Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր 2019, թիւ 151/152 – Massis Magazine

ՊԱՐՈՆԱՅՔ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐ, ԵԹԷ ՊԱՀ ՄԸՆ ԱԼ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏԻԿՈՒԹԻՒՆ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ ԸԼԼԱՅԻՔ
ՍԱՐԳԻՍ  ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Փոխան Խմբագրականի

Լիբանանի պետական այրերը ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար կառավարութիւնն ու անոր անդամները, որոնց հրաժարումը աննախընթաց միաձայնութեամբ մը կը պահանջէ այսօր լիբանանցիներու լուռ զանգուածը, անկախ իրենց վերագրուած մեղադրանքներէն, աւելի քան հարուստներ ըլլալով՝ չքաւորներուն անտարբերութեամբ նայելու թերութիւնը ունեցան։ Հարուստ ըլլալը յանցանք չէ, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, եթէ ուրիշներու հաշւոյն ձեռք ձգուած չէ հարստութիւնը։ Սակայն նոյնիսկ օրինական միջոցներով հարստացողները, որոնք կրնան բարի սրտով մարդիկ ալ ըլլալ, թերացան աղքատներուն մօտիկութիւն ցուցաբերելու իրենցմէ ակնկալուած անգիր պարտականութեան մէջ։ Մարդկայնականութիւն չցուցաբերեցին։ Եթէ այս թերութիւնը ունեցած չըլլային՝ հասկցած պիտի ըլլային աղքատին վիճակը եւ մտածած աղքատութեան մատնուած քաղաքացիին գէթ արժանապատուութիւնը յարգելու մասին՝ այնպէս ինչպէս կը թելադրէ մարդկայնականութիւնը եւ ինչ որ դրամով անգամ չի փոխարինուիր։

Այսօր ամբողջ դասակարգ մը ոչ միայն աղքատ է, այլ անտէր ըլլալու զգացումէն կը տառապի, որովհետեւ չի վայելէր պետական ոչ մէկ հոգատարութիւն որ իր արդար իրաւունքն է։ Պէտք է ըսել նաեւ որ այսօր աղքատը միայն հանապազօրեայ հացի կարօտ քաղաքացին չէ, այլ անգործ, դեղորայքի եւ հիւանդանոցային խնամքի կարօտ, զաւակները դպրոցէ զրկելու պարտաւորութեան տակ գտնուող, ջուրէ եւ ելեկտրականութենէ զրկուած քաղաքացին ալ, որ դրամի պակասէն աւելի իր արժանապատւութիւնը արհամարհուած տեսնելու երեւոյթէն կը տառապի։

Եթէ պետական իշխանաւորները իրենց պերճագեղ ապարանքներէն դուրս գալով եւ վայելչասէր կեանքին տրամադրած ժամերէն պահ մըն ալ տրամադրէին ծանօթանալու աղքատներու վիճակին, զրկանքներուն ու տառապալի կենսակերպին, մօտիկութիւն ցոյց տալով անոնց, թերեւս մարդկայնականութեան զգացումը կ’արթննար իրենց մէջ եւ ժողովուրդի անէծքին փոխարէն արժանանային անոր գոհաբանական աղօթքին։

29 / 10 / 2019

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ●◊● ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց տարեկան Սիւնհոդոսը տեղի ունեցաւ 2019 Սեպտեմբերի 3-էն 13, Կաթողիկոսական Աթոռին մօտ, ի Զմմառ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրանի, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի թեմերու Առաջնորդներուն, Յունաստանի առաքելական կառավարիչին, Իրաքի առաքելական կառավարիչին, Յորդանանի եւ Սուրբ Երկրի պատրիարքական եքզարքին եւ Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդին:

Եկեղեցւոյ վերաբերեալ հոգեւոր, հովուական, կանոնական, ընկերային հարցերուն առընթեր, Ժողովական Հայրերը քննարկեցին մասնաւորաբար հետեւեալ հրատապ հարցերը.

ա- Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի տագնապալի կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումներուն հետեւանքով յառաջացած անապահով եւ մտահոգիչ իրավիճակը: Նոյնպէս քննարկուեցան այն միջոցառումները, որոնք անհրաժեշտ են թեթեւցնելու համար հայ ժողովուրդին նիւթա-բարոյական տառապանքը, մասնաւորաբար ընկերային, ընտանեկան եւ կրթական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ այն աշխատանքը, որ պէտք է տարուի հնարաւորին չափ կասեցնելու համար յատկապէս ընտանիքներուն արտագաղթը, որ ծայր առած է վերջին տարիներուն։

բ- Անոնք բարձր գնահատեցին կարգ մը կարեւոր հրատարակութիւններ, ինչպիսին՝ ժամերգութիւններուն աշխարհաբարի թարգմանութիւնը, Սաղմոսարանի նոր թարգմանութիւնն ու Նոր Կտակարանի վերատեսութեան ենթարկուած աշխարհաբարի թարգմանութիւնը:

գ- Անոնք կոչ ուղղեցին հետապնդելու երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի սրբադասման դատի նախապատրաստական աշխատանքները: Ծիրանաւորի սրբակենցաղ կեանքը, մարդասիրական ու եկեղեցանուէր արժանիքները զինք կը դարձնեն սրբադասումի արժանի։ Այս պատճառով Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը արդէն հրատարակեց բազմալեզու թռուցիկներ, որոնք կը բովանդակեն անոր վարքն ու հոգեւոր կտակը, ինչպէս նաեւ աղօթք մը անոր երանացման համար:

դ- Սիւնհոդոսական Հայրերը քննարկեցին նաեւ պատրիարքական յանձնախումբերու գործունէութիւնները՝ Կանոնական, Ծիսական եւ Համամիութենական ասպարէզներուն մէջ:

ե- Անոնք անդրադարձան պատրիարքական եւ այլ թեմերու վարչական, հովուական եւ նիւթաբարոյական հարցերուն՝ համապատասխան միջոցառումներով բարւոք լուծումներ տալու նպատակով անոնց։

զ- Սիւնհոդոսական Հայրերը շեշտեցին նաեւ անհրաժեշտութիւնը առաւելագոյն կերպով օգտագործելու հաղորդակցութեան միջոցները, յատկապէս արդիական լսատեսողական միջոցները եւ մամուլը՝ քրիստոնէական հաւատքը առաւել մատչելի ու կիրարկելի դարձնելու համար մանաւանդ երիտասարդներուն մօտ:

է- Ժողովական հայրերը նաեւ քննարկեցին եւ վաւերացուցին Հայ Կաթողիկէ իւրայատուկ Կանոնագիրքի վերատեսութիւնը:

ը- Սիւնհոդոսը յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձաւ Մայր Հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ Հայ Կաթողիկէ թեմերու ու հաստատութիւններու գոյավիճակին, եւ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Մայր Հայրենիքի մէջ մարդու իրաւունքներու պահպանումին, խօսքի եւ խիղճի ազատութեան, հայրենաբնակ ժողովուրդի բարեկեցութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կառոյցներու ուղղութեամբ առնուած քայլերուն, հայկական պետականութեան հզօրացման, եւ վերջապէս Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման պահանջին:

Իրենց նիստերու աւարտին, Սիւնհոդոսական Հայրերը ողջունեցին Հայ կաթողիկէ հաւատացեալները ի սփիւռս աշխարհի, հայցելով անոնց աղօթքները, որպէսզի ամենաբարին Աստուած, բարեխօսութեամբ Աստուածամօր` յաջողութեամբ պսակէ անոնց բոլոր ծրագիրները:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԿՈՍ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 95 ԱՄԵԱԿԸ
Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր, 2019-ին, Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ հանդիսաւոր եւ փառաւոր կերպով նշուեցաւ Սուրբ Մարկոս՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95 ամեակը: Այս առթիւ, Սուրբ Պատարագ մատուցեց Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Քանատայի Հայ Կաթողիկէներուն առաջնորդ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան:

Յաւարտ սուրբ պատարագին հաւատացեալները մասնակցեցան այս առթիւ սարքուած գեղեցիկ եւ փառաւոր ճաշկերոյթին:

Նշենք, թէ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին կը նկատուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հիմնուած առաջին հայ կաթողիկէ եկեղեցիներէն մին, հիմնուած 95 տարի առաջ ձեռամբ Գերապայծառ Ստեփան Ստեփանեանի:

ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2019-ին՝ առաւօտուն, Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Միւռոնօրհնէքը: Պատմական այս հանդիսութեան առթիւ՝ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց եւ օրուան արարողութեան նախագահեց ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը: Պատարագին ներկայ էին Հ. Կ. Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը, կղերական դասը, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Պէյրութի թեմի պատրիաքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան եւ վարչական խորհուրդը, քահանայ Հայրեր, պետական երեսփոխաններ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամները եւ դպրեվանքերու սաները, ինչպէս նաեւ Մայր Հայրենիքէն ժամանած ուխտաւորներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:

Հայ Եկեղեցւոյ համար դարաւոր խորհուրդ մը ունի միւռոնօրհնէքը, որ կը սրբագործուի յատուկ աղօթքներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ: Արդարեւ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան իրաւունքը Հայոց Եկեղեցին վերապահած է իր գերագոյն հոգեւոր պետին՝ Կաթողիկոսին:

Արեւելեան Եկեղեցիներու մէջ եւ մանաւանդ Հայոց մօտ, Սուրբ Միւռոնի պատրաստութիւնը երկար ժամանակ կը պահանջէ: Անոր բաղադրութիւնը կազմուած է ձիթենիի ձէթէ, 46 տեսակ բոյսերէ, անուշաբոյր խոտերէ, զանազան ծաղիկներէ եւ հոտաւէտ արմատներէ, որոնք լուսապայծառ կերպով կը խորհրդանշեն Սուրբ Հոգւոյն եօթնարփեան շնորհքները: Սրբալոյս միւռոնի պատրաստութիւնը տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ, Կաթողիկոսի յանձնառութեամբ, որուն ընթացքին կատարուեցան աղօթքներ եւ սաղմոսներ:

Այս առթիւ յատուկ սեղան մը պատրաստուած էր, որուն վրան զետեղուած էին Միւռոնի կաթսաները:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, Ս. Պատարագի սկիզբը՝ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ՝ հանդիսաւոր թափօրով բարձրացաւ խորան, շրջապատուած Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներով եւ կղերական դասով:

«Սուրբ Աստուած»էն ետք սկսաւ սրբալոյս միւռոնի արարողութիւնը. եպիսկոպոսներ, վարդապետներ եւ նորընծաներ հերթաբար Աստուածաշնչեան ընթերցումներ կատարեցին, որմէ ետք Հոգեւոր Տէրը յատուկ աղօթքով Ս. Հոգւոյն էջքը խնդրեց, որպէսզի սրբագործէ իւղը եւ այնուհետեւ անով օծուողները ստանան երկնային շնորհքներ: Այս առթիւ երգուեցան նաեւ յատուկ շարականներ եւ աղօթքներ կարդացուեցան, Աւետարանական ընթերցումներով հանդերձ:

Հոգեւոր Տէրը երեք անգամ կնքելէ ետք Միւռոնը, յատուկ աղօթք մը արտասանեց, որմէ ետք եպիսկոպոսներուն հետ միաբերան՝ Խաչը ձեռին երեք անգամ օրհնեց Միւռոնը երգելով. «Օրհնեցի եւ սրբեցի միւռոնս այս՝ նշանաւ Սուրբ Խաչիւս եւ Սուրբ Աւետարանաւս եւ Սուրբ Աղաւնիաւս»: Այնուհետեւ Հայրապետը կաթսային մէջ լեցուց հին միւռոնը:

Աւետարանի ընթերցումէն ետք՝ Հոգեւոր Տէրը իր հայրական խօսքը ուղղելով ներկաներուն ողջունեց զանոնք ըսելով. «Սիրելի՛ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Սիւնհոդոսական Հայրեր եւ Զմմառու վանքի միաբան հայրեր, առաքինազարդ Քոյրեր եւ սիրելի՛ հաւատացեալներ. Օրհնեալ ըլլայ սուրբ Միւռոնով օծուած այս սուրբ օրը: Այս օրը սիրելինե՛ր, մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգին համար մեծ իմաստ եւ խորհուրդ ունի: Մեզի համար սրտի անհուն ուրախութիւն է ձեզ բոլորդ միատեղ հաւաքուած տեսնել Զմմառու Տիրամօր հովանիին ներքեւ, ուր այսօր կը կատարենք սրբալոյս միւռոնօրհնէքը: Սիրելինե՛ր, Սուրբ Միւռոնին իւղը խորհրդանիշն է Սուրբ Հոգւոյն եւ անոր աստուածային պարգեւներուն: Զայն կը գործածենք Մկրտութեան, Դրոշմի եւ Քահանայութեան Սուրբ Խորհուրդներուն տուչութեան ժամանակ: Մեր Եկեղեցւոյ տասնեակ հազարաւոր մանուկներ պիտի օծուին այս Սուրբ Միւռոնով, նորանոր քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ նաեւ: Ս. Միւռոնը որպէս գերագոյն սրբութիւն կը ներգործէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի հոգիին մէջ: Օծումը՝ զոր ի Քրիստոս հաւատացեալք կը ստանան, մասնաւոր կերպով կը փոխանցէ Հոգւոյն Սրբոյ զօրութիւնը, առաջնորդելու համար զանոնք դէպի ճշմարտութիւն եւ սրբութիւն: Ան միանգամայն եկեղեցին եւ եկեղեցւոյ հիմնական սպասները նուիրագործող իւղն է: Աւելի՛ն, Միւռոնը կը սպառազինէ քահանայական ձեռնադրութեամբ եկեղեցւոյ սպասարկութեան կոչուող նուիրեալները: Արդարեւ, Միւռոնի օծում կը ստանան եկեղեցիները, եկեղեցւոյ սիւները, սեմը, Ս. Սեղանը, մկրտութեան աւազանը, եկեղեցական սպասքը, սրբոց պատկերները, խաչը եւ խաչքարերը: Այսօր մենք մեր հայրերուն հաւատքով եւ ջերմեռանդութեամբ մասնակից կը դառնանք այս սրբալոյս միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Սիրելինե՛ր, մեր մաղթանքն է որ, Սուրբ Միւռոնի զօրութեամբ ամէն հայ դառնայ հարազատ քրիստոնեայ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի հարազատ զաւակ»:

Հոգեւոր Տէրը իր խօսքի աւարտին յատուկ բարեմաղթութիւն կատարեց ներկաներուն ըսելով. «Պատմական այս օրուան աւարտին՝ աղօթք կը բարձրացնեմ առ Աստուած, որ առատաձեռն շնորհներ պարգեւէ ձեզ բոլորիդ, ձեր հեռաւոր թէ մօտակայ հարազատներուն եւ հոգեկան եւ մարմնական բժշկութիւն շնորհէ անոնց, որոնք կը ստանան զայն»:

Միւռոնի օծումէն ետք, Հոգեւոր Տէրը, Սիւնհոդոսական Հայրերու եւ Հայ կաթողիկէ կղերական դասուն ընկերակցութեամբ՝ խորանի սպասաւորներու միջոցաւ՝ օրհնուած Միւռոնը եւ իւղերը թափօրով փոխադրեցին վանքին Նահատակաց դահլիճը «Կեցո զՈրդի» շարականի երգեցողութեամբ, որմէ ետք, եղբայրական ագապ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ: Պատմական այս օրուան աւարտին, ուխտաւոր հաւատացեալները մեկնեցան, իրենց հետ տանելով սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը:

ՏՕՆ ՓՈԽՄԱՆ ՍՐԲՈՅ ԿՈՒՍԻՆ ՄԱՐԻԱՄՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին կը յիշատակուի Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը։

Հայ Եկեղեցին իր հինգ մեծ տօներէն՝ Տաղաւար տօներէն մէկը նուիրած է Աստուածածնին, ըստ Յիսուսի կողմէ կատարուած խոստումին, զինք իր մօտ՝ երկինք տանելու գեղեցիկ աւանդութեան, որ մեծ շուքով կը նշուի ամէն տարի Օգոստոս ամսուան 15-ի մօտիկ կիրակին, մինչ Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիները զայն կը տօնեն անփոփոխ կերպով նոյն թուականին՝ 15 Օգոստոսին։

Հայոց Եկեղեցին տարուան ընթացքին զանազան առիթներով կ’ոգեկոչէ Աստուածամօր յիշատակը. իր հոգեզմայլ շարականներով ու աղօթքներով կը մեծարէ անոր իւրայատուկ դերակատարութիւնը Քրիստոսի Մարդեղութեան Խորհուրդի իրագործման մէջ։

Աստուածամօր նուիրուած տօներու շարքին են. Սուրբ Կոյս Մարիամի Ծնունդը Յովակիմէն եւ Աննայէն։ Մատաղ հասակին՝ Անոր Ընծայումն ի Տաճար, ուր ապրեցաւ եւ ստացաւ իր հոգեւոր սնունդը մինչեւ 12 տարեկան։ Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ անոր փոխանցուած՝ Ս. Հոգիով յղանալու ուրախ լուրը՝ Աւետումը (Ղուկ. Ա. 26-38)։ Անոր գործածած տուփին եւ գօտիին գտնուելու ուրախ առիթը եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքն ու մեծարանքը (Գիւտ Տփոյ, Գիւտ Գօտւոյ)։ Վերջապէս, յետ մահու անոր մարմնով երկինք փոխադրուած ըլլալը, որը ծանօթ է որպէս Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի։

Ըստ եկեղեցական աւանդութեան Յիսուսի Համբարձումէն ետք Մարիամ Աստուածածին ապրեցաւ Երուսաղէմի մէջ վայելելով առհասարակ բոլոր առաքեալներու եւ յատկապէս Յովհաննէս Առաքեալի սէրն ու գուրգուրանքը, խնամքն ու հոգատարութիւնը։ Ան կը վախճանի շուրջ 50 տարեկանին։ Իր թաղման ժամանակ Բարթողոմէոս Առաքեալ կը բացակայէր Երուսաղէմէն։ Աւանդութիւնը կ’ըսէ, որ Աստուածամայրը իր կենդանագիր նկարը կը յանձնէ Յովհաննէս Առաքեալին, որպէսզի զայն փոխանցէ Բարթողոմէոսի։

Ահա այդ նկարն է, որ Հայաստանի Առաջին Լուսաւորիչներէն՝ Բարթողոմէոս Առաքեալ յետագային իր հետ կը տանի Հայաստան։ Յամենայն դէպս, առաքեալը չի բաւարարուիր այդ նկարով եւ կ’ուզէ անպայման՝ վերջին անգամուան համար տեսնել Աստուածամայրը եւ իր յարգանքը մատուցել անոր։ Ուստի, անոնք միասնաբար կ’այցելեն անոր գերեզմանը, սակայն այնտեղ չեն գտներ նորոգ հանգուցեալի մարմինը։ Այնուհետեւ կ’անդրադառնան, որ անցեալ երեք օրերու ընթացքին, լսուող հրեշտակներու օրհներգութեամբ, Աստուածամօր մարմինը երկինք փոխադրուած էր։ Այս է Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի Տօնին վերաբերող յիշատակումը։

Աւանդութիւններ, Խաղողօրհնէք

Ինչպէս ընդունուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ ընդունուած չէր խաղող ուտել մինչեւ Օգոստոս 15-ին նախորդող կամ յաջորդող Կիրակի օրը, Խաղողօրհնէքի տօնը։ Աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու մօտ աւանդաբար պահպանուած սովորութիւն էր հասած առաջին բերքը, առաջին պտուղները զոհաբերել ուխտավայրի մը մէջ եւ յետոյ միայն կարելի էր ուտել։ Հայոց մէջ տարբեր տօներու զոհաբերուող ուտելիքներէն էին հաւկիթը՝ Զատկին, կաթնովը՝ Համբարձման, հասկեր եւ խնձոր՝ Վարդավառին, ընդեղէնները՝ Նոր տարուան, իսկ խաղողը՝ Աստուածածնին։

Ըստ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Խաղողօրհնէքի կամ Աստուածամօր տօնը կը նշուի օգոստոսի 12-18-ի միջեւ հանդիպող Կիրակին։ Տօնակատարութիւնը Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ որոշ տարբերութիւններ ունէր։ Օրինակ՝ Քեսապի մէջ շաբաթ օրը բոլոր թոնիրները կը վառէին եւ կիները ձէթով բոկեղ կը թխէին։ Բոկեղին բոյրը կը դառնար տօնին ուղեկիցը։ Կիրակի առաւօտեան տղամարդիկ խաղող, կիները բոկեղ կը տանէին եկեղեցի։

Դարձեալ Քեսապի մէջ Կիրակի անպայման սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կ’եփէին։ Այնքան տարածուած էր այս ճաշատեսակը, որ դրացի թուրքերը Աստուածածնի տօնը «Պատընճան պայրամ» կը կոչէին։

Այլ շրջաններու մէջ մարդիկ օրերով կը պատրաստուէին օգոստոսեան ուխտագնացութեան։ Մտերիմներու, ծանօթներու, ազգականներու խումբերը նախապէս ընտրելով իրենց տօնական ուխտավայրը՝ ճամբայ կ՛իյնային, երբեմն ամբողջ գիշերը քալելու պայմանով, որպէսզի արեւածագը դիմաւորեն նշանակուած վայրին մէջ։

Գիշերային այդ երթերը ինքնին տօնակատարութեան մթնոլորտ կը ստեղծէին, իսկ առաւօտեան՝ ուխտավայր հաւաքուած բազմութիւնը արեւածագը կը դիմաւորէր տօնական տրամադրութեամբ եւ խնճոյքի պատրաստութիւններով։ Մինչ տարեցները մատաղներ կ՛ընէին, սեղանի պատրաստութիւն կը տեսնէին, երիտասարդները կը խաղային լախտի, ըմբշամարտ եւ գօտեմարտ; Կէսօրին, բոլորը կը նստէին խնճոյքի։ Կերակրատեսակներուն մէջ աչքի կը զարնէին պտուղներու առատութիւնը, կաթնասերը, գաթան, հալվան եւ անշուշտ՝ մատաղի միսը։

Քեսապի մէջ ուխտագնացութիւնը կը սկսէր կիրակի երեկոյեան, երբ մատաղները կ՛օրհնուին ու կը զենուին, իսկ աւանդական հերիսայի պղինձները կը շարուէին ծառին տակ, կրակարաններուն վրայ։ Քովի թթաստանի ծառերուն տակ ուխտաւորները կը բանային իրենց սեղանները, իսկ ծառին տակ կը փչէր զուռնան, կը թնդար թմբուկը եւ մինչեւ լոյս շուրջպարը կը դառնար։ Երկուշաբթի առաւօտ տեղի կ՛ունենար հանդիսաւոր պատարագ։ Պատարագիչ սրբազանը կ’օրհնէր հերիսան, որ կը բաժնուէր ուխտաւորներուն։ Խնճոյքը, կերուխումը, զուռնան ու պարը կը տեւէին մինչեւ երեկոյ:

13/08/2019

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ԸՄԲՈՍՏԱՆԱԼՈՎ՝ ՇՐՋԵՑ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Ս.Ն.

Ինքնիրեն, առաջին անգամն ըլլալով սեփական նախաձեռնութեամբ եւ ինքնաբուխ պոռթկումով մը՝ համայն լիբանանցի ժողովուրդը, հարիւր հազարաւոր մեծ ու պզտիկներով, կիներով եւ աղջիկներով, մեծ մասամբ երիտասարդներով, 17 Հոկտեմբերին պատմականօրէն շրջադարձային հանգրուանի մը առջեւ դրաւ երկիրը, երկու հիմնական պահանջներով՝ մէկը ընկերային-տնտեսական, միւսը՝ քաղաքական։

Արդարեւ, երկրի անկախացումէն ի վեր, 1943-ին, առաջին անգամն ըլլալով ան յայտնուեցաւ համաժողովրդական ապստամբութեամբ մը որ ընդգրկեց լիբանանեան բոլոր շրջանները, քաղաքները մինչեւ իսկ հեռաւոր գիւղերը՝ Հարաւէն մինչեւ Հիւսիս։ Ան համախմբուեցաւ միայն լիբանանեան դրօշին ներքեւ եւ աննախընթաց միաձայնութեամբ մը հնչող լոզունգներով պահանջեց նախ կառավարութեան հրաժարումը եւ խորհրդարանին լուծարքը, ապա նաեւ վերադարձուիլը պետական ամէն դասակարգի պաշտօնատարներու կողմէ իւրացուած 200 միլիառ տոլարի՝ զետեղուած զուիցերիական եւ այլ դրամատուներու մէջ։ Ցուցարար ժողովուրդը՝ ո՛չ մէկ քաղաքական, կուսակցական, համայնքային հովանաւորչութիւն վայելող եւ հատուածամոլ հոսանքներու մուտքը թոյլատրեց իր շարքերէն ներս։ Փաստօրէն, ընկերային պահանջները այս անգամ ոչ միայն երկրորդական, այլ անկարեւոր դարձուցին դաւանանքային, յարանուանական, հատուածական նկատառումները։

Վերլուծաբաններուն կարծիքով, համաժողովրդական այս պոռթկումը տրամաբանական յանգումն է վերջին տարիներուն տեղի ունեցած գործադուլներու եւ բողոքի շարժումներու ընդդէմ յարաճուն սղութեան, անգործութեան, ուղղակի եւ անուղղակի տուրքերու պարտադրումին, պետական վարկերու մսխումներու, պետական պարտքերու կուտակումին, ընկերային ծայր աստիճան անհաւասարութիւններու, համատարած աղքատութեան եւ այս բոլորին դիմաց՝ բոլոր մակարդակներու վրայ զգացուող բացայայտ փտածութեան, կաշառակերութեան, չարաշահութիւններուն եւ հովանաւորչութիւններուն։

ՀԱՐԻՐԻԻ ՀՐԱԺԱՐՈՒՄԸ ԵՒ

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐԸ

Աննախադէպ շարժումին 15-րդ օրն էր մինչ այս տողերը կը յանձնէինք համակարգիչին եւ դեռ դժուար էր յստակ նախատեսութեամբ մը ըսել թէ այս բողոքի ցոյցերը պիտի կարենա՞ն քաղաքական եւ տնտեսական անելէն դուրս բերել կացութիւնը, հակառակ անոր որ ժողովուրդին գլխաւոր պահանջը բաւարարուեցաւ. Հարիրիի կառավարութիւնը հրաժարեցաւ երկու օր առաջ եւ Հանրապետութեան նախագահը՝ զօր Միշել Աուն՝ իր ընտրութեան 3-րդ տարեդարձին առթիւ լիբանանցի ժողովուրդին ուղղած ուղերձին մէջ ընդառաջեց ժողովուրդի պահանջներու մեծամասնութեան, յատկապէս նոր կառավարութեան մը կազմութեան, կառավարութիւն մը, որուն անդամներուն ընտրութիւնը պէտք չէ կատարուի համայնքային կամ կուսակցական նկատառումով, այլ բաղկացած իրենց պաշտօնին համապատասխան կարողութեամբ ծանօթ նախարարներէ, կառավարութիւն մը որ արժանանայ ժողովուրդի վստահութեան։

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ

Իր պատկերասփիւռ ճառին մէջ, Հանրապետութեան նախագահը հանդիսաւորապէս խոստացաւ իր պաշտօնաշրջանի մնացեալ երեք տարիներուն փտածութեան դէմ պայքարիլ օրէնսդրութեան ճամբով, ուղղել տնտեսական ու ելեւմտական ոչ պատշած քաղաքականութիւնները որոնց պատճառով տեղի ունեցած կուտակումներուն, մսխումներուն եւ փտածութեան հետեւանքն է ստեղծուած տագնապը։

«Նոր կառավարութեան մը կազմութեան նախօրեակին կը գտնուինք եւ միակ պահանջը այն է որ ան համապատասխանէ լիբանանցիներու ձգտումներուն եւ շահի անոնց վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանէն ներս իրենց ներկայացուցիչներուն վստահութիւնը, որպէսզի ան կարենայ իրագործել այն ինչ որ նախորդ կառավարութիւնը ի վիճակի չեղաւ ընելու, այնսինքն՝ վերահաստատել ժողովուրդին վստահութիւնը իր Պետութեան նկատմամբ» յայտարարեց Հանրապետութեան նախագահը առանց ճշդելու իր առաջադրանքներու իրագործումին ժամկէտերը։ «Այս նպատակով, շարունակեց ան, նախարարները պէտք է ընտրուին իրենց կարողութեան նկատառումով եւ ոչ թէ իրենց քաղաքական պատկանելիութեան։ Լիբանան բոլորելու վրայ է վտանգաւոր պահ մը, մասնաւորաբար տնտեսական գետնի վրայ, եւ խիստ կարիքը ունի ներդաշնակ կառավարութեան մը որ ի վիճակի ըլլայ գործելու առանց բախելու հակամարտութիւններու եւ քաղաքական մրցակցութիւններու։ Կառավարութիւն մը, որուն զօրավիգ կանգնի ժողովուրդը»։

«Հակառակ ձեր ձայնը խեղդող աղմուկին, դուք յաջողեցաք լսելի դառնալ երբ պահանջեցիք կառավարութիւն մը որուն նկատմամբ վստահութիւն ունիք, պայքար փտածութեան դէմ որ տասնեակ տարիներէ ի վեր ականահարեց Պետութիւնը եւ անոր կառոյցները, ինչպէս նաեւ ստեղծումը քաղաքային արդիական պետութեան մը, որմէ ներս դաւանանքայնութիւնը եւ պաշտօններու բաժանումը բացակայ են» յայտարարեց Հանրապետութեան նախագահը, իր ճառին վերջին բաժնին մէջ, անդրադառնալով պաշտօնավարութեան առաջին երեք տարիներու իրագործումներուն։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ
Մարոնիթ համայնքի Պատրիարք՝ Կարդինալ Մար Պշարա Պութրոս Ռաիի հրաւէրով, Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2019, կէսօրին, Պքերքէի Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու եւ եպիսկոպոսներու հանդիպում մը քննարկելու համար երկրին մէջ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր շարունակուող ժողովրդային ըմբոստութեան հետեւանքով ստեղծուած ծանրակշիռ կացութիւնը եւ հաւաքական կեցուածքով մը հանդէս գալու։ Սոյն հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Հանդիպումին մասնակից քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը ողջունեցին ժողովուրդին միասնականութիւնը եւ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին ժողովուրդին եւ անոր արդար պահանջներուն։ Անոնք ժողովրդային աննախընթաց շարժումը հետեւանքը նկատեցին պետական-֊քաղաքական շրջանակներէն ներս տիրող փտածութեան, ժողովուրդին ընկերային եւ տնտեսական վիճակի վատթարացումին, անոր կարիքներուն հանդէպ անտարբերութեան։ Հետեւաբար, հոգեւոր պետերը շեշտեցին շտապ միջոցառումներ որդեգրելու հրամայականը ընդառաջելու համար ժողովրդային արդար պահանջներուն եւ առաջքը առնելու կացութեան վատթարացումին։ Այս ուղղութեամբ անոնք կոչ ըրին պետական պատասխանատուներուն եւ մասնաւորաբար Հանրապետութեան նախագահին։

Հանդիպումի աւարտին, մասնակիցները հրապարակեցին կացութեան, անոր դարմանումին եւ ժողովրդային պահանջներուն ընդառաջելու ուղղութեամբ իրենց մտահոգութիւնները ու պահանջները արտայայտող յայտարարութիւն մը։

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆՇՈ՛ՒՇՏ, ԲԱՅՑ ԻՆՉՊԷ՞Ս…
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Յայտնապէս՝ Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեան՝ վարչապետին անմիջական վերհսկողութեան տակ հաստատուած իր գրասենեակով կոչուած է այս հարցումի պատասխանի որոնումին։

Հարցումը եւ անոր պատասխանին որոնումը համահայկական օրակարգի ամէնէն հրատապ խնդիրներէն մէկը դարձաւ վերջին տարիներուն (մանաւանդ ամիսներուն)՝ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումներուն, իսլամական արմատականութեան սպառնալիքներուն, ահաբեկչական խմբակներու ստեղծած սարսափի պայմաններուն, կամ պարզապէս պղտոր հեռանկարներուն հետեւանքով, որոնք անգամ մը եւս օրհասական դարձուցին միջին արեւելեան երկիրներու հայկական համայնքներուն վիճակը։ Այս պատճառով ալ բազմաթիւ սփիւռքահայեր տեղափոխուեցան Հայաստան՝ ոմանք փախստականի (գաղթականի) կարգավիճակով, ուրիշներ՝ «ժամանակաւոր» դիտաւորութեամբ։ Նկատելով վերջին տարիներուն երկրին մէջ արձանագրուած բարեփոխումները, աստիճանական ժողովրդավարականացումը, տիրող ազատութեան (երբեմն նոյնիսկ սանձարձակ) մթնոլորտը, կենսապայմաններու բարելաւումը, տուն-տեղ եւ աշխատանք գտած շատերուն համար այդ «ժամանակաւորը» դարձաւ մշտական։ Ամէն պարագայի տակ, այսպէս կամ այնպէս բոլորը նկատուեցան հայրենադարձ։ Այս ալիքը եւ ասոր հետեւանքով արտասահմանեան համայնքներուն մէջ հայրենադարձութեան գաղափարին (եւ առաւելութիւններուն) օր ըստ օրէ աւելի ուժեղ հնչող արձագանգը հայրենի իշխանութիւններուն, նաե՛ւ սփիւռքահայ կառոյցներուն օրակարգի գլխաւոր կէտերէն մէկը դարձուցին կանոնակարգուած հայրենադարձութեան խնդիրը։

Հայրենադարձութեան մասին բոլոր մակարդակներու վրայ հնչող հարցադրումին պատասխանը որոնելու աշխատանքը նոր չէ , նո՛ր կրնայ ըլլալ ձեւաչափերով միայն։ Արդարեւ, այդ հարցադրումի պատասխանի որոնումին ի խնդիր տասը տարի գործեց եւ այդ որոնումին թափ տալու սահմանուած աննախընթաց միջոցառումներ նախաձեռնեց Սփիւռքի նախարարութիւնը որ լուծարուեցաւ իբրեւ այդպիսին՝ դժգոհութեան ալիք մը յառաջացնելով սփիւռքահայութեան մօտ։ Յայտնապէս այս նախարարութեան տասնամեայ աշխատանքին մեծ մասամբ շարունակութիւնը դառնալու կոչուած է անոր յաջորդը, ինչպէս հաստատեց պարոն Սինանեան պատկերասփիւռ հացազրոյցի մը ընթացքին ըսելով որ «Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատարը ունի շատ գործառոյթներ, որոնք ունէր նաեւ Սփիւռքի նախարարը», եւ այնպէս ինչպէս եղաւ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին գլխաւորած կառոյցը։ Արդարեւ, այս վերջինը ժառանգորդը եղաւ Սփիւռքի հետ մշակոյթային կապի Կոմիտէին՝ որ գործեց նրբանկատ ու շրջահայեաց հասարակական գործիչ Վարդգէս Համազասպեանի ղեկավարութեամբ։ Եթէ ոչ անգիտութիւն, նուազագոյնը ապերախտութիւն է ուրանալ հայապահպանութեան միտուած բարիքները զորս այս Կոմիտէն՝ սովետական ապազգայնացնող միջավայրի պայմաններուն տակ ընծայեց Սփիւռքին՝ մշակութային եւ կրթական պիտակին տակ եւ նպաստեց ուշ կամ կանուխ հայրենադարձութեան գաղափարի ոգիի պահպանումին շրջանցելով հազարումէկ սեղմումներ։

Այդ ժամանակներէն սկսեալ ցայսօր եւ անկախութեան հռչակումով՝ որ նկատուեցաւ սփիւռքահայութեան ուղղուած անարգել հայրենադարձութեան հրաւէր մը եւ Հայաստանի պետական վարչամեքենային բաղկացուցիչ մէկ մասը դառնալու հնարաւորութեան նախադրեալ մը , «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ» պիտակին տակ մշակուած ծրագիրները, կատարուած նախաձեռնութիւնները, բազմանպատակ համաժողովները, օրակարգերը ու բազմակողմանի քննարկումները՝ ընդհանրապէս մշակութային, կրթական եւ մինչեւ իսկ գործարարական եւ նպաստամատոյցային բնոյթ ունենալով հանդերձ, տեղի ունեցան «հայրենադարձութիւն» խորապատկերին վրայ։ «Հայրենադարձութիւն» իր բազմադիմի ընկալումով, սփիւռքահայուն համար սահմանափակուելով «ԵԹԷ որեւէ պատճառով պէտք եղաւ տեղափոխուիլ, պէտք է երթալ միայն Հայաստան» կարգախօսին մէջ, որ հնչեց բոլոր պաշտօնական եւ հասարակական մակարդակներու վրայ։ Պատճառները, ինչպէս զայն օգտագործողները չպակսեցան, բայց ոչ նկատառելի համեմատութեամբ։ Իսկ Հայաստանին համար՝ զանգուածային հայրենադարձութիւն մը ընդունելու պայմաններու չգոյութիւնը եւ նախապատրաստութեան պակասը՝ զգուշաւոր դարձուցին պատասխանատուները՝ Մայր Հայրենիքին դռները հայրենադարձուիլ ցանկացողներուն առջեւ մշտապէս բաց պահելու եւ անոնց օգնելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերելով հանդերձ։

Այս բոլորով հանդերձ, ոչ ոք, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, համարձակութիւնը ունեցաւ օրակարգի ուղղակի նիւթ ու նպատակ դարձնելու զանգուածային հայրենադարձութիւնը։ Գործնական նախաձեռնութիւններ կատարելու այս ուղղութեամբ կամ գէթ նախապատրաստուելու անոր։ Հասկնալի է որ այսպիսի համարձակութիւն մը կարելի չէր ակնկալել Մշակութային Կապի Կոմիտէի շրջանին, մանաւանդ աչքի առաջ ունենալով 1947-1948-ի այսպէս կոչուած Մեծ Հայրենադարձութեան (ներգաղթ) փորձառութիւնը՝ իր դրական եւ բացասական անդրադարձներով։ Այդ հնարաւորութիւնը ընձեռեց անկախութիւնը, որ միաժամանակ հնարաւորութիւն ստեղծեց ընդառաջելու հայկական պետականութեան մէջ ներկայացուած ըլլալու Սփիւռքի ակնկալութեան։ Այս ակնկալութիւնը արդարացնող յայտարարութիւններ եւ նախաձեռնութիւններ կատարեցին երրորդ Հանրապետութեան իրարայաջորդ իշխանութիւնները։ Մինչեւ իսկ Ազգային Ժողովը երկպալատ դարձնելու, ապա՝ Համահայկական Խորհուրդ մը ստեղծելու ծրագիրներ մշակուեցան, սակայն շուտով մոռցուեցան։

Յայտնապէս, հայրենադարձութիւնը՝ այնպէս ինչպէս կը թելադրեն վերադառնալ ցանկացողներու եւ զանոնք ընդունելու կոչուած կողմերուն փոխադարձ ակնկալութիւնները (պայմանները), եւ համապատասխան կանոնակարգումը, հաւաքական թէ անհատական մաղթանքներու ու բարի տրամադրութիւններու սահմանը չանցաւ։ Ո՛չ պետական, ոչ հասարակական մակարդակներու վրայ գործնական քայլեր առնուեցան այդ ուղղութեամբ՝ պատճառներով որոնք հասկնալի են եւ որոնց նուազագոյն մէկը՝ սփիւռքի մէջ տիրող բազմակարծութիւնը եւ մանաւանդ հայրենի իշխանութիւններուն հանդէպ տարբեր եւ հակասական տրամադրութիւններն են, ինչպէս նաեւ ամէն համայնքի (գաղութ) բնորոշ գիծերը եւ ինքնուրոյն (ընկերային, տնտեսական, քաղաքացիական, քաղաքական) առանձնայատկութիւնները, որոնք իւրաքանչիւր համայնքը կը դարձնեն ինքնատիպ հաւաքականութիւն։ Հայկական իշխանութիւններուն կողմէ՝ գլխաւոր պատճառը յանպատրաստուածութիւնն է։

Ըստ երեւոյթին, այս իրողութեանց նկատառումով է որ ճամբայ ելաւ Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատարը։ Նախքան Մոսկուա մեկնումը, ուր տեղւոյն հայ համայնքին հետ (հաւանաբար մեծ մասը հայաստանցի) հանդիպումով սկսաւ իր սփիւռքի համայնքներուն այցելութիւններուն շարքը, Պր. Սինանեան «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամին հետ ստորագրեց համագործացութեան յուշագիր մը, որ կը հաստատէ թէ «պետական քաղաքականութեան մէջ հայրենադարձութիւնը առանցքային դեր ունի» եւ կը կարեւորէ հայրենադարձութեան եւ սփիւռքի ներգրաւուածութեան գործընթացներու զարգացումը, ինչպէս նաեւ հայրենադարձներու խնդիրներու ուսումնասիրութիւնը ու հետազօտութիւնը։ Յուշագիրը կը նախատեսէ համատեղ աշխատանք հայրենադարձութեան ռազմավարութեան նոր գործընթացի ձեւաւորման եւ կենսագործման, ինչպէս նաեւ ինտեգրման ծրագիրներու համատեղ իրականացման ուղղութեամբ։

Մոսկուայի մէջ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին, պարոն Սինանեան շեշտեց հայրենադարձութեան կարեւորութիւնը Հայաստանին համար՝ ըսելով որ «մենք ցանկանում ենք ստեղծել այնպիսի երկիր, որ իւրաքանչիւր հայ իմանայ՝ ինքը որպէս անհատ իր հնարաւորութիւններով, ունակութիններով՝ անկախ դրանից թէ նրանք ինչպիսին են՝ ֆինանսական, մասնագիտական, ֆիզիքական, իր տեղն ունի Հայաստանում եւ Հայաստանը թթուածինի պէս իր հայրենակիցների կարիքը ունի»։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ստեղծումէն ի վեր՝ Պր. Զարեհ Սինանեանի գլխաւորութեամբ, հայրենադարձութեան կարեւորութիւնը շեշտող յայտարարութիւններ հնչեցին բազմաթիւ առիթներով եւ յաճախ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին իսկ բերնով, սակայն ոչ մէկը ըսաւ թէ այդ հայրենադարձութիւնը ի՛նչ տարողութեամբ եւ ձեւաչափերով կրնայ տեղի ուենալ, ինչպիսի՞ կանոնակարգումի հիման վրայ։

28 / 10 / 2019

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տունը Ջախջախիչ Մեծամասնութեամբ Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին ընդունեց քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Կաս Պիլիրաքիսի համահեղինակած`Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը:

Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին 405, իսկ դէմ` 11 քոնկրեսականներ: Ձեռնպահ մնացին երեք քոնկրեսականներ, բացակայ էին 13 ուրիշներ:

Յայտնենք, թէ Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբը Երկուշաբթի օր հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 296 բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը` նշելով, որ անոր քննարկումը եւ քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 29 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին:

Օրէնքներու յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ ՄըքԿավըրն նիստը բացաւ տպաւորիչ ելոյթով մը` շեշտելով, որ թիւ 296 բանաձեւին վաւերացումը առիթ մըն է Ներկայացուցիչներու տան, որ յստակօրէն արտայայտուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին` յստակօրէն ընդունելով, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է:

Բանաձեւին ի նպաստ վկայութիւններ տուին քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Էլիըթ Էնկըլ եւ Քրիս Սմիթ, որոնց, նաեւ ՄըքԿավըրնին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

Յանձնախումբը աւելի ուշ վաւերացուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու որոշումը նաեւ շեշտելով, որ զայն որեւէ ձեւով փոխելու առիթ պիտի տրուի:

Երեքշաբթի օր, Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը վաւերացուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու յանձնախումբին որոշումը (223-191 քուէներով): Բանաձեւը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այդ ոճիրի զոհերուն պատշաճ ոգեկոչում ապահովելու կողքին, կը շեշտէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման կտրուկ մերժումին եւ անոր դասաւանդման կարեւորութիւնը` իբրեւ նման ոճիրներու կանխարգիլման կարեւոր միջոց:

Պաշտօնական Երեւանը ողջունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւի ընդունումը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունելէ ետք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի պատմական քուէարկութիւնը, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Թիւ 296 բանաձեւը հաստատուն քայլ է յանուն ճշմարտութեան եւ պատմական արդարութեան, որ նաեւ սփոփանք է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած միլիոնաւոր ժառանգներուն համար»:

Յ.Գ. Փաստաթուղթը, որ օրէնքի պարտադիր ուժ չունի, կ’արձանագրէ` որ ԱՄՆ֊ի կառավարութիւնը պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ եւ ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, չմասնակցի այդ փաստի ժխտման և խրախուսէ Հայոց ցեղասպանութեան հանրային ըմբռնման: Կ’արժէ մատնանշել որ վերջին անգամ Ներկայացուցիչներու տունը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձև ընդունած էր աւելի քան 30 տարի առաջ` 1984-ին։ Նախաձեռնութիւնը, սակայն, օրէնքի ուժ չէր ստացած, քանի որ չէր արժանացած Ծերակոյտի հաւանութեան:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԳԷՈՐԳ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ TELE LUMIERE-ԷՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓՌՈՒԱԾ ԽՕՍՔԸ
Այն լոզունգը զոր մենք՝ հայերս որդեգրեցինք, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեայ տարելիցին առթիւ, եղաւ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք»։ Մենք չենք կրնար մոռնալ հայ եւ ոչ հայ նահատակները, ինչպէս սրիանները, յոյները եւ քաղկեդոնացները (քըլտան), որոնք զոհուեցան եւ արիւն թափեցին յանուն Յիսուսի եւ եկեղեցւոյ։ Մենք, որպէս հայեր, ինչպէս ըսի, մի՛շտ պիտի յիշենք մեր նահատակները, սակայն միաժամանակ պիտի պահանջենք նաեւ մեր իրաւունքները, որոնցմէ առաջինը՝ թրքական պետութենէն Ցեղասպանութեան ճանաչումն է, զոր Օսմանեան կայսրութիւնը իրականացուց 1915-ին։ Եւ առ այդ՝ հայ ժողովուրդը, որ իր կեցութեան բոլոր երկիրներու մէջ կը պայքարի, որ այդ պետութիւնները ճանչնան եւ ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այսօր, այդ մեծ եւ հետեւողական ջանքերը արդիւնաւորուեցան ԱՄՆի Քոնկրէսի Ստորին Պալատի, Ներկայացուցիչներու տան կողմէ՝ Օսմանեան կայսրութեան եւ թուրքերու կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով։

Անշուշտ ասիկա մեծ յաղթանակ է. յաղթանակ նախ իրաւունքի եւ ապա արդարութեան համար, որովհետեւ մենք նախ իրաւունք ունինք որ աշխարհ ճանչնայ մեր նկատմամբ կատարուած անարդարութիւնը եւ գիտնայ որ մենք նահատակներու զաւակներն ու ժառանգորդներն ենք, իսկ մեր հայրերը, իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի հայկական եկեղեցին եւ քրիստոնէական կրօնը եւ հայ ազգը գոյատեւեն եւ ապրին Թուրքիոյ հողերուն վրայ։ Հետեւաբար, հայկական բազմաթիւ մարմիններ աշխատած են հասնելու համար այս պատմական օրուան. մենք խորապէս շնորհակալ ենք անոնց, յատկապէս Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակին, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ աշխատեցան, հասնելու համար այս ճանաչումին։ Այսօրը, անշուշտ յաղթանակ է համայն հայութեան համար, որ կը սպասէր արդարութեան իրականացման, որպէսզի վերականգնէ իր ճակատագրի, գոյութեան եւ անցեալի մասին իրականութեան բացայայտման իրաւասութիւնը, իրաւունք մը որ երբեք պէտք չէ մեռնի։ Եւ այս իրաւունքին համար է որ մենք պայքարեցանք. պայքարեցանք ճանաչման համար, որովհետեւ դժբախտաբար, այսօրուան աշխարհին մէջ արդարութիւնն ու իրաւունքը տեղ չունին որեւէ գիրքի մէջ։ Ճիշդ է որ կը գրուի անոր մասին, սակայն չի գործադրուիր։ Եւ ասոր համար ալ այսօրը յաղթանակի օր է, հակառակ ամէն ինչի եւ հակառակ քաղաքական բոլոր տագնապներուն կամ տնտեսական ճգնաժամերուն, որոնք տեղի կ’ունենան, յատկապէս ազգային եւ միջ-պետական գետնի վրայ եւ որոնք առիթ հանդիսացան որպէսզի Ներկայացուցիչներու Տունը ընդունի եւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Մենք վստահօրէն պիտի շարունակենք մեր պայքարը, եւ մեր գերագոյն նպատակն է որ թրքական պետութիւնը ճանչնայ զայն։ Ճիշդ է որ համայն աշխարհը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն մենք կ’ուզենք որ ինքնին ջարդարարը խոստովանի 1915 թուականին գործած իր ոճիրը։ Մենք պիտի աղօթենք, որպէսզի այն աշխոյժ հայերը, որոնք կ’աշխատին որպէսզի աշխարհի բոլոր պետութիւնները ճանչնան Հայոց ահաւոր արհաւիրքը, շարունակեն աշխատիլ, մինչեւ որ հասնինք մեր ժողովուրդի արժանի արդարութեան եւ վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն։ Մենք պիտի շարունակենք նաեւ ճնշել թրքական պետութեան վրայ, առերեսուելու համար իր անցեալին հետ եւ յատկապէս զինք անյարմար կացութեան մատնող անցեալին հետ. Ճի՛շդ է որ այսօրուան իշխանութիւնները չեն որ գործած են այդ ահաւոր ջարդերը, սակայն պէ՛տք է խոստովանին որ 1915 թուականին, օրուան իշխանութիւնները իրենց հողին վրայ սպաննեցին, մորթոտեցին, թշուառացուցին ու բռնագաղթի ենթարկեցին ժողովուրդի մէկ հատուածը, հայ, սըրիան, քըլտան, յոյն եւ բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները որոնք կ’ապրէին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին այդ ժամանակամիջոցին։