Փետրուար/Մարտ/Ապրիլ 2016, թիւ 108/109/110 – Massis Magazine

ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԱՍԵՐԸ ՔԱՂԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԻՆ ԴԻՄԱՑ
2016-ի Ապրիլը այս տարի նշանակալից դարձաւ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ զօրացած` հայկական պահանջատիրութեան նոր եւ յարաճուն ծաւալ ու որակ տալու յանձնառութեամբ երկրորդ հարիւրամեակ մուտք գործելու վճռականութիւնը արտայայտող ձեռնարկներով, այլ Ապրիլի 1-2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքին Ատրպէյճանին կողմէ ամէն չափի ու տեսակի ծանրագոյն զէնքերով սանձազերծուած նախայարձակումին հետեւանքով մեր հայրենի ազգաբնակչութեան անվտանգութեան սպառնալիքով, որ ոտքի հանեց ու զօրաշարժի ենթարկեց ողջ հայութիւնը։ Յայտնապէս, Ատրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր նախապատրաստած պլիցքրիկով կը յուսար ընկճել ու գլել Ղարաբաղի պաշտպանութեան դիրքերը։ Բայց, այդ դիրքերուն վրայ կանգնած 18-20 տարեկան հայորդիները, որոնք մեծ մասամբ իրենց մարտական մկրտութիւնն անգամ չէին ստացած, անօրինակ սխրանքներով, ապշեցուցիչ մարտունակութեամբ մը, շատերը իրենց կեանքի գնով դիմադրելով ձախողեցուցին ազերիական ուժերուն յառաջխաղացքը։ Անգամ մը եւս ցաւի եւ հպարտութեան արցունք թափեցին իրենց զաւակները Մայր Հայրենիքի սրբազան հողի պաշտպանութեան նուիրաբերած հայ մայրեր։

Այդ քառօրեայ պատերազմը պատճառ եւ առիթ դարձաւ հրապարակային փոթորկալի քննարկումներու եւ ասուլիսներու, յաճախ հակասական, տեղի-անտեղի եւ հրապարակաւ անասելի հետեւութիւններ կատարելու։ Քիչ մը բոլոր կողմերէն եւ բոլոր մակարդակներու վրայ հնչեցին քառօրեայ պատերազմին դասերը քաղելու դաս տուողներու ձայներ։ Բայց բոլորին համար անառարկելի մնաց այն իրողութիւնը որ այդ յառաջամարտիկները արժանաւոր ժառանգորդներն են Աւարայրի հաւատքի ու ինքնուրոյն գոյութեան ճակատամարտի հերոսածին նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով յաւերժագիր պարգեւեցին ազգին եւ ցոյց տուին անոր ազատ, անկախ եւ ինքնուրոյն գոյերթին ուղին, զոր այնուհետեւ, 15 դարեր ետք, իրենց հերոսական դիմադրութեամբ եւ ինքնապաշտպանական մաքառումներով ամրագրեցին Սարդարապատի մայիսեան յաղթանակը կերտող հայկական զօրաբաժիններուն հետ անոնց թիկունքին կանգնած համայն ժողովուրդը, ապա համաշխարհային ամենադաժան պատերազմին, Հայութեան համար՝ Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթական աւարտին մասնակից հայկական զօրաբաժինները։

Այս պատերազմներէն յաղթական վերադարձած սերունդներուն ծոռները, թոռներն ու զաւակներն են որ իրենց նախնիներուն յաղթանակները պսակեցին Շուշիի ազատագրութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանական բանակի ստեղծումով։ Այս բանակի նորագիրներն են ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հերոսները։ Փառք ու պատիւ անոնց եւ զանոնք ծնող մայրերուն:

Եւ սակայն գոյապայքարը դեռ չէ աւարտած. զայն ամբողջական յաղթանակով պսակելու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուինք այսօր ազգովին իբրեւ տասը միլիոննոց բանակ – ինչպէս կը յաւակնինք ներկայանալ – եւ ապացուցանել թէ քառօրեայ պատերազմին դասերը քաղած ենք։ Իրապէ՛ս քաղա՞ծ ենք թէ ոչ: Իրադարձութիւններուն – ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական, վարչարարական, տնտեսական, ընկերային – յառաջիկայ զարգացումները ցոյց պիտի տան։ Զարգացումները՝ իրենց շօշափելի եւ անյետաձգելի արդիւնքներով։

Մինչ այդ կոչուած ենք ցոյց տալու որ ազգը միայն օրհասական պահերուն, տարերային աղէտի կամ պատերազմի ժամանակ կամ ժողովասրահներուն մէջ եւ բեմերէն արտասանուած խօսքերով չէ որ միասնական է։ Բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր պայմաններուն տակ մեր միասնականութեան վկայութիւնը տալու ենք։ Կոչուած ենք տեւականացնելու եւ ամրագրելու զօրակցութիւնն ու միասնականութիւնը զորս համայն Հայութիւնը ցոյց տուաւ Արցախին եւ անոր հերոսական բանակին։

Մեր միասնականութեան անյաղթահարելի ուժին գիտակցելու հրաւէր մըն էր նաեւ՝ 12 Ապրիլ 2015-ի Սուրբ Պատարագը զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատուցանեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով եւ որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերուն շուրջ համախմբեց ողջ հայութեան ներկայացուցիչները։ Հայութեան եւ Հայաստանին հանդէպ Սրբազան Պապին սիրոյ զգացումներուն արտայայտութիւնը պիտի հանդիսանայ դարձեալ՝ անոր յառաջիկայ այցելութիւնը Հայաստան, ուր վստահ ենք որ անկախ պաշտօնական արարողակարգերէն, ան պիտի արժանանայ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդի փոխադարձ սիրոյ եւ երախտագիտական զգացումներուն արտայայտութիւնը հանդիսացող համաժողովրդական ընդունելութեան։

Ս․ Ն․

Սուրբ Յարութեան Հայրապետական Պատգամը
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ

Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն

Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Յարութիւնը` Մեր Հաւատքին Հիմը

«Եթէ յարութիւն առած չըլլար…»

Երկու հազար տարիէ ի վեր կ’աւետենք եւ կը յիշատակենք դէպք մը որուն նմանը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ. Քրիստոսի յարութիւնը: Այդ դէպքը սակայն լոկ յիշատակութիւն չէ, որեւէ այլ պատմական դէպքի նման` օր մը պատահած եւ ապա անհետացած անցեալի մշուշին կամ պատմութեան էջերուն մէջ: Յարութիւնը ոգեկոչո՛ւմն է վերապրումին անձի մը, որ եկած է աշխարհ` ապրելու, մեռնելու եւ ապա վերապրելու համար կեանք մը` որ այնուհետեւ մահ պիտի չճանչնայ:

Քրիստոս` իր կեանքին սկիզբէն գիտակից էր եւ կամակից իր Հօր՝ որ մահը ճաշակէ, ամէն մարդու նման, հակառակ անոր որ Աստուծոյ Որդի է: Սակայն, ան եկաւ ո՛չ թէ մահուան ենթարկուելու կամ անկէ պարտուելու, այլ իր մահով մահը յաղթահարելու, նաեւ քաւելու մեղքը առաջին մարդուն, որ Աստուծոյ հրամանը զեղծանելով, ինքզինք մահկանացու դարձուց: Միայն աստուածային արարք մը կրնար սրբել այդ մահաբեր բիծը որ ամբողջ մարդկային սերունդին դատապարտութեան պատճառ դարձաւ:

Քրիստոս երեք տարի միայն ապրեցաւ մարդոց միջեւ: Մարդկային դատումով` այդ քիչ էր նոր վարդապետութիւն մը հիմնելու եւ ընդունելի դարձնելու համար, մանաւանդ ժողովուրդի մը կողմէ՝ որ իր նախապաշարումներով ու կարճամտութեամբ անթափանց էր ո՛րեւէ նո՛ր կրօնքի` որ կրնար վերջ դնել կարծուած մենաշնորհի մը` Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն ըլլալու:

Հրեայ ժողովուրդին մեսիական ընբռնումը հիմնովին ցնցելու եւ յեղաշրջելու պաշտօնը վիճակուեցաւ, անիմանալի կերպով, Քրիստոսի ոխերիմ մէկ թշնամիին, որ քրիստոնեաներու անողոք հալածիչը եղած էր. Սաւուղը, փարիսեցիի զաւակ, որ ապա դարձաւ Պօղոս: Ան չէր ճանչցած Քրիստոսը անոր կենդանութեան. ճանչցաւ զայն` յետ շանթահարուելուն Աստուծոյ լոյսէն, Դամասկոսի ճամբուն վրայ: Քրիստոնեաները հալածելու առաքելութեամբ լիազօրուած եւ այդ ծրագրով ճամբայ ելած` ան յանկարծ դարձաւ մեծագոյն ջատագովը Քրիստոսի, անոր փրկագործ մահուան եւ յարութեան, ուստի եւ անոր աստուածային բնութեան:

Յախուռն առաքեալ դարձած Պօղոսը, արիաբար, ի դէմս Հրեային եւ հեթանոսին, հռչակեց Յիսուսի յարութիւնը, զայն որակելով ո՛չ միայն հրաշալի ու եզակի դէպք մը, այլ հիմն ու մեկնակէտը մեր հաւատքին, աղբիւրը մեր յոյսին եւ գրաւականը մեր փրկութեան: Ան չվարանեցաւ քարոզելու թէ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, մեր հաւատքն ու յոյսը ցնորքի պիտի վերածուէին ու ցնդէին երազի նման: Ահա՛ իր դաւանանքը՝ ուղղուած նորադարձ Կորնթացիներուն.

«Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, ընդունայն պիտի ըլլար մեր քարոզութիւնը, ուստի ընդունայն` նաեւ մեր հաւատքը»(Ա. Կրն. 15, 14): Այլ խօսքով` պիտի դադրէինք հաւատալէ Քրիստոսի աստուածութեան, խաբկանք պիտի համարէինք իր վարդապետութիւնը, պիտի մերժէինք ընդունիլ զայն իբր աշխարհի սպասուած փրկիչը: Մէկ խօսքով, քրիստոնէական կրօնքը պիտի վերածուէր մոռցուած առասպելի մը:

Պօղոս դե՛ռ աւելի հաստատելու համար իր համոզումը, պատրաստ է նոյնիսկ ինքզի՛նքը դատապարտելու` եթէ երբեք ի յայտ գայ թէ իր քարոզածը սուտի վրայ հիմնուած է. «Մենք Աստուծոյ սո՛ւտ վկաներ պիտի հանդիսանանք, քանի որ կը վկայենք Աստուծո՛յ դէմ, ըսելով թէ ան Քրիստոսը յարոյց, մինչդեռ չէ՛ յարուցած»: Սոսկալի գրաւ մը զոր Պօղոս պիտի չհամարձակէր ընել եթէ բացարձակ ստուգութիւն չունենար թէ իրեն համար յարութիւնը անհերքելի իրողութիւն է:

Իսկ մենք, այսօր, Պօղոսի հաւատակիցներս, անդրդուելի հաւատքով կը հաւատանք թէ յարութիւնը առասպել չէ, այլ պատմական ստոյգ իրողութիւն, որու վաւերականութիւնը հաստատելու համար, առաքեալները եւ անոնց յաջորդներէն բիւրաւորներ` իրենց արիւնը զոհեցին, վկայելու համար թէ ուրուականի մը հաւատալով, անոր վրայ չեն դրած իրենց վստահութիւնը, այլ Աստուծոյ Որդիին` որ մեզ փրկելու համար չգոհացաւ մարդ ըլլալ, այլ կամովին նուաստացաւ եւ ուզեց մեռնիլ, երեք օր ետք կրկին կեանք ստանալու համար իր Հօրմէն: Կը հաւատանք հրեշտակին որ ըսաւ Յիսուսի մարմինը փնտռողներուն. «Մի՛ փնտռէք զինքը գերեզմանին մէջ. հոս չէ ՛, յարութի՛ւն առաւ»:

Ահա՛ բարի լուրը որ հասաւ մեզի եւ պիտի փոխանցուի դարէ դար եւ սերունդէ սերունդ, ցկատարածը աշխարհի: Մեզի կը մնայ ստանձնել աւանդը եւ դառնալ անոր վկաները, միացած աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն: Ա՛յդ կ’ընեն այսօր բոլոր անոնք որ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, Քրիստոսը կը դաւանին ի գին իրենց արեան: Մեր մտածումը բնականաբար կ’երթայ այդ անթիւ անմեղներուն, որոնց միակ յանցանքը Քրիստոսի հաւատարիմ մնալն է, եւ որ այս զատկական օրերը կ’ապրին իրենց յարկերէն հեռու, ենթակայ անտանելի զրկանքներու, վախի, անօթութեան, ի դիմաց անստոյգ ապագայի, զոհ երթալով խիղճէ եւ արդարութեան զգացումէ զուրկ ղեկավարներու:

Մեր սրտագին աղօթքն է նաեւ, մանաւանդ ա՛յս օրերուս, որ մեր այս սիրելի երկիրը, Լիբանանը, օր առաջ դուրս ելլէ անկայուն ու տագնապալի վիճակէն որու դատապարտուած է կարգ մը մարդոց անտարբերութեան ու անձնասիրութեան հետեւանքով:

Կ’աղօթենք յատուկ կերպով մեր մայր Հայրենիքին բարօր ու երջանիկ ապագային համար, հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը անոր ղեկավարներուն եւ ժողովուրդին վրայ:

Սիրելիներ,

Զատիկը անցքն է Քրիստոսին` մահէն դէպի կեանք: Մեր կեանքը եւս կազմուած է անցքերէ. գլխաւորաբար անցք` մեղքի հոգեւոր մահէն դէպի անանց կեանք եւ գերութենէն` ազատութիւն: Քրիստոնեայ ըլլալ` կը նշանակէ ազատագրուիլ շատ մը կապանքներէ` որոնք կը կոչուին դրամապաշտութիւն, հեշտասիրութիւն,սուտ ու կեղծիք, անիրաւութիւն, ոխ ու ատելութիւն: Մենք մաքրուա՛ծ ենք Մկրտութեան խորհուրդով, մաքրութիւն` զոր ստէպ կը կորսնցնենք հեռու ապրելով Աստուծոյ շնորհքէն: Մեզի կ’իյնայ, ջանք ընելով, մաքրուիլ հոգեպէս եւ տեւապէս, մանաւանդ այս զատկական տօներուն եւ շնորհքի յոբելինական տարուայ ընթացքին որ նուիրուած է Ողորմութեան, եւ մեզի կը ներկայացնէ պատեհութիւնը` հաշտուելու Աստուծոյ եւ մարդոց հետ:

Սիրելինե՛ր, մեղքի գերութիւնը յորեգո՛յն գերութիւնն է: Թօթափենք մեր վրայէն անոր շղթաները որ մեզ չարին ստրուկ կը դարձնեն եւ շնորհազուրկ կ’ընեն:

Թող այս սուրբ Զատիկը ըլլայ մեր զարթնումի նոր հանգրուանը դէպի ազատութիւն, վերածնունդ եւ նոր յոյս: Կեանքը որ բխեցաւ Յիսուսի գերեզմանէն՝ թող միացնէ մեզ յարուցեալ Քրիստոսին, որպէսզի իրաւունքն ունենանք անոր յաւիտենական կեանքին ու փառքին բաժնեկից դառնալու:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՛Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ:

ՃՇՄԱՐՏԱՊԷ՛Ս ՅԱՐԵԱՒ:

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.

Կաթողիկոս Պատրիարք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Դատապարտագիրը
Մեծայարգ Տիար Բակօ Սահակեան

Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան

Ստեփանակերտ

Սիրելի Պարոն Նախագահ,

Ապրիլի 1-2 գիշերուան ընթացքին, Ատրպէյճանին կողմէ սանձազերծուած նախայարձակ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծի երկայնքին տեղի ունեցող բախումներու մասին մեզի հասած լուրերը խորապէս ցնցեցին մեզ։ Մօտէն հետեւելով Ատրպէյճանի յարձակողական արարքներուն հետեւանքով ստեղծուած եւ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութիւնը վտանգող կացութեան զարգացումներուն, Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զոհերու հարազատներուն մեր խորին վշտակցութեան եւ խաղաղութեան վերահաստատումին ի խնդիր մեր աղօթքներուն կը միացնենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Ղարաբաղի պետութեան, անոր քաջարի բանակին ու հերոս ժողովուրդին, միաժամանակ կոչ կ՛ընենք միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ միջամտութիւնները կատարելու անյապաղ՝ վերահաստատելու համար զինադուլը եւ բանակցային գործընթացը։ Կը վստահեցնենք ձեզ որ մեր բոլոր շփումներու ընթացքին, մասնաւորաբար միջազգային մակարդակի վրայ, մեր զրուցակիցներուն ուշադրութիւնը պիտի հրաւիրենք ատրպէյճանական նախայարձակումին հետեւանքով ստեղծուած վտանգալից կացութեան վրայ եւ պահանջենք անոնց կողմէ դատապարտումը ատրպէյճանական նախայարձակումին եւ անոնց խաղաղասիրական միջամտութիւնները։

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.

Կաթողիկոս Պատրիարք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Փորձել խնդրել Աստուծմէ ինչ որ կը փափաքիս
Մեր աղօթքները յաճախ կը փորձենք սկսիլ Աստուծոյ ներկայացնելով մեր խնդրանքները՝ աղօթքը վերածելով սակարկութեան, կարծելով որ սովորական առեւտուրի նման մեր ուզածը կրնանք գնել, փոխանակել կամ ծախել։ Այսուհանդերձ, յաճախ կ’ամչնանք խնդրելու ինչ որ կը կարծենք թէ անպայմանօրէն անհրաժեշտութիւն մըն է մեզի համար։ Անհրաժեշտ կարիք մը։

Աւետարանի էջերուն մէջ կը հանդիպինք Յիսուսին խնդրանք մը ներկայացնելու համարձակութիւնը եւ քաջութիւնը ունեցող անձերու ցուցաբերած այսպիսի կեցուածքներու նկարագրութեան։ Ոմանք իրենց կեցուածքը կ’արտայայտեն պոռալով, ինչպէս տասը բորոտները որոնք կը բացագանչեն «Յիսուս, Վարդապետ՛, գթա՛ մեր վրայ» (Ղկ 17, 13), երբեմն ալ ձեւերով, ինչպէս տեռատես կինը որ օր մը լսելով իր մասին, քաջութիւնը կ’ունենայ անցնելու ամբոխին քովէն որպէսզի իր զգեստը դպչէր առանց որեւէ խօսք մը ըսելու (Մարկ 5, 7)։

Այս մասին օրինակները կարելի է երկարել։ Սակայն, ուշագրաւը այն է որ բոլոր օրինակներուն հերոսները կը զգան միեւնոյն ոյժը։ Առանց վհատելու երթալ Յիսուսին եւ իրենց բաղձանքը ներկայացնել անոր։ Յիսուս երբեմն ի՛նքն է որ կ’երթայ տկարներուն մօտ, անոնց հարցնելու համար իրենց ցանկութիւնը, ինչպէս որ ըրաւ կոյրին հետ երբ իրեն ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ» (Ղկ 18, 4)։ Այս խնդրանքները կամ բաղձանքները ներշնչուեցան հաւատքէն, որովհետեւ Յիսուսին համար հաւատքը մեկնակէտն է բժշկութեան ու փրկութեան, ինչպէս հաստատեց Ինք հեթանոս կնոջ մը ըսելով «Հաւատքդ քեզ փրկեց»։։

Աւետարանին մէջ յաճախ կը կարդանք սա խօսքերը. «Խնդրեցէք եւ

պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բախեցէք եւ պիտի բանան ձեզի» (Ղկ 11, 9)։

Այսօր, յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք թէ «ի՞նչ խնդրելու ենք Աստուծմէ», երբեմն ի մտի ունենալով մեր կեանքին համար որոշ դիւրութիւններ։ Բայց պէտք չէ Յիսուսը նկատենք կախարդ մը պարզապէս։ Մենք պէտք է անկեղծ սրտով ներկայանանք Աստուծոյ։ Պատմելու ենք թէ ինչպէ՛ս կ’ապրինք Հաւատքին մէջ եւ մտածելու ենք թէ ի՞նչ է մեզի համար այն շնորհքը զոր կրնանք առանց վախի խնդրել իրմէ։ Վստահութիւն ունենալու ենք Սուրբ Հոգւոյն վրայ որ կ’ապրի մեր մէջ մեր ծնունդէն ի վեր։ Ինքն է որ մեզի պիտի սորվեցնէ խնդրել եւ ընդունիլ այն ինչ որ Աստուած կ’ակնկալէ մեզմէ. Լաւագոյնը մեզի եւ բոլոր մարդոց համար։

Ջանանք մեր անձնական կեանքը վարել մեր օրուայ, ամսուայ եւ նոյնիսկ տարուան տօնացոյցին համաձայն, որուն մէջ դնենք մեր աղօթքներուն ու ջերմեռանդութիւններուն դիտաւորութիւնները, ինչպէս կ’ընեն ընդհանրապէս Սրբազան Քահանայապետերը, որոնց կը միանան աշխարհասփիւռ միլիոնաւոր հաւատացեալներ, որովհետեւ աղօթքի դիտաւորութիւնը կ’օգնէ մեզի շարունակելու հոգեւոր կեանքին մէջ մնալ, շարունակելու պայքարը մեղքի ու փորձութիւններուն դէմ։

Երեք առիթներ կ’օգնեն մեզի քաջութեամբ Աստուծոյ ներկայացնելու մեր խնդրանքները։

Ա) Սուրբ Պատարագը։

Կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագը լաւագոյն պահն է հաւատացեալին համար Աստուծմէ սորվելու աղօթելու ձեւը։ Մանաւանդ ՀԱՅՐ ՄԵՐ-ը արտասանելու պահը, որովհետեւ այս աղօթքին մէջ ամփոփուած են մեր խնդրանքներն ու մաղթանքները։ Հոն Եկեղեցին է որ մեզի կու տայ գեղեցիկ խօսքերով մեր Հօր հետ միանալու առիթը։

Բ) Անձնական Աղօթքը։

Անձնական աղօթքը ուրիշ պահ մըն է ուր իւրաքանչիւրը կը փորձէ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ եւ փորձել զինք համոզել որ ընդունի մեր իղձերը։

Գ) Աղօթքի դիտաւորութիւնները։

Աղօթքի դիտաւորութիւնները զորս Սրբազան Քահանայապետը կը դնէ բոլոր կաթողիկէ հաւատացեալներուն առջեւ։

Աստուծոյ դիմելու այս երեք առիթները մեր հոգեւոր պարտականութիւնը կատարելու լաւագոյն պահեր են, որովհետեւ ամփոփումի այս սուրբ պահերու ընթացքին կը սորվինք ինչպէս աղօթել, ինչպէս հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ, ինչ խնդրել եւ ինչ ձեւով ու հանգիստ մտքով ու սրտով երկխօսութեան մէջ մտնել մեր Տիրոջ հետ։

ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ ԸՆՏՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՅՆ ԻՆՉՊԻՍԻՆ ՈՐ ԷՐ
13 Մարտ 2016¬ին, Պուէնոս Այրէսի նախկին առաջնորդը՝ Կարդինալ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ բոլորեց աւելի քան մէկ միլիառ եւ երկու հարիւր միլիոն հետեւորդ հաշուող Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իր Քահանայապետ ընտրութեան երրորդ տարին։

Երեք տարի առաջ, կարդինալներու ժողովին կողմէ ընտրութենէն երեք օր ետք, 19 Մարտ 2013¬ին, համաշխարհային բեմին լուսարձակներուն հետ աշխարհի բոլոր ղեկավարներուն հարցական նայուածքները կեդրոնացած էին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ուր մեծաշուք հանդիսադրութեամբ տեղի կ՛ունենար հրաժարեալ Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Պապի յաջորդին՝ 76 ամեայ կարդինալ Պերկոլիոյի գահակալութեան արարողութիւնը։ Ներկայ էին նաեւ եւ հայասէր յիսուսեան հոգեւորականին ընտրութիւնը ողջունեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայացուցիչը։

Այդ օր, իբրեւ Քահանայապետ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ասսիզացիի անուան որդեգրումը կը նախանշէր Բենեդիկտոս ԺԶ.ի յաջորդին քահանայապետութեան վարքագիծը։ Ֆրանչիսկոս ասսիզացին, ԺԲ.¬ԺԳ. դարերուն մեծահարուստ վաճառականի մը որդին, երես դարձնելով հօրենական հարստութեան՝ որուն ժառանգորդն էր եւ հրաժարելով աշխարհիկ կեանքէն, աղքատութիւն ուխտած եւ ամբողջ կեանքը աղքատներուն, լքեալներուն, անօգնական դասակարգին ծառայութեան նուիրած սուրբն է, հիմնադիրը Ֆրանչիսկեան միաբանութեան։ Ան ցնցոտիներ հագած մուրալով ծառայած է աղքատներուն։ Չէ վարանած գրկելու բորոտներ։ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին նաեւ ռահվիրան է միջ¬կրօնական երկխօսութեան։

Ասսիզացի սուրբին օրինակով գործած էր կարդինալ Պերկոլիօ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Անոր օրինակով կը շարունակէ գործել ան Սրբազան Քահանայապետ ընտրութենէն երեք տարի ետք ալ՝ սակայն այս անգամ ընդարձակելով իր հովուական ծառայութեան դաշտը, իր հոգատար ուշադրութեան առարկան դարձնելով համայն աշխարհի թշուառութեան մէջ տուայտող միջավայրերն ու լուսանցքայնացուած դասակարգերը, անօգնական, հիւանդ, իրաւազրկուած, անտեսուած մարդիկը Արդարութեան ու Ճշմարտութեան տենչացող ժողովուրդները։

Քահանայապետ ընտրութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք իտալական La Nacion թերթին շնորհած մէկ հարցազրոյցին մէջ, խօսելով իրեն յատուկ կենսակերպի մասին ըսած էր․- «Երբ ես եկայ այստեղ․․․ ես ինծի ըսի․ Մի՛ փոխուիր, շարունակէ ըլլալ այն ինչ որ եղած ես։ Այս պատճառով ալ շարունակեցի ընել այն ինչ կ՛ընէի Պուէնոս Այրէսի մէջ, գուցէ նոյնիսկ կրկնելով հին սխալներս․․․ ինչ որ փոփոխութիւն մտցուց արարողակարգերուն (Protocoles) մէջ, բայց ոչ պաշտօնական փրոթոքոլներուն մէջ, ես անոնց հանդէպ շատ ուշադիր եմ։ Պարզապէս ես ե՛մ այն ինչ որ եղած եմ»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ինքն իր մասին կատարած այս հաստատումին ամէնէն պերճախօս մէկ վկայութիւնը կը հանդիսանայ անոր հայանպաստ կեցուածքը, չըսելու համար հայասիրութիւնը՝ զոր ան ցուցաբերած էր Արժանթինի մէջ Կաթողիկէ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնավարութեան շրջանին՝ Յիսուսեան Միաբանութեան համարեա բոլոր անդամներուն նման քաջածանօթ ըլլալով հայ ժողովուրդի պատմութեան, բռնագաղթին, գողգոթային, նահատակութեան վասն կրօնի եւ հայրենեաց, հայկական մշակոյթին եւ անոր յարութեան ու փառահեղ զարթօնքին։ Այդ օրերուն ան բազմիցս իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։

Յայտնապէս չէինք սխալած 2013-ի Ապրիլի 1-ին, «ՍԲ․ ՊԵՏՐՈՍԻ ԳԱՀԸ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ՓՈԽԵԼ ՅԻՍՈՒՍԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԻ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ» խորագրին տակ պատասխանելով անոնց որոնք հարցականի տակ կ՛առնէին Ֆրանչիսկոս Պապին հաւատարմութիւնը նախքան Պապ ընտրութիւնը հրապարակաւ ցուցաբերած հայանպաստ կեցուածքին։ «Վստահ ենք որ – կը գրէինք – Սբ․ Պետրոսի Գահը չէ որ պիտի փոխէ յիսուսեան առաքեալին համոզումները եւ զգացումները, որքան ալ անոր զբաղեցուցած պաշտօնը Իրեն յաճախ թելադրեն զգուշաւորութիւն․․․։ Հայ ժողովուրդը, որուն հանդէպ նորընտրեալ Քահանայապետը իր համակրութիւնը զգացուցած է բազմաթիւ առիթներով, իրաւունք ունի ակնկալելու այդ համակրութեան շօշափելի արտայայտութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գերագոյն պետի գործունէութեան մէջ՝ մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին»։

12 Ապրիլ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած մեծաշուք Սուրբ Պատարագը, Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը եւ այս առթիւ անոր արտասանած խօսքը հանդիսացան ոչ միայն Հայ ժողովուրդի ակնկալութեան ընդառաչումը, այլ ցնցեցին եւ դեռ կը շարունակեն ու պիտի շարունակեն ցնցել համաշխարհային հանրային կարծիքը, դարձան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջի անլռելի ղօղանջը։ Ֆրանչիսկոս՝ այս պահանջին հանդէպ ամէն անտարբերութիւն ցեղասպանութեան մեղսակցութեան համազօր նկատեց։

Այն ինչ որ 12 Ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հանդիսադրութեամբ ու հանդիսապետութեամբ՝ միաժամանակ «Համահայկական Գագաթաժողով» մըն էր որ կը գումարուէր Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի կամարներուն տակ եւ Սուրբ Նարեկացիի հայեացքին ներքեւ՝ մասնակցութեամբ հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ Հայութեան աշխարհական ու հոգեւոր բոլոր ղեկավարներուն անխտիր, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Երեւոյթը պատահական չէր, այլ արտայայտութիւնը Հայ ժողովուրդը միասնական ու միաբան տեսնելու Պապի մաղթանքին ու լուռ յորդորին։

Այսօր, Հայ ժողովուրդը հրաւիրուած է իր երախտագիտութիւնը արտայայտելու Ֆրանչիսկոս Պապին եւ ապացոյցը տալու քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած առաջին ժողովուրդը միաբան, միասնական ու միակամ տեսնելու անոր մաղթանքն ու յորդորը իրականութիւն դարձնելու իր յանձնառութեան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մօտալուտ այցելութիւնը Հայաստան պիտի հանդիսանայ լաւագոյն առիթը անոր հանդէպ Հայկական Պետութեան, Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայն Հայութեան որդիական սիրոյ զգացումները արտայայտելու եւ երախտագիտութիւնը ցոյց տալու համաշխարհային բեմին խուզարկու լուսարձակներուն ներքեւ։

13 Մարտ 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՐԱՆԻՆ «ՓԱՌԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ»
Վարդարանեան չորրորդ գրութիւնս կը շարադրեմ «Փառաւորութեան Խորհուրդներուն» մասին, որոնք յոյսի ու յաղթանակի խորհուրդներն են:

Անոնց առաջինն է «Յիսուսի յարութիւնը», որ հիմն է մեր կրօնին, քանի, կ՚ըսէ Ս. Պօղոս, «եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ, մեր քարոզութիւնն ընդունայն է, ընդունայն է նաեւ ձեր հաւատքը» (1Կոր. 15,14): Յստակ է սահմանումը: Մեր հաւատքն ալ յստակ ըլլալու է:

Մօր հետ կը խորհրդածենք եւ կ՚ապրինք Որդիին յարութիւնը, որ ստոյգ երաշխիքն է մեր փառքին ու յաւերժութեան՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան սիրոյ տունին մէջ:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ով կ՚ընդունինք Փրկչին խօսքը.«Ես եմ Յարութիւնը, Ես եմ Կեանքը: Ինծի հաւատացողը, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի»

(Յվհ. 11,25):

Փառաւորութեան երկրորդ խորհուրդն է «Յիսուսի համբարձումը», որ խորհուրդն է յաւիտենական յոյսին ու վախճանին.«Որբ պիտի չձգեմ ձեզ: Նորէն պիտի գամ ձեզի» (Յվհ. 14,18):

Այսպէս յայտարարող Համբարձեալին մնայուն ներկայութիւնը կ՚ապրինք Տապանակին մէջ, Ս. Սեղանին վրայ, Ամենասուրբ Հաղորդութեամբ, որուն հանդէպ ուղիղ հաւատքը կը դարձնէ մկրտեալը ճշմարի՛տ քրիստոնեայ ու հարազա՛տ յիսուսական:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ով, միշտ Մարիամի հետ, կ՚ուզենք ունենալ եւ ապրիլ մեր Մօր հաւատքն ու սէրը Որդիին ներկայութեան թէ՛ խորանին վրայ, թէ՛ երկնքին մէջ:

Փառաւորութեան երրորդ խորհուրդն է «Ս. Հոգիին գալուստը», որ Եկեղեցիին պաշտօնականացումն է, մարդերուն բարեփոխումն է եւ աշխարհին լուսաւորումն է:

Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով կնքեալներն ու Աստուած Ս. Հոգիին մեռոնով օծեալները կը կազմեն Եկեղեցին, որոնք կը յարատեւեն աղօթքին մէջ Յիսուսի Մօր՝ Մարիամի հետ՝ միշտ հայցելով, որ այսօր ալ դիպի հոգեգալուստը՝ լուսէջքը իրենց վրայ:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ով կը հռչակենք Մարիամը «Ս. Հոգիին Հարսը», որ Մայրն է Աստուծոյ ընտանիքին՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը դարձնելով վերնատուն մը պենտեկոստէական՝ զարդարուած պարգեւներով Աստուածային Երրորդ Անձին:

Փառաւորութեան չորրորդ խորհուրդն է «Մարիամի վերափոխումը», որուն պատմականութիւնը, ճշմարտութիւնը մշտանորոգ յիշեցումն է սուրբգրային այս վախճանական խօսքին.«Երանի՜ անոնց, որոնք հրաւիրուած են Գառնուկին հարսանիքին» (Յյտ. 19,9):

Հրաւիրեալներուն մէջ կրնանք ըլլալ, վարդարանն աղօթող ու անոր խորհուրդներուն վրայ մտածող, բայց յատկապէս անով եւ անոնց համաձայն ապրողներս՝ հաւատալով այս իրողութեան, թէ ո՛ւր Որդին է, հո՛ն Մայրն է, ու անոնց հետ վարդարանասացնե՛րս:

Մեր ըսած «Ողջոյն Քեզ»ին՝ Փրկչին կ՚ընծայենք վերափոխեալ Կուսամօր պաշտամունքն ու սէրը, որոնց մեր իւրացումով՝ հոս արդէն կը սկսի երկինքը մեզի համար:

Փառաւորութեան հինգերորդ խորհուրդն է «Մարիամի պսակադրումը», որ հաստատումն է Յիսուսի այս յայտարարութեան.«Այս է Հօրս կամքը: Որդին տեսնողը եւ Անոր հաւատացողը կ՚ընդունի յաւիտենական կեանքը, եւ Ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յվհ. 6,40):

Երկնաւոր Հօր կամքը կատարողներուն եւ Որդիին հաւատացողներուն անգերազանցելի Առաջինն է Մարիամ Սիրամայրը, որուն փառքին ելակէտ է Որդիին այս խօսքը.«Ինքզինքը բարձրացնողը պիտի խոնարհի եւ ինքզինքը խոնարհեցնողը պիտի բարձրանայ» (Մտթ. 23,12):

Սրտանց ըսած «Ողջոյն Քեզ»ով կը հայցենք Մօր Անարատ Սրտին յաղթանակը, որ Որդիին Սիրտը իշխէ ամենուրեք եւ «Աստուած թագաւորէ բոլորին մէջ» (1Կոր. 15,28):

Կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ «Փառաւորութեան Խորհուրդներուն» մտածականով՝ մեր վարդարանն ըլլա՜յ ամենօրեայ ուղեգիծը, ճամբան դէպի Յաւերժը:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Ֆրանչիսկոս – Քիրիլ ողջագուրումը՝ պատմական եւ վճռորոշ զուգադիպութիւն մը…
Քիրիլին ըսի. «Կու գամ ուր որ ուզես։ Դուն զիս կը կանչես եւ ես կու գամ»։ Այս բառերով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատասխան տուաւ ռուս լրագրողի մը 2014-ի նոյեմբերին, մինչ կը վերադառնար Թուրքիա կատարած այցելութենէն։ Պատահական ժամադրութեամբ մը, Քիրիլ Պատրիարքը, որ անձամբ հրաւիրուած էր Րաուլ Քասդրոյին կողմէ, 2016-ի փետրուար ամսուն կը ժամանէր Քուպա, մինչ Ֆրանչիսկոս կը գտնուէր Մեքսիք, Կաթողիկէ աշխարհի պատկանող երկիրներէն մէկը։ Հրաշքի պէս բան մըն էր զուգադիպութիւնը՝ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը 12 փետրուարին, Հաւանա քաղաքը։

Այս պատմական զուգադիպութեան կարեւորութիւնը գիտնալու համար, հարկ է գիտնալ թէ ո՞վ է Քիրիլը։ Քրիստոնեայ աշխարհին միւս «հսկան», Քահանայապետին կողքին։ Պատրիարքը Մոսկուայի եւ ամբողջ Ռուսաստանի։ Ղեկավարը 150 միլիոն օրթոտոքս քրիստոնեաներու, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ օրթոտոքս հաւատացեալներուն։ Քիեւի մկրտութենէն ասդին, 988-էն սկսեալ, Վլատիմիր իշխանին օրերէն, Ուքրանիան դարձաւ օրրանը ռուս քրիստոնեաներուն, եւ այս պատմակրօնական տուեալը կը մնայ մինչեւ օրս պայքարի պատճառ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ։ Քիրիլ կ՛ընտրուի պատրիարք 2009-ին, եւ այդ օրէն կը ներկայանայ արեւմտեան աշխարհին որպէս լայնամիտ եւ արդիական անձնաւորութիւն մը: Կ՛աշխատի համագործակցութեան կապեր ստեղծել Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ, լրջօրէն կը զբաղի կրօնական, քաղաքական եւ բարոյական հարցերով։ Իր օրերուն Փարիզի մէջ կը հիմնէ Քադէտրալ, ընծայարան եւ մշակութային կեդրոն մը։ Այս բոլորը ապացոյց են Քիրիլի ուղղամիտ եւ ազատամիտ վարքագծին։

«Վերջապէս հանդիպեցանք։ Մենք եղբայր ենք։ Յստակ է որ այս պատահածը Աստուծոյ կամքն է»։ Այս բառերը արտասանեց Ֆրանչիսկոս Պապը երբ հանդիպեցաւ Քիրիլ Պատրիարքին, որ իր կարգին հետեւեալը ըսաւ. «Հիմա հարցերը աւելի յստակ են»։ «Վերջապէս»ը ճիշդ բառն էր, որ տեղին գործածուեցաւ, ոչ թէ որովհետեւ 1054 թուականէն մինչեւ օրս առաջին հանդիպումն էր որ կայացաւ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս Եկեղեցիներուն միջեւ, այլ՝ որովհետեւ առաջին հանդիպումն էր Սրբազան Քահանայապետի եւ ռուս օրթոտոքս Պատրիարքի միջեւ, որ կը ներկայացնէ 50 առ հարիւրը օրթոտոքս աշխարհին։ Պէտք է նշել թէ առաջին պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցած էր 1964-ին, Երուսաղէմ, Կոստանդնուպոլսոյ Աթէնակորաս օրթոտոքս Պատրիարքին եւ Պօղոս Զ. Պապին միջեւ։ Իսկ այսօրուան՝ Պարթոլոմէոս Պատրիարքը հանդիպած էր Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, վերջինիս գահակալութեան օրը։ Այն ինչ որ լեհը եւ գերմանացին՝ այսինքն սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը եւ Պենեդիկտոս ԺԶ. չկարողացան ընել, արժանթինցի յիսուսեանը կատարեց։ Թերեւս ռուսին համար աւելի դիւրին էր արժանթինցիին հետ հանդիպիլ, որ եկած էր նոր աշխարհէ մը, որ ո՛չ եւրոպական դրոշմ ունի եւ ո՛չ ալ կը պատկանի օրթոտոքս կամ կաթողիկէ աշխարհներուն։ Հիմնականօրէն 20-րդ դարուն սկիզբը կարելի չէր այսպիսի հանդիպում մը համայնավար տիրապետութեան պատճառաւ եւ անոր հետեւանքներով։ Ըսելու ենք նաեւ թէ Քիրիլ երբեք չէ փափաքած որ այս հանդիպումը տեղի ունենայ Եւրոպայի մէջ, որովհետեւ ըստ իրեն՝ Եւրոպան անցեալին եղած է բաժանումներու վայր մը։

Ֆրանչիսկոս եւ Քիրիլ հանդիպեցան մղուած քրիստոնեաներու կրած հալածանքներէն եւ ցաւերէն։ Քիրիլ մտահոգ էր Ուքրանիոյ օրթոտոքս քրիստոնեաներուն իրավիճակով, իսկ Ֆրանչիսկոս՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներու հալածանքներով եւ գաղթով։ Մոսկուան եւ Հռոմը ուզեցին միանալ այսօրուան նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։ Անոնք երկու ժամ խօսակցեցան որպէս եղբայրք, եւ աւարտին միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին, միջազգային կոչ ուղղելով օգնելու համայն մարդկութեան։ Այս յայտարարութեան բովանդակութեան մասին խօսելով, Ֆրանչիսկոս Պապը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Անկեղծ զրոյց մը կատարեցինք Պատրիարքին հետ, որպէս եղբայրք, սակայն նաեւ որպէս եպիսկոպոսներ, որոնք խօսեցան իրենց Եկեղեցիներուն մասին, ինչպէս նաեւ պատերազմներուն մասին որոնք կը վտանգեն ոչ թէ աշխարհագրական որոշ բեկորներ, այլեւ՝ ամբողջականութիւն մը»։

Նշելու ենք թէ 2015 ապրիլին երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եղաւ Քիրիլ Պատրիարքին հանդիպող առաջին կաթողիկէ Պատրիարքը, Մոսկուայի մէջ։ Պատմական այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ բազմաթիւ մտահոգութիւններու փոխանակումին։ Այսօր կը տարուինք մտածելու թէ արդեօք այս հանդիպումը նախապատրաստութիւն մը չէ՞ր Պապին հանդիպումին Քիրիլի հետ։

Հ. ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այցը Կիւմրի՝ հայրական սիրոյ արտայայտություն է
Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, ինչպէս յայտնի է, Հայաստան կ’այցելի 2016 թ. յունիսի 24-26՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանի (առաջնորդ` կաթողիկէ հայոց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արլ. Եւրոպայի) հրաւէրով: Սրբազան Պապի այցին առթիւ այդ օրերին Հայաստանում կը լինի նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Գրիգոր Պետրոս 20-րդը՝ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսների հետ:

Յունիսի 25-ին Նորին Սրբութիւնը կ’այցելի Կիւմրի: Սա կը լինի պատմութեան մեծ իրադարձութիւն. Կաթողիկէ (Տիեզերական) Եկեղեցու առաջնորդը՝ Սբ. Պետրոս առաքեալի յաջորդը, առաջին անգամ կ’այցելի Հայաստանի երկրորդ քաղաքը՝ մի համայնք, որի բնակիչները տասնամեակներ շարունակ պատշաճ ուշադրութեան կարիք ունեն՝ բոլոր առումներով: Երկրաշարժ տեսած, քաղաքական ու սոցիալական տրանսֆորմացիաների հետեւանքներն իրենց մաշկի վրայ աւելի ծանր զգացած, բայց պայքարող կիւմրեցիների համար առաւել մեծ նշանակութիւն կ’ունենայ միջազգային մեծազդեցիկ հոգեւոր ու բարոյական հեղինակութիւն ունեցող նման հոգեւոր առաջնորդի այցելութիւնը իրենց փոքրիկ քաղաքը: Ֆրանչիսկոս Պապը, ինչպէս եւ նրա նախորդները (յատկապէս` Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը, ով 2001թ. այցելեց Սբ. Էջմիածին եւ Երեւան) աղքատների, ճնշուածների, հաշմանդամների, ծերերի ու երեխաների, ցեղասպանութեան ու ռազմական ագրեսսիայի հետեւանքով տուժածների ազդեցիկ պաշտպան է, հոգատար հայր, ով չի վախենում ոչ միայն Սուրբ Աթոռում, այլեւ միջազգային կառոյցների ամբիոններից դատապարտել արատաւոր հասարակական ու տնտեսական երեւոյթները՝ մատնանշելով Եկեղեցու վարդապետութիւնը, որը բոլոր խնդիրների լուծման միակ ճանապարհն ու գրաւականն է: Նորին Սրբութեան այցը նաեւ խաղաղութեան հաստատման կարեւոր ուղերձ կը լինի ողջ տարածաշրջանին՝ Ադրբեջանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնների ֆոնին:

Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճամբորդութիւնների ընթացքում սիրում է անակնկալներ մատուցել հասարակ ժողովրդին, ովքեր, ծանրաբեռնուած իրենց առօրեայ հոգսերով, երջանկութիւնից ապշահար են լինում, երբ Պապը կանգնեցնում է իր մեքենան, դուրս գալիս ու ընկերոջ նման զրուցում նրանց հետ, անկեղծօրէն մխիթարում, կամ մի բան նուիրում:

Հայաստանում էլ, ինչպէս այլ երկրներում, Քահանայապետի այցելութեան ժամանակացոյցը վայրերով, անվտանգութեան նկատառումներով ու ամենայն մանրուքներով հանդերձ, հաշուարկուած է կազմակերպիչների կողմից, բայց Նորին Սրբութեան անակնկալներն անսպառ են եւ անկանխատեսելի, այնպէս որ շատ հետաքրքիր եւ հոգեւոր հարստութեամբ լի այցելութիւն ու փորձառութիւն է սպասւում բոլորիս:

Քահանայապետի՝ Կիւմրի այցելելու վճռական ցանկութեան գլխաւոր պատճառն, ի հարկէ, հայ կաթողիկէ համայնքի մեծաթիւ ներկայութիւնն է Հայաստանի հիւսիսային շրջաններում, որոնց կենտրոնը Կիւմրին է: Այստեղ է գտնւում նաեւ նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցին, որ մայր տաճարն է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց: Այս տաճարի օծման հանդիսաւոր արարողութեանը, որը նախագահեց Կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին, ինչպէս յիշում էք ներկայ էր նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ Արհի. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանի հրաւէրով: Պապի այցը Կիւմրի՝ հայրական սիրոյ արտայայտութիւն է ոչ միայն իր կաթողիկէ հօտի, այլեւ՝ բոլոր Կիւմրեցիների հանդէպ:

Սրբազան Քահանայապետը Երեւանից Կիւմրի կը հասնի առաւօտեան ժամը 11:00-ից առաջ, եւ օդանաւակայանից կ’ուղեւորուի դէպի Վարդանանց հրապարակ: Վարդանանց հրապարակում՝ ուղիղ ժամը 11:00-ին, յատուկ պատրաստուած բեմի վրայ, Սրբազան Պապը կը մատուցի Սուրբ եւ անմահ Պատարագ՝ համապատարագությեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւորականների: Սբ. Պատարագը կը մատուցուի լատինական ծէսով, բայց՝ հայկական շարականներով, որոնք կը կատարեն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցու երգչախմբերը: Սբ. Պատարագի աւարտից յետոյ Նորին Սրբութիւնը կ’այցելի Սբ. Յօթվէրք հայ առաքելական եկեղեցի, կ’աղօթի Տիրամօր պատկերի առաջ: Նորին Սրբութեան Կիւմրի այցելութեան վերջին հանգրուանը կը լինի Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ եկեղեցին, որտեղ ժողովրդապետի եւ հայ կաթողիկէ կղերի հետ միասին աղօթք կը բարձրացնի առ Աստուած, ապա հրաժեշտ կը տայ Կիւմրիին:

Պէտք է ասել, որ Սրբազան Քահանայապետի Կիւմրի այցելութեան կարեւոր հանգրուանների պատշաճ կազմակերպման գործում յատուկ ներդրում ունի Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանը, ում հրաւէրով է Պապն այցելում Կիւմրի: Կարեւոր է նաեւ մարզային եւ տեղական իշխանութիւնների դերը, ովքեր ստանձնել են հոգալ Հայաստանի եւ Վրաստանի համայնքներից դէպի Կիւմրիի հազարաւոր մարդկանց տեղափոխութեան հարցերի մասին:

Այժմ հայ կաթողիկէ համայնքները ակտիւօրէն պատրաստւում են Սրբազան Քահանայապետի պատմական այցին եւ, հոգեւորականների առաջնորդութեամբ ինքնակազմակերպւում են՝ առաւելագոյնս մեծ թիւով եւ պատշաճ ձեւով մասնակցելու յունիսի 25-ի Սբ. Պատարագին եւ լսելու Նորին Սրբութեան հայրական խօսքը:

27 ապրիլ 2016

ՏԷՐ ՅՈՎՍԷՓ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՍՏԵԱՆ

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան յայտագիրը` 24 – 26 Յունիս 2016
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի մամուլի ծառայութիւնը եւ Ռատիօ Վատիկանը միաժամանակ հրապարակեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ Յունիս 24-26 Հայաստան կատարելիք այցելութեան յայտագիրը եւ ժամանակացոյցը։

Նորին Սրբութեան Հայաստան այցելութեան յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ Յունիս 24-ի առաւօտեան ժամը 9-ին Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն դէպի Երեւանի Զուարթնոց օդակայան թռիչքով։ Զուարթնոց միջազգային օդակայանին մէջ, ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 15-ին, տեղի կ՛ունենայ դիմաւորութեան պաշտօնական արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը կը մեկնի Մայր Աթոռ Սբ Էջմիածին ուր կը ժամանէ 15.35-ին եւ կը դիմաւորուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ, որուն հետ միասին անմիջապէս կ՛ուղղուի Մայր Տաճար, ուր տեղի կ՛ունենայ բարիգալստեան «Հրաշափառ»ի արարողութիւնը։

Նոյն օրը, երեկոյեան, Սրբազան Քահանայապետը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը կ՛ուղղուին նախագահական պալատ` Հանրապետութեան նախագահին քաղաքավարական այցելութիւն տալու համար։

Նախագահական պալատի կեդրոնական դահլիճին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։ Այս առթիւ, Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարի գալուստի խօսք կ՛արտասանէ Նորին Սրբութեան, ապա Քահանայապետը բոլոր ներկաներուն կ՛ուղղէ իր ողջոյնի խօսքը։

Հանրապետութեան նախագահին տուած պաշտօնական այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուր առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ի հետ եւ այս հանդիպումով կ՛աւարտի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կեցութեան առաջին օրուայ յայտագիրը։

Շաբաթ 25 յունիս 2016-ի օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 8,45-ին Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան այցելութեամբ եւ հայոց նահատակաց յարգանքի տուրքով։ Ապա Նորին Սրբութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ կ՛ուղղուի Երեւանի օդակայան որտեղէն կը մեկնի Կիւմրիի օդակայան ուր կը ժամանէ 10.35-ին եւ Վարդանանց հրապարակին վրայ կը մատուցանէ սուրբ եւ անմահ պատարագը մասնակցութեամբ աւելի քան 15 հազար հաւատացեալներու։ Այնուհետեւ, ան կ՛այցելէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կուսաստան։

25 Յունիսի յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդանիստ` Եօթ Վէրք Սբ․ Աստուածածին Եկեղեցին եւ Կիւմրիի Կաթողիկէ Հայոց Սրբոց Նահատակաց Առաջնորդանիստ Եկեղեցին եւ հրաժեշտ առնելով Կիւմրիէն օդանաւով կը վերադառնայ Երեւան ուր կը ժամանէ 18-ին եւ անմիջապէս կ՛ուղղուի Հանրապետութեան հրապարակ ուր կը գլխաւորէ Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքի էքիւմենիք արարողութիւնը, որմով կ՛աւարտի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտա-գիրը։

Կիրակի 26 յունիս 2016-ին Նորին Սրբութիւնը Հայաստան այցելութեան երրորդ ու վերջին օրուայ օրակարգը կը սկսի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին ու անոր ընկերացող եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումով որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ կը մասնակցի Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսին մատուցած հայրապետական սուրբ զոհին որուն ընթացքին ողջոյնի ուղերձ մը կ՛արտասանէ ներկաներուն։

Արարողութեան աւարտին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՛ունենայ Համամիութենական ճաշ մասնակցութեամբ Քահանայապետին, Կաթողիկոսին, Հոգեւոր Տիրոջ, Հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ու Քահանայապետին ընկերացող պատուիրակութեան։

Համամիութենական ագապի աւարտին եւ նախքան Էջմիածինէն հրաժեշտ առնելը Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ պատուիրակներուն հետ, ապա նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Գարեգին Բ․ի միասնական յայտարարութեան ստորագրութիւնը որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը մեկնի Խոր Վիրապ, ուր աղօթելէ ետք Հայոց Սուրբին սրբավայրին մէջ հրաժեշտ կ՛առնէ ներկաներէն եւ կ՛ուղղուի Երեւանի Զուարթնոց օդանաւակայան ուր նախատեսուած է հրաժեշտի արարողութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը Զուարթնոց օդակայանէն թռիչք կ՛առնէ 18,30-ին եւ կ՛ուղղուի դէպի Հռոմի` Չամփինօ օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 8,40-ին։

Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման սուրբ Պատարագ եւ թափօր
Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առիթով,  Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը  24 Ապրիլ 2016, Կիրակի յետմիջօրէի ժամը 4․30-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի շրջաբակին մէջ մատուցանեց Սուրբ Նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման սուրբ եւ անմահ Պատարագը, մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ, արժանապատիւ հայրերու,  առաքինազարդ քոյրերու, ժողովրդապետութիւններու, հայրենակցական միութիւններու, Հայ կաթողիկէ բարեսիրական, տիկնանց, երիտասարդական, պատանեկան միութիւններու, վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցչակազմերու եւ  աշակերտութեան։  Սուրբ Խորանին դիմաց, շրջաբակը լեցնող  հաւատացեալ ժո-ղովուրդի առաջին շարքերուն վրայ ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան՝ դեսպանատան դիւանագէտներու անձնակազմով, լիբանանեան խորհրդարանի ներկայ եւ նախկին անդամներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ,  հայկական կուսակցութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ առընթերականերն էին հայր Սեպուհ վրդ․ Կարապետեան եւ հայր Մաշտոց Զահթերեան։ Կը սպասարկէին Զմմառու Դպրեվանքի նորընծաները, իսկ հոգեպարար երգեցողութիւնը կը կատարէր «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը խմբավարութեամբ դոկտ․ Եդուարդ Թորիկեանի։

Արհիապատիւ Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեանի քարոզը

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան արտասանեց հետեւեալ ոգեշնչող քարոզը, «Հայ Ազգը՝ յաղթական» բնաբանով։

Թանկագին հայորդիներ, ժառանգորդ՝ պատմութեան մեծագոյն Եղեռնի սուրբ նահատակներու,

Ուղղիղ ամիս մը առաջ նշեցինք յիշատակը Յիսուս Քրիստոսի գողգոթային, խաչելութեան, մահուան, եւ երեք օր ետք տօնակատարեցինք անոր հրաշափառ յարութիւնը, այսինքն յաղթանակը մահուան դէմ։

Հաւատացինք մահուան դէմ յաղթանակ տանելու աստուածաշնորհ ուժին եւ իբրեւ քրիստոնեաներ, Քրիստոսի յարութեան հաւատացողներ, վասն կրօնի եւ հայրենեաց իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներու ժառանգորդներ՝ եղանք մահը պարտութեան մատնող այդ աստուածաշնորհ ուժով օժտուած վկաներ։

Արդարեւ, այս յաղթանակին վկայութիւնը չէ՞ միթէ մեր մշտավառ յիշողութիւնը մեր նախահայրերուն ու հայրերուն դէմ օսմանեան թուրք գազանաբարոյ իշխանաւորներուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած գողգոթային, տեղահանութեան, մահուան կարաւաններուն, խողխողումներուն, ողջակիզումներուն, բարբարոսութիւններուն, ահաւոր սպանդին, որուն նկարագրութիւններով եւ որուն մասին վկայութիւններով լեցուն են համաշխարհային արխիւները ու մատենադարանները։

Այս յաղթանակին վկայութիւնը չէ՞ միթէ երբ այս պահուն հոս, յաւերժական Մայրիներու այս ասպնջական հողին վրայ, նոյնպէս սրբազան Արարատի շուքին ներքեւ կանգնած երկնաքեռ Ծիծեռնակաբերդին եւ աշխարհասփիւռ բոլոր յուշակոթողներուն շուրջ, խորաններուն վրայ եւ սրահներուն մէջ 101¬րդ անգամ ըլլալով առ Աստուած գոհաբանական եւ փառաբանական աղօթք կը բարձրացնենք եւ կը վերանորոգենք մեր հաւատարմութեան ուխտը ցեղասպանութեան զոհ մեր նահատակներու սրբազան կտակին։

Այս յաղթանակին վկայութիւնը չէ՞ մեր ազգային հնադարեան մշակոյթի արժէքներուն ներդրումը համաշխարհային քաղաքակրթութեան գանձարանին։

Այս յաղթանակին վկայութիւնը չե՞ն մեր մշակութային, գիտական, մինչեւ իսկ մարզական նուաճումները։

Այս յաղթանակին վկայութիւնը չե՞ն մարդակերպ գազաններուն կողմէ մեր բնօրաններուն մէջ աւերուած եկեղեցիներուն ու կոթողներուն աւելի փառահեղ կրկնօրինակներուն վերականգնումը ոչ միայն Մայր Հայրենիքին մէջ, այլ աշխարհի չորս ծագերուն, հոն ուր թէկուզ կայ մէկ հայ անգամ, զոր ջարդարարը ի զուր փորձած էր թանգարանի նմոյշ դարձնել։

Այս յաղթանակին նորագոյն վկայութիւնը չէ՞ հերոսական Արցախը՝ իր մարտունակութեամբ եւ քաջարի բանակին դիմադրութեամբ ազերիաթրքական նորագոյն յարձակումին։

Այս յաղթանակին նորագոյն վկայութիւնը չէ՞ ողջ Հայութեան միասնական ծառացումը ատրպէյճանի բարբարոսային սանձազերծումին դէմ եւ միակամ զօրակցութիւնը Ղարաբաղի ժողովուրդին ու բանակին։

Եւ վերջապէս, այս յաղթանակին մեծագոյն վկայութիւնը չէ՞ հայկական անկախ պետականութիւնը՝ Միացեալ Ազգերու 193 երկիրներու դրօշակներու շարքին ծածանող իր եռագոյնով եւ իբրեւ առանցք հայոց միասնականութեան։

Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին յաջորդող դարաշրջանի սեմին, անցնող 100 տարիներուն քաղաքական, դիւանագիտական, ռազմական, յարաբերական եւ ընդհանրապէս միջազգային գետնի վրայ մեր արձանագրած նուաճումներով ու ձեռք բերած փորձառութիւններով զօրացած ու վճռակամ աւելի քան երբեք, հրաւիրուած ենք այս յաղթարշաւը իր յաղթական լրումին հասցնելու։

Համայն Հայութեան, հայկական պետութեան ու դիւանագիտութեան, Հայ Եկեղեցիին ու աշխարհասփիւռ հայկական կազմակերպութիւններուն, հայ քաղաքական մտքին ու հայու բազուկին ուղղուած այս հրաւէրը պատասխանն է «100¬րդ տարելիցէն ետք ի՞նչ» հարցադրումը կատարողներուն։

Սակայն, այդ յաղթական լրումը ունի իր նախապայմանը։ Ան մեր միաբանութիւնն է, մեր անսակարկ միասնականութիւնը, որ մեր անպարտելիութեան գրաւականն է, մեզ ոգեշնչող ուժը, մեր հզօրագոյն զէնքը, պայմանաւ որ այդ միասնականութեան ցուցաբերումը չսահմանափակուի ամեակներու կամ միայն պատերազմական օրերուն, կենաց ու մահու վտանգի կամ օրհասական պահերուն, այլ ըլլայ բոլոր ժամանակներուն մեր ազգային կեանքը առաջնորդող կարգախօս։

Մեր սուրբ նահատակները միասնական եղան մահուան դիմաց եւ մեզի պատգամեցին միասնական ըլլալ յաղթանակի ճանապարհին վրայ։ Անոնց պատգամին նախախնամական արձագանգն էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին առթիւ մատուցուած սուրբ եւ անմահ Պատարագը, որ համաշխարհային բեմի լուսարձակներուն ներքեւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարի կամարներուն ներքեւ համախմբեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, Հայ Եկեղեցւոյ գերագոյն պետերը, հայկական պետական աւագանին, Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայկական կառոյցներու ղեկավարները։ Բոլորս զգացինք թէ այդ աննախընթաց արարողութիւնը արտայայտութիւնն էր Հայութիւնը միաբան, միակամ ու միասնական տեսնելու Պապին լուռ ցանկութեան։ Ան դարերու խորերէն հնչած արձագանգն էր անզուգական շարականագրի աղօթքին առ Աստուած՝ «Տէր ողորմեա, տուր աշխարհիս խաղաղութիւն, ազգիս հայոց սէր, միութիւն»։

Մեր յաղթանակներուն վկայութիւնները ցոյց կու տան որ Աստուած երբեք մեզ չէ լքած, հակառակ անոր որ յաճախ թերացած ենք Անոր յորդորներուն անսալու մեր քրիստոնէական յանձնառութեան մէջ։ Մարդկայնօրն թերացած ենք, բայց երբեք չենք զիջած մեր Հաւատքէն։

Հետեւաբար, պիտի շարունակենք աղօթել եւ հայցել երանելի Մալոյեանին եւ մեր բոլոր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը խաղաղութեան եւ այդ միութեան համար, որովհետեւ խաղաղասէր ժողովուրդ ենք եւ անզուգական բանաստեղծին հետ կը հաւատանք որ մեր միասնականութիւնն է մեր ազգային պահանջներուն,անժամանցելի իրաւունքներուն ու առաջադրանքներուն յաղթանակով պսակումին պայմանը։

Աւանդական թափօր

Քարոզի աւարտին, տեղի ունեցաւ աւանդական թափօրը դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջաբակը, Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողին շուրջ, առաջնորդութեամբ Հ․Կ․Մ․ի շեփորախումբին եւ այն կարգով որ կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ճշդեց Արամ Գարատաղլեան։

Յուշակոթողին շուրջ, Լիբանանի եւ Հայաստանի օրհներգներու ունկնդրութենէն եւ ներկաներուն կողմէ միաբերան հնչած Տէրունական Աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղումը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, ապա մասնակից բոլոր միութիւններուն կողմէ մինչ շեփորախումբը կը հնչեցնէր Արա Գէորգեանի «Արցախ»ը։ Ապա, Հոգեւոր Տէրը՝ ձայնակցութեամբ հոգեւոր հայրերուն, սուրբ Նահատակներուն ուղղուած գոհաբանական եւ փառաբանական աղօթք բարձրացուց խնդրելով անոնցմէ իրենց օրինակով, լոյսով ու ոգիով ներշնչել իրենց ժառանգորդները։ Սուրբ Մեսրոպի արիները եւ ՀԿՄ․ի պատանիները իրենց կարգին վերահաստատեցին սուրբ Նահատակներուն իրենց հաւատարմութեան ուխտը արտասանելով իրենց երդումները։

Հոգեւոր Տիրոջ պատգամը

Հուսկ, իր օրհնութեամբ փակելէ առաջ տպաւորիչ եւ հոգեպարար արարողութիւնը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր պատգամը ըսելով յատկապէս որ մեր նախահայրերը նահատակուեցան իբրեւ հայեր, իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, իբրեւ քրիստոնեաներ եւ անոնք զոհուեցան, որպէսզի մենք ապրինք իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ, զիրար սիրող, իրարու նեցուկ կանգնող: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նկատել տուաւ, որ թիւով քիչ ենք եւ տարածուած ենք, բայց միեւնոյն արիւնը կը շրջի մեր երակներուն մէջ եւ միեւնոյն հոգին է, որ մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ, ազգին եւ հայրենիքին` աւելցնելով, որ պէտք է գիտնանք ապրիլ այս արժէքները:

«Սուրբ նահատակները պէտք չունին մեր աղօթքին: Մենք պէտք ունինք իրենց հզօր բարեխօսութեան: Պէտք է գիտնանք եւ վստահ ըլլանք, որ Աստուած չի մոռնար, չի լքեր այն ժողովուրդը, որ առաջին անգամ զինք ճանչցաւ, սիրեց եւ հաւատարիմ մնաց, եւ պարտինք այս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով ապրիլ», եզրափակեց Հոգեւոր Տէրը: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած սոյն ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով:

ՀԿՄ․ի շեփորախումբի ազգային-հայրենասիրական յաղթերգներու հնչիւններուն ներքեւ աւարտին հասաւ հաւաքը։