Նոյեմբեր/Դեկտեմբեր 2019, թիւ 153/154 – Massis Magazine

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԵՒՍ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերին միաձայնութեամբ քուէարկելով Ռոպերթ Մենենտեզի (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) եւ Թէտ Քրուզի (հանրապետական, Թեքսաս) հեղինակած թիւ 150 բանաձեւը, առաջին անգամն ըլլալով ճանչցաւ ու դատապարտեց 20-րդ դարասկիզբին մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրը։ Բանաձեւը, որ կը ճանչնայ ու կը դատապարտէ Հայոց եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ Թուրքիոյ կողմէ գործուած ցեղասպանութիւնը, երեք անգամ, վերջինը՝ 29 Հոկտեմբերին, Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ մերժուած էր 405 թեր եւ 11 դէմ քուէներով ծերակուտականներու վեթոյի իրաւունքով։ Արդարեւ, Քեվըն Քրամըր, Տէյվիտ Պերթիուն եւ Լինտսի Կրահամ խափանած էին բանաձեւին (թիւ 296) ընդգրկումը Ծերակոյտի օրակարգին վրայ։ Ծերակոյտը անով միաժամանակ կոչ կ’ընէ մերժելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ կը հրաւիրէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Այնպէս ինչպէս 2015-ի Ապրիլի 12-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի խորանէն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ համաշխարհային հանրութեան ուղղուած՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչը, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումը եւս կոչ մըն է համաշխարհային հանրային կարծիքին։ Անոր արձագանգեցին միջազգային մեծազդեցիկ լրատուամիջոցները։

Ամերիկեան Ծերակոյտին միաձայն որոշումը կը հանդիսանայ Հայկական Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ արձանագրուած շրջադարձային նշանակութիւն ներկայացնող յաղթանակ մը, որուն յաջորդը՝ պէտք է ըլլայ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան համապատասխան որոշումը։ Ասիկա յայտնի պիտի ըլլայ յառաջիկայ Ապրիլի 24ին եւ պիտի հանդիսանայ լրումը Հայոց ցեղասպանութեան Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ճանաչման եւ Թուրքիոյ ժխտողականութեան դատապարտումին։

ԴԻՄԱՒՈՐԵԼ «ԴԱՏԱՐԿ ՁԵՌՔԵՐՈՎ»…
Ս․ Կ․

Բարի եկար 2020։

Այս տարի չեմ ուզեր բաւականանալ բարեմաղթանքներով, չեմ ուզեր միայն ցանկալ, կամ միայն շնորհաւորել։

Այս տարի կ’ուզեմ առաջին հերթին աղօթել։

Կ’ուզեմ աղերսել, դիմել Աստուծոյ ու սրտանց խնդրել ու խնդրել։

Այս տարի կ’ուզեմ ձերբազատուիլ անցեալի կապանքներէն, ընկալելու համար աստուածային խորհրդալի անակնկալները։

Երբ Յիսուս ծնաւ, հրեշտակները երեւցան հովիւներուն, որոնք գիշերը բացօթեայ իրենց հօտերը կը պահպանէին, ու անոնց աւետեցին ծնունդը Փրկիչին ըսելով. «Մի՛ վախնաք, ահա ձեզի կ’աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդին ուրախութիւնը պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Տէրն է։ Եւ այս թող նշան ըլլայ ձեզի. մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով պատուած եւ մսուրի մէջ դրուած»։ Հովիւները երբ բարի լուրը առին, անմիջապէս սկսան պատրաստուիլ երթալու եւ տեսնելու պատահածը. «Եկէ՛ք, երթանք մինչեւ Բեթղեհէմ, եւ տեսնենք թէ ինչ է այս պատահածը զոր Տէրը ցոյց տուաւ մեզի»։ Կը պատմուի թէ անոնք չուզեցին դատարկ ձեռքերով երթալ, իւրաքանչիւրը իր ունեցուածքէն ու ինչքերէն բաժին մը վերցուց, զայն նուիրելու համար մանուկ Յիսուսին։ Անոնցմէ մէկը որ չափազանց աղքատ էր, եւ բան չունէր տանելու, ուզեց հրաժարիլ միւսներուն ընկերանալէ, որպէսզի ամօթով չմնար։ Սակայն հովիւներուն պնդումին վրայ, ան համոզուեցաւ, խորհելով թէ ոչ ոք պիտի անդրադառնար անոր  ձեռքերուն դատարկութեան, քանի խմբովին կ’երթային։ Եւ անոնք փութով ճամբայ ելան, երթալու շնորհաւորելու ծնունդը Փրկիչին։ Երբ հասան, տեսան Մարիամը, որ իր ձեռքերուն մէջ շալկած էր Յիսուս մանուկը, եւ անոնց կողքին սուրբ Յովսէփը, որ նստած կը մտածէր պատահածներուն մասին։ Մարիամ դիմաւորեց հովիւները, եւ որպէսզի անոնց ձեռքերէն առնէր նուէրները, շուարեցաւ ուր պիտի թողուր մանուկը։ Անդրադարձաւ թէ անոնցմէ մէկուն ձեռքերը դատարկ էին, եւ անմիջապէս քովը երթալով մանուկ Յիսուսը յանձնեց անոր, իսկ ինք զբաղեցաւ նուէրներով։ Այս աղքատ հովիւը, որ բան չունէր, այդ օրը արժանացաւ ունենալու աշխարհի մեծագոյն նուէրը, մեծագոյն պարգեւը, որ նոյնինքն Քրիստոսն էր։

Նման այս հովիւին, այս տարի մենք ալ դատարկ ձեռքերով դիմաւորենք Փրկիչը, դատարկ ձեռքերով աղերսենք Աստուծոյ։ Դատարկ՝ աշխարհիկ զբաղումներէ, մտահոգութիւններէ ու տաղտուկներէ, որպէսզի կարենանք ընդունիլ Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ։ Ուստի պարպենք մեր ձեռքերը, մաքրենք մեր սրտերն ու մտքերը, որպէսզի անոնք Քրիստոսով լեցուին։

Եկէ՛ք դատարկ ձեռքերով ընդունինք Մանուկ Յիսուսը։

Ան ծնաւ մանուկ որպէսզի մեզի առիթը տայ զինք շալկելու, համբուրելու, այնպէս ինչպէս կը վերաբերինք ոեւէ մանուկի հետ ։

Ան ծնաւ մանուկ որպէսզի ինքզինքը յանձնէ մեզի, որպէսզի պատգամէ մեզի թէ ինք տակաւին կը վստահի մարդուն։

Եկէ՛ք դատարկ ձեռքերով ընդունինք նաեւ Նոր Տարին։

Նախորդ տարիներու տաղտուկներն ու մտահոգութիւնները մեզի հետ չտանինք։ Սորվինք անցեալէն, բայց կերտենք յոյսով լեցուն նոր ապագայ մը, նոր տարի մը։

Թօթափենք մեր ձեռքերէն ատելութեան, նախանձի ու չարաշահութեան վատ զգացումները, հրաժարինք պատերազմի ու սպանութեան կապանքներէն, եւ զգենունք սիրոյ, խաղաղութեան ու կեանքի զրահները։

53 տարիներէ ի վեր, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար տարուան առաջին օրը  Համաշխարհային Խաղաղութեան Օր է, եւ նման նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց ըսելով, թէ խաղաղութիւնը յոյսի ճանապարհ է, որ կը հիմնուի երկխօսութեան, հաշտութեան եւ դէպի բնապահպանութիւն դարձի վրայ։

«Խաղաղութիւնը թանկարժէք բարիք է, մեր յոյսի առարկան, որուն կը ձգտի համայն մարդկութիւնը: Խաղաղութիւն ցանկալը մարդկային վարք է, որ իր մէջ կը պարունակէ գոյութենական լարուածութիւն. այս է պատճառը, որ նոյնիսկ երբեմն ցաւալի ներկան «կրնայ ապրուիլ և ընդունուիլ, եթէ ան կը տանի դէպի արդիւնք մը, եւ եթէ մենք կարողանանք ապահով ըլլալ այս արդիւնքէն, եթէ այս արդիւնքը այնքան մեծ ըլլայ, այնքան որ կրնայ արդարացնել ճանապարհին խոչընդոտները յաղթահարելու ճիգը»: Այսպէս, յոյսը այն առաքինութիւնն է, որ մեզ ճանապարհի վրայ կը դնէ, որ մեզի թեւեր կու տայ յառաջ երթալու, նոյնիսկ երբ խոչընդոտները անյաղթահարելի կը թուին»։

Ֆրանչիսկոս Պապին համար խաղաղութիւնը երկխօսութեան ուղի է, որ կը հիմնուի յիշողութեան, համերաշխութեան եւ եղբայրութեան վրայ։ Ան կը նշէ թէ խաղաղութիւնը նաեւ հաշտութեան ճանապարհ մըն է հիմնուած եղբայրական հաղորդակցութեան վրայ. «Հաշտութեան ուղին մեզ կը հրաւիրէ մեր սրտերուն խորերը գտնելու ներումի ուժը եւ կարողութիւնը զիրար ճանչնալու որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։ Սորվիլ ապրիլ ներողամտութիւնը՝ մեր մէջ կը մեծցնէ կարողութիւնը ըլլալու խաղաղութեան կիներ եւ տղամարդիկ»։ Խաղաղութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ, Սրբազան Քահանայապետին համար, դէպի  բնապահպանութիւն դարձի ուղի: Մարդկութիւնը կոչուած է յարգելու բնութիւնը, մեր միացեալ տունը, որ Աստուծոյ պարգեւն է մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Վերջապէս, ան մեզ կը հրաւիրէ «մեծ» յուսալու, որպէսզի շատ ստանանք. «Հաշտութեան ճանապարհը համբերութիւն և վստահութիւն կը պահանջէ: Չենք ստանար խաղաղութիւն, եթէ զայն չյուսանք։ Առաջին հերթին պէտք է հաւատալ խաղաղութեան կարելիութեան, հաւատալ որ ուրիշն ալ մեզ նման միեւնոյն կարիքն ունի խաղաղութեան։ Ասոր մէջ, Աստուծոյ սէրը մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ, կրնայ մեզի ներշնչել ազատագրող, անսահման, ձրի եւ անխոնջ սէր»։

Աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար։

Խնդրենք ամենաբարին Աստուծմէ որ իւրաքանչիւրիս պարգեւէ ներքին խաղաղութիւն, որպէսզի կարենանք կերտել այնքան ցանկալի խաղաղութիւնը եւ դառնալ խաղաղարարներ։

Խնդրենք խաղաղութիւնը Լիբանանի համար, որ այժմ կը տատանի դաժան փոթորիկի մը մէջ։

Խնդրենք խաղաղութիւնը Միջին Արեւելքին համար։

Խնդրենք խաղաղութիւնը մեր Մայր Հայրենիքին՝ Հայաստանի համար, ինչպէս նաեւ Արցախի դիտաւորութեան, որպէսզի միշտ բարգաւաճ օրեր ունենան անոնք, եւ կարենան ըլլալ իւրաքանչիւր հայու հարազատ տունը։

Խաղաղութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կը բնակի, բաւ է որ իսկական տնեցիներն ըլլանք խաղաղութեան։

Պարպենք մենք զմեզ ամէն աղտեղութենէ, դառնալու համար իսկական առաքեալները սիրոյ, խաղաղութեան եւ կեանքի։

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ Նոր Տարի։

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՏԳԱՄ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
«Հրեշտակը ըսաւ հովիւներուն.

Մի՛ վախնաք, ահա մեծ ուրախութիւն մը կ՚աւետեմ ձեզի.

Փրկի՛չ մը ծնաւ այսօր ձեզի»

(Ղկ 2, 11)

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը հռչակէ այսօր մեծագոյն եղելութիւնը որ տեղի ունեցած է աստուածային արարչագործութենէն ետք, երբ հրեշտակները հռչակեցին թէ աշխարհ եկած է աշխարհի Փրկիչը, Բեթղեհէմ կոչուած անծանօթ գիւղի մը մէջ, մինչ բուռ մը հովիւներ, գիշերանց, հեռու աշխարհի թոհուբոհէն, կը պահպանէին իրենց ոչխարները։ Բոլորովին անտեղեակ էին անշուշտ այդ համեստ ու անգէտ մարդիկը, թէ իրենք առաջին վկաները պիտի ըլլային եղելութեան մը, որ մարդկութեան ճակատագիրն ու դիմագիծը հիմնովին պիտի յեղաշրջէր։ Աստուած այս կերպ ընտրած էր՝ իմացնելու համար մարդկութեան, թէ իր ստեղծած առաջին մարդուն գործած մեղքն ու անոր արժանացած պատիժը ջնջելու համար, այլ կերպ չկար, եթէ ոչ իր Միածին Որդին ղրկել աշխարհ, որպէսզի իր վրան առնելով Ադամին եւ ամբողջ մարդկութեան մեղքերը, մարդանար եւ կամաւոր կերպով զոհէր ինքզինքը իբրեւ ողջակէզ, թողլով որ խաչ հանեն զինքը ա՛յն մարդիկը զորս փրկելու համար եկած էր։

Աստուածային առաջին արարչական արարքէն ետք, մարդկութիւնը իր գոյութեան երկրորդ հանգրուանը սկսաւ ապրիլ այդ պահուն. փրկութեան ճամբան է որ կը բացուէր իր առջեւ, որովհետեւ իր վրայէն կը թօթափուէր աստուածային անէծքն ու դատապարտութիւնը, որու արժանացած էր իր նախահայրը։ Բարի լուրն էր այդ՝ զոր մարգարէներն ու նահապետները հռչակած էին դարերով, յորդորելով ժողովուրդը որ աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ աղերսեն Տէրը, որ օր առաջ առաքէ իր խոստացած Մեսիան, աշխարհի Փրկիչը։

Եւ այսօր, աստուածային ողորմութեան ու մարդասիրութեան այդ արարքն է որ կը յիշատակենք, մինչ ցնծութեամբ կը տօնախմբենք Քրիստոսի աշխարհ գալը։ Այո՛, ան ճշմա՛րտապէս աշխարհ եկաւ ու մարդացաւ՝ մէկ նպատակ միայն ունենալով. անկեալ մարդը վերականգնել ու փրկել։ Անըմբռնելի է իմաստն ու տարողութիւնը այս խորհուրդին՝ զոր Մարդեղութիւն կը կոչենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք ըմբռնել որ մարդը, որ ստեղծուած էր յաւէտ երջանիկ ըլլալու համար, ինքզինքը կը դատապարտէր՝ անտեսելով իր Արարչին պատուէրը։ Իր Տիրոջ հանդէպ գործուած այս ծանր յանցանքը՝ աստուածային միջամտութեամբ միայն կրնար սրբուիլ։ Հարկաւոր էր ուստի բացառիկ միջամտութիւն մը, բառնալու համար աստուածային անէծքը։ Ո՛չ մի արարած կարող էր այդպիսի փրկարար արարք մը կատարել։ Այդ բացառիկ միջամտողը ի՛ր իսկ, Աստուծոյ Որդի՛ն եղաւ, որ յօժարեցաւ իջնել աշխարհ, ստանձնելով մարդկային բնութիւնը, անոր բոլոր տկարութիւններով, մեղմելու համար Տիրոջ արդար ցասումը։ Այսպէսով է որ իրագործուեցաւ Փրկագործութեան խորհուրդը. Սուրբ Երրորդութեան երկրորդ անձը դարձաւ Գառն Աստուծոյ, անմե՛ղ ողջակէզը խաչին վրայ զոհուեցաւ մեր սիրոյն համար։

Ա՛յս էր փրկագինը, որ պէտք էր վճարուիլ փոխան մեղապարտ մարդկութեան ազատագրումին։ Ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Ինք, որ Աստուծոյ կերպարանքով էր, յափշտակութիւն չհամարեց հաւասար ըլլալ Աստուծոյ։ Բայց ինքզինքը ունայնացուց, ծառայի աստիճան առնելով, մարդոց նման դառնալով եւ մարդու տեսքով յայտնուելով։ Խոնարհեցուց ինքզինքը, հնազանդ դառնալով մինչեւ մահ եւ մինչեւ մահը՝ խաչին» (Փիլ 2, 8)։

Ան ըսած էր նախապէս՝ թէ սիրոյ գերագոյն ապացոյցը՝ իր կեանքը տալն է իր սիրած անձին համար։ Ուստի, ինքը որ ծայր աստիճան սիրած էր մարդկութիւնը, ուզեց գագաթնակէտին հասցնել իր սէրը, մեռնելով ի սէր մարդկութեան։ Յովհաննէս, այդ սիրոյ առաքեալը, որ մինչեւ խաչին ոտքը ընկերացաւ իր Տիրոջ, անմիջական վկան եղաւ այդ անհաւասարելի սիրոյն, յիշելով Յիսուսի վերջին օրերը. «Ան, գիտնալով որ հասած էր ժամը, ուր աշխարհէն պիտի փոխադրուէր դէպի Հայրը, սիրեց իրենները որ աշխարհի մէջ էին, ի սպառ սիրեց զանոնք» (Յովհ. 13, 1)։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Աւելի քան երկու հազար տարի անցաւ այն օրէն ուր Աստուած, գթալով իր ստեղծած մեղաւոր մարդուն, շնորհեց ամենամեծ պարգեւը, որ կարելի է երեւակայել. ի՛ր իսկ Միածին Որդին։ Զայն աշխարհ ղրկեց՝ որպէսզի մարդը, որ անհնազանդ գտնուած էր իրեն հանդէպ, կարենար ընդունիլ անոր ներումն ու վերստանալ իր կորսնցուցած երջանկութիւնը։

Կարելի՞ է ըսել, թէ որքանո՞վ մարդկութիւնը գնահատեց եւ օգտագործեց այսպիսի անգին պարգեւ մը։ Այսօրուան մարդուն մեծագոյն ցանկութիւնն է՝ օգտուիլ որքան կարելի է՝ աշխարհին ընձեռած անցաւոր բարիքներէն, որ գոհացում կու տան իր նիւթական, զգայական կարիքներուն, անտեսելով այն բարիքները, որոնց շնորհիւ կրնայ ապահովել իր հոգեկան, անանց երջանկութիւնը։

Այդ անգնահատելի բարիքներուն մեծագոյնն է խաղաղութիւնը, որուն բացակայութենէն կը տառապի ներկայ մարդկութիւնը, եւ որուն խոստումը հռչակեցին հրեշտակները Քրիստոսի մսուրին վրայ. «Փա՛ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն» (Ղկ. 2, 14)։ Ափսո՛ս, որքա՛ն հեռու է իրականանալէ այսօր խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ. կը տեսնենք ատելութիւնը մարդոց, ժողովուրդներու, ազգերու ու պետութիւններու միջեւ, որոնք ոգի ի բռին կը պայքարին իրարու դէմ, ջանալով իրարմէ խլել հարստութիւն, կամ ափ մը հող, ի գին հարիւրաւոր, հազարաւոր կեանքերու կորուստին։ Արեւելք ու Արեւմուտք, անխտիր, դարձած են բեմ՝ համատարած ու անվերջ խռովութիւններու, որոնցմէ զերծ մնացած չեն մեզ շրջապատող երկիրները, յատկապէս Միջին Արեւելքի տարածքին վրայ։ Մեզ կը մտահոգեն այս օրերուն արդար ցասումն ու պոռթկումը անիրաւուած, անապահովութեան մատնուած ժողովուրդին, մանաւանդ երիտասարդութեան, որոնք ճարահատ, կը մղուին յեղափոխութեան դիմելու կամ երկիրը լքելու։ Կրնա՞նք անտարբեր մնալ անոնց բարկութեան դիմաց, յուսալով որ օր առաջ այս երկրին տիրակալները զգաստանան, հրաժարին իրենց փառքի ու յափշտակութեան մոլուցքէն եւ մտահոգուին իրենց ժողովուրդին տառապանքով։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Ահա Քրիստոսի Ծնունդը, որ անգամ մը եւս մեր մէջ կ՚արթնցնէ խանդը՝ զարթնելու, մեր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դնելու, նպաստելու համար այս թանկագին, աստուածապարգեւ խաղաղութեան հաստատումին համայն աշխարհի վրայ։ Ի հարկէ, մեր մտքերն ու իղձերը այս պահուս կ՚երթան յատուկ կերպով մեր բոլոր սիրելի ազգակիցներուն, Մայր Հայրենիքի, Արցախի ու Սփիւռքի տարածքին վրայ, որպէսզի խաղաղութեան հետ միասին, իրագործուին ու զարգանան կատարեալ համերաշխութիւնն ու բարօրութիւնը։

Այս բարիքները պարգեւներն են նորածին Փրկչին, որուն դիմելու եւ աղերսելու առիթն ունինք այս օրերուն։ Պիտի ստանանք զանոնք՝ այն պայմանաւ որ մեր յոյսը չկորսնցնենք երբեք մարդացեալ Աստուծոյ ողորմութեան եւ բարեսրտութեան վրայ։ Մտաբերենք մարգարէական խոստումը, զոր կը հռչակենք յատկապէս այս օրերուս. «Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, Որդի մը տրուեցաւ ձեզի»։  Խաղաղութեան իշխանը մէկ անգամ չի ծնաւ։ Կը ծնի ամէն անգամ որ քրիստոնեայ աշխարհը կը վերարծարծէ իր յոյսն ու վստահութիւնը՝ թէ Ան մեզի հետ է միշտ. Էմանուէլն է ան որ երբեք բացակայ չէ մեր մէջէն։

«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի։ Ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»։

Ա՛յս է Ծնունդի անանցանելի խոստումը։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՆԿԵՂԾ ԵՒ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՔ
2019 Սեպտեմբերի 1-ին՝ «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքը կարդալէ առաջ, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութեան մէջ ըսաւ.

«Դու՝ ինձ, ես՝ քեզ սկզբունքով հաղորդակցութիւնը կը խեղաթիւրէ մարդոց միջեւ կապը, զայն կը վերածէ գործարքի, մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ կը յառաջացնէ անձնական շահադիտական հետաքրքրութիւն, մինչդեռ մարդկային յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան անկեղծ եւ անշահախնդիր»:

Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց, որ օրուան աւետարանական ընթերցանութեան հատուածը մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսը, որ կը մասնակցի ճաշի՝ փարիսեցիներու իշխանաւորներէն մէկուն տունը: Հետեւելով հրաւիրուածներուն՝ Յիսուս կը նկատէ, որ հիւրերը կը շտապեն զբաղեցնել առաջին տեղերը:

«Նման վարքագիծը շատ տարածուած է նաեւ մեր օրերուն, ընդ որում, ոչ միայն ճաշի հրաւէրի հետ կապուած: Առաջին տեղը գրաւելու ձգտումը թելադրուած է միւսներուն նկատմամբ որոշակի երեւակայական գերակայութիւն հաստատելու ցանկութեամբ: Առաջին տեղերու համար մղուող այս պայքարը  կը վնասէ ե՛ւ քաղաքացիական ե՛ւ եկեղեցական համայնքներուն, քանի որ կը կործանէ եղբայրական յարաբերութիւնները: Մենք բոլորս կը ճանչնանք նման փառասէր մարդիկ, որոնք ամէն ինչ կ’ընեն՝ առաւել բարձր դիրք գրաւելու համար: Անոնք կը կործանեն եղբայրութիւն:

Յիսուս հիւրերուն կը պատմէ երկու կարճ առակ: Առաջին առակը ուղղուած է ճաշի հրաւիրուածներուն եւ անոնց կոչ կ’ընէ չնստիլ լաւագոյն տեղերը, որպէսզի այն պարագային երբ իրենցմէ առաւել պատուական մէկը հրաւիրուած ըլլայ՝ ստիպուած չըլլան ամօթով զիջիլ իրենց տեղերը: Ասոր համար ալ Յիսուս կը սորվեցնէ նստիլ վերջին տեղը, որպէսզի տանտէրը հրաւիրէ նստելու աւելի բարձր տեղ:

«Այսպիսով, մենք պէտք չէ փնտռենք ուշադրութիւն շրջապատի կողմէ: Այլ բան է, երբ շրջապատը ինքը հարկ կը համարէ տալ քեզի այդ ուշադրութիւնը: Յիսուս մեզի միշտ ցոյց կու տայ խոնարհութեան ուղին, քանի որ ասիկա է միակ ճիշդ ճանապարհը իրական յարաբերութիւններ ունենալու համար: Եւ խօսքը անկեղծ խոնարհութեան մասին է եւ ոչ թէ՝ կեղծ…»:

Երկրորդ առակը ուղղուած է տան տիրոջը: Յիսուս կ’ըսէ.

«Երբ ճաշ կամ ընթրիք կու տաք, մի՛ կանչեր ո՛չ բարեկամներդ, ո՛չ եղբայրներդ, ո՛չ ազգականներդ եւ ո՛չ ալ հարուստ հարեւաններդ, որպէսզի անոնք ալ փոխարէնը քեզ չհրաւիրեն, եւ քեզ հատուցում ըլլայ: Այլ, երբ ընդունելութիւն ընես, կանչէ աղքատները, խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը, եւ երանելի կ’ըլլաս, որովհետեւ փոխարէնը քեզի հատուցելու ոչինչ ունին»:

Յիսուս այստեղ եւս կ’երթայ հոսանքին հակառակ, ինչպէս միշտ, ցուցաբերելով Երկնային Հօր տրամաբանութիւնը: Ան կը բացատրէ Իր խօսքը, որ եթէ դուն ունենաս անկեղծ յարաբերութիւններ, ապա «ասոր փոխարէն քեզի կը հատուցուի արդարներու յարութեան օրը»:

Ասիկա կը նշանակէ, որ անոնք, որոնք կը դրսեւորեն նման ճիշդ պահուածք եւ վարքագիծ, կը ստանան աստուածային պարգեւ, որ աւելին է, քան այն սկզբունքը, որ գոյութիւն ունի մարդոց միջեւ՝ քու մատուցած ծառայութեան դիմաց՝ ես եւս ծառայութիւն կը մատուցանեմ քեզի: Ասիկա քրիստոնէական չէ.- ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը:

«Քրիստոնէական առատաձեռնութիւնը անկեղծ է: Մինչդեռ «դու՝ ինձ, ես՝ քեզ» սկզբունքով հաղորդակցութիւնը կը խեղաթիւրէ մարդոց միջեւ կապը՝ զայն վերածելով գործարքի, կը յառաջացնէ անձնական հետաքրքրութիւն յարաբերութիւններու մէջ, որոնք պէտք է ըլլան անկեղծ եւ անշահախնդիր: Յիսուս մեզի անշահախնդիր առատաձեռնութեան կոչ կ’ընէ»:

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ «բոլորէն առաւել խոնարհ ու բարձր է», օգնէ մեզի գիտակցելու այդ ամէնը եւ  ճիշդ դրսեւորուելու, նուիրուելու ուրախութեամբ առանց որեւէ ակնկալիքի:

Ռատիօ Վատիկանի ռուսերէն բաժնի հրապարակումը թարգմանեց՝

ՆԱՅԻՐԱ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ

ԱՊՐԻ՛Լ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

25 Դեկտեմբեր 2019։

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Ձեզի մեզի մեծ աւետիս»։

Այսօր, սովորական «բարեւ, ինչպէ՞ս ես»ին փոխարէն Քրիստոսի ծննդեան աւետիսով մարդիկ կ’ողջունեն զիրար։

Այսօր, նոր տարուան նախօրեակին, տօնական է մթնոլորտը, բայց ոչ միայն աշխարհիկ հասկացութեամբ, այլ մանաւանդ քրիստոնէական։

Այս օրուան նշումը ուրախալիր ըլլալով հանդերձ սովորական տօնակատարումներուն նման պէտք չէ ըլլայ։

Որովհետեւ, ինչպէս կ’ըսէ Աւետարանը, «այսօր մեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ օծեալ Տէրն է»։

Այդ օր, անշուք եղաւ Յիսուսի ծնունդը։ Արեւելքի հեռաւոր ափերէն միայն մոգեր յատուկ լուսաստղով մը առաջնորդուելով եկան ու խոնարհեցան Յիսուս մանուկին դիմաց, անոր սնարին վերեւ կանգնած Տիրամօր եւ սուրբ Յովսէփի կողքին, որովհետեւ այդ ժամանակներուն գոյութիւն չունէին այսօրուան հաղորդամիջոցները՝ համայն աշխարհին իմացնելու համար Փրկչին ծնունդը։ Այսուհանդերձ, առանց այդ հաղորդամիջոցներու օգնութեան՝ աշխարհ իմացաւ եւ եկեղեցիներու զանգակներուն ղօղանջը ծնունդին աւետիսը կը հնչեցնէ ահաւասիկ աւելի քան 20 դարէ ի վեր եւ դեռ պիտի շարունակէ հնչեցնել մինչեւ աշխարհին կատարածը։ Մարդիկ կ’երթան եւ պիտի շարունակեն երթալ խոնարհելու համար սուրբ մսուրին առջեւ։

Դժբախտաբար, սակայն, շատերուն համար սուրբ Ծնունդի յիշատակութիւնը շուտով դուրս գալով հոգեւոր ապրումներու սահմանէն կը վերածուի աշխարհիկ տօնակատարումի։ Շուտով կը մոռցուին եկեղեցիներու զանգակներուն ղօղանջը, մսուրն ու շարականները։ Զանոնք փոխարինելու կու գան տօնականօրէն զարդարուած վաճառատուներու ցուցափեղկերը, նուէրներու ակնկալութիւններն ու փոխանակումները, առատ կերուխումի սեղանները, խրախճանքները, մսխումները։ Կը մոռցուին մսուրին առջեւ կատարուած քրիստոնէավայել ու բարեմասնական յանձնառութիւնները, Յիսուս մանուկին տրուած առաքինական խոստումները, Անկէ ակնկալուած բարիքները։ Այդ Սուրբ Օրը կը դառնայ աշխարհիկ վայելքներու առիթ։

Որպէսզի յոռի երեւոյթներու մասին քահանայական չափազանցուած վկայութիւններ չթուին վերեւի քննադատութիւնները, պէտք է միաժամանակ անդրադառնանք սուրբ Ծննդեան տօնէն թելադրուած հոգեւոր արժէքներուն, վայելքներուն ու բարեմասնութիւններուն հաւատարիմ մարդոց, որոնք սուրբ Ծննդեան յիշատակութիւնը կը վերածեն մանաւանդ հոգեւոր տօնակատարումի եւ այդ օր կը մտածեն իրենց ուրախութեան բաժնեկից դարձնել զրկեալները, մտահան չեն ըներ ընկերութեան լուսանցքին վրայ ապրելու դատապարտուած ընտանիքները, հիւանդները, անօգնական ծերերը, ընտանեկան ջերմութենէն զրկուած մանուկները, հանապազօրեայ հացի կարօտ մարդիկը եւ գէթ մխիթարութիւն եւ կարեկցութիւն ակնկալող թշուառները։ Մարդկայնական այս բարեմասնութիւններուն մղում տուող զգացումը Սէրն է, քրիստոսաւանդ ճշմարիտ եւ անշահախնդիր սէրը, որ կը մղէ հաւատացեալ մարդը նուիրումի, շրջապատին նուիրուելու եւ ծառայելու անհաշիւ, առանց փոխադարձը ակնկալելու։ Ան այս սիրոյ եւ նուիրումին մէջ կը փնտռէ երջանկութիւնը։ Ճշմարտապէս հաւատացեալ մարդն է որ կրնայ ցուցաբերել այսպիսի ողորմասրտութիւն եւ կարեկցութիւն հանդէպ իր նմանին, երբեմն նոյնիսկ իր անձնական մտահոգութիւններու հաշւոյն։ Այսպիսի մարդուն համար քրիստոնէական ապրումը չի սահմանափակուիր եկեղեցական կամ հոգեւոր ձեւակերպութիւններու մէջ։ Չի սահմանափակուիր սուրբ Ծննդեան յիշատակութեամբ օր մը միայն, այլ այդ Օրուան խորհուրդը կը դառնայ կեանքի ուղեցոյց եւ ներշնչման աղբիւր։

Ժամանակակից պայմաններուն մէջ հեշտ չէ անշուշտ այսպիսի զգացումներով տոգորուիլ եւ համապատասխան տրամադրութիւններով առաջնորդուիլ։ Միայն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած մարդը կրնայ յաղթահարել սուրբ Ծննդեան խորհուրդին թելադրած ապրումներու արտայայտութիւնները խոչընդոտող փորձութիւնները։ Սուրբ Ծնունդը կը զգացնէ քրիստոնեայ ընտանիքին եւ Հայ Դպրոցին վստահուած այդ դաստիարակութեան հրամայականութիւնը։

ԺԱՄԱՆԱԿԸ, ՈՐ Կ’ԱՆՑՆԻ, ՀԱՇԻՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ…
ՎԱՐԴԱՆ ԶՕՐԵՆՑ

Տարին մօտ է վերջանալու։

Հաշուեյարդարի օրեր են, վերջին օրերը՝ գործի ու խղճի մարդերուն համար։

Եկեղեցի եւ պետութիւն, գործատէր ու գործաւոր, վաճառական ու արհեստաւոր, ընտանիքի հայր ու անհատ, բոլորը կը կշռեն օրերը տարիին, որ անցնելու վրայ է, ու կը դատեն։

Բայց միայն տնտեսութիւնն ու ճարտարարուեստը չէ որ կը պահանջեն հաշուեկշիռ։

Կը պահանջէ նաեւ մա՛րդը, որ տէր է մտքի ու հաւատքի, խղճի ու բարոյականի։

Լուրջ են սա հարցումները, որոնք պատասխանի կը սպասեն. –

Աստուած մարդուն տարի մը պարգեւեց՝ որոշ նպատակի մը, որոշ ծրագրի մը, որոշ վախճանի մը համար։

Արդեօք ան ծառայե՞ց այն նպատակին, ծրագրին, վախճանին՝ որուն համար աշխարհ եկած էր։

Մօտեցո՞ւց զինք Աստուծոյ, ընկերութեան, արդարութեան։

Գտա՞ւ զինք անբասիր եւ անսայթաք՝ պարտքերու եւ պատուիրաններու ճանապարհին վրայ։

Ամբողջ տարին եղա՞ւ Աստուծոյ հետ միացած՝ սիրով ու շնորհքով։

Ի՞նչ եղաւ իրեն համար ժամանակը՝ առիթ բարութեա՞ն թէ չարութեան, մե՞ղք թէ առաքինութիւն։

Սանդուխ դէպի վե՞ր թէ վար, գեղեցկութի՞ւն թէ տգեղութիւն, երկի՞նք թէ դժոխք։

Ինչպէ՞ս գործածեց ժամանակը − իբրեւ հեթանո՞ս թէ իբր քրիստոնեայ։

Ժամանակը դատելու կերպ մը կայ, որ հեթանոսական է, չէ՛ քրիստոնէական դատում։

Ահա՛ ուղն ու ծուծը, այդ հեթանոսական կենցաղագիտութեան.−

Տարիները կը սահին, երիտասարդութիւնը կ’անցնի, գեղեցկութիւնը կը խամրի, մորթը կը խարշամի, ջիղ ու մկան կը թոյլնան, կը տկարանան։ Օ՛ն ուրեմն, աճապարէ՛, վայելէ՛, ամէն հաճոյքի վրայ յարձակէ՛, ամէն ծաղիկ հոտոտա՛, ամէն խորտիկ ճաշակէ՛, ամէն ըմպելիք ըմբոշխնէ՛, ամէն հաճելի տեսարանով հրճուէ՛։ Որովհետեւ, այսօրը չի դառնար ետ, հարկ է ծծել, քամել կեանքի հրամցուցած բոլոր հաճոյքները։

Օրերդ թիւ ունին – կը խրատէր Հոմեր − երբ լրանայ թիւը, կը յաջորդեն գիշերները ստուերոտ, երկար, անեզր, քստմնելի։ Որսա՛, ինչ որ կրնաս անհետող օրերու ծովէն. քանի երիտասարդ ես ու առողջ ու գեղեցիկ, հսկէ՛ դարանամուտ, որպէսզի հաճոյք մը չփախցնես։

Ուրիշ հեթանոս իմաստուն մը՝ Օվիտ կը վկայէր. – Հիւանդին ու ծերին, աղքատին ու թշուառին համար՝ ժամանակը կանգ կ’առնէ։ Արագասոյր է եւ ճեպընթաց՝ երիտասարդութեան համար։ Պիտի ծերանան նաեւ անոնք, բայց հաճոյքի թոյնով թմրած հիմա՝ չե՛ն զգար, կամ չե՛ն ուզեր հաւատալ։

Սակայն, իրենց ի՜նչ փոյթ, թող անսանձ երիվարներու նման արշաւեն օրերը ու գահավիժին անդունդը յաւիտենականութեան։

Ժամանակը ժանիքաւոր է,- կ’աւելցնէր նոյն Օվիտը,− որ ամէն բան կը կրծէ։ Բայց ջիղ ու ոսկոր կրծող ժանիքը՝ աւելի կը սրուի ու կը գործէ անգթօրէն, երբ թաթխուի հաճոյքներու թոյնին մէջ։

Եւ ա՛յդ է գերագոյն իմաստութիւնը հին ու նոր հեթանոս իմաստութեան.− Ժամանակի կրծող ժանիքը սրել հաճոյքներու թոյնով։

Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ նոյն ժանիքով թունաւոր՝ կը կրծուի խիղճն ու բանականութիւնը մարդուն, որ կը յանգի սա տմարդի եւ անասնավայել տեսակէտին.− «Կերիցուք եւ արբցուք, զի վաղիւ մեռանիցիմք» − ուտենք, խմենք, քանի որ վաղը պիտի մեռնինք (Ա. Կորնթ. 15 Գլխ. 33)։ Կամ «Անձն իմ, շատ բարիքներ ունիս, երկար տարիներու համար ամբարած, հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛, զուարճացի՛ր» (Ղուկ. 12 Գլխ. 19)։

Այս է կեանքի կարգախօսը՝ անոնց որ համակ միս ու հաճոյք կը խորհին, ու կը մոռնան որ կայ նաեւ ճշմարտութեան պասուք, բարութեան ծարաւ, հոգիի գեղեցկութեան քաղց, աստուածային սիրոյ տենչ։

Թողունք սակայն այս անմիտ տեսակէտը, ու նայինք ժամանակին Անո՛ր աչքով, որ Տէ՛րն է ժամանակին։

Որովհետեւ այն ատեն միայն պիտի կարենայ գնահատել ժամանակին իրաւ արժէքը, ու զայն գործածել Անոր կամքին համաձայն։

Ժամանակը մեր կեանքն է երկրաւոր։

Ու կեանքը չէ տրուած մեզի, որպէսզի վատնենք, մսխենք, շուայտենք։

Կեանքը թանկ է, գին չունի, որ ժամանակին հետ կ’ընթանայ՝ ոչ թէ դէպի ոչինչ, այլ դէպի յաւիտենականութիւն։

Ժամանակը փրփուրն է յաւիտենականութեան։ Աւելին։ Ժամանակը փոփոխական է, պայմանական է, պատահական է։ Բայց կ’առաջնորդէ մեզ իրմէ վեր ու անդին, դէպի անփոփոխը, անպայմանը, բացարձակ իրականութիւնը՝ Աստուա՛ծ։

Եւ Աստուած է մեր Փրկիչը, մեր Դատաւորը, մեր Վարձատրիչը, մեր Պատժածուն։

Ինչպէս գետ մը ամէն բան կը տանի, կը նետէ ծով, նոյնպէս ժամանակի հոսանքը պիտի նետէ մեզ Աստուծոյ գիրկը։

Բայց, իբրեւ ի՞նչ – թշնամի՞ թէ բարեկամ։

Կախում ունի՝ թէ ինչպէ՞ս գործածեցիր ժամանակը – Աստուծոյ դէ՞մ՝ թէ Աստուծոյ հետ։ Աստուած փառաւորելո՞վ՝ թէ անարգելով։ Փրկելո՞վ հոգին՝ թէ դատապարտելով։ Գեղեցկացնելո՞վ սիրտը՝ թէ տգեղցնելով։

Քու անցուցած ժամանակն է որ իր բարի կամ չար բովանդակութեամբ պիտի պաշտպանէ քեզ կամ դատապարտէ։

Ահա՛ այս է միակ ու բանաւոր տեսակէտը, նաեւ աստուածավայել, որով պէտք է դատել անցնող տարին։

Ի՞նչ բանի ծառայեց տարին – հոգիիդ փրկութեա՞ն՝ թէ դատապարտութեան։ Դրամագլուխ՝ յաւէ՛տ երջանկութեա՞ն՝ թէ յաւերժական տանջանքի։

Եթէ փրկութիւն եւ երջանկութիւն – փա՛ռք տուր Աստուծոյ։ Եթէ դատապարտութիւն եւ տանջանք – զղջա՛, ստրջացի՛ր, ուղղէ՛ վարքդ, մաքրէ՛ սիրտդ, զօրացո՛ւր կամքդ, ու կը փոխես արժէքը անցած տարիին՝ Աստուծոյ առջեւ։

Փայլ ու շնորհք կրնաս դնել նոյնիսկ անցած տարիին մէջ՝ եթէ անկեղծ զղջումով նետես զայն Աստուծոյ ողորմութեան առջեւ։

Գոնէ վերջին օրերուն, որ վաղը քեզի պիտի չըլլայ այլեւս, դարմա՛ն տուր անցած տարիիդ, որ իր բովանդակութիւնը պիտի յանձնէ յաւիտենականութեան։

Չմոռնա՛ս։ Ժամանակը կ’անցնի։ Կը մնայ միայն՝ յաւիտենականութիւնը։

1990

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ… ԳԻՏՆԱՆՔ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«Երէկ էր կարծես, ինչքան շուտ անցաւ տարին»։ Ամբողջ տարի մը, որուն հրաժեշտ տալու վրայ ենք եւ որ իր մէջ կը խտացնէ մեր ապրած բոլոր ժամանակները՝ նոյնիսկ ակնթարթն ու վայրկեանը, ապա ժամը, օրը, շաբաթը, ամիսը։ Այսօր ժամանակն է այդ բոլոր անցած պահերուն հաշուեփակը կատարելու եւ թեւակոխելու նոր ժամանակներու շարանը, մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքի պատմութեան էջերուն վրայ աւելցնելով եւս մէկը։ Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ այս նոր էջը։ Նախախնամութիւնը միայն գիտէ։ Բայց Նախախնամութիւնը արգելք չէ որ գուշակել կամ նախատեսել փորձենք գալիք 365 օրերը եւ յետադարձ ակնարկով մը թեւակոխենք նոր տարին, դասեր քաղել փորձենք մեր ապրած փորձառութենէն։

Այդ փորձառութեան 365 օրերը ակնթարթ մը կը թուին պահ մը։ Այդ պահուն՝ ակնթարթն ու տարին կը հաւասարին կարծես։ Պահ մը կը կորսնցնենք ժամանակի հասկացողութիւնը, բայց անգամ մը եւս կ’անդրադառնանք անոր կարեւորութեան ու արժէքին։ Կը նկատենք ու կը հաւատանք որ իրապէս «ժամանակը սուղ է» այնպէս ինչպէս սորվեցուցած են մեզի մեր վաղ մանկութենէն։ Այնուհետեւ, տարիներու թաւալքին հետ անդրադարձած ենք որ ժամանակը երբեմն աւելի սուղ է, աւելի թանկարժէք քան ոսկին. ան երկնառաք հարստութիւն մըն է, տրուած հաւասարապէս բոլո՛ր մարդոց։ Բայց դժբախտաբար, ամէն մարդ չէ որ կը գիտնայ զայն ըստ արժանւոյն օգտագործել, դրամագլուխի վերածել, յումպէտս չվատնել, չմսխել թանկարժէք պահերը որոնց գումարը կը կազմէ ժամանակը։ Ամէն մարդ չէ որ կը մտածէ զայն արդիւնաւէտ դարձնելու մասին։ Անոր օգտագործումով՝ հոգին ու միտքը հարստացնելու մասին։ Նպատակադիր գործունէութեամբ զայն լեցնելու մասին։ Ամէն մարդ չէ որ կը գիտնայ ազնիւ առաջադրանքներու ու ծրագիրներու կենսագործումին ծառայեցնել իր ժամանակը։ Աշխատանքով ու ջանասիրութեամբ ։

Այնպէս ինչպէս դրամատէր կամ գործարար մարդիկ տարին գէթ անգամ մը իրենց ունեցուածքին հաշուեկշիռը կ’ընեն, հարուստ կամ ոչ՝ իւրաքանչիւր մարդ պարտի նաեւ հաշուեկշիռը ընել իր ժամանակին՝ ստուգելու համար որ անոր ինչքա՞նը հասութաբեր ու արդիւնաւէտ եղած է, ինչքա՞նը՝ ապարդիւն, վատնուած։ Ստուգելու համար որ «ժամանակ դրամագլուխ»ի տոկոսի համեմատութիւնը որքա՞ն եղած է։ Գրպանի սնանկութենէն աւելի վատ է մտքի ու հոգիի սնանկութիւնը որ հետեւանքը կրնայ ըլլալ ժամանակի դրամագլուխէն օգտուիլ չգիտցողներու թմրամտութեան։ Հետեւանքը՝ ունայնութիւններու վրայ թանկարժէք ժամանակի մսխումին։

Զարգանալ, բազմաշնորհ դառնալ, միտքն ու հոգին հարստացնել ուզող մարդուն համար ժամանակը երբեք չի բաւարարեր, որովհետեւ շնորհիւ անոր անընդհատ ու նպատակամէտ օգտագործումով ձեռք բերուած պաշարը հարկադրանքին առջեւ կը դնէ մարդը աւելի ժամանակ պահանջելու, յաւելեալ դրամագլուխ՝ կարենալ բաւարարելու համար իր հոգեմտաւոր պահանջները։ Մինչդեռ պարապութիւններու վրայ իր ժամանակը սպառողին սնանկութիւնը չ’ուշանար. շուտով կը զզուի ինքն իրմէ, կեանքէն. ձանձրոյթը կը կրծէ զինք. կ’անիծէ ժամանակը որ չ’անցնիր։ Այսպիսիներուն համար վերջին պահուն փնտռուած ժամանակն է որ միայն բաւարար չ’ըլլար, որովհետեւ մինչ այդ կորսնցուցած կ’ըլլան ի սկզբանէ իրենց շնորհուած թանկարժէք պահերը։ Վերջին պահուն միայն կը գիտակցին կարեւորութեանը այն թանկարժէք ժամանակին զոր ձգեցին իրենց ետին անվերադարձ։

Զուր է վերարժեւորել փորձել անիմաստ զբաղումներու յատկացուած պահերը որոնք ոչինչ տուին։ Դարձան ժամանակի կորսուած ներդրում։ Զուր է փնտռել տարիներու բեռան տակ թաղուած բան մը որքան ալ արժէքաւոր ըլլայ ան։ Եթէ չենք գիտցած իր օրին գնահատել այդ արժէքը, գուրգուրալ անոր վրայ՝ վերջին պահու զղջումը անօգուտ է եթէ նոյնիսկ գործուած տարբեր մեղքերու թողութիւն խնդրելու համար երբեք ուշ չէ, ինչպէս որ կ’ուսուցանէ Եկեղեցին։

Հարուստ է ու լիացած այն մարդը որ գէթ տարին անգամ մը, Նոր Տարուան սեմին կանգնած կրնայ դրական պատասխան տալ ինքն իրեն ուղղած այն հարցումին թէ ի՛նչ տուին իրեն անցնող տարիները, տարին, ամիսը, շաբաթը, օրը, ժամը, թերեւս նոյնիսկ ակնթարթը։ Ի՛նչ աւելցուցին իր հոգեկան ու մտաւոր պաշարին վրայ։ Բարի համբաւին ու վաստակին վրայ։ Որքա՛ն աւելի ընդարձակեցին իր մտահորիզոնն ու աշխարհահայեացքը։ Մէկ խօսքով, որքա՛ն աւելի հարստացուցին զինք հոգեպէս ու բարոյապէս, մտքով ու գիտելիքներով, մարդասիրութեամբ ու բարի համբաւով։ Հարստութիւն մը որ ժառանգ չի կրնար ստացուած ըլլալ, ոչ ալ առեւտուրով, առաւփախաւութեամբ կամ գործարարութեամբ ձեռք ձգուած, այլ «ժամանակ դրամագլուխ»ի նպատակադիր, ճիշդ եւ մինչեւ իսկ խնայողաբար օգտագործումով։

Եթէ պարկեշտօրէն կատարուած հաշուեկշիռը ցոյց տայ ժամանակ դրամագլուխին կորուստը, կորսուածին վրայ ողբալը օգուտ չունի։ Ժամանակը մշտանորոգ դրամագլուխ մը ըլլալով, հարկ է մտածել նորը, գալիք ժամանակները չկորսնցնելու, զանոնք նպատակային դարձնելու մասին։ Այսպիսի հաստատակամութեամբ գալիք օրերուն նայիլ ուզող մարդուն հանդէպ՝ ժամանակը նաեւ բարեգութ է եւ միշտ պատրաստ նոր եւ վերջին առիթ մը տալու, կորսուած դրամագլուխը վերականգնելու հնարաւորութիւն ստեղծելու։

Ահա թէ ինչու անցնող ժամանակներուն հաշուեկշիռը կատարող մարդուն համար Ամանորը՝ ժամանակին ընձեռած հնարաւորութիւններու լաւագոյն ձեւով օգտագործումին առաջնորդող նոր հանգրուան մը կրնայ ըլլալ։ Նոր Տարուան մէջ նորը՝ անոր սեմին կանգնած մարդուն տրամադրութիւնը, առաջադրանքներն ու ապագայի մտահայեացքը կրնան ըլլալ։ Որովհետեւ տարեթիւի փոփոխութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ երկրագունտի կամ բնութեան օրէնքներէն։ Արեւն ու Լուսինը, տարուան եղանակներն ու ծաղկունքը պիտի յարգեն իրենց ժամադրութիւններն ու ժամադրավայրերը։ Լեռներն ու հրաբուխերը, ովկիանոսներն ու գետերը պիտի շարունակեն իրենց գեղեցկութեան հետ՝ իրենց ուժին անյաղթահարելի բնոյթին ցուցադրութիւնը։ Անտառներուն ու անապատներուն օրէնքները պիտի չփոխուին։ Մարդն է որ պիտի փոխուի։ Կրնա՛յ փոխուիլ դէպի լաւը կամ վատը։ Այդ փոփոխութիւնը կախեալ է իրեն տրամադրուած ժամանակը օգտագործելու ձեւէն։ Այդ ժամանակը իբրեւ զարգացման դրամագլուխ արդիւնաւէտ դարձնելու յանձնառութենէն։

Այսպիսի յանձնառութիւն կատարելու պահն է Նոր Տարին՝ անհատապէս եւ հաւաքաբար։ Յաջորդը կրնայ արդէն ուշ ըլլալ։

ՍԱՐԵԱՆԸ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Ս. Ն.

2000-ի  Մարտին էր։

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ բացումը կը կատարուէր Մարտիրոս Սարեանի ծննդեան 120 ամեակին նուիրուած «Գոյներու Սիմֆոնիա» ցուցահանդէսին։ Ներկայ էին նկարիչին հարազատները, Արաքս Սարեանը՝ Ղազարոս Սարեանի կինը, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի եւ Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Շահէն Խաչատրեանը, նկարիչներ եւ արուեստաբաններ,  որոնք կը պատմէին Մարտիրոս Սարեանին մասին իրենց յուշերը։ Յիշարժան է այդ յուշերէն՝ Սարեանի նկարներու մատենագէտ Նինել Ոսկանեանին պատմածը։

«Օր մը, կը  պատմէր ան, բոլորովին անսպասելիօրէն Սարեանը ըսաւ որ կ’ուզէ զիս նկարել։ Զարմացած նայեցայ անոր եւ մտածեցի թէ Սարեանի նման մարդ մը ի՞նչ գտած պիտի ըլլայ իմ մէջ որ ուզէ նկարել զիս։  Կարծեցի կատակ կ’ընէ։ Չպատասխանեցի։

«Մի քանի օր ետք, ան կրկին ըսաւ որ ինչո՞ւ կը խուսափիմ նկարուելէ։ Հասկցայ որ առաջարկը լուրջ է եւ համաձայնեցայ։

«Ան կը նկարէր ամբողջ եռանդով, առանց դադարի եւ միաժամանակ հարցեր կու տար կեանքի եւ մարդոց մասին։ Կ’ուզէր որ անընդհատ խօսիմ, որպէսզի որսայ դէմքիս իւրաքանչիւր արտայայտութիւնը։ Օր մը հարցուց. «Մարդու լաւագոյն ընկերը ի՞նչն է»։ Շփոթեցայ։ Չէի գիտեր ինչ պատասխանեմ։ Կը վախնայի սխալ բան մը ըսել եւ վատ տպաւորութիւն ձգել։ Առանց երկար սպասելու  ինք շարունակեց. «Մարդու լաւագոյն ընկերը ժամացոյցն է. ան ցոյց կու տայ  մարդուն ժամանակը եւ անընդհատ կը յիշեցնէ որ կեանքը ակնթարթ է եւ պէտք է շտապել»։

«ԿՐՕՆՆԵՐԸ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ». Մարդկային զարգացումը միայն մասնագէտներու վերապահուած տնտեսական հարց մը չէ այլ նախ եւ առաջ կոչում մըն է
Ուրբաթ 8 Մարտ 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Հռոմի մէջ գումարուած՝ «Կրօնները ու կայուն զարգացումի նպատակները» նիւթով գիտաժողովին մասնակիցները, որոնց շարքին՝ աշխարհի կրօնական աւանդութիւններու ներկայացուցիչներ ու միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր ճառին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ երբ կը խօսինք կայունութեան մասին չենք կրնար զանց ընել բոլոր ձայներու ունկնդրութեան ու անոնց ներառումին կարեւորութիւնը, յատկապէս անոնց որոնք ընդհանրապէս բացառուած են այսպիսի բանավէճերէ, որոնց շարքին են աղքատները, գաղթականները, բնիկ ժողովուրդներն ու երիտասարդները։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց «2030 Օրակարգի կայուն զարգացումի նպատակներուն, որոնք որդեգրուեցան 2015 թուականին 190 պետութիւններու կողմէ եւ որ մեծ քայլ մըն են ի նպաստ համընդհանուր երկխօսութեան ու տիեզերական զօրակցութեան նոր եւ անհրաժեշտ համակարգի։ Այս ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ յաճախ «զարգացում» եզրի հասկացողութիւնը շահագործուած է ու շատեր այդ մէկը կը վերագրեն միայն տնտեսական աճումին ու անոր հիման վրայ կը չարաշահուին բնութիւնն ու նոյնիսկ մարդ արարածները։ Մինչ՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Պօղոս Զ.ի խօսքերը, «մարդկային զարգացումի մասին խօսիլը կը նշանակէ նկատի առնել բոլոր մարդիկը ու համայն մարդը եւ ոչ թէ միայն քիչ անձեր։ Առ այդ «մարդկային զարգացումը միայն մասնագէտներու վերապահուած տնտեսական հարց մը չէ, այլ՝ եւ ամէնէն առաջ, կոչում մըն է, կոչում մը որ կը պահանջէ ազատ եւ պատասխանատու պատասխան մը» ինչպէս նշած է Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը «Ճշմարտութիւն ու սէր» իր շրջաբերականին մէջ։

Ակնարկելով ապա վերոնշեալ գիտաժողովին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց որ այդ հաւաքէն ի յայտ գան պատասխաններ, «շօշափելի պատասխաններ՝ հողի ու աղքատներու ճիչին դիմաց» ըսաւ Ան, այս ուղղութեամբ մաղթելով նաեւ շօշափելի յանձնառում՝ խթանելու համար իսկական զարգացում մը որ բաց ըլլայ բոլոր մարդոց, որուն ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի այդ ուղղութեամբ ներկայացուցած մէկ առաջարկին ՝ որն է «աշխարհի հարստութեան բաշխումի արդար վերատեսութիւնը։ Տնտեսական քաղակականութիւն մը որ կեդրոնացած ըլլայ մարդ անհատի վրայ, եւ որ ի մտի ունենայ հասարակաց տունը»։

Դարձեալ անդրադառնալով Միացեալ Ազգերու 2030 օրակարգի նպատակներուն որոնք հիմնուած են մարդու, մոլորակի, բարգաւաճումի, խաղաղութեան եւ գործընկերութեան վրայ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ «արուեստագիտութեան» զարգացումին որ՝ ըսաւ Ան, պէտք է դրուի ի ծառայութիւն մարդուն։ Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ տնտեսական ու քաղաքական նպատակներուն պէտք է ապահովուի նաեւ բարոյական աջակցութիւն՝ որ կ’ենթադրէ վարուելակերպի մը փոփոխութիւնը, սրտի փոփոխութիւն, բնապահպանական դարձ մը՝ «որուն ծիրէն ներս կրօնները մեծ դեր մը ունին խաղալիք» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «հարկաւոր է նախ ճանչնալ սխալները, մեղքերն ու բացթողումները՝ դարձի գալ ու հաշտուիլ ուրիշներուն, արարչութեան եւ Արարիչին հետ».

«Կրօններու կեդրոնական սկզբունքը սէրն է հանդէպ մեր նմաններուն ու խնամքը արարչութեան նկատմամբ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկէն անդրադարձ կատարելով բնիկ ժողովուրդներու իրավիճակին։ «Թէեւ անոնք կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան 5 առ հարիւրը, սակայն անոնք խնամք կը տանին երկրի մակերեսի 22 առ հարիւրին։ Անոնք կը պաշտպանեն մոլորակի մանրէակենսաբանութեան 80 առ հարիւրը» ըսաւ ան։

«UNESCO-ի տուեալներուն համաձայն, բնիկ ժողովուրդները պահապանն ու մասնագէտներն են մշակոյթներու ու առանձնայատուկ յարաբերութիւններու՝ բնական միջավայրին հետ» նշեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որ այդ ժողովուրդները բոլորին յիշել կու տան մեր երկրին սրբութիւնը, եւ ասոր համար անոնց ձայնը եւ անոնց մտահոգութիւնները պէտք է դրուին 2030 օրակարգի իրագործման որպէս առանցք։ Սրբազան Պապը այս ծիրէն ներս նշեց որ ինք եւս առիթ պիտի ունենայ իր եղբայր եպիսկոպոսներուն հետ խորհրդակցելու այդ հարցին շուրջ, այս տարուայ հոկտեմբերին՝ Համա-Ամազոնեան շրջանի մասին գումարուած Սիւնհոդոսին ընթացքին։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքի աւարտին շեշտը դրաւ աշխարհի դիմագրաւած բարդ մարտահրաւէրներուն վրայ, որոնք կը պահանջեն դժուարին ու կարգաւորուած պատասխաններ, ըսաւ Ան, դիտել տալով նաեւ որ այդ պատասխանները յարգելու են ժողովուրդներու մշակութային հարստութիւնները։

«Եթէ իսկապէս մտահոգուած են խթանելու համար բնապահպանութիւն մը, որ կարող ըլլայ ուղղել մեր պատճառած վնասները, պէտք չէ զանց ընել ոչ մէկ գիտական ծաւալ ու ոչ մէկ իմաստութիւն, եւ ասիկա կը նշանակէ «ներառել նաեւ կրօնները որոնք կարող են սատարել՝ քալելու համար իսկական համապարփակ զարգացումի ուղիի մը վրայ, որ խաղաղութեան նոր անունն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ քաջալերեց բոլոր ներկաները շարունակելու իրենց պայքարը ի նպաստ փոփոխութեան, հաստատելով որ «անարդարութիւնը որ ողբալ կու տայ հողն ու աղքատները՝ անյաղթ չէ»։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Քաղուած՝Ռատիօ Վատիկանէն

ԳԱՄԻՇԼԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԻՆ՝ ՆԱՀԱՏԱԿ ՏԷՐ ՅՈՎՍԷՓ ՊԵՏՈՅԵԱՆԻՆ
Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2019-ին, Գամիշլիի Սուրբ Յովսէփ  Հայ Կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսական փոխանորդ Գերյ. Անդրանիկ ծ. վ. Այվազեանի  գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի հովիւ, Երկուշաբթի 11 Նոյեմբերին վայրագօրէն սպաննուած նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյեանին ու անոր հօր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ առաքելական քոյր եկեղեցւոյ կաթողիկոսական տեղապահը ու միւս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր ներկայացուցիչները, հայ համայնքի հաւատացեալները  ու նաեւ իսլամ հասարակութեան անդամներ, ի նշան զօրակցութեան ու միութեան։

Այս տխուր առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Գերյ. Այվազեան ընդգծելով հանգուցեալ քահանային նուիրական ծառայութեան հոգին շեշտեց թէ ան նահատակն է համայն քրիստոնէութեան ու նաեւ սուրիական հայրենիքին։

Գերյ. Այվազեան այլ մէկ յայտարարութեամբ հանդէս գալով նշած էր թէ Սուրիոյ մէջ Հայերը լիիրաւ մասն են ընկերութեան ու երկրին եւ թէ Հայր Յովսէփը նահատակուեցաւ մինչ կը կատարէր իր հովիւի պարտականութիւնը, այն է մօտիկ ըլլալ իրեն յանձնուած հօտին, հոգ տանիլ անոնց հոգեւոր ու նիւթական կարիքներուն, յատկապէս  Սուրիոյ  պէս երկրի մը մէջ ուր տարիներու պատերազմը աւեր ու կործանում յառաջացուցած է ու բնակչութիւնը մատնած է յուսահատութեան։

Գերյարգելի Այվազեան Տէր Յովսէփը նկարագրած է որպէս վեհանձն առաքեալ, միշտ պատրաստ օգնելու ուրիշին, ժպտերես ու հպարտ իր կոչումով։

«Ես մեծ վստահութիւն ունէի իր վրայ եւ անոր մահը ինծի համար մեծ կորուստ է» ըսած է գերյարգելի Այվազեան որ շեշտած է թէ Հայր Յովսէփն ու անոր հայրը նահատակներ են որոնք իրենց կեանքը տուին երկրի ազատութեան համար։ Անոնց արիւնը այս հողին մէջ պիտի պտղաբերէ ու գեղեցիկ ծիլեր պիտի պարգեւէ» աւելցուցած է Այվազեան գերապայծառը։

«ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՄՕՏԻԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԱՆՔ Է ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ» ըսաւ Գերապայծառ Միրիաթեան

Արժանապատիւ Տէր Յովսէփ քահանայ Պետոյեանի ու անոր հօր նահատակութեան լուրը ցնցեց համայն աշխարհ եւ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց իր անձնական զօրակցութիւնն ու մօտիկութիւնը արտայայտել հայ կաթողիկէ համայնքին ու ննջեցեալ Տէր Յովսէփ քահանայի  հարազատներուն, հրապարակելով  թուիթ մը, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրեց. «Մօտիկ եմ Սուրիոյ Գամիշլիի հայ կաթողիկէ հասարակութեան, որ համախմբուած է իր ժողովրդապետի՝ Յովսէփ Պետոյեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ, որ սպաննուեցաւ երէկ, իր հօր հետ միասին։ Կ’աղօթեմ անոնց համար, անոնց հարազատներուն համար ու Սուրիոյ համայն քրիստոնեաներուն համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայր Յովսէփ Պետոյեանի նահատակութեան ու անոր յուղարկաւորութեան առթիւ հրապարակած զօրակցական  թուիթին արձագանգելով՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ ու Ճեզիրէի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելական հոգաբարձու՝ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան՝ Վատիկան Նիուզ – Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցին առթիւ նշեց թէ «Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը իսկական մխիթարանք է մեզի համար։ Ան մեզի ուժ կու տայ, մեզի զգացնել կու տայ թէ միայնակ չենք։ Համայն Կաթողիկէ Եկեղեցին մեր կողքին է։ Համայն աշխարհը մեզի մօտիկ է։ Այս հեռու տարածքը, սիրեցեալ եւ մարտիրոս Սուրիան, ինչպէս կ՛ըսէ Քահանայապետը, մոռցուած չէ»։

«Բնակչութիւնը արդէն իմացաւ թէ Սրբազան Պապը անձնապէս ու Սուրիոյ մէջ պապական նուիրակին միջոցաւ,  յուզուած է ու մեզ կը յիշէ իր աղօթքներուն մէջ» աւելցուց Բերիոյ  Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը։

Գամիշլիի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականի յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան

ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԻ ՄՕՏ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԵԼՈՅԹԸ

Նոյեմբերի 17-ին Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցում տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Գամիշլիի Հայ կաթողիկէ եկեղեցու հոգեւոր հովիւ՝ Յովսէփ քհն. Պետոյեանի ու նրա հօր՝ Հանա Աբրահամ Պետոյեանի յիշատակին, որին մասնակցեցին Սուրբ Աթոռում հաւատարմագրուած դիւանագիտական կորպուսի, տեղական մեդիա եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Հռոմի Սրբազան եկեղեցու հոգեւորականներ։

Յաւարտ արարողութեան իր ելոյթին մէջ ՀՀ դեսպան Կարեն Նազարեան խստօրէն դատապարտեց «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան իրականացուցած դաժան ահաբեկչութիւնը եւ խօսեցաւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը թրքական ռազմական ներխուժման հետեւանքով աշխուժացած ահաբեկչական գործողութիւններուն մասին, որոնք առաւել վատթարացուցած են ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ու յատկապէս՝ քրիստոնեայ համայնքներու վիճակը։

Դեսպանը յղում կատարելով նախապէս այս առթիւ արուած ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութեան եւ սուրիահայութեան ուղղուած Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթըրեան ուղերձին, վկայակոչեց ՄԱԿ-ի համակարգման ներքոյ գործող միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցներու տուեալները, որոնց համաձայն տարածաշրջան թրքական ներխուժման հետեւանքով տեղահանուած են հարիւր հազարաւորներ, մինչ կը շարունակուին թրքական զինուորներու ու անոնց hովա նաւորութեամբ գործող անօրինական խմբաւորումներու կողմէ լայն տարածում գտած կամայական մահապատիժներու, խոշտանգումներու եւ առեւանգումներու դէպքերը։

ՀՀ կառավարութեան անունով ցաւակցելով նահատակուած հայ հոգեւորականի ու անոր հօր ընտանիքի ու սուրիահայ կաթողիկէ համայնքին, դեսպան Նազարեան եզրափակեց նշելով, որ Հայաստան պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական աջակցութեան ուղղուած իր քայլերը՝ զանոնք համադրելով շահագրգիռ գործընկերներու հետ, ու այդ նպատակով համախմբելով նաեւ հայութեան ջանքերը։