Օգոստոս 2020, թիւ 162 – Massis Magazine

«ԵԿԷ’Ք, ՄԻՒՍ ԿՈՂՄՆ ԱՆՑՆԻՆՔ»
ՍԵՊՈՒՀ Վրդ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Այնքան բազմացած են փոթորիկները լիբանանեան կեանքէն ներս, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, ֆինանսական, ապրուստային կամ առողջապահական, որ այլեւս լիբանանցին շուարած ու շփոթահար վիճակի մէջ, միայն անորոշութեան կը սեւեռէ իր ակնարկը, թերեւս սպասելով յոյսի նշոյլ մը, որ տարիներէ ի վեր կը մնայ մթագնած՝ փտածութեան լուծին ներքեւ։ Կը թուի թէ լիբանանցիին վիճակուած է մշտական անապահովութեան ու նուաստացումի բեռին տակ մնալ։

Սակայն, հակառակ այս յուսահատ ու յուսալքուած մթնոլորտին, Քրիստոս կ’առաջարկէ մեզի արմատական փոփոխութիւն մը կատարել, հետեւելով իր կոչին որ կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, միւս կողմն անցնինք» (Մարկոս 4, 35)։ Մարկոս աւետարանիչը կը պատմէ թէ Յիսուս երբ կ’աւարտէ իր բացատրական քարոզը Աստուծոյ Արքայութեան մասին, կը խնդրէ իր աշակերտներէն նաւարկելով միւս կողմը անցնիլ։ Մինչ կը նաւարկէին, ամեհի մրրիկ մը կը ծագի, ալիքները կը խուժեն նաւակին կողմը, որ կը սկսի ջուրով լեցուիլ։ Աշակերտները վախէ մղուած, ամէն ջանք կը թափեն ազատելու այս վիճակէն մինչ Յիսուս նաւակին ետեւի կողմը կը քնանար։ Անոնք զինք արթնցնելով կ’ըսեն. «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կորսուինք»։ Յիսուս արթննալով կը սաստէ հողմին եւ ծովին ըսելով. «Հանդարտէ՛ եւ լուռ կեցի՛ր»։ Փոթորիկը կը դադրի։ Այն ատեն աշակերտներուն կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք» (Մարկոս 4,35-40)։

Այսօր Լիբանանը այս միեւնոյն փոթորկալի վիճակը կ’ապրի։ Ամէն մարդ ընկղմելու վախի մէջ է։ Անորոշութեան մէջ կը տարուբերի։ Չեմ գիտեր եթէ այս բոլորը կը պատահի որովհետեւ Քրիստոս խնդրեց մեզմէ մեր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ անձնական կեանքերուն միւս ափը անցնիլ, լքելով ամէն տեսակի փտածութիւն, որոնց մէջ ընկղմած ենք, եւ ուրիշները կ’ընկղմեցնենք։ Չեմ գիտեր նաեւ եթէ Քրիստոս այսօր եւս կը քնանայ լիբանանցիները փոխադրող նաւուն մէջ։ Սակայն միակ բանը որմէ ապահով եմ, այն է որ մենք եւս կանչուած ենք բացագանչելով աղօթելու աշակերտներուն նման՝ ըսելով. «Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞։ Վարդապե՛տ մենք մեր ամբողջ վստահութիւնը քու վրադ դրած ենք, որովհետեւ միակ արդարը դուն ես, եւ միայն քու մէջդ կը գտնենք մեր ապահովութիւնը։ Վարդապե՛տ, մենք չենք ուզեր կորսուիլ այսօրուան փարիսեցիներուն ովկիանոսին մէջ։ Վարդապե՛տ, ամէն ոք մեզ կը համոզէ թէ միայն հաւատալով պիտի փրկուինք, յուսալով պիտի վերապրինք, եւ սիրելով մեր մերձաւորը պիտի կերտենք նոր Լիբանանը, բայց անոնք տեղեակ չեն թէ մենք՝ լիբանանցիներս, միշտ հաւատացած ենք Քեզի, ու միայն Քեզի, միշտ մեր յոյսը դրած ենք քու վրադ, ու միան քու վրադ, միշտ փորձած ենք սիրով ապրիլ, հակառակ մեր բազմազանութեան, որ շատ աւելի կը դժուարացնէ միասնականութեան հոգիով ապրելու ձգտումը, սակայն գիտենք թէ այդպէսով է որ միայն կրնանք վկայել համայն աշխարհին թէ Լիբանանը միայն երկիր մը չէ, այլ՝ պատգամ, ինչպէս որ ըսաւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը։ Վարդապե՛տ, հասի՛ր մեզի»։

Քրիստոս մեզի յստակ ուղղութիւն մը կու տայ, ըսելով թէ մեր կեանքին միւս ափը անցնելու համար, հոն ուր մեզ կը սպասէ անդորրութունը, խաղաղութիւնը, նոր Լիբանանը, պէտք է նաւարկենք իր հետ միասին։

Կարդինալ Մար Պշարա Պութրոս Րաին խնդրեց Լիբանանը գործնականապէս չէզոքացնել, մեկնելով այն համոզումէն թէ այս ուղեգիծը որոշ ապահովութիւն ու անդորրութիւն կը հաստատէ երկրին մէջ, հեռու մնալով ամէն տեսակի պատերազմներէ, ինչպէս նաեւ արգելք կը հանդիսանայ ամէն տեսակի արտաքին միջամտութիւններու, որոնք կը նպատակադրեն գրաւել երկիրը, իշխել անոր վրայ եւ կամ շահագործել անոր հողերը զինուորական կարիքներու համար։ Պատրիարք Րաիի առաջարկը նաեւ կը նպաստէ մարդկային իրաւունքները եւ ժողովուրդներու ազատութիւնը պահպանելու։ Երբ չէզոքութիւնը գործնապէս իրագործուի, Լիբանանը զօրաւոր երկիր մը կը դառնայ իր զօրքով, հաստատութիւններով, օրէնքներով, ներքին միասնականութեամբ, ստեղծագործութեամբ, որոնք առիթը կ’ընծայեն ինքնապաշտպան եւ անվտանգ երկիր մը ըլլալու։ Թերեւս այս չէզոք հռչակման ծրագիրը ըլլայ անցքը դէպի նոր ու խաղաղ Լիբանան մը։ Այսօր աւելի քան երբեք, Լիբանանը եւ լիբանանցիները կոչուած են վերագտնելու իրենց ինքնութիւնը, իրենց պատկանելիութիւնը, իրենց արմատները, որոնք մայրիներուն նման հաստատ են հողին մէջ։

Պէտք չէ մոռնանք որ Լիբանանը օրհնուած երկիր մըն է, շնորհիւ իր սուրբերու բարեխօսութիւններուն, շնորհիւ իր նահատակներու արեան, իր ճգնաւորներու ու վանականներու աղօթքներուն, շնորհիւ իր ժողովուրդին, որ չի գիտեր յանձնուիլ։ Լիբանանը քանիցս յիշուած է Աստուածաշունչի էջերուն մէջ։ Բ. Օրինաց գիրքին մէջ կը կարդանք թէ Մովսէս, երբ տեսաւ Լիբանանը, սիրեց զայն, եւ ուզեց ոտք դնել այս սուրբ հողին վրայ, սակայն Աստուած սաստելով չթոյլատրեց զինք. «Այն ատեն Տիրոջ աղաչեցի ու ըսի. «… Շնորհք ըրէ՛, որ անցնիմ ու Յորդանանի անդի կողմի բարի երկիրը, այն բարի լեռը ու Լիբանանը տեսնեմ։ Բայց Տէրը ձեր պատճառով ինծմէ սրդողելով՝ իմ խնդրանքս չընդունեց եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ա՛լ հերիք է քեզի. անգամ մըն ալ այդ բանը ինծի չըսես։ (3,25-26), «Ուստի այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես (32, 52)»։ Եւ կարծէք Լիբանանը Աստուծոյ կալուածն է, եւ միայն Ի՛նք իրաւասու է ոտք դնելու Լիբանան, եւ անոնք որոնց ինք կ’արտօնէ։

Աւարտին կը կրկնեմ Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Բիէթրօ Բարոլինիի վկայութիւնը, զոր կատարեց երբ Լիբանան հասաւ 4 Օգոստոսի պայթումէն ետք. «Լիբանան պէտք ունի աշխարհին, սակայն աշխարհը նաեւ պէտք ունի Լիբանանի իւրայատուկ փորձառութեան»։ Այո՛, Լիբանանը գոհար մըն է, զոր պէտք է արժեւորել։ Քաջութիւն կը պահանջէ մնալ այս երկրին մէջ, ու պայքարիլ անոր տէր դառնալու համար։ Ափսոս որ շատեր երբ խօսին Լիբանանի իրավիճակին մասին, մանաւանդ անդրադառնան անոր համայնքային կազմուածքին շուրջ, վտանգի մէջ կը գտնեն քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը, ըսելով թէ անոնց թիւը կը նուազի, եւ հետզհետէ կը նօսրանայ։ Քաջ գիտնալու ու համոզուելու ենք թէ քրիստոնեաներուն ուժը չի կայանար թիւին մէջ, ինչպէս ուրիշներուն մօտ։ Քրիստոնեային ուժը իր հաւատքին, յոյսին ու սիրոյն մէջ է։ Քրիստոնեային ուժը Քրիստոսի մէջ է, որ իր ժողովուրդին հետ նաւարկելով, միասին պիտի հասնին միւս ափը։ Քրիստոնեան՝ Քրիստոսի անոյշ բոյրն է, որ կանչուած է բուրումնաւէտ դարձնելու լիբանանեան քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, ընկերային ու հոգեւոր կեանքը։ Քրիստոնեան՝ Քրիստոսի ուղերձն է, որ կանչուած է արդարօրէն պահանջելու իր իրաւունքները, հիմնուելով Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած իւրաքանչիւր խօսքին վրայ։ Քրիստոս, որ հինգ հացով աւելի քան հինգ հազար հոգի կերակրեց, արդեօք պիտի չկարենա՞յ ներկայ քրիստոնեաներով ամբողջ Լիբանանը կերակրել, որ անօթի է ու ծարաւն ունի մարդկային նուազագոյն իրաւունքները ապրելու, որպէսզի վերագտնէ իր արժանապատուութիւնը որպէս մարդ եւ որպէս արժանապատիւ քաղաքացի։ Հակառակ բոլոր անկումներուն, լիբանանցիները տակաւին կը վկայեն ու պիտի շարունակեն վկայել համայն աշխարհին, թէ իրենք աւետման զաւակներն են, կեանքի ու յարութեան զաւակներն են։

ԼԻԲԱՆԱՆ ՅՈՅՍԻ ՕՐՐԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ
Կիրակի, 16 Օգոստոսին, Սորրանթէի Ասիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եկեղեցիին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան ըսած է․-

«Այս սիրելի երկիրը՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյատեւումին համար յոյսի օրրան մըն է, սակայն ան ականահարուած է ոչ միայն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով յառաջացած դժուարութիւններով եւ տառապանքներով, այլ նաեւ քաղաքական անկայունութեան եւ տնտեսական ծանր ճգնաժամին պատճառով, որ կը գոյատեւէ»։

Կարդինալը մեկնաբանած է Մատթէոսին աւետարանը, որ կը պատմէ թէ ինչպէս Քրիստոս Կալիլիայէն կը տեղափոխուէր դէպի Սուր եւ Սայտա քաղաքները, որոնք այսօր կը գտնուին Լիբանանի Հարաւը։ «Մայրիներու երկրին քրիստոնեաները հպարտ են Աւետարանի այս դրուագի յիշատակումով, որովհետեւ կրնան ըսել․- Յիսուս եղաւ նաեւ մեր մէջ, մեր հողին վրայ» ըսած է ան, աւելցընելով «ասիկա դաս մը կրնայ ըլլալ եւ պէ՛տք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար որպէսզի կարենանք ըսել՝ Աստուած իմ տանս, իմ կեանքիս մէջ եւս եղաւ․ լսեց սրտիս կանչը»։

Օր մը առաջ, 15 Օգոստոսին, Վերափոխման տօնին առթիւ Լոպրայի Տիրամօր սրբավայրին մէջ արտասանած խօսքին մէջ, Կարդինալ Սանտրի անդրադարձած է աշխարհի ներկայ տառապանքներուն որոնք պատճառ կը դառնան մահուան։ «Մտածենք զոհերու մասին համավարակի, որ տկարութեան նշաններ չի տար աշխարհի մէջ, մտածենք նաեւ բռնարարքներու, պատերազմներու եւ ողբերգութիւններու զոհերու մասին, մտածենք մեր օճախներէն եւ ընտանիքներէն ներս ծածուկ տառապանքներու մասին» ըսած է ան, հուսկ նշելով որ Տիրամայրը կ’աղօթէ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար եւ հրաւիրելով մեզ որ փնտռենք Յիսուսի լոյսը որ մեր մէջ է մեր մկրտութեան օրէն եւ զայն արտացոլացնենք աշխարհի խաւարին մէջ։

ՊԱՅԹՈՒՄԸ ՊԱՅԹԵՑՈՒՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՆՈՐ ԹԱՓ ՏՈՒԱՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ, ԼՐՈՒՄԻՆ ՀԱՍՑՈՒՑ ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԻՒՆԸ, ԽՐԱՄԱՏԸ ԽՈՐԱՑՈՒՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Հակառակ այս բոլորին՝ մայրաքաղաքը աւերած պայթումէն երեք շաբաթ ետք ողբերգական կացութենէն դուրս գալու ոչ մէկ նշոյլ կը յայտնուի դեռ եւս։

4 Օգոստոսի հիրոշիմայական պայթումը եւ անոր հետեւանքները իրենց լրումին հասցուցին Լիբանանի պատմութեան՝ քաղաքական, ընկերային, ելեւմտական, տնտեսական մեծագոյն տագնապները եւ ծայր աստիճան յուսահատութեան մատնեցին քորոնավիրիւսի մահասփիւռ համաճարակէն արդէն սարսափահար ժողովուրդը։

«ԱՅՍ ԷՐ ՊԱԿԱՍ»

«Այս էր պակաս» բացագանչութիւնը բոլոր շրթներուն վրայ է, մանաւանդ մինչեւ աղէտը արդէն թշուառութեան մէջ տուայտող ժողովուրդի շրթներուն։

Աղիտահար ժողովուրդին՝ աշխարհի կարեկցութիւնը ցոյց տուող մարդասիրական օգնութիւնները՝ որոնք տեղացին ու կը շարունակեն տեղալ, արաբ, եւրոպացի, ամերիկացի պետական մեծ ու փոքր ղեկավարներու ցաւակցական ու զօրակցական արտայայտութիւններն ու այցելութիւնները բաւարար չե՛ն վերացնելու համար այդ «պակասը», վերացնելու անոր աննկարագրելի հետեւանքները եւ անջնջելի հետքերը, ապա հաւատք եւ յոյս ներշնչելու համար ապագային հանդէպ։ Ժողովուրդը այդ հաւատքը եւ յոյսը կը տեսնէ երեք տասնամեակէ ի վեր իշխող քաղաքական դասի, զայն բաղկացնող իւրաքանչիւր տարրի իր զբաղեցուցած դիրքէն հեռացումին մէջ միայն, զայն պատասխանատու նկատելով իր բոլոր զրկանքներուն, գլխուն տեղացող բոլոր չարիքներուն, տառապանքին եւ թշուառութեան որուն մատնուած է։ Աւելին՝ ոչ միայն մայրաքաղաքը, այլ ամբողջ երկիրը աւերած պայթումին՝ զոր հետեւանքը կը նկատէ միեւնոյն դասի անփութութեան ու անտարբերութեան, հարց տալով թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ մայրաքաղաքի սրտին վրայ եօթը տարիէ ի վեր ամբարուած մնայ աշխարհաւեր վտանգ ներկայացնող նիւթ մը։ Ինչպէ՞ս հոն հասած է ան։ Ո՞վ է անոր տէրը։ Պայթումէն երեք շաբաթ ետք, իշխանութիւնները՝ այսպիսի տարրական հար-ցումներու անգամ համոզիչ պատասխան մը տալու ի վիճակի ըլլալ չեն թուիր, զբաղած ըլլալով նախորդները կրկնօրինակող կառավարութիւն մը կազմելու սակարկութիւններով։ Աղէտի գօտիէն ներս անոնք կը փայլին իրենց բացակայութեամբ, մինչ աղիտահար քաղաքացիներուն տառապանքը գէթ մասամբ ամոքելու աշխատանքին լծուած են բարեսիրական լիբանանեան միութիւններ եւ օտար կազմակերպութիւններ՝ երկրի բոլոր շրջաններէն փութացած երիտասարդ կամաւորներու օգնութեամբ։ Տպաւորիչ է աղիտահար բոլոր շրջաններուն մէջ կամաւորներու ներկայութիւնը՝ ոմանք աւելներ շալկած, ուրիշներ՝ ուտելիք կամ դեղատուփեր իրենց օգնութիւնը կ’առաջարկեն աւերակ տուներու մէջ նստած մարդոց։ Նմանը չտեսնուած իրարօգնութեան օրինակ մը որ չի վրիպիր օտար թղթակիցներու ուշադրութենէն։

ԱՆՅՂԿԵԼԻ ԽՐԱՄԱՏ

Խրամատը երբեք այնքան խոր չէ եղած ժողովուրդին եւ քաղաքական դասակարգին բոլոր բաղկացուցիչներուն միջեւ, որոնք պաշտպանուելու համար ժողովրդային զայրոյթէն՝ ծուարած երկաթեայ վարագոյրի մը կամ ներքին ապահովութեան զրա-հաւորուած ուժերու ետին, անտարբերութեամբ լսել կը թուին ժողովուրդը կեղեքելու, կողոպտելու, պետական գանձը թալանելու, կաշառակերութեան եւ փտածութեան ամբաստանութիւնները, որոնց արձագանգը կը հնչէ երկրի սահմաններէն դուրսը անգամ, բայց ոչ իրենց ականջներուն։ Ան կը յուզէ երկրին մօտաւոր եւ հեռաւոր բա-րեկամները ու կը մղէ զանոնք լիբանանեան իշխանութեան ներկայացուցիչներուն խորհուրդ տալու որ փոխեն իրենց ընթացքը, լսեն ժողովուրդին ձայնը, ուշադիր ըլ-լան անոր պահանջներուն, կատարեն պահանջուած բարեփոխումները՝ եթէ կ’ուզեն արժանանալ աջակցութեան։

Ուրիշ բացատրութիւն չունի տիրող դասակարգին դէմ երկրին անխտիր բոլոր համայնքները ու շրջանները ներկայացնող ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար անոր երիտասարդութեան ապստամբութիւնը, որուն նպատակն է ղեկին վրայ տեսնել ամէն անձնական շահարկումներէ հեռու, քաղաքացիներուն իրաւունքները գերադասող, ժողովուրդին արժանավայել կեանք մը, բարեկեցութիւն ապահովող իշխանութիւն մը։

ԲԱՅՑ ԻՆՉՊԷ՞Ս

Նման նպատակի մը իրագործումը կը կարօտի այնպիսի արմատական փոփո-խութիւններու, բարեփոխումներու որոնք կը սարսեն երկիրը եւ անոր բարիքները սեփականութեան վերածած անհպելի պետական դէմքերու փտած աթոռները՝ զա-նոնք փոխարինելու համար միայն երկրին ու ժողովուրդին շահերու պաշտպանու-թեամբ առաջնորդուող ներկայացուցիչներով։ Եթէ ոչ անկարելի, բայց հեշտ չէ անշուշտ նման արմատական բարեշրջումներու իրականացումը։ Ան կրնայ արդիւնքը ըլլալ միայն երկարաշունչ եւ փոթորկալի գործընթացի մը։

Այսպիսի գործընթացի մը ազդանշանը տուած ըլլալու յոյսով եւ արդար ակնկա-լութիւններով է որ «ամբոխները խելագարեցան» այն աստիճան որ արհամարհելով մահասփիւռ համաճարակին վտանգը առանց կանխազգուշութեան փողոց իջան, հաւանաբար մտածելով որ համաճարակէն վարակուելու եւ փտած իշխանութեան մը զոհը դառնալու վտանգներուն միջեւ տարբերութիւն չկայ։

20 / 08 / 2020

ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԱՏԻՊ՝ ՎԱՐՉԱՊԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, եւ 4 ժամուան խորհրդակցութիւններէն ետք Մուսթաֆա Ատիպ 90 քուէով դարձաւ վարչապետ:

Նախագահ Աուն անոր յանձնեց նոր կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը:

Նորանշանակ վարչապետը յոյս յայտնեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութեան մասին:

ՊԷՅՐՈՒԹ՝ ԱՂԻՏԱՀԱՐ ՔԱՂԱՔ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է, ԻՍԿ ԴԱՐՄԱ՞ՆԸ

Բանակի Օրուան առիթով իր արտասանած ճառին մէջ, Հանրապետութեան նախագահը, զօր․ Միշել Աուն՝ անկախ յաւուր պատշաճի կատարած հաւաստումներէն եւ սահմանումներէն, կատարեց նաեւ այնպիսի հաւաստիացումներ, որոնց տրամաբանական հետեւութիւնը ապագային համար յուսադրիչ զարգացումներ կ՚ենթադրէ։ Դժուար է անշուշտ ճշդել այդ «ապագային» հեռաւորութիւնը։

Բժշկութեան մէջ, եւ ոչ միայն, հաստատուած իրողութիւն է որ երբ ախտաճանաչումը կատարուի, բուժումը կը յստականայ։ Այսպէս ալ, Հանրապետութեան նախագահը կատարեց երկիրը ու ժողովուրդը սարսափելիօրէն տառապեցնող եւ տագնապեցնող ախտերու բացայայտումը, ախտաճանաչումը, որուն պէտք է յաջորդէ դարմանումը ․.․․.․․.․.․.․.․.․.․.․.․․.․.․.․.․․.․

Այն պահուն երբ 4 Օգոստոսին, Երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 6։00-ին վերոյիշեալ տողերը թուղթին կը յանձնէի դրական տրամադրութեամբ ՝ իբրեւ մուտք Հանրապետութեան Նախագահի Բանակի Օրուան առթիւ արտասանած ճառի մեկնաբանութեան, տրամադրութիւնս շրջուեցաւ երբ աննախընթաց ուժգնութեամբ շարժ մը օրօրեց ամբողջ շէնքը ուր կը բնակիմ եւ շրջեց համակարգիչիս դիմացի աթոռը, եւ տասնեակ մը երկվայրկեան ետք տեղի ունեցաւ սաստիկ պայթում մը։ Սարսափած ու շփոթած Զուարթ՝ կինս, վազեց դէպի դուռը, այնպէս ինչպէս սովոր էինք ընել քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ անակնկալ ռմբակոծումներու ընթացքին՝ պատրաստ ըլլալու համար ամէն հաւանականութեան, իսկ ես, լրագրողի հետաքրքրութեամբ, փութացի պատկերասփիւռի գործիքին դիմաց իմանալու համար որ ինչ էր պատահածը․․․։ Չէի սխալած։

ՉՈՐՍԴԻՆ ԱՐԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՐ ՄԻԱՅՆ

Լիբանանեան եւ օտար համարեա բոլոր կայաններէն սփռուած՝ պատահածին արձագանգը եղաւ անմիջական։ Այն ինչ որ յաջորդող վայրկեաններուն իսկ կը նկարագրէին եւ ցոյց կու տային ՝ ահաւոր էր։ Աստիճանաբար աւելի կը յստականար պատահածին տարողութիւնը։ Լուրերէն, թղթակիցներու հաղորդումներէն, ցուցադրուած սարսափազդու նկարներէն ի յայտ եկաւ որ պատահածը շատ մեծ աղէտ մըն է։ Քիչ է ըսել դժոխային։ Արտակարգօրէն ուժգին պայթումը եւ ըստ ոմանց տպաւորութեան յաջորդական երկու պայթումներ քարուքանդ ըրած էին Պէյրութի նաւահանգիստը եւ մերձակայ թաղերը՝ քաղաքին կեդրոնը, Սայֆի, Ժըմմայզէ, Մար Մխայէլ, Քարանթինա։ Չորսդին աւերուածութիւն, կործանած շէնքեր, ջարդուած ինքնաշարժներ, բեռնակառքեր, ամէն ինչ՝ ելեկտրասիւներ, ծառեր, կառոյցներ՝ տապալած։ Եւ արիւնլուայ մարդիկ աւերակներու մէջ։ Սարսափահար։ Օգնութեան կանչեր ամէն կողմէ։ Ըսուեցաւ որ պայթումներուն որոտումը լսուած է մինչեւ Կիպրոս, իսկ յառաջացուցած երկրաշարժանման ուժգին ցնցումին հետեւանքով փուլ եկած են անմիջական մերձակայքէն հեռու շրջաններու կառոյցներ։ Սաստիկ քամիէ մը տարուած փետուրի մը նման՝ մարդիկ թռած են։

ՀԻՐՈՇԻՄԱ, ՆԱԿԱԶԱՔԻ ԵՒ… ՊԷՅՐՈՒԹ

Շուտով սկսան լսուիլ հիւանդատար եւ հրշէջ կառքերու ճչակները։ Պայթումին հետեւանքով ծագած հրդեհին բոցերուն ծուխով ու մուխով ծածկուած էր երկինքը։ Դժոխքին բոցերը աւելի ահարկու չէին կրնար ըլլալ։ Քաղաքացիական պատերազմի 15 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած ամէնէն կատաղի ռմբակոծումներն անգամ այսպիսի աւեր գործած չէին։ Միջազգային գործակալութիւններ Հիրոշիմայէն եւ Նակազաքիյէն ետք Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումները ամէնէն ուժգինը նկատեցին։ Աստիճանաբար կը հասնէին մարդկային վնասներու մասին տեղեկութիւնները։ Ժամը ժամին կը բարձրանային զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւերը։ Հարիւրէ աւելի զոհեր եւ 4000 վիրաւորներ։ Մայրաքաղաքին հիւանդանոցները գերծանրաբեռնուած էին։

Ներքին գործոց նախարար Մոհամէտ Ֆահմի, որ վարչապետ Տիապին հետ աւերուած շրջանները առաջին ժամանողները եղած էին, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, յայտարարեցին որ այն ինչ որ պայթած է նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցին մէջ՝ տարիներէ ի վեր ամբարուած 2700 թոն քիմիական նիւթի պահեստն է։ Բայց չըսին թէ պայթումը ի՞նչ բանի հետեւանք է։ Այս մասին սկսան շրջան ընել հակասական ենթադրութիւններ։ Ռո՞ւմբ մը, հրթի՞ռ մը։ Խափանարարական արա՞րք մը։ Մինչեւ ուշ գիշեր այս հարցումները պատասխան չունէին։

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը, որ շտապ ժողովի հրաւիրուած էր Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, հաստատեց միայն որ պայթումները հետեւանքն էին նաւահանգիստին մէջ ամբարուած 2750 թոն նիթրաթ տ’ամմոնիոմի։ «Անընդունելի է որ 2750 թոն նիթրաթ տ’ամմոնիոմ վեց տարիէ ի վեր ամբարուած ըլլայ պահեստանոցի մը մէջ, առանց կանխազգուշական միջոցներու։ Չենք կրնար լուռ մնալ այս խնդրին շուրջ» յայտարարեց վարչապետը՝ պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ժողովին։ Չըսաւ սակայն թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ տեղի ունեցած է այդ վտանգաւոր քիմիական նիւթին ամբարումը վեց տարի առաջ։ Ո՞վ է անոր տէրը։ Գերագոյն Խորհուրդը նաւահանգիստի շրջանը յայտարարեց աղէտի գօտի՝ ընդգծելով որ մայրաքաղաքին մէջ երկու շաբաթ պիտի տիրէ արտակարգ դրութիւն, որ կրնայ վերանորոգուիլ։

«Ամբողջ Լիբանանն է աղիտահար։ Նկարները ցոյց կու տան վնասներուն տարողութիւնը։ Ազգային մեծ աղէտ մըն է» յայտարարեց վարչապետ Տիապ, վստահեցնելով որ բոլոր ճշմարտութիւնները պիտի քօղազերծուին եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչուին։ Ան Լիբանանին օգնելու կոչ ըրաւ բարեկամ երկիրներուն։ Այս կոչին անմիջապէս ընդառաջեցին բազմաթիւ երկիրներ, առաքելով անմիջական եւ մեծաքանակ օգնութիւններ։

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՄԱՍՆ ՉԷՐ ՄՆԱՑԱԾ…

Գիշերուան ուշ ժամերուն ի յայտ եկաւ որ աղէտի հետեւանքներէն անմասն չէ մնացած նաեւ Լիբանանի հայ համայնքը, տասնեակ մը զոհերով, 250 վիրաւորներով։ Հայապատկան բազմահարիւր բնակարաններ ու վաճառատուներ աւերուած էին՝ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանէն, Ժէիթաուի, մինչեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան, Անթիլիաս տարածուող հայաբնակ շրջաններուն մէջ, Հաճըն, Խալիլ Պատաուի, Պուրճ Համուտ, Տորա, Զալքա, Ժալ էլ Տիպ։ Վնասուած էին այդ շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները, վարժարանները, ակումբները, բարեսիրական, մշակութային միութիւններու կեդրոնները։ Հակառակ այս բոլորին, սակայն, խուճապահարութեան երեւոյթներ չկային։ Հաւանաբար, Հայ համայնքին կենսափորձին շնորհիւ։ Ընդհակառակը, առաջնորդութեամբ ազգային բոլոր՝ հոգեւոր, կուսակցական, բարեսիրական, երիտասարդական միութենական միաւորներու պատասխանատուներուն, զօրաշարժի մէջ էին համայնքին զաւակները՝ ընկերային, ապրուստային, տնտեսական, քորոնավիրուսային տագնապներէն ետք եւ քաղաքական անորոշութեան պայմաններուն ներքեւ, այս անտանելի փորձանքն ալ յաղթահարելու վճռակամութեան վկայութիւնը ցոյց տուող աշխատանքով, որուն լծուած էին ինքնակամ եւ անմիջական նախաձեռնութիւններով։ Անոնք անգամ մը եւս ցոյց կու տային հաւաքական ուժով այս մարտահրաւէրն ալ դիմագրաւելու եւ վերականգնելու հաստատակամութիւն։ Այդ վերականգնումին աջակցելու կոչուած է այսօր համայն հայութիւնը, աշխարհասփիւռ եւ հայրենաբնակ, որպէսզի ամբողջ սփիւռքին սիրտը շարունակէ բաբախել լիբանանահութեան ազգաշէն եւ հայրենաշունչ կեանքին կշռոյթով։

4-5 Օգոստոս, 2020

ԱՇԽԱՐՀԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒԱՆԴ Է. ՇԱՀՈՅԹԻ ԳԵՐԻՆԵՐԸ
Տիրելու փափաքը homo sapiens-ը վերածեց homo oeconomicus-ի

2020 Օգոստոսի 26-ին, Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կազմակերպեց հերթական ընդհանուր ուկնդրութիւն` նուիրուած աշխարհի ապաքինման: Նորին Սրբութիւնը կրկին ընդգծեց, որ համավարակը ա՛լ աւելի ակնյայտ դարձուց անհաւասարութեան խնդիրը մեր աշխարհին մէջ. «Ոմանք կրնան աշխատիլ տունէն, սակայն շատերու համար այդ անհնար է,- պարզաբանեց Սրբազան Քահանայապետը:- Որոշ երեխաներ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կրնան դպրոցական կրթութիւն ստանալ, սակայն մեծաթիւ երեխաներու համար այն կտրուկ ընդհատուեցաւ»: Համավարակի ընկերային հետեւանքներուն պատճառով մարդիկ կ’ենթարկուին յոյսը կորսնցնելու վտանգին:

«Անորոշութեան ու տագնապի այս ժամանակաշրջանին ես բոլորէդ կը խնդրեմ ընդունիլ յոյսի շնորհը, որ Յիսուս Քրիստոսէն է: Ա՛ն է մեզ կ’օգնէ նաւարկելու հիւանդութեան, մահուան ու անարդարութեան ալեկոծ ջուրերուն վրայ, որոնց, սակայն, չի պատկանիր մեր վերջնական ճակատագրի վերաբերեալ վերջին խօսքը»:

Անհաւասարութեան ախտանիշերը կը վկայեն հիւանդ հասարակութեան մասին` հիւանդ տնտեսութեան ժահրի մասին: Տնտեսութիւնը հիւանդ է, իսկ տնտեսական աճը անարդար է, քանի որ այն կ’անտեսէ մարդկային հիմնարար արժէքները. այսօր քանի մը հարուստներ աւելին ունին, քան մնացած մարդկութիւնը: Այս անարդարութիւնը կ’աղաղակէ դէպի երկինք: Ընկերային անհաւասարութիւնը եւ շրջակայ միջավայրի վատթարացումը յառաջացած են մեղքի հետեւանքով. տիրելու փափաքը, եղբայրներուն ու քոյրերուն, բնութեան եւ, նոյնիսկ, Աստծուն գերիշխելու ծարաւը:

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուսմունքը. «Աստուած սկիզբը երկիրն ու անոր հարստութիւնը յանձնեց մարդկային համատեղ կառավարման, որպէսզի հոգան անոնց մասին»: Աստուած կոչ ըրաւ մարդուն իշխել երկրի վրայ Իր անունով, սակայն այդ չի նշանակեր ընել այն ինչ կ’ուզես: Մարդու եւ արարչագործութեան միջեւ գոյութիւն ունի «փոխադարձ պատասխանատուութիւն»: Մեր պարտքն է այնպէս հոգ տանիլ երկրին, որ անոր պտուղները հասանելի ըլլան բոլորին, եւ ոչ թէ քանի մը հոգիին միայն: Եկեղեցւոյ Gaudium et Spes հովուական սահմանադրութիւնը կ’ըսէ հետեւեալը. «Բարիքներէն օգտուող մարդը պէտք է գիտնայ, որ իրերը, որոնց ան օրինականօրէն կը տիրէ, կը պատկանին ոչ միայն իրեն, այլ նաեւ` ուրիշներուն»: «Մենք միայն կը տնօրինենք զայն, սակայն տէրը չենք հանդիսանար. բարիքները, որոնք մեզ կը պատկանին, պէտք չէ եսասիրաբար օգտագործուին միայն մեզ համար», պարզաբանեց Սրբազան Քահանայապետը: «Բարիքներու համընդհանուր օգտագործման նկատմամբ մասնաւոր սեփականութեան ստորադասութեան սկզբունքը ընկերային կարգի «ոսկի կանոն»ն է: Դրամը եւ ունեցուածքը գործիքներ են, որոնք կրնան ծառայել որեւէ առաքելութեան», շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, բայց մենք զանոնք դիւրութեամբ կը վերածենք նպատակի` ինչպէս անհատական, այնպէս ալ հաւաքական: Այսպիսով Homo sapiens-ը` մտածող մարդը, կը վերածուի homo oeconomicus-ի` տնտեսական շահ հետապնդող մարդու: Եւ միայն Աստուծոյ մէջ արմատաւորուած քրիստոնէական յոյսն է որ կ’ամրապնդէ ուրիշներուն հետ կիսուելու մեր կամքը, կ’աջակցի մեր առաքելութեան` որպէս Քրիստոսի աշակերտներ, Ով ամէն ինչ կիսեց մեզ հետ:

Ատիկա շատ լաւ կը հասկանային առաջին քրիստոնեայ համայնքները, որոնք, ինչպէս եւ մենք, կ’ապրէին դժուարին ժամանակներու մէջ: Անոնք զիրար կ’ընդունէին որպէս մէկ հոգի եւ սիրտ` համատեղ օգտագործելով իրենց բարիքները: Եւ մենք այսօր կանչուած ենք բուժելու ընկերային անարդարութիւնը, որպէսզի դուրս գանք ճգնաժամէն դէպի աւելի լաւ հասարակարգ մը:

Իր քարոզի աւարտին դիմելով հաւատացեալներուն` Սրբազան Քահանայապետը կոչ ըրաւ մտածել երեխաներու մասին եւ ուշադրութիւն դարձնել վիճակագրութեան. այսօր մեծաթիւ երեխաներ կը մահանան սովէն` հարստութեան անհաւասարաչափ բաշխման հետեւանքով, հիւանդ տնտեսութեան պատճառով:

«Թող սովէն եւ կրթութեան բացակայութենէն տառապող երեխաներու այս տեսակի պատկերը օգնէ մեզ հասկնալու, որ ճգնաժամէն մենք պէտք է դուրս գանք` աւելի լաւը դարձած»:

Թարգմ.` ՆԱՅԻՐԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

Սրբագրեց` Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

Վատիկան Նիւզ

ԱՅՍ ԱԼ Կ’ԱՆՑՆԻ… ԿԱՐԵՒՈՐԸ ՏՈԿԱԼՆ Է
Ն.Է.Ն.

Հոգիս փոթորկած է, ճնշուած, սիրտս կը կոտտայ եւ արցունքս կոկորդիս մէջ սեղմուած։

Պէյրութս, դարձեալ քարուքանդ եւ աւերակ։

Դարձեալ զոհ՝ քաղաքական քաշքշուկներու, մեծ ու փոքր պետութիւններու հակամարտութիւններու եւ վարձկան պաշտօնատարներու ոճրային ԱՆՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ինչպէս կը յայտնուի պայթումին շուրջ նախնական հետաքննութիւններէն։ Այո, գլխագիր ԱՆՀՈԳՈՒԹԵԱՆ՝ իշխանութեանց եւ իշխանաւորներու, որոնք յայտնապէս զուրկ են Լիբանանի քաղաքացիական պատկանելիութեան որեւէ զգացումէ, զուրկ՝ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ։ Այս ճշմարտութիւնը եւ ասոր հետեւանքով կատարուած ժողովուրդին կեղեքումը, թալանը, պետական գանձին կողոպուտը, հանգամանքներու շահագործումը, հովանաւորչութիւնը, որոնք ժողովուրդին այսօրուան թշուառութեան գլխաւոր պատճառը կը նկատուին, ապստամբելու իրաւունք տուին ժողովուրդին որ փողոց իջաւ իր բողոքը արտայայտելու համար։

Քանի՜ քանի մայրերու սրտեր մղկտացին, քանի՜ երեխաներ որբացան, քանի՜ հէգ մարդիկ անօթեւան մնացին եւ փայլուն ապագայի մը ջարդուած երազներով երիտասարդներ յուսալքուեցան՝ ի տես Պէյրուշիմայի՝ որով ամբողջ քաղաք մը, ակնթարթի մը մէջ աւերակ դարձաւ, ժողովուրդ մը թշուառացաւ եւ բարօր կեանքի մը նկրտումները ամբողջութեամբ փշրուեցան։

Հազարումէկ զգացումներ կը տողանցեն սրտիս մէջ, սահմռկեցուցիչ յիշատակներ իրենց գլուխը կը բարձրացնեն մտածումներուս խոռոչներէն եւ միակ մտահոգութիւնս այս պահուս երեխաներս են, որովհետեւ «անոնց ապագան ի՞նչ պիտի ըլլայ», «ի ՞նչ է անոնց մեղքը» հարցումները կը հալածեն միտքս։

Այս մտահոգութիւներուն եւ մտորումներուն մէջ միակը չեմ անշուշտ։

Որքան ալ կը փորձեմ վերլուծել, եւ առարկայական տեսանկիւնէ դիտել այս պայթումին հետեւանքները եւ դրդապատճառները, սակայն անմարդկայնութեան, շահամոլութեան եւ հատուածամոլութեան, ագահութեան եւ իշխանամոլութեան մեղադրանքները որոնք կը շրջին՝ գերիշխող են։ Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու կեղծ լուրերու եւ վերլուծումներու տարափը։ Որո՞ւն հաւատալ եւ ո՞ր լուրը անտեսել։ Ընկերային ցանցերու ստեղծած այս թոհուբոհին մէջ անճրկած քաղաքացին, որ կը նմանի ծփացող փայտի կտորին կառչող խեղդուողի մը, որքա՛ն ալ աղաղակէ, որքա՛ն ալ ճչայ եւ պոռթկի, նման է «ձայն բարբառոյ յանապատի»… ի վերջոյ, բողոքները կ’անհետանան խաժամուժին մէջ, բարձրացած փոշին կը չքանայ եւ հէգ քաղաքացին կը զբաղի իր վէրքերու ամոքումով։

Այսուհանդերձ, կը տարուիմ ինքզինքս համոզելու որ ասիկա ալ կ’անցնի եւ … կեանքը կը շարունակուի, վէրքերը կը սպիանան, բայց մեր հոգիները աւելի եւս ծանրացած կ’ըլլան անդարմանելի ողբերգութեամբ մը, անվերականգնելի կորուստներով եւ անմոռանալի՝ սիրտ կծկող յիշատակներով։ Միակ մխիթարութիւնը՝ մեր երեխաներու ժպիտն է եւ անոնց համար է որ յուսահատութեան ալիքին կարելի չէ յանձնուիլ, պայմանաւ որ այդ ժպիտը պարգեւող հնարաւորութիւններ ստեղծուին, որպէսզի կեանքը շարունակուի զրկանքներու գնով, տոկալով, պայքարելով եւ մեր ճակատը բարձր բռնելով։

Ա՛յս ալ կ’անցնի…։

ԾՆՈՒԵՑ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒ, ԲԱՅՑ ԱՊՐՈՒՄ Է ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՄԲ
«Կ’ուզեմ մեռնիլ՝ ինչպէս որ ջանացի ապրիլ միշտ իբրեւ հնազանդ զաւակ մը Մօրս՝ Կաթողիկէ Ս. Եկեղեցւոյ»

Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս

ԺԵ. Աղաճանեան

Մաս ԵՐԿՐՈՐԴ

Վսեմաշուք Կարդինալ Աղաճանեանը վայելում էր Հռոմի բարձրագոյն եւ ժողովրդական շրջանակների գնահատանքն ու սէրը: Իր ողջ գործունէութեան ընթացքում Ծիրանաւոր Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը շրջագայում է ամբողջ աշխարհով՝ ամէնուրեք սփռելով Տիրոջ աւետիսը եւ Հայ ազգի անունը: Աշխարհի տարբեր ծագերում նա եղել է եկեղեցական արարողութիւնների եւ ակադեմիական հաւաքների հանդիսապետ, ատենաբանութիւնների եւ յոբելեանական տօնակատարութիւնների սիրուած բանախօս, միջազգային ականաւոր գործիչների սպասուած հիւր եւ զրուցակից, համալսարանների դոկտորների պատուաւոր անդամ եւ քաղաքների բանալիների պատուակիր: Հայ ազգի մեծագոյն Դեսպան, Հայրենիքի անձնուէր զաւակ եւ Հայ Դատի աննկուն Պաշտպանն էր Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը:

1958-1970թթ. հայազգի Ծիրանաւորը համարւում էր Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ «երկրորդ անձը»: Միջազգային մամուլը եւ, յատկապէս՝ իտալացի ժողովուրդը նրան անուանում էին «Կարմիր Պապ»:

1962թ. օգոստոս 20-ին Վսեմաշուք Կարդինալ Կաթողիկոս-Պատրիարքը հրաժարւում է կաթողիկոսական աթոռից: Հրաժարական նամակում նա մասնաւորապէս գրում է. «Թէեւ չունինք այլեւս Պատրիարքութեան անմիջական պատասխանատուութիւնը, սակայն անփոփոխ կը մնան սէրը ու փարումը մեր պատուական Հասարակութեան ու Նահատակ Ազգին հանդէպ, եւ կամքը անոնց ծառայելու…»:

Ցաւօք, Եկեղեցւոյ բազմադարեայ պատմութեան էջերում կան նաեւ բազմաթիւ ճակատագրական շրջադարձեր եւ, որքան էլ ժամանակի անիւը պտտուի, որքան էլ պատմութեան էջերը խունանան՝ միեւնոյնն է, հնարաւոր չէ այդ էջերից անհետ ջնջել անարդարութեան հետքերը, քաղաքական նկրտումներով պայմանաւորուած այն կեղծ արդարացումը, թէ փորձում են Կաթողիկէ Եկեղեցին զերծ պահել Սովետական իշխանութիւնների հնարաւոր ճնշումներից: 1963թ.՝ Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետի վախճանից յետոյ, երբ Վատիկանում պատրաստւում էին նոր առաջնորդ ընտրել՝ Պապի ընտրական ժողովի գումարումից հաշուած օրեր առաջ՝ պապական գահի ամենահաւանական թեկնածուներից մէկը՝ հայազգի Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը զոհ է գնում յստակ ծրագրուած եւ սառնասրտօրէն իրականացուած դաւադրութեանը: Դաւադրութիւն, որի նպատակն էր մրցակցութիւնից դուրս թողնել հայազգի Կարդինալին եւ ամէն կերպ խոչընդոտել Սուրբ Պետրոսի գահին Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի ընտրութեանը: Դաւադիրները խիստ մտահոգուած էին 1958թ. Հոկտեմբերին տեղի ունեցած պապական ընտրութիւնների արդիւնքով: Այդ ժամանակ հայազգի Ծիրանաւորը ստացել էր մեծ թուով ձայներ: Աւելի ուշ, Propaganda Fide-ի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետը պէտք է խոստովաներ. «Գիտէ՞ք, որ ձեր կարդինալը եւ ես Հոկտեմբերի ընտրութիւններին գրեթէ հաւասար էինք: Մեր անուններն իրար էին յաջորդում, մէկը՝ վեր, միւսը՝ վար, եռացող ջրի մէջ նետուած սիսեռահատիկների նման»:

Այսպիսով, 1963թ. ընտրութեան ժամանակ ծիրանաւորներից շատերը դարձեալ հակուած էին հայազգի ծագումով Կարդինալի թեկնածութիւնը պաշտպանելուն եւ մտադիր էին քուէարկել վերջինիս օգտին, ուստի մեծ էր նրա ընտրութեան հաւանականութիւնը: Դաւադրութեան այս ծրագրի իրականացման համար լաւագոյն միջոցը վարկաբեկումն էր: Շինծու եւ անհիմն տեղեկատուութեան միջոցով Կարդինալ Աղաճանեանին եւ նրա քրոջը՝ Տիկին Էլիզ Աղաճանեանին, ներկայացնում են որպէս Խ.Ս.Հ.Մ. (Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների Միութիւն) Պ.Ա.Կ-ի (Պետանվտանգութեան Կոմիտէի) գաղտնի գործակալներ: Դաւադրութիւն, որն իրականացուեց իտալական ռազմական գաղտնի գործակալութեան՝ «Սաֆարի» կողմից: 1963թ. յունիսեան այս յայտնի դէպքերի արդիւնքում Քահանայապետ է ընտրւում Միլանի արքեպիսկոպոս Մոնթինին (նոյն ինքը՝ Պօղոս Զ):

Թէեւ, տարիներ անց, բացայայտուեցին գաղտնիութեան քօղի տակ թաքնուած այս պատմութեան մանրամասները եւ պարզուեց ճշմարտութիւնը, այնուամենայնիւ, չափազանց ուշ էր որեւէ բան փոխելու համար:

Աւելի ուշ, երբ զրպարտանքի լուրը հասնում է Կարդինալ Աղաճանեանին՝ խորապէս ցնցում եւ սրտի խոր կսկիծ է պատճառում:

1971թ. Մայիս 16-ի երեկոյեան, ստանալով Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան Կարդինալի մահուան լուրը, Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետը ամփոփւում եւ աղօթում է, ապա՝ Պետական Քարտուղարութեան Փոխանորդ Արհի. Ջիովաննի Բենելլիին ուղարկում է իր յարգանքի տուրքը ընծայելու հանգուցեալի մարմնին: Երկուշաբթի առաւօտեան, իր սեփական մատուռի մէջ, Պօղոս Զ. Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ է մատուցում հանգուցեալ Կարդինալի հոգու հանգստութեան դիտաւորութեամբ:

Ստորեւ ներկայացնում ենք Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետի ցաւակցական պատգամը՝ ուղղուած Ամենապատիւ Տէր Իգնատիոս Պետրոս Պաթանեան ԺԶ. Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց.

«Կը միանանք բոլոր սրտով Հայ Հասարակութեան սուգին, որ կ’ողբայ իր նախկին Պատրիարքը՝ Կարդինալ Աղաճանեանը, որուն բազում արժանիքներն ու արդիւնքները կրցանք գնահատել, երկար տարիներու համագործակցութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ անոր նուիրումը Ս. Աթոռին եւ առաքելութեանց Եկեղեցւոյ ծառայութեան ի նպաստ:

Կը խնդրենք Աստուծմէ, որ ընդունի իր բարի եւ հաւատարիմ ծառան յաւիտենական երանութեան եւ լոյսերուն մէջ եւ կ’ուղարկենք Ձերդ Ամենապատուութեան ու համայն Հայ Կաթողիկէներուն առատ եւ սրտաբուխ Առաքելական Օրհնութիւն ի նշան աստուածային մխիթարութեան՝ փորձանքներու մէջ»։

Պօղոս Զ Քահանայապետ

Ներկայացնում ենք նաեւ մի փոքր հատուած Կարդինալ Աղաճանեանի հոգեւոր կտակից.

«Կ’ուզեմ մեռնիլ՝ ինչպէս որ ջանացի ապրիլ միշտ իբրեւ հնազանդ զաւակ մը Մօրս՝ Կաթողիկէ Ս. Եկեղեցւոյ, կատարեալ միութեամբ՝ անոր տեսանելի Գլուխին եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փոխանորդին, Հռոմի Ս. Քահանայապետին հետ, դաւանելով՝ ինչ որ ան կը դաւանի եւ որ սքանչելիօրէն խտացած է Պօղոս Զ Ս. Քահանայապետի «Հաւատոյ Հանգանակին» մէջ»:

«Իմ երախտապարտ սիրտս կ’ողջունէ բոլոր սիրելի գործակիցներս որոնք իրենց ազդու եւ թանկագին օժանդակութեամբ օգնեցին ինծի… Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան կղերին ու հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ սիրելի ազգիս բոլոր զաւակներուն, կը մաղթեմ՝ բարեխօսութեամբ մեր բիւրաւոր Մարտիրոսներուն, ամէն հոգեւոր եւ ժամանակաւոր բարիք եւ յատկապէս պահպանումը եւ աճումը քրիստոնէական հաւատքին Քրիստոսի միակ Եկեղեցւոյ միութեան մէջ»։

Կարդ. Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Հոգեւոր Կտակից,

29 Յունուար, 1971թ.

54 տարի անխոնջ ծառայելով ի սպաս Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի՝ 76 տարեկան հասակում վախճանուեց սրբակենցաղ Հայրապետը՝ սուգի մատնելով բովանդակ Քրիստոնեայ աշխարհը: Մարեց մեծանուն հայորդու երկրային կեանքը, սակայն երկնակամարում վառուեց մի նոր եւ լուսաւոր աստղ, որ շարունակում է աւելի ուժգին շողալ եւ լուսաւորել հայ ազգի եւ համայն աշխարհի հաւատաւոր զաւակների ուղին:

Իրեն շնորհուած Պատրիարքութեան եւ Կարդինալութեան պատիւները նա կրեց ինքնատիպ Խաչի նման, որի ծանրութիւնն ու պատասխանատուութիւնը զգաց միայն ինքը եւ մինչեւ վերջին շունչը կրեց ուրախութեամբ եւ հոգու կատարեալ անդորրութեամբ: Իրեն վստահուած ցանկացած պաշտօն կամ առաքելութիւն, եկեղեցաշինութեան կամ վարժարանների ու բարեգործական հաստատութիւնների հիմնման իւրաքանչիւր ձեռնարկ պսակուեց յաջողութեամբ:

Կարդինալ Աղաճանեան անունը պէտք է յիշենք մեծ երախտագիտութեամբ եւ օրհնութեամբ, քանզի նրա ազնիւ հոգուն, իմաստուն վարչագիտութեանն ու հեռատեսութեանն ենք պարտական Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ այսօրուան պատուաբեր դիրքի համար, որ գրաւում է աշխարհիս Եկեղեցիների կողքին: Նրա անմահ յիշատակը պէտք է վառ մնայ բոլորիս սրտերում: Նուաճումներով եւ յառաջընթացով լեցուն նրա կեանքի իւրաքանչիւր դրուագ պէտք է փոխանցուի ապագայ սերունդներին: Աղաճանեան կատարեալ մարդու, հոգեւոր առաջնորդի, ճշմարիտ քրիստոնեայի եւ ազգանուէր հայի վառ կերպարը պէտք է օրինակ հանդիսանայ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի համար՝ պահպանելու սեփական հաւատքը եւ ազգային պատկանելիութիւնը: Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը հայ երիտասարդներին ուղղուած իր պատգամներից մէկում ասում է.

«Հայ երիտասարդը կը պարտի ըլլալ խանդավառ ու լուրջ միանգամայն: Լրջութիւն՝ հանդէպ օրէնքներուն այն երկրին, որ ձեզ հիւրընկալեր է տարագիր: Գիտցիր ըլլալ երախտապարտ, օրինապահ ու հաւատարիմ ծառայողը անոր ու սիրէ զայն իբր երկրորդ հայրենիք: Լուրջ եղիր, ո՜վ հայ երիտասարդ, հեռանալով ամէն միջավայրէ, փախչելով ամէն արարքէ՝ որ նկարագիրդ կը խաթարէ, արիւնդ կ’ապականէ, ցեղիդ յատկութիւնները քու մէջդ կը մարէ, մահդ կը փութացնէ. ու կազմէ շուտով քու բոյնդ, ուր պիտի յաւէտ վառ պահես ջահը քու պապենական մաքուր բարքերուդ, քրիստոնեայ շնորհաբեր աւանդութիւններուն, եւ զայն ապագայ սերունդներուն փոխանցես: (…) Խանդավառ եղիր, ո՜վ երիտասարդ, քու լեզուիդ համար՝ ճոխ ու ճկուն ու նոյնքան ալ քաղցրահնչիւն, որով մեր հայրերը զԱստուած փառաբանեցին ու հայրենիքը երգեցին եւ մեր մայրերը Քրիստոսի սուրբ անունն ու Հայաստանը թոթովել սորվեցուցին: Հայերէն խօսէ՛, դուն, Հայ պատանի, եւ խօսակցութիւնդ աւելի անոյշ ու բառերդ աւելի համեստ պիտի ըլլան…»:

Մեծանուն Հայրապետի մարմինը հանգչում է Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի Սբ. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ մատուռում՝ հայկական ոճով կառուցուած դամբարանի մէջ:

20-րդ դարի ականաւոր դէմքերից մէկի՝ Կարդինալ Աղաճանեանի կեանքի եւ գործունէութեան իւրաքանչիւր հանգրուան կարելի է գնահատել որպէս պատմական կարեւոր իրադարձութիւն: Աստուծոյ ծառան ողջ կեանքը նուիրեց ծառայութեանը Տիրոջն ու Նրա Սուրբ Եկեղեցուն, խոհեմութեամբ, մեծ իմաստութեամբ եւ անձնուէր սիրով առաջնորդեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, տարածեց Աւետարանի պատգամը եւ կեանքի բոլոր պարագաներում չդադարեց վկայել հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ:

«Կարմիր Պապ» յորջորջուած հայազգի Ծիրանաւորը մարեմեան բարեպաշտութեան ջատագովներից էր, քանզի հաւատացած էր, որ Սուրբ Վարդարանի աղօթքն այն կամրջող օղակն է, որ մեր մարեմասէր հոգիները կապում է Աստուածամօր սրտի հետ: Նրա մայրական բարեխօսութեանն ենք մշտապէս ապաւինում, քանի որ Աստուածամօր՝ մեր բոլորի մօր սրտի միջով է անցնում դէպի Նրա աստուածային Որդի տանող ուղիներից մէկը: Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը Վարդարանի աղօթքների եւ խորհուրդների գեղեցկութեան եւ լաւագոյն կատարումի մէջ էր տեսնում մարդկային ոգու ամրութիւնն ու յաղթութիւնը: Բոլորովին էլ պատահական չէր, որ իր երկրային կեանքի շրջանը բոլորեց Տիրամօր Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդութեանը նուիրուած Մայիս ամսուան մէջ:

Կարդինալ Աղաճանեանի սրբակենցաղ կեանքի եւ գործունէութեան մասին բազմիցս զրոյցներ ենք ունեցել Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Կապադովկեան Կեսարիոյ Հայոց Առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուկրաինայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի հետ: Լինելով երջանկայիշատակ Ծիրանաւորի ժամանակակիցը եւ ուսանողը՝ Արհիապատիւ Սրբազան Հայրը բազմաթիւ յիշողութիւններ ունի՝ կապուած մեր սիրելի Հայրապետի հետ: Չափազանց հետաքրքիր է ականջալուր լինել իւրաքանչիւր դէպքի եւ իրադարձութեան վերաբերեալ պատմութիւններին, որոնց ականատեսն ու մասնակիցն է եղել նաեւ Արհիապատիւ Տէր Ռաֆայէլը: Յիշում եմ, թէ ինչպէս մեր զրոյցներից մէկի ժամանակ ասաց, որ հայ ազգի նուիրեալ զաւակ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կարդինալ Աղաճանեանի նուրբ սիրտը միշտ խռովւում էր «Լեռներ Հայրենի» երգը լսելիս եւ ամէն անգամ արցունքներն առատօրէն յորդում էին նրա աչքերից:

Հնարաւոր չէ մի քանի էջի մէջ ամփոփել մեծանուն հոգեւորականի կեանքի եւ գործունէութեան թէկուզ գլխաւոր դրուագները, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմն են թողել ինչպէս Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ, այնպէս էլ համայն քրիստոնեայ աշխարհի պատմութեան քառուղիներում:

2019թ. Սեպտեմբեր 3-ից 13-ը Զմմառու Կաթողիկոսական Աթոռում՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեան Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նախագահութեամբ տեղի ունեցած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց տարեկան Սիւնհոդոսի ընթացքում կայացուած որոշման հիման վրայ, ինչպէս նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ անմիջական ջանքերով եւ նախաձեռնութեամբ պաշտօնական նամակ յղուեց Սուրբ Աթոռի Սրբադասման Ժողովին՝ Աստուծոյ Ծառայ Սրբակեաց Ծիրանաւոր, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Երանացման եւ Սրբադասման Դատին ընթացք տալու խնդրանքով: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ձեռնարկեց Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Սրբադասման Դատի նախապատրաստական աշխատանքները, հրատարակուեցին բազմալեզու թռուցիկներ, որոնք պատմում են նրա վարքի, արժանիքների ու հոգեւոր կտակի մասին, փաստեր, որոնք ապացուցում են Ծիրանաւորի սրբակենցաղ կեանքը, անհուն սէրն ու նուիրումը Աստծուն եւ Նրա ժողովուրդին եւ նրան դարձնում սրբադասման արժանի:

Մեր որդիական սէրն ու խորին երախտագիտութիւնն ենք յայտնում Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Սրբադասման Ժողովի անդամներին, ինչպէս նաեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, որ քննութեան առնելով Կարդինալ Աղաճանեանի տարիների ընթացքում աւելացող սրբութեան հռչակը՝ որոշում կայացրեցին ընթացք տալ նրա Երանացման եւ Սրբադասման Դատին:

Հայազգի Ծիրանաւորի մահից 49 տարի անց, Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2020 թուականին Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթի մէջ լոյս տեսաւ Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի Սրբադասման Դատի կոնդակը:

Աստուածային շնորհներով եւ Սուրբ խորհուրդներով զօրացած՝ իր սրտաբուխ օրհնութիւնը բաշխելով Եկեղեցւոյ զաւակներին, աչքերն առ յաւէտ փակեց Աստուծոյ ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանը, որպէսզի երկնքի երանաւէտ արքայութեան մէջ միանայ Տիրոջը:

Պօղոս Առաքեալի հրաժեշտի խօսքերով մեր սրբակենցաղ Ծիրանաւոր Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանն աւարտեց իր երկրային առաքելութիւնը. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքս կատարեցի, հաւատքը պահեցի, այսուհետեւ կայ եւ ինծի կը սպասէ արդարութեան պսակը՝ զոր Տէրը, արդար դատաւոր, պիտի հատուցանէ ինծի այն Օրը» (2 Տիմ. 4:7-8):

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…

Գերյ. Հայր ԳԱՌՆԻԿ ծ. վրդ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ,

Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան նախագահ

20.05.2020թ.

Շարունակուած նախորդ թիւէն եւ վերջ

ՄՈՌԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻ՛ ՏԱՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ

Այս օրերու աշխարհը կ’ապրի վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին իր ունեցած ամենամութ ժամանակաշրջաններէն մին: Ըստ միջազգային կազմակերպութեանց, այս տագնապը ամենածանրն է Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր եւ մարդկութիւնը գիտէ թէ այդ պատերազմը որքան աւերիչ եղած է ամէն տեսակէտով:

Մինչ մենք ականատես կ’ըլլանք թէ աշխարհի հսկաները որքան կը տառապին, մենք ինքնաբերաբար կը մտածենք թէ ինչ աստիճանի դժուար է տնտեսականօրէն տագնապող փոքր երկիրներու համար դիմակալել այսպիսի ահազանգային իրավիճակ մը:

Իմ խորհրդածութիւններովս եւ աղօթքներովս բոլոր ազգերուն եւ համայն մարդկային ցեղին, կ’ուզեմ ուշադրութիւնս կեդրոնացնել Լիբանանի հայ գաղութին վրայ: Գաղութ մը որ կը համարուէր եւ տակաւին այսօր ալ կը նկատուի սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտը: Գաղութ մը որ միշտ ալ եղած է առաջնային գծի վրայ ի պաշտպանութիւն ըլլա՛յ Հայաստանի կամ՝ Արցախի եւ կամ ըլլայ՝ աշխարհատարած սփիւռքահայութեան: Այլեւ գաղութ մը՝ որ տուած է արժանաւոր անձինք որոնք ամէնուրէք հիմնած են ակումբներ եւ կառուցած են դպրոցներ

Ըլլալով մէկ մասնիկը այս գաղութին, կը հաստատեմ թէ զուգադիպութիւն չէ որ մենք ունինք այսպիսի ազգօգուտ յանձնառութիւն, նուիրում եւ սէր մեր ինքնութեան նկատմամբ: Արդարեւ, մեր ապրած քաղաքներու ամէն մէկ յաջորդ թաղին մէջ կը գտնես եկեղեցի մը, ակումբ մը եւ կամ վարժարան մը որոնց կողքին կայ փոքրիկ խաղավայր մը որ այդքան մօտիկ է մեր տուներուն: Այս եկեղեցիները, ակումբներն ու դպրոցները սորվեցուցին նոյն հիմնական սկզբունքները որոնք էին մեծնալ իբրեւ քրիստոնեայ հայ որ փարած կը մնայ իր ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան, որեւէ երկինքի տակ ալ սփիւռքահայու ճակատագիրը զինք առաջնորդէ:

Դժբախտաբար, զանազան պատճառներու բերումով, որոնց կարգին անցնող 30 տարիներուն Լիբանանի մէջ իրագործուող նիւթական ապօրինի մեքենայութիւնները, հսկայական գումարներու հասնող իւրացումներն ու քանդող կաշառակերութիւնը, երկիրը հասցուցին այնտեղ ուր այլոց շարքին վտանգի մէջ է Լիբանանի հայկական գաղութը, որովհետեւ հսկայական ցնցումի ենթարկուած են վերոնշեալ ազգային կառոյցները ըլլան անոնք եկեղեցական թէ կրթական եւ կամ՝ մշակութային, թէ ընկերային ու քաղաքական. եւ այս կառոյցներէն ոչ մէկը կրնայ փոխարինել միւսը այլ անոնք միասնաբար հիմնական դեր ունին հայ հոգին ու սիրտը սնուցանող ու հայու մարմինն ու միտքը զօրացնող իրենց առաքելութեան մէջ:

Մինչ մենք կ’աշխատինք մարդկային կարիքներու ճակատին վրայ, օգտակար հանդիսանալով կարիքաւոր ընտանիքներուն, անդին կան հայորդիներ, որոնք վարագոյրներու ետին կ’աշխատին հայ վարժարանը փրկելու համար փակուելու ստոյգ վտանգէն։ Ազգանուէր եւ յոյժ կարեւոր գործ մը արդարեւ, որովհետեւ հակառակ այն բազմապիսի դժուարութիւններուն զորս կը դիմակալենք, մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք մեր դպրոցները որոնք մեր գործնական նեցուկին պէտքը ունին այսօր որեւէ ատենէ աւելի: Չբաղդատենք մեր դպրոցները կրթական այն հաստատութիւններուն հետ որոնք կը ֆինանսաւորուին միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ եւ կամ ունին եկամուտի այլ աղբիւրներ: Մեր վարժարանները ընդհանրապէս ունին ինքնաֆինանսաւորի իրավիճակ. առաւել անոնց դռները միշտ ալ բաց եղած են այն հայորդիներուն դիմաց որոնք ի վիճակի չեն եղած վճարելու իրենց կրթաթոշակը անոնց ապահովելով անհրաժեշտ կրթական նպաստը:

Արդ, ի սէր ձեր զաւակներուն, ի խնդիր անոնց ապագային ինչպէս նաեւ ի խնդիր հայ համայնքի գոյատեւման եւ հայ ընտանիքի պահպանման՝ ձեր կարելին ըրէք նեցուկ կանգնելու հայ դպրոցին: Ես ծնած ու հասակ առած եմ լիբանանեան պատերազմի տագնապի շրջանին երբ կացութիւնը աւելի վատթար էր քան այսօրուան մեր դիմակալած վիճակը։ Կը յիշեմ թէ ինչպէս հայրս մեզի սորվեցուց թէ ուսումը այնքան կարեւոր է որքան հացը եւ թէ ինչպէս ան բացատրեց մեզի որ դպրոցը որքան հիմնական է անձի մը համար որքան անոր տունը, հետեւաբար՝ այս բոլորէն հետեւցնելով, թէ մեր կարելին պէտք է ընենք կրճատելու մեր առօրեայ ծախսերը որպէսզի կարենանք կատարել մեր նիւթական պարտաւորութիւնները ի խնդիր մեր զաւակներուն զարգացման: Եւ ահաւասիկ այսօր, մենք կը քաղենք մեր ծնողներուն այսօրինակ մօտեցումը հայ դպրոցին երբ անոնք դժուարին օրերուն կրցան զոհել իրենց նախասիրութիւնները պայծառ ապագայ մը ապահովելու համար իրենց զաւակներուն:

Այսօր հայ դպրոցի զանգերը ձեզ կը հրաւիրեն նոր սերունդի ծնողներ, գիտակից բարերարներ եւ ազգանուէր հայորդիներ: Ատենն է ընդառաջելու այդ ազգային ու մարդկային կոչին եւ ձեր լուման բերելու մեր դպրոցներու գոյատեւումը ապահովելու առաքելութեան:

Պէյրութ, 17 Ապրիլ 2020

Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՀՈԳԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻԻՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ
ԶԱՒԷՆ Տ. ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ

4 Օգոստոս 2020…։

Լիբանանի համար պատմական անկիւնադարձային թուական, սակայն դժբախտաբար ոչ՝ յաղթանակի, այլ ընդհակառակը՝ սեւ էջ մը եւս։

Մինչ այս երկրին վիճակուած էր այս տարի «Մեծն Լիբանան»ի 100ամեակը նշել, յայտնուեցաւ թէ երկիրը՝ փոթորկալից անցուդարձերէ ետք, թէեւ ոմանք յաղթական, սակայն վերջին 45 տարիներու ընդհանրապէս յուսախաբութիւն պատճառող դէպքերէ ետք, շրջանային եւ ներքին շահագործումներու բեմ մըն է, զուրկ պետականավայել եւ հայրենասիրական հիմքերէ։ Համայն լիբանանցի քաղաքացիներու օրինական հայրենիք կերտելու փոխարէն, վերջին չորս տասնեակ տարիներուն, պետական վարչակազմերը ձեւակերտեցին անձնական եւ շրջանային կողմերու շահերու եւ փտածութեան առաջնորդող իշխանութիւն։ Այս վիճակին հետեւանքով՝ 2020-ին ունեցանք փտած երկիր մը, տնտեսական գետնի վրայ ահաւոր կերպով սնանկացած, իսկ հիմնարկային կերտումի գծով գրեթէ գոյութենէ զուրկ։ Վրայ հասաւ Պէյրութի նաւահանգիստի ոճրային պայթումը։ Այո՛, կը շեշտենք պայթումի ոճրային բնոյթին վրայ, որովհետեւ ինչ ալ ըլլան անոր պատճառները, անպատասխանատուութիւն, անհոգութիւն կամ դիտումնաւոր արարք, ան խլեց հարիւրաւոր անմեղ կեանքեր, պատճառեց հազարաւոր վիրաւորներ, տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու տեղաքանդում, ոչնչացուց երկրի «սիրտը» համարուող նաւահանգիստը եւ եռանդագին աշխատանքով գործող շրջաններ, քանդեց, կործանեց եւ անդամալուծութեան մատնեց։

Աղէտէն ետք, վնասները յայտնաբերելու, ժամանակաւոր կառուցուելիքը կարգաւորելու, անգործածելին թափելու աշխատանքները ընթացքի մէջ են, ի վերջոյ, կեանքը պիտի շարունակուի…։ Այս ընթացքին, վերլուծաբանները՝ հետեւանքներու առնչութեամբ գործի վրայ են։ Կը ներկայացնեն զանազան բացատրութիւններ՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, նոյնիսկ հոգեբանական, կենսաբանական եւ այլ մարզերէ ներս։ Բոլորին համար ալ, աւերները սարսափելի են անշուշտ, բայց ոմանք կը խորհին, որ աղէտը սրբագրութեան կարօտ որոշ մարզերու մէջ նոր առիթներ կը ներկայացնէ։ Տնտեսական գետնի վրայ, արդէն անուղղակիօրէն վերացուեցաւ պատիժներու եւ շրջափակումի գործադրութիւնը…։ Լաւատեսներ կը պաշտպանեն այն գաղափարը թէ տոլարի փոխանակման սակագինը կրնայ նուազիլ։ Անոնք կ’աւելցնեն թէ միջազգային օժանդակութիւնները եւս պիտի բարելաւեն շուկայի վրայ կարիքներու պակասը եւ առեւտրական հաւասարակշռութիւն պիտի յառաջացնեն։

Իրականութեան մէջ, այս քայլերը «կարկտան» կարգադրութիւններ կրնան ըլլալ միայն եւ իսկական մեծ «վէրքը» կամ «ախտը» չեն դարմաներ։ Հաւանական է որ կարճ ժամանակամիջոցի մը համար տոլարին սակագինը բարելաւուի, բայց եթէ հիմնական լուծում կը սպասենք, այս օժանդակութիւնները հարկ է որ դուրս բերուին մարդասիրական օգնութիւն ըլլալու բնոյթէն, վերածուին ծրագրաւորուած եւ տարիներու վրայ երկարող ներդրումներու, որոնք պէտք է բարեկարգեն տնտեսութիւնը եւ ապահովեն շարունակական օտար դրամներու հոսք երկրին եւ մանաւա՛նդ՝ վստահութիւն, ինչպէս որ էր վիճակը քսան տարի առաջ, սակայն քանի մը տարիներ ետք շրջուեցաւ։ Ինչ կը վերաբերի օգնութիւններուն, անոնք մարդասիրական են, կը սփոփեն անշուշտ աղիտահար լիբանանցիները, կը ծառայեն անմիջական որոշ վնասներու դարմանումին, բայց չեն նկատուիր երկրի ընդհանուր տնտեսութեան վերականգնումի գործընթաց։

Եթէ նկատի ունենանք միջազգային ժողովի ընթացքին հաւաքուած գումարները, արդէն յստակ արտացոլացում են թէ սահմանափակուած են մի քանի տասնեակ միլիոններու մէջ, մինչ միայն պայթումին պատճառած վնասները կը հասնին 5 միլիառ տոլարի, իսկ պայթումէն առաջ երկրի տնտեսութեան վերականգնումի կարիքը կը նախատեսուէր 60 միլիար։

Միջազգային որոշումի պատասխանատուներ կ’առարկեն թէ «անվստահութեան» պատճառով կը վարանին նիւթական օժանդակութիւններ առաքել լիբանանեան իշխանութիւններուն, սակայն անհասկնալի կը մնայ առանց կողմ որոշելու ինչպէ՞ս տնտեսական սատարում պիտի իրագործուի։ Արդեօք իսկապէս բարեկարգում կը սպասուի՞, ո՞վ պիտի ձեռնարկէ այդ բարեկարգումներուն, նոր կառավարութիւն մը պիտի կարենա՞յ ակնկալուած վստահութիւնը ներշնչել կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, թէ՞ Լիբանան կը նկատուի անբուժելի «հիւանդ», եւ «օտար բժիշկներուն» կատարած այն հաւաստիացումը թէ «բուժումը հնարաւոր է» մխիթարանք է պարզապէս։

Այսուհանդերձ, ինչպէս գիտենք երբ Յիսուս քալեց Գողգոթան եւ խաչուեցաւ, ժողովուրդը կարծեց թէ քրիստոնէութեան վերջը եկաւ, բայց Ան իր յարութեամբ հաւատք եւ յոյս ներշնչեց ու աշխարհը փրկեց։ Լիբանանցին ալ թող հաւատայ «Յարութեան» եւ հաւատայ որ անկեղծ միասնականութեամբ կը փրկէ իր ապագան ու երկիրը։