Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցին նախորդող օրերուն, հայրենաբնակ ժողովուրդը՝ մտքին մէջ միաժամանակ յուսալիութիւն եւ յուսախաբութիւն զգացնող հակասական հարցադրումներով կը սպասէր անոր ժամանումին։ Ինչո՞ւ Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան պիտի գայ։ Իր գալովը ի՞նչ պիտի փոխուի։ Ի՞նչ ունի բերելիք մեզի։ Հարցումներ՝ որոնց մէջ կը տեսնենք մէկ կողմէն ժողովուրդին փափաքը նորութեան, փոփոխութեան, յեղաշրջումի, իսկ միւս կողմէն` յուսախաբութիւն մը ապրելու մտահոգութիւն մը։ Գիտենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը, իր ընտրութեան առաջին օրէն իսկ, դարձաւ անակնկալներու Պապը, եւ կը սպասուէր անշուշտ որ ան անակնկալներու հաճոյքը պարգեւէ նաեւ Հայաստանին եւ Հայ ազգին։ Եւ այդպէս ալ եղաւ, որովհետեւ ինքզինք առաջին քրիստոնեայ երկրի զաւակ դաւանող ժողովուրդին համար անոր այցելութեան իւրաքանչիւր դրուագը զարմանահրաշ եղելութիւն մը եղաւ։
Սրբազան Քահանայապետը ամէն անգամ որ կը պատրաստուի առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարելու որոշ երկիր մը կամ քաղաք մը, նախքան մեկնումը Վատիկանէն, կ՛այցելէ «Santa Maria Maggiore» քահանայապետական Տաճարը եւ հոն ծաղկեփունջ մը զետեղելով Աստուածամօր առջեւ՝ անոր բարեխօսութիւնը կը խնդրէ։ Հայաստան այցելութեան նախօրեակին անշուշտ միեւնոյն աւանդական արարողութիւնը կատարեց, սակայն յատկանշական էր որ ծաղկեփունջը, զոր նուիրեց Աստուածամօր կը բաղկանար երեք գոյներէ՝ կարմիր, կապոյտ եւ ծիրանագոյն, այսինքն՝ հայկական դրօշին գոյները, որով Ֆրանչիսկոս Պապը նաե՛ւ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը նուիրած եղաւ Աստուածամօր։ Այս կ՛ապացուցէ թէ Պապը նախքան ոտք դնելը Հայաստան արդէն աղօթեց Հայաստանի համար, օրհնեց զայն՝ որպէս դիտաւորութիւն ունենալով անոր մշտատեւ զարգացումը, բարօրութիւնը եւ ծաղկումը։
Իսկ հիմա որ ան այցելեց Հայաստան, վստահ ենք որ ժողովուրդը պատասխան մը ունեցաւ իր միտքը չարչրկող հարցադրումներուն։ Արդարեւ, hայասէր Պապը կարող չէր նորութիւն չբերել հայ ժողովուրդին, ի՛նք որ ճանչցուեցաւ որպէս հիացող հայ մշակոյթին, Հայ Եկեղեցւոյ, հայկական սեղանին, եւ ընդհանրապէս Հայ Ազգին, ունենալով նաեւ հայ բարեկամներ իր քահանայական օրերէն իսկ։
Նախքան իր ժամանումը Հայաստան, Ֆրանչիսկոս տարբեր առիթներով ըսած էր թէ ինք Հայաստան կու գար որպէս ուխտաւոր, որպէս Աւետարանի ծառայ եւ պատգամաբեր խաղաղութեան։ Երեք յատկութիւններ որոնք կը նախանշէին թէ անոր այցը քաղաքական բնոյթ պիտի չունենար, այլ՝ միմիայն հոգեւոր։ Եւ այդպէս ալ եղաւ, ինչ որ չէր կրնար արգիլել անշուշտ ոմանց քաղաքական տեսանկիւնէն դիտել այս պատմական այցելութիւնը առաջին քրիստոնեայ երկիր։ Ամենայն դէպս, Քահանայապետին այցը կրնայ յատկանշուիլ երեք կէտերով, որոնք միանգամայն յատուկ տեղ գրաւեցին իր բոլոր պատգամներուն եւ արարքներուն մէջ։
Ա – Առաջին հերթին Սրբազան Քահանայապետը մաղթեց որ խաղաղութիւնը իր լրումին հասնի ամենուրեք։ Որպէս խաղաղութեան առաքեալ, ան աղօթք բարձրացուց Աստուծոյ խնդրելով խաղաղութիւն համայն աշխարհին, եւ յատուկէն Հայաստան աշխարհին։ Տպաւորիչ էր Խոր Վիրապի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնը, ուր Ֆրանչիսկոս Պապը, Վեհափառ Հօր հետ միասին երկու աղաւնիներ թռցուցին դէպի Արարատ լեռ, որպէս նշան խաղաղութեան։ Առաւել եւս, Սրբազան Քահանայապետը՝ իր ներկայութեամբ եւ իր բարի օրինակով որպէս հովիւ, հոգեկան խաղաղութիւն եւ հոգեւոր գոհունակութիւն ու մխիթարութիւն ներշնչեց համայն հաւատացեալներուն։ Ինչպէս միշտ, ան տարբեր առիթներով մօտեցաւ մանուկին, հիւանդին, հաշմանդամին, տկարին, կարիքաւորին, ծերին եւ համբոյրով ու ողջոյնով ամոքեց անոնց ցաւերը։ Իր պատգամներուն մէջ յաճախ անդրադարձաւ սիրոյ եւ ողորմութեան առաքինութիւններուն մասին, խնդրելով համայն աշխարհէն ըլլալ ողորմած նման մեր Երկնաւոր Հօր։
Բ – Երկրորդ յատկութիւնը այս առաքելական ճամբորդութեան եղաւ Պապին պահանջքը արդարութեան եւ հաշտութեան։ Այն ինչ որ 12 ապրիլ 2015-ին սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին յայտարարեց, Սրբազան Քահանայապետը չվարանեցաւ կրկնելու Հայաստանի մէջ՝ արտասանելով «ցեղասպանութիւն» բառը։ Ծիծեռնակաբերդ իր այցելութեան ընթացքին հետեւեալ երկտողը արձանագրեց ոսկեմատեանին մէջ. «Այստեղ կ՛աղօթեմ ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ չըլլան, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ բարութեամբ յաղթել չարութեան։ Թող Աստուած շնորհէ սիրուած հայ ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին խաղաղութիւն ու սփոփանք»։ Եւ երբ հարց տուին իրեն թէ ինչո՞ւ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործեց, ան պատասխանեց ըսելով. «Ես չեմ գիտեր տարբեր ձեւով որակել հայերու սպանդը եթէ ոչ «ցեղասպանութիւն» բառով»։ Կիւմրիի մէջ մատուցած սուրբ Պատարագին ընթացքին, իր քարոզին մէջ շեշտեց «յիշողութեան» առաքինութիւնը, որպէսզի արդարութիւնը իրագործուի պարտական ենք յիշելու պատմութիւնը, յիշելու ցաւը զոր կրեցին մեր նախահայրերը, եւ յիշելով պահանջենք արդար իրաւունքը հայ ազգին։ Սակայն պէտք է նշել նաեւ թէ Սրբազան Պապը հրաւիրեց հայ ազգը հաշտութեան, այն ինչ որ ՀՀ Նախագահը նախօրօք իր խօսքին մէջ ըսած էր. «Եկէք գանք համաձայնութեան, ներենք զիրար եւ նայինք ապագային»։ Յիսուսեան վարդապետ Ժորժ Հէնրի Րայսըն՝ հայագէտը, կ՛ըսէ թէ խաղաղութիւնը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ չի կրնար կայանալ եթէ վերջինս չի հաշտուի իր յիշողութեան հետ։ Օգտագործելով «ցեղասպանութիւն» բառը՝ Սրբազան Քահանայապետին նպատակը Թուրքիան դատապարտել չէր, այլ՝ հաստատել պատմական այս ճշմարտութիւնը, որ կրնայ ազատագրել Թուրքիան իր յոռի գիտակցութենէն։ Ֆրանչիսկոս Պապը հայ ժողովուրդը նմանցուց Նոյին, որ ջրհեղեղէն ետք չյուսահատեցաւ աղաւնի ուղարկելէ դէպի երկինք, յուսալով որ օր մը այդ աղաւնին պիտի վերադառնայ՝ իր կտուցին մէջ ձիթենեաց ճիւղը։ Նաեւ հայ ազգն ալ յոյսով է որ օր մը իր դատը պիտի գտնէ արդար վճիռը։
Գ – Երրորդ՝ Սրբազան Քահանայապետին ցանկութիւնն էր համամիութենականութեան ամրապնդումը։ Նախքան իր ժամանումը Հայաստան, արդէն պատգամով մը ան յայտնած էր իր փափաքը եղբայրական սիրով ողջագուրելու Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը։ Իր ժամանումին առաջին վայրկեանէն իսկ, ան ապացուցեց իր անկեղծ ու ջերմ փափաքը միութեան։ Էջմիածնի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, Պապը սրտանց մաղթեց որ օր մը կատարեալ միութիւնը իրականանայ երկու Եկեղեցիներուն միջեւ, եւ այս տրամադրութեամբ ալ ամենայն խոնարհութեամբ ու համեստ հոգիով խնդրեց Վեհափառ Հօրմէն որ օրհնէ զինք եւ օրհնէ իր Եկեղեցին։ Միացեալ յայտարարութեան մէջ, անոնք իրենց մտքերն ու սրտերը ընծայեցին որպէս շնորհակալութեան տուրք Աստուծոյ, վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը շարունակելու եւ մեծցնելու հաւատքի ու սիրոյ սերտ կապերը երկու Եկեղեցիներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ համագործակցելու եղբայրական ոգիով՝ ի խնդիր զօրակցութեան հաւատացեալին եւ արդար ու խաղաղ աշխարհի մը կերտումին։ Նաեւ նշեցին թէ այն ինչ որ զիրենք կը միացնէ աւելի է քան այն ինչ որ զիրենք իրարմէ կը հեռացնէ ու կը բաժնէ։ Եւ վերջապէս, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած համամիութենական աղօթքը բացառիկ էր այն աստիճան որ Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու գրասենեակի տնօրէն՝ հայր Ֆրէտէրիքօ Լոմպարտին ըսաւ թէ այսպիսի երեւոյթի մը չեն հանդիպած. կրօնական արարողութիւն, աղօթքի հաւաք հանրային վայր մը ուր եկեղեցւոյ ու ազգին բոլոր ներկայացուցիչները ներկայ էին։ Բոլոր ուղերձները քաջալերանք էին երկխօսութեան, հասնելու համար սուրբ Հաղորդութեան միութեան։
Ահա թէ ինչո՛ւ համար Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան եկաւ։ Բայց կը կարծեմ թէ հարցադրումներուն պատասխանը այսքանով չի վերջանար, որովհետեւ պէտք է պատասխանել նաեւ այն հարցումին թէ Հայաստանը ինչո՞ւ հրաւիրեց Ֆրանչիսկոս Պապը։ Այս հարցումին պատասխանը ստացայ երեւելի անձնաւորութենէ մը, որուն հանդիպեցայ նախքան Պապին ժամանումը Հայաստան, ուր կը գտնուէի եւ որ Պապին այցելութեան մասին մեր զրոյցը փակեց ըսելով. «Ան այլեւս միայն Հռոմի պապը չէ, այլ նաեւ մե՛ր Պապը»։ Ասիկա՝ դեր եւս 12 ապրիլ 2015-էն ի վեր։
Ս. Կ.