ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԵՔ ՕՐԵՐԸ՝ ՅՈՅՍԻ ՈՒ ԼՈՅՍԻ ՆՈՐ ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՄԸ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԵՔ ՕՐԵՐԸ՝ ՅՈՅՍԻ ՈՒ ԼՈՅՍԻ ՆՈՐ ԱՐՇԱԼՈՅՍ ՄԸ

Ցեղասպանութիւն եւ նահատակութիւն, խաղաղութիւն եւ երկխօսութիւն, յիշողութիւն եւ յոյս, աշխարհայնացում եւ ընտանեկան հարցեր։ Ասոնք են Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Գարեգին Բ. Վեհափառին կողմէ ստորագրուած միացեալ յայտարարութեան գլխաւոր կէտերը։ Պապին՝ քրիստոնեայ առաջին երկիր այցը ամփոփող այս յայտարարութիւնը կը հանդիսանայ վկայութիւնը երեք օրերու ընթացքին ապրուած աննախընթաց արարողութիւններուն, հանդիպումներուն եւ պատգամներուն։ 2016-ի Յունիս 24, 25 եւ 26 թուականները ոչ միայն պատմական, այլեւ օրհնաբեր եւ խոստումնալից օրեր եղան Հայաստանին համար ։

 

ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ

Ուրբաթ 24 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3։00-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օդանաւը ժամանեց Զուարթնոց օդանաւակայանը, ուր ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոցը, Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ սրբազաններ եկած էին դիմաւորելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետը։ Օդանաւը իր էջքը կատարելէ ետք կանգնեցաւ ճիշդ Արարատ լեռան դիմաց, կարծես որպէսզի Քահանայապետը հազիւ դուրս եկած օդանաւի դռնէն առաջին հերթին իր առջեւ յայտնուէր Պիպլիական Արարատը։ Հայկական ընդունելութեան աւանդական արարողութենէն ետք, Պապը անմիջապէս մեկնեցաւ Էջմիածին, ուր «Հռաշափառ»ով ընդունուեցաւ Գարեգին Բ. Վեհափառին կողմէ, ինչպէս նաեւ սրբազաններու, քահանաներու, եւ հաւատացեալներու բազմութեան ներկայութեամբ։

Աղօթքի պահէն ետք, եկեղեցւոյ մէջ Վեհափառ Հայրապետը ողջոյնի խօսք արտասանեց, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը խօսք առնելով ըսաւ. «Յուզումով ոտքս դրի ձեր ժողովուրդին պատմութեան վկայի ու անոր հոգեկանութեան լուսաշող կեդրոնի այս սրբազան վայրի շեմին։ Կը խոնարհիմ Տիրոջ ողորմութեան առջեւ որ կամեցաւ Հայաստանը ըլլայ առաջին Ազգը որ 301-ին ընդունեց Քրիստոնէութիւնը որպէս կրօն։ Քրիստոսի հաւատքը Հայաստանի համար չէ եղած որպէս զգեստ մը որ կարելի է հագնիլ կամ հանել պարագաներու կամ առիթներու համաձայն, այլ ան սեփական ինքնութեան բաղկացուցիչ իրականութիւն է, գերազանց պարգեւ մը, ուրախութեամբ ընդունելի եւ ժրաջանութեամբ ու ուժով պահպանելի»։ Սրբազան քահանայապետը նաեւ ընդգծեց Կաթողիկէ ու Հայ Առաքելական եղբայրական ու անկեղծ երկխօսութեան միջոցաւ ցարդ կատարուած քայլերը ի սպաս Գոհութեան սեղանի կիսումին։ Ան անդրադարձաւ աշխարհի բաժանումներուն եւ ընդհարումներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ նիւթական աղքատութեան, երեխաներուն ու ծերերուն չարաշահումին, հաստատելով թէ այս բոլորը քրիստոնեաներէն կ՛ակնկալեն փոխադարձ գնահատման ու եղբայրական համագործակցութեան վկայութիւն, որպէսզի աշխարհին փաստուի թէ Քրիստոս կենդանի է եւ գործօն ու կարող՝ ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ միշտ հաշտութեան նորանոր ճանապարհներ բանալ։

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏ

pope-7

Երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Նախագահին, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններու եւ դիւանագէտներու հետ։ Նախագահին ողջոյնի խօսքէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ կրկնելով այն ինչ որ 2015-ի ապրիլ 12-ին ըսած էր, անգամ եւս համայն աշխարհին յիշեցուց  թէ այն ինչ որ պատահեցաւ 1915-ին «ցեղասպանութիւն» էր։ Շնորհաւորելով 25 ամեակը Հայաստանի անկախութեան, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ. «Երջանիկ պահ է ուրախանալու եւ առիթ՝ յիշելու նուաճումներն ու ձեռքբերումները եւ առաջադրելու նորանոր նպատակներ։ Այս ուրախ յոբելեանի տօնակատարութիւնները առաւել իմաստալից կ՛ըլլան բոլոր հայերուն համար՝ հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, եթէ անոնք հանդիսանան ուժերը համախմբելու եւ համակարգելու իւրայատուկ առիթ մը՝ երկրի քաղաքացիական եւ հասարակական հաւասարակշիռ ու համապարփակ զարգացում ապահովելու նպատակով»։

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

Pope Francis pays a visit to the Armenian Genocide memorial complex during the official visit to Armenia 25 June 2016

Շաբաթ 25 յունիսին, առաւօտեան ժամը 8։45-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր աղօթքի եւ մտածականի տպաւորիչ եւ յուզումնալից պահ մը ապրեցաւ։ Արարողութենէն ետք, ան աւանդական ծառ մը տնկեց յուշահամալիրի պուրակին մէջ, եւ մեկնումի պահուն հետեւեալ տողերը արձանագրեց ոսկեմատեանին մէջ. «Այստեղ կ՛աղօթեմ ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ չըլլան, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ բարութեամբ յաղթել չարութեան։ Թող Աստուած շնորհէ սիրուած հայ ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին խաղաղութիւն ու սփոփանք։ Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը։ Յիշողութիւնը պէտք չէ ոռոգուի եւ ոչ ալ մոռացումի ենթարկուի։ Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի ակնաղբիւրն է»։ Աղօթքի տուրքը մատուցանելէ ետք բիւրաւոր նահատակներուն, Պապը մեկնեցաւ օդակայան, որպէսզի ուղղուի դէպի Կիւմրի։

 

ԿԻՒՄՐԻ

Ժամը 10։35-ին պապական օդանաւը վայրէջք կատարեց Շիրակի օդանաւակայանը, ուրկից Պապը ուղղուեցաւ Վարդանանց հրապարակ, ուր մօտաւորապէս 30.000 հաւատացեալ կը սպասէին՝ զինք մօտէն տեսնելու եւ աղօթելու համար անոր հետ։ ժամը 11։00-ին մեծաշուք թափօրո֊վ սկիզբ առաւ սուրբ Պատարագը, զոր մատուցանեց Սրբազան Քահանայապետը, որուն հետ համապատարագեցին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը, հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները եւ քահանաները։ Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ հայ առաքելական սրբազաններ։ Պատարագին երգեցողութիւնը ապահովեց «Գոհար» երգչախումբը։ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ յիշեց Կիւմրիի անցեալի վատ օրերը՝ ըլլայ անաստուածութեան երկար տարիները, ըլլայ երկրաշարժի սարսափելի աղէտն ու աւերակները։ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց որ անգամ մը եւս առիթ պարգեւեց որ Կիւմրին վերականգնի թէ՛ իր հաւատքով, թէ՛ իր կառոյցներով։ Ան շեշտեց սիրոյ եւ հաւատքի առաքինութիւններուն վրայ, մէջբերելով սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ «կարապետ ու մարգարէ է ողորմութեան»։ Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հօր անոր ներկայութեան համար, շնորհակալութիւն` Ամենա-պատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին, արհիապատիւ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն, յա-տուկէն նաեւ Վրաստանէն ժամանած հաւատացեալներուն։ Պատարագի աւարտին, Մինասեան արքեպիսկոպոսը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Պապին՝ հոգեպէս այնքան թանկարժէք պահերուն համար զորս ան պարգեւեց բոլորին։

Սուրբ Պատարագէն ետք, Ֆրանչիսկոս՝ պապական Papa Mobil-ով մօտեցաւ ժողովուրդին, սեղմեց ձեռքեր եւ օրհնեց զինք շրջապատող ժողովուրդը։ Որքան տօնական, նոյնքան յուզիչ ու պատմական էր պահը։ Այնուհետեւ, ան գնաց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Տիրամայր Հայաստանի կեդրոնը ուր ճաշեց։

Faithful attend a mass celebrated by Pope Francis in Vartanants Square, in Gyumri, Armenia, Saturday, June 25, 2016. Pope Francis is in Armenia for a three-day visit. (AP Photo/Andrew Medichini)

 

ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Միեւնոյն օրը, կէսօրէն ետք ժամը 16։45-ին, ան այցելեց հայ առաքելական եկեղեցւոյ Եօթ Վէրք եկեղեցին, ապա՝ ժամը 17։15-ին հայ կաթողիկէ Նահատակաց եկեղեցին, ուրկից ուղղուեցաւ օդակայան, որպէսզի վերադառնար Երեւան, ուր երեկոյեան ժամը 19։00-ին տեղի ունեցաւ համամիութենականութեան եւ խաղաղութեան աղօթքի երեկոն։ Աղօթքին յաջորդեց Վեհափառ Հայրապետին խօսքը, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հանրապետութեան հրապարակը հաւաքուած հոծ բազմութեան։ Ան իր խօսքի առաջին բաժնին մէջ շեշտեց համամիութենականութեան վրայ, մաղթելով որ ամբող-ջական միութիւնը լրումին հասնի օր մը, նաեւ մէջբերեց սուրբ Ներսէս Շնորհա-լին, «որուն քաջութիւնը պէտք է ունենանք ձերբազատուելու համար քարացած համոզումներէն եւ սեփական շահերէն, յանուն սիրոյ եւ խոնարհութեան»։ Իսկ խօսքին երկրորդ բաժինը ան յատկացուց խաղաղութեան. «Բոլորին համար լաւ կ՛ըլլայ աջակցիլ ապագայի հիմքերը դնելու գործին, որպէսզի թոյլ չի տրուի վրէժխնդրական խաբէական ուժին ներծծուելու։ Մէկ է ապագան, ուր երբեք պէտք չէ յոգնիլ ստեղծելու համար խաղաղութեան պայմաններ, բոլորին համար արժանավայել աշխատանք, առաւել կարիքաւորներուն՝ խնամատարութիւն եւ մղելու համար անխոնջ պայքար կաշառակերութեան դէմ, որ պէտք է արմատախիլ ըլլայ։ Սիրելի երիտասարդներ, այս ապագան ձեզի կը պատկանի»։

pope-5

 

ՊԱՏԱՐԱԳ ՍԲ․ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի 26 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9։15-ին, Էջմիածնի մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ, գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Այնուհետեւ, Ժամը 10։00-ին, «Հռաշափառ»ով սկիզբ առաւ սուրբ Պատարագը զոր մատուցանեց Վեհափառ Հայրապետը Էջմիածնի բացօթեայ սուրբ սեղանին վրայ, հոն ուր 15 տարիներ առաջ, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը մատուցանած էր անմոռանալի սուրբ Պատարագը։ Պատարագին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը քարոզեց եւ Սրբազան Քահանայապետը իր ուղերձը կատարեց։ Ան անգամ մը եւս յորդորեց միութիւն. «Հանդիպեցանք, եղբայրաբար ողջագուրուեցանք, միասին աղօթեցինք, կիսեցինք ընծաները, յոյսերն ու մտահոգութիւնները, Քրիստոսի Եկեղեցւոյ՝ որու սրտի միաձայն զարկերը կը լսենք, եւ հաւատացած ենք ու զգացած ենք թէ մէկ է…։ Թող Հայ Եկեղեցին խաղաղութեամբ ընթանայ եւ մեր միջեւ խաղաղութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Բոլորին մէջ թող ծնունդ առնէ միութեան հզօր ցանկութիւնը»։ Իր խօսքի աւարտին, Պապը խնդրեց Վեհափառ Հօրմէն, որ օրհնէ զինք, օրհնէ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ օրհնէ կատարեալ միութեան առաջնորդող այս ընթացքը։ Պապին խօսքերը շշմեցուցիչ էին։

Պատարագէն ետք, ժամը 12։45-ին, համամիութենական ագապ մը տեղի ունեցաւ Էջմիածնի մէջ։ Ժամը 15։50-ին, Պապը հանդիպեցաւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն եւ բարերարներուն հետ։

Pope Francis, center, and Catholicos Karekin II arrive to visit the Apostolic Cathedral of Etchmiadzin, Yerevan, Armenia, Friday, June 24, 2016. Pope Francis is in Armenia for a three-day visit.(L'Osservatore Romano/Pool Via AP)

 

ԽՈՐ ՎԻՐԱՊԻ ՄԷՋ

Երեկոյեան ժամը 17։00-ին, աննախընթաց էր արարողութիւնը որ տեղի ունեցաւ Խոր Վիրապի մէջ։ Երկու պետերը ուղղուեցան Խոր Վիրապ, ուրկէ վերցնելով երկու լուսաւոր մոմեր, զանոնք զետեղեցին եկեղեցւոյ մէջ, ապա եկան կեցան Արարատի դիմաց, ուր զոյգ մը աղաւնիներ արձակեցին դէպի երկինք, որպէս նշան խաղաղութեան։

Ժամը 18։30-ին, Զուարթնոց օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հրաժեշտի արարողութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապը բարձրացաւ օդանաւ, որպէսզի վերադառնայ Հռոմ։

Pope Francis, right, and Catholicos Karekin II release white doves in front of Ararat's mountain after a ceremony at the Khor Virap's monastery, Armenia, Sunday, June 26, 2016. (L'Osservatore Romano/Pool photo via AP)

Այսպիսին եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 14-րդ առաքելական եւ քիչ է ըսել պատմական ճամբորդութիւնը։ Երեքօրեայ այս բոլոր արարողութիւններուն մասնակից եղան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը, հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսներն ու քահանաները։ Սրբազան Քահանայապետին երեքօրեայ այս ուխտագնացութիւնը մեծ հետք թողուց հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հայ հաւատացեալներուն սրտերուն մէջ. ան՝ իր խոնարհութեամբ, պարզութեամբ, սիրոյ ու գութի զգացումներով, կարողացաւ իւրաքանչիւրին սիրտը թափանցել։ Հայաստանն ու Հայ Ազգը երախտապարտ են Ֆրանչիսկոս Պապին իր այս առաքելական այցելութեան համար, լիայոյս որ Պապին օրհնութիւնն ու աղօթքները պիտի ըլլան յոյսի ու լոյսի նոր արշալոյս մը։

 

ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ