Նոյեմբեր 2020, թիւ 165 – Massis Magazine

ԱՐՑԱԽԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐԷ 150 ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ԴԻՄԵՆ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ
Աշխարհի տարբեր երկիրներու գիտական հաստատութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներու եւ գիտնականներու ստորագրութեամբ խնդրագիր մը ներկայացուած է պապական աթոռի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան փրկութեան առնչութեամբ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի դիմատետրեան էջը:

Գիտնականները խնդրագիրին մէջ նշած են, որ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտի կողքին վտանգուած է նաեւ այդ տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը՝ բաղկացած հարիւրաւոր կանուխ քրիստոնէական, միջնադարեան եւ նոր շրջանի եկեղեցիներէ, վանքերէ եւ տարբեր յուշարձաններէ:

«Գիտնականները փաստեր ներկայացուցած են, թէ ինչպէ՛ս ոչ հեռու անցեալին Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ համակարգուած կերպով ոչնչացման ենթարկուած է վերջինիս վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու հայկական գեղարուեստական եւ ճարտարապետական ժառանգութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Գիտնականները յոյս յայտնած են, որ Ֆրանչիսկոս պապի հեղիկանաւոր միջնորդութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել համապատասխան միջազգային կառոյցները՝ փրկելու համար պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող եւ հաւատքի վկայութիւն հանդիսացող ժառանգութիւնը, որ ունի համաշխարհային նշանակութիւն:

«Սփութնիք» կը յիշեցնէ, թէ նախապէս ռուս մշակոյթի գործիչներ, որոնց շարքին խմբավար Վատիմ Սփիվաքով եւ Թէոտոր Քուրենթզիս, երաժիշտ Պորիս Կրեպենշիքով եւ բեմադրիչ Ալեքսանտր Սոքուրով, Արցախի քրիստոնէական մշակութային, գեղարուեստական եւ ճարտարապետական ժառանգութեան յուշարձանները համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ներառելու խնդրանքով դիմած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին:

Արցախի Վրայ Թուրքեւազերիական Նախայարձակումին Հետեւանքով ՑԱՒ, ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ, ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ, ԸՆԴՎԶՈՒՄ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Այսօր, հրադադարէն երկու շաբաթ ետք, կը շարունակենք վերապրիլ ցաւի, հպարտութեան, ապա հիասթափութեան եւ հուսկ ընդվզումի պահերը զորս հանդերձ ընտանեօք, պատկերասփիւռի պաստառին դիմաց գամուած՝ ապրեցանք 27 Սեպտեմբերին Արցախի վրայ սանձազերծուած ահաւոր յարձակումին յաջորդող 44 օրերուն, համարեայ ամէն ժամ։ Շարունակուող այս ապրումներու յառաջացուցած ներհակ եւ հակոտնեայ զգացումներու, իրերամերժ խորհրդածութիւններու սրտաբեկ տրամադրութեամբ է որ նստեցայ համակարգիչին դիմաց թուղթին յանձնելու համար այդ օրհասական օրերուն ռազմաքաղաքական զարգացումներուն եւ պատերազմի հետեւանքներու մասին հայկական եւ օտար լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն պատճառած ցաւի եւ հպարտութեան զգացումներս։

Ցաւին պատճառը մեր քաջարի զինուորներուն նահատակութիւնն էր։ Հայկական քաղաքներու, գիւղերու եւ աւաններու, ծննդատուներու, հիւանդանոցներու, եկեղեցիներու եւ մշակութային կեդրոններու ցամաքէն եւ օդէն կատարուած անմարդկային ռմբակոծումներուն գործած աւերը, յայտնապէս՝ մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս ցեղասպանութեան ենթարկելու փորձին ողբերգական հետեւանքներն էին, որուն իր մեղսակցի անտարբերութեամբ վկան եղաւ աշխարհ։

Հպարտութեան պատճառը՝

Թշնամիին դիմաց հայ զինուորներուն, կամաւորներուն, սպաներուն եւ հրամանատարներուն անձնուրաց սխրանքներն էին,

Հայկական բանակին 44 օր հերոսական դիմադրութիւնն էր ոչ միայն Ատրպէյճանի բանակին զոր պարտութեան մատնած էր վեց տարիներ առաջ, այլ բազմահազար վարձկան ահաբեկիչներու եւ մանաւանդ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծագոյն բանակի հռչակը վայելող Թուրքիոյ դէմ, ձախողեցնելով Արցախի հարցը blitzkrieg-ով մը քանի մը օրէն լուծելու թուրքեւատրպէյճանական փորձը։ Քանակով եւ սպառազինութեամբ տասնապատիկ ուժերու դէմ հայկական բանակին 44 օրեայ դիմադրութիւնը յաղթանակ մըն էր։ Սերունդները հպարտութեամբ պիտի անդրադառնան այս դիմադրութեան՝ որ մեր ժամանակակից պատմութեան նշանակալի մէկ էջն է։

Հպարտութեան պատճառը՝

Համայն սփիւռքահայութեան զօրաշարժն էր հայկական բանակի կողքին ու թիկունքին մասնակցելու համար հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով մղելու համար միջազգային իշխանութիւնները դատապարտելու եւ արգելակելու թուրքեւատրպէյճանական կատաղի յարձակումը Արցախի վրայ,

Սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու, բարերարներու, անգամ համեստ դասակարգին նիւթական աջակցութեամբ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մասնակցութեան մասին լուրերն էին,

Հայկական լրատուամիջոցներուն կտրուկ եւ դիպուկ հակազդեցութիւնն էր թուրքեւազերիական ապատեղեկատուութեան, միջազգային հասարակութիւնը իր անտարբերութենէն դուրս բերելու, զայն զգաստացնելու, միջազգային կազմակերպութիւնները իրազեկելու, Արցախի ձայնը անտարբերութեան եւ լռութեան պատէն անդին հնչեցնելու անոնց արշաւն էր։ Չլռեցին Մարդու եւ Ժողովուրդներու ազատութեան իրաւունքին պաշտպան ձեւացող Հզօրները։ Բայց ո՛չ մէկը խօսքը գործի վերածելու քաջութիւնը ունեցաւ։

ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԸՆԴՎԶՈՒՄ

Նոյեմբեր 10-ի առաւօտեան, հրադադարի լուրը մեզ սփոփելով հանդերձ, չքացուց մեր հպարտութեան զգացումը։ Որովհետեւ հրադադարի պայմանները, որոնց շուրջ նախորդ գիշերը համաձայնած էին Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը, Փութինի միջնորդութեամբ եւ նախագահութեամբ, հիասթափութիւն պատճառեցին։ Նուաստացուցիչ էր հրադադարի պայմանագիրը, որ կը նախատեսէր կորուստը պատմական Շուշիին եւ հայկական բազմաթիւ տարածքներու, որոնք ազատագրուած էին հայ զինուորի արեան գնով։ Ան՝ պահին պարտադրանքը ըլլալով հանդերձ, պահին պարտադրած ընտրանքը, անընդունելի՛ էր ամէն հայրենասէր Հայու համար։

Այս հրադադարով Հայաստանի եւ Արցախի մեր ժողովուրդին պարտադրուած պարտուողական պայմանագիրը փոթորկեց իւրաքանչիւր Հայու հոգին, էութիւնը։ Յառաջացուց համայն Հայութեան արդար ցասումն ու խոր ընդվզումը։ Դժբախտաբար, սակայն, ան չքացուց ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին հպարտութիւնը, այլ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, ամէնէն օրհասական պահերուն անոր ցուցաբերած միասնականութիւնը, համախմբուածութիւնը, որով համայն հայութիւնը դարձած էր իսկական բանակ, սատար հայկական աննկուն բանակին եւ Հայրենիքին։

Մեր ժողովուրդը՝ աւելի քան երբեք այսօր կարիքը ունի այդ միասնականութեան ուժին՝ նախ թօթափելու համար ամէն խռով տրամադրութիւն, ապա դիմագրաւելու համար պատերազմի նուաստացուցիչ ելքին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ ցուցաբերելու պայքարը շարունակելու վճռականութիւն՝ այնպէս ինչպէս բազմիցս ըրած է ան մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր անցեալին։

Պահը կը պահանջէ սառն դատողութիւն, սթափութիւն, զգօնութիւն, իրապաշտ, պայծառամիտ ու շինիչ մօտեցում կացութեան, միա՛յն ազգին ու Հայրենիքին շահերէն առաջնորդուելու գիտակցութիւն՝ չծանրացնելու համար պատերազմի մերժելի ելքին հետեւանքով ստեղծուած ցասումնալի իրավիճակը։ Ներքաղաքական ամէն լարուածութիւն կը ջլատէ մեր միաբանութենէն բխած ուժը, որուն այնքան կարիքը ունինք այսօր վերականգնելու համար։

Աւելի քան երբեք այսօր իւրաքանչիւր հայու ականջին պէտք է հնչէ շարականագրին աղօթքը առ Աստուած՝ «Տո´ւր ազգիս Հայոց սէր, միութիւն»։

ԱՂՕԹՔ ՀԱՆԴԵՐՁ «ՄԱՏՉԵԼՈՎ»՝ ԶՏԷՐ ԱՂԱՉԵՍՑՈՒՔ
Հ. ԳԷՈՐԳ Ծ  Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ

Արցախի Հանրապետութեան սահմաններուն տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն յետոյ, ողջ հայութիւնը կտրականօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի սահմանաեզրին վրայ զինուորներուն եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ գործուած բոլոր ներխուժումները:

Առաջին օրէն ի վեր, մեր միտքերն ու յատկապէս մեր աղօթքները ուղղուած էին հայկական բանակին, Արցախի ժողովուրդին եւ Հայաստանի մէջ գտնուող մեր բոլոր հայրենակիցներուն, Աստուծմէ հայցելով, որ խաղաղութիւնը վերականգնի եւ բռնութիւնը դադրի:

Աղօթքի կը դիմենք, որովհետեւ անիկա կ’օժանդակէ մեզի յաղթահարելու կեանքի պատահարներն ու դժուարութիւնները:

Օր մր, լրագրողներէն մէկը, ծաղրելի կը նկատէր քահանայի մը իր հաւատացեալներուն ուղղած կոչը՝ աղօթելու, մինչ փոթորիկը կը մօտենար իրենց քաղաքին: Լրագրողին համաձայն, երբ վտանգը անմիջական է, աղօթելու փոխարէն՝ պատրաստուելու էր՝ դիմագրաւելու համար սպառնալիքը:

Այդ լրագրողը իրականութեան մէջ կ’անգիտանար, թէ ի՛նչ է աղօթքը:

Աղօթքը կախարդական բանաձեւ մը չէ’, որ կը թելադրէ մեզի նստելու եւ սպասելու Աստուծոյ հրաշքի կատարումին: Մինչ աղօթողները կը յուսան, որ փոթորիկը փոխէ իր ուղղութիւնը եւ անվնաս անցնի իրենց քաղաքէն, աղօթքը իրենց կ’օգնէ լաւ պատրաստուելու՝ հնարաւորինս խուսափելու փոթորիկի կործանարար հետեւանքներէն: Փոթորիկն անցնելէ յետոյ, աղօթքը ոյժ եւ համարձակութիւն կու տայ աղէտեալներուն վերականգնելու վնասը եւ վերադառնալու բնականոն կեանքի:

Ա՛յս է աղօթքին նպատակը:

Սոյն պարագան կը վերաբերի մեր կեանքի բոլոր կարեւոր եղելութիւններուն. աշխատանքի կորուստ, հիւանդութիւն, ալեւորութիւն, պատերազմի հետեւանքներ…:

Աղօթքը կ’օժանդակէ դիմագրաւելու կեանքի իրադարձութիւնները՝ հաւատալով, որ ամենադժուար ժամանակներուն մէջ ի՛սկ Աստուած մեզի հետ է:

Եթէ, օրինակի համար, մէկը աղօթէ ձերբազատուելու համար ծխելու մոլութենէն, բուժուելու թմրամոլութենէն կամ լուծելու ընտանեկան խնդիր մը, այդ անձը չի’ կրնար հրաշք ակնկալել: Այս պարագային է, որ աղօթքը կ’աջակցի անոր իր առնելիք որոշումին մէջ՝ Տիրոջ օգնութեամբ յաղթահարելու իր առջեւ ծառացած ամէն մոլութիւն:

Աղօթքն է, որ մեզ կը մղէ համարձակապէս գործելու, աշխատելու եւ ջանք թափելու վտանգաւոր ու վնասակար ո՛րեւէ իրավիճակի դիմաց, իսկ պատերազմի պարագային, անվախօրէն մարտնչելու եւ ի հարկէ յաղթանակ տանելու՝ «զի Աստուած ընդ մեզ է»:

Ելից Գիրքին մէջ կը կարդանք. «Ամաղէկն (Իսրայէլի թշնամի զօրք) եկաւ եւ Ռափիդիմի (վայր մը) Իսրայէլի դէմ պատերազմեցաւ։ Եւ Մովսէս Յեսուին ըսաւ. Մեզի համար մարդիկ ընտրէ’ եւ գնա’ Ամաղէկի դէմ պատերազմելու. վաղը, ես բլուրի գագաթը կը կայնիմ [աղօթելու] Աստուծոյ գաւազանը ձեռքիս։ Եւ Յեսուն Մովսէսի ըսածին պէս ըրաւ եւ Ամաղէկի դէմ պատերազմեցաւ. եւ Մովսէս, Ահարոնը եւ Ովր բլուրին գագաթը բարձրացան։ Եւ երբ Մովսէս իր ձեռքերը կը վերցնէր [աղօթելու], Իսրայէլ կը յաղթէր, ու երբ իր ձեռքերը կ’իջեցնէր՝ Ամաղէկ կը յաղթէր» (Գիրք Ելից 17, 9-11):

Նոյնն էր պարագան Աւարայրի ճակատամարտին ժամանակ: Արդարեւ, Ղեւոնդ Երէց եւ իր քահանայ ուխտակիցները կ’աղօթէին՝ մինչ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր ընկերները կը պատերազմէին Պարսիկներուն դէմ:

Մենք կ’աղօթենք, որպէսզի տեղի չտանք յոգնածութեան եւ քաջութիւն ունենանք վճռականօրէն հակադարձելու եւ մարտնչելու:

Աղօթքը ցաւազերծող չէ, որ մեզի մոռցնել կու տայ մեր խնդիրները: Ընդհակառակը, ատիկա կը սատարէ, որպէսզի անոնց ծանրութեան իրազեկ ըլլանք եւ ոյժ ստանանք համարժէք պատասխաններ որոնելու:

Յաճախ մենք կը վազենք աջ ու ձախ՝ սպառումի եւ արագութեան շարժակներու մէջ ինկած. այլեւս ժամանակ չունինք դադար առնելու՝ դէպի երկինք մեր աչքերը բարձրացնելու համար, բացի սրտի կաթուածի մը պարագային: Իրօք, այնքան զբաղած ենք մեր ուսումով, աշխատանքով, մարզանքով, ընկերային զբաղումներով, մարմնամարզանքով, այլեւայլ պարտաւորութիւնններով, որ նոյնիսկ աղօթելու ժամանակ չունինք եւ կը վարանինք մեր Կիրակին զոհելու Սուրբ Պատարագին մասնակցելով:

Աղօթելը ժամանակի կորուստ չէ, անիկա օգտաւէտ միջոց է մեր առօրեայ կեանքի բազմաթիւ գործերը դասաւորելու եւ առաջնահերթութիւնները կողմնորոշելու:

Աղօթքը լաւագոյն միջոցն է որոշակի հաւասարակշռութիւն վերականգնելու, միաժամանակ պահելով կենսական կապ մը Աստուծոյ հետ: Անիկա կը յիշեցնէ մեզի, որ Տէրը կ’ուղեկցի մեզի կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին, որպէսզի Իր շնորհքի զօրութեամբ դիմակալենք մեզի հանդիպած դժուարութիւնները:

Աղօթքի բոլոր ձեւերէն գերագոյնն ու ամէնէն արդիւնաւէտը կը մնայ հասարակական աղօթքը՝ Սուրբ Պատարագը, որմէ, աւա՜ղ, ներկայիս զրկուած ենք «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով:

Տիրոջ օրը, մենք կը հաւաքուինք եկեղեցիին մէջ՝ լսելու, թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ ըսել մեզի եւ Անկէ ոյժ ստանալու, որպէսզի Սուրբ Զոհի աւարտին՝ մեր ընտանիքներուն վերադառնալով՝ ի վիճակի ըլլանք հաւատքով դիմագրաւելու մեզի ներկայացող կեանքի իրադարձութիւնները:

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ Ն. Ս. ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐԸ
Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

«Ճշմարիտ կրօնական արժէքներ դաւանելը բոլորովին անհամատեղելի է սեփական տեսակէտդ բռնութեան միջոցով ուրիշներուն պարտադրելու փորձի հետ՝ օգտագործելով Աստծու սուրբ անունը՝ որպէս զէնք»:

Համառօտ Վերլուծութիւն

Կիրակի՝ Նոյեմբեր 1-ին Հրեշտակ Տեառն աղօթքը ըսելէ յետոյ Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ անդրադարձաւ արցախեան պատերազմին: Ան ըսաւ հետեւեալը.

«Չմոռնա՛նք այն ինչ կը պատահի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր իրար կը յաջորդեն զինուած բախումները՝ դիւրաբեկ հրադադարներով, զոհերու թիւի ողբերգական աճով, քաղաքացիական բնակավայրերու, ենթակառուցուածքներու եւ աղօթավայրերու կործանմամբ եւ քաղաքացիական բնակչութեան աւելի ու աւելի զանգուածային ներգրաւմամբ: Ասիկա ողբերգութիւն է: Կ’ուզեմ վերստին ի սրտէ դիմել հակամարտութեան պատասխանատու կողմերուն, որպէսզի հնարաւորինս շուտ միջամտեն՝ կանխելու անմեղ արեան հեղումը: Թող անոնք չմտածեն բռնութեան միջոցով հակամարտութիւնը լուծելու մասին, այլ նուիրուին անկեղծ բանակցութիւններու՝ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ: Ես կը յայտնեմ իմ մտերմութիւնը բոլոր տառապեալներուն եւ կը խնդրեմ բոլորէն՝ դիմելու սուրբերու բարեխօսութեան՝ այդ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար աղօթքով», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

Յիշեցնեմ, որ արցախեան պատերազմի ընթացքին ասիկա Նորին Սրբութեան երկրորդ ելոյթն էր եւ աղօթքը՝ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ խաղաղութեան համար: Առաջին անգամ Ան խօսած էր պատերազմի երկրորդ օրը՝ Սեպտեմբեր 28-ին: Ան կոչ ուղղած էր լուծում գտնելու «ոչ թէ բռնութեան եւ զէնքի միջոցով, այլ՝ երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու» եւ խնդրած էր աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներէն՝ իր հետ միասին աղօթել կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար: Երկրորդ անգամ Քահանայապետը արցախեան գոյամարտին անդրադարձաւ Հոկտեմբեր 11-ին՝ այդպէս ալ չկայացած հրադադարի յայտարարումէն անմիջապէս յետոյ՝ ըսելով.

«Ես բարձր գնահատեցի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնուած մարդասիրական նկատառումներու համար հրադադարը՝ խաղաղութեան էական համաձայնութեան յանգելու նպատակով: Հակառակ անոր, որ ապացուցուեցաւ, թէ զինադադարը կը մնայ չափազանց փխրուն, ես կը խրախուսեմ դարձեալ դիմել ատոր, եւ կ’արտայայտեմ մասնակցութիւնս մարդկային կորուստներու ցաւին, կրած տառապանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ տուներու եւ աղօթատեղիներու կործանման համար: Ես կ’աղօթեմ եւ կը խնդրեմ աղօթել զոհերու եւ բոլոր անոնց համար, որոնց կեանքը վտանգի մէջ է»:

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը՝ որպէս Քրիստոսի Ընդհանրական՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ, որպէս Վէմ Եկեղեցւոյ, ըստ տէրունական հաստատութեան, որպէս Սուրբ Պետրոս առաքեալի յաջորդ, ունի առաքելութիւն՝ աղօթելու եւ աշխատելու ամբողջ աշխարհի մէջ եւ բոլոր ազգերու միջեւ խաղաղութեան, երկխօսութեան եւ եղբայրական յարաբերութիւններու հաստատման համար: Ան մշտապէս համարձակ կերպով կը խօսի ընդդէմ բռնութեան, պատերազմներու, մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, շահագործման, ահաբեկչութեան, զէնք արտադրող եւ վաճառող, պատերազմ սանձազերծող խումբ մը հարուստներու տմարդի վարքագիծին դէմ, կը շեշտէ հայրենի հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու, ազգային ինքնութեան պահպանութեան սկզբունքները, որոնք հիմնուած են Սուրբ Գիրքի եւ Սրբազան Աւանդութեան վրայ: Քահանայապետը ունի աստուածադիր առաքելութիւն՝ հոգ տանելու երկրի վրայ ապրող իւրաքանչիւր մարդ արարածի մասին՝ անկախ կրօնէն եւ ազգութենէն, արդար կամ ամբարիշտ նկարագրէն, սէր գործադրելու եւ քարոզելու իւրաքանչիւրի՛ հանդէպ՝ ըստ Տիրոջ պատուիրաններուն եւ Աւետարանի տրամաբանութեան:

2016-ին կովկասեան տարածաշրջան կատարած իր այցելութիւնը Նորին Սրբութիւնը սկսաւ Հայաստանէն, ուր ծաւալուն կերպով խօսեցաւ խաղաղութեան մասին եւ աւարտեց Ազրպէյճանի մէջ, ուր, իր խօսքը ուղղելով Իլհամ Ալիեւին եւ Ազրպէյճանի քաղաքական, կրօնական ղեկավարութեանը, ըսաւ հետեւեալը. «Ճշմարիտ կրօնական արժէքներ դաւանելը բոլորովին անհամատեղելի է սեփական տեսակէտդ բռնութեան միջոցով ուրիշներուն պարտադրելու փորձին հետ՝ օգտագործելով Աստծու սուրբ անունը՝ որպէս զէնք»:

Վստահ եմ, որ Իլհամ Ալիեւը եւ Ազրպէյճանի քաղաքական վերնախաւը ոչինչ քաղեցին մեծ խաղաղասէրի այդ ելոյթէն եւ ակնարկներէն, ինչպէս այսօր ալ կը շարունակեն չլսելու տալ ոչ միայն Նորին Սրբութեան խաղաղասիրական կոչերը, այլեւ իրենց սեփական ժողովուրդի ողբալի աղաղակը: Ցաւօք, Սրբազան Քահանայապետի կոչերուն անհաղորդ կը մնան նաեւ աշխարհի աւելի մեծ խաղցողները, որոնք կը հետեւին միայն իրենց պատեհական շահերուն եւ հաշուարկներուն: Պետրոսի յաջորդի ձայնը կը մնայ որպէս «ձայն բարբառոյ յանապատի», զոր ոչ ոք կ’ուզէ լսել, քանի որ ճշմարտութիւնը միշտ դառն է կեղծիքի մէջ ապրողներուն համար:

Սրբազան Քահանայապետի կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն կառուցելու յոյսը կապուած է հայ երիտասարդութեան հետ. միայն անոնք կրնան հասկնալ նոյնիսկ թշնամիին ներելու աւետարանական վսեմ եւ աստուածադիր սկզբունքը: 2016-ի Յունիս 26-ին, Երեւանի հրապարակին վրայ, Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս հայ երիտասարդներուն յիշեցուց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տողերը.

«…Կ’ուզեմ յիշել Քրիստոսի խաղաղութեան մեծ վկան եւ գործիչը՝ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որուն Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակեցի: Ան կրնար յայտարարուիլ նաեւ «Խաղաղութեան Վարդապետ»: Ան այսպէս գրած է այդ արտասովոր Գիրքին մէջ, զոր կը սիրեմ անուանել որպէս «հայ ժողովուրդի հոգեւոր սահմանադրութիւն». «Յիշէ՛, [Տէր,…] անոնց, որոնք մարդկային ցեղին մէջ մեր թշնամիներն են, սակայն անոնց բարիքին համար. անոնց մէջ իրագործէ ներում եւ ողորմութիւն […] Մի՛ վերացներ անոնց, որոնք ինձ կը խածնեն. կերպարանափոխէ՛: Արմատախիլ ըրէ՛ աշխարհիկ ախտաւոր ընթացքը եւ տնկէ բարին իմ եւ անոնց մէջ» («Մատեան Ողբերգութեան», 83, 1-2): Նարեկացին … դարձաւ «ամբողջ աշխարհի աղօթամատոյցը» (Նոյն, 28,2): Անոր այսպիսի ընդհանրական զօրակցութիւնը մարդկութեան հետ՝ քրիստոնէական մեծ պատգամ է խաղաղութեան, ներդաշնակ ճիչ, որ բոլորին համար ողորմութիւն կը հայցէ: Տարբեր երկիրներու մէջ ներկայ հայերը, որոնց եղբայրաբար կը գրկեմ այստեղէն, այս հաղորդութեան իղձին թող ըլլան պատգամաբերներ: Ողջ աշխարհը ձեր այս քարոզչութեան կարիքն ունի, ձեր ներկայութեան կարիքն ունի, ձեր ամենաջինջ վկայութեան կարիքն ունի: Խաղաղութիւն բոլորին»:

Հետեւաբար, լաւ ըմբռնելով Ընդհանրական Եկեղեցւոյ առաջնորդի առաքելութիւնն ու դերը՝ մարդկային հասարակութեան եւ փրկագործութեան աստուածային տնօրինութեան մէջ, վստահ ենք, որ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ իր զաւակի կորուստը սգացող իւրաքանչիւր մօր արտասուքը նաեւ անո՛ր արտասուքն է՝ որպէս հոգեւոր հօր եւ Քրիստոսի առաքելութեան շարունակողի, իւրաքանչիւր արկ, որ կը պայթի Արցախի մէջ, կը պայթի նաեւ անո՛ր սրտին մէջ, իւրաքանչիւր հայի փափաքը՝ յաղթանակի, արցախցիի կեանքի անվտանգութեան պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան հաստատման նախ եւ առաջ անո՛ր փափաքն է:

Լայնախոհ եւ անկեղծ աղօթքով միանա՛նք Քահանայապետի աղօթքներուն:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՆԱԽԱԳԻԾԸ
Ֆրանսայի Ծերակոյտը 305 թեր, 1 դէմ եւ 30 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւի նախագիծը: Ֆրանսացի ծերակուտականները Ծերակոյտի նախագահի յայտարարութիւնը ընդունեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Ծերակոյտը բանաձեւով կառավարութեան կոչ կ’ուղղէ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ այդ ճանաչումը բանակցութիւններու գործիք դարձնելու կայուն խաղաղութեան հաստատման համար:

Բանաձեւը ինքնին իրաւական ուժ չունի, անիկա խորհրդատուական բնոյթի փաստաթուղթ է: Արցախի ճանաչման վերջին խօսքը կը պատկանի Ֆրանսայի կառավարութեան:

Բանաձեւը Ծերակոյտի քննարկման ներկայացուած էր 18 նոյեմբերին Ծերակոյտի խմբակցութիւններու անդամ հինգ ծերակուտականներու՝ Պրիւնօ Ռեթայլոնի (հանրապետականներու ղեկավար), Փաթրիք Քանների, Էրվէ Մարսելի (Կեդրոնի միութիւն խումբի ղեկավար), ինչպէս նաեւ Էլիան Ասասիի եւ Կիոմ Կոթարի կողմէ:

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԽՈՐ ՍՐՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Հինգշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան, Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Վիճակաւոր եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ, Գերպ․ Լեւոն Արք. Զէքիեանը, ընկերակցութեամբ Ս. Ղազարու Մայրավանքի պատասխանատու փոխանորդ՝ Հ. Համազասպ Վրդ․ Քէշիշեանի։

Քահանայապետը, Գերպ․ Զէքիեանին հետ առանձնազրոյցի ընթացքին, մօտէն հետաքրքրուեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ Մխիթարեան Միաբանութեան հարցերով, ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմէն եւ զինադադարէն ետք ստեղծուած իրավիճակով։

Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան Քահանայապետին ներկայացուց համայնքին ներկայ քանակութեան, իրաւական եւ հովուական կազմակերպութեան մասին տեղեկութիւններ։ Ան բնութագրեց Միաբանութեան ներկայ վիճակն ու հարցերը եւ անդրադարձաւ Միաբանութեան ընդհանուր թիւին՝ համեմատութեամբ նորընծայ եւ ուխտեալ կոչումներու յուսադրիչ աճին։ Արցախի առնչութեամբ Գերպ․ Զէքիեան շեշտեց յատկապէս այս եւ նման ազգամիջեան հարցերու նկատմամբ իրաւական արդար լուծումի մը կարիքը եւ անդրադարձաւ անտուն մնացած եւ ցրուած արցախցի ժողովուրդին օգնութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի հայ քրիստոնեայ յուշարձաններուն պահպանման հարցերուն։ Սրբազան Քահանայապետը իր խոր սրտակցութիւնը յայտնեց Հայ ժողովուրդին։

Կէս ժամ տեւող ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր մասնաւոր օրհնութիւնը շնորհեց Մխիթարեան Միաբանութեան, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ հօտին, բովանդակ հայութեան եւ յատկապէս Արցախի վշտակիր ժողովուրդին։

Վատիկան Նիուզ

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Լիբանանի կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու խորհուրդի վարչութիւնը՝ 12 Նոյեմբեր 2020-ին, Պքերքէի մէջ, Պատրիարք Պշարա Ռաիի նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին, Յոյն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եուսէֆ Ապսի Պատրիարքին, Ասորի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եուսէֆ Գ․ Եունան Պատրիարքին, Խորհուրդի գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Միշել Աուն Եպիսկոպոսին եւ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Հայր Քլոտ Նատրայի, գումարած նիստի ընթացքին կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան Խորհուրդին լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:

Իր նիստի աւարտին, Խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ հետեւեալը.

«Կը զօրակցինք Արցախի եւ Հայաստանի մեր հայ եղբայրներուն, որոնք կը տառապին, եւ անոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է՝ Ազրպէյճանի դէմ պատերազմի հետեւանքներէն: Մենք միշտ դատապարտեցինք այս պատերազմը, որ մարդկային եղբայրութեան դէմ ոտնձգութիւն էր, մարդկային զոհեր եւ քանդում կը պատճառէր՝ Արցախի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Նաեւ միշտ կոչ ուղղեցինք միջազգային ընտանիքին եւ պատասխանատուներուն խաղաղ բանակցութիւններով եւ դիւանագիտական ջանքերով լուծելու նման տագնապներ եւ վիճելի հարցեր:

Մենք նաեւ միշտ աղօթեցինք այս նպատակին իրականացման, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ հրադադարի հաստատումին համար: Իսկ ներկայիս կը հաստատենք, որ կարելի չէ շարունակել ընկճել ժողովուրդները, հետեւաբար կոչ կ’ուղղենք ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան խորհուրդին լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, ինչպէս նաեւ վերջ մը դնելու այս ցաւին, որ կ’աւելնայ զոհերուն եւ աղէտահարներուն ցաւերուն վրայ: Շրջանը կարիք ունի իսկական խաղաղութեան մը, որ հիմնուած է երկու կողմերուն համար արդարութեան վրայ: Կը վերահաստատենք մեր վստահութիւնը հայ ժողովուրդին իմաստութեան ու միասնականութեան նկատմամբ եւ կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Ան մխիթարէ զանոնք իրենց դիմագրաւած այս ճգնաժամին մէջ»:

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՏԱԿԱՒ ԿԸ ԼԱՐՈՒԻՆ
Ազրպէյճանի խորհրդարանը կառավարութեան կոչ ըրած է դիմել ԵԱՀԿ-ին՝ Ֆրանսան Մինսկի խումբի համանախագահութենէն յետս կոչելու համար: Ան նաեւ պահանջած է վերանայիլ Ատրպէյճանի և Ֆրանսայի գործող քաղաքական յարաբերութիւններուն և Փարիզէն ետ կանչել Ազրպէյճանի դեսպանը՝ խորհրդակցութիւններու համար:

Ազրպէյճանի խորհրդարանը նման կոչով կառավարութեան դիմած է երբ նոյեմբերի 25-ի երեկոյեան Ֆրանսայի Ծերակոյտը ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւի նախագիծը:

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԳՈՅԱՄԱՐՏԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ
Հայկական եկեղեցիներու այսօրուան տխրահունչ ղօղանջը հրաւէր մըն է համայն հայութեան յիշելու, նշելու եւ փառաւորելու համար՝ Արցախեան պատերազմին Հայրենիքի, մեր՝ բոլորիս, մեզմէ իւրաքանչիւ՛րի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսները։

Արցախի մէջ նահատակուած հերոսներու յիշատակի օրուան արարողութիւններու ծիրէն ներս, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Կիրակի, 22 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ ի յիշատակ Արցախեան նորագոյն պայքարի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր նահատակուած հայորդիներուն։

Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը, որ իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Աւանդական հերթական տօնակատարում մը չէ որ կը համախմբէ մեզ այսօր այս եւ համայն աշխարհի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։ Տօնական առիթով մը չէ որ եկած ենք Սուրբ Պատարագ մատուցանելու եւ աղօթելու։

Հայկական եկեղեցիներու այսօրուան տխրահունչ ղօղանջը հրաւէր մըն է համայն հայութեան յիշելու, նշելու եւ փառաւորելու համար՝ Արցախեան պատերազմին Հայրենիքի, մեր՝ բոլորիս, մեզմէ իւրաքանչիւ՛րի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսները, Հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին հերոսաբար նահատակուած քաջարի հայորդիները, որոնք իրենց անօրինակ սխրանքներով դիմադրեցին Արցախի դէմ սանձազերծուած նուազագոյնը տասնապատիկ թրքական, ազերիական եւ վարձկան ահաբեկիչ՝ արդիական զէնքերով օժտուած ուժերուն։ Անոնք ցոյց տուին որ արժանաւոր յաջորդներն են այն ազատամարտիկներուն, որոնք մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ազգի եւ հայրենիքին պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ նահատակուեցան որպէսզի կանգուն պահեն Հայրենիքը, որպէսզի չյանգի իւրաքանչիւր հայու օճախին ճրագը զոր վառեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մեր սուրբ Հայրերը։

Եկած ենք այս սուրբ Պատարագի ընթացքին, մեր աղօթքներով խոնարհելու մեր նորօրեայ հերոս նահատակներու լոյս յիշատակին առջեւ, խնդրելու յաւիտենական հանգիստ անոնց։ Եկած ենք խոնարհելու նաեւ հերոսածին մայրերուն առջեւ, որոնք իրենց զաւակները նուիրեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին, հայցելու ամենազօր Տիրոջ մխիթարութիւնը անոնց եւ նահատակ զինուորներու հարազատներուն։ Եկած ենք միաժամանակ խնդրելու Ամենակալէն փութացնելու վիրաւոր հայորդիներուն ամբողջական ապաքինումը։

Հայկական եկեղեցիներու այս առաւօտեան ղօղանջը նաեւ հրաւէր է միասնականութեան, աղօթելու այս միասնականութեան անսասան պահպանումին համար, որովհետեւ միայն ու միայն այդ միասնականութեամբ է որ պիտի յաղթահարենք մեզի պարտադրուած պատերազմին հետեւանքով տարածքներու կորստեան եւ այլ հետեւանքներուն պատճառած հիասթափութիւնը եւ արդար ընդվզումը, յուսալքութեան եւ պարտուողականութեան ամէն զգացում, պիտի դիմագրաւենք պատերազմին ահաւոր հետեւանքները, պիտի վերագտնենք վերականգնելու, պայքարը եւ մեր գոյերթը շարունակելու ուժը։ Պատերազմին հետեւանքով մեզի պարտադրուած կացութիւնը յաղթահարելու միակ միջոցը՝ հաւաքաբար, ազգովին՝ ազգին ու Հայրենիքին շահերուն յանձնառութեամբ առաջնորդուելու հրամայականն է։

Ահա ասիկա կը յորդորէ հայկական եկեղեցիներուն այս առաւօտեան ղօղանջը։ Հրաւիրուած ենք լսելու այդ ղօղանջը եւ աղօթելու այդ ղօղանջին թելադրած նպատակներու իրագործումին համար։

Հայ ժողովուրդը հաւատացած է աղօթքի ուժին։ Այսօր հաւաքուած ենք խնդրելու որ Աստուած այդ հաւատքով առաջնորդուելու ուժը պարգեւէ մեզի, ուժը աղօթքի եւ միասնականութեան՝ յաջողութեամբ շարունակելու համար մեր երթը ի խնդիր մեր իրաւունքներու ձեռք բերման, արդարութեան եւ խաղաղութեան յաղթանակին»։

Հոգեպարար Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հայ քաջարի զինուորներուն, արիասիրտ հոգեւորականներուն, նուիրեալ կամաւորականներուն եւ հայրենասէր ժողովուրդի զոհուած զաւակներուն հոգիներու հանգստեան ի խնդիր, աղօթք բարձրացնելով առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Տէրը Ի՛նք պահէ ու պահպանէ մեր հայրերուն կողմէ մեզի աւանդուած սուրբ հողը եւ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը վերստին հաստատէ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ
Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Արցախի Նահատակաց եւ Հերոսներու յիշատակի օրուան առթիւ՝ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Լեւոնեան Ք. Հայ կաթողիկէ վարժարանի Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան։

Յաւուր պատշաճի, քարոզի ընթացքին մեծաւոր վարդապետը նշեց. «Մենք՝ հայերս Ս. Յարութեան զաւակներն ենք։ Այո՛ պատերազմական կորուստի ենթարկուեցանք, սակայն մենք ենք ու կը մնանք ընդմիշտ յաղթականներ ի Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս։ Փառք եւ պատիւ մեր անմահ Նահատակաց»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, հոգեւոր դասն ու հաւատացեալները ուղղուեցան վարժարանիս հրապարակը, ուր Խաչքարին շուրջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու մոմավառութիւն նահատակներու հոգիներուն համար։

Օրուան հոգեպարար արարողութիւններուն մասնակցեցան՝ Երեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր ճեմարանի փոխ տեսուչ՝ Գեր. Պետրոս վրդ. Մարաշլեան, Ս. Աթոռի մօտ, Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարէն Նազարեան, Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ հայ քոյրերը գլխաւորութեամբ՝ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի՝ Առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի, եւ բազմաթիւ Հռոմաբնակ հաւատացեալներ։

ՓԱՌՔ ԵՒ ՊԱՏԻՒ ՄԵՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ։ ԱՂԱՉԵՍՑՈՒՔ ԶՓՐԿԻՉՆ ՄԵՐ ՔՐԻՍՏՈՍ ԶԻ ԶՆՈՍԱ ԸՆԴ ԱՐԴԱՐՍՆ ԴԱՍԵՍՑԷ։

Լեւոնեան Ք. Հայ Կաթողիկէ վարժարան