Վատիկանեան – Massis Magazine

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԿՈՉԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ՝ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ «ՈՉ ԹԷ ԽՕՍՔԵՐՈՎ, ԱՅԼ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԳՈՐԾԵՐՈՎ»
Չորեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2021ին, Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած Չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին տարեդարձը, յիշելով նաեւ այդ պայթումին զոհերը ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան մինակ չի թողելու Լիբանանը, հուսկ Լիբանանցիները խրախուսեց որպէսզի դարձեալ ըլլան խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամ։

► Շատեր կորսնցուցին ապրելու պատրանքը

«Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն մէկ տարի ետք, որ պատճառեց մահ ու կործանում, միտքս կ’երթայ այդ սիրելի երկրին, մասնաւորապէս զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն, բազմաթիւ վիրաւորներուն ու անոնց որոնք կորսնցուցին տուն ու աշխատանք։ Եւ շատեր կորսնցուցին նաեւ ապրելու պատրանքը։

Անցեալ մէկ Յուլիսին Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան Օրուան առթիւ, Քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ միասին, ընկալեցինք յոգնած ու հիասթափ Լիբանանի ժողովուրդին ձգտումներն ու սպասումները, ու Աստուծմէ հայցեցինք յոյսին լոյսը` յաղթահարելու համար ծանր տագնապը։

► Կոչ միջազգային հասարակութեան

Այսօր կոչ կ’ուղղեմ միջազգային հասարակութեան, խնդրելով որ շօշափելի արարքներով օգնէ Լիբանանին` իրագործելու համար «յարութեան» ուղեւորութիւնը։ Ոչ միայն խօսքերով. Շօշափելի արարքներով։ Այս ուղղութեամբ կը մաղթեմ որ ընթացքի մէջ եղող համաժողովը, որ խթանուած է Ֆրանսայի եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ, արդիւնաւէտ ըլլայ։

Սիրելի լիբանանցիներ` ձեր մօտ գալու ու ձեզ այցելելու փափաքս մեծ է եւ չեմ յոգնիր ձեզի համար աղօթելէ, որպէսզի Լիբանանը դարձեալ ըլլայ եղբայրութեան պատգամ, եւ համայն Միջին Արեւելքին համար խաղաղութեան պատգամ մը»։

► Սուրբ Աթոռը Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային համաժողովին.- Օգնենք որ ան աւելիով անդնդասոյզ չըլլայ

Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար Գերապայծառ Միրոսլավ Վաչովսքի լսատեսողական պատգամով մը իր մասնակցութիւնը բերաւ Չորեքշաբթի Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի կողմէ կազմակերպուած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մէկ տարի ետք Լիբանանի օժանդակութիւններ յատկացնելու եւ օգնութիւններ տրամադրելու նուիրուած հանդիպումին, ընդգծելով հարկաւորութիւնը Լիբանանցիներուն տալու հնարաւորութիւն` դառնալու իրենց ապագային դերակատարները։

► Թոյլ չտալ որ երկիրը անդնդասոյզ ըլլայ

Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ գերապայծառ Վաչովսքի կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ մէկ Յուլիսին Լիբանանի համար աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան առթիւ ուղղած կոչը․ «թոյլ չտալ որ երկիրը անդնդասոյզ ըլլայ, այլ զարկ տայ վերականգնումի ուղեւորութեան»։

«Սուրբ Աթոռին առաջնային մաղթանքն է, որ այս հաւաքը տնտեսական օժանդակութիւն մատուցելով Երկրին, խթանէ նաեւ պայմանները, որպէսզի Լիբանանը աւելիով անդնդասոյզ չըլլայ այլ սկսի վերականգնումի ու վերելքի նոր ճանապարհ մը՝ որ նպաստաւոր ըլլայ բոլորին համար» ըսաւ ի մէջ այլոց Վատիկանի դիւանագէտը։

► 350 միլիոն տոլար

Վերոնշեալ հաւաքին նպատակն է Լիբանանին համար հաւաքել 350 միլիոն տոլար դիմագրաւելու համար Երկրին ու ժողովուրդին անմիջական կարիքները։

Վատիկանի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսին ձեռնարկը կազմակերպելուն համար ու շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ միջազգային հասարակութեան որ «արագ, անմիջական ու վեհանձնութեամբ գործի լծուեցաւ օգնութեան հասնելու համար Պէյրութի բնակչութեան», այս ծիրէն ներս մատնանշելով նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ հաստատութիւններուն մատուցած մարդասիրական ծառայութիւնները։

► Լիբանանի համակեցութեան կոչումը

«Լիբանանը մեծ երկիր մըն է` որ կը վկայէ դարերու հոլովոյթին ամրապնդուած համակեցութեան եզակի փորձառութիւն մը եւ այս պատճառով ալ կարելի չէ զայն մինակ թողուլ ճակատագրի տարուբերումներու ու սեփական շահեր փնտռող ցանցերուն մէջ» նշեց գերապայծառ Վաչովսքի իր ելոյթին մէջ, աւելցնելով «Լիբանանը երկիր ըլլալէ աւելին է, ան տիեզերական պատգամ է խաղաղութեան եւ եղբայրութեան որ կը բարձրանայ Միջին Արեւելքէն» ինչպէս վերջերս յիշած էր Ֆրանչիսկոս Պապը եւ անորմէ առաջ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ։

«Անհրաժեշտ ու հիմնական է առ այդ որ Լիբանանը շարունակէ ապրիլ իր այս յատուկ կոչումը եւ որպէսզի այս մէկը իրականացուի կարիքը կայ բոլորի յանձնառումին ու հարկաւոր է, ինչպէս նշեց միշտ եւ վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապը որ «անոնք որոնք իշխանութեան տէր են, իրենք զիրենք դնեն ի սպաս խաղաղութեան իսկական ծառայութեան եւ ոչ թէ սեփական շահերուն։ Բաւ է քիչերուն շահերը շատերու մաշկին վրայ» շեշտած էր Սրբազան Պապը»։

► Օգնել լիբանանին շօշափելի արարքներով

«Օգնենք Լիբանանին որպէսզի այս ծանր տագնապին համար գտնէ ելքի ճամբայ» եղաւ հուսկ Վատիկանի դիւանագէտին կոչը։ Օգնենք անոր ժողովուրդին չի կորսնցնելու յոյսը եւ լիբանանցիներուն տանք հնարաւորութիւն դառնալու դերակատարներ իրենց հայրենիքին աւելի լաւ ապագայի մը համար, առանց անհարկի միջամտութիւններու։ Օժանդակենք Լիբանանին վերսկսելու համար Յարութեան ուղեւորութիւն մը` շօշափելի արարքներով» կոչ ուղղեց Գերապայծառ Վաչովսքի անգամ մը եւս մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան

ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԸ ԵՒ ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԵՐԿԻՐԸ
Հայր ԳԷՈՐԳ Եպիսկ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հինգշաբթի 1 Յուլիս 2021-ը եզակի թուական մը եղաւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար, որոնք տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններ կ’ապրին: Այդ օրը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Լիբանանի համայնքներու հոգեւոր պետերը, որպէսզի միասին աղօթեն տառապեալ Լիբանանին համար, որմէ ետք առիթ տրուեցաւ, որպէսզի համայնքապետերը լիբանանեան տագնապին առնչութեամբ իրենց տեսակէտները յայտնեն Սրբազան Քահանայապետին:

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Լիբանանի հանդէպ տածած այս յատուկ հոգատարութիւնը անսովոր երեւոյթ մը չէ: Ան իր նախորդներուն նման եւ անոնց ոտնահետքերուն հետեւելով, միշտ սէր եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Լիբանանի հանդէպ: Բոլորս կը յիշենք Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետին կազմակերպած յատուկ սիւնհոդոսը Լիբանանի համար: Կը յիշենք նաեւ իր՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի (10-11 Մայիս 1997) եւ Պենետիկդոս ԺԶ (14-16 Սեպտեմբեր 2012) Պապերուն օրհնաբեր այցելութիւնները Լիբանան: Չմոռնանք նաեւ 2 Դեկտեմբեր 1964-ին Պօղոս Զ. Քահանայապետին պատմական այցը Լիբանան եւ այդ առիթով իր արտասանած պատգամը Լիբանանի օդակայանին մէջ: Այս բոլոր իւրայատուկ եւ օրհնեալ թուականներուն այսօր կ՛աւելնայ նաեւ 1 Յուլիս 2021-ը:

Թէեւ լիբանանեան եւ միջազգային լրատուամիջոցները ուշադրութեամբ հետեւեցան այս եզակի հանդիպումին, սակայն չյաջողեցան ըմբոշխնել անոր կարեւորութիւնը: «Թէեւ շնորհակալ ենք Սրբազան Քահանայապետին այս անդրադարձին համար» ոմանք ըսին Լիբանանի մէջ, աւելցնելով որ «սակայն աղօթքը շատ բան չի կրնար փոխել»: Նման արտայայտութեամբ հանդէս եկողները չէին հասկցած թէ աղօթքը զօրութիւն ունի նոյնիսկ պատմութեան ընթացքը փոխելու: Սուրբ Կոյսը անընդհատ կը քաջալերէ հաւատացեալները, որպէսզի յարատեւ աղօթեն, նամանաւանդ Վարդարանը, որովհետեւ ան կրնայ պատերազմներ կասեցնել: Սուրբ գիրքի թելադրանքն է, որ որեւէ բանի ձեռնարկելէ առաջ, նախ աղօթենք եւ Տիրոջ օրհնութիւնը, ուղղութիւնը եւ զօրութիւնը հայցենք: Կրնամ երկար խօսիլ սուրբերու փորձառութեան մասին աղօթքի կապակցութեամբ, բայց կ’ուզեմ բաւարարուիլ շեշտելով անոր կարեւորութիւնը ու զօրութիւնը մեր կեանքերէն ներս:

Հարկ է յիշել նաեւ, որ Սրբազան Քահանայապետին այս անդրադարձը բոլոր միջազգային ուժերու հայեացքը դարձուց դէպի Լիբանան: Այս քայլը եղաւ աղաղակ մը ուղղուած մեծ երկիրներու, որպէսզի աւելի ջանք թափեն Լիբանանի տագնապը լուծելու ուղղութեամբ:

Սակայն ինչո՞ւ Ս. Աթոռը այս հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերէ Մայրիներու Երկիր՝ այս փոքր աշխարհարարն տարածքին նկատմամբ:

Ս. Աթոռը միշտ եղած է տառապեալ ազգերու եւ ժողովուրդներու կողքին, ինչ կրօնի ալ պատկանին անոնք: Պատշաճ է աւելցնել, թէ ան առաւել եւս նեցուկ պիտի կանգնէր քրիստոնեաներուն: Արդեօ՞ք կրնանք մենք՝ հայերս մոռնալ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կատարած պատարագը Վատիկանի մէջ, եւ ասոր դրական արձագանգները հայ ազգին ի նպաստ: Այսպէս, ան միշտ նեցուկ կանգնած է բոլոր կրօններու եւ ժողովուրդներու:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, Ֆրանչիսկոս Պապը (նման իր նախորդներուն), ուզեց լիբանանցիներէն, որ անդրադառնան իրենց ունեցած եզակի դերին, Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն համար: Լիբանանի կայունութիւնը զօրաւոր թիկունք է շրջանի բոլոր տառապեալ քրիստոնեաներուն: Այս պատճառով Ս. Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետը զայն՝ Լիբանանը կոչեց առաւել քան հայրենիք մը, ան առաքելութիւն է եւ պատգամ ըսաւ ան: Այս առաքելութիւնը նախ ներքին է, սէր եւ համերաշխութիւն տարածելով: Ապա արտաքին է, համերաշխ կենակցութեամբ օրինակ ըլլալով այլոց, ինչպէս նաեւ թիկունք կենալով շրջանի քրիստոնեաներուն:

Չմոռնալու համար մեր կոչումը որպէս լիբանանցիներ, պէտք է վերադառնանք այս երկիրը իրենց արիւնով ոռոգած սուրբ նահատակներու կտակին, որով կարողացանք գոյատեւել այս Արեւելքի մէջ, պատմութեան փոթորիկներու դիմաց:

Ցաւ ի սրտի մեր հայ կաթողիկէ եկեղեցին չկրցաւ մասնակցիլ վերոյիշեալ հանդիպումին, պատրիարքական ընտրութիւններով զբաղ ըլլալուն պատճառաւ: Սակայն սիւնհոդոսի հայրերը իրենց աղօթքներով միացան բոլոր քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:

Շնորհակալութի՛ւն Սրբազան Քահանայապետին իր ցուցաբերած սիրոյն համար հանդէպ Լիբանանին, եւ կը վստահեցնենք որ ընդառաջելով իր նախաձեռնութեան, պիտի շարունակենք աղօթել եւ գործել մինչեւ Լիբանանը գտնէ իր խաղաղութիւնն ու հանգիստը:

«ԱՂՕԹԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՑՈՅՑ ՏԱՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ԻՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ»
«Միւս օրը, Հինգշաբթի մէկ Յուլիսին, այստեղ Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանին նուիրուած խորհրդածութեան եւ աղօթքի յատուկ օր մը։ Մայրիներու Երկին մէջ ներկայութիւն ունեցող եկեղեցիներու բոլոր հովուապետերու հետ միասին, թոյլ պիտի տանք ներշնչուելու Սուրբ Գիրքի Խօսքէն, որ կ’ըսէ. «Տէր Աստուած ունի խաղաղութեան ծրագիրներ»։

Կը հրաւիրեմ բոլորդ հոգեպէս միանալու մեզի, աղօթելով որպէսզի Լիբանանը վերականգնի իր ապրած ծանր տագնապէն ու աշխարհին դարձեալ ցոյց տայ իր խաղաղութեան եւ յոյսի դիմագիծը»։ Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը՝ 29 Յունիսին Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին՝ ակնարկելով երկու օր ետք Վատիկանի մէջ կայանալիք Լիբանանի Քրիստոնեայ հասարակութիւններու Ղեկավարներու Ժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հովուապետերը։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Լիբանանի Համար աղօթքի օրուան աւարտին «ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ՝ ՈՉ ԹԷ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԵԱՆ»
Հինգշաբթի մէկ Յուլիսին Վատիկանի մէջ կայացած Լիբանանի Քրիստոնեայ համայնքներու հովուապետերու աղօթքի եւ խորհրդածութեան միօրեայ հաւաքը իր աւարտին հասաւ միեւնոյն երեկոյեան ժամը 6-ին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կայացած համամիութենական աղօթքով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի մէջ ապրող Լիբանանցի կղերական դասը եւ հաւատացեալները։

Աղօթքը եզրափակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկաներուն ուղղած պատգամով որուն սկիզբը Ան նշեց թէ ինք իր սրտին մէջ կը կրէ Լիբանանը եւ թէ իր փափաքն է այցելել Մայրիներու երկիրը, որուն համար մտահոգ է ի տես անոր ապրած ծանր տագնապին։

Ներողութիւն սխալներուն համար

Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքի մասնակցողներուն «որոնք անմիջապէս ընդառաջեցին հրաւէրին եւ եղբայրական բաժնեկցութեան» ըսաւ Ան դիտել տալով որ իրենց աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան ընթացքին ջանացին կողմնորոշուիլ Աստուծոյ լոյսին տակ ու այդ լոյսին ներքոյ ամէնէն առաջ գտան «պղտորութիւններ», որոնք գործուած սխալներն են, «երբ հետեւողականութեամբ չի վկայեցին Աւետարանը» ըսաւ Սրբազան Պապը ի սրտէ ներողութիւն հայցելով այդ սխալներուն համար։

«Օգնէ ինծի Տէր»

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ Լիբանանի տառապող ժողովուրդին աղաղակը նմանցուց այն կնոջ աղաղակին որ Սիտոնի մօտ հանդիպեցաւ Յիսուսին անորմէ թախանձագին խնդրելով որ «օգնէ ինծի տէր»։

«Լիբանանի ժողովուրդը որ յուսախաբ եւ ուժասպառ է, կարիքը ունի վստահութիւններու, յոյսի եւ խաղաղութեան» ընդգծեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ իրենց աղօթքով ընկերացան այդ աղաղակին եւ ասկէ մեկնելով խրախուսեց «չյուսահատիլ եւ չյոգնիլ Միջին Արեւելքին ու Լիբանանին համար Երկինքէն հայցելու խաղաղութիւնը»

Քահանայապետը հուսկ Լիբանանը որակելով «քաղաքակրթութեան եւ հոգեւորականութեան գանձ, որ դարերու հոլովոյթին ճառագայթեց իմաստութիւն եւ մշակոյթ եւ որ կը վկայէ խաղաղ համակեցութեան եզակի փորձարարութիւն», նկատել տուաւ թէ «կարելի չէ զայն լքել իր բախտին կամ ձեռքերուն մէջ անոնց որոնք անբարեխիղճ կերպով կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը»։

Խաղաղութեան եւ եղբայրութեան համաշխարհային պատգամ

«Լիբանանը փոքր ու մեծ երկիր ըլլալէն աւելի խաղաղութեան եւ եղբայրութեան համաշխարհային պատգամ է, որ կը բարձրանայ Միջին Արեւելքէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու շեշտը դրաւ աղօթքի օրուան բնաբանին վրայ «Աստուած ունի խաղաղութեան ծրագիրներ» ։

«Խաղաղութեան եւ ոչ թէ դժբախտութեան ծրագիրներ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու «մենք այս դժբախտ օրերուն կ’ուզենք բոլոր մեր ուժերով հաստատել որ Լիբանանը է ու կը մնայ խաղաղութեան ծրագիր» աւելցուց Ան։

Անոր կոչումն է ըլլալ երկիր բազմազանութեան եւ հանդուրժողականութեան, ովասիս եղբայրութեան` ուր տարբեր կրօններ եւ դաւանանքներ իրարու կը հանդիպին, ուր գոյութիւն ունին տարբեր հասարակութիւններ որոնք կը գերադասեն ընդհանուր բարիքը մասնակի առաւելութիւններուն վրայ։

Ծառայել խաղաղութեան

«Ասոր համար հիմնական է, որ անոնք որոնք իշխանութեան տէր են իրենք զիրենք դնեն խաղաղութեան իսկական ծառայութեան մէջ եւ ոչ թէ անձնական շահերուն տակ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դատապարտելով «Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի շահագործումը ի նպաստ արտաքին շահերուն»։

Արմատանալ տարեցներու խաղաղութեան երազներուն մէջ

«Հարկաւոր է լիբանանցիներուն տալ հնարաւորութիւն ըլլալու աւելի լաւ ապագայի մը դերակատարները իրենց հողերուն վրայ առանց աւելորդ միջամտութիւններու» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ճառը շարունակեց խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն որոնք դարերու ընթացքին ու յատկապէս դժուար պահերու ընթացքին յատկանշուեցան ճարպիկութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ։

«Ձեր բարձր մայրիները, երկրի խորհրդանիշը, կ’արտայայտեն եզակի պատմութեան ծաղկուն հարստութիւնը եւ կը յիշեցնեն թէ խոշոր ճիւղերը կու գան միայն խոր արմատներէն» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով «արմատանալ տարեցներու խաղաղութեան երազներուն մէջ»։

Կոչ բոլոր լիբանանցիներուն

«Երբեք այսօրուայ նման չէինք հասկցած թէ կարելի չէ փրկուիլ առանձին եւ ասոր համար կոչ կ’ուղղենք բոլորիդ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը.

«Կոչ կ’ուղղենք ձեզի քաղաքացիներուդ. Մի յուսալքուիք, մի յուսահատիք, ձեր պատմութեան մէջ վերագտէք յոյսը նորէն ծաղկելու։

«Ձեզի քաղաքական ղեկավարներ. Որպէսզի ձեր պատասխանատուութիւններու հիման վրայ, գտնէք արագ եւ կայուն լուծումներ՝ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ներկայի հարցերուն յիշելով որ չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան։

«Ձեզի սփիւռքի սիրելի լիբանանցիներ, որպէսզի ձեր երկրին ծառայութեան տակ դնէք ձեր ամենալաւ կենսամիջոցներն ու ուժերը։

«Ձեզի միջազգային հասարակութեան անդամներ. Միասնական ջանքերով թող հաստատուին պայմաններ որպէսզի Երկիրը դէպի անդունդ չընթանայ, այլ վերսկսի վերականգնումի ուղի մը։ Այս մէկը բարիք պիտի ըլլայ բոլորին համար»։

Ապագան խաղաղ կ’ըլլայ միայն եթէ միասնական է

«Խաղաղութեան եւ ոչ թէ դժբախտութեան ծրագիրներ։ Որպէս Քրիստոնեաներ մենք կ’ուզենք այսօր նորոգել մեր յանձնառումը միասնաբար կառուցելու ապագայ մը, որովհետեւ ապագան խաղաղ կ’ըլլայ միայն եթէ միասնական է» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ քրիստոնէական տեսութիւնը ի յայտ կու գայ Երանութիւններէն, եւ մենք քրիստոնեաներս՝ կանչուած ենք ըլլալու խաղաղութեան սերմնացաններ, եղբայրութեան արհեստաւորներ ու պէտք չէ փախուստ տանք ներկայի պատասխանատուութենէն, ու մշակենք ապագայի վրայ յոյսի հայեացք մը»։

Միակ ուղին խաղաղութեան ուղին է

«Մենք կը հաւատանք որ Աստուծոյ ցոյց տուած միակ ուղին խաղաղութեան ուղին է։ Ասոր համար կ’ուզենք մեր իսլամ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ինչպէս նաեւ այլ կրօններու անդամներուն ապահովցնել բացուածք եւ տրամադրութիւն համագործակցութեան կերտելու համար եղբայրութիւնը եւ խթանելու խաղաղութիւնը»։

«Խաղաղութիւնը, արդարեւ, կարիքը չունի յաղթողներու եւ պարտուողներու, այլ եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք հակառակ անհասկացողութիւններուն ու անցեալի վէրքերուն, կը քալեն հակամարտութենէն դէպի միութիւն»։

Գիշերային սեւ վարագոյրէն անդին մեզ կը սպասէ լուսաբացը

«Խաղաղութեան եւ ոչ թէ դժբախտութեան ծրագիրներ. այսօր մերը դարձուցինք Ժպրան Խալիլ Ժպրան բանաստեղծին յոյսով լի խօսքերը. «Գիշերային սեւ վարագոյրէն անդին մեզ կը սպասէ լուսաբացը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով պատանիներուն որոնք արարողութեան ընթացքին հովուապետերուն յանձնեցին վառուած լապտերները ու հաստատելով թէ ճիշդ իրե՛նք՝ երիտասարդներն են այդ լապտերները, որոնք կը վառին խաւար այս պահու ընթացքին։

Երիտասարդներէն է որ կ’անցնի երկրին վերածնունդը

Սրբազան Պապը հրաւիրեց առ այդ մեծ ուշադրութիւն յատկացնել նոր սերունդին, նկատի առնելով անոնց երազները եւ յոյսի ձգտումները «որովհետեւ անոնցմէ է որ կ’անցնի երկրին վերածնունդը»։ Ան ապա մատնանշեց նաեւ կիներուն ու անոնց կարեւոր դերակատարութիւնը մտաբերելով Հարիսայի Տիրամայրը՝« բոլորին մայրը որ իր հայեացքով եւ բազկատարած բազուկներով կ’ողջագուրէ բոլորին յոյսերը»։

Թող Լիբանանը վերսկսի ճառագայթել խաղաղութեան լոյսը

Մեկնելով բանաստեղծին խօսքերը Սրբազան Պապը նշեց, թէ «պէտք է ընդունինք որ արշալոյսին հասնելու համար ուրիշ ճանապարհ չկայ եթէ ոչ գիշերը։ Եւ այս տագնապի գիշերուան մէջ պէտք է որ միացած մնանք»։ Ան ապա հրաւիրեց «ամէն ջանք եւ յանձնառում յանձնել Յիսուսին` Խաղաղութեան Իշխանին, որպէսզի Նարեկացիին խօսքերով «սպառի հակամարտութիւններու աղջամուղջը եւ ծագի յոյսի արշալոյս մը»։ Թող դադրին թշնամութիւնները ու մար մտնեն տարաձայնութիւնները եւ Լիբանանը վերսկսի ճառագայթել խաղաղութեան լոյսը։

ՌՈՊԵՐԹ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ՝ «ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Կ’ԱՂՕԹԷ ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ»
Երեքշաբթի 6 Յուլիս 2021-ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք համախմբուած էին Լիբանանի Զմմառու դարաւոր մայրավանքին մէջ ընտրելու համար երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յղեցին նամակ մը, որ կը կրէ սիւնհոդոսի նախագահ Արհի. Գերապայծառ Պետրոս Միրիաթեանի ստորագրութիւնը եւ որուն մէջ անոնք շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեն Նորին Սրբութեան վստահեցնելով իրենց ու համայն հայ ազգին աղօթքները։

«Հազիւ թէ իմացանք ձեր հիւանդանոց փոխադրուելուն լուրը վիրաբուժական միջամտութեան մը համար, մեր բոլորին մտածումն ու աղօթքը, ընկերացած մեր հաւատացեալներու աղօթքին, որոնք կը գտնուին Մայր Հայրենիքի թեմերուն մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհ, բարձրացան դէպի Երկնաւոր Հայրը, յետ-վիրաբուժութեան արագ եւ հոյակապ վերականգնումի մը համար» կը կարդանք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն Քահանայապետին ուղղած նամակին մէջ։

Հուսկ նշելով պատարագի ընթացքին Քահանայապետին դիտաւորութեան արտասանուած յատուկ աղօթքը, եպիսկոպոսները ընդգծեցին թէ իրենք մասնաւորապէս կ’աղօթեն Տիրոջ, որպէսզի ստեղծագործ Սուրբ Հոգիի զօրութեան միջոցաւ, թիկունք կանգնի Նորին Սրբութեան իր տիեզերական եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած վսեմ առաքելութեան ու յատկապէս Եկեղեցւոյ մէջ բարեկարգումներու իրականացման մէջ։

Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները հուսկ հայցեցին Քահանայապետին հայրական օրհնութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան վրայ ու դարձեալ ապահովցուցին իրենց թախանձագին աղօթքները անոր շուտափոյթ ապաքինումին ու վերականգնումին համար։

Արամ Ա. Կաթողիկոս շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապին

Վատիկանէն վերադարձին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին նամակ մը յղեց իր շնորհակալութիւնը յայտնելու անոր ջերմ հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպման մասնակցութեան եւ Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար։

Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծելով Վատիկանի ժողովին աշխատանքը՝ ըսաւ, որ ա) անիկա գործնապէս արտայայտեց եկեղեցիներու սերտ գործակցութիւնը հասարակաց մտահոգութիւններուն գծով. բ) միջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնեց Լիբանանի տագնապին շուտափոյթ լուծում գտնելու անյետաձգելի հրամայականը. գ) վերահաստատեց Վատիկանի ցուցաբերած յատուկ զգայնութիւնը ու զօրակցութիւնը Լիբանանի նկատմամբ եւ դ) կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն կարելի փութով նոր կառավարութիւն կազմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական հետզհետէ աճող դժուարութիւններուն առաջքը առնել։

Այս առիթով, Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապին, որ ենթարկուած էր վիրաբուժական գործողութեան։

Աղբիւր՝

Անթիլիասի Կաթողիկոսարան

ՀՈԳԵՒՈՐ ՇԻԹԵՐ
Պարբերական սէրը գոյութիւն չունի… ո՛չ ալ՝ հատուածային սէրը։

Սէրը լիակատար է։

Հետեւաբար, երբոր սիրես՝ ի սպառ սիրէ։

Աչքերուն մէջ նայէ անոր, որ դիմացդ է։

Որովհետեւ, արտաքին երեւոյթները խաբէական կրնան ըլլալ.

Շարժուձեւերը՝ նենգել, խօսքերը՝ շլացնել…

Մինչդեռ աչքերը՝ բաց գիրք մըն են։

Դժոխքը տարանջատումն է Աստուծմէ։

Կը նշանակէ՝ մերժել Աստուծոյ սէրը։

Այ՛ս է դժոխքը։

Ով որ դատարկ բաներու հետամուտ կ’ըլլայ,

Ի՛նք եւս դատարկութեամբ կ՚անէանայ։

Աստուած չի՛ յոգնիր երբեք ներում շնորհելէ։

Մենք ենք, որ կը յոգնինք եւ իր գթութիւնը չենք հայցեր։

Մեղաւոր ըլլալը չէ՛ հարցը։

Հարցը այն է, որ չենք զղջար մեղքին վրայ։

Երկու գայլ կայ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ։

Առաջինը՝ բարկութիւն, ատելութիւն, քինախնդրութիւն,

Երկիւղ եւ ապերջանկութիւն կը կոչուի։

Երկրորդը կը կոչուի սէր, յոյս, ուրախութիւն ու վեհանձնութիւն։

Եւ գիտե՞ս, ով ի վերջոյ յաղթական կը հանդիսանայ։

Ան, որուն սնունդ կը հայթայթես։

Աստուծոյ սէրը անյողդողդ է ու ապահով,

Ինչպէս ծովուն խարակները,

Որոնք դէմ կը կենան մոլեգին ալիքներուն։

Եթէ Յիսուսի մէջ է խարսխուած իմաստը մեր կեանքին,

Այն ատեն չենք կրնար անտարբեր մնալ անոր հանդէպ,

Որ կը տառապի. անոր հանդէպ, որ տխուր է։

Աշխարհը կը դրդէ մեզ, որ յաջողութիւն,

Իշխանութիւն եւ դրամ որոնենք։

Աստուած, մինչդեռ, կը հրահրէ մեզ, որ խոնարհութիւնը,

Ծառայութեան ոգին ու սէրը փնտռենք։

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ

Ճառեր, Քարոզներ (Քաղուածք)

Հայացուց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐԸ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
Վսեմափայլ Գերապայծառ Պետրոս Միրիաթի

Կառավարիչ Կիլիկիոյ Հայոց Պատրիարքական Եկեղեցւոյ

Լաւապէս կը յիշեմ թէ երբ 2015-ի ամառը ան ընտրուեցաւ, ընդունելէ առաջ պաշտօնը, ինձմէ խնդրեց յատուկ օրհնութիւն մը, որպէսզի հակառակ իր յառաջացած տարիքին, կարենայ կառավարել Պատրիարքական Եկեղեցին։

Այնուհետեւ, հանդիպումի բազմազան առիթներ եղան։ 2015-ի Սեպտեմբերի 7-ին, Հռոմի մէջ միասին համապատարագեցինք, որուն ընթացքին Եկեղեցական հաղորդութիւնը ծանուցուեցաւ. միասին բարձր բռնեցինք Քրիստոսի Մարմինը եւ Քրիստոսի Արիւնը՝ տեսանելի նշանը որ Եկեղեցիէն ներս ամէն սպասարկութեան հիմը հաճութիւնն ու համակերպումն է Խաչեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսին։ 2016-ին ան ինծի ուղեկցեցաւ Հայաստան կատարածս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, եւ յատկապէս Կիւմրիի մէջ, Պատրիարքական Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի եղբայրակից եպիսկոպոսներուն հետ, երբ կ’այցելէի Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներու Թեմի Մայր Եկեղեցին։ Նաեւ 2018-ին Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութեան ընթացքին։

Բազմաթիւ են յատկանշական պահերը, որոնք առիթ ընծայեցին ինծի մօտիկ ըլլալու Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին ու անոր հետ՝ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին, որ այնքան տառապեցաւ իր պատմութեան ընթացքին, սակայն միշտ հաւատարիմ մնաց Փրկիչ Քրիստոսի հաւատքի իր դաւանանքին։

Այս բոլոր տարիներու ընթացքին, իբրեւ ուշադիր Հովիւ, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքական եկեղեցիին, կապեր հաստատելով քաղաքացիական ու եկեղեցական տարբեր կառոյցներուն հետ, զօրավիգ կանգնելու համար ամէնէն աւելի տառապող բնակչութեանց զօրակցութեան կարգ մը նախաձեռնութիւններու, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Մասնաւորաբար, ան սրտանց աշխատեցաւ իր լուսամիտ նախորդի՝ Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի բացումին համար։

Երկրային իր առաքելութեան վերջին շրջանին, ան արժանապատուութեամբ դիմագրաւեց իր ֆիզիքական ուժերու աստիճանական նուազումը եւ պատասխանատուութեան զգացումով խղճամտօրէն ինքն իրեն հարց տուաւ թէ դեռ եւս կարո՞ղ է որպէս Պատրիարք կառավարել Հայոց Եկեղեցին. Տէրը պատասխանեց անոր, վերջին անգամ ըլլալով անոր ուղղելով իրեն հետեւելու կոչը։

Հանգուցեալ Հայրապետին հոգին կը յանձնենք Աստուծոյ Ողորմութեան, ուր վստահ ենք որ իրեն կ’ուղեկցի Աստուածամօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ հայ բոլոր սուրբերուն ու նահատակներուն բարեխօսութեան աղօթքը։

ՖՐԱՆՍՈՒԱ

Հռոմ, Լաթրանի Սուրբ Յովհաննէս,

29 Մայիս 2021

«ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.Ի ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ ՄԻԱՀԻՒՍՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՏԱՌԱՊՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՑԱՒԻՆ ՀԵՏ». ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻ
ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, 5 Յունիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան Հռոմի մայրավանքի շրջափակին մէջ, նախագահութեամբն վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ, եւ ի ներկայութեան ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան Տիար Կարէն Նազարեանի ու ՀՀ Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանութիւններու անձնակազմի անդամներուն ու հռոմաբնակ հայ հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ Գերաշնորհ Խաժակ Արքեպ. Պարսամեանի եւ Արեւելքի քոյր եկեղեցիներու եկեղեցական ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ զոր մատոյց Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր Գերյ. Հայր Նարեկ Նաամոյեանը ի հոգւոյն հանգստեան Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին։

► Կարդինալ Սանտրիի քարոզը

Սուրբ Զոհի ընթացքին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, որուն սկիզբը ան նշեց թէ մէկ շաբաթ առաջ Լիբանանի մէջ կայացած Գրիգոր Պետրոս Ի. Ղապրոյանի յուղարկաւորութենէն ետք, այսօր՝ որպէս Հռոմի Հայ Կաթողիկէ համայնք կը գտնուինք աղօթքի մէջ շարունակելու համար Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Հայր ու Գլուխ, մեր այս եղբօր հոգւոյն հանգստեան համար աղօթքները ու այս մէկը կը կատարենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ելն ի վիրապի տօնին օրը։

► Ղապրոյեան Հոգեւոր Տէրը ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ Խաչեալին

Կարդինալ Սանտրին ապա նշեց, թէ քրիստոնէական հոգեհանգիստի աղօթքը Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնէ ննջեցեալ եղբօր հոգին գթութիւն խնդրելով անոր հոգւոյն համար ու Քրիստոսին յիշեցնելով անոր ժողովուրդին ի սպաս նուիրումի ծառայութիւնը։ Ասկէ մեկնելով Ծիրանաւորը մասնաւորապէս շեշտը դրաւ երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ ապրած կեանքի վերջին հանգրուանին վրայ, որ ան անցուց հիւանդութեան մէջ եւ ֆիզիքական ուժերու տկարութեամբ ապրեցաւ ամբողջութեամբ Խաչեալին յանձնելով ոչ միայն ինքզինք այլ համայն Հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը» ըսաւ հուսկ Կարդինալ Սանտրի։

► Հայ Ժողովուրդի տառապանքը

«Մեր սիրելի եղբօր տառապանքը միահիւսուեցաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքի, իր ծննդավայր Սուրիայի եւ նաեւ Լիբանանի տառապանքին հետ, որ կը կռէ պատերազմի, բռնութեան, անկայունութեան ու նաեւ համաճարակին վէրքերը» աւելցուց ապա Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը, հրաւիրելով ներկաները իրենց սրտերուն մէջ խորհելու երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ հետ ունեցած հանդիպումի մասին ու բոլոր այդ պահերուն համար գոհաբանութիւն յայտնելու Աստուծոյ։

► Գրիգոր Պետրոս Ի.ի յանձառու աշխատանքը

Կարդինալ Սանտրի հուսկ յիշատակեց Գրիգոր Պետրոս Ի.ի՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հանրութեան ծանօթացնելու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Անոր Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումի գործընթացի ծիրէն ներս ներդրումներն ու վերջերս անոր կամքով սկիզբ առած Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի սրբադասման դատը։

► Նոր Պատրիարքի ընտրութիւն

Ծիրանաւորը քարոզին վերջին մասը նուիրեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին որ կոչուած է ընտրելու երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդը ու այս առնչութեամբ հոգեւոր միութիւնը արտայայտեց Արհի. Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանին ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կառավարիչին ու հրաւիրեց աղօթել, «որպէսզի սիւնհոդոսը ընտրէ Աստուծոյ կամքին համաձայն անձ մը, որ կարողանայ հաւատացեալներու սրտերը բարձրացնել դէպի Աստուած, նմանութեամբ հայ սուրբերուն, եւ քսաներորդ դարու բազմաթիւ հայ մարտիրոսներուն։

► Պահպանել հօտը միութեան եւ հաղորդութեան մէջ

«Պատրիարք մը, որ կարող ըլլայ պահպանել իր հօտը ու միութեան եւ հաղորդութեան մէջ արժեւորել Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արտակարգ կենսամիջոցները» ըսաւ Կարդինալ Սանտրի՝ Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան ու Մխիթարեան ուխտին ինչպէս նաեւ այլ միաբանութիւններու անդամ հայ քահանաներուն ու կրօնաւորներուն։

► Խոր Վիրապը, Արարատը եւ աղաւնիներուն թռիչքը

«Թող որ Սուրբ Հոգին Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին առաջնորդէ դէպի բարիի հորիզոն մը որ վստահաբար Տէրը կը պատրաստէ, եթէ մենք ունկնդրութեան մէջ մնանք Անոր հետ, յաղթահարելով մարդկային տրամաբանութիւնները։ Այդ պահուն մենք եւս Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի նման դուրս պիտի գանք խոր վիրապի բանտարկութենէն» նշեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը եւ ապա մաղթանք յայտնեց, որ մենք եւս՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նման, 2016-ին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան աւարտին, Խոր վիրապի վանքէն մեր աչքերը սեւեռենք Արարատ լերան, ու Անոր՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ միասին երկինք արձակած աղաւնիները ըլլան յոյս Հոգիին որ թռիչք պարգեւէ ձեր եկեղեցւոյ, յարեց Վսեմաշուք Կարդինալը ու քարոզը եզրափակեց վստահեցնելով որ «Մեր սիրելի Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքը վստահաբար պիտի բարեխօսէ մեզի համար այդ դիտաւորութեամբ»։

Վատիկան

1981-Ի 13 ՄԱՅԻՍԻՆ ԷՐ…
Որպէս Պապ ընտրութենէն երկուքուկէս տարի ետք, Յովհաննէս Պօղոս Բ․ ոճրափորձի մը ենթարկուեցաւ 13 Մայիս 1981-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։ Ոճրափորձը կատարողը կը կոչուէր Ալի Ակչա, 23 տարեկան թուրք մը, Գորշ Գայլերու անդամ։ Անոր արձակած երեք փամփուշտները վիրաւորեցին Պապը փորէն, աջ արմուկէն եւ ձախ ձեռքի ցուցամատէն։ Ոճրափորձին դրդապատճառը անծանօթ կը մնայ մինչեւ օրս։ Լեհ Քահանայապետը անմիջապէս ներեց ոճրափորձը կատարողին, եւ ոճրափորձէն հինգ օր ետք, 17 Մայիս 1981-ի Հրեշտակ Տեառն աղօթքին ժամանակ, Ճեմելլիի հիւանդանոցէն տուած պատգամին մէջ յայտարարեց․ «Կ’աղօթեմ զիս հարուածող եղբօր համար, որուն անկեղծօրէն ներեցի»։ Ապա, 27 Դեկտեմբեր 1983-ին Ան այցելեց Ալի Ակչային, որ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էր Իտալիոյ մէջ, սակայն 19 տարի ետք, 2000-ի Յունիսին ազատ արձակուեցաւ Մեծ Յոբելեանին առիթով, Իտալիոյ նախագահ Գարլօ Ազելիօ Գիամբիի կողմէ ստորագրուած ընդհանուր ներման շնորհիւ, Վատիկանի հաւանութեամբ։

Յովհաննէս Պօղոս Բ․ միշտ յայտնեց այն համոզումը որ իր կեանքը կը պարտի Տիրամօր միջամտութեան, եւ ուզեց որ անոր յիշատակին «Եկեղեցւոյ Մայրը» խորհրդանշող մոզայիքէ արձան մը կանգնեցուի տեսանելի վայրի մը մէջ։ 2․5 մեթր բարձրութեամբ արձանը կանգնեցուեցաւ 1981-ի Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին, Առաքելական Պալատի ճակատին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աջին։ Անոր վրայ արձանագրուեցաւ իր նշանաբանը «Totus Tuus»։

Ստորեւ՝ ողբերգական իրադարձութեան պահու նկարագրականն է որ կը կատարէ մեր պաշտօնակիցը, Vatican News-ի հայկական բաժնի տնօրէն Ռոպեր Աթթարեան։

ԽՄԲ.

40 տարիներ առաջ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի կ’ունենար Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Քահանայապետին դէմ ողբերգական մահափորձը։ Այդ Օրը դրոշմուեցաւ հաւաքական յիշողութեան մէջ, ուր սէրն ու աղօթքը յաղթեցին ատելութեան։

«Կան թուականներ, որոնք կապուած են որոշ իրադարձութեան, որոնք կը պատկանին ոչ միայն պատմութեան գիրքերուն, այլ անջնջելի կերպով քանդակուած են մեր կեանքի պատմութեան մէջ» կը գրէ Վատիկանի Հաղորդակցութեան գերատեսչութեան խմբագրական կազմի փոխ տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Քահանայապետին դէմ կատարուած մահափորձի 40 ամեակին նուիրուած իր յօդուածին մէջ։

Ան ապա դիտել կու տայ թէ այդ իրադարձութիւններուն հետքերը այնքան զօրեղ կերպով դրոշմուած են, որ «նոյնիսկ տարիներ ետք կը շարունակենք յիշել թէ ուր էինք եւ ինչ կ’ընէինք այդ պահուն երբ այդ իրադարձութեան լուրը մեզի հասաւ»։

13 Մայիս 1981-ը դրոշմուած պատմութեան մէջ

13 Մայիս 1981-ը անկասկած կարելի է համարել այդ թուականներէն մին։ Այդ օր, պատահածը, որ անկարելի եւ աներեւակայելի կը թուէր, ներխուժեց իրականութեան մէջ. Քահանայապետի մը դէմ մահափորձ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ։

Քառասուն տարի անց, այդ ողբերգական իրադարձութիւններուն վերյիշումը, այդ գարնանային կէսօրուան ճիչերն ու ձայները լսելը տակաւին սարսուռ կը պատճառեն։

Ժամը 17։19 անց է, երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ., Չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին հաւատացեալներուն միջեւ կատարած շրջանին բազուկներուն մէջ կ’առնէ փոքրիկ աղջիկ մը, ապա զայն կը յանձնէ իր ծնողաց։ Մի քանի ակնթարթեր եւ լսելի կ’ըլլայ կրակոցի մը ձայնը, ապա երկրորդ կրակոց մը։

Փորէն վիրաւորուած՝ Քահանայապետը ուժասպառ կ’իյնայ զինք փոխադրող սպիտակ անծածկ ինքնաշարժին մէջ։ Ներկաները հիասթափուած են: Սկիզբը չեն հասկնար պատահածը, չեն կրնար հաւատալ անգամ թէ այդ մէկը իրապէս պատահեցաւ։

Շատեր կը սկսին լալ, ուրիշներ ծնկաչոք կը սկսին աղօթել վարդարանը, որ իրենց հետ բերած էին որպէսզի զայն օրհնել տան Քահանայապետին։ Ոմանք կը յիշեն թէ 64 տարիներ առաջ ճիշդ այդ օր` 13 Մայիսին Սուրբ Կոյսը երեւցած էր Ֆաթիմայի փոքրիկ հովիւներուն։

«Բոլորովին քուկդ` Մարիամ» նշանաբանի Քահանայապետը Աստուծոյ Ժողովուրդին կողմէ կը յանձնուի Տիրամօր։ Եւ ճիշդ Տիրամօր միջամտութեան է որ Վոյթիլա Քահանայապետը կը վերագրէ իր փրկութիւնը։

Եթէ ձեռք մը ուզեց զինք սպաննել, այլ ձեռք մը, աւելի զօրեղ, փամփուշտը շեղեցուց ու փրկեց անոր կեանքը։

Այդ 13 Մայիսի յետմիջօրէին Վատիկանի հրապարակին վրայ սկիզբ առած աղօթքը շատ արագ կերպով կը ծաւալի ընդգրկելով համայն աշխարհը։

Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի յուշը

Աղօթողներու շարքին էր նաեւ Հայր Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն, Պուէնոս Այրէսի «San José» վարժարանի այդ ժամանակուայ տեսուչը։

Ան մեր հետ կը բաժնեկցի այդ 13 Մայիսի յիշատակը։ Կը գտնուէր Արժանթինի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ եւ այնտեղ է, որ Նուիրակութեան քարտուղարը` Գերապայծառ Քլուատիօ Մարիա Չելլի իրեն կը հաղորդէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի դէմ մահափորձին լուրը։

Հաւատացեալներու աղօթքը

Հաւատացեալներու աղօթքը չի դադրիր մինչեւ այն օրը երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի կեանքը վտանգէ դուրս կու գայ։ Այդ աղօթքը սակայն երբեք պակաս չեղաւ ու կերպով մը անոր աջակցեցաւ իր երկրային համայն կեանքի ընթացքին, մանաւանդ տառապանքի պահերուն, հիւանդութեան պահերուն, որ իր գագաթնակէտը գտաւ 2005-ի գարնան, երջանկայիշատակ սուրբին ապրած վերջին օրերուն, երբ միլիոնաւոր հաւատացեալներ ներխուժեցին Սուրբ Պետրոս հրապարակ իրենց որդիական մօտիկութիւնը արտայայտելու սրբակեաց Քահանայապետին։

Ռատիօ Վատիկանի աշխատակիցին վկայութիւնը

13 Մայիսի օրն ու պահը ապրեցաւ նաեւ Ռատիօ Վատիկանի երբեմնի աշխատակից Պենետեթթօ Նարտուչչին, որ կանչուած էր ուղիղ եթերով լուսաբանելու հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ անակնկալ կերպով ստիպուած եղաւ աշխարհին պատմել պատահածը։

«Առաջին անգամն ըլլալով Վատիկանի մէջ կը խօսուի ահաբեկչութեան մասին։ Կը խօսուի ահաբեկչութեան մասին քաղաքի մը մէջ որտեղէն միշտ ուղղուած են սիրոյ պատգամներ, պատգամներ համերաշխութեան, ուղերձներ ներդաշնակութեան» կ’ըսէ ան։

Ատելութենէն՝ սէր

Արդարեւ, այդ ահաւոր ոճիրին ատելութիւնը տպաւորիչ էր, բայց աւելի տպաւորիչ պիտի ըլլայ սիրոյ եւ գթութեան ուժը, որ լուսաւոր եւ խորհրդաւոր կերպով պիտի առաջնորդէ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի Քահանայապետութեան ու երկրային կեանքին ուղեւորութիւնը։ Այս մէկը ի յայտ կու գայ չորս օր ետք` երբ բուժման ենթարկուած Քահանայապետը Ճեմելլի հիւանդանոցի իր սենեակէն արտասանած «Ուրախ լեր Թագուհի» Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կը վստահեցնէ իր ներումը իր դէմ մահափորձ կատարողին, զայն կոչելով եղբայր։ Այո եղբայր։ Եւ այդ միասնական եղբայրութիւնը, որ արձանագրուած է Երկնքի մէջ պիտի ըլլայ դերակատար այլ մէկ թուականին` 27 դեկտեմբեր 1983-ին, երբ Սուրբ Քահանայապետը այցելութիւն կու տայ իր դէմ մահափորձը կատարած Ալի Աքչային, Հռոմի Ռեպիպիա բանտին մէջ։

Քահանայապետը այդ արարքով ուզեց փրկել կեանքն անոր որ իրմէ պիտի խլէր կեանքը։

Եղբայրութիւնը

«Հանդիպեցանք որպէս մարդիկ եւ եղբայրներ» հաստատեց Վոյթիլա Քահանայապետը հանդիպումի աւարտին, աւելցնելով` «բոլորս եղբայրներ ենք ու մեր կեանքի բոլոր իրադարձութիւնները պէտք է հաստատեն այդ եղբայրութիւնը, որ կը բխի այն իրականութենէն` թէ Աստուած մեր Հայրն է»։

Ահա այդ նոյն եղբայրութիւնն է, որ այսօր Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի ցոյց կու տայ, որպէս միակ ճանապարհ` մարդկութեան ապագային համար։

Քայլ դէպի եկեղեցական միութիւն. «ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՄԻԱՍԻՆ»
«Աղօթք Սուրբ Նահատակներու հետ միասին» այս է համամիութենական բնոյթ ունեցող եւ 25 Ապրիլ 2021-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առթիւ Հռոմի «Isola Tiberina» անուամբ կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնը որ կազմակերպուած էր Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդին եւ Հռոմի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան կողմէ։

Աղօթքի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ի մէջ այլոց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Սուրբ Աթոռի մշակութային խորհուրդի քարտուղար գերապայծառ Փոլ Թիկէ, Հայաստանի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհի․ Ռաֆայէլ Արք Մինասեան, Սուրբ Աթոռի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Անկլիքան Եկեղեցւոյ Սուրբ Աթոռի մօտ ներկայացուցիչ Գերապայծառ Եան Էրնեսթ, Մեթոտիստ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը՝ Վերապատուելի Մաթիու Լաֆերթի, Լուտերական Եկեղեցւոյ Հովիւ Միքայէլ Եոնաս, Ղպտի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը ու այլ եկեղեցականներ, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եւ հայ եկեղեցիներու հոգեւորականներու դասը ու Հռոմաբնակ հայորդիներ ու անոնց իտալացի բարեկամները։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ հանրապետութեան մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպանները՝ Տիար Կարէն Նազարեան ու Տիկին Ծովինար Համբարձումեան, որոնք բացման խօսքով հանդէս եկան ու ներկաներուն փոխանցեցին իրենց խօսքը, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու դիւանագիտական մարմնի անդամներ եւ իտալացի քաղաքական անձնաւորութիւններ։

֎ Սուրբ Բարթողոմէոս Եկեղեցին

Նշենք թէ Սուրբ Բարթողոմէոս Եկեղեցին յատուկ նշանակութիւն ունի հայութեան համար։ Նախ որովհետեւ Կարդինալ Աղաճանեան եղած է այդ Եկեղեցւոյ տիտղոսաւոր Ծիրանաւորը, ապա որովհետեւ այնտեղ, ի շարս Ի․ դարու քրիստոնեայ նահատակներուն, պահպանուած են նաեւ հայ նահատակներու մասունքները, (Տէյր էլ Զօրի անապատէն բերուած հայ նահատակներու մասունք մը եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Արքեպիսկոպոսին ձեռագիր մէկ նամակը), հուսկ Եկեղեցին երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի կամքով նուիրուած է Ի․ դարու քրիստոնեայ նահատակ մարտիրոսներուն։

֎Կարդինալ Քիւրդ Քոխին քարոզը

Աղօթքի արարողութեան ընթացքին յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանեց վսեմաշուք Կարդինալ Քիւրդ Քոխը` քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդին նախագահը։

Ան ակնարկեց «Հայ քրիստոնեաներու մեծ ու արիւնալի մարտիրոսութեան» ու աշխարհի մէջ այսօրուայ նահատակներուն, որոնք հալածուած են պարզապէս, որովհետեւ քրիստոնեայ են։

«Մարտիրոսութիւնը նշան է Քրիստոսին նկատմամբ սիրոյ եւ հաւատարմութեան ու ան կրնայ դառնալ միութեան սերմ մը» ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Քոխ յիշեցնելով, որ Յիսուս իր կեանքը նուիրելով խաչին վրայ, բռնութիւնը փոխակերպեց սիրոյ։

֎Հայ քրիստոնեաներու մեծ եւ արիւնալի նահատակութիւնը

«Քրիստոնէական մարտիրոսութեան յատկանշական նշանը սէրն է։ Որովհետեւ մարտիրոսը ի գործ կը դնէ սիրոյ յաղթանակը ատելութեան ու մահուան դէմ, ան ապա կը յայտնուի որպէս սիրոյ մեծագոյն արարք ի սպաս Աստուծոյ, եղբայրներուն եւ քոյրերուն» աւելցուց Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Քահանայապետական խորհուրդին նախագահը, որ քարոզին մէջ խօսեցաւ նաեւ Վատիկանի Բ․ Տիեզերական Ժողովին կողմէ հաստատուած «սիրոյ ծայրայեղ փաստի» մասին, «որ չի հայիր, ըսաւ Ան, միայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, այլ նաեւ քրիստոնեայ միւս հասարակութիւններուն ու եկեղեցիներուն», հաստատելով, որ այս «խոր ճանաչումը միշտ աւելիով ընդլայնուեցաւ քրիստոնեաներուն մէջ, մասնաւորապէս վերջին դարու ընթացքին, որուն սկիզբը տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հայերու այն մեծ եւ արիւնալի նահատակութիւնը, այդ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ընթացքին, որուն յիշատակութեան առթիւ այսօր հաւաքուած ենք աղօթքի մէջ։ Այդ ժամանակէն ի վեր քրիստոնէութիւնը դարձաւ անհամեմատելի չափով մարտիրոսութեան եկեղեցի»։

֎Քրիստոնեաները ամենաշատ հալածուած կրօնական խումբն են

«Արդարեւ, այսօր շատ աւելի նահատակներ կան քան առաջին դարերու ընթացքին տեղի ունեցած հալածանքներու նահատակներէն։ Հալածուածներուն ութսուն առ հարիւրը հալածուած են իրենց քրիստոնեայ հաւատքին համար» դիտել տուաւ Կարդինալ Քոխ նշելով նաեւ թէ այսօրուայ հալածուած քրիստոնեաները մաս կը կազմեն` ոչ միայն կաթողիկէ այլ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու հաստատեց՝ որ «Մարտիրոսութիւնը համամիութենական է» եւ թէ կարելի է խօսիլ «մարտիրոսութեան համամիութեան» մասին, որ կարող է դառնալ միութեան սերմ մը։

Հայերը առաջին քրիստոնեայ ազգ, որ հաւատարիմ մնաց իր հաւատքին

«Հայ նահատակները եղան անոնք՝ որոնք մեր աչքերը բացին ու մեզի յիշեցուցին թէ նահատակութիւնը քրիստոնէութեան լուսանցքային երեւոյթ մը չէ, այլ Եկեղեցւոյն հիմքն է: Նահատակը կը մեռնի սիրոյ համար, ոչ թէ գաղափարի, այլ «Քրիստոսի հետ», որ «արդէն մահացած է իրեն համար» ըսաւ Կարդինալ Քոխ մատնանշելով նաեւ հայերը՝ որպէս «առաջին քրիստոնեայ ազգ, որ հաւատարիմ մնաց իր առաքելական հաւատքին ու կեանքը տուաւ Քրիստոսին համար»։

«Անոնք Մարտիրոս եզրին յունական արմատի բառին բուն իմաստն են, այսինքն վկաներ, եւ վստահաբար ոչ միայն խօսքերով ՝ այլ գործնականապէս հաւատքի վկաներ» հաստատեց Կարդինալ Քոխ հուսկ քարոզը եզրափակեց նշելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթքով միացած է արարողութեան եւ իր օրհնութիւնները կը շնորհէ բոլորին։

֎Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի շնորհակալական խօսքը

Համամիութենական արարողութեան աւարտին խօսք առաւ նաեւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որուն ջանքերով կազմակերպուած էր աղօթքի երեկոն։ Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր ներկաներուն ու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն ընդգծելով թէ սոյն համամիութենական աղօթքը կարելի է համարել քայլ մը՝ դէպի եկեղեցական միութիւն ու մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին առթիւ՝ 12 Ապրիլ 2015-ին արտասանած խօսքերը եւ ելոյթը աւարտեց Նարեկացիէն քաղուած հետեւեալ աղերսական աղօթքով. «Յիշի՛ր, [Տէր,…] նրանց, ովքեր մարդկային ցեղում մեր թշնամիներն են, սակայն նրանց բարիքի համար. նրանց մէջ իրագործիր ներում եւ ողորմութիւն […] Մի՛ վերացնիր նրանց ովքեր ինձ կծոտում են. կերպարանափոխի՛ր: Արմատախիլ արա աշխարհիկ ախտաւոր ընթացքը եւ տնկիր բարին իմ եւ նրանց մէջ»։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ – Վատիկան