ԱՅԼԱԶԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

ԱՅԼԱԶԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պարգեւատրած է Հայաստանի դեսպանը

Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեանը Մարտ 16-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէն պարգեւատրուած է Պիոս Պապի Ասպետական Ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանով:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ նոյն օրը տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղա-րութեան տեղապահ արքեպիսկոպոս Ճովաննի Անճելօ Պեչուն դեսպան Մինասեանին յանձնած է Պիոս Պապի Ասպետական Ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանը:

Շքանշանի շնորհման մասին Սրբազան Քահանայապետի կոնդակին համաձայն՝ Միքայէլ Մինասեանը քահանայապետական այս դասի կոչման արժանացած է` «…իբրեւ ակնառու ապացոյց պաշտօնապէս վկայելու Ձեր հանդէպ ունեցած Մեր բարեսիրութեան» համար:

 

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յուշաքար մը կը նուիրէ Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիին

rockՆորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ Հայ կաթողիկէ տաճարին նուիրած է խորհրդանշական յուշաքար մը՝ վերցուած Հռոմի Սբ. Պետրոսի Մայր Տաճարի պատէն՝ ի նշան միության եւ հաղորդութեան: Սրբազան Պապին անունով՝ Վատիկանի Սբ. Պետրոսի Պապական աթոռանիստ տաճարի լուսարարապետ Կարդինալ Անճելօ Քոմաստրին յուշաքարը ուղարկած է Կիւմրի՝ յատուկ նամակի մը հետ:

2015 դեկտեմբերի 8 թուակիր այդ նամակին մէջ, Կարդինալ Քոմաստրին կը գրէ որ Պապին նուիրած քարը զետեղուած էր Սբ. Պետրոսի տաճարի Սբ. Դռան մէջ 2000֊ին՝ ձեռամբ Նորին Սրբութիւն Սբ. Հովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին: Քարը Սբ. Պետրոսի տաճարէն վերցուած է Ողորմութեան յոբելենական տարուան բացման առթիւ՝ 2015 դեկտեմբերի 8-ին Անարատ Յղության տօնին:

Գրուած է նաեւ որ այս քարը կը նուիրուի «որպէս նշան սերտ հաղորդութեան Սրբազան Քահանայապետին հետ, որ յաջորդն է Պետրոս առաքեալին եւ որպէս մասնակցութիւն հոգեւոր շնորհներու յոբելենական տարուան»:

Կարդինալը այնուհետեւ կը գրէ. «Լիայոյս ենք, որ Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ընթացքին ձեր սրտերը խաղաղութեամբ կը լեցուին, ինչ որ աստուածատուր շնորհ մըն է, որպէսզի կարողանաք սերմանել բոլոր այն մարդկանց սրտերուն մէջ, որոնք պիտի հանդիպին ձեզի»:

Խորհրդանշական քարը պիտի զետեղուի Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատին:  

 

Ֆրանսայի Դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

tesban-1Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էմմանուէլ Պոն 14 մարտի կէսօրին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, արհի. Գէորգ արք. Խազումեան, արհի. Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեան, Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան։

Դեսպանին՝ Լիբանանի մէջ պաշտօնակոչումէն ի վեր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անդրանիկ այցելութիւնը ըլլալով, ասիկա առաւելաբար քաղաքավարական եւ փոխադարձ ծանօթացման առիթ մը եղաւ։ Ակնարկութիւն կատարուեցաւ մասնաւորաբար Լիբանան֊-Ֆրանսա պատմական յարաբերութիւններուն։

Այնուհետեւ խօսակցութիւնը շօշափեց Լիբանանի ներքին կեանքին առնչուող ընդհանուր խնդիրներ, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ ասոնց ողբերգական հետեւանքները, մասնաւորաբար քրիստոնեաներուն ծանրակշիռ վիճակը, որ զիրենք գաղթելու ստիպողութեան առջեւ կը դնէ։ Զինեալ միջամտութիւններու միջոցաւ ստեղծուած տագնապալի վիճակին լուծումներ պարտադրելու փորձերը ապարդիւն եւ վնասակար նկատելով, շեշտուեցաւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը խաղաղութեան եւ կայունութեան վերահաստատումին համար։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց Լիբանանի խաղաղասէր եւ համերաշխ գոյակցութեան դիմագիծը, որ միշտ օրինակելի նկատուած է, եւ զայն ամէն գնով պահպանելու հրամայականը։

Փոխադարձ բարեմաղթանքներով՝ Ֆրանսայի դեսպանը հրաժեշտ առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ։

 

ՀՀ Նորանշանակ Դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

tesban-2Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպանը՝ պր. Սամուէլ Մկրտչեան, շաբաթ, 2 ապրիլ 2016, ժամը 10.30-ին, ընկերակցութեամբ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանին քաղաքավարական եւ ծանօթացման այցելութիւն մը տուաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան։ Հանդիպումին ներկայ եղան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ․ Գազանճեան, օգնական ժողովրդապետ տէր Կարապետ Թադէոսեան, նախկին երեսփոխան եւ նախարար մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ պր․ Սարգիս Նաճարեան։

Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին փոխադարձ ծանօթացումէն ետք տեղի ունեցած սրտբաց ու ջերմ զրոյցը շօշափեց առաւելաբար Լիբանանի իրավիճակը, շրջանային կացութիւնը եւ ասոր ողբերգական հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանը եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը յուզող առաւելաբար տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց հայրենաբնակ նորահաս սերունդներուն հոգեւոր ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը զօրացնելու եւ մեր ժողովուրդին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել իր դիմաց ծառացող ամէն դժուարութիւն։ Ան վստահեցուց թէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ինչպէս միշտ պատ-րաստակամ պիտի ըլլայ գործակցելու հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հետ։

Դեսպան Մկրտչեան հրաժեշտ առաւ Հոգեւոր Տիրոջմէ ցանկութիւն յայտնելով առաջին իսկ առիթով այցելելու Զմմառու Վանքը։