Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր 2018, թիւ 139/140 – Massis Magazine

Հաւատքին եւ մշակոյթին միջեւ… Համաշխարհայնացումը (Թարգմանչաց տօնին առթիւ)
406-ին, շնորհիւ անզուգական կրօնաւորներու ու մտաւորականներու խնկելի աշխատանքին, Աստուծոյ խօսքն ու հայ մշակոյթը հանդիպեցան միեւնոյն ուղիին վրայ: Այսօր՝ 2018-ին, դժբախտաբար, աշխարհիկ մարտահրաւէրներուն պատճառով, հաւատքն ու մշակոյթը հետզհետէ սկսան հեռանալ իրարմէ: Աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի ընդհանրական, տիրապետող եւ միակողմանի մշակոյթ: Համաշխարհային միամշակութային գաղափարի յայտնութիւնը սպառնալիք մըն է համայն մարդկութեան, եւ առաւել եւս համայն ստեղծագործութեան: Նորայայտ մշակոյթը հիմնուած է քանակական աճումին եւ շահագործումին վրայ: Ան կը ժխտէ անհատական ինքնութիւնը, հաւաքական մասնակցութիւնը եւ ընկերային հաւասարութիւնը: Մարդիկը արմատախիլ ընելով իրենց մշակոյթին արմատներէն, ինքնութենէն, կ՛ոչնչացնէ տեղական մշակոյթները: Տիրապետող մշակոյթը հետզհետէ կու գայ հակասելու բարոյական եւ աւետարանական սկզբունքներուն: Մարդկութիւնը անցումային շրջանի մէջ է աստուածակեդրոնացումէն դէպի մարդակեդրոնացում: Մարդը սկսաւ մոռնալ թէ ինք սահմանափակ արարած մըն է:

Հաւատքի եւ մշակոյթի միջեւ գտնուող կապը չէ որ խեղաթիւրուած է, այլ՝ հաւատքը շոգիացած է մշակոյթէն: Այսօր առիթ մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ որպէս հայ քրիստոնեայ, խղճի արդար քննութիւն մը կատարելու մեր ներկայ իրավիճակի մասին: Արդեօք ինչպէ՞ս պիտի կարենանք վախի, յուսահատութեան, բռնութեան եւ մահուան մշակոյթին մէջ բարի լուրը յայտարարել: Ինչպէ՞ս Աւետարանը պիտի դարձնենք աղբիւր վերանորոգման եւ ազատագրման: Ինչպէ՞ս պիտի գործենք որպէսզի հայ լեզուն անգամ մը եւս դառնայ հաւատքին եւ հայ մշակոյթին խօսուն ասոյթը:

Հաւատքն ու մշակոյթը ժողովուրդի մը կերտման հիմնական տարրերն են. սակայն բաւարար չէ որ այս ճշմարտութիւնը գիտնանք, այլ կարեւոր է որ զայն գործադրենք եւ անով հպարտանանք: Հայոց լեզուն իր գոյացման առաջին վայրկեանէն իսկ ծառայեց Աստուծոյ խօսքը թարգմանելու, որպէսզի հայ մարդը կարենայ հայադրոշմ աղօթքներով հաղորդակցիլ իր արարիչին հետ: Լեզուն պարզապէս միջոց մը չէ հաղորդակցելու կամ գաղափար մը յայտնելու, այլեւ՝ ներքին զգացումներն արտայայտող գործիչն է: Չկայ աւելի հաւատարիմ լեզու քան անձի մը մայրենի լեզուն, որով կրնայ հանգիստ արտայայտել իր ներքին աշխարհը, զգացումներն ու ապրումները։

Երբ հայ գիրն ու գրականութիւնը ծնունդ առին, հայ մարդը ազատագրուեցաւ օտար լեզուներու կապանքներէն, ու սկսաւ հայերէնով խօսիլ ու զգալ, հայերէնով գրել ու կարդալ, հայերէնով երգել ու պարել, հայերէնով աղօթել ու հառաչել: Մեր նախահայրերը գիտցան հաւատքը մարմնացնել հայ մշակոյթին մէջ:

Եթէ մեր մշակոյթին տէր չդառնանք պիտի չկարենանք բացուածք ունենալ ուրիշ մշակոյթներու վրայ: Այսօրուան աշխարհը մեզմէ կը պահանջէ երկխօսութեան մէջ մտնել համայն մարդկութեան հետ, ըլլալ լայնամիտ ու զարգացած, ճանչնալ ուրիշին գոյութեան իմաստը, սակայն այս բոլորը ապրելու համար կանչուած ենք նախ մենք զմեզ ճանչնալու, մեր արժէքը գիտնալու, որպէսզի միմիայն ուրիշը ճանչնալով ձուլումի չենթարկուինք: Քրիստոս երբ կը ձերբակալուէր ու ատեանին կը յանձնուէր, Պիղատոս ամբոխին առջեւ անոր մասին կ՛ըսէ. «Ահաւասիկ մարդը»: Այո՛, ահաւասիկ Մարդը, որ հակառակ ամէն գինի, տէր կանգնեցաւ իր համոզումներուն, իր աստուածային ու մարդկային սկզբունքներուն: Իսկական մարդը այն է որ գիտէ տէր դառնալ իր հաւատքին, իր մշակոյթին, իր լեզուին, իր ազգին: Իսկական մարդը այն է որ գիտէ պայքարիլ նոյնիսկ եթէ առանձին ըլլայ հակառակորդին դիմաց:

Ազգ մը չի կրնար գոյատեւել եթէ չկենդանացնէ իր հաւատքն ու մշակոյթը: Ասոր համար մենք՝ սուրբ Մեսրոպի եւ սուրբ Սահակի ժառանգորդները, կանչուած ենք յեղափոխութեան: Կանչուած ենք հաւատքի, մշակոյթի ու լեզուի յեղափոխութիւն մը կատարելու. յեղափոխութիւն մը որ պէտք է սկսի մեր անձերէն, մեր տուներէն ու շրջափակերէն, մեր եկեղեցիներէն ու դպրոցներէն: Գօտեպնդուած աստուածային շնորհքներով եւ հայատառ այբենարանով, խոստանանք հաւատարիմ ռահվիրաները ըլլալ Մեսրոպեան ուղեգիծին:

Ս․ Կ․

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսին բացման պատարագն ու Քահանայապետին քարոզը
«Սուրբ Հոգին զոր Հայրը իմ անունովս պիտի ղրկէ, ան ձեզի պիտի սորվեցնէ ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ բոլոր ըսածներս» (Յովհ 14,26)։ Յիսուսին այս խօսքերէն մեկնելով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 3 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսի բացումին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը։

Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի բոլոր երկիրներէն ժամանած սիւնհոդոսական 267 հայրեր, որոնք յետմիջօրէին,Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ ընթացք տուին «Երիտասարդները, Հաւատքը եւ Կոչումներու զատորոշումը» խորագիրով եպիսկոպոսական 15-րդ սովորական սիւնհոդոսին, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է երիտասարդներուն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ հոկտեմբեր 28։

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Պապը, իր այդ խօսքերով աշակերտներուն տուաւ երաշխիքը՝ որ իրենց պիտի ընկերանայ իրենց վստահուած ամբողջ առաքելական աշխատանքի ընթացքին. Սուրբ Հոգին, արդարեւ, առաջինն է որ առաքեալներու սրտերուն մէջ կը պահպանէ ու միշտ վառ ու այժմէական կը պահէ Վարդապետին յիշատակը։ Ան է որ այնպէս կ՛ընէ որ Աւետարանի հարստութիւնն ու գեղեցկութիւնը ըլլան նաեւ յարատեւ ուրախութեան եւ նորութեան աղբիւր, յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Ակնարկելով «համայն Եկեղեցւոյ համար շնորհքի պահին», Ան հրաւիրեց «հաստատակամ հայցել որ Սուրբ Հոգին մեզի օգնէ՝ յիշելու եւ վերարծարծելու մեր սիրտը բորբոքող Տիրոջ խօսքերը։ Յիշատակ որ կարենայ մեր մէջ վերակենդանացնել ու վերանորոգել երազելու եւ յուսալու կարողութիւնը որովհետեւ գիտենք թէ երիտասարդները կարող պիտի ըլլան մարգարէութեան ու տեսիլքի այն չափով որով մենք, չափահասներ ու տարեց, կարողութիւնն ունինք երազելու ու մեր սրտին երազներն ու յոյսերը կիսելու ու անոնցմով վարակելու» աւելցուց Սրբազան Պապը հայցելով որ «Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ շնորհքը ըլլալու երազի եւ յոյսի պարգեւով օծեալ սիւնհոդոսական Հայրեր, որպէսզի կարենանք մեր կարգին մեր երիտասարդները օծել մարգարէութեան եւ տեսիլքի պարգեւով»։

Ապա, Քահանայապետը նշեց թէ «այսօր առաջին անգամուան համար մեր հետ կը գտնուին Չինաստանէն երկու եպիսկոպոսներ որոնց ներկայութիւնը, ըսաւ Ան, աւելի տեսանելի կը դարձնէ Եպիսկոպոսներու հաղորդակցութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ»։ Հուսկ մաղթելով որ օծեալ յոյսին մէջ սկիզբ տրուի եկեղեցական հանդիպումի մը որ կարող ըլլայ ընդարձակելու հորիզոնները, հանգստացնելու սիրտերը ու փոխելու մեզ անդամալուծող եւ երիտասարդներէն բաժնող ու հեռացնող կառոյցները, Ան հրաւիրեց նայելու երիտասարդներուն ու զանոնք պատած միջավայրերուն, յանձնառու ըլլալով յաղթահարել բացառումի եւ բռնութեան իրականութիւնները, որոնց թիրախ են պատանիները։

«Երիտասարդները, որոնք պտուղն են անցեալին տրուած բազմաթիւ որոշումներու, կը հրաւիրեն մեզ իրենց հետ միասին յանձն առնելու ներկան ու պայքարելու իրենց կեանքին արժանապատուութեամբ զարգացումին արգելք հանդիսացող իրականութիւններուն դէմ։ Անոնք մեզմէ կը պահանջեն ստեղծագործ նուիրում մը, իմաստուն, խանդավառ եւ յոյսով լի շարժականութիւն մը, որպէսզի զանոնք միայնակ չի թողունք մահուան շուկային մէջ, որ կը ճնշէ անոնց կեանքին վրայ եւ կը մթագնէ անոնց տեսլականը։

«Միասին երազելու կարողութիւնը որ Տէրը այսօր մեզի կը պարգեւէ որպէս Եկեղեցի՝ Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն համաձայն կը պահանջէ մեր միջեւ զարգացնել շատ յստակ կեցուածք մը․- «Թող ձեզմէ իւրաքանչիւրը փնտռէ ոչ միայն իր սեփական շահը, այլ մտածէ ուրիշներու շահերուն մասին եւս» եւ դեռ՝ կը թելադրէ աւելին, պահանջելով որ խոնարհութեամբ ուրիշները գերադասենք։ Այս ոգիով՝ պիտի ուզենք զիրար ունկնդրել, միասին զատորոշելու համար այն ինչ որ Տէրը կ՛ակնկալէ իր Եկեղեցիէն։ Ասիկա մեզմէ կը պահանջէ ուշադիր ըլլալ որպէսզի չգերակշռէ ինքնապահպանումի եւ ինքնագոհութեան տրամաբանութիւնը» որ ի վերջոյ կարեւոր կը դարձնէ այն ինչ որ երկրորդական է եւ երկրորդական՝ այն ինչ որ կարեւոր է։ Աւետարանին եւ մեզի յանձնուած ժողովուրդին հանդէպ սէրը մեզմէ կը պահանջէ ընդարձակել մեր տեսադաշտը եւ չմոռնալ առաքելութիւնը որուն կոչուած ենք ձգտելու համար աւելի մեծ բարիքի մը, որմէ պիտի օգտուինք բոլորս։ Առանց այս կեցուածքին, մեր բոլոր ճիգերը զուր պիտի մնան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ կարեւորելով «անկեղծ ունկնդրութիւնը» շարունակեց․-

«Անկեղծ, աղօթարար եւ հնարաւորին չափ առանց նախապաշարումներու ու պայմաններու անկեղծ ունկնդրութեան շնորհը կարելի պիտի դարձնէ որպէսզի հաղորդակից ըլլանք Աստուծոյ ժողովուրդին ապրած զանազան կացութիւններուն։ Ունկնդրել Աստուած՝ Անոր հետ ունկնդրելու համար մարդկութեան ճիչերը․ ունկնդրել մարդիկը՝ անոնց հետ շնչելու համար մեզ կանչող Աստուծոյ կամքը»։

«Սուրբ Կոյս Մարիամին մայրական հովանիին տակ դնելով այս ժամանակահատուածը, որպէսզի մեզի ընկերանայ, ճանչնալու համար Հոգիին հետքերը ու անոնց վրայէն ընթանալով ընկերանանք ու խրախուսենք մեր երիտասարդները, որպէսզի երբեք չի դադրին մարգարէանալէ»։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մէջբերեց Վատիկանեան Բ․ Տիեզերական ժողովի հայրերուն երիտասարդներուն ուղղած պատգամէն հատուած մը. «Եկեղեցին կ՛ուզէ որ այն ընկերութիւնը որ դուք կը պատրաստուիք կառուցել, յարգէ արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը եւ մարդոց իրաւունքը… եւ այդ մարդիկը դուք էք։ Ան վստահ է որ դուք պիտի գիտնաք ձեր հաւատքը հաստատել ձեր կեանքին եւ ամէն բանի մէջ որ իմաստ կու տայ կեանքին․ արդար ու բարի Աստուծոյ մը գոյութեան համոզումը։

«Այդ Աստուծոյ եւ Անոր Միածին Որդիին՝ Յիսուսին անունով է որ մենք այսօր կը յորդորենք ձեզ ընդլայնելու ձեր սրտերը աշխարհի ծաւալին համաձայն, լսելու ձեր եղբայրներուն կոչը եւ համարձակութեամբ անոնց ծառայութեան ի սպաս դնելու ձեր երիտասարդ կորովը։ Պայքարեցէք ամէն եսասիրութեան դէմ։ Մերժեցէք բռնութեան եւ ատելութեան բնազդները, որոնք կը յառաջացնեն պատերազմ ու թշուառութիւն։ Եղէք վեհանձն, ջինջ, յարգալիր, անկեղծ։ Եւ ոգեւորութեամբ կառուցանեցէք այսօրուայ աշխարհէն աւելի լաւ աշխարհ մը» (Պօղոս Զ․ – Երիտասարդներուն ուղղուած Պատգամ, Վատիկանեան Ժողովի աւարտին, 8 դեկտեմբեր 1965)։

«Սիրելի սիւնհոդոսական հայրեր, Եկեղեցին ձեզի կը նայի վստահութեամբ ու սիրով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր քարոզը։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

ՌԱՏԻՕ ՎԱՏԻԿԱՆ

Վերջին հրաժեշտ Էմմանուէլ Արք. Տապպաղեանի
Ողջոյն քեզ Սուրբ Եկեղեցի։ Ողջոյն քեզ սեղան սրբութեան։ Ողջոյն ձեզ դասք քահանայութեան։ Ողջոյն ձեզ հաւատացեալ եղբարք իմ ի Քրիստոս։ Ողջոյն ձեզ համօրէն ժողովրդականք։ Ես ճանապարհորդեցի առ Արարիչ իմ։ Ես ճանապարհորդեցի առ Քրիստոս յոյս ամենեցուն:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ Հ. Էմմանուէլ Արք. Տապպաղեան իր աչքերը փակեց 13 սեպտեմբեր 2018-ին, կենաց 84-րդ եւ քահանայութեան 51-րդ տարին, ի Զմմառ:

Ուրբաթ 14 սեպտեմբեր 2018-ին, կ.ա. ժամը 11:00ին, լուսահոգի Գերապայծառին յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը կատարուեցաւ Զմմառու Մայրավանքիս մայր տաճարին մէջ: Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերական դասը, գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, եւ հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուած էին հոգելոյս Գերապայծառին դագաղին շուրջ, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու անոր, որ երկար տարիներ ծառայած էր սոյն համայնքին, ամենայն նախանձախնդրութեամբ եւ նուիրումով իբրեւ բարի, քաջարի եւ անձնուէր հովիւ եւ իր ամբողջ կեանքը ընծայած էր աղքատներու, որբերու եւ հիւանդներու խնամքին, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի պատանիներու դաստիարակութեան նուիրական գործին, եւ անոնց կողքին կանգնած էր ըլլա՛յ ուրախութեան պահերուն, ըլլա՛յ նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն մէջ:

Յուղարկաւորութիւնը սկսաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, զոր մատուցանեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը վանքիս մայր տաճարին մէջ:

Պատարագիչ Հայրապետը այս առթիւ հոգելոյս Հօր դամբանականը հաղորդեց ներկայ հաւատացեալներուն, ըսելով. «Տապպաղեան Գերապայծառին վախճանումը մեր սրտերը ցաւով լեցուց: Անոր հոգեւոր կեանքը, բարութիւնը, խոնարհութիւնը, աղքատասիրութիւնը եւ առաքինի հոգեւորականի օրինակը խոր տպաւորութիւն ձգած էր բոլոր անոնց վրայ որ զինք ճանչցած էին: Այսօր Տապպաղեան Գերապայծառը ամէնուս հրաժեշտ տալով, մեկնեցաւ Երկինքի Արքայութեան մէջ իրեն համար պատրաստուած տեղը: Ան որպէս քահանայ եւ ապա եպիսկոպոս երկար տարիներ ծառայեց, արդիւնաբերեց եւ գոհ ձգեց բոլորը: Վրաստանի Սուխլիս գիւղէն այսօր ցաւակցագիր նամակներ ստացանք, ուր ժողովուրդը իր վիշտը կը յայտնէր եւ միեւնոյն ատեն իր մեծ սէրը՝ Գերապայծառին հանդէպ, որովհետեւ անոնց ցոյց տուած էր փրկութեան ճամբան: Իր առաքելութիւնը սկսաւ որբերով զբաղուելով, ըլլայ Տգուանէ, ապա Այնճար: Լիբանանեան պատերազմի օրերուն խիզախօրէն պաշտպանած էր վանք ապաստանող գաղթականները: Աղքատասէր էր, ինչ որ ունէր կը բաժնէր անոնց, նոյնիսկ իր ստացած նուէրները: Հիւանդները կը բուժէր եւ անոնց դեղագործի պաշտօն կը կատարէր: Այժմ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, խնդրելով յաւիտենական հանգիստ հանգուցեալին հոգւոյն, որպէսզի անոր նման հաւատքով եւ սիրով տոգորուած նորանոր քահանայական կոչումներով օժտուի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ»:

Յուղարկաւորութեան կարգը իր մարգարէական ընթերցումներով, աղօթքներով եւ շարականներով կատարուեցաւ հոգեւոր դասուն եւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ:

Յուղարկաւորութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Սուրբ Աթոռի Առաքելական նուիրակի քարտուղարը, Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք՝ Գէորգ Արք. Խազումեան, Մանուէլ Եպս. Պաթագեան, Յովսէփ Եպս. Առնաութեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Թեմի Պատրիարքան Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Պաղտատի Հայ կաթողիկէ թեմի Առաքելական Կառավարիչ՝ Հ. Ներսէս թ.ծ.վ. Զապարեան, Անարատ Յղութեան Միաբանաութեան առաքինազարդ քոյրեր, Լիբանանի Հայ կաթողիկէ կղերական դասը, հանգուցեալ Գերապայծառին մայրապետ քոյրը եւ հարազատները, ինչպէս նաեւ սգակիր բազմաթիւ հաւատացեալներ:

Այս առթիւ ցաւակցական հեռագիր նամակներ հասան նաեւ միաբանակից հայրերու կողմէ, զորս Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ ընթերցեց:

Եկեղեցւոյ կարգի աւարտին՝ հոգեւոր դասուն առաջնորդութեամբ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Միաբանութեան դամբարանը, ուր հանգուցեալ Գերապայծառին մարմինը ամփոփուեցաւ:

Արարողութենէն ետք՝ ցաւակցութիւնները ընդունուեցան մայրավանքի դահլիճին մէջ, և նոյն օրը շարունակուեցան կ.ե. ժամը 4-էն 7:00:

Խունկ եւ բիւր օրհնութիւն հոգելոյս Գերապայծառին

անմահ եւ պայծառ յիշատակին:

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում գերյ. Պօղոս Լեւոն ծ. վ. Հէքիմեանի
«Եպիսկոպոսութիւնը նախ եւ առաջ ծառայութիւն է»

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք

Շաբաթ 29 սեպտեմբեր 2018-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս Թոլենթինոյի անուան եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Լատին Ամերիկայի նորընտիր առաջնորդ գերյարգելի Տ. Պօղոս Լեւոն ծ.վ. Հէքիմեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւնը նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի, Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին ձեռնադրակից եպիսկոպոսներն էին Արհի. Հ. Վարդան եպս. Պօղոսեան, վաստակաւոր առաջնորդը Լատին Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմի եւ Պէյրութի թեմի Պատրիարքական փոխանորդ Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Սրբազան արարողութեանց ներկայ գտնուեցան Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ Վսեմաշուք Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ Արհի. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ եւ Պատրիարքական փոխանորդ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի թեմերու Արհի. Օգոստինոս Գրիգոր եպս. Գուսան, Յունաստանի թեմի առաքելական կառավարիչ Գերապայծառ Յովսէփ թ.ծ.վ. Պէզէզեան, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր գերյարգելի Հ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանի ներկայացուցիչը, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Արժանթինի հայ կաթողիկէ կղերական դասի մէկ պատուիրակութիւնը, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ, արժանապատիւ քահանաներ, առաքինազարդ քոյրեր, Հէքիմեան ընտանիքի անդամներ, հայ եւ օտար բազմաթիւ հաւատացեալներ:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը՝ իր սրտի խօսքը ուղղեց նորօծ եպիսկոպոսին անոր յիշեցնելով թէ «եպիսկոպոսութիւնը նախ եւ առաջ ծառայութիւն է, իշխանութիւն չէ» եւ ապա քաջալերեց զինք յառաջ տանելու իրեն յանձնուած այդ առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի նպաստ Հայ ազգին եւ Հայ Եկեղեցւոյ։

Խօսք առաւ նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ իր կարգին շնորհաւորեց նորօծ եպիսկոպոսը անոր մաղթելով բեղուն առաքելութիւն։ Հուսկ, Արհիապատիւ գերապայծառ Հէքիմեան իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն շնորհակալական խօսքեր արտայայտելով նախ եւ առաջ Աստուծոյ՝ իրեն պարգեւած շնորհքներուն համար, ապա իր ծնողքին՝ «որոնք երկինքէն այսօր մասնակից դարձան այս արարողութեան», հուսկ հայ կաթողիկէ թեմին ու բոլոր անոնց որոնք իրեն ընկերացան իր քահանայական 37 տարուայ ծառայութեան ընթացքին։ Ան իր խօսքին մէջ՝ ի մէջ այլոց նշեց թէ եպիսկոպոս ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ Յիսուսին տասներկու աշակերտներուն յաջորդը ու նաեւ անոնց հետեւորդը, առ այդ՝ աւելցուց գերապայծառ Հէքիմեան, «ասիկա պատիւ է, որովհետեւ Տէրը կամեցաւ ինձ կոչել այս ծանր պարտականութեան, սակայն միեւնոյն ատեն հրաւէր է՝ անձնուիրումի ու անձնազոհութեան մինչեւ կեանքի պարգեւը, եղբայրներուն ու Աստուծոյ համար, նման Յիսուսի աշակերտներուն որոնք հակառակ իրենց կրած հալածանքներուն ու չարչարանքներուն յանդուգն կերպով պաշտպանեցին իրենց հաւատքը ու Յիսուսի սիրոյն համար յանձն առին նոյնիսկ մահը»։

Նորօծ եպիսկոպոսը, Կարդինալ Սանտրիին, Հոգեւոր Տիրոջ, եւ պատարագի առընթերակայ՝ գերապայծառ Ասատուրեանին եւ գերապայծառ Պօղոսեանին հետ միասին ներկաներուն շնորհեցին օրհնութիւնը, վերջ տալով արարողութեան, որուն առաջին մասը տեղի ունեցած էր ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 18:45-ին յետ երեկոյեան ժամերգութեան:

Արարողութեանց աւարտին Լեւոնեան Վարժարանի ներքնափակին մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։

Արժանթինի Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Գերապայծառ Հէքիմեանի թագադրութեան արարողութիւնը
Կիրակի 7 հոկտեմբերին, Պուէնըս Այրէսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է կաթողիկէ համայնքի նոր առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պօղոս Արք. Հէքիմեանի թագադրութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են քահանաներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ, հայ եւ օտար հաւատացեալներ։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ, նորընտիր եպիսկոպոսը դիտել տուած է թէ այսօր եկեղեցին կը փայլի այն մարդոց հետ որոնք եկած են ուրախութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու նոր եւ սիրելի եպիսկոպոսին, հաստատելով թէ ինք «այստեղ է ծառայելու համար» եւ թէ եպիսկոպոսները առաքեալներու յաջորդներն ու անոնց շարունակութիւնն են։ Անոնք պարտականութիւնը ունին իրագործելու Աստուծոյ կողմէ իրենց յանձնուած առաքելութիւնը»։ Ասկէ մեկնելով գերապայծառ Հէքիմեան ներկաներէն խնդրած է որ իրեն օգնեն իր այս պարտականութեան մէջ որպէսզի, ըսած է ան, ես ալ կարենամ ձեզի օգնել։

Ապա, Առաջնորդը անդրադարձած է Հռոմի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումին ու զրոյցի մասին։ Հուսկ, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղած է նախ եւ առաջ իր նախորդին՝ Արհիապատիւ Վարդան Արք. Պօղոսեանին որ «ուղեկցած է իմ հոգեւոր կեանքին, ինծի սորվեցնելով ըլլալ իսկական քահանայ» ըսած է գերապայծառ Հէքիմեան. ապա շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Սրբազան Քիսակ Մուրատեանին որ կարելիութիւն չէ ունեցած իր մասնակցութիւնը բերելու արարողութեան։ «Զայն կ՛անուանեմ որովհետեւ համամիութիւնը ու եկեղեցւոյ միութիւնը պիտի ըլլան իմ նպատակակէտս», ըսած է Հէքիմեան արքեպիսկոպոսը եւ շեշտած է «Միութիւնը Յարուցեալի միակ եկեղեցւոյ։ Մենք պէտք է սիրենք զիրար, օգնենք իրարու ու շարունակենք միասին կերտել եկեղեցին, նախ հայ եկեղեցին, ապա բոլոր դաւանանքները»։

Գերապայծառ Հէքիմեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ բոլոր արժանթինահայերուն ու իր ծուխին հաւատացեալներուն, որոնք միշտ թիկունք կանգնած են իրեն, ապա յայտարարած է թէ ինք որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած է «Սէր եւ ողորմութիւն» բառերը, որոնք, ըսած է ան, պիտի ըլլան Աւետարանի լոյսերը՝ որ պիտի առաջնորդեն իր քայլերը, որպէսզի ինք իր կարգին առաջնորդէ հաւատացեալները՝ որպէս Հայր եւ Հովիւ։

«Եպիսկոպոսը այն մարդն է որ պէտք է սորվեցնէ Աստուծոյ խօսքը» ըսած է ապա գերապայծառ Հէքիմեան, դիտել տալով թէ «պէտք է նախ եւ առաջ ապրիլ այդ Խօսքը, ապրիլ Աւետարանը, օրինակ հանդիսանալով հօտին»։

«Ասիկա ծանր խաչ մըն է, որ սակայն կը շալկեմ ուրախութեամբ, վստահ ըլլալով որ այդ կ՛առաջնորդէ դէպի Յարուցեալը» ըսած է գերապայծառ Հէքիմեան եզրափակելով իր քարոզը։

ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ, ՖՐԱՆՔՈՖՈՆԻԱՅԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՇՐՋԱԳԱՅԵԼՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ – ՅՈՒՍԱԼԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Թաւշեայ յեղափոխութեամբ Հայաստանի մէջ բոլոր մարզերէն ներս՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կենցաղային,ստեղծուած նոր իրավիճակին, անոր արձանագրած հետեւանքներուն ու անդրադարձներուն զարգացումները եկան արդարացնելու եւ զօրացնելու ապագային հանդէպ քաղաքացիներուն ընդհանուր լաւատեսութիւնը, անոնց յուսալի տրամադրութիւնները։ Յայտնապէս, ապագային հանդէպ թաւշեայ յեղափոխութեան ստեղծած յոյսով եւ հաւատքով առլցուն տրամադրութիւնները գերատիրող են ժողովուրդի գրեթէ անխտիր բոլոր խաւերուն մօտ։ Համայն երկիրը յուսալի սպասումի վիճակի մէջ է այն հաստատ համոզումով որ մօտիկ անցեալի ալան-թալանով տարուած ղեկավարներու իշխանութեանց վերադարձի ամէն հնարաւորութիւն միանգամընդմիշտ փակուած է։ Բացուած է ճշմարիտ ժողովրդավարացման ճանապարհը։ Օրէնքի առջեւ հաւասարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան պայմաններու տակ, իրենց թիկունքին զգալով պետութեան արդարադատ ներկայութիւնը՝ քաղաքացիները շրջած են երկիրը լքելու տրամադրութիւնը, տոգորուած՝ լաւատեսութեամբ, հակառակ անոր որ նորաստեղծ իրավիճակին դրական զարգացումները խոչընդոտող սահմանադրական եւ օրէնսդրական արգելքները դեռ եւս ամբողջութեամբ չեն հարթուած եւ ապագայ իշխանութեանց մասին որոշ մտավախութիւններ չեն փարատած։

Վստահաբար, այս իրողութիւնը պիտի հաստատեն անոնք որոնք, ինծի պէս, վերջին ամիսներուն առիթը ունեցան շրջագայելու Երեւանի եւ մերձակայ քաղաքներու փողոցներուն մէջ եւ հանդիպելու հին բարեկամներու եւ տարբեր շրջանակներու, խաւերու ու ասպարէզի քաղաքացիներու, այս կերպով մասսայի ներկայացուցիչներու բազկերակը շօշափելու։

Ինչպէս ընդհանրապէս կը պատահի յեղափոխութիւններու ժամանակ կամ անոնց հետեւանքով, մասսաներու ճնշումին տակ կը շրջուին իրավիճակներ, կը չէզոքացուին ժողովուրդի կամքին արտայայտութենէն շեղած կամ անոր հակադրուող մարմիններ եւ իրենց ուժը կը կորսնցնեն ամէն բարեշրջում արգելակող սահմանադրական կամ օրէնսդրական կարգ ու կանոն, փոխարինուելու համար նորերով։ Այսուհանդերձ, Հայաստանի մէջ արձանագրուած բարենորոգչական իրադարձութիւններուն մէջ ակներեւ է թաւշեայ յեղափոխութեան պիտակին տակ ժողովրդային շարժումի առաջնորդին՝ Նիկոլ Փաշինեանին ճիգը յեղաշրջական պահանջներն ու քայլերը օրէնքի, օրինականութեան եւ սահմանադրականութեան սահմաններուն մէջ պահելու։ Անխարդախ քուէարկութեամբ յատկանշուած՝ Երեւանի Քաղաքապետական Աւագանիի ընտրութիւններուն արդիւնքը այդ ճիգին առաջին պսակումը հանդիսացաւ եւ ճամբան հարթեց Ազգային Ժողովի լուծարման եւ յետ քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութեան՝ դեկտեմբերին իսկ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու պահանջին, զոր վարչապետ Փաշինեան հրապարակաւ ներկայացուց Նիւ Եորքէն, ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովին մասնակցելէ ետք։ Այս պահանջը նոր փոթորիկ յառաջացուց դեռ եւս իր օրինականութիւնը պահող Ազգային Ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան եւ ասոր դաշնակից խմբաւորումներու շարքերէն ներս։ Ասոնք անսովոր փութկոտութեամբ մը քուէարկեցին խորհրդարանը լուծարելու եւ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու Փաշինեանի նպատակին իրագործումը խափանելու միտող օրինագիծ մը, ինչ որ ստիպեց վարչապետը անգամ մը եւս եւ արտակարգ արագութեամբ զօրաշարժի ենթարկելու իրեն հետեւորդներու մասսան, որ պաշարեց խորհրդարանի շէնքը։

Հակառակ իրավիճակի այս շատ բուռն զարգացումներուն, անգամ մը եւս, բարեբախտաբար, երկրին ցնցումներ խնայելու եւ երկխօսութեան ճամբան բաց պահելու հրամայականը աստիճանաբար հանդարտեցուց կիրքերը եւ երկխօսութեան սեղանին առաջնորդեց կողմերը։ Դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու գաղափարը աստիճանաբար գետին շահեցաւ։ Եւ որպէսզի ասիկա կատարուի առանց օրէնքը խախտելու, Փաշինեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր հրաժարականը ներկայացնելու՝ արտահերթ ընտրութիւններու ճամբան բանալու համար, պայմանաւ որ մինչ այդ իրեն ընդդիմացող խմբաւորումները իրեն յաջորդելու համար վարչապետութեան թեկնածու չառաջադրեն։

Մինչ այդ…

ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ՈՉ-ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Համաշխարհային բեմին լուսարձակները կեդրոնացան Երեւանի վրայ՝ ուր պատմական բացառիկ իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը, հակառակ անոր որ Հայաստան ֆրանսախօս չէ, սակայն ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան դաւանած մշակութային, քաղաքակրթական եւ մարդկայնական արժէքները կրողը։ Բացառիկ շուքով եւ բարձրագոյն մակարդակով կազմակերպուած այս վեհաժողովը հանդիսացաւ վկայութիւնը արտաքին ճակատի վրայ Հայաստանի վայելած վարկին ու կարեւորութեան տարածաշրջանին մէջ։ Ան միաժամանակ հանդիսաւոր առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Ցեղասպանութեան ճանաչումին ու դատապարտումին, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչման հրամայականին։ Վեհաժողովին «Ապրիլ միասին» կարգախօսը համերաշխութեան անուղղակի կոչ մը եղաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն՝ «միասին ապրելու»՝ երկխօսութեամբ հանգուլածել փորձելով ներքաղաքական խնդիրները։ Հայաստանին համար պատմական այս իրադարձութիւնը եկաւ ողջունելու եւ նաեւ քաջալերելու աւելի ժողովրդավար եւ արդարադատ կարգերու հաստատման գործընթացը՝ որուն ազդանշանը հանդիսացաւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը։

84 երկիրներ ու պետութիւններ համախմբող ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի շրջագիծէն ներս տեղի ունեցած գործարարական, տնտեսական, արհեստագիտական ֆորումները, առիթներ հանդիսացան 84 երկիրներու ու պետութիւններու ներկայացուցիչներուն ցոյց տալու որ «Հայաստանը իւրայատուկ վայր է եւ մենք՝ իբրեւ պետութիւն, թէ՛ արեւելքի եւ թէ՛ արեւմուտքի մաս եղած ենք, միշտ եղած ենք արեւելք-արեւմուտք խաչմերուկին վրայ։ Մեր երկիրը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի։ Այն քաղաքը, ուր դուք այսօր կը գտնուիք, 2800 տարուան պատմութիւն ունի։ Մենք ո՛չ միայն պատմութիւն, մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ ենք, այլեւ առեւտուրով զբաղող ժողովուրդ ենք՝ դարեր շարունակ ըլլալով Մետաքսի ճամբուն վրայ» ըսաւ նախագահ Արմէն Սարգսեան տնտեսական ֆորումի մասնակիցներուն։ Ֆրանքոֆոնիայի վեհաժողովի շրջագիծէն ներս ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ մասնակից երկիրներու մշակոյթներուն, արուեստներուն եւ արհեստներուն նուիրուած ցուցահանդէսներուն ստեղծած ոգեւորող մթնոլորտը եկաւ աւելի զօրացնելու քաղաքացիներուն ՅՈՒՍԱԼԻ ՍՊԱՍՈՒՄԸ։

Մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններ, երբ ալ կայանան անոնք, դեկտեմբերին կամ աւելի ուշ, եւ անկէ ետք, ժողովրդային կամքի ազատ արտայայտութեամբ, ինչպէս կ’ակնկալուի, թաւշեայ յեղափոխութեան շարժումին ղեկավարները պիտի գտնուին ժողովուրդը իր սպասումին մէջ յուսախաբ չընելու, պետութեան հանդէպ անոր վստահութիւնը վերահաստատելու շատ ծանր պատասխանատուութեան եւ մարտահրաւէրին առջեւ։

12 / 10 / 2018

Հայաստանը ստանձնեց Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի նախագահութիւնը
Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի պաշտօնական պատուիրակութիւններու ղեկավարներու լիագումար նիստի ընթացքին Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի նախագահութիւնը Մատակասկարէն փոխանցուեցաւ Հայաստանին: Ընդունելով գագաթնաժողովի նախագահութիւնը՝ վարչապետ Փաշինեանը, մասնավորապէս, նշած է.

«Մատակասկարի Հանրապետութեան պարոն Նախագահ, Ձեր կողմէ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի նախագահութեան իրավունքն ինծի փոխանցելը, իհարկէ, յուզիչ պահ է։

«Մենք լիովին կը գիտակցինք այն պատասխանատուութեան, որ այսուհետեւ կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ գալիք երկու տարիներու ընթացքին այդ նախագահութիւնը ապահովելու համար։

«Կ՛ուզեմ կրկին շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանքոֆոնիայի բոլոր անդամ երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն՝ վստահութեան համար։

«Բաղխելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, զորս կը դիմագրաւեն մեր հասարակութիւնները, կարեւոր է, որպէսզի մենք համախմբուինք մեր համամարդկային արժէքներուն շուրջ, մշտապէս ապահովենք յարգանքը մեր բազմազանութեան հանդէպ եւ խթանենք փոխանակումն ու համերաշխութիւնը ֆրանքոֆոն տարածքի տարբեր հատուածներուն միջեւ։ Այդ պայմաններուն մէջ է, որ «Ապրիլ միասին»ը կրնայ ըլլալ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան աղբիւր ֆրանքոֆոն տարածքին մէջ։

«Ասիկա շատ գեղեցիկ ձգտում է, որպէսզի ցանկութիւն յառաջանայ գործելու յանուն այն սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, որոնք կը բնութագրեն «Ապրիլ միասին»ը։

«Բաղխուելով բազմակողմանիութեան ճգնաժամին` մեր ցանկութիւնն է նաեւ աւելի ամրապնդել համագործակցութիւնը եւ քննարկումները Ֆրանքոֆոնիայի եւ տարածաշրջանային ու ենթատարածաշրջանային կազմակերպություններու միջեւ տարբեր բնագաւառներէ ներս, որոնք կը վերաբերին խաղաղութեան, անվտանգութեան, կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարի, կայուն զարգացման կամ դարձեալ Մարդու իրաւունքներու յարգման հարցերուն, քանի որ այդ համագործակցութիւնը վստահաբար թոյլ կու տայ աւելի արդիւնաւէտ արծարծել այս հարցերը, իսկ Ֆրանքոֆոնիային՝ շարունակել հաստատուիլ որպէս միջազգային յարաբերութիւններու դերակատար»։

ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ
Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 2․30-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան, այցելեցին Զմմառու վանք, ուր դիմաւորուեցան վանքի մեծաւոր եւ Զմմառու Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Միքայէլ թ․ ծ․ վ․ Մուրատեանի, վարչութեան անդամներուն, Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Արհի․Գէորգ Եպիսկ․ Ասատուրեանի, Արհիապատիւ Գէորգ Արքեպիսկ․ Խազումեանի, Արհի․Մանուէլ Եպիսկ․Պաթագեանի, Լիբանանի կաթողիկէ հայոց կղերաց դասի, Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներուն ու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներուն ու կիսասարկաւագներուն, ինչպէս նաեւ պետական երեսփոխան Ժան Թայլուզեանի, Զմմառու քաղաքապետի եւ հայ կաթողիկէ կառոյցներու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչնե-րուն կողմէ։

Շքախումբը նախ այցելեց Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, ուր Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներն ու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները երանելի նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի երգը հնչեցուցին: Ապա ուղղուեցան դէպի մայրավանքի Վերափոխեալ Աստուածամօր եկեղեցին, ուր Նիկոլ Փաշինեան եւ իր տիկինը մոմ մը վառեցին ի պատիւ Սրբոյ Կուսին:

Այնուհետեւ, մայրավանքի դահլիճին մէջ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեան ներկաները ողջունելէ ետք, հակիրճ ձեւով զեկուցեց միաբանութեան անցած պատմական ուղիին, անոր կանոնական բնոյթին, 270 տարիներուն ծաւալած գործունէութեան, Լիբանանի քաղաքաշինութեան մէջ ունեցած ներդրումին եւ լիբանանահայութեան կրած բազմաթիւ հոգերը ամոքելու առումով արձանագրած նուաճումներուն ու ձեռքբերումներուն մասին:

«270 տարիներու ընթացքին, ըսաւ գերապայծառ Մուրատեան, միաբանութեան գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է հայ հոգեւորականներու պատրաստութիւնն ու աշխարհով մէկ ցրուած հայկական թեմերը որակեալ կղերականներով ապահովելը: Ասոր կողքին, միաբանութիւնս լուրջ աշխատանքներ կատարած է հայապահպանման ու հայագիտութեան զարգացման ուղղութեամբ»:

Ան աւելցուց, թէ «Մեծ եղեռնի դաժան օրերուն միաբանութեանս կղերը իր ժողովուրդի կողքին էր. Մարտինի թեմի առաջնորդ Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեան իր հաւատակից միաբաններով ինկաւ վասն հայրենեաց եւ հաւատքի: Ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած եւ Լիբանան ապաստանած հայութեան բեկորներուն առաջին օգնութեան ձեռք մեկնողը Զմմառու միաբանութիւնը հանդիսացաւ: Պէյրութի շրջակայքը տեղափոխուած գաղթական հայերուն ապաստան տալու միտումով, Զմմառու միաբան հայրերէն Պօղոս Արիս Պէյրութէն դուրս հիմնեց Պուրճ Համուտ հայկական աւանը, որ հետագային դարձաւ մայրաքաղաք Պէյրութի անբաժան մասը: Պօղոս Արիս դարձաւ այդ աւանի առաջին քաղաքապետը` իր աւանդը բերելով ո՛չ միայն հայերու պատսպարման, այլեւ Լիբանանի քաղաքաշինութեան կարեւոր գործին»:

Անդրադառնալով միաբանութեան մշակութային ներդրումին` Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան ըսաւ. «Մշակութային առումով եւս կատարուած են բազմաթիւ աշխատանքներ` ըլլան անոնք տպագիր գործերու` գիրքեր, պարբերականներու տեսքով, ըլլան բանաւոր խօսքի` դասախօսութիւններ, դաստիարակչական դասընթացքներու տեսքով: Միաբանութիւնս աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքագրած եւ անդառնալի կորուստէ փրկած է բազմաթիւ հայկական հին ձեռագիր մատեաններ, արխիւային բնոյթի կարեւոր փաստաթուղթեր` յիրաւի դառնալով աշխարհի հայագիտական

5-րդ կեդրոնը»:

Ապա հայրենիքի հետ մշակուած ծրագիրներուն անդրադառնալով գերապայծառ Մուրատեան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մեր ցանկութիւնն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան միջեւ փոխյարաբերութիւնները հասնին բաղձալի մակարդակի, եւ ձեր վարչապետի պաշտօնին վերընտրման պարագային այս յարաբերութիւնները կը ստանան բնականոն տեսք, եւ մեր համագործակցութիւնը կը հասնի լիարժէք ու ցանկալի աստիճանի, որպէսզի մեր ազգը յաւէտ խոյանայ դէպի յաւերժութիւն, դէպի մեր ցայսօր անկատար իղձերու եւ երազներու իրագործում` ի փառս Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին»:

Ողջոյնի խօսքէն ետք, Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեան վարչապետի պաշտօնակատար Ն. Փաշինեանի պատմական այցելութեան ի պատիւ` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անունով «Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր» գեղակերտ լուսանկարը նուիրեց անոր:

Իր կարգին խօսք առնելով, Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով. «Շատ յուզիչ առիթ է ինձ համար, որովհետեւ առաջին անգամ եմ գտնւում Հայ Կաթողիկէ եկեղեցում եւ այսպիսի միջավայրում: Սա ինձ համար յիշարժան այցելութիւն է, որն անընդհատ կ՛ուղեկցի ինձ: Ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ Սփիւռքում ամենակարեւոր խնդիրներից մէկն այն է, որ մենք չունենանք բաժանարար գծեր: Մենք մէկ ազգ ենք, գալիս ենք նոյն տեղից եւ ձգտում ենք դէպի նոյն տեղը, ունենք ընդհանուր երազանքներ, որոնց կենտրոնում Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը կարեւորեց հայ հոգեւոր, մշակութային ամենանշանաւոր օճախներէն մէկուն` Զմմառու գործունէութիւնը պատմամշակութային ժառանգութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ:

Այնուհետեւ, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը եւ հայկական պատուիրակութեան անդամները առաջնորդութեամբ Մեծաւոր Հօր շրջայց կատարեցին վանքին զանազան բաժինները՝ թանգարանը, մատենադարանը, ձեռագրատունը եւ գինեմարանը։ Աւելի քան ժամ մը տեւած այս պատմական այցելութիւնը վերջ գտաւ ներկաներուն բարեմաղթանքներով եւ յիշատակի լուսանկարներով։

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ կիրակի, 23 սեպտեմբերի ժամը 12․45-ին Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին, որուն կ’ուղեկցէին նախարարութեան աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, հիւպատոս Լէոնիտ Ապաճեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ Վլատիմիր Պօղոսեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան գերապայծառ տիարք Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեան, Գէորգ արքեպիսկ․Խազումեան եւ արժ. Կարապետ քհնյ․ Թադէոսեան։

Շուրջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումը առաւելաբար ծանօթացման բնոյթ ունէր։ Նախարարը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց Հայաստանի նորագոյն իրադարձութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած դրական մթնոլորտը եւ անոր յառաջացուցած դրական արձագանգը թէ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատներու վրայ, եւ յատկապէս Սփիւռքի մօտ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նախարարութեան առաջադրանքներուն, նոր մօտեցումներուն եւ հայրենադարձութեան խնդիրներուն։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին վստահեցուց որ հայկական պետականութեան հզօրացման, ժողովրդավարացման, ընկերային արդարութեան, արդարադատութեան եւ հաւասարութեան գործընթացի յառաջընթացին, Հայաստանի բարգաւաճութեան եւ հայրենաբնակ ժողովուրդի բարօրութեան ի նպաստ ամէն նախաձեռնութիւն պիտի շարունակէ վայելել Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համայնքին քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը։

ԱՇԽԱՐՀ Կ’ՈՂԲԱՅ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
Ո՛չ միայն համայն Հայ ժողովուրդը եւ Ֆրանսան, այլ համայն աշխարհը կ’ողբայ Շառլ Ազնաւուրին կորուստը։ Իրաւամբ համա՛յն աշխարհ, որովհետեւ ան եւ անոր երգերը համաշխարհային արժէքներ են։ Անկորնչելի արժէքներ որոնք յաւերժագիրն են ֆրանսահայ երգիչին որ նկատուեցաւ «դարուն արուեստագէտը, որովհետեւ հոկտեմբեր 3-4-ի գիշերուան ընթացքին, 94 տարեկանին ան միայն ֆիզիքապէս հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին, ուր յաւերժ ներկայութիւն պիտի ըլլայ, իր «Les émigrants»-ներով, «La Bohème»ներով, «She»ներով, «Sur ma vie»ներով, «For me… formidable»-ներով, «La mamma»ներով, «Emmenez-moi»ներով, «Les comédiens»ներով, «Il faut sa- voir»ներով, «Pour toi Arménie»ով եւ դեռ այն 1300 երգերով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բանաստեղծական շունչով արտայայտուած եւ ապրուած կեանքի ու սիրոյ վկայութիւններ, յուշեր են, պատմութիւն եւ նաե՛ւ պատգամներ եւ որոնք զինք դարձուցին երգարուեստի առասպելը եւ մեր՝ Հա՛յ ժողովուրդին պարծանքը։

Արդարեւ, Ազնաւուր եղաւ ոչ միայն դարուն մեծատաղանդ երգիչն ու երգահանը, Ֆրանսայի անգերազանցելի «շանսոնիէ»ն, շարժանկարի դերասանը, անապակ սիրոյ, բարութեան ու բարեգործութեան խորհրդանիշը, դիւանագէտը, այլ ցեղասպանուած հայ ժողովուրդի վերածնունդին վկայութիւնը եւ անոր արդար տենչերուն ու ձգտումներուն թարգմանը միջազգային բեմերէն, հպարտութեամբ ինքզինք հռչակելով որքան ֆրանսացի, նոյնքան Հա՛յ, «100 առ հարիւր ֆրանսացի եւ 100 առ հարիւր Հա՛յ» ինչպէս ինք կը սիրէր ըսել։ Իր արմատներուն կառչած ֆրանսացի էր։

Հազիւ 13 տարեկան պատանի էի երբ 1950-ին, երիտասարդ Ազնաւուրի մէկ ելոյթէն ետք Սինեմա «Տիւնիա»ի մէջ, բախտը ունեցայ բեմի քուլիսներուն մէջ անոր հետ հայերէն երկու խօսք փոխանակել փորձելու։ Չյաջողեցայ։ Կը շտապէր։ Հազիւ ժամանակը գտաւ ստորագրելու պատանեկան յուշատետրիս մէջ։ Չէի գիտեր որ ապագայ աշխարհահռչակ երգիչը, «Ազնաւուր Երեւոյթը« պիտի դառնար ան։ Բայց անոր հանդիպելու երկրորդ բախտաւորութիւնը ունեցայ 1971-ին, մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Ժպէյլի փառատօնի շրջագիծէն ներս Ազնաւուրի ելոյթին առթիւ, «Շօ պըզնէս»ի «քամիքազ»ը նկատուած Թորոս Սիրանոսեանին կողմէ։ Իր արմատներուն կառչած «որքան լիբանանցի նոյնքան հայ« մը։ Ասուլիսի աւարտին, ուրախութիւնս մեծ եղաւ արդէն մեծ հռչակ վայելող ֆրանսացի «շանսոնիէ»ի բերնէն կտրատուած հայերէնով լսել հայերէնով ուղղածս մէկ հարցումին պատասխանը։ Այդ պահուն, չէի մտածեր անգամ որ այդ կտրատուած հայերէնով խօսող ֆրանսացին քանի մը տասնեակ տարիներ ետք բանիւ եւ գործով ցոյց պիտի տար որ նաե՛ւ զտարիւն հայրենասէր ու ազգանուէր Հա՛յ է։ Հա՛յ՝ որ պիտի դառնար համաշխարհային բեմերէն հնչող Հայութեան ձայնը։ Հա՛յ՝, որուն Ֆրանսայի եւ Հայաստանի ղեկավարներու մասնակցութեամբ Փարիզի Հաշմանդամներու Տան (Hotel des Invalides) յուղարկաւորութեան մեծաշուք արարողակարգը պիտի դառնար իր կրկնակ ինքնութեան մատուցուած պատիւ մը։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Գրութիւնը որ պիտի հրատարակուի յաջորդ թիւով՝ Շառլ Ազնաւուրի տաղանդի մասին բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանի ուղղիղ 50 տարի առաջ, 1968-ին, կատարած մարգարէաշունչ վկայութիւնն է։ Ան նախաբանն է Ազնաւուրի մինչ այդ թուականը ծանօթ երգ-բանաստեղծութիւններու կամ բանաստեղծութիւն-երգերու հայերէն թարգմանութեան՝ զոր կատարած է բանաստեղծը եւ հրատարակած «ՍԷՐ ՍՐՏԻ ՉԱՓՈՎ» (L’amour a fleur de Coeur) խորագրեալ գրքոյկով մը, որուն խորագրին յաջորդող էջին վրայ տպագրուած է Ազնաւուրին հետեւեալ երկտողը .-

«Ֆրանսերէն լեզուով գրող մի հայի համար ի՜նչ երջանկութիւն է իմանալ որ իր երգերը թարգմանվել են իր նախնյաց լեզուով։ Նամանավանդ, ի՜նչ հպարտություն»։