Փետրուար 2021, թիւ 168 – Massis Magazine

ՄԱՀԱԶԴ ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷԵԱՆի
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսական Հայրերը,

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը,

Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի

Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդութիւնը

սրտի խոր կսկիծով եւ յուզումով կը գուժեն

Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Կղերի Միաբանութեան երէց անդամներէն

Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Ատանայի Հայոց

ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ

Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷԵԱՆի

վախճանումը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2021-ին,

Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդական նստավայրին մէջ։

Կենսագրական

Արհիապատիւ Հայր ՆՇԱՆ Արքեպիսկոպոս ԳԱՐԱՔԷՀԷԵԱՆ՝ վաստակաւոր Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Կապադովկեան Կեսարիոյ՝ Առաջնորդ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Զմմառի Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան անդամ։ Մկրտութեան անունով Եղիա, ծնած է Յունաստանի Բիրիա քաղաքը, 17 Ապրիլ 1932-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէ եւ ՀԲԸՄ միացեալ վարժարանին, Ս. Յակոբ ազգային վարժարանին, Հայ Կաթողիկէ – Հ.Օ. Խաչ միացեալ վարժարանին, Ֆրեր Մարիստներու կրթարանին մէջ:

1948-ին, մուտք գործած է Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր Վանքի փոքր ընծայարանը եւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատրան մէջ, ինքզինքը նուիրած է Աստուծոյ:

1955-ին կ’առաքուի Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան եւ մինչեւ 1961՝ Հռոմի Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ կը ստանայ Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան ուսում:

1960-ին Յուլիս 2-ին կ’օծուի կուսակրօն քահանայ։

1961-ին Փոխտեսուչի եւ ուսումնապետի պաշտօն կը վարէ Զմմառու Տիրամօր Վանքի Ս. Միքայէլ փոքր ընծայարանին մէջ։

1963-ին կը նշանակուի Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ, Պուրճ Համուտ, Լիբանան։

1968-ին՝ Փոխ ժողովրդապետ Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ, Պէյրութ, Լիբանան։

1969-ին՝ Տնօրէն Զմմառեան Ճեմարանի, Լիբանան:

1976-ին՝ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ վանքին Մեծաւոր։

1978-ին՝ Ժողովրդապետ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Սան Փաուլօ, Պրազիլ։

1982-ին կ’անուանուի Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց՝ Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ:

1985-1986՝ ներքին մատակարար՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ օգնական ժողովրդապետ՝ Աւետման Սրբոյ Կուսին Եկեղեցւոյ, Աշրաֆիէ, Լիբանան:

1986-1987՝ Ժողովրդապետ՝ Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ:

1987-1988՝ Ժողովրդապետ՝ Աւետման Սրբոյ Կուսին Եկեղեցւոյ, Աշրաֆիէ, Լիբանան։

1988-ին կը մեկնի Ֆրանսա, ուր կը նշանակուի ժողովրդապետ՝ Մարսիլիոյ եւ Հարաւային Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց։

1991-2015 թուականներուն իրեն կը վստահուի նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդի պաշտօնը Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց:

1993-ին կ’անուանուի Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց։

2000-2015 թուականներուն Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսը զինք կ’ընտրէ Իրանի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ իբր յաջորդ լուսահոգի Վարդան Եպս. Թէքէեանի:

2001-ի Յունուար 28-ին, եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի՝ ձեռամբ Ներսէս – Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, Պէյրութի Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

2005-ի Ապրիլ 2-ին՝ երջանկայիշատակ Ս. Յովհաննէս – Պօղոս Բ. Քահանայապետին կողմէ կը նշանակուի Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդ՝ Ատանայի Հայոց Արքեպիսկոպոսի տիտղոսով մինջեւ 2010 թուականը։

Վերջին տարիներուն՝ վաստակաշատ Գերապայծառը մնայուն կերպով բնակութիւն հաստատած էր Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդական նստավայրին մէջ, ուր Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդներով զօրացած՝ իր մահկանացուն կնքեց իր կեանքի 89-րդ եւ Քահանայութեան 61-րդ տարին:

Յուղարկաւորութիւն եւ Թաղման կարգ

Հանգուցեալ Միաբանի յուղարկաւորութիւնը, եկեղեցւոյ եւ թաղման կարգը տեղի ունեցաւ Հայաստան, Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2021-ին, ժամը 12:00-ին, Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի նախագահութեամբ:

Երեքշաբթի, 23 Փետրուար 2021-ին, հանգուցեալ՝ Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէեանի մարմինը Հայաստանէն փոխադրուեցաւ Լիբանան:

Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի Փոխման Ս. Կուսի եկեղեցւոյ մէջ յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը:

Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան դամբարանին մէջ, ի Զմմառ:

Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ հոգեհանգստան պաշտօն մատուցուեցաւ հանգուցեալի հոգւոյն հանգստութեան:

Աստուծմէն հայցելով երկնային խաղաղութիւն եւ հանգուցեալին յաւիտենական հանգիստ, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Միաբանութեանս աւագ եւ կրտսեր բոլոր անդամներուն եւ սգակիր հարազատներուն, խնդրելով Տիրոջմէ նորանոր քահանայական կոչումներ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ:

Խունկ եւ բիւր օրհնութիւն հոգելոյս Գերապայծառին անմահ յիշատակին:

ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ի Հայաստան

Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2021-ի առաւօտեան, Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւն նախագահութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Արքպ. Մինասեանի, վասն Հոգւոյն Հանգստեան Արհիապատիւ Նշան Արքպ. Գարաքէհէեանի։

Սրբազան Արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՀ մօտ Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Խօսէ Պեթանգուրը, ինչպէս նաեւ թեմին բոլոր հոգեւորականները, Մխիթարեան միաբանութեան հայրերը, Անարատ Յղութեան միաբանութեան հայ Քոյրերը, Սրբոց Հրեշտակապետաց նորընծայարանի սաները իրենց մեծաւորներուն հետ, հանգուցեալին հարազատները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Գերապայծառ Մինասեանի քարոզը

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Գերապայծառ Մինասեան յիշելով Սուրբ Պօղոսին խօսքերը՝ «Պատերազմեցայ բարի պատերազմը, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատքս», հաստատեց՝ թէ հայր Նշան Արքեպիսկոպոսը նոյնը կատարեց. պատերազմեցաւ բարի պատերազմը ու այժմ մեկնեցաւ առ Հայր։

«Դուն եղար հոգիներու բժիշկ, լսելով մեղքերը ու չարչարուած մարդոց տալով արձակումը» ըսաւ ի մէջ այլոց Գերապայծառ Մինասեանը հաստատելով, որ «այսօր Քրիստոս ու Անոր Սուրբ Մայրը՝ որուն նուիրեցիր ամէնօրեայ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը քեզ կ’ընկալեն երկնքի մէջ։

«Հայր Նշան, Սրբազան հայր, շարունակէ քու բարեխօսութիւնդ Հօր Աստուծոյ դիմաց, մեզի համար, մեր հայրենիքին, մեր համայնքի հաւատացեալներուն, մեր Միաբանութեան եւ բոլոր կղերին համար, աստուածային օրհնութիւնը, նախախնամութիւնը ու մնայուն ներկայութիւնը հայցելով մեր կեանքին մէջ» ըսաւ Գերապայծառ Մինասեան իր քարոզի աւարտին։

Պապական նուիրակին խօսքը

Արարողութեան ընթացքին իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Պեթանգուր, որ ներկաներուն փոխանցեց իր եւ Ֆրանչիկսոս Պապին ցաւակցութիւնները, յիշելով քահանայական ձեռնադրութեան թուականը՝ 2 Յուլիս 1966, ու այդ թուականէն սկսեալ անոր առաքելութեան հանգրուանները, «որոնք յատկանշուեցան ուրախութիւններով, բայց նաեւ այն գիտակցութեամբ, թէ կարելի չէ հիմնուիլ մեր անձնական ուժերուն վրայ, այլ միայն Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ, զոր կանչուած ենք բացայայտել եւ ընկալել մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան մէջ»։

«Ամէն մէկ քահանայի ու մասնաւորապէս եպիսկոպոսի կեանքի ուղեւորութեան մէջ ի յայտ կու գայ այն ճշմարտութիւնը, թէ մենք պէտք է մերկանանք ամէն մէկ ինքնաբաւարարութեան հայցադիմումէն, որպէսզի Յիսուս՝ Տէրը ըլլայ ան, որ ամէն ինչ կը լիացնէ իր շնորհքով» ըսաւ ապա Գերապայծառ Պեթանգուր մատնանշելով՝ թէ ինչպէս Գերապայծառ Նշանի վերջին տարիներու հիւանդութիւնը զինք ուղղեց հաստատ կերպով ընթանալու, «դէպի այն բանը, որ պէտք է ներգրաւէ մեր բոլորի ուշադրութիւնը. վերջին ճամբորդութեան խորհուրդը, այն անցքը ուր իրապէս պէտք է լքենք մեր երկրային կեանքին պատկանող ամէն ստացուածք՝ յաւիտենապէս դառնալու համար Յիսուսին աշակերտները, Անոր զատկական անցքին մէջ» ըսաւ գերապայծառ Պեթանգուրը դիտել տալով նաեւ թէ յատուկ նշանակութիւն ունի, որ Հայր Նշանին անցքը տեղի ունեցաւ քառասնորդացի նախօրեակին, Սուրբ Զատկուան համար պատրաստութեան շրջանին, «Կեանքի Տիրոջ հետ միասին մտնելու համար այն թագաւորութեան մէջ, որ մայրամուտ չի ճանչնար»։

Ան ապա խօսքը աւարտեց մաղթելով՝ որ «Տէրը Գերապայծառ Նշանին պարգեւէ շնորհքը վայելելու Յարուցեալ Քրիստոսին դիմագիծի գեղեցկութիւնը՝ լսելու համար անոր ձայնը որ կ’ըսէ «եկուր ինծի հաւատարիմ եւ բարի ծառայ, մտիր Տիրոջդ ուրախութեան մէջ»»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհաց։

Ի Լիբանան

Չորեքշաբթի, 24 Փետրուար 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին՝ տեղի ունեցաւ լուսահոգի Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէեանի գերեզմանկարգը: Յաւուր պատշաճի պատարագ մատուցանեց Զմմառու Մայրավանքի փոխ մեծաւոր՝ Հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեան, նախագահութեամբ Զմմառւ Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Հ. Կ. Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Հ. Գէորգ Եպ. Ասատուրեան, Հայաստանէն ժամանած Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հայաստանի Հ. Կ. Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպծ. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Գերապայծառ, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Հայրեր, Լիբանանի Հ. Կ. Ժողովրդապետութեանց միաբան եւ թեմական Հայրերը, Հ. Նարեկ Վրդ. Մնոյեան, Արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Զմմառու դպրեվանքի ժառանգաւորներ, սգակիր հարազատներ եւ հաւատացեալներ:

Գերապայծառ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի քարոզը

Այս առթիւ՝ Զմմառու վանքի Մեծաւորը խօսք առնելով, ըսաւ. «Այսօր մեզմէ առ յաւէտ կը բաժնուի իր ուխտին հաւատարիմ եւ Եկեղեցւոյ ծառայ՝ Հ. Նշան Գարաքէհէեան: Սիրելինե՛ր, չկայ մարդ որ յաւերժ կ’ապրի: Մեր փոքր տարիքէն կու գանք Զմմառ, կ’ուսանինք Տիրամօր հովանիին ներքեւ, այնուհետեւ կը մեկնինք առաքելութեան եւ երկար տարիներ ծառայելէ ետք մեր Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին՝ կը վերադառնանք Զմմառու վանք, մեր տունը, Տիրամօր գիրկը: Աստուծոյ խոնարհ ծառան Հ. Նշան՝ մեր Միաբանութեան նախորդներուն նման, Յունաստանի Բերիա քաղաքէն եկած էր Զմմառ, ուր հոգեւոր դաստիարակութիւն ստանալէ ետք, մեկնած էր Հռոմ եւ քահանայ ձեռնադրուած: Այնուհետեւ երկար տարիներ ծառայելէ ետք Լիբանան, Եգիպտոս, Պրազիլ, Յունաստան եւ յատկապէս Պարսկաստան, ան իր առաքելութեան վերջին հանգրուանին, հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ մեկնած էր Հայաստան, ուր ամբողջ եռանդով նուիրուած էր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր վերազարթօնքին եւ շինարարական աշխատանքներուն:

Սիրելի ներկաներ, աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած որ օրհնէ այս Միաբանութիւնը, նորանոր քահանայական կոչումներ ընծայէ եւ յաւերժ պահէ:

Այս տխուր առթիւ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Միաբանութեան անունով՝ իմ խորին ցաւակցութիւնը կը փոխանցեմ Հ. Ռաֆայէլ Մինասեանին եւ հանգուցեալի հարազատներուն»:

Պատարագի աւարտին՝ հոգեւորական դասը եւ բոլոր ներկաները թափօրով եւ «Աշխարհ ամենայնի» երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան դամբարանը, ուր տեղի ունեցաւ գերեզմանի կարգը: Այնտեղ մարգարէական գրութեան, Պօղոս Առաքեալի Թուղթի եւ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, հանգուցեալ Գերապայծառին մարմինը ամփոփուեցաւ: Այնուհետեւ, տեղւոյն վրայ ցաւակցութիւնները ընդունուեցան:

Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր բարեխօսութեամբ աղօթք բարձրացնենք առ Ամենաբարին Աստուած, որպէսզի հանցուցեալ Գերապայծառին հոգւոյն յաւիտենական հանգիստ շնորհէ, խնդրելով Տիրոջմէ որ իրեն նման բազմաթիւ եկեղեցասէր եւ ծառայասէր հայորդիներ պարգեւէ Միաբանութեանս, ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդին:

Խունկ եւ բիւր օրհնութիւն Հ. Նշանի պայծառ եւ անմահ յիշատակին:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի

Ֆրանչիսկոս Պապ. «ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԻՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ»
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 8 Փետրուարին Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած դիւանագիտական անձնակազմին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ան տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներէն պահանջեց Լիբանանի կայունութեան ամրապնդումին նպաստող ազգային եւ միջազգային յանձնառութիւն մը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր ազգային ինքնութիւնը կորսնցնելու եւ շրջանային լարուածութիւններու մէջ ներգրաւուելու վտանգը:

Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց, որ Մայրիներու երկիրը պէտք է պահպանէ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը` երաշխաւորելու համար բազմազան Միջին Արեւելք մը, ուր քիրստոնէական ներկայութիւնը դերակատարութիւն կ’ունենայ եւ ոչ թէ իբրեւ փոքրամասնութիւն կը գոյատեւէ:

«Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ բաղադրիչին տկարացումը կը սպառնայ լիբանանեան ներքին հաւասարակշռութիւնը քանդել», ըսաւ Պապը:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը լուծելու` զգուշացնելով երկրին տնտեսական փլուզումէն:

Եւ վերջապէս, Քահանայապետը կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքացիական ղեկավարներուն իրենց անձնական շահերը մէկդի դնելու եւ յանձնառու մնալու արդարութեան եւ բարեկարգումներու գործադրութեան: Ան շեշտեց թափանցիկ գործելու եւ սեփական արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնելու կարեւորութիւնը:

«ԲՌՆԱԿԱԼՆԵՐ, ԿԱՇԱՌԱԿԵՐՆԵՐ, ՈՃՐԱԳՈՐԾՆԵՐ»

Փետրուար 8-ին, Մար Մարունի տօնին առիթով մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, մարոնիթներու Պէյրութի Առաջնորդը՝ Պուլոս Ապտել Սաթեր Արքեպիսկոպոսը բուռն կերպով քննադատեց լիբանանցի քաղաքական գործիչները՝ իրենց «սուտերուն եւ անպատասխանատուութեան համար» եւ յայտարարեց որ պատմութիւնը զիրենք պիտի յիշէ իբրեւ «բռնակալներ, կաշառակերներ եւ ոճրագործներ»։

«Տարի մը առաջ,– ըսաւ Արքեպիսկոպոսը,– բազմաթիւ պատասխանատուներու ներկայութեան արձակեցի լիբանանցի ժողովուրդին ճիչը, ժողովուրդին որ ճնշուած է եւ յուսահատ, որուն արժանապատուութիւնը, ցոյց կատարելու եւ հաշիւ պահանջելու իրաւունքը բռնախլուած է ։ Այդ օրէն ի վեր ոչինչ փոխուեցաւ։ Ընդհակառակը կացութիւնը աւելի վատթարացաւ…։ Զգուշացէ՛ք դուք՝ կառավարիչներ, որ ձեր փառքը կը կառուցանէք ճնշումին ու նուաստացումին վրայ անոնց որոնք ձեզի վստահեցան։ Պատմութիւնը պիտի չխնայէ ձեզի եւ ձեր անունները պիտի յիշէ բռնակալներու, կաշառակերներու եւ ոճրագործներու շարքին»։

Մարոնիթներու Պատրիարքը, Պշարա Ռաի, Պքերքէի մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին, իր կարգին կոչ ըրաւ կազմակերպելու ազգային խորհրդաժողով մը, ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ, կանխելու համար Լիբանանի ամբողջական փլուզումը։ Ան յիշեցուց որ Սրբազան Քահանապետը պահանջած էր ազգային եւ միջազգային քաղաքական յանձնառութիւն մը՝ օգնելու համար երկրի կայունութեան եւ զգուշացուցած էր վտանգէն որ Լիբանան կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ հետզհետէ աւելի ներգրաւուի շրջանային տագնապներուն մէջ։

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԵՐՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԸ. ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՅՐԸ
Լիբանան առաջին անգամ ոտք դնող Քահանայապետը եղաւ Պօղոս Զ. Պապը՝ 1964-ին։

Ան պաշտօնական հովուական այցելութեամբ չէ, որ ժամանեց Լիբանան, այլ թեքնիք պատճառներու բերումով, մէկ ժամ տեւողութեամբ փոքրիկ դադար կատարեց Լիբանանի միջազգային օդակայանին մէջ՝ դէպի Պոմպէյ ճամբորդութեան ժամանակ ուր ուղղուած էր մասնակցելու համար Սուրբ Հաղորդութեան համաժողովին։

Հազարաւոր Լիբանանցիներուն ներկայութեամբ Պօղոս Զ. Պապը դիմաւորեցին Lիբանանի նախագահ Շարլ Հելու, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան քաղաքական, եկեղեցական անձնաւորութիւններ։

Պօղոս Զ. Պապին կարճ այցելութեան յիշատակը վառ մնաց այն ժամանակուան բարգաւաճ լիբանանցի ժողովուրդին յիշողութեան մէջ։ Այդ առթիւ արտասանած հակիրճ պատգամին մէջ Պօղոս Զ. Պապը ըսած էր. «Լիբանանը վաստակած է իր պատմութիւնը, մշակոյթը, բնակիչներուն խաղաղ բնաւորութիւնը, կրնանք ըսել ընդհանուր յարգանքն ու բարեկամութիւնը։ Լիբանանի հնագոյն եւ յարգելի կրօնական աւանդութիւնները, նախ եւ առաջ մեր բարձր գովասանքին արժանի է։ Մենք պիտի չմոռնանք մասնաւորապէս այն ինչ որ եկեղեցւոյ համար կը ներկայացնէ Լիբանանի քրիստոնեայ բնակչութեան հաւատքը, արտայայտուած ծէսերու ներդաշնակ բազմազանութեամբ, կրօնական եւ վանական համայնքներու առատութեամբ ու բազմազանութեամբ՝ առաքելական, կրթական, մշակութային եւ բարեգործական գործունէութիւններուն միջոցաւ։

Պօղոս Զ. Պապին ցաւն ու կսկիծը ի տես քաղաքացիական պատերազմին

Պօղոս Զ. Պապին քահանայապետութեան շրջանին աւարտին զուգադիպեցաւ Լիբանանին մէջ սկիզբ առած քաղաքացիական պատերազմը։ Արդարեւ, ան շարունակ կոչ ուղղեց, Լիբանանի ժողովուրդի պաշտպանութեան ու խաղաղութեան ի խնդիր։ 5 Յուլիս 1978-ին, նախքան Հօրենական տուն վերադառնալը, Պօղոս Զ. Պապը կոչ ուղղեց անյապաղ դադրեցնելու ռմբակոծումները որոնք բազմաթիւ զոհ ու վիրաւոր պատճառեցին Պէյրութի քրիստոնեայ շրջաններուն մէջ։

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին սէրը Լիբանանի ժողովուրդին հանդէպ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ցաւ պատճառեց նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին։

Լիբանանի խաղաղութեան ի նպաստ յղած բազմաթիւ կոչերէն արժանի է յիշել, 1984-ի Մայիսի մէկին, Լիբանանի պատրիարքներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յղած պատգամը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը լիբանանցիներէն խնդրեց, որ միշտ վառ պահեն իրենց յոյսը հայրենիքին ու մարդուն նկատմամբ, որդեգրելով խաղաղութեան ուղին։

Mandatory Credit: Photo by Plinio Lepri/AP/Shutterstock (7140046c)

Pope John Paul II is greeted by the faithful as he tours past a Lebanese flag on his popemobile, after a canonization ceremony in St. Peter’s Square at the Vatican, . The pontiff named six new saints Sunday including Lebanese Maronite priest Nimatullah Kassab Al Hardini, two Italian priests, a Spanish monk a wealthy Italian widow, and an Italian pediatrician Gianna Beretta Molla – who became a symbol for abortion opponents because she refused to end her pregnancy despite warnings that it could kill her. Beretta Molla died in 1962 at 39 a week after giving birth to her fourth child

VATICAN SAINTS, VATICAN CITY, Vatican Italy

Ապա՝ եկեղեցիէն խնդրեց, որ միշտ ապահովէ երկխօսութեան եւ համերաշխութեան ծառայութիւնը, որուն ուժը կը քաղէ Քրիստոսի սիրտէն։ Արժանի է յիշել Սուրբ Պապին հետեւեալ խօսքը եկեղեցականներուն։ «Գալիք սերունդները ձեզ պիտի դատեն ներկայի լարուածութիւնն ու ողբը յաղթահարելու կարողութեան վրայ»։

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սուրբ Քահանայապետը, Լիբանանի պատերազմի վերջին տարիներուն, դիւանագիտական գետնի վրայ ամէն ջանք թափեց պահպանելու եւ գտնելու՝ հակամարտութեան խաղաղ լուծումներ։

1997-ին, Սուրբ Պապը առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց Լիբանան. այս այցելութեան յիշատակը թարմ կը մնայ լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ։ Ան Լիբանանը անուանեց «Պատգամի երկիր»։

36 ժամ տեւողութեամբ Լիբանան կատարած կարճ այցելութեան ծիրէն ներս, Սուրբ Պապին արտասանած խօսքերը տակաւին կը հնչեն Լիբանանի ժողովուրդին ականջներուն մէջ։ «Ձեզի կը պատկանի ցաւի ու տառապանքի օրերուն ձեր հայրենիքին մէջ կառուցուած պատնէշները քանդելու պարտականութիւնը։ Այլեւս՝ պատնէշներ մի կառուցէք ձեր հայրենիքին ծոցէն ներս։ Ընդհակառակը, պէտք է կամուրջներ կառուցել անձերու, ընտանիքներու եւ տարբեր հասարակութիւններուն միջեւ։

Պենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Պապը

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին Լիբանան կատարած այցելութենէն 15 տարի ետք, Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապը պատմական այցելութեամբ ժամանեց Լիբանան, ուր ան արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:

Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Պապը դիմաւորելու եկած էին երկրին իշխանութեան երեք պետերը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը, Լիբանանը բաղկացնող տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Օդանաւին մէջ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապը կոչ ուղղեց կասեցնելու դէպի Սուրիա զէնքի ուղարկումը: «Զէնքի մատակարարումը մեծագոյն մեղքն է եւ պէտք է զայն անմիջապէս ու վերջնականապէս կասեցնել», ըսաւ ան:

Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապը Լիբանան կեցութեան ժամանակ ունեցած ուրիշ մէկ ելոյթին մէջ շեշտեց Լիբանանէն իր յայտարարելիք «Առաքելական յորդոր»ին կարեւորութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այդ յորդորը պատգամ մըն է, որ Լիբանանէն պիտի ուղղուի ամբողջ Արեւելքին եւ հոն գտնուող քրիստոնեաներուն:

Պապը նշեց Լիբանանի դիմագրաւած ցաւալի դէպքերը, որոնց լոյսին տակ ընդգծեց տարբեր համայնքներուն միջեւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք Լիբանան կ’այցելէ իբրեւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն եւ այդ պատճառով ալ իր այցելութեան կարգախօսին վերածած է Յիսուս Քրիստոսի «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» պատգամը:

Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապը հաստատեց, որ ինք Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն բարեկամն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն` գնահատելով անոնց միասնականութիւնն ու ներդաշնակութիւնը եւ հաստատելով, որ լիբանանցիներուն համերաշխութիւնը պէտք է Միջին Արեւելքին եւ ամբողջ աշխարհին ցոյց տայ, որ կայ երկիր մը, որ իր տարբեր համայնքներով համերաշխ կ’ապրի եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը կ’իրականացնէ:

«Լիբանանեան այս հաւասարակշռութիւնը օրինակելի է եւ զգայուն, ինչպէս նաեւ ենթակայ սպառնալիքներու, երբ ան կ’ենթարկուի ճնշումներու: Հետեւաբար, պէտք է ըլլալ չափաւորական, հաւասարակշռուած եւ իմաստուն», ըսաւ ան:

Պենեդիկտոս ԺԶ. Հարիսայի յոյն կաթողիկէ համայնքի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ստորագրեց «Առաքելական յորդոր»ը, ներկայութեամբ Հանրապետութեան Նախագահ Միշել Սլէյմանի:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը

Պենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին յաջորդը՝ Ֆրանչիսկոս տակաւին ժամանակ ու առիթ չունեցաւ Լիբանան այցելելու։ Սակայն Ան սիրտով ու միտքով միշտ նեցուկ կանգնեցաւ Լիբանանի ժողովուրդին։

Իսլամ եւ Քրիստոնեայ երկխօսութեան ի խնդիր Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերն ու նախաձեռնութիւնները դադար չունեցան։

2013-ին, Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան շրջանին առաջին Աւագ Ուրբաթ օրուան, ճանապարհ խաչի աղօթքի խորհըրդածութիւնները պատրաստեցին լիբանանցի երիտասարդները։ «Տէր, այնպէս մը ըրէ, որ անմեղ զոհերու արիւնը սերմ դառնայ՝ աւելի եղբայրական, խաղաղ ու աւելի արդար Արեւելքի համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր առիթներով նաեւ նիւթական օգնութիւն տրամադրեց Լիբանանի ժողովուրդին, յատկացնելով նաեւ կրթաթոշակ դպրոցականներուն:

Վերջերս, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին տխուր առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց հետեւեալ կոչը. «Երէկ Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանին մէջ զօրեղ պայթումներ պատճառեցին տասնեակ մահեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ ու շատ ծանր վնասներ։ Աղօթենք զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ աղօթենք Լիբանանին համար, որպէսզի բոլոր ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական բաղադրիչներու յանձնառութեամբ, կարողանայ դիմագրաւել այս պահը որ այնքան աղէտալի եւ ցաւալի է եւ միջազգային ընտանիքին օգնութեամբ յաղթահարէ այս ծանր ճգնաժամը»։

75 ամեակ՝ Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Կարդինալական աստիճանի շնորհումի «ՍԻՐԵԼԻ ԱԶԳՍ, ՀԱՅ ԱԶԳՆ Է՝ ՈՐ ԿԸ ՓԱՌԱՒՈՐՈՒԻ ԻՄ ԽՈՆԱՐՀ ԱՆՁԻՍ ՄԷՋ»
Հայր ՆԵՐՍԷՍ Վրդ. ՍԱԳԱՅԵԱՆ

18 Փետրուար 2021-ին կը նշուի Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին Կարդինալական աստիճանի շնորհումին 75 ամեակը։

«Յետ պատերազմեան առաջին Ծնունդին՝ հրեշտակներու սուրբ պատգամին հետ երկնային՝ աւետիք մը բերկրալի՝ տօնական խանդավառ ցնծութեամբ համակեց հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը համայն. զուարթնոց փառաբանութեան հետ Վատիկանեան ձայնասփիւռը կ’աւետէր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին “Իշխանութեան շնորհազարդ պայծառացումը”, Անոր մուտքը ընդհանրական եկեղեցւոյ վեհաժողովին մէջ կարդինալական ճոխութեամբ։

֍ Արժանաւոր վարձատրութիւն մը Հայ ազգին փառապանծ նահատակութեան

Այս նոր փառքին մէջ՝ Հայ կաթողիկէ համայնքը միայն պսակում մը չտեսաւ Ծիրանափառ Հայրապետին անձնական մեծամեծ արժանիքներուն եւ ոչ ալ սոսկ գնահատական մը Անոր բնական ու գերբնական բազմազգի բացառիկ ձիրքերուն, այլ նաեւ արժանաւոր վարձատրութիւն մը Հայ ազգին փառապանծ նահատակութեան եւ անոր հաւաքական եւ անհատական յաւէտ հռչակելի գերբնական յարատեւ նուաճումներուն»։ Այս տողերով, Մեսրոպ Վ. Թերզեան «Աւետիք» պաշտօնաթերթին մէջ կը ներկայացնէր Կարդինալական աստիճանի շնորհումը Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին, 18 Փետրուար 1946-ին։

֍ Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը

Պիոս ԺԲ. Սրբազան Պապը, կարդինալական աստիճանի այս շնորհումով կրկին կը հաստատէր Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը որ կը տարածուի սահմաններէ անդին, ընդգրկելով տարբեր ազգութիւններ եւ լեզուներ։ Սրբազան Պապը կը փափաքէր որ Կարդինալական դասին մէջ ներկայութիւն ունենան «կարելիին չափով մեծ թիւով ցեղեր եւ ժողովուրդներ, ներկայացնելով կենդանի պատկեր մը Եկեղեցւոյ ընդհանրականութեան։ Եկեղեցին մայր է, մայր բոլոր ազգերուն եւ բոլոր ժողովուրդներուն, ոչ նուազ նաեւ իւրաքանչիւր մարդու, եւ որովհետեւ ան մայր է, ան չի պատկանիր լոկ այս կամ այն ժողովուրդին։ Ան նաեւ չի կրնար որեւէ տեղ օտար մնալ, այլ կ’ապրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ։»

Նոր ծիրանաւորները, մեծամասնութեամբ ոչ իտալացիներ, կը ներկայացնէին տարբեր ցամաքամասեր, շեշտելով Եկեղեցւոյ համաշխարհայնութիւնը։ Անոնք արժանացած էին կարդինալական աստիճանի շնորհումին՝ նկատի առնելով իրենց առաքինի վարքը եւ արժանիքները։

֍ Սիրելի ազգս, հայ ազգն է՝ որ կը փառաւորուի իմ խոնարհ անձիս մէջ

Նորանշանակ Կարդինալ Աղաճանեան իր շնորհակալութեան խօսքը կ’ուղղէր Պիոս ԺԲ. Պապին ըսելով. “Պիոսի մը օրով Քահանայութեան պատրաստուեցայ, ուրիշ Պիոսի մը օրով Քահանայութեան լրումը ստացայ եւ դարձեալ Պիոս մըն է, որ զիս Ծիրանաւոր իշխանի պատուաստիճանին կը բարձրացնէ այժմ։ Այս վայրկեանիս խոնարհ հպարտանքով մը համակուած եմ, խոնարհութեամբ՝ զի գիտակից եմ անբաւականութեանս. հպարտանքով՝ զի սիրելի ազգս, հայ ազգն է որ կը փառաւորուի իմ խոնարհ անձիս մէջ, այն ազգը որ մայրն է սուրբերու եւ մարտիրոսներու. Հռոմէական ծիրանին այսօր անոնց հերոսական արիւնը կը պսակէ”:

֍ Ս. Բարթուղիմէոս Եկեղեցւոյ տիտղոսաւոր

Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը կ’անուանուէր Դիպեր գետի կղզիի Ս. Բարթուղիմէոս Եկեղեցւոյ տիտղոսաւոր, որ կը գտնուի Հռոմի մէջ, երկու կամուրջներու միջեւ։ Այս անուանումը խորհրդանշական էր, որովհետեւ Կարդինալ Աղաճանեան պիտի ըլլար կամուրջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ. ան պիտի ըլլար Սուրբ Աթոռի ձայնը, ինչպէս նաեւ ձայնը՝ պատերազմներու պատճառով արիւնաքամ եղած Արեւելքի մը։ Ան մեծահոգի կերպով կատարեց իր պաշտօնը՝ գիտակցելով հանդերձ իր դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն։ Յետպատերազմեան շրջանը ունէր իր խնդիրները՝ բարոյական վերականգնումի հրամայականը, համայնավարական վարչակարգի վտանգները, հաւատքի տարածումի խոչընդոտները, միսիոնարներու կրած տանջանքները։

֍ Կարդինալ Աղաճանեանը միջնորդ անցեալի եւ ներկայի մտապատկերներու միջեւ

Կարդինալ Աղաճանեան կրցաւ ըմբռնել պատմութեան տագնապալի պահերուն էութիւնը, գիտցաւ ըլլալ միջնորդ անցեալի եւ ներկայի մտապատկերներու միջեւ, մղելով քրիստոնէական հերոսական պայքար ճնշումի դէմ, կոչ ուղղելով որ քրիստոնեան չմնայ միջակութեան մէջ, այլ ըլլայ քրիստոնեայ՝ ամբողջութեամբ եւ հերոսաբար։ Ան համոզումով կատարեց իր առաքելութիւնը ի դէմս կրօնական, ընկերային եւ քաղաքական պատասխանատուներու։

֍ Միութիւն չի նշանակեր միաձեւութիւն, այլ բազմազանութիւն՝ հաւատքի միութեամբ

1965 թուականին Corriere della Sera թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ Կարդինալ Աղաճանեան, անդրադառնալով միութեան խնդրի եւ հաւատացեալներու դիմաց գտնուող բարոյական մարտահրաւէրներու մասին, կ’ըսէր. «Եկեղեցին միշտ հաւատացած է իւրաքանչիւր անհատի մարդկային արժէքին, ուր անհատի արժանապատուութեան մտապատկերը կը վերածուի ներշնչող գաղափարի մը, փորձաքարի՝ ճշդելու նոր քրիստոնէութեան մը վաւերականութիւնը։ Միութիւն չի նշանակեր միաձեւութիւն, այլ բազմազանութիւն՝ հաւատքի միութեամբ»։

18 / 02 / 2021

ՊԱՊԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ
Արեւելքի մէջ կաթողիկէ եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Լիոնարտէ Սանտրի «Վատիկան նիուզ» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը 5-8 Մարտ 2021 պիտի այցելէ Իրաք, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու հոգեւոր պետերուն հետ:

Սանտրի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապին Լիբանան այցելութիւնը հաւանական է` աւելցնելով, որ Լիբանանը պատգամի երկիր է, ուր համերաշխութիւնն ու ազգային համակեցութիւնը կը մնան տիրական:

Նշենք որ Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած դիւանագիտական անձնակազմին հետ Փետրուարին ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներէն պահանջած էր Լիբանանի կայունութեան ամրապնդումին նպաստող ազգային եւ միջազգային յանձնառութիւն մը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր ազգային ինքնութիւնը կորսնցնելու եւ շրջանային լարուածութիւններու մէջ ներգրաւուելու վտանգը:

ՄՇՏԱՀՈՒՆՉ ԴԱՍԵՐԸ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Կրնա՞յ պատահիլ որ հայկական միջավայրի մը մէջ մեծցած, իր տատիկէն ու պապիկէն «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես» արտասանութիւնը սորված, այնուհետեւ Հայկական Վարժարան, Եկեղեցի, Ակումբ, կամ գոնէ 1970 տարիներէ ի վեր կրկնուող Վարդանանց տօնակատարութիւններէն մէկուն կամ միւսին տարին անգամ մը ներկայ գտնուած հայու զաւակ մը սորված չըլլայ Աւարայրի ճակատամարտին պատմութիւնը։ Չեմ ուզեր նոյնիսկ կասկածիլ որ հայկական վարժարանի աշակերտը տիրապետած ըլլայ ո՛չ միայն Վարդանանց, այլ մեր ժողովուրդին մղած բոլոր գոյամարտերու պատմութեան։

Բայց, ի՞նչ օգուտ ունի պատմութիւնը գիտնալը եթէ չենք կրցած սորվիլ Աւարայրի ճակատամարտի թուականէն, պատմական դէպքի նկարագրութենէն ու անոր հերոսներու անուններէն աւելին։ Այսինքն, եթէ չենք հաղորդուած անոր խորհուրդով, չենք ընկալած անոր անժամանցելի պատգամները, պէտք եղած դասերը չենք քաղած անկէ, ան չէ եղած մեր կեանքի ուղեցոյց, եթէ չենք ներշնչուած պատմութեան հերոսներու անսակարկ հայրենասիրութեան ու քրիստոնէական զոհաբերութեան ոգիով։

Օտարներ ալ կրնան կարդացած ըլլալ այդ պատմութիւնը, իմանալ այդ պատմութեան ծալքերը եւ այդ բոլորը գիտնալ երբեմն նոյնիսկ պատմութեան տէրերէն, այսինքն մեզմէ՝ հայերէս աւելի լաւ։

Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր եւ օտարին տարբերութիւնը, եթէ չենք սորված Աւարայրի ճակատամարտին դարաթափանց խորհուրդը, եթէ չենք ապրիր ու առաջնորդուիր Վարդանանց գաղափարախօսութեամբ, եթէ պարզապէս սովորամոլութեամբ կը նշենք Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ թութակաբար կ’արտասանենք «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…»։

Ահա թէ ինչու չի բաւեր Վարդանի թոռնութեան կոչում տալ մեր զաւակներուն՝ առանց զանոնք մեծցնելու այդ կոչումէն բխած յանձնառութիւններուն գիտակցութեամբ, առանց զանոնք թրծելու այդ կոչումը արդարացնող արժանիքներով եւ արժէքներով, այնպէս ինչպէս կ’ընեն յետ մկրտութեան՝ մանուկին քրիստոնէական դաստիարակութեան համար։

Աւելի քան երբեք այսօր, քորոնավիրուսի համաճարակին պարտադրած արտասովոր պայմաններուն հետեւանքով դպրոցական միջավայրէն եւ մասնաւորաբար դասատուներուն եւ դաստիարակներուն անմիջական հոգատար ուշադրութենէն զրկուած իրենց զաւակներու ուսումնառութեան եւ բարոյական, կենցաղավարական, ազգային, տոհմիկ եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան անմիջական վերհսկողութիւնը կատարելու կոչուած են ծնողք, փորձելով փոխարինել դասատուն ու դաստիարակը։

Հայ ծնողքէն, ուսուցիչէն, ապա Ազգին ու Հայրենիքին քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդներէն, պետական գործիչներէն մեր ակնկալիքներուն կենսագործումին յաջողութեամբ պսակումը բոլոր ժամանակներուն կախեալ եղած է արժանիքէ մը որ ակնկալուած է Ազգին մեծ ու փոքր բոլոր բաղկացուցիչներէն, որովհետեւ ան եղած է ու կը մնայ հայ ժողովուրդի նուաճումներուն ու յաղթարշաւին գրաւականը։ Այդ բարեմասնութեան պակասը ցաւալի հետեւանքներ ունեցած է Ազգին ու Հայրենիքին համար առաջին դարերէն սկսեալ մինչեւ այսօր։

Այդ արժանիքը ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է, միասնական ու միակամ կեցուածքը, մանաւանդ՝ Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահերուն եւ ընտրանքներուն ժամանակ։ Այդպիսի կեցուածքի ռազմա-քաղաքական կարեւորութիւնը զգացած ենք բոլոր ժամանակներուն մինչեւ այսօր։ Քաջ գիտակցած ենք որ միաբան ու միասնական ըլլալու առաւելութեան մէջ կը կայանայ մեր անպարտելիութեան, մեր ինքնապաշտպանութեան անխորտակելի վահանը ըլլալու գաղտնիքը, մեր ինքնութեան ու գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգները դիմակալելու մեր ուժը։ Այս իրողութեան գիտակցութեամբ է որ առաջին դարերէն ցայսօր կը շարունակենք Տիրոջմէ խնդրել «Ազգիս Հայոց՝ Սէր, Միութիւն…»։

Եթէ միանանք, մեզմէ զօրաւորն անգամ օդ կը հանենք

Պատմութեան դասերը աւելի քան երբեք այսօր կը պարտաւորեցնեն մեզի կառչիլ այդ արժանիքին որպէս ազգային միւս բոլոր բարեմասնութիւնները իր մէջ շաղախող առաւելութիւն, զօրացնել զայն, լսե՛լ Հայոց պատմութենէն թելադրուած մշտահունչ պատգամը բանաստեղծին.- «Ո՛վ Հայ ժողովուրդ, քու փրկութիւնդ քու միասնականութեանդ մէջն է»։ Միասնականութիւն մը որ կախեալ է ժողովուրդի բոլոր բաղկացուցիչներու համախորհուրդ աշխատանքէն։ Անոնց անշահախնդիր համագործակցութենէն։

Մեր աշխարհասփիւռ ու հայրենաբնակ ժողովուրդը աւելի քան երբեք այսօր կը զգայ միաբան, միասնական ու միակամ ըլլալու առաւելութեան կարիքը՝ իր հիմնախնդիրներու հետապնդումին մէջ, իր ինքնութեան եւ ինքնուրոյնութեան, իր ազատ եւ անկախ կամքին ու խղճին սպառնացող բազմաբնոյթ վտանգները դիմագրաւելու համար, իր իրաւունքներուն ձեռքբերումը յաջողութեամբ հետապնդելու համար, զինք՝ իր պահանջատիրութենէն եւ արդար իրաւունքներէն հրաժարեցնելու միտող՝ ցեղասպան թշնամիին հետ հաշտեցնելու մեծապետական սադրանքները դիմագրաւելու համար։ Անսակարկ միաբանութենէ եւ միասնականութենէ թելադրուած կեցուացքով ու նախաձեռնութիւններով է որ մէ՛կ Ազգ եւ մէ՛կ ժողովուրդ ըլալու վկայութիւնը պիտի տանք այնպէս ինչպէս ըրին Վարդանանք, Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահուն ոտքի հանելով եւ համախմբելով ողջ ժողովուրդը։

Աւարայրը յաւերժագրեց այն փաստը, որ Ազգերու ազատութեան, ինքնորոշման եւ ինքնիշխանութեան ձգտումը անընկճելի է։ Չկայ ուժ մը – ինչքան ալ հզօր ըլլայ ան – որ կարենայ պարտութեան մատնել այս արդար ձգտումի կենսագործումին համար գերագոյն զոհողութեան յանձնառու ժողովուրդ մը։

Հայ ժողովուրդին մղած գոյամարտերը, սկսեալ Աւարայրէն մինչեւ Արցախի ազատագրութիւնը, անցնելով Սարդարապատէն, ցոյց տուին որ բազմաբնոյթ տառապանքներու, զրկանքներու ու ճնշումներու ամէն գնով տոկալու ու դիմադրելու միասնականութեան ուժը, ուշ կամ կանուխ, բայց անպայմա՛ն յաղթանակով կը պսակուի։

10 / 02 / 2021

ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՒՈՐՈՒՀԻ ՄԱՅՐ ՍԱՃՈՆԵԱՆԻ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՈՒՂԵՐՁԸ
Ստորեւ՝ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան Մեծաւորուհի Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի Վարդանանցի ուղերձը, զոր ան փոխանցեց յընթացս 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած Վարդանանցի տօնակատարութեան, որուն ներկայ գտնուած են Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը՝ Ծովինար Համբարձումեան, Էջմիածնի Հայրապետական ներկայացուցիչ Գերաշնորհ Խաժակ եպիսկ. Պարսամեան, Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ վարժարանի մեծաւոր Հայր Նարեկ Նաամոյեան եւ վարժարանի ժառանգաւորները, ծնողներ եւ Միաբանութեան բարեկամներ։

Վարդանանց Պատգամ՝ Վասն կրօնից եւ Հայրենեաց.

«Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ խախտել մեզ, ոչ հրեշտակները, ոչ մարդիկ, ոչ սուրը եւ ոչ ալ հուրը, ոչ ջուրը եւ ոչ ալ որեւէ հարուած»։

Այս եղաւ պատասխանը հայ ամբողջ եկեղեցականութեան, իշխաններուն ու զօրականներուն երբ Պարսիկ թագաւորը կը պարտադրէր որ ուրանային Քրիստոս եւ ընդունէին զրադաշտական կրօնքը:

Մենք որ այսօր հպարտօրէն մենք մեզ կը կոչենք արժանի հետեւորդները Վարդաններու եւ Ղեւոնդներու, եւ ամէն տարի, բացառիկ հանդիսութիւններով կը կատարենք Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց յիշատակութիւնները, արդեօք կը դաւանի՞նք այն հաւատքը որուն համար իրենց կեանքը զոհեցին Վարդանանց քաջ հերոսները: Վարդանանք զոհուեցան Հայու ինքնութիւնը եւ հաւատքը պահպանելու համար. Մենք պատրա՞ստ ենք, չըսեմ մեր կեանքը, այլ մեր հանգիստը զոհելու որպէսզի պահենք եւ պահպանենք մեր Հայութիւնը եւ մեր Կրօնքը: Վարդանանցէն հարիւր յիսուն տարի առաջ միայն հայերը ազգովին քրիստոնեայ դարձած էին, իսկ մենք 1720 տարուայ քրիստոնեայ ազգի զաւակներն ենք:

Վարդանանց յիշատակութիւնը բացառիկ առիթ մըն է խթանելու մեզ նոր միջոցներ որոնելու՝ պայքարելու համար ներկայ դարու Յազկերտներու դէմ, որոնք ոչ այնքան ոյժով, այլ արժէքներու խաթարումով, կործանարար անտարբերութեան կը մատնեն մեզ, եւ անզգալաբար, կը տարուինք յարաբերապաշտութեան – relativismօ – հոսանքէն:

Ճիշդ է որ աշխարհը փոխուած է, կեանքի պայմանները դժուարացած են. նոր գիւտերը եւ հաղորդակցութեան նոր միջոցները մօտեցուցած են հեռաւորութիւնները առանց սակայն մօտեցնելու մարդոց սրտերն ու հոգիները: Այսօր, սփիւռքահայութիւնը ենթարկուած է տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու մշակոյթներուն յարմարուելու վտանգին. նոր սերունդը կ’ուզէ յարմարիլ իր շրջապատին, կը վախնայ զանազանուելէ եւ տարբեր ըլլալէ, եւ դժբախտաբար ծնողներ, շատ անգամ, տարուած իրենց աշխատանքով եւ զանազան գործերով, թոյլ կու տան որ իրենց զաւակները հետեւին շրջապատի պահանջներուն:

Մենք Վարդաններու եւ Ղեւոնդներու կը պարտինք մեր հաւատքը եւ մեր ինքնութիւնը եւ Վարդանանց յիշատակութիւնը պէտք է ստիպէ մեզ նորոգելու մեր ուխտը ըլլալու արժանի յաջորդները մեր հերոսներուն, հաւատարմութեամբ մեր ազգային հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն, ինչպէս նաեւ մեր լեզուին եւ մշակոյթին :

Եթէ Վարդանանք կարենային այսօր իրենց շիրիմներէն դուրս գալ, ի՞նչ պիտի փսփսային արդեօք մեզմէ իւրաքանչիւրի ականջին. իսկ մենք, ի՞նչպիսի ուշադրութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ պիտի ուզէինք լսել անոնց ձայնը որ պիտի բացագանչէր. «Ով աշխարհի բոլոր հայեր, եւ մանաւանդ նոր սերունդներ՝ պահեցէք ամուր ձեր հաւատքը սուրբ, սիրէք երկիրը մեր հայրենի»:

Անոնք անվարան պիտի ըսէին մեզի, կռուեցէք եւ պայքարեցէք, պահելու եւ պահպանելու համար մեր դարաւոր կրօնքն ու ազգային ինքնութիւնը:

Վարդանանք՝ 1570 տարիէ, մեր ազգային կեանքին մէջ, մեր անփոփոխ հաւատքի գրաւականն են: Անոնք՝ կրօնական ամուր սկզբունքներով, քրիստոնէական արժէքներու հիմքը դրած են մեր կեանքէն ներս: Դարերու ընթացքին, հալածանքներու ճնշումէն, եւ յատկապէս 1915-ի օսմանեան կայսրութեան հայ ցեղը բնաջնջելու ահաւոր ծրագրէն՝ վերապրած է Հայը: Ամէն օր, ամէն ժամ, հարկ է որ. կրկնենք Եղիշէի խօսքը ուղղուած Վարդանանց կտրիճներուն. «Մահ ոչ իմացեալ մահ է. մահ իմացեալ՝ անմահութիւն»։ Վարդանանք՝ իրենց մահով, տապալեցին թշնամիի դաւանափոխութեան ծրագիրը։ Մեր կտրիճներն ալ այսօր, իրենց մահով կը տապալեն ոսոխի բռնապետութիւնը:

Փառք մեր Վարդանանց զօրավարներուն, փառք մեր Ապրիլեան զոհերուն, փառք մեր յաւերժ վերածնեալ ժողովուրդին եւ յատկապէս փառք մեր Արցախի քաջարի հերոսներուն:

30 տարի, մեր հայրենական Արցախը վերակենդանացնելէ ետք, կրկին ահաւոր պարտութիւն կրեցինք. խլեցին մեզմէ մեր հողերը եւ սրբութիւնները։ Կարիքն ունինք Վահաններու, մեր դատը պաշտպանելու եւ Արցախի անկախութիւնը ապահովելու համար: Վարդանանց ճակատամարտէն ետք, մեր ժողովուրդը համախմբուեցաւ եւ այդպէս կրցաւ ստիպել Պարսից արքային ճանչնալու մեր իրաւունքը ազատօրէն մեր կրօնքը դաւանելու եւ մեր ինքնութիւնը պահելու: Հրամայական է որ այսօր մենք՝ մէկդի դնելով մեր բոլոր տարբերութիւնները, ազգովին միանանք, հայրենիք եւ սփիւռք, եւ պայքարինք մինչեւ որ մեր նպատակին հասնինք:

Մեր աննման Սեւակի խօսքերով. «Քիչ ենք, բայց հայ ենք։ Քիչ ենք, բայց մեզ հայ են ասում։ Կանք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք», եթէ պահենք եւ ապրինք մեր սուրբ հաւատը, հպարտութեամբ դաւանենք մեր հայկական ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը եւ այս զոյգ գանձերը փոխանցենք նոր սերունդին ի գին ամէն տեսակ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու:

Այս է ժառանգը Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց եւ իրենց շառաւիղներուն հետեւող մեր բիւրաւոր նահատակներուն:

Այս է իսկական խորհուրդը Վարդանանց, որ գրել տուած է մեր Շնորհալիին.

«Հեղին զարիւնս իւրեանց ի նորոգումն եկեղեցւոյ»։

Անոնք իրենց արիւնը տուին եկեղեցին նորոգելու համար;

Մենք ալ պատրաստ ըլլանք ամէն բան զոհելու մեր հաւատքն ու ինքնութիւնը պահպանելու համար:

Խորհրդածութիւն «…ՆԱՀԱՏԱԿԵԱԼ ԱՐԻԱԲԱՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱՒ…» «… ՊՍԱԿԵՑԱՒ ԱՐԵԱՄԲՆ ԻՒՐՈՎ…»
ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Տիզբոնի արքունիքը չէր կշռած աչալրջօրէն թերուդէմը իր սպառնական հրովարտակին…

Խափանել ու տրորել հայերու կրօնական ազատութիւնը.

Հայաստանի տարածքին մոգութեան կրօնքը պարտաւորել,

Ու դարձնել հպատակ երկիր մը որմզդապաշտ։

Սասանեան ինքնակալը՝ Յազկերտ Բ. ու իր բանիմաց խորհրդականները չէին ըմբռնած, նոյնիսկ, ամբողջ առումը իրենց հասցէագրուած Շահապիվանի Զինուորական Խորհուրդին ազդարարութեան.

«Յայսմ հաւատոց

Զմեզ ո՜չ ոք կարէ խախտել,

Ոչ հրեշտակք եւ ոչ մարդիկ,

Ոչ սուր, ոչ հուր, ոչ ջուր,

Ոչ ամենայն եւ են դառն հարուածք…».

«Սուր քո, եւ պարանոցք մեր»

(Եղիշէ, Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին,

Յեղանակ Բ, էջ 74-75, Վենետիկ – Ս. Ղազար, 1950)։

Անյողդողդ է ու մեկին ։ Ո՜չ ոք։

Ուստի, ապարդիւն է կամակորիլ։

Պատասխանը՝ համազօր է պատուիրանի, ինչպէս կը վկայակոչէ Եղիշէ.

«Քանզի հայր մեր՝զսուրբ աւետարանն գիտեմք,

Եւ մայր՝ զառաքելական եկեղեցի կաթողիկէ.

Մի՜ ոք չար անջրպետ ի մէջ անկեալ՝

Զմեզ քակեսցէ ի սմանէ» ( Անդ, Յեղ. Գ. էջ 128 )։

Հետեւաբար, ո՜չ կարելի է սակարկել այդ հաւատքը, ո՜չ ալ աճուրդի հանել այն Եկեղեցին՝ ուր հաճեցաւ իջնել Հօր Աստուծոյ Միածին Որդին։

Պարսիկ ինքնակալին կը մնայ վերաքննել իր հայեացքը, ու հակառակ պարագային՝ յետսկոչել։

«Յայսմ հաւատոց զմեզ ո՜չ ոք կարէ խախտել…»։

Լիովին է, ուրեմն, յանձնառումը հայ Աւագանիին։ Ու Շահապիվանի Զինուորական Խորհուրդը ա՜յդ է, որ կը հանդիսադրէ։

Հաւատալ լիովին՝ ինչպէս Գրիգոր Խոր Վիրապի միայնութեան մէջ, սիրելու ապա՝ բոլորանուէր։

Հաւատքը՝ նախապայման սիրոյ, որ հայ Աւագանիին «Ո՜չ»-ը՝ կը վերածէ Աւարայրի, Եկեղեցին մերձեցնելով Հայրենիքին, ու Հայրենիքը՝ իր Եկեղեցիին։

Այդ հաւատքով զսպանակուած չէ՞ր, արդեօք, որ Հայոց Սպարապետը Տիզբոնի արքունիքին առջեւ պիտի յայտարարէր անվրդով.

«Յայսմ հետէ ամենայն զօրութեամբ եւ ուժով,

Օգնականութեամբն Աստուծոյ, հնարիմ գործել

Գործ այնպիսի, զոր ոչ միայն առաջի ձեր Արեաց,

Այլ եւ ի կայսեր դրանն եւ յայլ ազգս պատմեսցի

Համբաւն այն մինչեւ ցյաւիտեան»

(Ղազար Փարպեցի, Հայոց Պատմութիւն,

Դրուագ Բ. Գլ. ԻԶ, էջ 126, Երեւան-1982)։

Գերագոյնին գրաւն է, որ քիչ ետք արդէն պիտի դառնայ իրողութիւն Շաւարշանի գիւղին մօտ՝ Տղմուտ գետի ափերուն։

Ու բեկանելու համար այդ գրաւը՝ համազօր հաւատքի, հարկ եղաւ տեղափոխել անհամար փիղեր, մինչեւ իսկ Մատեան Գունդը, նման մակեդոնական փաղանգներուն։

Անհարկի պիտի չըլլար յիշեցնել Տիզբոնի արքունիքին, թէ Վարդան թոռն էր Ս. Սահակ Հայրապետին, «Լուսաւորչասնունդ» այդ շառաւիղը, որ կ’ընձիւղի Խոր Վիրապէն։

Յաւիտեանի սահմանը չի թուիր, այլեւս, ինչպէս վաղուան օր մը անմատչելի, կամ՝ վաղորդայն մը հեռաւոր։

Յաւիտեանը կը դառնայ մերձենալի. կը դառնայ ներկայ։

Եւ այդ ներկան կը կոչուի 451 թուական… կը կոչուի Աւարայր, յիշեցնելու ու չմոռնալու երբեք, թէ հինգերորդ դարու խաւարամիտ Ասիոյ մէջ, եղաւ ժողովուրդ մը ամբողջ, որ իջաւ պատերազմի դաշտ ու ազգովին զէնքի դիմեց՝ պաշտպանելու ինչ որ իրեն համար ամէնէն նուիրական էր ու սրբազան… Քրիստոնէական Հաւատքը. ճիշտ այդ դարուն, երբ Հիւսիսային ու Արեւմտեան Եւրոպայի ազգերը՝ կը յածէին տակաւին անտառէ անտառ , իբր ցեղախումբեր թափառական։

Այդ ներկան կը կոչուի Արցախ… որպէս լուսագիծը Աւարայրի ինքնազոհագործութեան, որ կ’երկարի հո՜ն, դարաւանդներուն վրայ հայրենի լեռներուն, ուր գիտակից մահուան հասկացողութիւնը հայ զինուորին վսեմօրէն հանդիսադրեց աշխարհին, համայն մարդկութեան ու նամանաւանդ հզօր պետութիւններուն, թէ

Ի՜նչ է հայրենիքը,

Սէրը հայրենի հողին, եւ թէ

Ի՜նչ է հայու արժանապատուութիւնը։

Հայ զինուորին համար էր գրած կարծէք Դանիէլ Վարուժան.

«Թափուած արիւնն անմեղին չի՜ մեռնիր. Ոչ…

Վաղն այս բարի արիւնէն վեր պիտ» ելլեն

Նոր սերունդի կարմիր կարմիր կակաչներ…»

(Ցեղին Սիրտը, Վաղուան Բողբոջներ)։

Այդ հերոսական արիւնով է հիւսուած Շարականը Շնորհալիի, որ կը յորդի լիատարափ այսօր եւս խորաններէն Հայ Եկեղեցւոյ։

Աւարայր թէ Արցախ… միշտ հայ զինուորն է, որ կ’աղօթէ Հայրապետին հետ Հռոմկլայի.

«…Նահատակեալ Արիաբար Պատերազմաւ…»

«…Պսակեցաւ Արեամբն իւրով…» ( Նորահրաշ Պսակաւոր)։

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊՈԼՍՈՅ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական օրացոյցին եւ աւանդութեան համաձայն, հինգերորդ դարէն ի վեր, մեծ կարեւորութիւն ստացած են Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց յիշատակութիւնը: Այս տօները միշտ հոգեւոր բարի կեանքի աղբիւր եղած են մանաւանդ այս սուրբերուն՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ, Սուրբ Գիրքին եւ Սուրբ Հաղորդութեան տուած կարեւորութեան համար:

Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ եւ «Լոյս TV»ի գործակցութեամբ, Հինգշաբթի 11 Փետրուար 2021-ին երեկոյեան ժամը 19․30-ին, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւնը:

Յայտագրի Ա. մասին մէջ ժամը 19․30-ին երեկոյեան ժամերգութիւն կատարուեցաւ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի կողմէ մասնակցութեամբ՝ Արժ. Տ. Հայկ Արամ Չէքիճի, կիսասարկաւագ Ժան Աճէմօղլուի, դպիր Ճան Եոնդանի եւ Լեւոն Եունքէսի, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, դպրապետ՝ Զաւէն Ակայի խմբավարութեամբ: Երեկոյեան ժամերգութենէ ետք դպրաց դասը ներկայացուց շարք մը շարականներ: Անոնք երգեցին Վարդանանց տօնին յատուկ շարականը՝ «Նորահրաշ», «Դու ես Քահանայ Յաւիտեան», «Ի Գիրկս Առեալ» Տեառնընդառաջի նուիրուած շարականը եւ «Բան Որ Ընդ Հօր» Բուն Բարեկենդանի օրհնութիւնը:

Յայտագրին Բ. մասով ներկայացուեցաւ հետեւեալ երգերը՝ «Ով դու բարեկամ», խօսք՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի, եղանակ՝ Մակար Եկմալեանի, մեներգչուհի՝ Տիանա Դավոյեան, դաշնակահարուհի՝ Տիկին Աննա Գէորգեան Ուղուրլեան: Ապա «Գողթնի Քնարք» երգը, խօսք՝ Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի, մեներգող՝ Սերճան Կազէրօղլու, դաշնակահարուհի՝ Տիկին Աննա Գէւորգեան Ուղուրլեան:

Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Լռեց» երգով, խօսք՝ Ռաֆայէլ Պատկանեանի, մեներգող՝ Սերճան Կազէրօղլու, դաշնակահարուհի՝ Տիկին Աննա Գէորգեան Ուղուրլեան: Արարողութիւնը եւ երգեցողութիւնը ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «Լոյս TV»էն:

Վատիկան Նիուզ