Նոյեմբեր 2015, թիւ 105 – Massis Magazine

Պարտական ենք մեր ինքնութեան
Ամէն անգամ որ Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ը արտասանենք, Աստուծմէ կը խնդրենք թողութիւն մեր մարդկային տկարութիւններուն պատճառաւ գործուած ամէնօրեայ պարտքերուն՝ մեղքերուն համար։ Կ՛երեւի թէ աղօթք մըն ալ պէտք է բարձրացնենք քաւութիւն խնդրելու համար մեր ինքնութեան հանդէպ մեր գործած բոլոր մեղքերուն։ Որպէս Հայ՝ պարտական ենք հաւատարիմ ըլլալու եւ յանձնառու մնալու մեր եկեղեցւոյն, ազգին, հողին, լեզուին, մշակոյթին ու դատին։ Սակայն դժբախտութիւն է տեսնել հայեր, որոնք իրենց անտարբերութեամբ, անպատասխանատուութեամբ եւ ձուլումի տանող ամէն տեսակի միջոցներով, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կը դրժեն, կը մերժեն եւ կ՛ուրանան իրենց ինքնութիւնը։ Ի՞նչ կը նշանակէ այսօր հայ ըլլալ եթէ ոչ գիտակցաբար ճանչնալ իր արժէքը եւ արժեւորել իր ճանաչումը։

Կը գրեմ այս տողերը ազդուած մի քանի դէպքերէ, որոնք պատահեցան անձամբ հետս։

Կը գտնուէի ճաշարանի մը մէջ, լիբանանցի (ոչ հայ) բարեկամի մը հետ, եւ կը խօսակցէինք անշուշտ արաբերէն լեզուով։ Հեռաձայնս հնչեց եւ պատասխանեցի։ Հայ բարեկամ մըն էր՝ որուն հետ բնականաբար հայերէնով խօսեցայ։ Երբ աւարտեցի խօսակցութիւնս, մեր կողքին նստող ընտանիքի մը հայրը, ինծի դառնալով արաբերէնով ըսաւ. «Ո՞ր լեզուով կը խօսէիր»։ «Հայերէն» պատասխանեցի։ Ան՝ անկեղծ արտայայտութիւններով փորձելով բացատրել ինծի թէ ինչո՞ւ համարձակած էր իր հարցումը ուղղել, ըսաւ. «Պէտք է Լիբանանի բոլոր վարժարաններուն մէջ դասաւանդուի նաեւ հայերէն լեզուն։ Ես պէտք չէ զգամ որ դուն օտար մըն ես, եւ ոչ ալ դուն կարծես թէ ես քեզի կը գերադասեմ իմ լիբանանցիութեամբս։ Լիբանանի մէջ հեռաւոր երկիրներու լեզուները կը սորվինք, բայց մեզ հետ ապրողին լեզուն չենք գիտէր։ Հայերը ամենահամեստ ու խոնարհ ժողովուրդը եղած են այս երկրին։ Անոնք հիմը դրած են Լիբանանի զարթօնքին։ Մենք պէտք չէ ապաւինինք պետութեան, ուր մարդիկ զբաղած են իրենց անձնական շահերով եւ ոչ մէկ ձեւով կը հետաքրքրուին ժողովուրդով։ Մենք պէտք է իրարու ապաւինինք։ Լիբանանը այսօր միմիայն շինարարական գործերու ուժ կու տայ, սակայն կը մոռնայ թէ հիմնականը մարդը շինելն է։ Լիբանանը հարուստ է մշակոյթով եւ համայնքային այլազանութեամբ, եւ երանի մեզի որ այսպիսի շրջանակի մը մէջ ծնած ու մեծցած ենք, դժբախտաբար սակայն արժէքը չենք գիտէր։ Ընդհակառակը, զանոնք կ՛օգտագործենք իրարու դէմ պայքարելու համար։ Շնորհիւ հայերուն է որ այս երկրին տնտեսութիւնն ու մշակութային արժէքները վերականգնեցան։ Դարձեալ կը կրկնեմ, իւրաքանչիւր լիբանանցի պէտք է հայերէն լեզուն սորվի»։ Կողքէս հնչող այս դրուատալի խօսքերու աւարտին, մտածեցի թէ մենք ալ բաւական թերացած ենք, որպէս հայեր, մեր պարտականութեան մէջ, որ է մեր լեզուն ու մշակոյթը ճանչցնել ուրիշին, մանաւանդ այն ուրիշին որուն հետ կ՛ապրինք։ Թերեւս հեշտ չէ, թերեւս հնարաւոր ալ չէ, պարտադրել լիբանանեան բոլոր վարժարաններուն որ դասաւանդեն մեր լեզուն, սակայն զգալի է թէ լիբանանցին, նման տարբեր ազգի ժողովուրդներու, ցանկութիւնն ունի աւելիով ծանօթանալու մեզի։ Գնահատելով հանդերձ այն ճիգերը որոնք կը թափուին կազմակերպելու բազմազան ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է ծանօթացնել ուրիշին մեր հարստութիւնները, սակայն յայտնապէս այդ ճիգերը բաւարար չեն մեր անմիջական շրջապատին հետաքրքրութիւնն ու ցանկութիւնը գոհացնելու համար։ Որով տակաւին շատ բան ունինք ընելիք։

Ուրիշ դէպք մը։

Գրասենեակիս մէջ նստած, հանդիպում մը ունեցայ կնոջ մը հետ, որուն զաւակը հանդիսաւորապէս սուրբ Հաղորդութիւնը ստանալու պիտի պատրաստուէր։ Ան խնդրեց արտօնագիր մը, որպէսզի զաւակը կարենար , իր յաճախած վարժարանին մէջ, բարեկամներուն հետ միասին մասնակցիլ այս հոգեպարար արարողութեան, փոխանակ իր ժողովրդապետութեան մէջ կատարելու զայն։ Կինը արաբ էր, ամուսնացած հայ մարդու մը հետ։ Որպէս վարդապետ, անշուշտ փորձեցի խրատել եւ համոզել տիկինը, որ իր զաւակը մեր ժողովրդապետութեան մէջ պատրաստուէր եւ մասնակցէր սուրբ Պատարագին, որպէսզի առիթը ունենար, որպէս հայ, ծանօթանալու իր եկեղեցւոյն, եւ գէթ հայերէնով սկսէր աղօթել։ Կինը տխուր արտայայտութեամբ մը պատասխանեց. «Վարդապետ զիս մի այպաներ, այլ՝ ամուսինս։ Ես տասնմէկ տարիէ ի վեր պսակուած եմ։ Առաջին օրէն խնդրեցի իրմէ որ հայերէն սորվիմ, որպէսզի օտար չի նկատուիմ շրջանակին մէջ, եւ կարենամ յետագային նաե՛ւ զաւակներուս հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել։ Ան մերժեց, որպէսզի կարենար իր ծնողքին հետ ազատօրէն իմ մասիս խօսիլ հայերէնով։ Մի քանի տարի չանցած, երբ անդրադարձան թէ արդէն եւ հակառակ իրենց կամքին սկսած էի մի քանի բառեր հասկնալ, սկսան թրքերէն խօսիլ իրարու հետ, որպէսզի դարձեալ չկարողանամ հասկնալ։ Երբ զաւակ ունեցանք, ան մերժեց հայկական վարժարան արձանագրել զինք։ Վարդապետ, խնդրեմ արտօնագիր տուէք, կ՛ուզեմ որ աղջիկս սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը ստանայ։ Եթէ չտաք, ամուսինս պիտի չի՛ թողու որ ան ժողովրդապետութեան մէջ ստանայ սուրբ Հաղորդութիւնը, եւ այսպէսով զաւակս պիտի զրկուի այս սրբարար արարողութենէն»։

Ընդհանրապէս կը մերժենք խառն ամուսնութիւնը, կարծելով, նաեւ վստահ ըլլալով, թէ օտար կողմը կրնայ պատճառ դառնալ որ զաւակները դադրին հայ ըլլալէ։ Այս պարագային սակայն ո՞վ է յանցաւորը։

Միեւնոյն օրը, նմանօրինակ ուրիշ պարագայի մը առջեւ գտնուեցայ, այն միակ տարբերութեամբ որ այս անգամ հայրը, որ հայ էր, անձամբ ներկայացաւ ըսելու համար թէ ինք յօժար էր որ իր զաւակը ժողովրդապետութեան մէջ մասնակցէր հանդիսաւոր սուրբ Հաղորդութեան արարողութեան, սակայն կինը, որ արաբ էր, կը մերժէր։ Երբ փորձեցի խրատել, ան ըսաւ. «Վարդապետ, կ՛ուզես որ այս գիշեր տունէս դո՞ւրս պառկիմ»։ Աւելի լաւ է չմեկնաբանել, որովհետեւ արդէն լեզուս պապանցեցաւ երբ լսեցի այս խօսքերը հա՛յ տղամարդէ մը։

Թող մեր նախահայրերը ներեն մեր յանցանքները՝ մեր պարտքերը զորս ունինք մեր ինքնութեան հանդէպ։ Չի՛ բաւեր «հայ ըլլալ» միմիայն պետական փաստաթուղթերով, կամ միմիայն հայկական անձնագիրը ձեռք բերելու համար։ Ամէն մարդու չէ վիճակուած հայ ըլլալ, որովհետեւ ամէն մարդ կարող չէ, բայց անոր որ ալ վիճակուած է, թող գիտնայ զայն վեհանձնութեամբ արժեւորել։

Ս.Կ.

ԵՐԿՈՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՕԾՄԱՆ ՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒԱԾ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՄԷՋ «ՄԵՆՔ ԿԱ՛ՆԳ, ԿԸ ՄՆԱ՛ՆՔ ՈՒ ԿԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ» ԳՈՉԵՑ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Ոչ միայն Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու դասին եւ ընդհանրապէս Հայ կաթողիկէ համայնքին համար, այլ համայն լիբանանահայութեան համար ցնծալի ու յիշարժան իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ հայ կաթողիկէ երկու քահանաներու եպիսկոպոսական օծման եւ ձեռնադրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 21 Նոյեմբեր 2015, Շաբաթ երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերու։

Արդարեւ, Հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանին եւ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծումին ուրախութիւնը Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան հետ բաժնելու եկած էին պապական նուիրակը՝ Կապրիէլ եպիսկ. Քաչիա, Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տէր Շահէ եպիսկ. Փանոսեան, մարոնիթներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Ռաիի ներկայացուցիչ՝ մարոնիթներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Լիբանանի պետական ու պաշտօնական մարմիններու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի դեսպանութիւններուն ներկայացուցիչները, լիբանանեան եւ լիբանանահայ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ ժողովուրդ մը, որուն համար նեղ կու գար աթոռանիստ եկեղեցին, մինչ աշխարհասփիւռ քրիստոնեայ հաւատացեալ հասարակութիւնը հոգեպարար արարողութեան կը հետեւէր «Թելէ-Լիւմիէր»ին կողմէ կատարուած ուղղակի սփռումին միջոցաւ։ Պաշտօնական անձնաւորութեանց եկեղեցի ժամանումը կը դիմաւորուէր ՀԿՄ.ի շեփորախումբին կողմէ։

Արարողութեան ներկայ ժողովուրդը յոտնկայս ծափահարութիւններով դիմաւորեց «Կռունկ» երգչախումբին կողմէ հնչեցուած «Հրաշափառով» եկեղեցի մուտքը՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ գլխաւորուած եւ երկու եպիսկոպոսութեան կոչեցեալները շրջապատող եպիսկոպոսներու, գերյարգելի, գերապատիւ հայրերու, սարկաւագներու, սպասաւորներու թափօրին։

Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Ձեռնադրակից երկու եպիսկոպոսներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի առաջնորդ գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեան՝ հայերէնով, եւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ գերապայծառ Յովհաննէս Թէյրուզեան՝ արաբերէնով ընթերցեցին Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Կոնդակը՝ Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի՝ իբրեւ Սպահանի առաջնորդ Իրանի կաթողիկէ Հայոց եպիսկոպոս, եւ Գէորգ ծ.վ. Ասատուրեանի՝ իբրեւ Ամիտայի տիտղոսակիր Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս ընտրութեան մասին Հայ կաթողիկէ Սիւնհոդոսին կողմէ եւ որ արժանացած է Սրբազան Քահանայապետի հաճութեան։

Ներկայ ժողովուրդը բերկրալից յուզումով հետեւեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ կատարուած՝ երկու կոչեցեալներու օծման եւ ձեռնադրութեան իւրաքանչիւր մասին, որ տեղի ունեցաւ «Կռունկ» երգչախումբին կողմէ երգուած հայկական շարականներու հնչիւնին ներքեւ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սրբալոյս միւռոնով օծեց կոչեցեալներուն ճակատներն ու ափերը, ապա անոնց յանձնեց եպիսկոպոսական իշխանութիւնը խորհրդանշող գաւազանը, մատանին, Աւետարանը, բանակէն, եմիփորոնը եւ հուսկ՝ խոյրը։ Ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը ինքնաբուխ ծափահարութեամբ ողջունեց եպիսկոպոսական իշխանութեան յանձնումը երկու նորօծ եպիսկոպոսներուն։

Օծման եւ ձեռնադրութեան արարողութեան աւարտին տուած իր պատգամին մէջ, Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհաւորելէ ետք նորօծ եպիսկոպոսները նշեց կեանքի այն դժուարին, տագնապալի ու տառապալի պայմանները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին այսօր ժողովուրդներ որոնց ծառայելու կոչուած են եպիսկոպոսները։ Նշելէ ետք որ մարդիկ յուսաբեկ եւ թերահաւատ՝ սկսած են կորսնցնել իրենց հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ՝ մտածելով որ Աստուած լքած է զիրենք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յարեց.- «Դուք կոչուած էք յոյս եւ լոյս տալու անոնց։ Պիտի զօրացնէք անոնց հաւատքը եւ զանոնք պիտի մօտեցնէք Աստուծոյ»։

Կոչ ընելով եպիսկոպոսներուն իրենց կեանքին օրինակով եւ Քրիստոսի ուսուցումներով ու լոյսով դառնալու Քրիստոսի վկաները, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ որ «եթէ դուք աղօթքով միացած ըլլաք Քրիստոսի եւ անոր անուշ հոտը բուրէք ու մօտենաք ժողովուրդին, անոր մէջը ըլլաք, անոր առջեւէն քալէք, զայն լսէք, այն ատեն դուք ալ ոմն Քրիստոս կը դառնաք, ձեզմով ուժ կ’առնեն, եւ ձեզի հետ միասին ուղեկից կ’ըլլան դէպի Տէրը՝ Քրիստոս, որ մեր երջանկութիւնն է, մեր ողորմած, մեր գթած հայրն է եւ կը հրաւիրէ մեզ իր յաւիտենական երանութեան։ Մենք ձեզի հետ գօտեպնդուած ենք։ Մէկ սիրտ ու մէկ հոգի պիտի ըլլանք, որպէսզի մեր Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, հաւատացեալները եւ մեր հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ գտնուի՝ Մայր Հայրենիք, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ տարածուած, իսկապէս զգայ որ Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք մեր նահատակներուն շնորհքով ու բարեխօսութեամբ մենք կա՛նգ, կ’ապրի՛նք, կը մնա՛նք, կը լուսաւորենք աշխարհը ու կ՛երթանք, վկաները կ՛ըլլանք մեզ սիրող Աստուծոյ, նախախնամող Աստուծոյ, որ մեզ չի լքեր»։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, պապական նուիրակը՝ գերապատիւ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին ողջոյնի խօսքը։

Հուսկ, իրենց սրտի ու շնորհակալութեան խօսքը արտասանեցին նորօծ եպիսկոպոսները՝ գերապայծառ Սարգիս Դաւիթեան (հայերէն) եւ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան (արաբերէն)։ Անոնք նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ եւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ սիւնհոդոսական հայրերուն, խոստանալով ի դերեւ չհանել իրենց վրայ դրուած յոյսերը եւ խնդրելով ներկաներէն այս նպատակով աղօթել։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին պետական, պաշտօնական, զինւորական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, տարբեր երկիրներէ ժամանած հիւրերուն ու հարազատներուն, հաղորդամիջոցներուն եւ յատկապէս «Թէլէ-Լիմիէր»ին եւ բոլոր ներկաներուն։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, նորօծ եպիսկոպոսները ներկաներուն շնորհաւորութիւնները ընդունեցին եկեղեցւոյ մէջ։

«Դուք Քիչ էք, սակայն քաջ էք» – Հանդիպում Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ
Մի երազէր կեանքդ, այլ՝ ապրէ երազդ։ Երբեմն մեզի կը թուի թէ երազի մը իրականացումը անկարելի է, քաջ գիտնալով հանդերձ թէ անկարելին իրականացնելով երազը ապրած կ՛ըլլանք։

Կեանքիս երազներէն մէկն էր հանդիպում մը ունենալ այն մարդուն հետ որ իր սպիտակ զգեստին ետին կը ծածկէր միանգամայն իմաստութեան, խոնարհութեան եւ սիրոյ առաքինութիւնները։ Հանդիպիլ՝ ստանալու համար օրհնութիւնն այն մարդուն որ կեանքի ամենադժուար վայրկեաններուն եւ հակառակ բոլոր քննադատութիւններուն կրցաւ ուղղամիտ եւ ճշմարիտ քայլերով հովուել Եկեղեցին։ Մեծ էր փափաքս հանդիպում ունենալու Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Երբ Ֆրանչիսկոս Պապը վճռեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, 12 ապրիլ 2015-ին սուրբ Պատարագ մատուցանել Վատիկանի սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, որոշեցի ուղղուիլ Հռոմ մասնակցելու համար այս պատմական եւ փառաւոր օրուան։ Այս առթիւ փափաքեցայ նաեւ անձնական հանդիպում մը ունենալ Պենեդիկտոս ԺԶ. Պապին հետ։ Գիտէի թէ աշխատանքը քիչ մը դժուար էր, ու թերեւս անկարելի, սակայն յոյսով էի որ պիտի կարենայի երազս ապրիլ։ Ուստի, սուրբ Պատարագին թուականէն ամիսներ առաջ, պաշտօնական նամակով մը դիմում ներկայացուցի հրաժարեալ Պապի գրասենեակին, ըսելով թէ ապրիլ 12-ին մատուցուելիք սուրբ Պատարագին առթիւ պիտի ժամանեմ Հռոմ եւ բաղձանքն ունիմ հանդիպելու Պապին հետ։ Ճամբորդութեանս թուականէն շաբաթ մը առաջ ելմակ մը հասաւ հասցէիս, որով կը տեղեկացուէր թէ Պապը ընդունած է խնդրանքս եւ հանդիպումս տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 11 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7։00ին, քահանայապետական պարտէզին մէջ, Լուրտի Տիրամօր քարայրին առջեւ։ Մեծապէս ուրախ էի եւ լեցուն հպարտանքի զգացումներով։ Կը մտածէի թէ ինչքա՜ն բան ունիմ ըսելիք իրեն՝ հարցականներ, մտահոգութիւններ։ Անհամբեր սպասեցի այդ օրուան։

Հռոմ մեկնեցայ ապրիլ 7-ին, սպասելով հանդիպման պահուն։ Ապրիլ 11-ին նախորդող օրը ուրիշ ելմակ մը ստացայ միեւնոյն հասցէէն, որով կը տեղեկացնէր թէ հանդիպման ժամը փոխուած է, փոխանակ ժամը 7։00-ին, հանդիպումը պիտի կայանայ ժամը 4։00-ին։

Հասաւ օրը։ Խնդրուած էր ինծմէ ժամը 3։50-ին գտնուիլ սրբուհի Աննա կոչուած դրան առջեւ։ Այդ օրուան բոլոր ծրագիրներս ջնջած էի, եւ կարծէք կեանքիս մէջ այդ օրը եղած էր միմիայն այս հանդիպումը իրականացնելու համար։ Ժամադրութիւնը յարգելով, հասայ դրան առջեւ։ Երբ ուղղարկուած նամակը ցոյց տուի ոստիկանին, անմիջապէս դիմեց ուրիշ զուիցերիացի ոստիկանի մը, որ զիս կը սպասէր։ Ան ընդունեց զիս, եւ ուղղուեցանք դէպի ինքնաշարժ, երթալու համար հանդիպման վայրը։ Երբ հասանք քարայր, տեղւոյն ոստիկանը իմացուց թէ տասը վայրկեան ուշացում պիտի ըլլայ եւ խնդրեց վարորդէն զիս պտտցնել քահանայապետական պարտէզները։ Սքանչելի պարտէզներ, զարդարուած պատմական յուշակոթողներով, շատրուաններով, փոքրիկ մատուրներով եւ քարայրներով։ Տարբեր տեսակի արժէքաւոր ծառեր ու ծաղիկներ կային այնտեղ բերուած տարբեր երկիրներէ՝ Չինաստան, Աւստրալիա, Պրազիլ եւ Լիբանան։ Ի վերջոյ հանդիպման ժամը հասաւ. վերադարձանք Լուրտի Տիրամօր քարայրը, իջայ ինքնաշարժէն. վարորդը հարց տուաւ թէ կ՛ուզէի՞ ինքնաշարժով վերադառնալ թէ քալելով։ Անմիջապէս քալելով պատասխանեցի եւ ան մեկնեցաւ։ Քարայրին առջեւ կեցած ընկղմած էի մտորումներու մէջ։ Ոստիկանը տեղեկացուց թէ Քահանայապետը սկսած է մօտենալ։ Տեսայ զինք հեռուէն, սպիտակ զգեստը հագած, գլխուն վրայ ճերմակ գլխարկ մը եւ ձեռքը ճռնիկ մը (walker)։ Հազիւ մօտեցաւ` քարտուղարէն խնդրեց որ ճռնիկը մէկդի դնէ, ապա գրպանէն գդակը հանելով գլխուն դրաւ գլխարկին փոխարէն։

Ներքին տարբեր խաղաղութիւն մը պատեց զիս։ Սրտիս իւրաքանչիւր տրոփումին հետ ուրախութեան եւ միանգամայն հպարտանքի զգացումներ կը յառաջանային։ Մօտեցայ անոր, խոնարհեցայ եւ աջը համբուրեցի։ «Անունս Սեպուհ Կարապետեան է» ըսի։ Ան անմիջապէս ընդմիջելով ըսաւ. «Կարապետեան, դուն հա՞յ ես»։ «Այո» ըսի, եւ շարունակեցի. «Ես հայ կաթողիկէ վարդապետ եմ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան անդամ»։ Անգամ մը եւս ընդմիջելով ըսաւ. «2012-ի սեպտեմբերին երբ Լիբանան եկայ, ձեր վանքն ալ այցելեցի։ «Ճիշդ է» ըսի։ Ան ամէն բան կը յիշէր, եւ այնքան տպաւորուած էր այս այցելութենէն որ անմիջապէս մտաբերեց զայն։ Խօսք առնելով ըսի. «Սրբազան Քահանայապետ, այս օրերուն Հռոմ կը գտնուիմ մասնակցեու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ Պատարագին եւ առիթէն օգտուելով ուզեցի անպայման Ձեր հետ հանդիպիլ եւ Ձեր օրհնութիւնը առնել»։

Հայութեան մասին հետաքրքրութիւնը ակներեւ էր երբ հարց տուաւ հայերու վիճակի մասին Լիբանանի մէջ։ «Դժբախատաբար, արտագաղթի պատճառով մեր թիւը բաւական նուազած է Լիբանանի մէջ». պատասխանեցի։ Ան իր բռունցքը սեղմելով ըսաւ. «Դուք քիչ էք, սակայն քա՛ջ էք»։ Անդրադարձայ թէ Քահանայապետը մեր արժէքը մեզմէ աւելի լաւ գիտէ։ Մտածեցի թէ իրաւամբ մենք քաջ ենք, իսկապէս քաջ ենք, կասկած չկայ, սակայն չեմ գիտէր մենք որքան գիտակից ենք մեր քաջ ըլլալուն։ Հպարտութիւնս կրկնապատկուեցաւ երբ ծերունազարդ Քահանայապետը խօսելով Հայ Դատի մասին ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ ձեզ որ այսքան տարիներէ ի վեր տակաւին կը հետապնդէք ձեր դատը, մնալով պահանջատէր ժողովուրդ։ Ձեր իրաւունքը արդար է, հետապնդեցէք զայն»։ Խօսքը շարունակեց անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մասին եւ տխուր արտայայտութեամբ մը ըսաւ. «Այսօրուան աշխարհը տառապալի օրեր կ՛ապրի, հարցերը շատ են, եւ բոլորն ալ կը լուծուին։ Սակայն մարդ արարածը ոչ մէկ լուծումի կրնայ յանգիլ եթէ Աստուած կեդրոնը չի գրաւէ իր կեանքին։ Պէտք է թոյլ տանք որ Աստուած անգամ մը եւս յայտնուի աշխարհին»։ Ապա ան հարց տուաւ իմ անձնական վիճակիս մասին, ուսում, առաքելութիւն…, եւ որպէս հայր իր քաղցր սրտաբուխ խրատները փոխանցեց ըսելով. «Մարդոց ցոյց տուր զԱստուած, ըսէ՛ անոնց ճշմարտութիւնը։ Եղի՛ր այն ինչ որ ես եւ տուր այն ինչ որ կրնաս տալ։ Մի՛շտ կարդայ Աւետարանը, որպէսզի ճշգրիտ եւ ուղիղ որոշումներու յանգիս»։ Հանդիպումին աւարտին խնդրեցի որ աղօթէ ինծի համար, ծնողքիս եւ հարազատներուս, ազգիս ու հայրենիքիս, Եկեղեցւոյս, միաբանութեանս ու համայնքիս համար։ Ան օրհնեց զիս եւ վարդարան մը նուիրեց։

Հանդիպումը մօտաւորապէս քսան վայրկեան երկարեցաւ։ Հարցազրոյց մը չէր, այլ՝ մտերմիկ հանդիպում մը, հօր եւ զաւակի միջեւ։ Թերեւս շատ հարցականներ կային ուղղելիք, սակայն իր ներկայութիւնը շատ մը հարցականներու պատասխան եղաւ։ Փոքրիկ քայլերով յառաջացաւ, բարձրացաւ ինքնաշարժ, որպէսզի իր առօրեայ վարդարանը աղօթէր այդ հրաշալի պարտէզներուն մէջ։ Իսկ ես տեսնելով իր ինքնաշարժ բարձրանալը, փոքրիկ քայլերով եւ ժպիտով սկսայ յետքայլ ընել. կարծէք քունէ մը կ՛արթննայի հետապնդելու համար ուրիշ երազ մը։ Մեծ մխիթարութիւն ու գոհունակութիւն պատճառեց հանդիպումս Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին հետ։ Իր գրութիւններէն շատ բան կարդացած էի, սակայն իր հետ հանդիպումս բացառիկ հետք թողուց սրտիս ու մտքիս մէջ։ Պարտէզներէն հեռացայ մտովի անընդհատ կրկնելով. «Դուք քիչ էք, սակայն քաջ էք»։

ՍԵՊՈՒՀ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՐԱՆԻՆ «ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ»
Դուք գիտէք, որ Ս. Վարդարանը Մարիամ Աստուածամօր ամէնէն աւելի սիրած ու յանձնարարած աղօթքն է: Ուստի, ամէն օր ըսելու ենք վարդարանը:

Եւ որպէսզի լաւագոյնս աղօթէք զայն ու պտղաբեր ըլլայ ձեր աղօթքը, ՄԱՍԻՍ-ի այս եւ յաջորդ համարներուն մէջ չորս գրելիքներս կը յատկացնեմ չորս վարդարանեան խորհուրդներուն, որոնց բովանդակութեամբ եւ մտածումով աղօթելու ենք վարդարանը:

«Ուրախութեան խորհուրդները» կը կազմեն առաջինը: Վարդարանին առաջին տունին մէջ կը մտածենք «Աւետումը», որով Գաբրիէլ հրեշտակապետը Մարիամ Կոյսին իմացուց խորհուրդը Աստուածորդիին մարդեղութեան:

Այս խորհրդածութեան ատեն կը միանանք թէ՛ Մարիամի հնազանդութեան նկատմամբ Տիրոջ Խօսքին ու թէ՛ Ս. Կոյսին համակերպումին Աստուծոյ կամքին:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ը, զոր կ՚աղօթենք սրտանց, կ՚արտայայտէ ու կ՚աճեցնէ մեր տենչը «այո՛» ըսելու Աստուծոյ՝ ամէն բանի մէջ, ի՛նչ եւ ի՛նչպէս կ՚ուզէ Ան, որ ըլլանք ու կատարենք:

Ուրախութեան երկրորդ խորհուրդն է «Մարիամի այցելութիւնը Եղիսաբէթին»: Առաջինը մարմնացումն է եղբայրսիրութեան, իսկ երկրորդը, որ տարիքն առած կին էր, գործօն ապացոյցն է, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ. 1,37):

Ջերմեռանդօրէն աղօթած մեր «Ողջոյն Քեզ»ով թէ՛ կը հռչակենք Կոյսը «երանի՜, որ հաւատաց, թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ Իրեն ըսուած խօսքերը» (Ղկ. 1,45), եւ թէ՛ Անկէ կը սորվինք վստահիլ Աստուծոյ անհուն ողորմութեան ու բարութեան:

Ուրախութեան երրորդ խորհուրդն է «Յիսուսի ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ», դէպի ուր մոգերը եկան Նորածին Արքային երկրպագութեան ու պաշտամունքին:

Սրտաբխօրէն ըսած մեր «Ողջոյն Քեզ»ը մեզի յիշեցնելու է, որ Ս. Հաղորդութիւնը շարունակումն է Քրիստոսի մարդեղութեան այս աշխարհին վրայ եւ Գոհութեան Խորհուրդը կու տայ մեզի բերկրանքն ամէն օր ունենալու «Ծնունդը» մեր սրտերուն մէջ:

Երբ կը մերձենանք Ս. Հաղորդութեան, կու գանք Բեթղեհէմ, որուն անունը կը նշանակէ «հացի տուն»: Յիսուս ուզեց ծնիլ հոն, որովհետեւ ուզեց իբր «Կեանքին Հացը» (Յվհ. 6,48) իջեւանիլ մեզի հետ՝ մեր սիրտը դարձնելով տունը Ի՛ր Հացին:

Ուրախութեան չորրորդ խորհուրդն է «Տաճարին մէջ Յիսուսի ընծայումը», որուն արարքը կը փաստէ նաեւ օրինապահութիւնը սրբափայլ ու շնորհագեղ Կուսամօր եւ Ս. Յովսէփ Աստուածահօր:

Բարեպաշտօրէն աղօթած «Ողջոյն Քեզ»ով կը հայցենք մեր Մօրմէն, որ Ինք մեզ ընծայէ Յիսուսի Սրտին՝ անկէ առաջ ընդունելով մեր նուիրումը իր Անարատ Սրտին:

Ուրախութեան հինգերորդ խորհուրդն է «կորսուած Յիսուսի գտնումը», որ Մօր վշտակոծ Սիրտը հրճուեցուց՝ մեզի շեշտելով.«Միշտ ուրախ եղէ՛ք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ՝ ուրախ եղէ՛ք» (Փիլ. 4,4):

Սրտանց ըսած մեր «Ողջոյն Քեզ»ով կը խնդրենք մեր Մօրմէն, որ երբեք չկորսնցնենք իր Որդին, իսկ եթէ դժբախտութիւնն ունենանք կորսնցնելու, ապա իր վարդարանին շնորհիւ մեզի վերադարձնէ մեր Տէրը, որ կը յայտարարէ արար աշխարհին. «Մարդու Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս եկաւ փնտռելու եւ փրկելու կորսուածը» (Ղկ. 19,10):

Կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ «Ուրախութեան խորհուրդներուն» մտածականով լիցքաւորենք մեր ներաշխարհն ու վերաշխուժացնենք մեր վարդարանը, որ սիրավառ աղօթքն է մարեմասէրներուն, մեծ հոգիներուն եւ սուրբերուն:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

IL N’Y A QUE LE PROVISOIRE QUI DURE
Ինչքան ճշմարիտ է ֆրանսական այս ասացուածքը լիբանանեան իրականութիւններուն համար։ Յայտնապէս, Լիբանանի պետական այրերը եւ ընդհանրապէս պետական մարմինները եւ իշխանութիւնները իրենց տնօրինումներուն մէջ կþառաջնորդուին ֆրանսական այս ասացուածքին նկատառումով, այսինքն այն համոզումով որ«տեւական է միայն ժամանակաւորը»։

Արդարեւ, երկրին մէջ իշխանութիւններուն որոշումով, թելադրութեամբ, հաւանութեամբ եւ լուռ մեղսակցութեամբ եղած տեւական ու մնայուն դարձած «ժամանակաւոր» կարգադրութիւններուն կամ լուծումներուն շարքը երկար է՝ սկսեալ այն օրէն երբ քաղաքացիական պատերազմը վերջ գտաւ։ Ջուրէն, ելեկտրականութենէն ետք քաղաքացին տագնապեցնող ու տառապեցնող բազմաթիւ «ժամանակաւոր կարգադրութիւններուն» նորագոյնը կը վերաբերի աղբերուն, որոնք ողողած են ամբողջ երկիրը՝ այլեւս դառնալով լիբանանեան ֆոլքլորի համայնապատկերին նոր գունաւորում տուող երեւոյթ մը՝ Կինեսի մրցանակին արժանի։ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ¥եթէ դեռ գոյութիւն ունի¤ աշխարհի մէջ հաւանաբար եզակի այս երեւոյթը եւ անոր «ժամանակաւոր լուծումներու» տեսարանները, աղբակոյտերու հրկիզում իր բոլոր հետեւանքներով՝ ծուխումուխ, կենսոլորտի ապականում, քաղաքացիներու եւ յատկապէս մանուկներու թունաւորում, համաճարակ, աղբերով լեցուն սպիտակ տոպրակներու գեղեցիկ բլուրներու կազմութիւն ճամբեզրին եւ դեռ հազարումէկ հնարամիտ «ժամանակաւոր կարգադրութիւններ», կրնայ այս բոլորը աւելցնել թուրիստական տեսարժան վայրերու շարքին…սպասելով վերջնական կարգադրութեան, որուն մասին ամիսներէ ի վեր մտածել կը ձեւանան երկրին ղեկավարները, անտեսելով եւ արհամարհելով ժողովրդային զայրոյթի ու բողոքի ցոյցերը։ Անոնք հաւանաբար կը մտածեն որ նախընթացներուն համակերպող քաղաքացիները, ճարահատ՝ այս երեւոյթին ալ կþընտելանան եւ իրենց ուսերէն վար կþիջնեն։

Արդարեւ, երկրին ղեկավարները եւ ընդհանրապէս քաղաքական դասակարգը հաւանաբար կը մտածէ որ երկիրը եւ ամբողջ աշխարհը տակնուվրայ ընող ահաբեկչական յարձակումներուն, անվտանգութեան խնդիրներուն, ընտրական օրէնքին, նոր նախագահի մը ընտրութեան խնդրին հետ բաղդատած աղբերու տագնապը երկրորդական կը դառնայ եւ կրնայ վերջնական լուծումի սպասող (ոմանք 30 տարիէ ի վեր) միւս ժամանակաւոր կարգադրութիւններու թղթածրարներու շարքին դասուիլ…սպասել եւ պարզապէս դառնալով տեւականացած ժամանակաւոր խնդիրներէն մէկը…։

Այսպէսով, աղբերու տագնապն ալ դասուած ըլլալով «տեւական դարձած ժամանակաւոր երեւոյթներու» շարքին, ժողովուրդին կը մնայ սպասել յաջորդ «ժամանակաւորին» որ պիտի գայ ճոխացնելու «ժամանակաւորներու» տեսականին…։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ «ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԱՇԳԱՐԵԱՆ» ՓՈՂՈՑԻ
Ոչ միայն Հայյ կաթողիկէ համայնքին եւ Հազմիէի շրջանի բնակչութեան ու պաշտօնական մարմիններուն համար, այլ համայն լիբանանահայութեան համար յիշարժան իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ «Հայր Վարդան Աշգարեան» փողոցի անուանակոչութեան նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հազմիէի Մխիթարեան վանքին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս պատրիարքին եւ նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Հազմիէի քաղաքապետութեան։ Հանդիսականներու առաջին շարքերուն վրայ կը նշմարուէր ներկայութիւնը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչ՝ Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի, երեսփոխաններ՝ Սերժ Թուրսարգիսեանի, Յակոբ Բագրատունիի, Ալեն Աունի, Հիքմաթ Տիպի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Շուէյֆէթի, Հազմիէի քաղաքապետերուն, Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետարաններու միութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հազմիէի շրջանի քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ օրուան հադիսավար Արամ Գարատաղլեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ գրագէտ ու թարգմանիչ Ժիւլի Մրատ, որ թարգմանած է Վարդան Աշգարեանի գիրքերէն: Ան ըսաւ, որ գերապայծառը հաւատքի եւ սիրոյ մարմնացում էր, համեստութեան եւ խոնարհութեան լաւագոյն թարգմանն էր ու վկան: Ժիւլի Մրատ ընթերցեց Վարդան Աշգարեանի ոտանաւորներէն մին, որ նուիրուած է Լիբանանի հողին:

Ապա խօսք առաւ հաղորդավար եւ լրագրող Փոլա Եագուպեան, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հայր Յովսէփ Թոփալեանին` այս նախաձեռնութեան համար: Ապա տուաւ իր կենդանի վկայութիւնը որպէս Մխիթարեան վարժարանի աշակերտ եւ գեղեցիկ ոճով պատմեց իր մանկութեան տարիներու դպրոցական յուշերէն, որոնք զինք կը կապեն Մխիթարեան վանքին եւ մանաւանդ բոլորին սիրելի հայր Վարդան Աշգարեանին: Փոլա Եագուպեան ըսաւ, թէ ինք պատերազմի սերունդէն է եւ այդ ծանր ու դժուար օրերուն Մխիթարեան կրթական հաստատութեան մէջ գտած է գուրգուրանք, սէր, կարեկցանք, ներողամտութիւն:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ հայ կաթողիկէ «Պլպուլ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի։

Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ ծ. վ. Եղիայեան, որ ըսաւ, թէ հայր Վարդան Աշգարեանի մարդկային յատկութիւնները, անոր հաւատարմութիւնը եւ անկեղծութիւնը զայն սիրելի դարձուցին ժողովուրդի բոլոր խաւերուն:

Գերյարգելի Եղիայեան նշեց, թէ Աշգարեան հրաժարեցաւ աշխարհի նիւթեղէն կեանքէն եւ ըմբոշխնեց Մխիթարեան հայրերու հոգեւոր աղբիւրներու շնորհները` ընդգծելով, որ հայր Վարդան Աշգարեան կը տածէր մեծ սէր իր մայրենի լեզուին նկատմամբ: Ան կեանքը ապրեցաւ խոնարհ, բայց մնաց աններող եւ անզիջող անարդարութեան հանդէպ:

Հայր Եղիայեան յայտնեց նաեւ, թէ Աշգարեան տէր ու պաշտպան մնաց եկեղեցական եւ աստուածաշնչային սկզբունքներուն` աւելցնելով, որ հայրենասիրական ոգին զինք կը մղէր պաշտելու Հայաստանը եւ Լիբանանը միեւնոյն ատեն։

Մարինէ Հալլաճեանի ջութակով երկու երաժշտական կտորներու կատարումէն ետք, խօսք առաւ Հազմիէի քաղաքապետ Ժան Էլիաս Ասմար։ Ան իր խօսքին մէջ ողջունեց բոլոր ներկաները, ապա անդրադարձաւ այն ջերմ յարաբերութեան, որ կայ Մխիթարեան վանքի հայրերուն հետ, մասնաւորաբար` հայր Վարդան Աշգարեանին: Ան նկատել տուաւ, թէ պատերազմի տարիներուն հայր Վարդան Աշգարեան ի գործ դրաւ մեծ ջանք` ժողովուրդի զաւակներուն օգնելու, կարօտեալին հասնելու, անօթին կերակրելու եւ մանաւանդ հայ փոքրիկները հայկական վարժարանին մէջ պահելու: Ան ըսաւ, թէ Հազմիէի քաղաքապետարանին համար մեծ պատիւ է փողոց մը անուանել հայր Վարդան Աշգարեանին անունով, որովհետեւ ան արժանի էր այդ անմահութեան:

Քաղաքապետը նշեց նաեւ, թէ վանքի բոլոր դժուարութիւնները կարելի եղած է յաղթահարել շնորհիւ համագործակցութեան ու անկեղծ յարաբերութեան, ան աւելցուց, որ 26 մարտ 2015-ին պետական որոշումով յանձն առնուեցաւ փողոցը կոչել գերապայծառ Վարդան Աշգարեանի անունով: Այս ծրագիրին իրականացման համար Հազմիէի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին` այս ծրագիրին միտքը յղանալուն համար, ապա կոչ ուղղեց բոլորին եւ մասնաւորաբար հայ կաթողիկէ համայնքին` տէր կանգնելու պատմական նշանակութիւն ունեցող այս մեծ ու հարուստ կառոյցին:

Խօսք առաւ նաեւ վարժարանին երկարամեայ տնօրէն հայր Յովսէփ Թոփալեան, որ պատմական այս իրադարձութեան առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին այս ծրագիրը` հաստատելով, որ Մխիթարեան հայրերուն համար մեծ պատիւ է այս նախաձեռնութիւնը: Ան շեշտեց, որ պիտի շարունակեն սիրոյ եւ ծառայութեան փարոս դառնալ բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն կարեկցանք եւ գութ, սէր եւ գուրգուրանք:

Ան հաստատեց, որ պիտի չհեռանան Հազմիէ շրջանէն, մանաւանդ հայր Վարդան Աշգարեանի փողոցէն: Իր խօսքի աւարտին հայր Յովսէփ Թոփալեան յուշանուէրով մը պատուեց Հազմիէ շրջանի քաղաքապետ Ժան Էլիաս Ասմարը:

Հուսկ խօսք առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի ներկայացուցիչ Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան եւս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայր Վարդան Աշգարեանի մարդկային վեհ արժանիքներուն, առաքինութիւններուն, մատնանշեց անոր կապուածութիւնը ազգին, հայրենիքին ու յատկապէս Լիբանանին եւ Հազմիէին: Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսը ըսաւ, որ գերապայծառ Աշգարեան մինչեւ իր կեանքին աւարտը մնաց ջատագովը եղբայրութեան, խաղաղ համակեցութեան, համերաշխութեան ու մանաւանդ անվերապահ սիրոյ:

Հանդիսութենէն ետք ներկաները` ՀԿՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ համախմբուեցան «Հայր Վարդան Աշգարեան» փողոց, ուր տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հանդիսաւոր հատում:

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ 23 Նոյեմբեր 2015, Երկուշաբթի առտուան ժամը 9-ին այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիաս։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին վաստակաւոր եպիսկոպոս գերապայծառ Մանուէլ Պաթագեան, նորօծ եպիսկոպոսներ՝ գերապայծառ Սարգիս Դաւիթեան՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կաթողիկէ հայոց եպիսկոպոսը, գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան՝ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսը, Սուրբ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար եւ երեսփոխան մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ պարոն Առաքել Մինասեան։

Մայրավանք ժամանումին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դիմաւորուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, զոր կը շրջապատէին Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ գերշ. տէր Շահէ եպիսկ. Փանոսեան, գերշ. տէր Գեղամ եպիսկ. Խաչերեան, գերշ. Նորայր եպիսկ. Աշըգեան եւ միաբան հայրեր։

Վեհափառ Տէրը եւ Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար, որուն աւագ  խորանին առջեւ գոհաբանական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։  Եկեղեցական արարողութենէն ետք, երկու Հայրապետները  թափօրով ուղղուեցան վեհարանին դահլիճը, ուր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բարի գալուստ մաղթեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ,  զայն շնորհաւորեց երկու նոր եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան առիթով եւ շեշտեց երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը նկատելով որ անոնք ունին քրիստոնէական նոյն արմատները։ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը իր կարգին նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառին իր գահակալութեան արարողութեան մասնակցութեան եւ այս առթիւ արտասանած խօսքին  համար՝ 9 Օգոստոսին, Զմմառու Վանքին մէջ։ Ապա ան շեշտեց մեր հաւատքին կառչած մնալու եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը թէ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Այնուհետեւ շուրջ ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը շօշափեց Լիբանանը եւ լիբանանցի ժողովուրդը յուզող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական խնդիրները, Միջին Արեւելքի վտանգալից կացութիւնը, շրջանէն ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութիւնը եւ հայկական գաղութներու, Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան ճակատագրին վերաբերեալ խնդիրները։  Երկու Հայրապետները շեշտեցին սերտ գործակցութեան հրամայականը՝ միասնական ճիգերով  դիմագրաւելու համար մեր հասարակութիւններուն սպառնացող վտանգները։

Զօր. Միշել Աուն այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում Համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն 17 նոյեմբեր երեքշաբթի ժամը 11-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ Պր. Միշել Տը Շատարեւեանի, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան գերապայծառ Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Իրանի թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Սարգիս Դաւիթեան, Սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար եւ երեսփոխաններ Մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ Մեթր Անթուան Շատեր:

Զօր. Աուն նախ շնորհաւորեց եւ բարեմաղթանքները ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ իր ընտրութեան առթիւ, ապա հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց առաւելաբար միջազգային, շրջանային եւ Լիբանանի կացութիւնները ընդհանուր առմամբ եւ մասնաւորաբար անվտանգութեան խնդիրները՝ վերջին օրերուն արձանագրուած ահաբեկչական եւ ողբերգական արարքներու լոյսին տակ: Քննարկուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին հայող խնդիրները: Շեշտուեցաւ ազգային երկխօսութեան եւ միասնականութեան հրամայականը՝ դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող վտանգները եւ լուծելու համար քաղաքացիները տագնապեցնող խնդիրները:

Զօր. Աուն հրաժեշտ առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ, Լիբանանը եւ Լիբանանցիները յուզող խնդիրներու լուծման ի խնդիր խորհրդակցական նոր հանդիպումներու մաղթանքով:

Արեւելեան քահանայապետական համալսարանի ուսումնական տարեշրջանի բացում
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Ռատիօ Վատիկանը, 2015 հոկտեմբերի 26-ին, Հռոմի Սուրբ Մարիա Մաճորէ եկեղեցիին մէջ, Ամեն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեան ներկայ գտնուած են Արեւելեան քահանայապետական համալսարանի ակադեմական նոր տարեշրջանի բացման արարողութեան, որ տեղի ունեցած է Վսեմ. Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի նախագահութեամբ: Արարողութեան ներկայ գտնուած են Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պատրիարքները:

Վսեմ. Կարդինալը հանդէս եկած է զեկոյցով մը, ուր ընդգծած է, որ Արեւելեան քահանայապետական համալսարանը արեւելքի կաթողիկէներու հոգին է: Կատարելով պատմական անդրադարձ մը, ան նշած է որ համալսարանը հիմնուած է 1917-ին՝ Բենեդիկտոս 15-րդ Սրբազան Պապին կողմէ, իսկ 1922-ին համալսարանը վստահուած է Յիսուսեան միաբանության: Համալսարանին մէջ կը մասնագիտանան Արեւելքի քրիստոնեայ Եկեղեցիներու, մշակոյթի, լեզուներու ուսումնասիրութեան մէջ:

Կարդինալ Սանտրի շեշտած է հայրաբանութեան ուսումնասիրութեան խորացման կարեւորութիւնը՝ մեծ ուշադրութիւն դարձնելով բիւզանդական, հայկական, ասորական, ղպտիական հայրաբանութեան, որոնք հիմը դարձան Արեւելեան աստուածաբանութեան:

Արեւելեան քահանայապետական համալսարանին մէջ կ՛ուսումնասիրուի նաեւ հայերէնը, որուն, Կարդինալին խօսքերով, յատուկ նպաստ կը բերէ Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:

Կարդինալը Արեւելքի Եկեղեցիներու պետերէն խնդրած է ուսանողներ ուղարկել այս համալսարանին մէջ ուսանելու համար:

«Աշխատանքը, ուսումը եւ աղօթքը մեր ակադեմական հաստատութեան մէջ թող ըլլան մեր օժանդակութիւնը խաղաղութեան վերահաստատումին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» ըսած է Վսեմաշուք Կարդինալը:

Քոյր Արուսեակի պարգեւատրում Ֆրանսայի Արժանեաց Շքանշանով
2015 նոյեմբերի 13-ին Կիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» արհեստից դպրոցի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան առաքինազարդ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի՝ «Ֆրանսայի Ազգային Արժանեաց Շքանշան»ով պարգեւատրութեան արարողութիւնը:

Շքանշանը առաքինազարդ հայ մայրապետին շնորհուած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտին կողմէ ի գնահատումն անոր մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութեան: Շքանշանը յանձնուած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանդիէին կողմէ: Արարողութեան ներկայ եղած են հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, Անարատ Յղութեան միաբան քոյրեր, Գթութեան միսիոներ առաքինազարդ քոյրեր, Յիսուսի փոքրիկ քոյրերու միաբանութեան առաքինազարդ քոյր Նոէլը, Շիրակի փոխ-մարզպետ Սէյրան Պետրոսեանը, մարզպետի խորհրդական Յասմիկ Կիրակոսեանը, Կիւմրիի փոխքաղաքապետ Ռուբէն Սանոյեանը, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր:

Ֆրանսայի դեսպանը շքանշանը յանձնելէ առաջ հանդէս գալով ելոյթով ըսած է մասնաւորաբար․- «Քոյր Արուսեակը ինծի համար երկու սկզբունք կը մարմնացնէ: Նախ՝ հաւատը առ Աստուած: Ասիկա նուազագոյնն է, որ պէտք է ունենայ միանձնուհին, բայց հաւա՛տն է, որ ուժ ու եռանդ կու տայ քոյր Արուսեակին եւ զինք կը դարձնէ հիացումի արժանի: Երկրորդ սկզբունքը հաւատն է առ մարդ արարածը, որուն ապացոյցն է այն ամէնը, զոր ան կ՛ընէ Կիւմրիի մէջ…մարդ արարածը անոր գործունէութեան կիզակէտն է՝ երեխաներ, կարիքաւորներ, ծերեր, երիտասարդներու մասնագիտացում, որպէսզի իրենց տեղը կարենան գտնել կեանքին մէջ։ Այսօր մեծ հպարտութեամբ Ձեզ կը պարգեւատրենք Ազգային Արժանեաց Շքանշանով եւ անգամ մը եւս ձեզի կը փոխանցենք Ֆրանսայի Հանրապետութեան երախտիքը: Երախտագիտութիւն կը յայտնենք Ձեր տինամիզմին, Ձեր բարեգործութեան համար, որ ամէն օր կը սփռէք Ձեր շուրջը»:

Դեսպանը «անգամ մը եւս Ձեզ կը պարգեւատրենք» ըսած է նկատելով որ ասիկա քոյր Արուսեակի երկրորդ պարգեւատրումն է Ֆրանսայի կողմէ։ Ան նախապէս պարգեւատրուած է նաեւ Ֆրանսայի «Պատուոյ Լեգէոն»ի շքանշանով:

Դեսպանին ձեռամբ պարգեւատրումէն ետք արտասանած շնորհակալութեան խօսքին մէջ քոյր Արուսեակ ըսած է․- «Շքանշանի տուչութիւնը համեստ կրօնաւորուհիի մը՝ մեծ նշանակութիւն ունի ասիկա մեծութիւնն է Ֆրանսայի, որ այսօր ալ կը զատորոշուի իր մարդկային արժէքներով: Շնորհակալութիւն պրն. դեսպանին, որ գիտէ գնահատել մեր գործունէութիւնը՝ կարիքաւոր երեխաներու համար։ Ես միշտ հպարտ եմ, որ հայ եմ, բայց միշտ հիացած եմ Ֆրանսային եւ ֆրանսերէնին: Ֆրանսան, որ այնքան սուրբեր տուած է, միշտ կը մղէ զիս, որ աշխատիմ ֆրասերէնի զօրացման եւ տարածումին համար:

«Երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Ֆրանսայի նախագահին՝ այս շքանշանին համար, որ կ՛ընդունիմ ոչ թէ որպէս քոյր Արուսեակ, այլ՝ որպէս անդամ կրօնական միաբանութեան, որ միշտ քաջալերած է իմ գործունէութիւնը, նաեւ զայն կ’ընդունիմ երեխաներուն եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին անունով՝ յուսալով որ մեր ապագան աւելի պայծառ կ՛ըլլայ»:

Շքանշանի տուչութեան արարողութիւնը աւարտած է Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի համերգով եւ հիւրասիրութեամբ: