնքային կառոյցներուն, անհատներուն, որոնք իրենց աջակցութեան ձեռքը մեկնած են եւ կը շարունակեն աջակցիլ հայութեան այս աշխատանքներուն մէջ։
Օրակարգի երրորդ հարցին հետ կապուած զեկոյցներ ներկայացուած են ապրիլի 22-էն 23-ը Երեւանի մէջ կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» կլոպալ ֆորումի արդիւնքներուն վերաբերեալ:
Նախագահին գնահատմամբ, առաջին ֆորումը ծառայած է իր նպատակին: Այն դարձած է քաղաքական ազդակը լսելի դարձնելու, ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ միջազգային պայքարին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարումն ամրագրելու կարեւոր միջոց: Ըստ Սերժ Սարգսեանի, ֆորումը ներկայացուցչական էր թէ՛ քաղաքական դերակատարներու, թէ՛ ցեղասպանագէտներու լայն շրջանակի ներկայութեան առումով: Նախագահի համոզմամբ, ֆորումն ու անոր զուգահեռ ընթացած այլ ֆորումները բովանդակային լիցք հաղորդած են ոգեկոչման միջոցառումներուն, նշմարել յետագայ պայքարի ուղիները:
Յանձնաժողովը ընդառաջելով 2015 ապրիլի 22-23-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Կլոպալ ֆորումի մասնակիցներուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղուած կոչին՝ ազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ շարունակել ջանքերը` խթանելու եւ համախմբելու ցեղասպանութեան ոճիրի դէմ պայքարի միջազգային գործողութիւնները, որոշած է դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` ապահովելու կլոպալ ֆորումի շարունակական եւ պարբերական բնոյթը: