«Դուք Քիչ էք, սակայն քաջ էք» – Հանդիպում Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ

«Դուք Քիչ էք, սակայն քաջ էք» – Հանդիպում Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ

Մի երազէր կեանքդ, այլ՝ ապրէ երազդ։ Երբեմն մեզի կը թուի թէ երազի մը իրականացումը անկարելի է, քաջ գիտնալով հանդերձ թէ անկարելին իրականացնելով երազը ապրած կ՛ըլլանք։

Կեանքիս երազներէն մէկն էր հանդիպում մը ունենալ այն մարդուն հետ որ իր սպիտակ զգեստին ետին կը ծածկէր միանգամայն իմաստութեան, խոնարհութեան եւ սիրոյ առաքինութիւնները։ Հանդիպիլ՝ ստանալու համար օրհնութիւնն այն մարդուն որ կեանքի ամենադժուար վայրկեաններուն եւ հակառակ բոլոր քննադատութիւններուն կրցաւ ուղղամիտ եւ ճշմարիտ քայլերով հովուել Եկեղեցին։ Մեծ էր փափաքս հանդիպում ունենալու Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Երբ Ֆրանչիսկոս Պապը վճռեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, 12 ապրիլ 2015-ին սուրբ Պատարագ մատուցանել Վատիկանի սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, որոշեցի ուղղուիլ Հռոմ մասնակցելու համար այս պատմական եւ փառաւոր օրուան։ Այս առթիւ փափաքեցայ նաեւ անձնական հանդիպում մը ունենալ Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապին հետ։ Գիտէի թէ աշխատանքը քիչ մը դժուար էր, ու թերեւս անկարելի, սակայն յոյսով էի որ պիտի կարենայի երազս ապրիլ։ Ուստի, սուրբ Պատարագին թուականէն ամիսներ առաջ, պաշտօնական նամակով մը դիմում ներկայացուցի հրաժարեալ Պապի գրասենեակին, ըսելով թէ ապրիլ 12-ին մատուցուելիք սուրբ Պատարագին առթիւ պիտի ժամանեմ Հռոմ եւ բաղձանքն ունիմ հանդիպելու Պապին հետ։ Ճամբորդութեանս թուականէն շաբաթ մը առաջ ելմակ մը հասաւ հասցէիս, որով կը տեղեկացուէր թէ Պապը ընդունած է խնդրանքս եւ հանդիպումս տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 11 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7։00ին, քահանայապետական պարտէզին մէջ, Լուրտի Տիրամօր քարայրին առջեւ։ Մեծապէս ուրախ էի եւ լեցուն հպարտանքի զգացումներով։ Կը մտածէի թէ ինչքա՜ն բան ունիմ ըսելիք իրեն՝ հարցականներ, մտահոգութիւններ։ Անհամբեր սպասեցի այդ օրուան։

p3Հռոմ մեկնեցայ ապրիլ 7-ին, սպասելով հանդիպման պահուն։ Ապրիլ 11-ին նախորդող օրը ուրիշ ելմակ մը ստացայ միեւնոյն հասցէէն, որով կը տեղեկացնէր թէ հանդիպման ժամը փոխուած է, փոխանակ ժամը 7։00-ին, հանդիպումը պիտի կայանայ ժամը 4։00-ին։

Հասաւ օրը։ Խնդրուած էր ինծմէ ժամը 3։50-ին գտնուիլ սրբուհի Աննա կոչուած դրան առջեւ։ Այդ օրուան բոլոր ծրագիրներս ջնջած էի, եւ կարծէք կեանքիս մէջ այդ օրը եղած էր միմիայն այս հանդիպումը իրականացնելու համար։ Ժամադրութիւնը յարգելով, հասայ դրան առջեւ։ Երբ ուղղարկուած նամակը ցոյց տուի ոստիկանին, անմիջապէս դիմեց ուրիշ զուիցերիացի ոստիկանի մը, որ զիս կը սպասէր։ Ան ընդունեց զիս, եւ ուղղուեցանք դէպի ինքնաշարժ, երթալու համար հանդիպման վայրը։ Երբ հասանք քարայր, տեղւոյն ոստիկանը իմացուց թէ տասը վայրկեան ուշացում պիտի ըլլայ եւ խնդրեց վարորդէն զիս պտտցնել քահանայապետական պարտէզները։ Սքանչելի պարտէզներ, զարդարուած պատմական յուշակոթողներով, շատրուաններով, փոքրիկ մատուրներով եւ քարայրներով։ Տարբեր տեսակի արժէքաւոր ծառեր ու ծաղիկներ կային այնտեղ բերուած տարբեր երկիրներէ՝ Չինաստան, Աւստրալիա, Պրազիլ եւ Լիբանան։ Ի վերջոյ հանդիպման ժամը հասաւ. վերադարձանք Լուրտի Տիրամօր քարայրը, իջայ ինքնաշարժէն. վարորդը հարց տուաւ թէ կ՛ուզէի՞ ինքնաշարժով վերադառնալ թէ քալելով։ Անմիջապէս քալելով պատասխանեցի եւ ան մեկնեցաւ։ Քարայրին առջեւ կեցած ընկղմած էի մտորումներու մէջ։ Ոստիկանը տեղեկացուց թէ Քահանայապետը սկսած է մօտենալ։ Տեսայ զինք հեռուէն, սպիտակ զգեստը հագած, գլխուն վրայ ճերմակ գլխարկ մը եւ ձեռքը ճռնիկ մը (walker)։ Հազիւ մօտեցաւ` քարտուղարէն խնդրեց որ ճռնիկը մէկդի դնէ, ապա գրպանէն գդակը հանելով գլխուն դրաւ գլխարկին փոխարէն։

Ներքին տարբեր խաղաղութիւն մը պատեց զիս։ Սրտիս իւրաքանչիւր տրոփումին հետ ուրախութեան եւ միանգամայն հպարտանքի զգացումներ կը յառաջանային։ Մօտեցայ անոր, խոնարհեցայ եւ աջը համբուրեցի։ «Անունս Սեպուհ Կարապետեան է» ըսի։ Ան անմիջապէս ընդմիջելով ըսաւ. «Կարապետեան, դուն հա՞յ ես»։ «Այո» ըսի, եւ շարունակեցի. «Ես հայ կաթողիկէ վարդապետ եմ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան անդամ»։ Անգամ մը եւս ընդմիջելով ըսաւ. «2012-ի սեպտեմբերին երբ Լիբանան եկայ, ձեր վանքն ալ այցելեցի։ «Ճիշդ է» ըսի։ Ան ամէն բան կը յիշէր, եւ այնքան տպաւորուած էր այս այցելութենէն որ անմիջապէս մտաբերեց զայն։ Խօսք առնելով ըսի. «Սրբազան Քահանայապետ, այս օրերուն Հռոմ կը գտնուիմ մասնակցեու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ Պատարագին եւ առիթէն օգտուելով ուզեցի անպայման Ձեր հետ հանդիպիլ եւ Ձեր օրհնութիւնը առնել»։

p1Հայութեան մասին հետաքրքրութիւնը ակներեւ էր երբ հարց տուաւ հայերու վիճակի մասին Լիբանանի մէջ։ «Դժբախատաբար, արտագաղթի պատճառով մեր թիւը բաւական նուազած է Լիբանանի մէջ». պատասխանեցի։ Ան իր բռունցքը սեղմելով ըսաւ. «Դուք քիչ էք, սակայն քա՛ջ էք»։ Անդրադարձայ թէ Քահանայապետը մեր արժէքը մեզմէ աւելի լաւ գիտէ։ Մտածեցի թէ իրաւամբ մենք քաջ ենք, իսկապէս քաջ ենք, կասկած չկայ, սակայն չեմ գիտէր մենք որքան գիտակից ենք մեր քաջ ըլլալուն։ Հպարտութիւնս կրկնապատկուեցաւ երբ ծերունազարդ Քահանայապետը խօսելով Հայ Դատի մասին ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ որ այսքան տարիներէ ի վեր տակաւին կը հետապնդէք ձեր դատը, մնալով պահանջատէր ժողովուրդ։ Ձեր իրաւունքը արդար է, հետապնդեցէք զայն»։ Խօսքը շարունակեց անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մասին եւ տխուր արտայայտութեամբ մը ըսաւ. «Այսօրուան աշխարհը տառապալի օրեր կ՛ապրի, հարցերը շատ են, եւ բոլորն ալ կը լուծուին։ Սակայն մարդ արարածը ոչ մէկ լուծումի կրնայ յանգիլ եթէ Աստուած կեդրոնը չի գրաւէ իր կեանքին։ Պէտք է թոյլ տանք որ Աստուած անգամ մը եւս յայտնուի աշխարհին»։ Ապա ան հարց տուաւ իմ անձնական վիճակիս մասին, ուսում, առաքելութիւն…, եւ որպէս հայր իր քաղցր սրտաբուխ խրատները փոխանցեց ըսելով. «Մարդոց ցոյց տուր զԱստուած, ըսէ՛ անոնց ճշմարտութիւնը։ Եղի՛ր այն ինչ որ ես եւ տուր այն ինչ որ կրնաս տալ։ Մի՛շտ կարդայ Աւետարանը, որպէսզի ճշգրիտ եւ ուղիղ որոշումներու յանգիս»։ Հանդիպումին աւարտին խնդրեցի որ աղօթէ ինծի համար, ծնողքիս եւ հարազատներուս, ազգիս ու հայրենիքիս, Եկեղեցւոյս, միաբանութեանս ու համայնքիս համար։ Ան օրհնեց զիս եւ վարդարան մը նուիրեց։

Հանդիպումը մօտաւորապէս քսան վայրկեան երկարեցաւ։ Հարցազրոյց մը չէր, այլ՝ մտերմիկ հանդիպում մը, հօր եւ զաւակի միջեւ։ Թերեւս շատ հարցականներ կային ուղղելիք, սակայն իր ներկայութիւնը շատ մը հարցականներու պատասխան եղաւ։ Փոքրիկ քայլերով յառաջացաւ, բարձրացաւ ինքնաշարժ, որպէսզի իր առօրեայ վարդարանը աղօթէր այդ հրաշալի պարտէզներուն մէջ։ Իսկ ես տեսնելով իր ինքնաշարժ բարձրանալը, փոքրիկ քայլերով եւ ժպիտով սկսայ յետքայլ ընել. կարծէք քունէ մը կ՛արթննայի հետապնդելու համար ուրիշ երազ մը։ Մեծ մխիթարութիւն ու գոհունակութիւն պատճառեց հանդիպումս Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին հետ։ Իր գրութիւններէն շատ բան կարդացած էի, սակայն իր հետ հանդիպումս բացառիկ հետք թողուց սրտիս ու մտքիս մէջ։ Պարտէզներէն հեռացայ մտովի անընդհատ կրկնելով. «Դուք քիչ էք, սակայն քաջ էք»։

 

ՍԵՊՈՒՀ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ