Նոյեմբեր/Դեկտեմբեր 2017, թիւ 129/130 – Massis Magazine

2018-ը՝ Երիտասարդը, Հաւատքը եւ Կոչումը
2017 թուականը փակեցինք մեծ մտահոգութիւններով՝ ըլլան անոնք անձնական, լիբանանեան թէ միջազգային մակարդակի վրայ: Իսկ նոր տարին՝ 2018-ը դիմաւորեցինք մեծ մաղթանքներով եւ յոյսերով, որոնք եկան թերեւս ամոքելու կեանքի դժուար, խիստ, բայց նաեւ անցողակի ու ժամանակաւոր պայմանները:

Մարտահրաւէրները բազմաթիւ են, լուծումները շատ յաճախ անկարելի, որով տարուէ տարի անոնք կը կուտակուին, մատնելով ժողովուրդները յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան: Հակառակ այս վիճակին, Եկեղեցին կու գայ անգամ մը եւս յոյս տալու մարդուն: «Երիտասարդները, Հաւատքը եւ Կոչումը» խորագիրն է 3-էն 28 հոկտեմբեր 2018-ին կայանալիք Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին, Վատիկանի մէջ, որով Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ բոլոր երիտասարդները, 16-էն 29 տարեկան, քրիստոնեայ թէ ոչ, թռիչք առնելու դէպի կեանքի գերազանց պարգեւները:

«Գնա՛ քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցընեմ» (Ծննդոց 12,1): Աստուծոյ կողմէ Աբրահամին ուղղուած սոյն խօսքը Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղեց երիտասարդներուն իր առաջին պատգամին մէջ առ ի պատրաստութիւն Եպիսկոպոսական այս Սիւնհոդոսին: Եկեղեցին այսօր Հօր Աստուծոյ հրամայական «գնա՛» բայը անգամ մը եւս կ՛ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին, հրաւիրելով որ երթանք դէպի ապագայ մը, որ անորոշ ու անյայտ կը թուի, սակայն ապահով ու վստահելի է, այնքան ատեն որ Աստուած ի՛նքն է մեզ առաջնորդողը:

Սակայն դժբախտաբար, այս օրերուն մինչ կ՛ապրինք պատերազմը, անարդարութիւնը, մարդասպանութիւնն ու ծայրայեղութիւնները, այդ «գնա՛»ն հետզհետէ կը դառնայ մարտահրաւէր, փոխանակ մնալու հրաւէր: Երիտասարդներէն շատեր, ենթարկուած ըլլալով բռնութիւններու, սաստկութիւններու ու ամէն տեսակի հալածանքներու հարուածներու, ու փորձութիւններու, կը փախչին իրենց ծննդավայրերէն, հասնելու համար դէպի անապահովն ու անվստահելին:

Աշխարհ մը որ արագ փոփոխութիւններու ենթարկուած է՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու բարոյական անկումներու յատակը կը խեղդուի, մշակութային, ազգագրական ու կրօնական տագնապներ կ՛ապրի, գաղթի ու աղքատութեան ալիքներու մէջ կը տուայտի երիտասարդը, հաւատքն ու կոչումը կու գան դառնալու Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնը արտայայտող մեծ վերնագիրը:

Ո՞ւր է երիտասարդը, ի՞նչ կ՛ընէ, որո՞նք են անոր մարտահրաւէրները, ի՞նչ է անոր պահանջքը: Որքանո՞վ երիտասարդը կը գործէ հովուական կեանքին մէջ:

Ի՞նչպէս կ՛ապրինք մեր հաւատքը, որքանո՞վ ան կ՛աճի ու կը մեծնայ: Ի՞նչ կը նշանակէ հաւատացեալ աշխարհական ըլլալ այսօրուան աշխարհին մէջ:

Որքանո՞վ կարող ենք որոշում տալու. ծնողքներն ու հասարակութիւնները (դպրոց, համալսարան, միութիւն, ակումբ) կ՛օգնե՞ն իրենց զաւակներուն, երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք կարողանան ուղիղ նպատակ ունենալ իրենց կեանքին մէջ, ճիշդ ու յստակ զատորոշում կատարել, գիտակից ըլլալ Աստուծոյ կամքին ու կոչին:

Աւելի լաւ աշխարհ մը կարելի պիտի ըլլայ կերտել շնորհիւ երիտասարդներուն, անոնց բուռն ու վեհանձն փափաքին բարեփոխութեան: Պէտք չէ վախնալ լսելէ Աստուծոյ ձայնը, որ մեզ կը մղէ համարձակ ու յանդուգն ընտրութիւն կատարելու: Եկեղեցին իսկ կ՛ուզէ տրամադիր ըլլալ լսելու երիտասարդին ձայնը, զգացումները, հաւատքը, ինչպէս նաեւ տարակուսանքներն ու քննադատութիւնները: Սուրբ Պենեդիկտոս կը յանձնարարէր վանահայրերուն խորհրդակցելու նաեւ երիտասարդներուն հետ նախքան որոշում առնելը, որովհետեւ «յաճախ Աստուած կը յայտնէ երիտասարդի մը այն ինչ որ լաւագոյնն է» (Սուրբ Պենեդիկտոսի Կանոնը):

Յոյսով ենք որ այս Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը, որ պիտի շօշափէ 2018-ի հիմնական մարտահրաւէրները՝ երիտասարդը, հաւատքն ու կոչումը, ըլլայ առիթ որպէսզի իւրաքանչիւր մարդ արարած, վստահելով Աստուծոյ սիրոյ նայուածքին իրեն հանդէպ, ինչպէս նաեւ դիմելով Երկնաւոր Մօր բարեխօսութեան, գտնէ Աւետարանի կատարեալ ուրախութիւնը, եւ կարողանայ, առանց վախի ու տատանումի, ըսել իր Արարիչին. «Ահաւասիկ եմ»:

Միանալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք Աստուծոյ ըսելով.

Տէ՛ր Յիսուս,

Եկեղեցիդ, որ կ՛ուղղուի դէպի Սիւնհոդոս,

Դարձուր անոր նայուածքը դէպի աշխարհի բոլոր երիտասարդները:

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք քեզի որպէսզի անոնք քաջութիւնն ունենան՝

իրենց ձեռքերուն մէջ առնելու իրենց կեանքը,

ձգտելու ամէնագեղեցիկ ու ամէնախոր բաներուն

Եւ միշտ ունենալու ազատ սիրտ մը:

Օգնէ՛ իրենց որպէսզի

ուղեկցութեամբ իմաստուն եւ վեհանձն առաջնորդներու,

պատասխանեն կոչին զոր դուն կ՛ուղղես անոնցմէ իւրաքանչիւրին,

որպէսզի իրագործեն իրենց կեանքին ծրագիրը,

եւ հասնին երջանկութեան:

Իրենց սրտերը բա՛ց մեծ երազներու դիմաց

եւ զիրենք ուշադիր դարձուր իրենց եղբայրներուն բարիքին:

Նման Սիրուած Աշակերտին,

թող անոնք եւս գտնուին Խաչին ոտքին,

ընդունելու համար քու Մայրդ, զինք ստանալով Քեզմէ որպէս պարգեւ:

Թող ըլլան վկաները քու Յարութեանդ,

Եւ թող գիտնան ճանչնալ Քեզ, կանգուն իրենց կողքին,

ուրախութեամբ յայտարարելով որ Դուն ես Տէրը:

Ամէն:

ՊԱՊԻՆ 2018-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՈՐՈՆՈՂ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ՈՒ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆ ԱՅՐԵՐՈՒՆ ՈՒ ԿԻՆԵՐՈՒՆ
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2018 տարուայ խաղաղութեան միջազգային օրուան պատգամը կը սկսի համայն աշխարհին ու մարդկութեան ուղղուած խաղաղութեան մաղթանքով մը.- «Խաղաղութի՛ւն բոլո՛ր մարդոց եւ երկրի բոլո՛ր ազգերուն»։

«Գաղթականներ եւ փախստականներ. Խաղաղութիւն փնտռող մարդիկ եւ կիներ» ընդհանուր խորագրին ներքեւ, Պապը կը գրէ.-

Խաղաղութիւնը զոր հրեշտակները կ՛աւետեն հովիւներուն Ծնունդի գիշերը՝ խոր ձգտումն է բոլոր մարդոց ու համայն ազգերուն ու յատկապէս անոնց որոնք աւելիով կը տառապին անոր պակասէն։ Իմ մտքիս եւ աղօթքներուս մէջ գտնուող անոնց շարքին, կ՛ուզեմ անգամ մը եւս յիշել՝ աշխարհի 250 միլիոն գաղթականները, որոնցմէ 22 միլիոնն ու կէսը փախստականներ են եւ որոնց մասին իմ սիրելի նախորդս, Պենետիկտոս ԺԶ., ըսած էր. «Մարդիկ, կիներ, մանուկներ, երիտասարդներ ու ծերեր որոնք կը փնտռեն վայր մը՝ ուր կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ»։ «Ու այդ վայրը գտնելու համար շատեր պատրաստակամ են իրենց կեանքը վտանգելու» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով ողորմութեան հոգիով ողջագուրելու բոլոր անոնք որոնք կը փախչին պատերազմէն, անօթութենէն ու ստիպուած են թողուլ իրենց հողերը՝ հարստահարումի, հալածանքի, աղքատութեան ու կենսոլորտի ապականութեան պատճառաւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել կու տայ թէ բաւարար չէ մեր սրտերը բանալ ուրիշի տառապանքին եւ թէ շատ բան կայ ընելիք՝ որպէսզի մեր այդ եղբայրներն ու քոյրերը կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ, ապահով տունի մը մէջ։ «Ուրիշը ընկալելը կը պահանջէ շօշափելի յանձնառում՝ օգնութիւններու ցանց մը, հսկող ու հասկացող ուշադրութիւն, պատասխանատու մատակարարում, ինչպէս նաեւ կենսամիջոց-ներ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս, եւ այս առընչութեամբ մատնացոյց կ’ընէ կառավարիչներու պատասխանատուութիւնը։

Ապա ան կ՛ընդգծէ գաղթականութեան ու փախստականութեան երեւոյթին պատճառները՝ սկսեալ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններէն, պատերազմներէն ու բռնութիւններէն մինչեւ մերօրեայ հակամարտութիւններն ու բռնարար արարքները, որոնք կը շարունակեն տեղափոխել ժողովուրդները, որոնց փափաքն է աւելի լաւ կեանք ու ապագայ մը ապրիլ։ «Անոնցմէ շատեր գաղթականութեան կը դիմեն օրինաւոր ճամբաներով, սակայն յուսալքումի մատնուած շատ մը ուրիշներ կ՛ընտրեն այլ ճամբաներ» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը, անդրադառնալով գաղթականութեան երեւոյթի ժխտական հետեւանքներուն, գաղթականներու շահագործումներուն ու անոնց մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնակոխող իրադարձութիւններուն։

«Ոմանք այս իրողութիւնը կը նկատեն սպառնալիք, մինչ ես ձեզ կը հրաւիրեմ անոր նայիլ յոյսով լի հայեացքով մը, որպէս հնարաւորութիւն կառուցելու համար խաղաղութեան ապագայ մը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ գաղթականներ ու զիրենք հիւրընկալող տեղացի քաղաքացիներ մաս կը կազմեն միեւնոյն ու միակ մարդկային ընտանիքին ու բոլորը ունին միեւնոյն իրաւունքը՝ երկրին բարիքները օգտագործելու։ «Խաղաղութիւնը ըլլալու է ուղեցոյցը, իսկ արդարութիւնը սկզբունք՝ որ կը կառավարէ համակեցութիւնը» կը գրէ ան, շարունակելով.- «Հաւատքի աչքերով գաղթականներուն նայելով պէտք է հասկնանք թէ անոնք պարապ ձեռքերով չեն գար մեր մօտ, այլ իրենց հետ կը բերեն քաջութիւն, կարողութիւն, եռանդ ու ձգտում, ինչպէս նաեւ իրենց մշակոյթներուն գանձերը, հարստացնելով զիրենք հիւրընկալող ազգերը»։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ շեշտը կը դնէ չորս կարեւոր կէտերու վրայ՝ ընկալել, պաշտպանել, զարգացնել եւ ներառել, հաստատելով թէ՝ ընկալելը կը պահանջէ օրինաւոր մուտքերու կարելիութիւնը ու հաւասարակշռում ընդմէջ ազգային ապահովութեան ու մարդու հիմնական իրաւունքներու երաշխաւորումին, մինչ պաշտպանել կը նշանակէ պարտականութիւնը պաշտպանելու փախստականներու անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը ու զանոնք ազատել ու չարաշահումներէն, ապա զարգացումն ու խթանումը կը մղեն թիկունք կանգնելու գաղթականներուն ու փախստականներուն մարդկային համապարփակ զարգացումին։ Եւ վերջապէս, ներառումը կը նշանակէ թոյլ տալ գաղթականներուն ու փախստականներուն լիակատար կերպով մասնակցիլ զիրենք ընկալող ընկերութեան կեանքին։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ակնարկէ 2018 տարուայ ընթացքին Միացեալ Ազգերու կողմէ ստորագրուելիք երկու կարեւոր համաձայնութիւններու՝ հայող ապահով գաղթականութեան ու միւսը՝ փախստականներուն, յուսալով որ համաշխարհային մակարդակով որդեգրուելիք այս համաձայնութիւնները, որոնք պիտի հանդիսանան քաղաքական եւ գործնական առաջարկներու ու քայլերու շրջագիծ մը, դրոշմուած կ’ըլլան վշտակցութեամբ, նախատեսութեամբ եւ քաջութեամբ, որպէսզի ամէն առիթ օգտագործուի խաղաղութեան կառուցումը առաջ տանելու։ Ապա ան կը մատնանշէ այս ուղղութեամբ Մարդու Համապարփակ զարգացումի վատիկանեան ծառայութեան՝ գաղթականներու ու փախստականներու մասնաճիւղին, 20 կէտերու մէջ ամփոփած գաղթականներու հայող հարցերու լուծման գծով առաջարկները ու կը մէջբերէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքերը. «Եթէ խաղաղ աշխարհի մը «երազը» բաժնեկցուած ըլլայ շատերէն, եթէ արժեւորուի գաղթականներու ու փախստականներու նպաստը, մարդկութիւնը կրնայ միշտ աւելիով դառնալ բոլորին ընտանիքը ու մեր Երկիրը իսկական հասարակաց տուն»։

«Շատեր, կը գրէ Նորին Սրբութիւնը, հաւատացին այդ երազին ու անոնք որոնք զայն ապրեցան կը վկայեն որ ան անիրականանալի պատրանք մը չէ»։ Ասոնց շարքին Պապը կը յիշատակէ Սրբուհի Ֆրանչեսքա Սավերիօ Քապրինին որուն մահուան հարիւրամեակը նշուեցաւ 2017-ի 13 նոյեմբերին եւ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց գաղթականներուն, դառնալով ապա անոնց պահապան սուրբը։ «Թող որ Տէրը՝ Անոր բարեխօսութեամբ, մեզի բոլորիս պարգեւէ շնորհքը փորձարկելու այն իրողութիւնը թէ «անոնց համար որոնք խաղաղութեան գործեր կը կատարեն, արդարութեան պտուղ մը կը սերմանուի խաղաղութեան մէջ» կ’եզրակացնէ Ֆրանչիսկոս, որուն պատգամը հրապարակուեցաւ ուրբաթ, 24 նոյեմբեր 2017-ին Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակին մէջ։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴՈՎ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՆՈՐՀՔԸ ՅԱՅՏՆՈՒԵՑԱՒ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր

Գրիգոր Պետրոս Ի.

Կաթողիկոս Պատրիարքի Սուրբ Ծննդեան

Հայրապետական Քարոզը

Քրիստոսի գալուստը յաշխարհ իր ծնունդով՝ գերազանց ուրախութեան յատկանիշն է ամէն բանէ առաջ, ամէն բանէ վեր:

Այս ուրախութիւնը սակայն բաղդատելի չէ մարդկային այլ ուրախութիւններուն հետ, որովհետեւ անցողակի դէպքի մը, հաճոյալի զգացողութեան մը առթած յուզումը չէ, որ պահ մը կ’առինքնէ մեզ ու կ’անհետանայ. պտուղն է անկրկնելի եղելութեան մը որ Աստուծոյ ծրագրին մէջ էր ի յաւիտենից. անկեալ, մեղապարտ մարդկութեան դատավճռին բեկումն է, կորսուած շնորհքին վերստացումը եւ վերադարձը սկզբնական անմեղութեան՝ որ բերկրութեան դռները կը բանայ մարդուն առջեւ:

Այո, Քրիստոս, իր աստուածային բնութիւնը անեղծ պահելով հանդերձ, իր Հօր կամքով բայց լիայօժար հաւանութեամբ, որոշեց մարդկային բնութիւնն ալ զգենուլ, եւ առանց մեղքէն արատաւորուելու՝ աշխարհի մեղքերը իր վրան առաւ, մարդկային բոլոր տկարութիւններուն ենթարկուեցաւ ու ցաւերը ճաշակեց: Այդ բոլորը միակ միջոցն էր ջնջելու ահաւոր բիծը որ այլապէս՝ յաւիտեանս դրոշմուած պիտի մնար դատապարտուած արարածին ճակտին վրայ:

Աստուած կրնար անտարբեր մնալ ըմբոստ մարդուն հանդէպ եւ թողուլ որ ան կրէ ու քաւէ իր մեղքը՝ արժանաւոր պատիժով: Բայց Աստուած ի բնութենէ սէր է, ան սիրոյ արարքով մը ստեղծեց մարդը, «իր պատկերի’ն համեմատ ստեղծեց զայն», կ’ըսէ սուրբգրային պատմիչը: Իսկ սէրը, իր կարգին՝ անբաժանելի է գութէն, ողորմութենէն: Ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս առաքեալը՝ «Սէրը ներող է, սէրը ոխակալ չէ, սէրը կ’արդարացնէ ամէն բան»: Եթէ մարդուն վայել է այդ սէրը՝ որքա’ն աւելի՝ Աստուծո՛յ:

Կրնանք աւելցնել առաքեալին խօսքերուն վրայ՝ թէ սէրը շնո՛րհք է: Ո՛չ ոք արժանի է սիրոյ, որովհետեւ սէրը պարգե՛ւ է, որ ձրիօրէն կը տրուի սիրուած անձին: Եթէ այդպէս չըլլար՝ մենք երբե՛ք պիտի չստանայինք սէրը՝ գերագոյն շնորհքը: Սէրը մինչեւ ծայրայեղութեան կրնայ տանիլ: Եւ իրօք, «Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, այսինքն մարդկութիւնը, որ մինչեւ իսկ իր Միածինը տուաւ աշխարհին՝ որպէսզի ան չկորսուի, այլ ստանայ յաւիտենական կեանքը» (Յովհ 3, 16):

Սէր եւ Շնորհք: Անբաժանելի յատկանիշները Աստուծոյ: Մին առանց միւսին չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ: Այն աստիճան՝ որ Աստուծոյ անսահման սէրը ստիպեց զինք որ իր Միածինը զոհէ ի սէր մարդկութեան: Եւ Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը մարմին առաւ՝ տկար, դիւրաբեկ, անմեղ մանկան մը կերպարանքով, որպէսզի մատչելի դառնայ մարդուն: Ո’րքան տարբեր՝ Հին Կտակարանի Աստուծմէն, որ հրակէզ մորենիի մէջ կը յայտնուէր, ահ ու դող պատճառելով իր արարածին: Ո՞վ կրնար համարձակիլ մերձենալ անոր: Եւ ոչ իսկ նայուա՛ծքը կարելի էր ուղղել անոր:

Աշխարհի Փրկիչը չուզեց աշխարհին յայտնուիլ որոտումի ու փայլակներու մէջ, ինչպէս սովոր էր ընել Իսրայէլացիներուն հետ: Աւետաբեր հրեշտակ մը ղրկեց՝ անծանօթ, համեստ աղջկայ մը զոր ոչ ոք կը ճանչնար: Հրեշտակին առաջին խօսքը եղաւ. «Մի՛ վախնար, Մարիամ, Դուն Աստուծոյ առջեւ շնո՛րհք գտար: Որդի՛ մը պիտի յղանաս, եւ զայն Յիսու՛ս պիտի կոչես. ան իր ժողովուրդը պիտի փրկէ իր մեղքերէն»: Եւ այս պատահեցաւ, կը մեկնէ աւետարանիչը, որպէսզի իրականանայ մարգարէութիւնը. «Տէրը ըսաւ՝ Որդի մը պիտի ծնի կոյսէ մը, որու անունը պիտի դրուի Էմմանուէլ, այսինքն Աստուած մեզի՛ հետ:

Աստուած ո՛չ միայն մեզի հե՛տ եղաւ, այլ մեզմէ մի՛ն դարձաւ: Մեր մարդկային բոլո՛ր յատկանիշները առաւ, ներառեալ տկարութիւնն ու նուաստացումը, նախատինքն ու հալածանքը, սկսեալ ծնունդէն ախորի մը մէջ՝ մինչեւ մահ, եւ ամէնէ՛ն ստորնացուցիչը մահերուն, խա՛չը, որու վրայ կը գամուէին ոճրագործները:

Եւ այդ բոլորը՝ մեզ փրկելու համար մեղքէն ու մահէն :

Ծնունդի աւետիսը որ հնչեց Բեթղեհէմի մսուրին վրայ եւ ծաւալեցաւ ամբողջ տիեզերքի մէջ, արձագանգելով մեր տաճարներուն ու բնակարաններուն, պալատներուն ու խրճիթներուն մէջ, պիտի շարունակէ հնչել բոլո՛ր վայրերու մէջ ուր կայ մեղքով բեռնաւորուած մարդը :

Սակայն ո՞ւր է այդ խաղաղութիւնը որ խոստացուեցաւ մսուրին վրայ եւ որու կը տենչայ մարդկութիւնը, առանց վհատելու, քանի որ Աստուած ի՛նքը խոստացաւ զայն:

Խաղաղութիւնը, ինչպէս սէրը, շնո՛րհք է : Անոր նման՝ պարգեւ է, որ կ’ընդունուի կամ կը մերժուի մարդոցմէ, ազատօրէն: Սակայն բոլոր մարդիկը չե’ն բաղձար, չե՛ն հետապնդեր խաղաղութիւնը, երբ ան հակասէ իրենց շահերուն կամ ծրագիրներուն:

Եւ այդպէս կը ծագին խռովութիւնները, անվերջ պատերազմներն ու անոնց հետեւող աղէտները : Այս տխուր պատկերը ցայտուն կերպով կը պարզուի մեր առջեւ՝ այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ, աշխարհի այն մասին մէջ ուր Հին թէ Նոր Ուխտերը մարմին առած են, ուր հնչած է պատգամը սիրոյ եւ խոստումը մարդկային փրկութեան:

Քրիստոսի սուրբ ծնունդը սրտառուչ, տեւական հրաւէր է զգաստութեան, խոնարհութեան, խաղաղասիրութեան: Պատրա՛նք է տօնախմբութիւն սարքել, հրճուանք ու բերկրանք կազմակերպել, եթէ իւրաքանչիւր մարդ, մանաւանդ այն որ Քրիստոսի հետեւորդ կ’ուզէ հռչակել ինքզինք, չգործէ, իր համեստ միջոցներով ու պայմաններով, հասկացողութիւն, համերաշխութիւն, համագործակցութիւն ստեղծելու մարդոց միջեւ, ընտանիքի եւ ընկերութեան մէջ: Ասոնք են հիմնական միջոցները՝ իրականութեան վերածելու մսուրին վերեւ հնչող պատգամը, «Փա՛ռք Աստուծոյ բարձունքներուն մէջ եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ՝ բարի կամեցողութեամբ լի մարդոց մէջ»:

Մեր միտքը կ’երթայ այս պահուս աշխարհի չորս ծագերուն, ուր ողբալի կացութեան մատնուած են բազմաթիւ անձեր, հասարակութիւններ ու ժողովուրդներ, որոնք անձնասէր ղեկավարներու քմայքին կամ խղճէ զուրկ ոճրագործներու հալածանքին ենթարկուած են ու կ’ապրին անստոյգ ապագայ մը դիմակալելով եւ սպասելով որ մարդկային խիղճը արթննայ օր մը եւ բարեխնամ ձեռք մը երկարէ իրենց:

Թող այս Սուրբ Ծնունդը արծարծէ մեր բոլորին սրտերուն մէջ՝ հաւատքը հանդէպ Աստուծոյ զօրութեան ու բարութեան, յոյսը՝ հանդէպ անոր գութին ու ողորմութեան, սէրը՝ փոխարէն անոր անսահման սիրոյն, եւ պարգեւէ բաղձալի խաղաղութիւնը մեր Լիբանանի, Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի սիրելի եղբայրակից ժողովուրդներուն:

Թող միշտ բարեխօս ըլլայ մեզի համար՝ Աստուածամայրը, որ կը բաժնէ միշտ մեր յոյսերն ու իղձերը, որուն այնքան վստահութեամբ կը դիմէին մեր Հայերը՝ երգելով.

Մա՛յր սուրբ սքանչելի լուսոյն,

որ ցնծութիւն աշխարհի ծնար զբանն Աստուած,

աղաչեա՛ վասն մեր զառ ի Քէն զՄարմնացեալն Աստուած,

զի լռեսցեն պատերազմունք,

դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց,

տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի.

աղաչե՛մք, Մա՛յր սուրբ, բարեխօսեա՛:

Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը թող նոր լոյս ու շնորհք պարգեւէ մեր Ազգին բոլոր զաւակներուն եւ խաղաղութիւն հաստատէ համայն աշխարհի վրայ :

Արհի. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի Նոր Տարուան Պատգամը
Այս նոր տարուան սեմին, ի՞նչ կարելի է ցանկալ կամ մաղթել, որ համապատասխանէ ամենախոր իղձերուն եւ սպասումներուն: Կը կարծեմ թէ ամէնէն կարեւորը՝ լաւ ըլլալն է ինքնիր եւ ուրիշներուն հետ: Լաւ ըլլալ ինքն իր հետ կը նշանակէ ունենալ ներքին անդորրութիւն, քաջառողջութիւն, եւ նիւթական ու բարոյական բարեսրտութիւն, կարճ կեանքը ապրելու երջանկութիւն, նոյնիսկ եթէ երբեմն պատահին անախորժ դէպքեր կամ կացութիւններ: Լաւ ըլլալ ուրիշներուն հետ կը նշանակէ բարեկամեցողութիւն, ներողամտութիւն, բարեկամութիւն եւ սէր, որ կը տապալէ զատողութեան եւ այլամերժութեան պատերը եւ մեզ կը միացնէ ճշմարիտ կապերով ամէն անոնց հետ, որոնց կը հանդիպինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ :

Այս նոր տարին յատկանշուած է երկու կարկառուն հրաւէրներով: Առաջին՝ Քրիստոնեայ ընտանիքը եւ Սուրբ ամուսնութիւնը :

Երկու հրաւէր՝ մէկ սեւեռակէտի վրայ որն է՝ խօսիլ Յիսուս Քրիստոսի մասին եւ խօսիլ Յիսուս Քրիստոսի հետ: Վատիկանի Բ. Ժողովը մեզի ուրիշ հորիզոններ կը բանայ, այն է ապրիլ եւ փոխանցել խորապէս այն հաւատքը որ ընդունած ենք մեր մկրտութեամբ: Հաւատք մը որ մեզի կ’օգնէ քալելու մեր կեանքի ճամբուն վրայ ամէն մէկ օրը անցնելով վստահութեամբ եւ կորովով: Հաւատք մը որ անսասան է, քանի որ հիմնուած է յաւիտենական կեանքին վրայ: Բայց որպէսզի այս հաւատքը կարենայ դիմակալել այն ամէն դժուարութիւնները որոնք մեր առջեւ պիտի կանգնին այս նոր տարուան ընթացքին՝պէտք է ճշմարիտ կերպով հիւրընկալենք Մանուկ Յիսուսը:

Բայց ո՞վ է այս մանուկը : Մկրտիչին մայրը՝ Եղիսաբեթ, ըսած էր . «Օրհնեալ ըլլայ որովայնիդ պտուղը»: Որովայն, այսինքն եբրայերէն «ռեհեմիմ», հոն ուր կայ ողորմութիւնն Աստուծոյ: Այս մանուկը ոչ միայն պտուղն է ողորմութեան, այլ մարմնացումն է նոյնինքն Աստուծոյ ամենակարողութեան: Ընդունիլ այս ողորմութիւնը կը նշանակէ հրաժարիլ կարգ մը բաներէ, ատելութենէ, բռնութենէ, եսասիրութենէ եւ թերահաւատութենէ:

Սաղմոսերգուն հարց կու տայ ինքնիրեն թէ ուսկի՞ց կու գայ ցաւը եւ տառապանքը որ մարդս յաճախ կը կրէ իր կեանքին ընթացքին. «Միթէ՞ Տէրը կը մոռնայ իր գթութիւնը, իր բարկութեան մէջ՝ կը պահէ՞ իր որովայնը» (ողորմածութիւնը) (Սղմ 76): Անգամ մը որ ողորմութեան որովայնը փակուած է, անպտուղ ամլութիւնը կը կատարուի, եւ ծնունդ կու տայ ամէն տեսակ չարիքի եւ չարչարանքի որ կը կործանէ համայն մարդկութիւնը մեր օրերուն:

Մարդ արարածը մոռցած է կամ կը մերժէ ընդունիլ Մանուկ Յիսուսը եւ կը փորձէ մինակը քալել կեանքի ճամբուն վրայ, խորհելով որ իր ուժերը կը բաւեն ամէն ինչի: Բայց ահա կը տեսնենք արդիւնքը : 2017 տարին, օրինակի համար, տարի մը եղաւ արիւնահեղ պատերազմներու, պատճառ դառնալով բազմահազար անձերու բնաջնջումին, զոհ՝ ատելութեան եւ մարդկային եսապաշտութեան:

Սուրբ Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ անընդհատ զօրացնել ու մեր հաւատքը ՝ միշտ եւ միշտ յայտնագործելով եւ դիտելով իսկական դէմքը Յիսուս Քրիստոսի : Դէմք մը ողորմութեան, ներումի եւ խաղաղութեան : Ճշմարիտ քրիստոնեան այստեղ կանգ չ’առներ սակայն: Պէտք է բաժնեկից դարձնէ նաեւ իր եղբայրակիցը, անոր ալ ցոյց տալով նոյն սուրբ դէմքը: «Ներէ մեզի մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք ալ կը ներենք ամէն անոնց որ մեզի դէմ յանցանք գործեցին» : Ներումը, ուրեմն, կը բաժնենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ:

Թող 2018 նոր տարին՝ ըլլայ փոխադարձ ներումի եւ աղօթքի տարի՝ ընդմէջ համայն մարդկութեան, որպէսզի ան ըլլայ նաեւ տարի մը խաղաղութեան:

Երեւումներուն Յաջորդող Տարիները Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթա Մարթօ՝ Սուրբեր Երկինքին մէջ
1918-ի նոյեմբերին համաշխարհային առաջին պատերազմը վերջ կը գտնէ եւ զինուորները կը վերադառնան իրենց տուները, ինչպէս որ Աստուածամայրը խոստացած էր իր երեւումներուն մէջ: Թէեւ աշխարհը որոշ խաղաղութիւն մը կը գտնէ, սակայն Ֆաթիմայի մէջ տեղւոյն իշխանութեան կողմէ հալածանքներու նոր հանգրուան մը սկիզբ կ՛առնէ ընդդէմ Եկեղեցւոյ, փորձելով վերջ տալ երեւումներուն վերաբերող բոլոր լուրերուն, մանաւանդ վերջին երեւման ընթացքին պատահած հրաշքին մասին, որուն արձագանքը հասած ըլլալով ամենուրեք,  աշխարհի բոլոր կողմերէն հազարաւոր մարդիկ կու գային տեսնելու  հրաշքին վայրը, եւ խնդրելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը: Իշխանութիւնը՝ կատղած ըլլալով այս իրավիճակէն, որոշում կու տայ արմատախիլ ընելու այն կաղնին, որուն վերեւ կ՛երեւնար Մարիամ Կոյսը: Իշխանութիւնները մարդիկ կը ղրկեն այդ կաղնիէն ոչ մէկ հետք ձգելու պատուէրով, եւ այդպէս ալ կ՛ըլլայ։ Սակայն յաջորդ օրը, Լուչիան կը նկատէ թէ անոնք սխալ կաղնի մը արմատախիլ ըրած էին: Ֆաթիմայի բնակիչները անմիջապէս կը փութան կառուցանելու մատուռ մը նուիրուած «Վարդարանի Տիրամօր»: Կառուցումի աւարտին, եկեղեցւոյ թշնամիները կը պայթեցնեն զայն։ Սակայն, տեղւոյն  բնակիչները  երբեք  չեն  յուսահատիր,  ընդհակառակը, անոնք անմիջապէս գործի կը լծուին վերակառուցանելու քանդուած մատուռը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի երեք փոքրիկ հովիւներուն, Աստուածամօր բոլոր խոստումները կ՛իրականանան իրենց կեանքին մէջ՝ Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթա շատ կանուխ կը մեկնին երկինք, իսկ Լուչիան կը շարունակէ իր կեանքը այս աշխարհին վրայ, ըլլալու համար վկան եւ առաքեալը Մարիամի Անարատ Սուրբ Սրտին:

Ֆրանչիսկոսի երթը

1918-ի հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթա կը հիւանդանան, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ համբերութեամբ ու զոհողութիւններով կը շալկէ իր ցաւերը: Ֆրանչիսկոս՝ թոքերու բորբոքումի պատճառաւ, ցաւերու մէջ կը տանջուի: Սակայն առանց տրտուջի ու դժգոհանքի, իր ցաւերը կը նուիրէ չարչարեալ Սիրտ Յիսուսի, որ անարգուած է մարդուն մեղքերուն պատճառաւ: Ան իր մայրը մխիթարելու համար յաճախ կ՛ըսէ. «Մեր Տիրոջ եւ Սուրբ Կոյսին սիրոյն համար»: Երբ կը ծանրանայ հիւանդութիւնը, Ֆրանչիսկոս իր հօրը՝ Փետրոյին, կ՛ըսէ. «Կ՛ուզեմ Երկինք երթալ, Աստուածամայրը մեզի խոստացաւ որ պիտի գայ եւ մօտ ատենէն Երկինք պիտի տանի զիս»: Մայրը՝ Օլիվիան, տեսնելով Ֆրանչիսկոսի հաւատքն ու փափաքը Երկինք երթալու, կը հասկնայ թէ ինչու բժիշկները անկարող կ՛ըլլան օգտակար դառնալու:

Երբ Ֆրանչիսկոսի տանջանքներն ու ցաւերը կը ծանրանան, ան իր մօրը կ՛ըսէ. «Մայր իմ, այլեւս ուժ չունիմ վարդարանը աղօթելու, եւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ»ը դժուարութեամբ կ՛արտասանեմ»: Իսկ մայրը զինք մխիթարելով կ՛ըսէ. «Եթէ կարող չես շրթներովդ արտասանելու, սրտիդ մէջ աղօթէ, Աստուածամայրը պիտի լսէ քեզի եւ պիտի ուրախանայ»:

Ֆրանչիսկոս մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը կը կրէ ցաւերը իր մէջքին սեղմած պարան մը։ Եւ երբ կը զգայ թէ հասած էին կեանքին վերջին ժամերը, կը քակէ զայն իր մէջքէն, եւ Լուչիային յանձնելով կ՛ըսէ. «Առ պարանը նախքան որ մայրս զայն տեսնէ: Հիմա կարող չեմ այլեւս զայն մէջքիս կապելու: Կ՛ուզեմ չարչարուիլ Աստուծոյ եւ Մարիամի սիրոյն համար»: Լուչիան մօտենալով իրեն կ՛ըսէ. «Երբ բարձունքներն ըլլաս, մի մոռնար աղօթելու մեղաւորներուն համար, Յակինթային եւ ինծի համար»:

Արդէն մէկ ու կէս տարի անցած էր Աստուածամօր վերջին երեւումէն: Ֆրանչիսկոս խղճի քննութիւն մը կը կատարէ եւ իր հօրմէն կը խնդրէ Սուրբ Հաղորդութիւնը ստանալ: Յաջորդ օրը՝ 1919-ի ապրիլ 3-ին, Ֆրանչիսկոս վերջին անգամ ըլլալով կը ստանայ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեծ ուրախութեամբ, եւ իր մօրը դառնալով կ՛ըսէ. «Ճշմարիտ երջանկութիւնը զգացի»: Երեկոյեան ժամերուն, իր աչքերը սեւերելով դէպի ննջարանին դուռը, կ՛ըսէ իր մօրը. «Մայր իմ, որքան գեղեցիկ են այս լոյսերը, դռան մօտ»:

1919-ի ապրիլ 4-ի առաւօտեան ժամերուն, Ֆրանչիսկոս խաղաղութեամբ աչքերը կը փակէ իր ծնողքին տան մէջ, Ալժէսթրիլ քաղաքը: Անոր մարմինը կ՛ամփոփուի ժողովրդապետութեան գերեզմանատան մէջ, սուրբ Անտոն Փատովացիի եկեղեցւոյ կից: 1954-ին, անոր աճիւնները կը փոխադրեն՝ զետեղելու համար Վարդարանի Տիրամօր Պազիլիքային մէջ:

Յակինթայի ցաւերը

Երբ Յակինթայի ժամը կը հասնի Երկինք փոխադրուելու, Աստուածամայրը կ’երեւայ իրեն զինք պատրաստելու դէպի յաւիտենական երջանկութիւն անցքին: Յակինթան միշտ տենչն ու փափաքը ունեցած է Երկինք հասնելու, բայց նաեւ մտահոգ եղած է մեղաւորներու դարձով, ասոր համար կը խնդրէ Աստուածամօրմէն աւելի ժամանակ շնորհել իրեն մնալու աշխարհի վրայ, որպէսզի կարենար աւելի զոհողութիւններ կատարել, եւ չարչարանքներ կրել մեղաւորներու դարձին համար: Աստուածամայրը ընդառաջելով Յակինթայի խնդրանքին, Ֆրանչիսկոսի մահէն ետք, տասը ամիս աւելի կեանք կը պարգեւէ անոր: Ան Լուչիային կը վկայէ այս դէպքի մասին ըսելով. «Տիրամայրը եկաւ մեզ տեսնելու, եւ ըսելու թէ կարճ ժամանակ ետք Ֆրանչիսկոսը պիտի փոխադրէ Երկինք: Եւ հարցուց ինծի թէ կ՛ուզէի՞ աւելի մնալ որպէսզի օգնեմ մեղաւորներուն դարձին: Իրեն «այո» պատասխանեցի»: Աստուածամօր վերջին երեւումէն՝ 13 հոկտեմբեր 1917-էն մինչեւ իր մահը՝ 20 փետրուար 1920, այսինքն 28 ամիս, Յակինթա, հակառակ իր փոքր տարիքին, կեանքի շատ կարեւոր հանգրուան մը կ՛ապրի: Ան՝ որպէս աշակերտ Յիսուսի, դաստիարակուած Աստուածամօր դպրոցին մէջ, գիտակից էր թէ իր տառապանքներով, զոհողութիւններով ու ցաւերով պիտի կարենար օգտակար դառնալ իւրաքանչիւր մեղաւորի, որ հեռացած էր Աստուծմէ:

Յակինթա կ՛աղօթէ Սրբազան Քահանայապետին համար

Երեւումներուն ընթացքին, կը պատահի որ երկու կղերականներ կը հանդիպին փոքրիկներուն, զանոնք հարցաքննելու համար պատահարներուն մասին: Անոնք՝ հանդիպումին աւարտին, կը խնդրեն փոքրիկներէն աղօթել Սրբազան Քահանայապետին դիտաւորութեան: Յակինթա հարց կու տայ կղերականներուն. «Ո՞վ է սրբազան քահանայապետը»: Անոնք կը բացատրեն ըսելով թէ՝ ան Հռոմի Պապն է, Յիսուս Քրիստոսի ներկայացուցիչը աշխարհին վրայ, եւ սուրբ Պետրոս առաքեալի ժառանգորդը, բացատրելով անոնց Յիսուսի խօսքը Պետրոսին ուղղուած. «Դուն ես վէմը, եւ ես այդ վէմին վրայ պիտի հիմնեմ Եկեղեցիս, եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն անոր» (Մատթէոս 16,18):

Այսպէսով, այդ օրէն որ Յակինթա Քահանայապետը կը ճանչնայ որպէս Եկեղեցւոյ պետը, ամէն օր շարունակ կ՛աղօթէ անոր դիտաւորութեան, հանդերձ զոհողութիւններով: Ամէն անգամ որ մահացուցում մը կը կատարէ, իր աղօթքին մէջ կ՛աւելցնէ ըսելով. «նաեւ Սրբազան Քահանայապետին համար»: Իսկ Վարդարանի աղօթքին աւարտին, երեք անգամ «Հրեշտակային Ողջոյն»ը կ՛աղօթէ Սրբազան Քահանայապետին դիտաւորութեան: Ան միշտ փափաք յայտնած է նաեւ զինք տեսնելու եւ իրեն ծանօթանալու. «Որքան փափաք ունիմ Սրբազան Քահանայապետը տեսնելու: Շատ մարդիկ կու գան հոս, սակայն Սրբազան Քահանայապետը երբեք չեկաւ»: Իր մանկական պարզութեամբ, կը կարծէ թէ Պապը կրնար, ոեւէ անձի նման, եւ որեւէ ժամուն Ֆաթիմա այցելել:

Յակինթային առանձնաշնորհումը Սրբազան Քահանայապետը  տեսնելու

Յակինթան այնքան մեծ փափաք կ’ունենայ Պապը տեսնելու, որ Աստուածամայրը զինք կ’արժանացնէ յատուկ շնորհքներ ստանալու Սրբազան Քահանայապետին վերաբերող: Յետագային, Լուչիա կը պատմէ հետեւեալը. «Օր մը, գացած էինք հանգիստ ընելու ծնողքիս տան պատկանող հորին մօտ: Յանկարծ լսեցի Յակինթան որ զիս կը կանչէ ըսելով. «Տեսա՞ր Սրբազան Քահանայապետը»: «Ո՛չ», պատասխանեցի իրեն: Ան շարունակեց ըսելով. «Չեմ գիտեր ինչպէս պատահեցաւ այս տեսիլքը: Տեսայ Սրբազան Քահանայապետը մեծ տունի մը մէջ, ծնրադրած սեղանի մը առջեւ, գլուխը իր ձեռքերուն մէջ առած, կու լար: Իսկ դուրսը տեսայ հոծ բազմութիւն մը: Անոնցմէ ոմանք կը քարկոծէին Քահանայապետը, ուրիշներ կը նախատէին զինք ու կը հայհոյէին: Խեղճ Սրբազան Քահանայապետ: Պէտք է շատ աղօթենք իր դիտաւորութեան»: Ուրիշ առիթներով եւս, Լուչիան կը պատմէ թէ Յակինթան, աստուածային յատուկ շնորհքով, կ՛արժանանայ Քահանայապետը տեսնելու տարբեր տեսիլքներու ընդմէջէն:

Լուչիան կը պատմէ նաեւ հետեւեալ դէպքը. «Օր մը գացած էինք Լուքա Տը Քաբիսօ, հոն ուր հրեշտակը տեսանք 1916-ի առաջին եւ երրորդ երեւումներուն, աղօթելու համար այն աղօթքը, զոր հրեշտակը մեզի սորվեցուցած էր: Ծնրադրեցինք միեւնոյն տեղը, ուր երեւումը տեղի ունեցած էր, եւ սկսանք աղօթել: Ետքը լսեցի Յակինթան որ զիս կը կանչէր ըսելով. «Չտեսա՞ր ճամբաները, փողոցներն ու պարտէզները լեցուած մարդոցմով, որոնք կու լան անօթութենէ եւ չունին ուտելիք, իսկ Սրբազան Քահանայապետը եկեղեցւոյ մէջ կ՛աղօթէր Մարիամի Անարատ Սրտին, ինչպէս նաեւ ժողովուրդն ամբողջ կ՛աղօթէր իր հետ»: Այս մարգարէաշունչ տեսիլքը իրականացաւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, երբ սովէն մեծ թիւով մարդիկ մեռան: Ինչպէս նաեւ որքան մեծ էր ցաւը Աստուծոյ ծառայ Պիոս ԺԲ. Սրբազան Քահանայապետին, որ մեծ զոհողութիւններով եւ ջանքերով ապրեցաւ պատերազմի սեւ օրերը, եւ միշտ դիմեց Աստուածամօր, ու 1941-ին ամբողջ աշխարհը նուիրեց Մարիամի Անարատ ու Ցաւագին Սրտին:

Յակինթա մեծ զոհողութիւններ կը նուիրէ Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սրտերուն

Երեւումներուն աւարտին, Յակինթա ամբողջովին նուիրուեցաւ մեղաւորներու դարձին, որպէսզի անոնք ազատէին դժոխքէն: Մեծ զոհողութիւններ կը կատարէ անոնց փրկութեան համար, մանաւանդ 13 յուլիս 1917-ի երեւումէն ետք, որու ընթացքին Լուչիայի եւ Ֆրանչիսկոսի հետ միասին կը տեսնէ դժոխքը:

Այս բազմաթիւ զոհողութիւններէն կը յիշենք այն պարանը, զոր միշտ սեղմած էր իր մէջքին: Կը պատահի որ օր մը ծառին ճիւղէն ձեռքը կը վիրաւորուի. ան փոխանակ դժգոհելու ու լալու, իր ցաւը կը նուիրէ Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սրտերուն, որովհետեւ անոր մէջ կը գտնէ կերպ մը զոհուելու ուրիշին համար: Ատկէ ետք յաճախ ծառի ճիւղեր կը կտրէ եւ իր փափուկ ու նուրբ ոտքերուն տակ դնելով, բոպիկ անոնց վրայ կը կոխէ առանց դժգոհելու ցաւէն: Առաւել եւս որոշ զոհողութիւններ կը կատարէ կերակուրներէն ու ըմպելիներէն: Հակառակ փոքր տարիքին, իր ունեցած հաւատարմութեան առաքինութիւնը հանդէպ Աստուծոյ կոչին, թոյլ կու տայ որ մեծագործութիւններ կատարէ իր կեանքին մէջ: Ամէն անգամ որ՝ հրեշտակին սորվեցուցած աղօթքը կ՛արտասանէ, ծնրադրած եւ գլուխը գետին յարած, բազմաթիւ շնորհքներ կը ստանայ: Այնքան մեծ էր իր սէրը Յիսուսի եւ Մարիամի հանդէպ, որ զինք կը մղէր յաճախ սրտաբուխ աղօթքներ բարձրացնելու անոնց. «Որքան կը սիրեմ Մարիամի Անարատ Սիրտը. մեր երկնաւոր Մօր սիրտն է»: Լուչիային կը հարցնէ ըսելով. «Դուն ալ կը սիրե՞ս միշտ աղօթել Մարիամին՝ անոր Անարատ ու Մաքուր Սրտին: Ես շատ կը սիրեմ, շատ կը սիրեմ»: Յաճախ ծաղիկներ կը հաւաքէ պարտէզներէն, եւ աղօթքները երգելով կը դիմէ Մարիամին: 20 փետրուար 1920-ին, երբ կը պատրաստուէր Երկինք փոխադրուելու, Լուչիային կ’ըսէ. «Ինծի համար շատ աղօթէ մինչեւ որ Երկինք մտնեմ: Հոն ես քեզի համար շատ պիտի աղօթեմ: Շատ սիրէ Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սրտերը»: Յակինթա եղաւ իսկական առաքեալը Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սրտերուն: Հաւատացեալներէն շատեր կը դիմէին մանուկներուն եւ կ՛աղօթէին անոնց հետ, խնդրելով իրենցմէ որ յատուկ շնորքներ խնդրեն Աստուածամօրմէն:

Յակինթա կը պատրաստուի Երկինք փոխադրուելու

Ֆրանչիսկոսի մահէն մի քանի շաբաթ ետք, Յակինթա կը հիւանդանայ: Անդրադառնալով մօրը տխրութեան, Յակինթա կ՛ըսէ իրեն. «Մայրիկ մի տխրիր ու մի տրտմիր, ես Երկինք պիտի երթամ, եւ հոնտեղէն շատ պիտի աղօթեմ քեզի համար»: Եւ երբ Լուչիան իրեն այցելութեան կու գայ, Յակինթա կ՛ըսէ իրեն. «Ոչ ոքի պատմէ ցաւերուս մասին: Նոյնիսկ մօրս, որովհետեւ չեմ ուզեր որ ան մտահոգուի ու ցաւի»: Լուչիան իրեն կ՛ապահովցնէ ըսելով. «Ինչպէս որ կ՛ուզես»: Բժիշկը, որ կու գայ զինք քննելու, մինչ տակաւին ծնողքին տունն էր, կը յայտնէ թէ վիճակը շատ ծանր է ու անկարելի պիտի ելլայ տան մէջ պահելը. պէտք է հիւանդանոց փոխադրուէր: Յաջորդ օրը, մինչ զինք «Ֆիլանովա Տը Օրիմ» հիւանդանոցը կը փոխդրեն, Յակինթա կը պատմէ Լուչիային իր մահուան մասին Լիզպոնի հիւանդանոցին մէջ, մինակ, ըսելով. «Տիրամայրը պատմեց ինծի թէ երկու հիւանդանոց պիտի երթամ, բայց ոչ բուժուելու համար», եւ կ՛աւելցնէ. «Երանի դուն ալ հետս կարենայիր գալ: Ինչ որ կը տխրեցնէ զիս որ քեզմէ հեռու պիտի մնամ: Պիտի երթամ առանձինս չարչարուելու համար»: Ժամանակ մը ետք, երբ Լուչիան իրեն կ՛այցելէ հիւանդանոցին մէջ, կը հարցնէ. «Յակինթա, կը տառապի՞ս»: Ան կը պատասխանէ ըսելով. «Շատ: Սակայն այս բոլորը մեղաւորներուն դարձին համար եւ Սրբազան Քահանայապետին դիտաւորութեան: Յիսուս եւ Մարիամ կ՛ուզեն որ այս ցաւերը նուիրենք մեղաւորներուն դարձին համար»: Երկու ամիս կ՛անցնի եւ Յակինթայի առողջութիւնը ոչ մէկ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ հիւանդանոցին մէջ: Ծախսերը ծանր բեռ մը կ՛ըլլան ծնողքին համար: Բժիշկները կ՛որոշեն տուն վերադարձնել զինք:

Անգամ մը Լուչիան կը հարցնէ իրեն. «Ի՞նչ պիտի ընես Երկինքը»: Ան կը պատասխանէ. «Շատ պիտի սիրեմ Յիսուսը եւ Մարիամի Անարատ Սիրտը, եւ պիտի աղօթեմ քեզի համար, մեղաւորներուն համար, Սրբազան Քահանայապետին համար, ծնողքիս համար եւ բոլոր անոնց համար, որոնք խնդրեցին ինձմէ յիշել զիրենք»: Լուչիան կը վկայէ թէ օր մը կը տեսնէ զինք որ կը համբուրէր Աստուածամօր պատկերը ըսելով. «Ո՛վ երկնաւոր Մայրս, ուրեմն պէտք է որ առանձին մեռնիմ»: Եւ այդպէս ալ կ՛ըլլայ:

Յաջորդ տարուան սկիզբը, Յակինթա կը լսէ բժիշկը, որ իր գործընկերին կը խօսէր անոր վիճակին մասին ըսելով. «Շատ քիչ յոյս կայ բուժումի: Պէտք է շատ արագ գործողութեան ենթարկուի, սակայն ծնողքին հաւանութիւնը կ՛ուզենք»: Գործընկերը իրեն կը պատասխանէ ըսելով. «Յակինթայի պարագան շատ դժուար է»: Յակինթա լսելէ ետք այս խօսակցութիւնը, բժիշկին դառնալով կ՛ըսէ. «Այս բոլորը կարեւոր չէ, Աստուածամայրը ըսաւ թէ կանուխ պիտի մեռնիմ»: Եւ կը շարունակէ ըսելով. «Եթէ մարդիկ գիտնան թէ ինչ կը նշանակէ յաւիտենականութիւնը, անկարելին պիտի ընեն իրենց կեանքը փոխելու համար»:

Փետրուար 16-ին, գործողութենէն մէկ շաբաթ ետք, բժիշկը իր գործընկերին կ՛ըսէ. «Այս փոքրիկին առողջութիւնը չի լաւանար»: Իսկ մայրապետը որ կը հոգար զինք, կը լսէ Յակինթան որ կ՛ըսէ. «Հիմա ես ոչինչ կը խնդրեմ: Աստուածամայրը ինծի նորէն երեւցաւ եւ ըսաւ թէ կանուխ Երկինք պիտի փոխադրէ զիս, եւ պիտի հանդիպիմ Ֆրանչիսկոսի հետ»: Եւ այդպէս կ՛ըլլայ: Չորս օր ետք, 1920-ի փետրուար 20-ին, Յակինթա իր աչքերը կը փակէ, որպէսզի ծնէր Յաւիտենականութեան մէջ: Այն ատեն, հիւանդանոցին մեծաւոր մայրը իր կողքին կեցած կը խաչակնքէ ըսելով. «Հիմա վերջապէս Յակինթան ուրախ է իր եղբօր Ֆրանչիսկոսին մօտ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամին մօտ: Եղաւ ամէն բան որու ինք պատրաստուած էր»:

Պարոն «Տը Ալֆարէզ»ը ընտանեկան դամբարանը կը տրամադրէ Վիլա Նօվա Տը Օրէմի մէջ, որպէսզի հոն ամփոփուէր մարմինը Յակինթային: 1954-ին, անոր մարմինը կը փոխադրուի զետեղուելու համար Վարդարանի Տիրամօր Պազիլիքային մէջ: Երբ մարմինը գերեզմանէն կը հանեն, Պազիլիքա փոխադրելու համար, կը տեսնեն թէ անապական մնացած էր:

13 մայիս 1989-ին, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը Ֆրանչիսկոսը եւ Յակինթան Աստուծոյ ծառաներ կը յայտարարէ, իսկ 13 մայիս 2000-ին, զիրենք երանելիներ կը յայտարարէ Ֆաթիմայի մէջ, ուր այցելեց Պապը յոբելինական տարուան առթիւ, երրորդ անգամուան համար վերանորոգելու իր շնորհակալութիւնը Աստուածամօր, որ զինք ազատած էր մահափորձէն Վատիկանի սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ: 13 մայիս 2017-ին, երեւումներուն 100 ամեակին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը Ֆրանչիսկոսը եւ Յակինթան սուրբեր կը հռչակէ:

ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ․ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՊԱՊԸ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ ՅԱՐԳԵԼՈՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ «ՍԹԱԹՈՒ ՔՕ»Ն
Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի պետութեան մայրաքաղաք ճանչնալու ամերիկեան միակողմանի որոշումը արդար զայրոյթի ալիք մը յառաջացուց Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Այս որոշումին յաջորդող օրերուն, այդ զայրոյթը արտայայտող բողոքի բուռն ցոյցեր եւ ցուցարարներուն ու իսրայէլացի զինուորներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, մինչ Իսրայէլ իր օդուժը սանձազերծեց Կազայի դէմ իբրեւ հակազդեցութիւն հրթիռի մը արձակումին, պատճառելով աւելի քան 1200 վիրաւորներ, ըստ պաղեստիեան առողջապահութեան նախարարութեան։ Չորս հոգիներ սպաննուեցան Կազայի մէջ եւ Ֆաթհը կոչ ըրաւ շարունակելու ցոյցերը։

Պաղեստինցիներուն եւ համայն արաբական աշխարհին ընդվզումին միացաւ միջազգային ընտանիքը՝ դիտել տալով որ նախագահ Թրամփ իր այս միակողմանի որոշումով կը ժխտէ Երուսաղէմի մասին ՄԱԿ-ի բոլոր բանաձեւերը եւ շրջանէն ներս կը յառաջացնէ պայթիւնավիճակ մը՝ ծայր աստիճան սպառնալից հետեւանքներով։

Այս խռովայոյզ իրավիճակը բնականաբար չէր կրնար անտարբեր ձգել Սուրբ Աթոռը, որ իրեն յատուկ զուսպ բայց խստաշունչ հակազդեցութեամբ մը զգացուց իր ընդդիմութիւնը Թրամփի գայթակղալի որոշումին, որուն հետեւանքով ստեղծուած «խիստ ծանրակշիռ» իրավիճակին դիմաց, ինչպէս ըսուած է Սուրբ Աթոռին կողմէ այս մասին լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ, Սրբազան Քահանայապետը «իմաստութեան եւ զգուշաւորութեան կոչ» ըրաւ պետութեանց ղեկավարներուն որպէսզի «զգուշանան բռնութեան նոր ալիք մը յառաջացնելէ՝ բանիւ եւ գործով ընդառաջելով ժողովուրդներու խաղաղութեան, արդարութեան եւ անվտանգութեան ցանկութիւններուն»։ Պապը բաժնեց Թրամփի որոշումին հետեւանքով՝ Արաբական Լիկային, Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան եւ միջազգային բոլոր մարմիններուն արտայայտած մտավախութիւնները։

Արդարեւ, Սուրբ Աթոռի մամուլի Գրասենեակին կողմէ֊ կիրակի, 10 դեկտեմբերին լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը յիշեցնէ Սուրբ Քաղաքին «յատուկ կարգավիճակը» եւ «Երուսաղէմի սթաթու քօն յարգելու կենսական պայմանը»։ Ան կը վերահաստատէ Սուրբ Աթոռին այն համոզումը որ միայն իսրայէլացիներուն ու պաղեստինցիներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններու միջոցաւ գտնուած լուծում մը կրնայ առաջնորդել կայուն ու տեւական խաղաղութեան մը, եւ երաշխաւորել խաղաղ համակեցութիւնը երկու Պետութիւններու, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս»։

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն Առաքելութիւնը, իր կարգին, 21 դեկտեմբեր 2017-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի տասներորդ արտակարգ նստաշրջանի 37-րդ լիագումար նիստին յղած մէկ յուշագրով յիշեցուց բոլոր երկիրներուն պարտաւորութիւնը յարգելու Սուրբ Քաղաքին պատմական կարգավիճակը եւ կոչ ըրաւ յարգելու Երուսաղէմի դիմագիծը եւ անոր տիեզերական արժէքը։ Ան վերահաստատեց որ միջազգային երաշխաւորուած կարգավիճակ մը կրնայ պահպանել Սուրբ Քաղաքին եզակի դիմագիծը եւ երաշխաւորել երկխօսութիւնն ու հաշտութիւնը ի խնդիր շրջանէն ներս խաղաղութեան։

Կարծես Նախախնամական կանխազգացումով մը, կամ թերեւս վատիկանեան դիւանագիտութեան խողովակներուն միջոցաւ ստացած տեղեկութիւններէն դատելով, չորեքշաբթի 6 դեկտեմբերին, Երուսաղէմը Իսրայէլի պետութեան մայրաքաղաք ճանչնալու մասին նախագահ Թրամփի կատարած յայտարարութենէն առաջ իսկ, իր ընդհանուր ունկնդրութեան ժամանակ, Պապը կոչ ըրած էր որպէսզի «բոլորը յանձնառու ըլլան յարգելու Երուսաղէմի սթաթու քօն, համաձայն Միացեալ Ազգերու համապատասխան որոշումներուն»։ Այնուհետեւ լոյս ընծայած հաղորդագրութեան մէջ, Սուրբ Աթոռը յայտարարեց որ «Երուսաղէմը Սուրբ Քաղաք է համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն, հրեաներուն եւ իսլամներուն համար»։

Առաջին անգամը չէ որ Սուրբ Աթոռը իր ձայնը կը բարձրացնէ եւ Սրբազան Քահանայապետը իր ազդու միջամտութիւնը կը կատարէ առաջքը առնել տալու համար ժողովուրդներու խաղաղութեան, արդարութեան եւ անվտանգութեան ձգտումին հակադրուող որոշումի մը կամ քայլի մը գործադրութեան կամ յետս կոչել տալու համար զայն, ով ալ ըլլայ անոր հեղինակը, ինչպէս պատահած էր 2013-ի օգոստոս-սեպտեմբերին, երբ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ կը պատրաստուէր զինուորական յարձակում մը Սուրիոյ վրայ եւ Ֆրանչիսկոս Պապը յաջողեցաւ յետս կոչել տալ այդ յարձակումին ծրագիրը։

17/12/2017

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-ամեայ յոբելեանին առիթով «ՖԱԹԻՄԱ ԵԿԱՅ՝ ՑՆԾԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԻԱՄԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԱՅՐԵՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
Անցեալէն այսչափը կը բաւէ վերջին չորս յօդուածներովս: Այսօր գանք ներկային, որովհետեւ, ինչպէս որ լիովին համազուած եմ, Ֆաթիմա այնքան չի պատկանիր անցեալին, որքան ներկային ու ներկայէն՝ ապագային:

Իսկոյն իմացնեմ, թէ հոգեկան աստուածաբանութեան այդ յանձնառումին շեշտաւորումը, որուն երէկ ակնարկեցի չորրորդ յօդուածիս վերջաւորութեան, կը տեսնեմ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապին (2005-2013) ուսուցող խօսքերուն եւ արարք-ներուն մէջ, զորոնք ըսաւ ու ըրաւ 11 Մայիս 2010-ին, զինքը Ֆաթիմա տանող օդանաւին մէջ տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Արդարեւ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը, յայտնելէն յետոյ իր ուրախութիւնը Ֆաթիմա երթալու, ուր Տիրամօր առջեւ պիտի աղօթէր, ինչպէս նաեւ շեշտելէն յետոյ, թէ «Ֆաթիմա նշան է հաւատքի առկայութեան», իրաւացիօրէն կարեւորեց Տեսլամօր պատգամն իբր պատասխանը Յիսուս Որդիին հրահանգին.«Էականին մէջ՝ Ֆաթիմայի պատասխանը ուղղուած չէ մասնաւոր ջերմեռանդութիւններուն, այլ՝ կը պարփակէ զղջազող դարձը, ապաշխարանքը, աղօթքն ու երեք աստուածաբանական առաքինութիւնները՝ Հաւատքը, Յոյսը, Սէրը»:

Իսկ հարցազրոյցն աւարտեց այս շեշտուած պատասխանով.«Եկեղեցին խոր պահանջքն ունի վերասորվելու ապաշխարանքը, ընդունելու մաքրազտումը և սորվելու ներումը:

Մենք իրատեսներ ենք, երբ կը սպասենք, թէ դեւը միշտ կը հարուածէ, Եկեղեցիին ներսէն ու դուրսէն, բայց նոյնպէս իրապաշտ ենք՝ ըսելով, թէ բարիին ոյժերն ալ միշտ ներկայ են և թէ Տէրը աւելի հզօր է քան սատանան, ինչպէս նաև, թէ Տեսլամայրը մեզի համար տեսանելի ու մայրենի երաշխիքն է Աստուծոյ բարութեան, որ միշտ վերջին խօսքն է պատմութեան մէջ»:

Ուխտագնացութեան երկրորդ օրը, Մայիս 12-ին, ֆաթիմայեան ու վարդարանեան օրն եղաւ թէ՛ Հռոմի մարեմական-մարեմաբանին և թէ՛ բազմահազար ուխտաւորներուն համար, որոնց խօսած քարոզին մէջ գերմանացի Սրբազան Հայրը յորդորեց նմանելու Մարիամին՝ անոր ամբողջական համակերպումին մէջ Աստուծոյ կամքին:

Ան յանձնարարեց վարդարանին ամենօրեայ աղօթքը՝ կարեւորելով անոր խորհրդածութիւնն իբր ներհայեցողական խոկումի մեթոտ Ս. Կուսամօր մասնակցութեան այսօրուայ մեր կեանքերուն մէջ:

«Վարդարան ըսելը», կը սորվեցնէ մարեմասէր Պապը, «մեզի կը թոյլատրէ հաստատելու մեր ակնարկն ու սիրտը Յիսուսի վրայ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս անոր Մայրը՝ գերագոյն Օրինակն ու Բնորդուհին Որդիին հետ ներհայեցողական խորհրդածութեան եւ ապրումին»:

Ս. Վարդարանով՝ մենք կը խորհրդածենք Յիսուսի մասին ընդօրինակելով Մայրը, որ մեզ կը տանի նմանութեան իր Որդիին, որմէ կ’առնենք լոյսը մեր առօրեային համար:

Կեանքին մէջ հաւատքը շատ տեղեր կը թուի ըլլալ իբր լոյս, որ, սակայն, վտանգուած է շիջելու մշտապէս: Ուստի, մեր Տէր Աստուածն աշխարհին մէջ տեսանելի դարձնելու ենք և բանալու ենք մարդկութեան:

Հետեւաբար, բացագանչեց սպիտակազգեստ Այցելուն, «մի՛ վախնաք թէ՛ խօսելու Աստուծոյ մասին և թէ՛ ցոյց տալու նշանները հաւատքին՝ ձգելով, որ Քրիստոսի լոյսը շողայ այսօրուայ ժողովուրդին ներկայութեան մէջ»:

Սրբազան Պապը, լատիներէն, և ուխտաւոր հաւատացեալները, իրենց լեզուներով, աղօթեցին Փառաւորութեան Խորհուրդները: Իւրաքանչիւրը իր մայրենի լեզուով, որով վերառնուեցաւ տիեզերականութիւնը Ս. Եկեղեցիին:

Աղօթքը սկսելէն առաջ, սակայն, հազարաւոր «Ֆաթիմայի վարդարան»ները բաժնուեցան: Նախ իբրեւ խորհրդանշական նուէր՝ Քահանայապետը ստացաւ տպազիոնի յարգի քարերով ոսկեզօծ վարդարան մը:

Այս գրութեանս վերնագիրն առի այն սրտառուչ և խորիմաստ ներբողէն, զոր Բենեդիկտոս ԺԶ. կարդաց Մայիս 13-ին, հայրապետական Ս. Պատարագին ատեն, բազմաթիւ կարդինալներու, արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, կրօնաւորներու, մայրապետներու, ինչպէս ալ պետական ու աշխարհական անձնաւորութիւններու և բիւրաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ:

Փառաւորեալ օրն էր 93 տարիներէն առաջ Ֆաթիմա սկսած առաջին երեւումին եւ մանաւանդ յոբելենական 10 ամեակն էր Յակինթայի ու Փրանկիսկոսի «Երանելի» հռչակումին: Ուրեմն, նաեւ պատեհ ցնծառիթն էր՝ մէջբերելու տարիքով շատ անչափաաս, սակայն սիրով յոյժ չափահաս երկու Երանելիներուն փորձառութիւնը Աստուծոյ եւ Աստուածամօր հետ:

«Սուրբ է այս վայրը, ուր երկինքէն եկաւ Տիկինը՝ Դասատուն, որ երեք փոքրիկ տեսանողները ներածեց Ս. Երրորդութեան ճանաչումին եւ զանոնք առաջնորդեց փրկող Աստուծոյ՝ ինքնին իբր ամենագեղեցիկ Իրականութեան մարդկային գոյութեան:

Շնորհքի այս փորձառութիւնը առթեց երեքին, որ Յիսուսի մէջ սիրահարուին Աստուծոյ, եւ այն՝ այնքա՜ն, որ Յակինթա կրցաւ բացագանչել. «Որչա՜փ ես կը հրճուիմ ըսելով Յիսուսին, թէ ես կե սիրեմ Զինքը: Եւ այս երբ ստէպ կ’ըսեմ Անոր, կը զգամ, իբր թէ ունիմ կրակ իմ կուրծքիս մէջ, որ, սակայն, զիս չ’այրեր»:

Իսկ Փրանկիսկոս կրցաւ վկայել. «Ամբողջին մէջ ամենաւելի ինչ որ կը սիրէի, այն էր, որ կը տեսնէի մեր Տէրը այն լոյսին մէջ, զոր մեր Մայրը դրաւ մեր սրտերուն խորքը: Ես ա՛յնքան շատ կը սիրեմ Աստուած»:

Իր խօսքերուն եւ մէջբերումներուն լիովին համոզուած էր Սրբազան Հայրը, որ, երկու Երանելիներուն առնչութեամբ, այս սրբավայրը գալուն իր դիտաւորութիւններէն վերջինն այսպէս բանաձեւեց. «Հուսկ, Ֆաթիմա եկայ միևնոյն զգացումներով, զորոնք ունէին Երանելի Փրանկիսկոս ու Յակինթա, ինչպէս նաև «Ծառայ Աստուծոյ» Լիւսիա (տոս Սանթոս, 1907-2005), այսինքն՝ Տիրամօր յանձնելու այն հարազատ խոստովանութիւնը, որով մտերմօրէն մենք կ’արտայայտուինք «ես կը սիրեմ» Յիսուսը, ինչպէս ալ թէ Եկեղեցին ու քահանաները կը «սիրեն» Զայն եւ կը տենչան պահել իրենց ակնարկն Անոր վրայ, մինչ այս «Տարին Քահանաներու»ն կը հասնի իր աւարտին՝ Մարիամի մայրենի պաշտպանութեան յանձնելով քահանաները, նուիրեալ այրերն ու կիները, առաքեալները եւ այն բոլորը, որոնք իրենց բարի գործերով Աստուծոյ Տունը կը դարձնեն վայր մը ընդունելութեան ու մարդասիրական հոգատարութեան»:

Սիրոյ, լոյսի, շնորհքի և մարդասիրութեան մեր Աստուածն ու Աստուածամայրը դաւանող և գովերգող Քահանայապետին քարոզը իրաւացիօրէն չափազանց մեծ արձագանգ գտաւ թէ՛ ներկաներուն ու թէ՛ լրատուողական միջոցներուն ունկնդիր-տեսնողներուն վրայ:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ – ԱՐԺԵՒՈՐԵ՛Լ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Մի՛ նայիր թէ ժամանակը ինչպէս կ’անցնի,

այլ թէ դու՛ն ի՛նչպէս կ’անցընես զայն։

Ժամանակդ ապրէ՛, բայց քու ետիդ անպէ՛տ

արարքներ մի՛ թողուր, քանի որ ժամանակը

անոնց համար քեզի չէ՛ տրուած…։

ՀԱՅՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿՌԱՆԵԱՆ

Թեւակոխեցինք նո՛ր տարի մը եւ տարիով մը եւս հարստացուցինք մեր անցեալը, եթէ անկախ՝ 365 օրերու բովանդակութենէն, տարիներու միայն կուտակումը հարստութիւն է։ Մինչ մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքի պատմութեան էջերուն վրայ կ’աւելցնենք եւս էջ մը, ամէ՛ն մարդ եւ ամէ՛ն հաւաքականութիւն միայն ի՛նք կրնայ ճշմարիտ եւ արդար գնահատականը կատարել այդ յաւելուածին եւ ըսել թէ ի՛նչպէս անցուցած է զայն։ Անցնող տարին իրապէ՛ս հարստացուցա՞ծ է մեզ եւ ճոխացուցած մեր անցեալը, թէ՞ եղած է ժամավաճառութիւն, ժամանակի վատնում։

Տեսնե՛նք…։

Մինչ Նորը կը պարտաւորեցնէ մեզ յետադարձ ակնարկ մը նետելու, մեր առաջին մտածումը կ’ըլլայ ժամանակին սրարշաւ երթը։ «Երէկ էր կարծես. Ինչքա՛ն շուտ անցաւ» մտածելով՝ տարուան 365 օրերը ակնթարթ մը կը թուին պահ մը։ Այդ պահուն ակնթարթն ու տարին իրենց տեւողութեամբ կը հաւասարին կարծես։ Պահ մը կը կորսնցնենք ժամանակի հասկացողութիւնը, բայց անգամ մը եւս կ’անդրադառնանք անոր կարեւորութեան ու արժէքին։ Կը նկատենք ու կը հաւատանք որ իրապէ՛ս «ժամանակը սո՛ւղ է» այնպէս ինչպէս սորվեցուցած են մեզի մեր վաղ մանկութենէն եւ ըստ այնմ անցընել զայն։ Այնուհետեւ, տարիներու ընթացքին անդրադարձած ենք որ ժամանակը երբեմն աւելի սուղ է, աւելի թանկարժէք քան ոսկին՝ որ կը շլացնէ մեր աչքերը, մինչ ժամանակի գոյութիւնը չենք նկատեր անգամ։ Մինչդեռ ան երկնառաք հարստութիւն մըն է՝ տրուած հաւասարապէս բոլո՛ր մարդոց։ Բայց դժբախտաբար, ամէն մարդ չէ որ կը գիտնայ զայն ըստ արժանւոյն օգտագործել, դրամագլուխի վերածել, չվատնել ու չմսխել այն պահերը որոնց գումարը կը կազմէ ժամանակը։ Ամէն մարդ չէ որ կը մտածէ զայն արդիւնաւէտ դարձնելու մասին։ Անոր օգտագործումով՝ հոգին ու միտքը հարստացնելու եւ իր գոյութիւնը ընկերութենէն ներս օգտակար, ցանկալի եւ փնտռուած դարձնելու մասին։ Ամէն մարդ չէ որ կը գիտնայ ազնիւ առաջադրանքներու ու ծրագիրներու կենսագործումին ծառայեցնել աստուածապարգեւ ժամանակը։

Այնպէս ինչպէս դրամատէր կամ գործարար մարդիկ տարին գէթ անգամ մը իրենց ունեցուածքին հաշուեկշիռը կ’ընեն, իւրաքանչիւր մարդ, հարուստ կամ ոչ, պարտի նաեւ հաշուեկշիռը ընել իր ժամանակին, երկնառաք այդ ունեցուածքին, ստուգելու համար որ անոր ինչքա՞նը հասութաբեր ու արդիւնաշատ եղած է, ինչքա՞նը ապարդիւն կամ վատնուած։ Ստուգելու համար աստուածաշնորհ այդ ժամանակ-դրամագլուխին տոկոսին համեմատութիւնը։ Որովհետեւ, գրպանի սնանկութենէն աւելի վատ է մտքի ու հոգիի սնանկութիւնը որ հետեւանքը կրնայ ըլլալ մարդուն ձրիօրէն տրուած ժամանակին հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութեան, այդ դրամագլուխէն օգտուիլ չգիտցողներու թմրամտութեան։ Հետեւանքը՝ ունայնութիւններու վրայ թանկարժէք ժամանակի մսխումին։

Զարգանալ, բազմաշնորհ դառնալ, միտքն ու հոգին հարստացնել ուզող եւ փորձող մարդուն համար՝ ժամանակը երբեք չի բաւարարեր, որովհետեւ շնորհիւ անոր անընդհատ ու նպատակամէտ օգտագործումով ձեռք բերուած պաշարը հարկադրանքին առջեւ կը դնէ մարդը աւելի՛ ժամանակ պահանջելու, յաւելեալ դրամագլուխ՝ կարենալ բաւարարելու համար իր հոգեմտաւոր ու մարդկայնական պահանջները։ Մինչդեռ, ունայնասէր եւ ունայնամիտ մարդուն սնանկութիւնը չ’ուշանար, շուտով կը զզուի ինքնիրմէ եւ իր կեանքէն։ Ձանձրոյթը կը կրծէ զինք։ Ան կ’անիծէ՛ ժամանակը որ չանցնիր։ Այսպիսիներուն համար՝ վերջին պահուն փնտռուած ժամանակը երբեք բաւարար չըլլար, որովհետեւ մինչ այդ կորսնցուցած կ’ըլլան ի սկզբանէ իրենց շնորհուած կեանքին թանկարժէք պահերը։ Վերջի՛ն պահուն միայն կ’անդրադառնան կարեւորութեանը այն ժամանակին զոր ձգեցին իրենց ետին, անվերադարձ։

Զուր է վերադարձնել փորձել անիմաստ զգաղումներու եւ անցողական վայելքներու յատկացուած պահերը որոնք ոչինչ տուին։ Դարձան ժամանակի կորուստ, կորսուած ներդրում։ Զուր է փնտռել տարիներու բեռան տակ թաղուած բան մը որքան ալ արժէքաւոր ըլլայ ան, եթէ չենք գիտցած իր օրին գնահատել այդ հարստութիւնը, գուրգուրալ անոր վրայ։ Վերջին պահու զղջումը կրնայ անօգուտ ըլլալ, եթէ նոյնիսկ գործուած տարբեր մեղքերու թողութիւն խնդրելու համար երբեք ուշ չէ, ինչպէս որ կ’ուսուցանէ Եկեղեցին։

Հարուստ է ու լիացած այն մարդը՝ որ գէթ տարին անգամ մը, Նոր Տարուան սեմին կանգնած կրնայ դրական պատասխան տալ ինքն իրեն ուղղած այն հարցումին թէ ի՛նչ տուին իրեն անցնող տարին ու տարիները եւ դեռ՝ ի՛նչ տուաւ ի՛նք այն ընկերութեան ու շրջապատին որուն կը պատկանի, այն ինքնութեան որմով կը պարծենայ, այն ամէնքին եւ ամէն ինչին որ իր սեփականութիւնը կը նկատէ։ Ի՛նչ աւելցուց ժամանակը իր վաստակի՛ն վրայ, հոգեկան ու մտաւոր պաշարին վրայ։ Մէկ խօսքով, ինչպէ՛ս անցուց իր ժամանակը։

Եթէ պարկեշտօրէն կատարուած հաշուեկշիռ մը ցոյց տայ ժամանակ դրամագլուխին վատնումը, կորսուածին վրայ ողբալը օգուտ չունի։ Փոխարէն, հարկ է մտածել նո՛րը, գէթ գալիք ժամանակները չկորսնցնելու, զանոնք նպատակային դարձնելու մասին՝ նկատելով որ ժամանակը մշտանորոգ դրամագլուխ մըն է, որովհետեւ զայն տրամադրող Նախախնամութիւնը նաեւ բարեգութ է եւ միշտ պատրաստ նո՛ր եւ վերջի՛ն առիթ մը տալու, կորսուած դրամագլուխը վերականգնելու հնարաւորութիւն տալու անո՛ր որ Ամանորը կը դիմաւորէ ժամանակին ընձեռած հնարաւորութիւններու լաւագոյն ձեւով օգտագործումին առաջնորդող նո՛ր հանգրուան մը դարձնելու հաստատակամութեամբ։ Անո՛ր որ անցնող ժամանակի կորուստը վերա-կանգնելու վճռականութեամբ մուտք կը գործէ Նոր Տարուան սեմէն ներս։ Անո՛ր որ տարիներու փորձը գիտակից կը դարձնէ ժամանակի կարեւորութեան եւ արժէքին։ Այլապէս, տարեթիւի փոփոխութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ երկրագունտի կամ բնութեան օրէնքներէն։ Արեւն ու Լուսինը, տարուան եղանակներն ու ծաղկունքը պիտի յարգեն իրենց ժամադրութիւններն ու ժամադրավայրերը։ Մարդն է որ պիտի փոխուի, պէ՛տք է փոխուի դէպի լա՛ւը, լաւագո՛յնը։ Նոր Տարին զայն դիմաւորող մարդու բարեփոխութեան հրաւէր մըն է։ Այդ փոփոխութիւնը կախեալ է իրեն տրամադրուած ժամանակը օգտագործելու ձեւէն։ Զայն իբրեւ զարգացման, յառաջդիմութեան, հոգեմտաւոր հարստացման եւ բարեաց առիթ՝ արդիւնաւէտ դարձնելու յանձնառութենէն։

Այսպիսի յանձնառութիւն կատարելու պահն է Նոր Տարին զոր կը դիմաւորենք անհատապէս եւ հաւաքաբար։ Յաջորդը կրնայ արդէն ուշ ըլլալ։

22/12/2017

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

ՍԲ. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
Երկուշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծնունդը տօնուեցաւ: Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատոյց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ և վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան վարչական հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, ժառանգաւորներ և հաւատացեալներ:

Գերապայծառ Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդին, ըսաւ. «2018 տարի եղաւ որ կը տօնենք Քրիստոսի ծնունդը: Ան աշխարհակալ մը չէր, կայսր մը չէր, այլ խոնարհ մանուկ մը, որ ծնաւ մսուրի մը մէջ եւ կ’ապրի մեր սրտերուն մէջ: Այսօր մեծ աւետում է բոլոր աշխարհին, քանի Քրիստոսի ծնունդով վերջ դրուեցաւ սատանայի իշխանութեան: Այսօր աշխարհը պէտք ունի նոր աւետարանումներու և մենք ենք այդ առաքեալները: Սիրել, օգնել, խոնարհ ըլլալ և ծառայել։ Աշխարհը այսօր որքա՜ն պէտք ունի իսկական փրկիչներու: Քրիստոս որ ծնունդ առաւ մսուրի մէջ, պէտք է ծնի մեր սրտերուն մէջ: Մսուրը բաց է, խորանին վրայ, տապանակին մէջ և միշտ ընդունելու պատրաստ է մեր կեանքի խորհուրդը: Այսօր իմ միտքը կ’երթայ հիւանդներուն, աղքատներուն, ծերերուն և մանուկներուն: Զմմառու Տիրամայրը թող գուրգուրայ մեր բոլորին վրայ, ինչպէս գուրգուրաց Յիսուս Մանուկին: Թող օրհնուին մեր տուները, մեր գործերը, մեր ընտանիքներն ու հարազատները»:

Ս. Պատարագի աւարտին՝ Պատրիարքական Փոխանորդը, հոգեւոր դասն ու ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի Մայրավանքի դահլիճ, ուր յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ եւ փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան, ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ և յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս»:

ՍԲ. ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ԿԻՒՄՐԻԻ ՏԱՆ ՄԷՋ
23 դեկտեմբեր 2017-ին Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Կիւմրիի տան մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան արդէն աւանդական դարձած հանդիսաւոր միջոցառումը՝ Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի երգեցողութեան ուղեկցութեամբ, ղեկավարութեամբ մայեսդրօ Ռոպերդ Մլքէյեանի:

Միջոցառման ներկայ էին Արհի. Տ. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեանը, Հայ կաթողիկէներու Կիւմրիի ժողովրդապետ Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը, Տաշիրի ժողովրդապետ Հ. Ներսէս վրդ. Գալստեանը, Տ. Նարեկ քհնյ. Թադեւոսեանը, Տ. Յովսէփ քհնյ. Գալստեանը, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Շիրակի փոխ-մարզպետ Սեյրան Պետրոսեանը, մարզպետարանի ընտանիքը, կանանց եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան բաժնի պատասխանատու Լիլիթ Գորգինեանը եւ այլ հիւրեր, կեդրոնի սաներու ծնողները, Աշոցքի եւ Տաշիրի հայ կաթողիկէ համայնքներու երեխաներ եւ պատանիներ:

Միջոցառման սկիզբը ներկաներուն ողջունեց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Հայաստանի մեծաւորուհի Քոյր Ռեպեքան եւ հրաւիրեց Հայր Մաշտոց Զահթէրեանը՝ օրհնութեան խօսք ըսելու:

«Այսօր եկած ենք լսելու այս մանուկներուն բերանով հնչող Աւետիսը, Յիսուսի ծննդեան բարի լուրը, որ իրականացաւ մեր փրկութեան համար: Աստուած մարդ դարձաւ, որպէսզի մեզ ազատէ մեղքէն եւ մեր առջեւ կրկին բանայ դէպի երկինք տանող ճանապարհը: Ուստի այս միջոցառման աւարտին մեզ հետ տանինք այս ուրախութիւնը եւ դառնանք Քրիստոսի մարմնացման վկայ առաքեալներ: Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս» ըսաւ Հայր Մաշտոց:

Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի երգերու եւ շարականներու հնչիւններուն ներքեւ կեդրոնի սաները ներկայացուցին Յիսուսի ծննդեան բեմադրութիւնը՝ թատրոնի դերասանուհի Նառա Սանթոյեանի ղեկավարութեամբ:

Բեմադրութենէն յետոյ խօսք առաւ Արհի. Տ. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեանը եւ արտայայտեց իր հիացմունքը ի տես Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը եւ աւետարանական պատումը խոր ապրումով եւ յուզումով ներկայացնելու երեխաներու հմտութեան:

Քոյրերու տան Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի նուիրուած եւս մէկ միջոցառում կազմակերպուեցու դեկտեմբեր 26-ին, ուր դարձեալ ելոյթ ունեցաւ Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբը․ երեխաներուն ուրախացուցին Ձմեռ Պապիկն ու ծաղրածուները, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: