Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր 2015, թիւ 103/104 – Massis Magazine

Չարաբաստիկ օրեր
Սոսկալի իրադարձութիւններն ու սարսափելի դէպքերը որոնք կ՛արձանագրուին համարեա ամէն օր աշխարհի գրեթէ բոլոր կողմերը՝ հետզհետէ աւելի կը շեղեցնեն մարդը իր գոյութեան իմաստէն ու նպատակէն։ Բազմաբնոյթ արգելքներ կը շղթայակապեն մարդ արարածը, զինք մատնելով անորոշ եւ անկարող վիճակի։ Բնական է որ ամէն ժողովուրդ, ամէն ազգ, պայքար մղէ ի խնդիր իրեն հայող հարցերու բարւոք լուծումին, որպէսզի կարենայ արժանավայելօրէն գոյատեւել. այսօր սակայն կը գտնուինք այնպիսի հիմնախնդիրներու ու խոչընդոտներու առջեւ, որոնք համայն մարդկութիւնը կը համախմբեն մռայլ ու տարտամ փապուղիներու մէջ։

Այս յաճախ մահասփիւռ հարցերուն յաջորդականութեան առաջին դիրքը կը գրաւէ միտքերու ապականացումը։ Կը բաւէ ակնարկ մը ուղղել մեր շուրջ անցուդարձող եղելութիւններուն որպէսզի անդրադառնանք այսօրուան մարդը շրջապատող ապականած վիճակին։ Ամենուրեք պատերազմ, մարդասպանութիւն, արիւնախանձ հասարակութիւններ, անբարոյ կենցաղ, անպատասխանատու կեցուածքներ։ Լիբանանը որ անցեալին Արեւելքի Զուիցերիան կը նկատուէր, այսօր դարձած է աղբերու լեռնաշղթայ մը։ Կենսոլորտային մտահոգիչ եւ անընդունելի վիճակ մը ստեղծելէ ետք, զարմանքով հարց կու տանք թէ այս բոլորին պատճառը ինչ բանի մէջ կը կայանայ։ Վիճակը կը ստեղծենք եւ կը զարմանանք։ Թերեւս մարդուն մտքին ու սրտին ապականացումը հիմնական պատճառն է այս վատառողջ իրավիճակին։ Պետական իշխանութիւնները կը յաւակնին ըլլալ հասարակութեան կամ գէթ իրենց քաղաքացիներուն առաջնորդող միտքը, եւ ասիկա կը պարտադրեն «ժողովրդավարութեան» անուան տակ։ Կը յաւակնին իրենց մտածումը ներկայացնել իբրեւ ամէնէն ճիշդը եւ ուղիղը։ Միւս կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցները, եւ հիմնականը՝ համացանցը, կը ծառայեն միացեալ միտք ու մտածելակերպ ստեղծելու, եւ այս պատճառաւ այսօրուան մարդը դժուարութեան առջեւ կը գտնուի ինքնուրոյն որոշում կամ կարծիք տալու։ Համոզուած է թէ այն ինչ որ կը լսէ` այդ է իրեն համար ճշմարիտը ու լաւագոյնը։ Արդեօք հեռատեսիլէն սփռուող դաստիարակչական յայտագիրները որքանո՞վ կը համապատասխանեն իրապէ՛ս առողջ դաստիարակչութեան պահանջներուն։ Կամ համացանցին վրայ գոյութիւն ունի՞ այնպիսի հակակշիռ մը որ մաղէ անցընէ անոր միջոցաւ սփռուող կարծիքները։ Ամէն կարծիք որ կը տրուի որդեգրուելի՞ք է։ Ինչպէ՞ս զատորոշել առողջն ու վատառողջը։ Այս հարցադրումներէն կը յառաջանան նաեւ այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերին կրօնական ազատութեան, հանդիպման մշակոյթին, բարոյական խնդիրներուն։ Որպէս եկեղեցականներ, երբ հրաւիրենք հաւատացեալները խոստովանանքի, անոնք յաճախ կ՛ըսեն. «Ի՞նչ ըրած եմ որպէսզի խոստովանիմ»։ Ճիշդ է․ մարդը այլեւս կարող չէ բարին չարէն զանազանել, կամ ճիշդը՝ սխալէն։ Իրեն համար ամէն բան արտօնուած կը նկատէ, եւ ոչ մէկ բան սահման ունի։

Հիմնախնդիրներուն երկրորդ տեղը կը գրաւէ ապագայի անապահովութիւնն ու անորոշութիւնը։ Երբ միտքերն ու սրտերը կ՛ապականին, մարդ ինքնաբերաբար ինքզինք կը գտնէ անապահով վիճակի մէջ։ Ինքնութեան անապահովութիւն, ապրուստի անապահովութիւն, ներկայի եւ ապագայի անապահովութիւն։ Պահ մը հարց կու տայ ինքնիրեն. «ո՞վ եմ ես եւ ինչո՞ւ գոյութիւն ունիմ»։ Մեր ներկան կ՛ապրինք մէկ կողմէն անցեալի փառքերուն վրայ հիմնուելով, իսկ միւս կողմէն ներկայի իրավիճակէն փախչելով։ Որով, կը նշանակէ թէ ապագայ մը չի կերտուիր։ Միջին Արեւելքի ժողովուրդը կը գաղթէ ոչ թէ ապագայ կերտելու համար այլուր, այլ՝ վախի ու սարսափի ազդեցութեան տակ փախուստ տալու մահէն։ Այսօրուան մարդը չի փորձեր ապագան նախատեսել, որովհետեւ կարող չէ։ Քաղաքական ու տնտեսական երեւոյթները անորոշութեան կը մատնեն զինք, եւ յուսախաբ կը թողուն ապագայի տեսլականով։

Իսկ երրորդ հարցականը որ այսօր մեր ուշադրութեան կը յանձնուի՝ այն մարտահրաւէրներն են որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր ընտանիքը։ Ամուսնութիւն, ապահարզան, միասեռականութիւն, վերամուսնութիւն, գաղթականութիւն, աղքատութիւն, դաստիարակութիւն, ծնողական պատասխանատուութիւն. խնդիրներ որոնք հետզհետէ կը բարդանան փոխանակ լուծումի հասնելու։ Անհրաժեշտ նկատելով սահմանել այսօրուան ընտանիքին կոչումն ու առաքելութիւնը, Կաթողիկէ Եկեղեցին յարմար տեսաւ Սիւնհոդոս մը կատարել ընտանիքին մասին, որուն առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան հոկտեմբեր ամսոյն, որպէս խորագիր ունենալով. «Ընտանիքին հովուական մարտահրաւէրները աւետարանացման ծիրէն ներս», իսկ երկրորդ բաժինը տեղի կ՛ունենայ այս տարի դարձեալ հոկտեմբեր ամսոյն, որպէս խորագիր ունենալով. «Յիսուս Քրիստոս կը յայտնէ խորհուրդը եւ կոչումը Ընտանիքին»։ Ազգի մը գոյատեւման անհրաժեշտ պայմանն է ընտանիքին գոյութիւնը, ինչպէս որ ազգ մը քանդելու ամենահեշտ միջոցն է ընտանիքներու քայքայումը։ Այսօր հայ քրիստոնեայ ընտանիքը հետզհետէ սկսած է կորսնցնել իմաստը իր ինքնութեան, գոյութեան եւ առաքելութեան։ Անցեալին ցեղասպանը ջարդելով ուզեց մեզ բնաջնջել, այսօր ան կարիքը չունի անգամ մը եւս որպէս ջարդասպան ներկայանալու աշխարհին, ան աւելի դիւրին միջոց մը կ՛օգտագործէ․ հայ քրիստոնեայ ընտանիքներուն մէջ ներմուծել իր քայքայիչ մշակոյթը։ Թուրքը ամէն տուն մտաւ հեռատեսիլի միջոցաւ. մեզի հրամցուց իր տեսաերիզները, իր խոհանոցը, իր երգն ու երաժշտութիւնը, իր սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնը։ Եւ մենք անուղղակիօրէն, եւ առանց անդրադառնալու քօղարկուած չարիքին` կը հետեւինք արդէն մեր լսածին եւ տեսածին։

Միտքի ու սրտի ապականացում, անապահով ու անորոշ ապագայ, ընտանեկան մարտահրաւէրներ, ահաւասիկ երեք ահաբեկող ու մահազանգային խնդիրներ որոնք այսօր մարդկութեան դուռը կը բախեն։ Որպէս «Մարդ», պահ մը կանգ կ՛առնեմ, եւ հարց կու տամ թէ ո՞ւր եմ ես այս բոլորին մէջ եւ ի՞նչ ունիմ ընելիք։

Ս.Կ.

Ընտրութիւն երկու Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը որ կայացաւ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ 2015 սեպտեմբերի 1-10` ընտրեց երկու նոր եպիսկոպոսներ` յանձին գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանի, որ պիտի ստանձնէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոսի պաշտօնը, եւ գերապատիւ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի որ պիտի ստանձնէ Թեհրանի թեմի եպիսկոպոսի պաշտօնը:

Ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, երկու նորընտիր եպիսկոպոսներուն ձեռնադրութիւնը եւ օծումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2015-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

«ՄԱՍԻՍ» որդիաբար կ’ողջունէ երկու եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը, կը շնորհաւորէ զանոնք եւ արդիւնաշատ առաքելութիւն կը մաղթէ անոնց:

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՕԾՈՒԵՑԱՒ ԿԻՒՄՐԻԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՏԱՃԱՐԸ
Հինգշաբթի, 2015 սեպտեմբերի 24-ին տեղի ունեցաւ Կիւմրիի «Սրբոց Նահատակաց» առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ օծումը՝ նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի (Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովի նախագահ) եւ համանախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս 20-րդի: Օծման արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի պապական նուիրակ Մարեկ արքեպիսկոպոս Սոլչինսկին, հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ՝ Արհի. Տ. Նշան արքեպս. Գարաքեհէեանը, Արհի. Տ. Լեւոն արքեպս. Զեքիեանը, Արհի. Գէորգ արքեպս. Խազումեանը, Արհի. Տ. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանը, Արհի. Տ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, Արհի. Տ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը, Արհի. Տ. Մանուէլ եպս. Պաթագեանը, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ ծառայող հայ կաթողիկէ վարդապետները, քահանաները, սարկաւագները:

Օծման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի ներկայացուցիչ բարձրաստիճան հոգեւորականներ՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Գերշն. Տ. Միքայէլ եպս. Աջապահեանը, Գերշն. Տ. Տաթեւ արքեպս. Սարգիսեանը, Գերշն. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեանը, Հայր Շահէ վրդ. Անանեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշն. Տ. Շահան արքեպս. Սարգիսեանը, Կովկասի լատինածէս կաթողիկէներու առաջնորդ Ճիուզեփփէ եպիսկոպոս Պազոտտոն, այլ լատին կաթողիկէ հոգեւորականներ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւներ, ՀՀ Սփյուռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Հայաստանի մէջ լիազօրագրուած օտար երկիրներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններ, միջազգային բարեգործական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ շինարարութեան բարերարները, Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը, Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը, հայ կաթողիկէ համայնքներու ղեկավարներ՝ իրենց համայնականներուն հետ միասին, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրեր, Գթութեան միսիոներ քոյրեր, այլ հասարակական ու մշակութային գործիչներ, Հայաստանի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ ապաստանած սուրիահայեր:

Հայաստանի եւ Վրաստանի կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններէն եկած հաւատացեալները արարողութեան կը հետեւէին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած պաստառներուն միջոցաւ։

Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը սկսաւ հանդիսաւոր թափօրով։ Եկեղեցւոյ աւագ դրան մօտ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ Վսեմաշուք Կարդինալը օրհնեցին եկեղեցական սպասքը, ապա Սուրբ Խաչի մասունքը վերցնելով՝ ուղղուեցան դէպի Սբ. Խորան: Սբ. Խաչի մասունքը սեղանին դնելէ ետք, քահանաները ջուրով եւ գինիով լուացին Սբ. Խորանին սեղանը, ապա Հայրապետը վերցուց Սրբալոյս Միւռոնը եւ օծեց սեղանին չորս կողմերը փորագրուած խաչերը: Սուրբ Խորանի սեղանի օծումէն ետք, նախ Վսեմաշուք Կարդինալը, ապա պապական նուիրակը եւ յետոյ հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերը հերթով օծեցին եկեղեցւոյ պատերուն վրայ փորագրուած 17 խաչերը՝ սկսելով արեւելեան կողմէն: Եկեղեցւոյ չորս կողմերը օծելէ յետոյ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը երեք անգամ օրհնեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:

Պապական նուիրակ Մարեկ արքեպիսկոպոս Սոլչինսկին ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անունով Հռոմի Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ուղարկած նամակը այս սրբազան արարողութեան մասնակիցներուն: Նամակին մէջ ըսուած է հետեւեալը․-

«Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու սիրալիր մասնակցութիւնը կ՛արտայայտէ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ միանալով հասարակաց ուրախութեան: Սրբազան Քահանայապետը խոր գոհունակութիւնը կ՛արտայայտէ այս նախախնամական արարողութեան համար, որ կը պսակէ ջանքերը բոլոր անոնց, որոնք տարբեր կերպերով մասնակցած են այդ գործին: Ան կը ցանկայ, որ այս հրաշագեղ իրադարձութիւնը սատարէ թեմի վերանորոգ հոգեւոր աշխուժութեան՝ առաջնորդուած արհի. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանին կողմէ, միշտ աւելի հաւատարիմ կապուածութեամբ Տէր Յիսուսին, վեհանձն առաքելական ճիգերով, եղբայրական սիրոյ ճշմարիտ վկայութեամբ, հետեւելով օրինակին սուրբ մարտիրոսներու, որոնց նուիրուած է այս մայր տաճարը եւ որոնք իրենց սիրոյ վկայութիւնը տուած են Քրիստոսի հանդէպ՝ մինչեւ ցհեղումն արեան: Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկայ կրօնական եւ քաղաքական իշխանութիւնները, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրները եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համայն հաւատացեալները, կը հայցէ Աստուածամայր Սուրբ Կոյս Մարիամի հզօր պաշտպանութիւնը, լիառատ շնորհներ, երկնային մխիթարութիւններ եւ սրբազան արարողութեան մասնակիցներուն կու տայ իր հայրապետական, առաքելական օրհնութիւնը:

Ծիրանաւոր Փիեթրօ Փարոլին, Նորին Սրբութեան պետական քարտուղար»:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ի հետեւեալ ուղերձը ընթերցեց Գերշն. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեանը.

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից ողջունում ենք ձեզ եւ յղում մեր հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները: Այսօր ուրախակից ենք Կիւմրիի հայ կաթողիկէ համայնքին, որ հոգեւոր մխիթարութեան օրեր է ապրում՝ իր նորակառոյց եկեղեցու օծման նուիրական առիթով: Եկեղեցին կոչուեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի՝ ի պատիւ քրիստոնէութեան պատմութեան ընթացքում նահատակուած վկաների, ովքեր չարի փորձութիւնների ու դժուարութիւնների մէջ անսասան պահեցին հաւատքը եւ իրենց կեանքը չխնայեցին Տէր Յիսուս Քրիստոսին: Քրիստոսի փոքր հօտը՝ հայ ժողովուրդը, որը Տիրոջ փրկութեան շնորհին հաղորդ դարձաւ Սբ. Թադէոս եւ Սբ. Բարդուղիմէոս առաքեալների քարոզութեամբ եւ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու հովուական նախանձախնդիր սպասաւորութեան շնորհիւ, քաջ գիտի գինը նահատակութեան:

Ահաւասիկ, այս տարի մենք ոգեկոչում ենք 100-րդ տարելիցը Հայոց Ցեղասպանութեան՝ խոնարհում բերելով Օսմանեան Թուրքիայում իրականացուած անասելի եղեռնագործութեան մեր անմեղ զոհերի յիշատակի առջեւ, ովքեր հաւատքի նահատակներ դարձան՝ իրենց կեանքը զոհաբերելով հաւատքի եւ Քրիստոսի սիրոյ համար, եւ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու կողմից կարգուելով սրբոց դասում՝ որպէս խաղաղութեան, արդարութեան եւ մարդասիրութեան բարեխօսներ:

Մխիթարութիւն է ազգիս զաւակների համար, որ ի Քրիստոս եղբայրութեան ոգով մեր եկեղեցու կողքին ցեղասպանութեան անմեղ նահատակների համար աղօթեցին եւ էկումենիկ արարողութիւններ կազմակերպեցին քոյր եկեղեցիները, նաեւ՝ Կաթոլիկ Եկեղեցին՝ գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապի, ով Սուրբ Պատարագ մատուցեց Սբ. Պետրոսի տաճարում եւ աշխարհին ուղղուած ազդու կոչով դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը՝ իր զօրակցութիւնը բերելով Հայաստանեայց Եկեղեցուն եւ հայ ժողովրդին:

Ցաւալի է, որ այսօր էլ շարունակւում են հալածանքները քրիստոնեաների հանդէպ, հազարաւոր անմեղներ զոհ են դառնում ահաբեկչութիւններին: Աւերւում եւ ոչնչացւում են քրիստոնէական սրբավայրերը: Ազգի դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, փորձութիւնները նոր հրաւէր են Քրիստոսի Եկեղեցու համար՝ զօրացնելու միասնութիւնը ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաների միջեւ…

Մեզ համար գոհունակութիւն է, որ յատկապէս վերջին տասնամեակներին խորանում են յարաբերութիւնները Հայ Առաքելական եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիների միջեւ՝ երբեմնի դաւանաբանական վէճերին եւ փոխադարձ մեղադրանքների երկար ընթացքին այսօր փոխարինելու են գալիս առաւելաբար գործակցութեան գաղափարները… Երիցս փառք ենք տալիս Բարձրեալն Աստծուն, որ Աւետարանական ոգին դրսեւորուած ենք տեսնում մեր երկու՝ հայ եւ կաթոլիկ, ինչպէս նաեւ միւս Եկեղեցիների յարաբերութիւնների մէջ։

Աղօթում ենք Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցու անսասանութեան եւ յաւերժ պայծառութեան համար: Մեր եղբայրական սիրոյ ողջոյնն ենք յղում մեր հոգեւոր եղբօրը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին: Թող Տէրը օգնական եւ ապաւէն լինի Սրբազան Քահանայապետին՝ հովուապետական իր առաքելութեան մէջ, որպէսզի առաւել պայծառանայ Կաթոլիկ Եկեղեցին եւ շարունակի ծառայել քրիստոնէական հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքների ամրապնդման եւ ժողովուրդների կեանքում խաղաղութեան եւ համերաշխութեան հաստատման համար: Տիրոջ խնամքն ենք հայցում մեր երկրի եւ հաւատաւոր մեր ժողովրդի համար եւ զօրակցութիւնը՝ հայրենի իշխանութիւններին ի գլուխ ՀՀ նախագահ Տեար Սերժ Սարգսեանի: Սրբոց Նահատակաց եկեղեցու օծման առիթով մեր բարեմաղթանքներն ենք յղում կարդինալ Սանտրիին, Հոգեւոր Տէր Գրիգոր Պետրոս 20-րդ Պատրիարքին, բարձրապատիւ Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանին եւ հայ կաթողիկէ համայնքին՝ հայցելով Բարձրեալն Աստծոյ շնորհներն ու օրհնութիւնները: Հայրապետական մեր օրհնութիւնն ենք յղում Տ. Միքայէլ եպս. Աջապահեանին եւ Շիրակ աշխարհի հաւատաւոր բոլոր մեր զաւակներին…»:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը

Ամեն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը առանձին-առանձին նշելով բոլոր ներկայ բարձրաստիճան հիւրերուն անունները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք աջակցած են եկեղեցւոյ կառուցումին, ըսաւ.

«…Այսքան գեղեցիկ խօսքեր լսելէ յետոյ… հակիրճ պիտի յայտնեմ երախտագիտութիւնս Աստուծոյ, որ կարելի դարձուց շինութիւնը այս տաճարին: Այս տաճարը, որ նուիրագործեցինք, քարեր են: Մենք չե՛նք պաշտեր քարերը, որքան ալ արիւն, արցունք, աշխատանք պահանջած ըլլան: Մենք կը պաշտենք ներկայութիւնը Աստուծոյ այս տաճարին մէջ: Խաչերը խորհրդանիշն են Աստուծոյ ներկայութեան, մարդացեալ Քրիստոսի ներկայութեան: Այս տունը Աստուծոյ տունն է, բայց բոլորիս տունն է: Մենք, որ Աստուծոյ զաւակներն ենք, Աստուծոյ տաճարներն ենք դարձած Սուրբ հոգիին զեղումով, Սուրբ Մկրտութեամբ: Եւ այս մեր ներկայութիւնը այս տաճարին մէջ եւ տաճարին շուրջ, խորհրդանիշն է Աստուծոյ սիրոյն՝ համայն մարդկութեան հանդէպ: Մենք Քրիստոսի վկաներն ենք: 301 թուականէն սկսեալ, մենք Քրիստոսը ճանչցանք, սիրեցինք, որովհետեւ Ի՛նքը մեզ սիրեց եւ Ինքն Իրեն մեզ նուիրեց: Մեր սէրը փոխադարձ հաւատարմութիւնն է Իրեն: Մենք կը պաշտենք Քրիստոսը, ոչ թէ՝ քարերը, Քրիստոսին հաւատարիմ գտնուեցան մեր միլիոնաւոր վկաները պատմութեան ընթացքին: Այսօր այս սուրբ տաճարին մէջ՝ նուիրուած միլիոնաւոր մեր նահատակաց, անոնց միջնորդութիւնը կը խնդրենք՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որպէսզի մեր ժառանգած հաւատքը միշտ աւելի զօրաւոր ըլլայ եւ քաջութիւնը ունենանք աշխարհի աչքին առջեւ ապրելու, խոստովանելու քրիստոսաւանդ հաւատքը: Այս եկեղեցին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Աստուծոյ զաւակներուն, ձե՛ր՝ եղբայրներ եւ քոյրեր, որ ամէն կիրակի հաւաքուիք՝ աղօթելու միաբերան: Երախտագիտութիւն պիտի յայտնէք Աստուծոյ, որ արժանի դարձուց հայութիւնը, որ Զինք ճանչցող եւ սիրող առաջինը ըլլայ եւ աշխարհի չորս կողմերուն վկայէ, թէ հայ ժողովուրդը յարութիւն առած է Քրիստոսի հետ, կ՛ապրի եւ պիտի ապրի Աստուծոյ շնորհքով: Եկեղեցին դու՛ք էք, սիրելի հաւատացեալներ:

Դուք կ՛աղօթէք «Հայր մեր», ոչ թէ՝ «Հայր իմ»: Եղբայրաբար մեր աղօթքը բարձրացնենք մեր Հօրը, որ յաւիտենութենէն ի վեր մեզ սիրած է, գոյութեան կոչած է եւ կը հսկէ մեր վրան: Մենք մեր խաչն առած Անոր ետեւէն կը քալենք…

Աղօթեցէ՛ք Տիրոջը՝ ըսելով, շնորհակալ ենք, որ մեր վրայ կը հսկես, չես ձգեր որ թշնամիներդ, որ մեր թշնամիներն են, մեզ ոչնչացնեն: Յիշենք Յիսուսի խօսքերը՝ ուղղուած Պետրոսին՝. ես քեզի համար աղօթեցի, որ սատանան քեզ չճզմէ: Երբ որ Քրիստոս մեզ հետ է, ո՞վ կրնայ մեզի դէմ կենալ: Ո՛չ մահը, ո՛չ մեղքը, ո՛վ որ ալ ըլլայ…: Հետեւինք Քրիստոսին եւ ըսենք. մի՛ ձգեր, որ քեզմէ հեռանանք: Փա՛ռք Քեզ, Տէր, յաղագս ամենայնի, փա՛ռք քեզ»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Գերշն. Տ. Շահան արքեպս. Սարգիսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ․

«Սրբոց Նահատակաց կաթողիկէ հայոց եկեղեցւոյ հաստատումը եւ օծումը հայրենի հողի վրայ՝ մեր ժողովուրդի ամբողջականութեան եւ միութեան գեղեցիկ մէկ արտայայտութիւնն է, Քրիստոնէական եկեղեցիներուն միջեւ միութեան եւ սիրոյ անխառն կապը։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը անսասան կը պահէ մեր հայոց աշխարհը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ սփիւռքի ողջ ժողովուրդը: Կը հաւատանք քրիստոնէական միջեկեղեցական յարաբերութիւններու անխառն միութեան կապին, որուն մէկ արտայայտութիւնն է այսօր Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ներկայութիւնը, որ նաեւ մեր ժողովուրդի միութեան ցուցանիշն է…: Սրբադասուած մեր նահատակներով միասնաբար կը շարունակենք մեր պահանջատիրական երթը՝ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու եւ քրիստոնէական հաւատքի հաստատման համար: Հայաստանի մէջ եկեղեցի հիմնելը վերանորոգութիւնն է մեր հաւատքին…: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին, կ՛ողջունենք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, սիրոյ մեր ողջոյնները կ՛ուղարկենք Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին եւ կը փոխանցենք մեր սիրոյ զգացումները Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին…»:

Ամեն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը անդրանիկ Սբ. Պատարագը մատուցանեց Կիւմրիի նորօծ Սրբոց Նահատակաց Մայր Տաճարին մէջ
Սեպտեմբերի 24-ին, Հինգշաբթի, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման արարողութենէն ժամեր անց՝ ժամը 17:00-ին, Ամեն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Սբ. Պատարագ մատուցանեց նոյն տաճարին մէջ: Սբ. Պատարագին ներկա էին Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ պապական նուիրակ Մարեկ արքեպիսկոպոս Սոլչինսկին: Հոգեւոր Տիրոջ առընթերականերն էին արհի. Տ. Գրիգոր եպս. Գուսան եւ արհի. Տ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, սարկաւագի ծառայութիւնը կը կատարէր Կիւմրիի ժողովրդապետ գերպ. Հ. Պետրոս վրդ. Եսայեանը: Ներկայ էին հայ կաթողիկէ վարդապետներն ու քահանաները՝ արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանի գլխաւորութեամբ:

Մայր տաճարին մէջ համախմբուած հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը լսեց Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրիի խօսքը՝ թարգմանութեամբ գերյ. Մեսրոպ թ.ծ.վ. Սիւլահեանի.

«Մեծ հաճոյքով վերադարձած եմ Հայաստան, ուրախ եմ, որ ճամբորդութեանս առաջին հանգրուանը այս հրաշալի Մայր Տաճարի օծումն է, որուն հիմնադրութեան ականատես եղայ՝ որպէս Նախագահ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի, 2012-ին: Այսպիսով, ասիկա կը հանդիսանայ Մայր Եկեղեցի՝ ամբողջ թեմի՝ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու, իրականութիւն մը, որ Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը կ՛ուզէր կառուցանել 1991-ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ:

Վերանորոգ վստահութեան եւ յոյսի նշաններէն մէկն է կրօնական եւ եկեղեցական պաշտամունքի ամբողջական ազատութիւնը վերստանալը, ինչպէս նաեւ՝ յարատեւ նշան՝ աւելի խոր մտերմութեան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրներուն հետ, սկսեալ այն պահէն, երբ Երջանկայիշատակ Վազգէն Վեհափառը ընդունեց Մխիթարեան կրօնաւորները, Երանելի Պօղոս Զ․ի քահանայապետութեան ընթացքին, որպէսզի Հայաստանի կաթողիկէ հասարակութեան խնամքը ստանձնեն:

Աստուծմէ շնորհ կը խնդրենք՝ կարողանալու շարունակել ամէն օր՝ ուրախութեան, յոյսի եւ ի Քրիստոս հարազատ եղբայրութեան ճանապարհով, ինչպէս կանխանշած էր Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ․ը իր 2001-ին Հայաստան այցելութեան ժամանակ եւ ինչպէս կը ցանկայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը՝ ըստ հայ ազգի զաւակներուն հանդէպ իր սիրոյ, որ բազմիցս ցոյց տուած է իր քահանայապետութեան ընթացքին: Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ցանկացած էր, որ որպէս նուէր բերեմ սկիհ մը, ինչպէս նաեւ՝ իր սրտի պատգամը, որ պիտի ընթերցուի եւ որով կ՛ուղարկէ իր օրհնութիւնները:

Սրտանց շնորհակալ եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեան համար, որուն համար կ՛աղօթենք, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդ հանրապետութեան համար, որ դիմագրաւած է եւ կը շարունակէ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները: Ի մասնաւորի, կ՛ուզէի Սուրբ Աթոռի շնորհակալութիւնները յայտնել Հայաստանի իշխանություններուն, որ Հայաստանի մէջ ապաստան կու տան սուրիացիներուն:

Այն եպիսկոպոսներուն, որոնք ներկայացուցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Կաթողիկոսը, կը խնդրեմ խաղաղութեան ողջոյն ուղարկել Վեհափառին՝ որպէս երախտագիտութիւն իր մաղթանքներուն եւ բարեացակամութեան համար: Կը վստահեցնենք ձեզ, որ մեր հասարակութիւնը կը միանայ Սուրբ Հոգիի կոչման, որպէսզի իջնէ եւ սրբագործէ միւռոնը առաջիկայ կիրակի օրը տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան ժամանակ:

Այն ցաւալի դեպքերէն յետոյ, որ բաժին ինկաւ հայ, սուրիացի եւ քաղդէացի ժողովուրդներուն դար մը առաջ, հայ հեղինակ մը գրած է այս բաւական խորքային խօսքերը.

«Ամենուրեք շնչում եմ Կենդանի Աստուծոյ շունչը,

Ամէն տեղ լսում եմ Իր կոչը, որ չի կորում,

Իր ձայնը, որ հնչում է,

Տիեզերքի խոր ներդաշնակութիւնն է եւ

Մրմունջը, որ ազնուացնում է եւ բարձրացնում հոգիս ու դարձնում պատրաստ՝ լսելու»:

Յովհաննէս Թումանեան, Ռեքվիեմ:

Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը շատ յատկանշական է: Այս իրականութիւնը Աստուծոյ կողմէ Իր Ներկայութեան նշանն է: Այն, որ ստեղծուած է, կը դառնայ նշան եւ կոչ այն բանի, որ անստեղծ է: Այս ձեւով բոլոր անոնք, որոնք կը հաւաքուին Աստուծոյ տաճարին մէջ, իրենց հերթին կը դառնան Աստուծոյ տաճար՝ սուրբ եւ հաճոյ Աստուծոյ: Եկեղեցին՝ որպէս կառոյց, աստուածայայտնութիւնն է քարաշէն կենդանի Եկեղեցւոյ:

Ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ կենդանի քարեր.

Կը նշանակէ յատկապէս ամուր կառչած մնալ նրան, Որ Է Անկիւնաքարը, Քրիստոս՝ Խաչեալ եւ Յարուցեալ:

Ասիկա մեզի կու տայ ժայռի զօրութեան եւ դիմացկունութեան կայունութիւնը: Կենդանի ենք, որովհետեւ կ՛ապրինք Հոգիին մէջ Իր նոյն կեանքը, մկրտութենէն սկսեալ եղած ենք արգանդը Աստուծոյ Որդիի կեանքի վերածնութեան: Կը սիրենք այնպէս, ինչպէս Քրիստոս սիրեց, կը նուիրենք մենք զմեզ, ոչինչ մեզի կը պահենք, կը փափաքինք Աստուծոյ ներկայութեան մշտական գալուստը մեր մէջ եւ կը համագործակցինք մեր կեանքով՝ սպասելով Տիրոջ ամբողջական յայտնութեան:

Հայկական աւանդութիւնը պահպանած է խաչքարը՝ որպէս ճշմարիտ սրբապատկերներ հոգեղէնութեան…

Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ կարողացած է իր հաւատքի գանձը պահպանել, նոյնիսկ անաստուածութեան իշխանութեան ժամանակ, երբ կ՛ուզէին հաւատքը փոխարինել պետութեամբ, սակայն Աստուծոյ Աւետարանը կենդանի մնաց, իսկ միւս բոլորը փուլ եկան…»:

Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Հայերն Այսօր ելեկտրոնային պարբերականը, Սեպտեմբերի 23-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանի: Ասիկա նորընտիր Պատրիարքին առաջին այցելութիւնն էր Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր շնորհաւորութիւնները յայտնած է Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին ընտրութեան ու գահակալութեան առիթով` մաղթելով անոր արգասաւոր ծառայութիւն:

Իր խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանեայց Առաքելական եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերելք արձանագրած են եւ յատկանշուած են սերտ համագործակցութեամբ:

Այս կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետը գոհունակութեամբ յիշած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ ապրիլի 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած սրբազան Պատարագի արարողութիւնը եւ Պապին կողմէ հնչեցուած ուղերձը` միտուած աշխարհի մէջ նորանոր ոճիրներու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլմանը: Նորին Սրբութիւնը հաստատած է, որ համաշխարհային զարգացումներու արդի պայմաններուն մէջ Եկեղեցիները արդարութեան ճանապարհ կրնան հարթել միմիայն համատեղ ջանքերով, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ աղօթքով:

Իր հերթին, Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին իր ընտրութեան առիթով յղած շնորհաւորական ուղերձին եւ մաղթանքներուն համար: Զրոյցի ընթացքին Գրիգոր Պետրոս Ի․ Պատրիարքը նշած է, որ պիտի ջանայ ուժերուն ներած չափով իր հոգեւոր փորձառութիւնը ծառայեցնել ի շահ իր հօտին, ինչպէս նաեւ զօրացնել յարաբերութիւնները Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ:

Հանդիպման ներկայ եղած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Հովհաննիսեանը, Մայր Աթոռի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը եւ Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Շահէ վարդապետ Անանեանը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԷՄԻԼԻ ԱՐԵԳԱԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԵԴՐՈՆ
Հինգշաբթի, Սեպտեմբերի 24-ին, Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, հիւրերը՝ Հայկական Կարիտասի նախագահ արհի․Ռաֆայէլ արք․ Մինասեանի հրաւէրով այցելեցին Էմիլի Արեգակ բազմակի հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու ցերեկային խնամքի արդիակառոյց կեդրոն, ուր աղ ու հացով դիմաւորուեցան կեդրոնի տնօրէն Տիգրանուհի Յակոբեանին, կառուցապատման համակարգող՝ Աւստրիոյ Կարիտասէն Բերնդ Ֆիշերի եւ կեդրոնի սաներուն կողմէ։ Կեդրոնի մուտքին, կարմիր ժապաւէնը կտրեցին Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանդրի, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանը եւ Բերնդ Ֆիշերը:

Կեդրոնին մէջ շրջայց կատարելէ ետք, հիւրերը ներկայ գտնուեցան կեդրոնի մասնագէտներու աշխատանքային ընթացքին եւ կեդրոնի սաներու երաժշտական ներկայացման: Այնուհետեւ հիւրերուն ի պատիւ տրուեցաւ ճաշ: Ճաշկերոյթի ընթացքին հիւրերը դիտեցին Էմիլի Արեգակ կեդրոնի երեխաներու մասին պատմող Happy Aregak ֆիլմը:

Այս առթիւ, արհի. Ռաֆայէլ արք․ Մինասեան երախտագիտութեան յուշամետալներով պարգեւատրեց Caritas Austria-ն, Renovabis եւ Oevre d’Orient կազմակերպութիւնները Տիրամայր Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ Էմիլի Արեգայ կեդրոնի շինարարութեան իրենց աջակցութեան համար: Հայկական Կարիտասի տնօրէն` Գագիկ Թարասեան իր կարգին յուշանուէրներ յանձնեց կեդրոնի կառուցումին աջակցող բարերարներուն եւ կազմակերպութիւններուն:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն
Սեպտեմբերի 22-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նորընտիր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարը, որ Հայաստան կը գտնուէր ՀՀ նախագահի հրաւէրով՝ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք․ Մինասեանին ընկերակցութեամբ այցելեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն: Սեպտեմբերի 24-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կատարեց Կիւմրիի կաթողիկէ Հայոց Տիրամայր Նահատակաց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ օծումը։

Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը՝ նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորեց զինք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութեան առթիւ եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ ան նոր կարգավիճակով կ՛այցելէ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Նախարարը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկացուց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ եւ դրուատանքով խօսեցաւ առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանի նուիրեալ աշխատանքի մասին: Նախարարը երախտագիտութեամբ խօսեցաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդներու ունեցած անգնահատելի դերի մասին՝ յատկապէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ արտասանած ճառի մասին, որ կրնայ շրջադարձային ըլլալ Հայոց ցեղասպանության ճանաչման գործընթացին համար:

Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ըսաւ, որ մեծապէս կը գնահատէ հայապահպանութեան ի նպաստ իրականացուող Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը եւ պատրաստ է շարունակելու գործակցութիւնը անհրաժեշտ ծրագրերու իրականացման համար:

Զրոյցի աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին նուիրեց հայ մանրանկարչութեան կրկնօրինակ մը ի յիշատակ Սփիւռքի նախարարութիւն կատարած անոր այցելութեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը կը յարգէ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի յիշատակը
2015 սեպտեմբերի 26-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստը, զոր վարեց յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Այս մասին հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ նիստը գումարուած է ընդլայնուած կազմով եւ պետական յանձնաժողովի անդամներէն բացի, ներկայ եղած են տարածաշրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, փոր֊֊ձագէտներ, մասնագէտներ: Նիստին սկիզբը, Նախագահը տեղեկացուցած է ներկաներուն, որ ի կատարումն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի 5-րդ նիստի որոշման՝ միջոցառումներու գլխաւոր համակարգողի գրասենեակը՝ Հայաստանի անկախու-թեան տօնին հետեւող եւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան նախորդող այս խորհրդանշական շաբթուան ընթացքին կը կատարէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու ընթացքի եւ յառաջիկայ ընելիքներու քննար-կումներ, հաշուետու միջոցառումներ, ցուցահանդէսներ:

Օրակարգի հարցերու քննարկման անցնելէ առաջ, նիստին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են յանձնաժողովի անդամ, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին բացառիկ ներդրում բերած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք, երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս 19-րդի յիշատակը: Հանրապետութեան Նախագահը տեղեկացուցած է յանձնաժողովի անդամներուն, որ ի նշանաւորումն Պատրիարք Ներսէս Պետրոս 19-ի երկնային ճանապարհի, հաշուի առնելով անոր հսկայածաւալ ազգանուէր գործունէութիւնը՝ հրամանագիր ստորագրած է անոր յետ մահու Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի Շքանշանով պարգեւատրելու մասին: Շքանշանը յանձնուած է յանձնաժողովի նոր անդամ, Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս 20-րդին:

Սերժ Սարգսեան նաեւ շնորհաւորած է Գրիգոր Պետրոս 20-րդը՝ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութեան առթիւ։

Նիստի օրակարգի հարցերու շարքին յանձնաժողովը քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու ընթացքն ու յառաջիկայ ընելիքները, Սուրիոյ եւ Իրաքի հայկական համայնքներէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, լսած է՝ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» կլոպալ ֆորումի մասին զեկոյցը, քննարկած է նաեւ կազմակերպչական հարցեր:

Առաջին հարցին շուրջ կայացած ծաւալուն քննարկումները ամփոփելով՝ Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ կը նկատուի յետագայ աշխատանքի համադրման, պարբերական շփումներու մշտական հարթակ ձեւաւորելու ընդհանուր պահանջ: Նախագահի կարծիքով, ասիկա կրնայ ըլլալ օգտակար եւ արդիւնաւէտ գործընթաց: Յանձնաժողովը քննարկած եւ միաձայն որդեգրած է Համահայկական Խորհուրդ ձեւաւորելու շուրջ նախապատրաստական աշխատանք կատարելու մասին որոշումը: Ձեւաւորուած է կազմակերպչական յանձնախումբ, որուն յանձնարարուած է նախաձեռնել խորհրդատուութիւններու լայն ներառական գործընթաց մը:

Օրակարգի երկրորդ հարցի՝ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան եւ Իրաքի Հանրապետութեան հայկական համայնքներէն ներս ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ Նախագահը նշած է, որ խորապէս մտահոգուած է յատկապէս Սուրիոյ մէջ շարունակուող բախումներով եւ օրը օրին վատթարացող մարդկային իրավիճակով: Սերժ Սարգսեանը նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններու մշտական ուշադրութեան առարկան է տարածաշրջանին մէջ բնակուող հայութեան եւ մասնաւորապէս՝ սուրիահայութեան խնդիրները, որուն վկայութիւններէն է, առաջին հերթին, Հալէպի մէջ արդէն մի քանի տարիէ ի վեր գործող միակ օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւնը՝ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւ Դամասկոսի մէջ իր աշխատանքները շարունակող Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:

Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայորդիներու ժառանգորդները, Նախագահի խօսքով, կը կիսեն ժամանակին իրենց օգնութեան ձեռք մեկնած ժողովուրդներու ճակատագիրը: Անոնք կը շարունակեն մարդկային եւ նիւթական մեծ կորուստներ կրել։ Հանրապետութեան Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը իր դռները բացած է բոլորին առջեւ եւ արդէն Սուրիայէն ընդունած է շուրջ 16 հազար հայրենակից: Հայաստանի պետական բոլոր կառոյցները անխտիր ներգրաւուած են սուրիահայերու հիմնախնդիրները լուծելու եւ մեր հասարակութենէն ներս անոնց ընտելացման գործընթացը արագացնելու աշխատանքներուն մէջ:

Սերժ Սարգսեանը նշած է, որ բոլորին հաւաքական ջանքերով է, որ մեր հայրենակիցներու հարցերը վերջնական լուծումներ պէտք է ստանան: Նախագահը խորին շնորհակալութիւն յայտնած է այն բոլոր երկիրներուն, միջազգային եւ համայնքային կառոյցներուն, անհատներուն, որոնք իրենց աջակցութեան ձեռքը մեկնած են եւ կը շարունակեն աջակցիլ հայութեան այս աշխատանքներուն մէջ։

Օրակարգի երրորդ հարցին հետ կապուած զեկոյցներ ներկայացուած են ապրիլի 22-էն 23-ը Երեւանի մէջ կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» կլոպալ ֆորումի արդիւնքներուն վերաբերեալ:

Նախագահին գնահատմամբ, առաջին ֆորումը ծառայած է իր նպատակին: Այն դարձած է քաղաքական ազդակը լսելի դարձնելու, ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ միջազգային պայքարին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարումն ամրագրելու կարեւոր միջոց: Ըստ Սերժ Սարգսեանի, ֆորումը ներկայացուցչական էր թէ՛ քաղաքական դերակատարներու, թէ՛ ցեղասպանագէտներու լայն շրջանակի ներկայութեան առումով: Նախագահի համոզմամբ, ֆորումն ու անոր զուգահեռ ընթացած այլ ֆորումները բովանդակային լիցք հաղորդած են ոգեկոչման միջոցառումներուն, նշմարել յետագայ պայքարի ուղիները:

Յանձնաժողովը ընդառաջելով 2015 ապրիլի 22-23-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Կլոպալ ֆորումի մասնակիցներուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղուած կոչին՝ ազգային ու միջազգային մակարդակներու վրայ շարունակել ջանքերը` խթանելու եւ համախմբելու ցեղասպանութեան ոճիրի դէմ պայքարի միջազգային գործողութիւնները, որոշած է դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան` ապահովելու կլոպալ ֆորումի շարունակական եւ պարբերական բնոյթը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը պարգեւատրէ Արհի. Լեւոն արք. Զէքիեանը
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24-րդ տարեդարձին առիթով, հայապահպանութեան եւ հոգեւոր արժէքներու տարածման ի խնդիր ներդրած նշանակալի աւանդի համար, Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պատուոյ Շքանշանով պարգեւատրած է Արհիապատիւ Հայր Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Պարգեւատրումի հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրին մէջ։

ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԼԻԱՐԺԷՔ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան 25 Սեպտեմբեր 2015, ուրբաթ ընդունած է Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին ուղեկցութեամբ Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կապրոյեան Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ արհի․ Ռաֆայէլ արք․ Մինասեանին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին մամուլի ծառայութիւնը, Հանրապետութեան Նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ գոհունակութեամբ հաստատած, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի` աւելի քան 20-ամեայ պատմութիւն ունեցող դիւանագիտական յարաբերութիւնները մշտապէս յատկանշուած են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեամբ: Նախագահի խօսքով, կարդինալ Սանտրիի այցը վառ ապացոյցն է այն իրականութեան որ հայ-վատիկանեան յարաբերութիւնները մշտապէս երկկողմ հոգածութեան առարկայ են եւ կը շարունակուին ամրապնդուիլ։

Սերժ Սարգսեանը բարձր գնահատած է կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի անձնական մեծ աւանդը երկկողմ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, նշելով, թէ տեղեակ է՝ որքան ուշադիր եւ հոգատար է կարդինալը հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն նկատմամբ։

Հանդիպման ժամանակ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ, կարդինալ Լէոնարտօ Սանդրին պարգեւատրած է Բարեկամութեան Շքանշանով՝ հոգեւոր արժէքներու պահպանման, Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմ կապերու ամրապնդման ի նպաստ ներդրած նշանակալի աւանդի, ինչպէս նաեւ հայանպաստ ակտիւ գործունէութեան համար:

«Շնորհակալ ենք Ձեր անձնական նուիրումի եւ մեծ աջակցութեան համար։ Ընդունեցէք խնդրեմ, Ձերդ Սրբազնութիւն, այս պարգեւը՝ որպէս խորհրդանիշ մեր մեծ երախտագիտութեան։ Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան էջերուն մէջ մեծ ակնածանքով կը պահէ այն անունները, որոնք անտարբեր չեն եղած իր խնդիրներուն նկատմամբ, որոնք երբեւէ մասնակցած են անոնց լուծումին», ըսած է ՀՀ Նախագահը:

Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ դժուար է գերագնահատել Վատիկանի դերը ոչ միայն քրիստոնեայ աշխարհի համախմբման ուղղութեամբ, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան, փոխըմբռնման ու խաղաղութեան պահպանման ուղղութեամբ: Ասոր վառ վկայութիւնն է Վատիկանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը, որ պատմական արդարութեան վերականգնումին ուղղուած քայլ էր եւ յարգանքի տուրք այն հայ քրիստոնեաներուն, որոնք զոհ դարձան Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ գործադրուած ահասարսուռ ոճրագործութիւններուն: Հռոմի Պապին կողմէ ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցուած պատարագի տպաւորութիւնները, ըստ Հանրապետութեան Նախագահին, դեռ երկար տարիներ կը մնան հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։

Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ հայ ժողովուրդին համար մեծ հպարտութիւն է, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ՝ շուրջ 2000-ամեայ պատմութեան ընթացքին «Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ» տիտղոսին արժանացած 36 մեծագոյն մտածողներէն մէկն ալ հայ ժողովուրդի զաւակ, միջնադարեան մտքի հանճար, Աստուածաշնորհ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին է։

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւորուած է նաեւ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ մշակութային համագործակցութեան զարգացումը: Զրուցակիցները ողջունած են այս ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը՝ գոհունակութեամբ արձանագրելով, որ մշտապէս բարձր մակարդակի վրայ է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ համագործակցութիւնը։

Կարդինալ Սանտրին երախտագիտութիւն յայտնած է իրեն շնորհուած բարձր պարգեւին եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ իր նկատմամբ ցուցաբերուած նման վերաբերմունքը կ՛ընդունի Հայաստանի վսեմ հողի եւ անոր որդիներու ու դուստրերու նկատմամբ մեծագոյն պատկառանքով եւ բարեկամութեան զգացումով: «Երկար տարիներ ծառայելով որպէս պետական քարտուղարի տեղակալ, իսկ այժմ նաեւ Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ կարդինալ՝ ես առիթը ունեցած եմ մասնակցելու միջոցառումներու, որոնք բարեկամութեան եւ փոխգործակցութեան օրինակ են ձեր երկրի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ. Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակի տօնակատարութիւնը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի յիշարժան ճանապարհորդութիւնը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի արձանի տեղադրումը Սուրբ Պետրոսի տաճարի խորաններէն մէկուն վրայ, նոյն տաճարի բակերէն մէկը ի պատիւ անոր անուանակոչումը, բազում այցեր Սրբազան Քահանայապետին, անոնց շարքին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ, եւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած պատարագը, որ մատուցուեցաւ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ՝ Սուրբ Պետրոսի խոստովանութեան զոհասեղանին մօտ, եւ որուն ականատեսը դարձաւ ամբողջ աշխարհը։

Մենք իսկապէս կրնանք ասիկա կոչել լիաժէք բարեկամութիւն, եւ ես կ՛ողջունեմ այս պատիւը, որ այսօր կը շնորհուի ինծի՝ ի նշան այս սերտ կապի Հայաստանի Հանրապետութեան, Սրբազան քահանայապետին եւ Առաքելական աթոռին միջեւ:

Ես կ՛ընդունիմ, որ ան կը շնորհուի ոչ այնքան իմ անձին, որքան Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին: Անշուշտ, ասիկա մեծ պատիւ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը սիրեն Հայաստանը՝ երկիր մը, որ այնքան հպարտ է իր քրիստոնէական ինքնութեամբ եւ նաեւ վեհանձն մարդոցմով ու մշակոյթներու նկատմամբ իր անկեղծութեամբ, յարգալից է մարդու եւ ազգերու համաձայնութեան հարցին մէջ ամրագրուած իրաւունքներուն նկատմամբ», ըսած է կարդինալ Սանտրին ՀՀ Նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ:

Կարդինալ Սանդրին իր կարգին ՀՀ Նախագահին յանձնած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կողմէ իրեն շնորհուած Ոսկէ Մետալը: