Massis Magazine

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԳՐԱՒԱԿԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Կարելի չէ մեղադրել այն մարդիկը որոնք կը մտածեն թէ իրապէս խենդ ըլլալու է կամ խելագարուած ամբոխ՝ կռիւի ելլելու համար թիւով բազմապատիկ աւելի եւ ռազմական միջոցներով անհամեմատօրէն աւելի հզօր ուժի մը դէմ։ Բայց պատմութիւնը ցոյց տուաւ որ այդ անձնուրաց մարդոց գործած “խենդութիւնը” շատ աւելի արդիւնաւէտ ու փրկարար եղած է քան ամէնէն հնարամիտ դիւանագիտութիւնը։ Վկայ՝ Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի առաջնորդած 66 հազար քաջամարտիկներուն սխրագործութեան արդիւնքը։ Անոնք՝ իրենց գիտակից մահուամբ Ազգին պարգեւեցին այն հայանպաստ ելքն ու ճարը, զորս հայ արքաներն ու իշխանները, մարզպաններն ու զօրավարները, նոյնիսկ եկեղեցականները ի զուր կ’որոնէին 387-էն սկսեալ երբ Հայաստան բաժնուեցաւ, հայ ժողովուրդը պառակտուեցաւ, ջնջուեցաւ հայոց թագաւորութիւնը եւ մինչեւ իսկ Վաղարշապատի կաթողիկոսական աթոռին բազմեցան ասորի կաթողիկոսներ։

Առանց պատմաբան ըլլալու, հայոց պատմութեան էջերը թերթատողները նկատած պիտի ըլլան որ կորսնցուցած էինք գրեթէ ամէն բան եւ առ յաւէտ պիտի կորսնցնէինք մեր հաւատքն ու ինքնութիւնն ալ, եթէ չգտնուէին Վարդաններուն նման դիւցազուններ, որոնց նմանները այնուհետեւ ալ իրենց խիզախ կեցուածքով եւ գերագոյն զոհողութեամբ ծառացան Հայութեան ինքնութեան, ազատ եւ անկախ լինելութեան սպառնացող բռնակալներուն դէմ, դիմեցին Հայութեան գոյերթը երաշխաւորող անխուսափելի ընտրանքին, որ ուղղակի ճակատումն էր։

Անոնց թիկունքին կանգնեցաւ ուխտապահ ողջ Հայութիւնը։

Եւ պատահեցաւ Հրաշքը։ Մահը յաղթանակի՛ վերածող հրաշքը։

Կռիւի դաշտին վրայ ինկան անոնք քառապատիկ վնաս պատճառելէ ետք թշնամիին։

Մեռան անոնք, բայց յաղթեցի՛ն ու չկորա՛ն, եւ 15 դար ետք, հայ բանաստեղծին բերնով ըսին ողջ աշխարհին.-

«Մենք չընկանք, մենք միշտ կանգ,

Մենք չյանգանք, դեռ կը գանք»։

Այդ հրաշք յաղթանակին փաստն է այսօր 10 միլիոն Հայութիւնը, Աւարայրի Դիւցազնամարտը՝ 15 դար ետք տօնակատարող ողջ Հայութիւնը՝ իր հարուստ մշակոյթով, համաշխարհային արժէքներով, իր Լուսաւորչեան Հաւատքով եւ այդ Հաւատքին խորհրդանիշերով, իր ազատ ու անկախ պետականութեամբ ու ՄԱԿ-ի ճակատին ծփացող եռագոյնով։

ԱՒԱՐԱՅՐԸ ԱԶԴԱՆՇԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒՆ

Աւարայրի սրբազան խենդերը՝ իրենց նահատակութեամբ ազդանշանը տուին յետագայ ազատագրական մարտերուն՝ որոնք մղուեցան յատկապէս Վարդանի եղբօր՝ Հմայեակի զաւակներէն Վահան Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ։ Անոնք Հայութիւնը ազատեցին իր վրայ բանեցուած ուղղակի եւ անուղղակի բռնամիջոցներէն, ճնշումներէն ու հալածանքներէն, որոնք կը միտէին հաւատուրացութեան եւ ազգուրացութեան մղել եւ ձուլել զայն։ Անոնք՝ յաղթական հանգրուանի հասցուցին Անգղի մէջ սկսուած եւ Աւարայրի ճակատամարտով նուիրագործուած ազատագրական պայքարը։ Աւարայրի ճակատամարտէն 33 տարիներ ետք, Նուարսակի դաշինքը եղաւ այդ յաղթարշաւին պսակումը, Աւարայրով զօրացած հայկական դիւանագիտութեան յաղթանակը։

Ինչպէս կը վկայէ Աւարայրի ճակատամարտին անզուգական պատմիչը՝ Եղիշէ, «կարեւորը այն է որ Հայ ժողովուրդը, այդ օր, դիմագրաւած թշնամիին եւ գալիք բոլոր թշնամիներուն ցոյց տուաւ կռուելու եւ գլուխ չխոնարհեցնելու իր աննկուն կամքը, հասկցուց որ իր ազգային ինքնութիւնն ու հաւատքը չի զիջիր երբեք եւ որեւէ գնով»։

Հայ ժողովուրդը այս ճշմարտութեան ապացոյցը տուաւ յաջորդող դարերուն բազմաթիւ անգամներ, Սարդարապատի եւ վերջին երեք տասնամեակին՝ Արցախի մէջ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԳԻՏՆԱԼԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԷ

Կրնա՞յ գտնուիլ Վարդանանց պատմութիւնը չգիտցող հայորդի մը, եթէ նոյնիսկ ան Հայ դպրոց յաճախելու բախտը չէ ունեցած։ Կը բաւէ որ ան հայաբոյր ընտանեկան յարկի մը մէջ մեծցած ըլլայ, իր տատիկէն ու պապիկէն «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես» արտասանութիւնը սորված ըլլայ, այնուհետեւ յաճախած ըլլայ Հայկական Եկեղեցի, Ակումբ, կը բաւէ որ գոնէ տարին անգամ մը ներկայ գտնուած ըլլայ Վարդանանց տօնակատարութիւններէն մէկուն կամ միւսին, որպէսզի սորվի Աւարայրի ճակատամարտին պատմութիւնը։ Իսկ չեմ ուզեր նոյնիսկ կասկածիլ որ հայկական վարժարանի աշակերտը տիրապետած ըլլայ ոչ միայն Վարդանանց, այլ մեր ժողովուրդին մղած բոլոր գոյամարտերու պատմութեան։

Բայց, ի՞նչ օգուտ ունի պատմութիւնը գիտնալը եթէ չենք կրցած իւրացնել Աւարայրի ճակատամարտի թուականէն, պատմական դէպքի հերոսներու անուններէն ու նկարագրականէն աւելին։ Այսինքն, եթէ չենք հաղորդուած անոր խորհուրդով, չենք ընկալած անոր անժամանցելի պատգամները, պէտք եղած դասերը չենք քաղած անկէ, ան չէ եղած մեր կեանքի ուղեցոյցը, եթէ չենք ներշնչուած պատմութեան հերոսներու ոգիով։

Օտարներ ալ կրնան կարդացած ըլլալ այդ պատմութիւնը եւ գիտնալ այդ բոլորը։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր եւ օտարին տարբերութիւնը, եթէ ազգովին չենք սորված Աւարայրի ճակատամարտին նշանակութիւնը Հայ Ազգին համար, եթէ սովորամոլութեամբ կը նշենք Սրբոց Վարդանանց տօնը, եւ թութակաբար կ’արտասանենք «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…»։ Եթէ չենք առաջնորդուիր Աւարայրի հերոսներու ժառանգորդները ըլլալու կոչումէն բխած յանձնառութիւններուն գիտակցութեամբ։ Յանձնառութիւն՝ ԿՐՕՆՔԻՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ հաւատարմութեան։ Յանձնառութիւն՝ չցամքեցնելու Աւարայրէն հինգ տասնամեակներ առաջ հանճարեղ Մաշտոցին վառած անմահութեան կանթեղին ձէթը՝ շաղախուած Աւարայրի նահատակներուն արեամբ։

ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ՝ ՄԻԱ՛ՅՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Վարդանանց հերոսամարտի ոգեկոչումներուն ընդմէջէն մեր ակնկալիքներուն կենսագործումը, սակայն, կախեալ է հզօր առաւելութենէ մը, որ հայ ժողովուրդի նուաճումներուն ու յաղթանակներուն գրաւականը եղած է եւ որուն կորուստը ցաւալի հետեւանքներ ունեցած է Հայութեան համար առաջին դարերէն սկսեալ մինչեւ այսօր։

Այդ առաւելութիւնը ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է, Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահերուն եւ ընտրանքներուն ժամանակ միասնական ու միակամ կեցուածքն է։

Այդ առաւելութեան մէջ կը կայանայ մեր անպարտելիութեան գաղտնիքը, մեր ինքնութեան ու գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգները դիմակալելու մեր ուժը։

Պատմութեան դասերը կը պարտաւորեցնեն մեզի կառչիլ այդ առաւելութեան, զօրացնել զայն, լսե՛լ Հայոց պատմութենէն թելադրուած մշտահունչ պատգամը բանաստեղծին.- «Ո՛վ Հայ ժողովուրդ, քու փրկութիւնդ քու միասնականութեանդ մէջն է»։ Միասնականութիւն մը որ կը ծնի համայն Հայութեան հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ բոլոր բաղկացուցիչներու ներկայացուցիչներուն համախորհուրդ աշխատանքէն։ Անոնց անշահախնդիր համագործակցութենէն։

Մեր աշխարհասփիւռ ու հայրենաբնակ ժողովուրդը աւելի քան երբեք այսօր պէտք ունի այդ միասնականութեան առաւելութեան՝ իր հիմնախնդիրներու հետապնդումին մէջ, իր ինքնութեան եւ ինքնուրոյնութեան, իր ազատ եւ անկախ կամքին ու խղճին սպառնացող բազմաբնոյթ վտանգները դիմագրաւելու համար։

Իբրեւ համայն Հայութեան Հայրենիքը, այդ միասնականութեան շաղախը դառնալու կոչուած է հայկական պետութիւնը, իր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը զօրացնող համաժողովրդային զօրակոչերով, դէպի բոլոր հայկական գաղութները նետուած երկկողմ կամուրջներով, այնպէս ինչպէս եղան Վարդանանք, Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահուն ոտքի հանելով եւ համախմբելով տասը միլիոնը։

ԶՈՀՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՄԱՅՐԸ
Պատերազմը իր աւարտին հասաւ։

Ողջ զինուորները վերադարձան իրենց տուները, իսկ զոհուածներուն մայրերը պետութեան կողմէ կանչուեցան մխիթարուելու ու պատուուելու համար։

Զօրավարը հարցուց զոհուած զինուորին մօր. «Զաւակդ հերոս կը նկատե՞ս»։

Մայրը պատասխանեց. «Այո՛»։

Զօրավարը հարցուց. «Ինչո՞ւ»։

Մայրը ըսաւ. «Որովհետեւ ազատագրեց երկիրը»։

Պահ մը լուռ մնալէ ետք, շարունակեց ըսելով. «Ինչո՞ւ զաւակիս մահէն առաջ չհարցուցիր ինծի եթէ զաւակս հերոս կը նկատեմ, ինչո՞ւ չհարցուցիր ինծի եթէ համաձայն եմ որ պատերազմը տեղի ունենայ, ինչո՞ւ չհարցուցիր ինծի եթէ համաձայն եմ որ զաւակս պատերազմին մասնակցի, ինչո՞ւ չպատուեցիր զիս զաւակիս մահէն առաջ, արդեօք այն ատեն պատիւի արժանի մայր չէի՞։ Զաւակիս մահէն առաջ արժէք ունէի՞ քեզի համար, գիտակից էի՞ր իմ գոյութեանս։ Հաւատա՛ որ կը նախընտրէի ողջ զաւակի անյայտ մայր մը ըլլալ, քան մեռած զաւակի պատուըուած մայրը։

Օրեր ետք, երբ զաւակին մարմինը գտան պատերազմի դաշտին մէջ, դագաղին մէջ ամփոփելով բերին զայն յանձնելու համար հողին։ Զինուորական գունդը պարտաւոր էր շքեղ թաղում մը կազմակերպել յարգանք ցուցաբերելու համար անոր տարած զոհողութիւններուն. իրենց ուսերուն վրայ շալկեցին անոր դագաղը, ու դանդաղ քայլերով, շեփորախումբի սրտայոյզ եղանակներով, ուղղուեցան դէպի գերեզման։ Անոր մայրը յառաջ երթալով կանգ առաւ իր զաւակին մարմինը շալկող շքախումբին դիմաց, եւ իր ուժաթափ մարմինով արգելակեց անոր ընթացքը ու ըսաւ. «Ես պիտի շալկեմ զաւակս»։ Զօրավարը պատասխանեց. «Կիներու գործը չէ դագաղ շալկել, այլ՝ տղամարդոց»։ Մայրը պատասխանեց. «Հապա ի՞նչ ըլլալու է զոհուած զինուորի մը մօր առաքելութիւնը այսուհետեւ. սպասե՞լ զաւակին դարձը, լա՞լ, աղօթե՞լ, ցաւի՞լ։ Ե՛ս եմ որ զինքը ինն ամիսներ շարունակ արգանդիս մէջ շալկեցի, ես եմ որ զինք տարիներ շարունակ գիրկս առի, սրտիս ու մտքիս մէջ շալկեցի, ես եմ որ ձեռքերուս մէջ կ՛ամփոփէի զինք երբ նեղանար, ցաւէր, տառապէր, լար, վիրաւորուէր։ Եւ հիմա եկած ես ինծի ըսելու թէ զաւակ շալկելը իմ գործս չէ՞»։ Եւ յառաջ երթալով շալկեց իր զաւակին դագաղը ։

Զօրավարը՝ գերեզմանին առջեւ կանգնած, իր կողքին գտնուող զինուորին ըսաւ. «Որքան հետաքրքրութիւնն ունիմ հիմա ծանօթանալու այս նահատակին»։ Զինուորը պատասխանեց ըսելով. «Ուշ է այլեւս։ Երանի փափաքն ունենայիր ճանչնալու զինք ողջ եղած ատենը։ Արդեօք պէտք է մեռնի՞նք որպէսզի ծանօթանաք մեզի։ Մահը չէ որ կը մղէ մեզ ճանչնալու ուրիշը, այլ՝ կեանքը, սէրը»։

Երբ հողին յանձնեցին նահատակը, անոր մայրը պահ մը զգաց թէ իր զաւակին մարմինը պատսպարող հողը նոյնացաւ իր արգանդին հետ. միեւնոյն հերոսը որ իր արգանդին մէջ կազմուեցաւ որպէսզի ծնէր այս աշխարհին մէջ, նոյնպէս այդ հողին մէջ պիտի կազմուէր որպէսզի ծնէր Արքայութեան մէջ։ Իր արգանդն ու այդ հողը եղան մէկ։ Ինչպէ՞ս կարելի էր այլեւս հեռացնել մայրը իր զաւակին գերեզմանէն։ Ան ամէն օր շարունակ կ՛այցելէր զաւակին գերեզմանը։ Շատեր ըսին. «Խենթացաւ այս կինը»։ Ո՛չ ոք կրնար զգալ անոր ցաւը։ Կարելի՞ բան էր մայր մը բաժնել իր արգանդէն, որ կեանքի աղբիւրն է, որ իրեն տուաւ ամենագեղեցիկն ու թանկագինը։

Ամիսներ ետք, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը պարգեւատրեցին նահատակ զինուորին մայրը։ Անոր սուգի սեւ զգեստներուն վրայ գունաւոր շքանշաններ կախեցին, կարծելով թէ այդպէսով պիտի յաջողէին գունաւորել անոր կեանքը։ Հանդիսութեան աւարտին, զօրավարը մօտեցաւ եւ հարցուց պարգեւատրուած մօր. «Հիմա ի՞նչ պիտի ընես»։ Ան ըսաւ. «Աղջիկս յղի է, պիտի սպասեմ անոր ծննդաբերութիւնը»։ Կեանքը պիտի շարունակուէր։ Այդ մայրը պիտի շարունակէր ապրիլ, եթէ ոչ ինքնիրեն համար, գէթ իր թոռնիկին համար, որ պիտի ծնէր։ Ոչ ոք կրցաւ զինք համոզել թէ նահատակութեամբ իր զաւակը հերոս դարձած է, որովհետեւ ինք վաղուց գիտէր թէ իր զաւակը հերոս էր. ան հերոս էր առաջին վայրկեանէն որ սկսաւ կազմուիլ իր մօր արգանդին մէջ։

Արդեօք խաղաղութեան ու ազատագրման գինը պատերա՞զմը պէտք է ըլլայ, մա՞հը։ Բաւ է մօր մը ցաւը զգալ, որպէսզի դադրին այլեւս պատերազմները, մարդասպանութիւնները, բայց ո՞վ ականջ ունի լսելու։ Ափսո՛ս։ Զոհուած զինուորի մը մայրը պարգեւատրումով չարժեւորուիր. ան կը նախընտրէ իր զաւակին մայրը մնալ, քան դառնալ խորհրդանիշ մայրութեան։

Սերունդներ կը դաստիարակուին այն համոզումով թէ պատերազմը արդարացի եւ իրաւասու եղելութիւն է։ Զարմանք կը պատճառեն, երբ հարց կու տան թէ արդեօք պատերազմի մէջ մարդ սպաննելը սխա՞լ է, մե՞ղք է։ Եւ կարծէք թէ պատերազմը բարիք մըն է, որ լիազօրութիւնը կու տայ մարդասպանութեան։

Հ. ՍԵՊՈՒՀ Վրդ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԴԵՌ ԵՒՍ ՅՈՒՍԱԼՈՒ
ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ․ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Գաղտնիք չէ որ կեանքը վիշտով ու տառապանքով շաղախուած է: Ասիկա հետեւանքն է մարդուն երանական Եդեմէն վար իյնալուն՝ «որովհետեւ դուն այն ծառէն կերար, որուն մասին քեզի պատուիրեցի «անկէ մի՛ ուտեր», գետինը քու պատճառովդ անիծեալ ըլլայ: Կեանքիդ բոլոր օրերը ցաւով պիտի ուտես անկէ. փուշ ու տատասկ պիտի բուսցնէ քեզի…» (Ծնն. 3:17-18): Հետեւաբար, կրնանք ըսել թէ անխուսափելի իրականութիւն մըն է, թէ կեանքը լեցուն է «փուշով եւ տատասկով»:

Լիբանան ներկայիս կ’ապրի տնտեսական եւ ապահովական աննախընթաց ճգնաժամեր՝ փուշեր եւ տատասկներ: Դեղորայքի բացակայութիւն, վառելանիւթի չգոյութիւն, աննախընթաց սղաճ, գործազուրկներու մտահոգիչ տոկոս, ուտեստեղէնի աստիճանաբար նուազում եւ ցանկը կ’երկարի:

Վախ, յուսահատութիւն եւ հոգեկան ճնշումներ կու գան ժողովուրդին արդէն իսկ սաստիկ տագնապալի իրավիճակը առաւել վատթարացնելու: Ժողովուրդին «Ի՞նչ պիտի ընենք», «ո՞ւր պիտի երթանք» եւ «որո՞ւ պիտի դիմենք» հարցումները անպատասխան կը մնան: Պատասխան գտնել կամ նոյնիսկ փորձել պատասխանել նման հարցադրումներու, ապարդիւն ջանք մը կը թուի:

Ինչպէս կը տեսնուի, պետական կառոյցներու եւ պատասխանատուներու ապիկարութիւնը, անտարբերութիւնը, անպատրաստակամութիւնը, ինչպէս կ’ուզէք կոչեցէք, ժողովուրդին թշուառութիւններուն ու զրկանքներուն լուծումներ գտնելու, բոլորովին շփոթահար կը դարձնէ մարդիկը: «Տակաւին որքա՞ն կրնանք դիմանալ», «ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր զաւակներուն ապագան» հարցումները կու գան միանալու վերոյիշեալ միւս հարցումներուն:

Յիսուս իր հետեւորդներուն կը թելադրէ, որ իրենց տուները շինեն ժայռի վրայ (Մատթէոս 7:24-25), այսինքն ապրիլ իր պատուիրաններու հնազանդութեամբ: Այն ժամանակ «երբ անձրեւներ տեղան, գետեր յորդին, հողմերը փչեն եւ հարուածեն տունը» ան պիտի չփլի: Այս աստուածային պատուիրանը ցոյց կու տայ կարեւորութիւնը քրիստոնէական դաստիարակութեան, որպէս նախապատրաստութիւն ընդդէմ կեանքի դժուարութիւններուն եւ որպէսզի այդ դժուարութիւնները որեւէ ժխտական ազդեցութիւն չունենան հաւատացեալին վրայ: Իսկ առարկայական նայուածքէն մեր շրջապատին՝ ի յայտ կու գայ, թէ որպէս հաւատացեալներ թերի գտնուած ենք մեր տուները «ժայռի» վրայ շինելու մէջ: Այդ պատճառով յոյսի նշոյլ իսկ տեսնելու կարելիութիւնը չունինք: Կարծէք Աստուած գոյութիւն չունի եւ հետաքրքրուած չէ իր զաւակներով: Արդեօք եկեղեցւոյ, իր զանազան հաստատութիւններով, եւ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու երկարած օժանդակութեան ձեռքերը աստուածային ողորմութեան նշաններ չե՞ն: Չարը մոլեգին ալիքներ կը բարձրացնէ մեզ խեղդելու, սակայն Յիսուս այդ ալիքներու վրայէն կը քալէ: Եթէ մեր աչքերը կեդրոնացած պահենք Անոր վրայ, պիտի կարենանք Պետրոսի նման այս աշխարհի կատաղի ալիքներու վրայէն քալել: Այլապէս ամեհի ալիքները մեզ պիտի խեղդեն, ինչպէս նկատելի է շատերու մօտ: Այո՛, կրնանք թերացած ըլլալ մեր տուները ժայռի վրայ շինելու, սակայն Աստուծոյ ողորմութեան դռները միշտ բաց են, երբեք ուշ չէ վերադառնալու Անոր ապաշխարութեամբ եւ աղօթքով, խնդրելով իրմէ, նման Եգիպտոսի մէջ գերեվարուած եբրայեցիներու, որ մեզի ազատարար մը ուղարկէ եւ կամ այս տագնապի օրերը վերացնէ մեր վրայէն: Դառնանք Աստուծոյ իրմէ սէր առնելով եւ բաշխենք զայն մեր շրջապատին, որ այնքան կը տառապի սիրոյ պակասէն: Աղօթենք յատկապէս քաղաքական իշխանութեան վրայ գտնուողներուն համար, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին տեսնեն մարդկութեան հանդէպ իրենց գործած ոճիրները: Ամէն օր անոնց գլխուն անէծքներ կը թափին, եւ անէծքը առաւել եւս զիրենք մեղքի մէջ կը մխրճէ: Իրենց մեղքի մէջ մնալը, մեր տառապանքի պատճառն է: Աղօթքն ու օրհնութիւնը զիրենք դուրս կը բերեն իրենց մեղքերուն տիղմէն: Ս. Պետրոս կը գրէ՝ « Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է, որ պապանձեցնէք անմիտ մարդոց անգիտութիւնը, բարիք գործելով. ըլլալով ազատ, բայց գործածելով ձեր ազատութիւնը ոչ որպէս չարամտութեան ծածկոց, հապա իբր Աստուծոյ ծառաներ» ( Ա. Պետ. 2:15-16):

Ներկան աւելի քան երբեք դէպի Աստուծոյ դառնալու ժամանակն է: Բոլոր փորձերը մեր կեանքերը առանց Աստուծոյ կառավարելու, մահացու հետեւանքներ ունեցան: Միայն Աստուծոյ մօտ կայ փրկութիւն, խաղաղութիւն եւ հանգիստ: Եւ Աստուած, որ իր Միածինը տուաւ մեր փրկութեան համար, անոր հետ պիտի տայ Ս. Հոգին, որ մեր մօտ մնայ եւ մեզ զօրացնէ:

Այո՛, իրաւունք ունինք յուսալու, որովհետեւ Աստուած մեր Հայրն է, որուն օգնութեան կարօտն ունինք աւելի քան երբեք այսօր։

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԿՈՉԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ՝ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ «ՈՉ ԹԷ ԽՕՍՔԵՐՈՎ, ԱՅԼ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԳՈՐԾԵՐՈՎ»
Չորեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2021ին, Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած Չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին տարեդարձը, յիշելով նաեւ այդ պայթումին զոհերը ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան մինակ չի թողելու Լիբանանը, հուսկ Լիբանանցիները խրախուսեց որպէսզի դարձեալ ըլլան խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամ։

► Շատեր կորսնցուցին ապրելու պատրանքը

«Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն մէկ տարի ետք, որ պատճառեց մահ ու կործանում, միտքս կ’երթայ այդ սիրելի երկրին, մասնաւորապէս զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն, բազմաթիւ վիրաւորներուն ու անոնց որոնք կորսնցուցին տուն ու աշխատանք։ Եւ շատեր կորսնցուցին նաեւ ապրելու պատրանքը։

Անցեալ մէկ Յուլիսին Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան Օրուան առթիւ, Քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ միասին, ընկալեցինք յոգնած ու հիասթափ Լիբանանի ժողովուրդին ձգտումներն ու սպասումները, ու Աստուծմէ հայցեցինք յոյսին լոյսը` յաղթահարելու համար ծանր տագնապը։

► Կոչ միջազգային հասարակութեան

Այսօր կոչ կ’ուղղեմ միջազգային հասարակութեան, խնդրելով որ շօշափելի արարքներով օգնէ Լիբանանին` իրագործելու համար «յարութեան» ուղեւորութիւնը։ Ոչ միայն խօսքերով. Շօշափելի արարքներով։ Այս ուղղութեամբ կը մաղթեմ որ ընթացքի մէջ եղող համաժողովը, որ խթանուած է Ֆրանսայի եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ, արդիւնաւէտ ըլլայ։

Սիրելի լիբանանցիներ` ձեր մօտ գալու ու ձեզ այցելելու փափաքս մեծ է եւ չեմ յոգնիր ձեզի համար աղօթելէ, որպէսզի Լիբանանը դարձեալ ըլլայ եղբայրութեան պատգամ, եւ համայն Միջին Արեւելքին համար խաղաղութեան պատգամ մը»։

► Սուրբ Աթոռը Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային համաժողովին.- Օգնենք որ ան աւելիով անդնդասոյզ չըլլայ

Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար Գերապայծառ Միրոսլավ Վաչովսքի լսատեսողական պատգամով մը իր մասնակցութիւնը բերաւ Չորեքշաբթի Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մէկ տարի ետք Լիբանանի օժանդակութիւններ յատկացնելու եւ օգնութիւններ տրամադրելու նուիրուած հանդիպումին, ընդգծելով հարկաւորութիւնը Լիբանանցիներուն տալու հնարաւորութիւն` դառնալու իրենց ապագային դերակատարները։

► Թոյլ չտալ որ երկիրը անդնդասոյզ ըլլայ

Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ գերապայծառ Վաչովսքի կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ մէկ Յուլիսին Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան առթիւ ուղղած կոչը․ «թոյլ չտալ որ երկիրը անդնդասոյզ ըլլայ, այլ զարկ տայ վերականգնումի ուղեւորութեան»։

«Սուրբ Աթոռին առաջնային մաղթանքն է, որ այս հաւաքը տնտեսական օժանդակութիւն մատուցելով Երկրին, խթանէ նաեւ պայմանները, որպէսզի Լիբանանը աւելիով անդնդասոյզ չըլլայ այլ սկսի վերականգնումի ու վերելքի նոր ճանապարհ մը՝ որ նպաստաւոր ըլլայ բոլորին համար» ըսաւ ի մէջ այլոց Վատիկանի դիւանագէտը։

► 350 միլիոն տոլար

Վերոնշեալ հաւաքին նպատակն է Լիբանանին համար հաւաքել 350 միլիոն տոլար դիմագրաւելու համար Երկրին ու ժողովուրդին անմիջական կարիքները։

Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսին ձեռնարկը կազմակերպելուն համար ու շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ միջազգային հասարակութեան որ «արագ, անմիջական ու վեհանձնութեամբ գործի լծուեցաւ օգնութեան հասնելու համար Պէյրութի բնակչութեան», այս ծիրէն ներս մատնանշելով նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ հաստատութիւններուն մատուցած մարդասիրական ծառայութիւնները։

► Լիբանանի համակեցութեան կոչումը

«Լիբանանը մեծ երկիր մըն է` որ կը վկայէ դարերու հոլովոյթին ամրապնդուած համակեցութեան եզակի փորձառութիւն մը եւ այս պատճառով ալ կարելի չէ զայն մինակ թողուլ ճակատագրի տարուբերումներու ու սեփական շահեր փնտռող ցանցերուն մէջ» նշեց գերապայծառ Վաչովսքի իր ելոյթին մէջ, աւելցնելով «Լիբանանը երկիր ըլլալէ աւելին է, ան տիեզերական պատգամ է խաղաղութեան եւ եղբայրութեան որ կը բարձրանայ Միջին Արեւելքէն» ինչպէս վերջերս յիշած էր Ֆրանչիսկոս Պապը եւ անորմէ առաջ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։

«Անհրաժեշտ ու հիմնական է առ այդ որ Լիբանանը շարունակէ ապրիլ իր այս յատուկ կոչումը եւ որպէսզի այս մէկը իրականացուի կարիքը կայ բոլորի յանձնառումին ու հարկաւոր է, ինչպէս նշեց միշտ եւ վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապը որ «անոնք որոնք իշխանութեան տէր են, իրենք զիրենք դնեն ի սպաս խաղաղութեան իսկական ծառայութեան եւ ոչ թէ սեփական շահերուն։ Բաւ է քիչերուն շահերը շատերու մաշկին վրայ» շեշտած էր Սրբազան Պապը»։

► Օգնել լիբանանին շօշափելի արարքներով

«Օգնենք Լիբանանին որպէսզի այս ծանր տագնապին համար գտնէ ելքի ճամբայ» եղաւ հուսկ Վատիկանի դիւանագէտին կոչը։ Օգնենք անոր ժողովուրդին չի կորսնցնելու յոյսը եւ լիբանանցիներուն տանք հնարաւորութիւն դառնալու դերակատարներ իրենց հայրենիքին աւելի լաւ ապագայի մը համար, առանց անհարկի միջամտութիւններու։ Օժանդակենք Լիբանանին վերսկսելու համար Յարութեան ուղեւորութիւն մը` շօշափելի արարքներով» կոչ ուղղեց Գերապայծառ Վաչովսքի անգամ մը եւս մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան

ՕԳՈՍՏՈՍ 4. ՍԳՈՅ, ԿՏՏԱՑՈՂ ՎԻՇՏԻ, ԵՒ ԸՆԴՎԶՈՒՄԻ ՕՐ
Օգոստոս 4-ի աղիտալի պայթումին մռայլ տարելիցը եկաւ անգամ մը եւս ցոյց տալու ահաւորութիւնը տնտեսական եւ ֆինանսական աննախադէպ անկումին եւ քաղաքական փակուղիին, զոր երկիրը ամբողջ տարի մը պահած էր եւ կը շարունակէ պահել առանց գործող կառավարութեան:

Այս ահաւոր պայթումը մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենախոշոր ոչ միջուկային պայթումներէն մէկը նկատուեցաւ։ Անոր պատճառը չարագոյժ թիւ 12 պահեստին մէջ ամբարուած հազարաւոր թոն նիթրաթ ամոնիումն էր։ Այստեղ բռնկած հրդեհին հետեւանքով պատահած դժոխային պայթումը կենսուրախ Պէյրութը ակնթարթի մը մէջ վերածեց աւերակի: Անոր պատճառով զոհուեցան 214 հոգի, գետնին հաւասարեցան եւ ամբողջութեամբ քարուքանդ եղան թաղամասեր, անդառնալիօրէն խորացաւ երկրի տնտեսական անդունդը եւ ան կտտացող վէրք մնաց լիբանանցիներու հոգեկանին վրայ:

Պայթումին ալիքը այնքան հզօր էր, որ լսուեցաւ եւ զգացուեցաւ մինչև Միջերկրական ծովի Կիպրոս կղզին՝ որ կը գտնուի աւելի քան 200 քլմ. հեռաւորութեան վրայ:

Փաստաթուղթերով շուտով պարզուեցաւ, որ քիմիական այս վտանգաւոր նիւթերը 2014 թուականէն ի վեր, այլ դիւրավառ նիւթերու կողքին կը պահուէին այս պահեստին մէջ, եւ տարիներէ ի վեր բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ տեղեակ էին անոնց առկայութեան մասին, սակայն անհոգութեամբ ոչինչ ըրած էին:

ԱՂԷՏԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԸ… ԱՂՕԹՔՈՎ

Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ երեք համայնքապետներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, Էշրաֆիէի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կից գտնուող Ժաարայի աստիճաններուն վրայ:

Արարողութեան հանդիսապետեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ձեռնարկին ներկայ էին` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Ալեքսան Մաթոսեան եւ Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հայ քաղաքական կուսակցութեանց, կրթական, ընկերային, մշակութային, բարեգործական ու մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` պայթումին զոհերու ընտանեկան պարագաներ:

Յետ արարողութեան, խօսք առաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ատենապետ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, որ անդրադարձաւ պայթումէն քանի մը օր ետք կազմուած` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի գործունէութեան, պարզելով ցարդ անոր իրագործած աշխատանքները վնասուածներու օժանդակութեան համար: Ան ցաւով անդրադարձաւ, թէ պայթումէն տարի մը ետք տակաւին իրականութիւնը չէ բացայայտուած ու զոհերու պարագաներուն թէ վնասուածներէն շատ շատերուն վէրքերը տակաւին չեն ամոքուած, աւելցնելով թէ «այս հայրենիքը մարդկութեան անունով կը պահանջէ ճշմարտութեան բացայայտումն ու ամբողջական արդարութեան իրագործումը, ինչպէս նաեւ առանց խտրութեան բոլոր անձնաւորութիւններու անձեռնմխելիութեան վերացումը», ընդգծեց նախարարուհին եւ աւելցուց. «Մենք` Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմնին մէջ, առաջին օրէն զօրավիգ ենք մեր ժողովուրդին»: «Այս մարմինը, որ կազմուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ ու գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի եւ անդամակցութեամբ հայ երեք համայնքներու, կուսակցութիւններու, ընկերային ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հաւաքագրեց անհրաժեշտ հաստատագիրները եւ հետեւեցաւ վնասուած անհատներու ապաքինման թէ բնակարաններու վերակառուցման աշխատանքներուն»:

Արհի. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի աղօթքը արաբերէնով

Յընթացս միացեալ պաշտամունքին կատարուեցան աղօթքներ որոնց շարքին Արհի. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան արաբերէն լեզուով արտասանեց հետեւեալ աղօթքը.

“Ով բոլոր բարեաց աղբիւր, Թագաւոր երկնի եւ երկրի, երկնային զօրքերու եւ բոլոր ստեղծագործութեան հետ միասին կը փառաբանենք, կը մեծարենք եւ կը պաշտենք քեզ, զի դուն միայն արժանի ես փառքի, պատիւի եւ պաշտամունքի:

Դուն ով Տէր բարի ստեղծեցիր երկինքն ու երկիրը, սակայն Չարը ուզեց խլել բարիքը քու ստեղծագործութենէն եւ ըստ այդ մոլորեց մարդը, որ հեռանալով քու անմիջական ներկայութենէն կորսնցուց այն առաքելութիւնը, որուն համար զինք ստեղծեցիր:

Սակայն ով մարդասէր եւ բազումողորմ Տէր, դուն մարդը չթողուցիր իր ինկած վիճակին մէջ: Առաքեցիր մարգարէներ եւ աստուածավախ մարդիկ, որպէսզի անգամ մը եւս վերադառնայ մարդը իր նախավիճակին: Ոմանք անսացին քու կանչին եւ ուրիշներ մերժեցին զայն: Ահաւասիկ մերժողները այսօր, ամէն միջոցներ ի գործ դնելով,անգամ մը եւս կը պատերազմին բարիին դէմ զայն խափանելու համար: Եւ մեր մայրաքաղաք Պէյրութի պայթումը ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ չարին կործանարար ձեռքը, որ կը փորձէ աւեր, վախ ու յուսահատութիւն սերմանել ամէնուր:

Սակայն անոնք չեն գիտեր, որ դուն ամենակալ Աստուած ես՝ անապատին մէջէն ջուրի վտակներ յորդեցնող, ծովեր ճեղքող, եւ աճիւնները վերակենդանացնող Տէր: Դուն բոլոր դժուարութիւններու ընդմէջէն պահեցիր Յոբը եւ վերադարձուցիր անոր իր դիրքն ու պատիւը:

Գիտենք որ դուն մեր օգնականն ու ապաւէնն ես, հետեւաբար պիտի չվախնանք եւ պիտի չերկնչինք:

Առաջնորդէ մեզ Տէր եւ մեր աչքերէն քողը վերցուր, որպէսզի տեսնենք քու հրաշքներդ:

Տէր՝ մեր անձերը եւ այս թանկագին երկրին մէջ ապրող մեր բոլոր եղբայրները, քու խնամքին տակ կը դնենք: Մխիթարէ, բժշկէ եւ վերականգնէ զանոնք:

Մենք հաւատքով ենք, որ մեր աղաչանքը հասաւ քեզի, հետեւաբար օրհնէ

եւ փրկէ մեզ, որպէսզի պաշտենք քեզ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. Ամէն”:

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՂԻՏԵԱԼ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

Օգոստոս 4-ին, տեղի ունեցաւ Նաւահանգիստի աղիտալի պայթումի զոհերու միասնական հոգեհանգստեան արարողութիւնը։

Նաւահանգիստի պայթումի վայրին վրայ եւ տակաւին յամեցող աւերակներուն մէջ տեղի ունեցած պատարագը կազմակերպուած էր խումբ մը մարոնիթ, հայ կաթողիկէ, մելքիթ եւ յոյն կաթողիկէ քահանաներու կողմէ, «Église pour le Liban» (Եկեղեցի Լիբանանի համար) ընդհանուր անուան տակ, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին օգնութիւններ ցուցաբերեցին զոհերու ընտանիքներուն եւ պայթիւնէն տուժածներուն: Արարողութենէն առաջ սկաուտական խումբերու պատուոյ բարեւին տակ գլխաւորութեամբ Մարոնիթ համայնքի պատրիարք, Պշարա Ռաաի կարդինալի, վայրին վրայ կառուցուած բեմ բարձրացան Լիբանանի բոլոր համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներ, մինչ զոհերուն հարազատներ իրենց սրտին սեղմած էին զոհուած սիրելիներուն պատկերները։

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը սկսաւ Քուրանով, իսկ աղէտի ճիշդ պահուն, ուղիղ ժամը 18:07-ին, մէկ վայրկեան լռութենէ ետք արտասանուեցան զոհերուն անունները, մինչ լիբանանեան բանակի ուղղաթիռներ յատուկ թռիչքներով երկինքը գունաւորեցին լիբանանեան դրօշակի՝ կարմիր եւ կանաչ գոյներով։

Գլխաւոր պատարագիչ Ռաաի Պատրիարքի կողքին էին Լիբանանի մօտ Վատիկանի նուիրակ՝ Արքեպիսկոպոս Ժոզեֆ Սփիթերի, Հայ Կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ՝ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան, Ասորի կաթողիկէ Պատրիարք Իգնաթիոս Ժոզէֆ Գ. Եունան եւ աւելի քան 100 եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ: Պատարագի արարողութեան մասնակից երգչախումբերուն մաս կազմեց նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբը։

Պատրիարք Ռաաի կոչ կ’ուղղէ ճշմարտութեան բացայայտման եւ արդարութեան հաստատման

Իր քարոզին մէջ Պատրիարք Ռաաի ըսաւ. «Մենք այստեղ ենք քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միասնութեան ականատես ըլլալու համար՝ առ ի հաւատարմութիւն միայն Լիբանանին»:

«Սակայն ինչի՞ կը սպասեն իշխանութեան ղեկին կանգնած մարդիկ` տուժածներուն կարիքները հոգալու համար» հարցուց Պատրիարք Ռաաի, աւելցնելով, որ մինչեւ ի՞նչ մակարդակի անկում կը սպասեն որ երկիրը հասնի, որպէսզի իրենց սիրտը շարժի, եւ զգան ժողովուրդին ցաւը եւ աշխատին զայն մեղմացնելու։

Յիշատակի արարողութեան ժամանակ կարդինալ Ռաաի պետական պաշտօնեաները մեղադրեց հետաքննութենէն խուսափելու յանցանքով՝ շեշտադրելով, որ «Աստուծոյ հզօր ձայնը մարդկութեան դէմ այս յանցագործութեան համար հաշիւ պիտի պահանջէ իւրաքանչիւր պատասխանատու անձի խիղճէն»: Ան ցաւով յայտնեց որ մէկ տարի անց պայթիւնի վերաբերեալ հետաքննութիւնը կանգ առած է, եւ ամենաբարձր աստիճանի մեղաւորները տակաւին չեն բացայայտուած:

Ապա Մարոնիթ Պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն չյուսահատիլ եւ չենթարկուիլ բռնութիւններու, վերահաստատելով ճշմարտութեան բացայայտման եւ արդարութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը, վերջ դնելով «խայտառակ» անձեռնմխելիութիւններուն, որոնք թոյլ կու տան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն և սպաներուն խուսափելու հետաքննութենէն:

«Առանց ճշմարտութեան չկայ արդարութիւն: Չկայ ճշմարտութիւն առանց խիզախութեան: Չկայ խիզախութիւն՝ առանց դատին հաւատալու, իսկ ո՞ր դատը աւելի արժանի է խիզախութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան, քան Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի աղէտը»:

Մարոնիթ եկեղեցւոյ ղեկավարը յիշեցուց նաեւ Չորեքշաբթի օր Հռոմի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ լիբանանցիներուն ուղղուած զօրակցական խօսքերը: Կարդինալ Ռաաի նաեւ կոչ ուղղեց ցուցարարներուն «խուսափիլ բռնութենէն, վիրաւորական խօսքերէն, իրենց հասկնալի զայրոյթն ու դժգոհութիւնը արտայայտելու համար սեփական հաստատութիւններու եւ ունեցուածքներու, ինչպէս նաեւ բանակի ու անվտանգութեան ուժերու վրայ յարձակումներէն։

Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն «համարձակ, յստակ եւ թափանցիկ որոշումներ կայացնելու»՝ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց ներկայացուցիչները ընտրելու ատեն, որպէսզի փոխուի փտած եւ կաշառակեր իշխող դասը, որ Լիբանանը հասցուցած է անդունդի յատակին»:

Պատրիարքը այնուհետեւ լիբանանցի ժողովուրդէն խնդրեց իրենց կարեկցանքը ցուցաբերել Պէյրութին՝ օգնելով քաղաքի վերակառուցման եւ «ականատես ըլլալ միասնութեան»՝ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած աջակցութեան համար, Պատրիարքը մատնանշեց, որ «Լիբանանի ներքաշուած այս տխուր իրավիճակը պայմանաւորուած է նաեւ արտաքին հակամարտութիւններով»: Հետեւաբար, ան կրկին բարձրաձայնեց Միջին Արեւելքի մէջ «Լիբանանի չէզոքութեան» իր կոչը, անգամ մը եւս կրկնելով երկիրը աղէտէն փրկելու «միասնութեան» անյապաղ անհրաժեշտութիւնը: Ըստ մարոնիթ պատրիարքի, այս միասնութիւնը պէտք է ճանչնայ լիբանանցի հասարակութեան կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը և Լիբանանի չէզոքութիւնը: «Մենք չենք ուզեր այլեւս հակամարտութիւններ եւ պատերազմներ: Եկէք միասնաբար հաստատենք ազատութեան եւ խաղաղութեան ուղին», իր խօսքը եզրափակեց կարդինալ Ռաաի:

ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ ԵՒ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Մեծ աղէտի առաջին տարելիցին առթիւ տեղի ունեցող միասնական հոգեհանգստեան արարողութեան զուգահեռ եւ անկէ ոչ շատ հեռու, աղիտահար մայրաքաղաքը ականատես եղաւ նաեւ բողոքի հսկայական ցոյցերու, որոնց մասնակիցները զանազան ձեւերով իրենց վշտակցութիւնը արտայայտեցին նահատակներու հոյլին եւ ընդվզումն ու պոռթկումը՝ անպատժելիութեան դէմ։

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն զոհուած 10 հրշէջներու ընտանիքներու նստացոյց, հրշէջներու ծառայութեան քարուքանդ եղած կեդրոնատեղիին առջեւ

Ապահովական հակախռովարար ուժեր բուռն բախումներ ունեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատուներու հաշուետուութիւնը պահանջող եւ Լիբանանի մէջ կեանքի պայմաններու խիստ վատթարացման պատճառով զայրացած ցուցարարներուն հետ։ Բուռն բախումներ արձանագրուեցան յատկապէս Խորհրդարանի կից փողոցներուն վրայ, ուր ոստիկաններ արցունքաբեր կազերով, մահակներով եւ ջրցան մեքանաներով հակադարձեցին քարկոծող ցուցարարներուն, որոնք կը փորձէին բարձրանալ դարպասներուն վրայ եւ ներխուժել Խորհրդարանի շէնք։ Ըստ Կարմիր Խաչի, 50 հոգի վիրաւորուած էին այս բախումներու ընթացքին։

Իսկ պաշտօնական արարողավայրէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ, հազարաւոր ցուցարարներ, լիբանանեան դրօշակներով եւ զոհուածներու լուսանկարները բարձրացուցած, հաւաքուած էին նաւահանգիստի մօտ՝ իրենց վշտակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը արտայայտելու զոհուածներու հարազատներուն:

Ն.Է.Ն.

Կ’ՈՒԶԵՄ ԱՊՐԻԼ…
ՆԱԶԵԼԻ ԷՊԷԵԱՆ-ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Սկսած էր չորս ժամով:

Յետագային դարձաւ վեց: … Յետոյ տասը ժամ:

Երկու շաբաթ առաջ քսան երկու ժամ էր, իսկ երէկուան դրութեամբ արդէն դարձաւ լիակատար քսանչորս ժամեայ ընդհատում:

Համակարգիչս դրի պայուսակիս մէջ եւ շտապեցի մօտակայ սրճարան՝ նստելու տեղ գտնելու յոյսով:

Ձախ կողմս՝ երեք աղջիկ իրենց նոթպուքով իսկ աջ կողմս, չորս տղայ՝ իրենց նոթպուքով: Նստեցայ անկիւն մը՝ սպասելով, որ սուրճ գնողներու շարքը ցրուի:

Այն, ինչ որ ժամանակին երկու ժամ անցընելու վայր էր, այժմ դարձած է ուսումնական եւ աշխատանքային կեդրոն ուսանողներու եւ երիտասարդ մասնագէտներու համար, որոնք ելեկտրական ընդհատումներուն պատճառով դուրս նետուած են իրենց տուներէն, ուր կ’աշխատէին համաճարակի պայմաններու տակ:

Կէսօրուան ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7 այստեղ նստողներէն մէկուն հարցուցի թէ ինչու այսքան ժամանակէ ի վեր հոս է, յարեց. «Եթէ չաշխատիմ, կը մեռնիմ, եւ ես կ’ուզեմ ապրիլ…»։

Կ’ՈՒԶԵՄ ԱՊՐԻԼ…

Հասարակ նախադասութիւն մը, որ շատ բան կը պարփակէ իր տողերուն տակ…

Մենք այժմ նստած ենք այստեղ, անճարակ, մեր ապագան թալանուած, կը տոկանք եւ կը դիմակայենք մէկը միւսին յաջորդող հարուածները։

Նախ մեր անկարողութիւնն էր դրամատուներու մէջ պահ դրուած մեր խնայողութիւններուն հասնելու։ Ասոր յաջորդեց տոլարի խելահեղ եւ սանձարձակ մագլցումը։ Ապա կարգը եկաւ պենզինին եւ ելեկտրականութեան։ Պենզին ստանալու համար կարգ սպասող ինքնաշարժներու “նուաստացուցիչ” երկար շղթաները գօտի կը կապեն ամբողջ թաղամասեր։ Լիբանանցիներու յանկերգը եղած է. «Գալիքը աւելի վատ է»։

Բայց… մենք կ’ուզենք ապրիլ։

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ապրիլ այս երկրին մէջ։

Կը նշանակէ հետեւիլ ելեկտրականութեան անկանխատեսելի ժամանումին, լիցքաւորել մեր հեռաձայնները եւ համակարգիչներու բարդերը։

Կը նշանակէ շարժիչներով ջուրի պահեստային տակառները լեցնել, որպէսզի չզրկուինք ամենակենսական կարիքէ մը՝ ջուրէն։

Կը նշանակէ աճապարել լուացքը լուալու, կարծէք կենաց մահու հարց է, որովհետեւ եթէ սխալմամբ “փախցնենք” այս առիթը, ապա պէտք է սպասենք ամբողջ օր մը, եթէ ոչ աւելի։

Կը նշանակէ նաեւ վերանայիլ մեր առաջնահերթութիւններուն, զարգացման եւ բարգաւաճման դրութենէն փոխելով պարզապէս գոյատեւման, շնչելու եւ ապրելու դրութեան։ Անգլերէն լեզուին մէջ կայ կարճ արտայայտութիւն մը՝ «Survival mode: ON»։

Լաւ ինքնաշարժ, գեղեցիկ բնակարան եւ ուրախ ամուսնութիւն ունենալու երիտասարդներու երազը այժմ վերածուած է արտերկրի մէջ աշխատանք ապահովելով այս երկիրը անմիջապէս լքելու կամ “թարմ” տոլար վաստկելու աղբիւրներու փնտռտուքի ձգտումներուն։

«Թարմ տոլար»… ահաւասիկ նոր բառեզր մը որ գոյութիւն ունի միայն Լիբանանի մէջ… Կը նշանակէ կանաչ, թուղթով եւ ոչ դրամատնային չէքերու տեսքով ամերիկեան դրամանիշ։ Իսկ դրամատնային տոլարով հաշիւները… թարմ չեն, այլ արժեզրկուած եւ անհասանելի։

Այսօր եթէ լիբանանցիին հարցնէք սովորական եւ կարծրատիպ դարձած «Ինչպէ՞ս էք» հարցումը… փոխանակ սովորաբար հնչած «լաւ ենք, փառք Աստուծոյ» կենսախինդ պատասխանին, յուսահատ եւ թախծալի նայուածքով կը յարէ. «Կը գոյատեւենք»…։

Այսօր, երիտասարդները պարտաւորուած են յանձն առնել իրենց ընտանիքի գոյատեւման ամբողջ պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ իրենց ծնողաց եւ տարեցներու խնայողութիւնները փոշիացած են լիբանանեան անճարակ եւ անողնահար իշխանութեան ենթակայական եւ ճորտատիրական մտածելակերպի ու քաղաքականութեան պատճառով։ Առաւել՝ համաճարակի պարտադրած պայմանները աշխատանքային մարզերը սահմանափակած են առցանց (online) դրութեամբ աշխատելու կարող եւ արհեստագիտութեան «բարիքներուն» ծանօթ ուժերուն մօտ։ Ճաշարաններու եւ հաճոյքի վայրերու մէջ կեանքը կը վայելեն միայն «թարմ տոլար» վաստկողները կամ զայն արտաքին աղբիւրներէ ստացողները։

Իսկ եթէ նկատի առնէք որ նախապէս 1000 ամերիկեան տոլարի համազօր լիբանանեան դրամանիշով ամսական ստացողի ռոճիկը այսօր համազօր է 70-75 ամերիկեան տոլարի, ուրեմն կրնաք ենթադրել թէ որքանով անկում կրած է լիբանանցիին ապրուստ ապահովելու կարողութիւնը։ Արտերկրի իրենց հարազատներէն տոլար ակնկալելու տենչը եւ անով իսկ որոշ ժամանակ ապրուստ ապահովելու երազանքը կայ իւրաքանչիւր ընտանիքի մօտ։

Քաղաքացիական պատերազմի ականատեսներ նոյնիսկ անցեալի այդ օրերու իրավիճակը կը բնորոշեն որպէս «դրախտային»՝ այս մղձաւանջային օրերուն հետ բաղդատած։ Պատերազմը առնուազն հասկնալի սպառնալիք էր, իսկ վտանգի աղբիւրը՝ յստակ, եւ անկէ խուսափելու միջոցները ընդհանրապէս ազդեցիկ, սակայն այսօր՝ սպառնալիքը կու գայ կեանքի բոլոր դրոյթերէն, զրկանքը՝ ամէնուրեք եւ անճրկութեան զգացումը՝ իշխող։ Այսօր, ամբողջ ժողովուրդ մը շփոթի մատնուած է, հիասթափուած, սպառած, յուսալքուած եւ անորոշութեան մատնուած։

Այդ օրերուն, անոնք գէթ դրամ կը վաստկէին եւ կուշտ ու կուռ ստամոքսով կը քնանային, իսկ այս օրերուն… հազիւ թէ կրնան ապահովել անհրաժեշտ սնունդը, այն ալ այնքան փոքր չափաբաժիններով, զայն սպառելով մեծ խնայողութիւններով։ Մսային կերակուրները արդէն նուազած են… ելեկտրականութեան ընդհատումներու եւ ահաւոր սղութեան պատճառով։

Այս բոլորին վրայ ահաւասիկ կու գայ աւելնալու կազի շիշերու պակասը, ինչ որ սարսափի մատնած է յատկապէս տանտիկինները։ Յետայսու, պէտք է մտածել նաեւ աղքատիկ կերակուրները առանց կրակի եփելու միջոցներու մասին… ։

Իսկ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւենք այս բազմագլխանի չարիքը։

Շատեր աղօթքով, ուրիշներ՝ բարկութեամբ կամ իրենք զիրենք անջատելով իրականութենէն եւ փորձելով ըլլայ անզգայ, մինչ լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը, իրենց ծանօթ զուարթախոհութեամբ եւ կատակներով… եւ ճգնաժամերու մասին անվերջ meme-երով:

Արուեստագէտներ եւ մտաւորականներն ալ հաւանաբար իրենց յոյզերը կ’արտայայտեն արուեստի, գրականութեան եւ աւելի լուրջ բովանդակութեամբ գործերու եւ յօդուածներու միջոցով:

Բայց ըլլայ աղօթքի, հիւմըրի կամ արուեստի միջոցով, մենք իւրաքանչիւրս բռնած ենք մեր նախընտրած զէնքը եւ ամէն օր կը պայքարինք համընդհանուր եւ ահաւոր չարիքի մը դէմ, որ ներխուժած է մեր կեանքը, սպաննած է մեր կենսունակութիւնը, ընկճած է սերունդները եւ մեզ խրած անորոշութեան ճահիճը: Չարիք մը որուն աղբիւրը յայտնապէս քաղաքական ամբողջ համակարգն է, «քըլլոն», ինչպէս կը բացագանչեն ըմբոստները եւ այդ «քըլլոն»ին շրջանակը բաւական ընդարձակ։

Որքանո՞վ եւ ե՞րբ կարելի է յաղթել այս համայնակուլ չարիքին, կտրել չարիքին արմատները, ե՞րբ պիտի զարթնին անոնց կոյր հետեւորդները, եւ գիտակցին որ բոլորս կը գտնուինք նոյն յորձանուտին մէջ, եւ եթէ զիրար չաջակցինք, ապա իրենց նոյն այդ վերնախաւը, որոնց հովանաւորչութիւնը կը վայելեն, պիտի կլանէ եւ փոշիացնէ բոլորս անխտիր։

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆԾԱՅԱՐԱՆՆԵՐՈՒ Ա. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Ապագայ քահանաներու կազմաւորումը ներկայ ժամանակներու պահանջներուն պատշաճեցնելու նպատակով եւ հիմնուելով կղերից Տիեզերական ժողովի կողմէ 2016-ին հրապարակուած «քահանայական կազմաւորման հիմնագիծին» վրայ (Ratio fundamentalis institutionis sacerdotalis), Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններու Ա. Համագումարը տեղի ունեցաւ Երեւան 1-5 Օգոստոս 2021-ին, որպէս բնաբան ունենալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի 2014-ին կղերից Տիեզերական ժողովին ուղղած պատգամը՝ «պահպանել եւ խնամել կոչումները․․․ անոնք անտաշ անդամներ են» տիտղոսը։

Ժողովը սկիզբ առաւ Կիրակի, 1 Օգոստոս 2021-ին Երեւանի Ս․Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ մէջ։ Ս․ Զոհը մատոյց թեմի առաջնորդ՝ Ռաֆայէլ Արք․ Մինասեան, մասնակցութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի փոխանորդ՝ Գաբրիէլ թ․ծ․վ․ Մուրատեանի։

Ապագայ քահանաներու կազմաւորման Ա. ժողովի աշխատանքներուն ընթացքին կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ նոր ոգիով եւ 21-րդ դարու կեանքի դրութիւններու վրայ հիմնուելով վերարժեւորելու եւ վերակազմակերպելու քահանայական կազմաւորման աշխատանքը՝ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան նորընծայարաններէն ներս։

Օգոստոս 4ին, Զմմառի, Հռոմի եւ Հայաստանի երէց ժառանգաւորները իրենց տեսուչներուն հետ միասին մասնակցեցան համայնքային երիտասարդական օրերուն, որ կազմակերպուած էր Թորոս գիւղի Աղաճանեան ճամբարէն ներս։ Իսկ Օգոստոս 5-ին գլխաւորութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին եւ Հռոմի Քահանայապետական Հայ Վարժարանի մեծաւոր հօր, ժառանգաւորները ուղղուեցան դէպի Եռաբլուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու հայրենիքի զոհերուն, ապա այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը, իրենց այցելութիւնը փակելով աղօթքով բոլոր նահատակներուն ու անոնց բարեխօսութիւնը խնդրելով իրենց ապագային կազմաւորման համար։

Հայաստանի Սրբոց Հրեշտակապետաց

Հոգեւոր Միացեալ Ճեմարան

«ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՕՐԵՐ V» ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
2021 թուականի Օգոստոսի 1-5-ը Թորոսգիւղի «Աղաճանեան» կենդրոնում տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուկրաինայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի կողմից կազմակերպուած Համայնքային Երիտասարդական օրեր V յոբելենական հոգեւոր-մշակութային ամէնամեայ հաւաքը:

Համայնքային Երիտասարդական Օրեր 5-ը մեկնարկեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, ձեռամբ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի, առընթերակայութեամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի եւ Գերպ. Հայր Նարեկ վրդ. Մնոյեանի:

Սուրբ Պատարագի ընթացքում իր հայրական խօսքն ուղղեց ներկաներին Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան ըսելով. «Սիրելի՛ երիտասարդներ, ինձ համար մեծ մխիթարութիւն է ձեզ ունենալ եւ զգալ, որ մենք մի ընտանիք ենք կազմում եւ այդ ընտանիքի ապագան հէնց դուք էք»:

Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կրկին Աղաճանեան կեդրոնում տեսնում է այսքան երիտասարդների մէկտեղ հաւաքուած՝ Հայաստանի տարբեր Հայ Կաթողիկէ համայնքներից:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականները, Լիբանանի Այնճար գիւղի «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան հոգեւոր հովիւ Գերյ. Հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը, Շուէտիայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ Գերյ. Հայր Յովսէփ ծ. վրդ. Պահէեանը, Հայաստանում SOS Արեւելքի Քրիստոնեաներ կազմակերպութեան անդամները:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմից ներկայացուած աւետարանական հետեւեալ մէջբերումը. «Վե՛ր կաց. ես քեզ նշանակում եմ վկայ այն բոլորի համար, որոնց մէջ ինձ տեսար» (հմմտ. Գործք Առաքելոց, 26:16) դարձաւ այս տարուայ երիտասարդական հաւաքի գլխաւոր բնաբանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց խմբի նախագահ Գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանը: Նա յոյս յայտնեց, որ այդ օրերի ընթացքում հնչող բանախօսութիւններն ու քննարկումները լինելու են հետաքրքիր եւ օգտակար, իսկ հանդիպման մթնոլորտը` նպաստաւոր նոր գաղափարների առաջացման եւ իրականացման համար:

Երիտասարդներին իր խօսքն ուղղեց նաեւ Լիբանանի Այնճար գիւղի «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան հոգեւոր հովիւ Գերյ. Հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը:

Օրուան աւարտին երիտասարդները միասին դիտեցին նախորդ չորս հաւաքների մասին պատմող ամփոփ տեսանիւթ, որն իր մէջ ներառում էր «Համայնքային երիտասարդաց օրեր» միջոցառման ստեղծման նախապատմութիւնը:

Երկրորդ օրուան առաջին բանախօսութիւնը վարեց Գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանը, ով ներկայացրեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը ուղղուած երիտասարդներին. «Վե՛ր կաց. ես քեզ նշանակում եմ վկայ այն բոլորի համար, որոնց մէջ ինձ տեսար» (հմմտ. Գործք Առաքելոց, 26:16):

Արժ. Տէր Յովսէփ Քհնյ. Գալստեանը բանախօսեց Սուրբ Յովսէփի մասին՝ «որպէս օրինակ հօր, աշխատաւորի եւ սրբութեան պահապանի»:

Հոգեբան-հոգեթերաբոյժ Ելենա Յովհաննիսեանը երիտասարդների հետ խօսեց վաղ պատանեկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան մասին:

Յաջորդ բանախօսութիւնները վարեց Գերյ. Հայր Յովսէփ ծ. վրդ. Պահէեանը, ով ներկայացրեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Շուէտում եւ «Սուրբ Յովսէփի տիպարը՝ որպէս օրինակ երրորդ հազարամեակի երիտասարդներին»:

Յընթացս յաջորդ բանախօսութեան Գերյ. Հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը վարեց բանախօսութիւն հետեւեալ թեմայով. «Ս. Յովսէփ Աստուածահօր խօսուն և արդիւնաւէտ լռութիւնը, որ առինքնող ու վարակիչ է»:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն, որին յաջորդեց մշակութային երեկոն:

Երիտասարդական հաւաքի երրորդ օրը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագից յետոյ երիտասարդների համար կազմակերպուեց ճանաչողական այց Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքներ: Մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան տեսնելու այն համայնքները, որտեղ նրանք նախկինում չէին եղել:

Աղաճանեան կենդրոն վերադառնալուց յետոյ բանախօսութիւններ վարեցին Գերյ. Հայր Անտոն ծ. վրդ. Թոթոնճեանը՝ «Կրօնագիտութիւն», իսկ Գերպ. Հայր Եղիա վրդ. Դերձակեանը՝ «Աստուած ինձ հետ է իմ կեանքի բոլոր հանգրուաններում, քանզի Նա ինձ է սիրում» թեմաներով:

Օրուան վերջում Ապաշխարութեան խորհուրդի մասին բանախօսեցին Գերպ. Հայր Պետրոս վրդ. Մարաշլեանը եւ Տէր Արամ սրկ. Սաատօն:

«Երիտասարդաց համայնքային օրեր 5»-րդ հաւաքի չորրորդ օրուան առաջին բանախօսութիւնն էր. «Ս. Յովսէփ Աստուածահայրը Սեբաստացի Մխիթար Աբբահօր հոգեկանութեան մէջ» թեմայով, որը ներկայացրեց Գերյ. Հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը:

Մասնակիցներին այդ օրը միացան նաեւ Իտալիայի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի, Լիբանանի Զմմառու «Ս. Միքայէլ» Փոքր դպրեվանքի, «Իգնատիոս Մալոյեան» Մեծ Դպրեվանքի եւ Հայաստանի Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայ Կաթողիկէ Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի ճեմարանականները: Նրանք պատմեցին իրենց կոչումների մասին, թէ ինչպէս են որոշել դառնալ հոգեւորական:

Բանախօսութիւններից յետոյ հաւաքի մասնակիցները ներկայացրեցին իրենց պատրաստած խօսքը «Երիտասարդի դերը Եկեղեցում» թեմայով: Ծաւալուեց քննարկում, երիտասարդներն արտայայտեցին իրենց կարծիքները:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Համայնքային Երիտասարդական օրեր V» յոբելենական հաւաքի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որի ընթացքում կատարուեց յուշանուէրների բաշխում եւ կարկանդակի բեկանում:

Երեկոյի շարունակութիւնը համերգային ծրագիրն էր, որի ընթացքում գիւմրեցի երգիչներ՝ Էդգար Ղանդիլեանը, Անդրանիկ Աթոյեանը եւ Կարեն Աթոյեանը հանդէս եկան տարբեր կատարումներով: «Համայնքային Երիտասարդական օրեր V» յոբելենական հաւաքը աւարտուեց արդէն աւանդոյթ դարձած խարոյկով:

Գերյ. Հայր ԳԱՌՆԻԿ Ծ. Վրդ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ,

Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան նախագահ

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵ՛Ր, ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՁԵԶԱՆՈՎ Է ՀԱՐՈՒՍՏ»
Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց խմբի նախագահ

Գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի խօսքը

«Համայնքային Երիտասարդական Օրեր 5-րդ» փակման առիթով

Այսօր իր տրամաբանական աւարտին մօտեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուկրանիայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի կողմից կազմակերպուած Համայնքային երիտասարդական օրեր V յոբելենական հոգեւոր-մշակութային միջոցառումը:

Նախ եւ առաջ, թոյլ տուէք իմ առանձնայատուկ շնորհակալութիւնը յայտնել Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանին, ում օրհնութեամբ, անմիջական նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով կազմակերպուեց այս հաւաքը:

Յատուկ շնորհակալութիւն հոգևոր դասին, բանախօսներին, աշխատակազմին, ձեզ՝ սիրելի՛ երիտասարդներ, իմացե՛ք, որ եկեղեցին ձեզանով է հարուստ: Եկեղեցին այնքա՜ն շատ բան ունի խօսելու երիտասարդութեան հետ, իսկ երիտասարդներն այնքա՜ն շատ բան ունեն կիսելու Եկեղեցու հետ:

Շնորհակալութիւն, որ դուք թողնելով ձեր առօրեայ գործերը, աշխատանքը եւ համայնքային կեանքը, այսօր այստեղ եք՝ մեզ հետ միասին տօնելու յոբելենական 5-րդ հաւաքը, եւ եւս մէկ անգամ վերապրելու մեր հաւատքը ի Տէր Յիսուս Քրիստոս:

Սիրելի՛ երիտասարդներ, դուք էք մեր ապագան, դուք էք կերտելու մեր վաղուան օրը, վստա՛հ ենք, որ այս հաւաքը եւս մէկ օղակ դարձաւ ձեր եւ Եկեղեցու միջեւ, էլ աւելի սերտ փոխյարաբերութիւններ հաստատելու համար:

Ինչպէս իր խօսքում նշում է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը. «Կեանքը՝ ամուր, վճռական, յաւերժական ընտրութիւններ կատարելու ժամանակն է: Իւրաքանչիւր մասնագիտական ընտրութիւն իր սրտում պէտք է ունենայ սրբութեան էլ աւելի խորը կոչ: Եկեղեցին, երիտասարդների հետ իր առաքելութիւնը համարում է «դարաշրջանային նշանակութեան հովուական առաջնահերթութիւն, որի մէջ պէտք է ներդնել ժամանակ, էներգիայ եւ ռեսուրսներ»:

Եկեղեցու ներդրած ժամանակի ու ռեսուրսների վառ ապացոյց են ամէնամեայ Համայնքային Երիտասարդական օրեր միջոցառումները, որոնց ընթացքում ստացած գիտելիքները, հմտութիւնները եւ միջհամայնքային կապերը պետք է ներդնեք Ընդհանրական Եկեղեցու հզօրացման եւ Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսի և սիրոյ տարածման առաքելութեան գործում:

Մեր փորձառութիւնը միմեանց հետ կիսելով եւ միմեանց լսելով՝ մենք կարող ենք միասին անցնել Աստուծոյ նախանշած ճանապարհով՝ վկայութեամբ փառաբանելով Տիրոջը:

Սիրելի՛ ներկաներ, իսկ ի՞նչ է նշանակում լինել երրորդ հազարամեակի արշալոյսի երիտասարդ…

Երիտասարդ լինել նշանակում է ունենալ 4 կարեւոր առանձնայատկութիւն՝ էներգիա, կասկած, վստահութիւն եւ բարութիւն:

1. Էներգիա. Երիտասարդը պէտք է լինի կենսունակ եւ լեցուն էներգիայով, պատրաստ ամէն վայրկեան յաղթահարելու մարտահրաւէրները:

2. Կասկած. Կասկածը երիտասարդութեան էական հիմքն է: Կասկածն ինքնին առողջ բան է, քանի որ այն առաջացնում է դրական արժէքներ. հետաքրքրասիրութիւն, օբյեկտիւութիւն, ձեր միտքը փոխելու պատրաստակամութիւն, գիտակցութիւն այն մասին, որ մենք ապրում ենք անկատար աշխարհում:

3. Վստահութիւն. Վստահութիւնը գալիս է գիտակցութիւնից: Եթէ չէք վստահում ինքներդ ձեզ եւ ուրիշներին, երիտասարդ չէք: Առանց վստահութեան մեր կեանքը դարձնում ենք աւելի բարդ: Վստահութեան հիմքում է ընկած կեանքը:

4. Բարութիւն. Իսկապէս, Աստուած խտրականութիւն չի դնում մարդկանց միջեւ: Աստուած սէր է՝ միմիայն սէր, քանի որ «Նա Իր արեգակը ծագեցնում է չարերի եւ բարիների վրայ, անձրեւ է բերում արդարների եւ մեղաւորների վրայ» (Մտթ. 5:45):

Դժուար է Հայաստանում երիտասարդ լինելը, քանզի հայ երիտասարդի ուսերին ծանր պարտաւորութիւն է դրուած, ոչ միայն այս օրերին չլքելու հայրենիքը, այլեւ ամուր կանգնելու հայրենի հողին եւ զարգացնելու զանազան ոլորտներ՝ լինի դա տնտեսութիւն, արդիւնաբերութիւն, բժշկութիւն, մշակոյթ, թէ կրթութիւն: Ուստի՛ սիրելի երիտասարդներ, կապուած մնացէ՛ք թանկ գնով պահուած մեր հայրենի հողին:

Ամփոփելով խօսքս սիրելի՛ երիտասարդներ, կը ցանկանայի ասել հետեւեալը.

Ինչպէս Հռոմի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2013 թուականի Երիտասարդաց Համաշխարհային օրերին պատգամ տուեց երիտասարդներին՝ գնալու եւ աշակերտելու իրենց երկրներում, այնպէս էլ այսօր մենք, յորդորում ենք ձեզ, դառնալու այդ նոյն օրինակը, սիրելի՛ մասնակիցներ, գնացէ՛ք եւ աշակերտեցէ՛ք ձեր համայնքներում, եւ ձեր տներում: Դարձէ՛ք Քրիստոսի սիրոյ կենդանի վկաները։

ԴՈԿՏՈՐ ՌԸՆԷ ԼԵՒՈՆԵԱՆ ԼԻՈՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐ
Դոկտոր Ռընէ Լեոնեան նշանակուած է Լիոնի կաթողիկէ համալսարանի հայագիտութեան ամբիոնի վարիչ:

Ռընէ Լեւոնեանը Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ է: Ամուսնացած է, ունի երկու երեխայ եւ վեց թոռնիկ: Ծնած է Մարսէյ:

Աստուածաբանական կրթութիւն ստացած է Փարիզի աւետարանական աստուածաբանութեան համալսարանին մէջ: Լիոնի մէջ առաջին հոգեւոր ծառայութիւնը կատարած է 9 տարի: Դոկտորական թէզը շարունակած է գրել Լիոնի կաթողիկէ համալսարանին մէջ:

Աւարտած է նաեւ Լիոնի համալսարանի սոցիալական հարցերու մագիստրատուրան եւ Փարիզ-Սորպոն արեւելեան լեզուներու ու քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառը: Լիոնի համալսարանին մէջ ան եղած է նաեւ գիտութեան եւ կրթութեան գծով թեկնածու:

Իր ծառայութեան ողջ ընթացքին ապրած է բազմաթիւ երկրներու մէջ։

Հայաստանի մէջ 17 տարի եղած է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Ֆրանսայի «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը։

Եղած է նաեւ Հայաստանի Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւ, Հայաստանի Աւետարանական Աստուածաբանութեան ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, նաեւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի խորհրդական:

Որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է նաեւ Ուրուկուայի, Յունաստանի, Գանատայի, նաեւ Ֆրանսայի Լիոն, Փարիզ եւ Վալանս քաղաքներու մէջ:

Եղած է Ֆրանսայի Աստուածաշնչային ընկերակցութեան գլխաւոր քարտուղար, նաեւ՝ բանտերու հոգեւոր հովիւ: Աշխատած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակի վարիչ։ Լիոնի քրիստոնէական Ռատիօ-Ֆուրվիերի համահիմնադիր է:

Ներկայիս Եւրասիայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահն է: