Հայկազեան համալսարանի կազմակերպութեամբ` երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» պարտէզի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Իմ ընտանիքիս պատմութիւնը» գիրքին, որ կը մէկտեղէ լիբանանահայ աշակերտներու հարիւր շարադրութիւններ:
Հաւաքին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական եւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, քարտուղար Վլատիմիր Պօղոսեան: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայկական վարժարաններու տնօրէններ, հայերէնի ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ուսմանց հետեւող խմբակին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Արմէն Պագգալեան: Ան ըսաւ, թէ հրատարակուած գիրքը կ՛ընդգրկէ 100 պատմութիւններ, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն, եւ եթէ չպատմուէին, ժամանակի ընթացքին կրնային կորսուիլ: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ ծրագիրի մտայղացման, գործադրման եւ իրականացման աշխատանքներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն` անոնց գործակցութեան համար եւ բոլոր այն աշակերտներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխատութեան:
Խօսք առաւ Անի Լաչինեան-Մակալեան: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ծիրին մէջ իրականացուած ծրագիրներուն մաս կը կազմէ «Իմ ընտանիքիս պատմութիւնը» հատորին շնորհահանդէսը, գիրք մը, որուն հիմնական հեղինակները աշակերտներն են: Ըստ պատմաբաններու, ըսաւ ան, ականատեսներու վկայութիւնները նոյնքան կարեւոր տեղ կը գրաւեն պատմութեան արձանագրութեան մէջ, որքան փաստաթուղթերը եւ պաշտօնական տեղեկութիւնները: Ինչ կը վերաբերի բովանդակութեան, Ա. Մակալեան նշեց որ գիրքը կը բովանդակէ հրճուանքի եւ ուրախութեան զգացումներ մեծ հօր կամ մօր գիւղը նկարագրելու ատեն, սրտաճմլիկ եւ տխուր պատմութիւններ, հպարտութեան զգացումներ, ինքնութեան դրսեւորում, յանձնառութիւն եւ երազելու ցանկութիւն:
Ապա Ա. Մակալեան իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք այսօր կը ներկայացնէք Եղեռնէն վերապրողներու 4-րդ սերունդը: Դուք քաջատեղեակ եղաք հայոց պատմութեան ամէնէն դաժան իրականութեան: Իմանալով ձեր ընտանիքին պատմութիւնը` աւելի եւս իւրացուցիք ազգային վիշտը եւ պայքարելու հրամայականը: Սքանչացաք ձեր մեծ հօր հերոսութեան եւ տպաւորուեցաք անոր քաջութեամբ, վերապրելու տենչով, աներեւակայելի դժուարութիւնները յաղթահարելու կամքով: Յիշելու կողքին յանձնառու եղաք եւ պահանջատէրի դիրքը որդեգրեցիք»: Ապա եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Դո՛ւք` աշակերտներդ, վճռակամ ու յանձնառու կեցուածքով աշխարհին փաստեցիք, որ արժանի ժառանգորդներն էք մեր ազգին, երբեք պիտի չյանձնուիք, պիտի շարունակէք մեր պայքարը, ազգային իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը, մինչեւ արդար հատուցման իրականացումը. միշտ նեցուկ կանգնելով Հայաստանի հզօրացման ու բարգաւաճման»:
Բիւրեղ Քէօշկերեան ընթերցեց Նուարդ Տեմիրճեանի պատմուածքը, որ կը կրէ «Ապրէք երեխէք, բայց մեզ պէս չապրէք» խորագիրը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, թէ շնորհահանդէսի հաւաքը հարազատ է Հայկազեան համալսարանին հա-մար, որովհետեւ շատ իմաստներով կ՛ամփոփէ համալսարանին առաքելութիւնը որ շնորհիւ պաշտօնէութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն, կ՛իրականացուի հակառակ դժուարութիւններուն:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը սերունդէ-սերունդ յաջողեցաւ իր պատմութեան խորերը գտնուող ցաւախառն իրականութիւնը պահել, որովհետեւ անցեալի ոգեղէն պատկերները եւ պատմութիւնը փոխանցեց նոր սերունդին շինարար լաւատեսութեամբ:
Իսկ իր խօսքի աւարտին վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ողջունեց ու գնահատեց հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչները, ծնողները, մեծ ծնողները, Հայկազեանի հայագիտականի խմբակը եւ աշակերտները: Ապա խօսքը ուղղելով աշակերտութեան ըսաւ. «Յիշեցէ՛ք, որ եթէ մենք կանք, կանք, որովհետեւ գիտենք պատմել: Պատմեցէ՛ք ձեր պատմութիւնը աշխարհին եւ ինքներդ ձեզ դրէք ձեր պատմութեան կեդրոնը: Պատմեցէ՛ք յոյսով, խանդավառութեամբ, եւ ցաւը պիտի վերածուի պտղատու տունկի: Թող մեր ժողովուրդը ապրի պատմելով, յոյսով, խանդավառութեամբ. մեր վերապրողներուն կորովը, յիշատակը, պատմութիւնը թող շարունակեն վառ մնալ մեր սրտերուն մէջ»:
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները «Իմ ընտանիքիս պատմութիւնը» գիրքէն օրինակներ ստացան: