Յունուար / Փետրուար 2019, թիւ 143/144 – Massis Magazine

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
«Լիբանանի բարեկարգումը սկիզբ պիտի առնէ քաղաքացիական ամուսնութեան օրէնքի վաւերացումով»։ Այս բառերով գործի լծուեցաւ Լիբանանի ներքին գործոց նորանշանակ նախարարուհին՝ տիկին Ռայա Ալ Հասան։ Թէեւ լիայոյս ենք, ինչպէս միշտ եղած ենք, թէ Լիբանանը վերջապէս պիտի բարեկարգուի, բայց պահ մը ապշահար սկսանք հարց տալ թէ որքանո՞վ քաղաքացիական ամուսնութիւնը մեկնակէտ կամ միջոց կրնայ ըլլալ այս մեծածաւալ ծրագրին: Արդեօք քաղաքացիական ամուսնութիւնը կրնա՞յ ապահովել այն տարրական եւ հիմնական իրաւունքները որոնցմէ զրկուած է լիբանանցին, ինչպէս ելեկտրականութիւնը, ջուրը, մաքուր օդն ու սնունդը, բժշկութիւնն ու ուսումնառութիւնը…։ Տարիներէ ի վեր այս նիւթը մոռցուած էր երեսփոխանական գրասենեակներու դարակներուն մէջ, եւ ահա յանկարծ օրակարգի վրայ կը բերուի, կարծես աւելիով բաժանումներ ստեղծելու համար երկրին մէջ, եւ կամ, որպէսզի զբաղեցնէ քաղաքացիները այսպիսի թղթածրարով մը, անոնց ուշադրութիւնը շեղեցնելու համար իրենց կեանքը յուզող արմատական տագնապներէն, այսպէսով բարեկարգումներու ազդանշանը տուած ըլլալու խաբկանքը տալով։

Հազիւ թէ լուրը արձագանգեց հաղորդամիջոցներէն, մէկ կողմէն տարբեր համայնքապետեր, իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն դիտելով հարցը, իրենց վերապահութիւններն ու տեսութիւնները ի յայտ բերին, միւս կողմէն, քաղաքացիները, ոմանք գիտակցաբար, ուրիշներ անգիտակցաբար, ուրախութեամբ եւ խրախուսիչ արտայայտութիւններով իրենց կարծիքները յայտնեցին, կարծելով թէ մարդուն ազատութիւնը ամփոփուած է այս որոշումին մէջ։

1852 թուականին, Պիոս Թ. սրբազան քահանայապետը, խօսելով քաղաքացիական ամուսնութեան մասին, հետեւեալը ըսած էր. «Քրիստոնեաներու միջեւ ամուսնական միութիւնը չի կրնար օրինական ըլլալ եթէ ոչ միմիայն սուրբ Պսակի խորհուրդով, որմէ դուրս ամէն տեսակի միութիւն կը նկատուի կենակցութիւն»։ Լեւոն ԺԳ. սրբազան քահանայապետը իր կարգին եւս քաղաքացիական ամուսնութիւնը նկատած էր որպէս «դատապարտելի կենակցութիւն»։ Սակայն 1981-ին հրատարակուած քրիստոնեայ ընտանիքին նուիրուած առաքելական յորդորին մէջ, որ կը կոչուի «Ընտանեկան համերաշխութիւն» (Familiaris consortio), սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան քահանայապետը հետեւեալը կը գրէ. «Կաթողիկէ զոյգերու պարագան, որոնք գաղափարական կամ գործնական պատճառներու համար կը նախընտրեն միանալ քաղաքացիական ամուսնութեամբ, մերժելով կամ յետձգելով կրօնական ամուսնութիւնը, հետզհետէ յաճախակի կը դառնայ: Չենք կրնար զիրենք նկատել նման այն զոյգերուն որոնք միասին կ’ապրին առանց ոչ մէկ կապի, որովհետեւ անոնք գէթ որոշ յանձնառութիւն մը կատարած են ուղիղ, եւ հաւանաբար կայուն կեանքի վիճակի մը, նոյնիսկ եթէ յաճախ հնարաւոր ամուսնալուծման հեռանկարը այս որոշումին համար օտար չէ: Խնդրելով պետութեան կողմէ հանրային ճանաչում այսպիսի կապակցութեան մը համար, այս զոյգերը կը յայտնեն իրենց պատրաստակամութիւնը ամբողջացնելու բոլոր պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ առաւելութիւնները: Հակառակ այս բոլորին, Եկեղեցին երբեք չի կրնար ընդունիլ այս վիճակը»:

Խօսելով Լիբանանի մասին, մինչեւ օրս տակաւին ընդունուած չէ լիբանանեան հողերուն վրայ քաղաքացիական ամուսնութիւն կատարելը, որովհետեւ իր անկախութենէն ի վեր, պետութիւնը ընդունած է հաւասարութիւնը բոլոր կրօնքներուն, որով նաեւ առիթը ընծայած է իւրաքանչիւր համայնքին իր անձնական կարգավիճակը օրինաւորելու: Այսպէսով պետութիւնը պարտադիր է հաւասարապէս յարգելու բոլոր համայնքներուն ու կրօնքներուն անձնական կարգավիճակը, ի միջի այլոց ամուսնութեան վերաբերող օրէնքները: Այս մասին սահմանադրութեան 9-րդ կէտը հետեւեալը կ’ըսէ. «Խղճի ազատութիւնը բացարձակ է։ Մեծարելով Ամենակալը, Պետութիւնը կը յարգէ բոլոր դաւանանքները եւ կ’երաշխաւորէ ու կը պաշտպանէ անոնց ազատ կիռարումը պայմանաւ որ վնաս չհասցուի հանրային կարգուկանոնին։ Կ’երաշխաւորէ նաեւ բնակչութեանց՝ իրենց անձնական կարգավիճակին յարգանքը եւ կրօնական շահերը՝ որ ծէսին ալ պատկանին այդ բնակչութիւնները»։

Սակայն այսօր, Լիբանանի մէջ կ’ապրին ոչ միայն քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, այլեւ նոյնիսկ հրեայ հասարակութիւններ եւ ասիական տարբեր գաղափարախօսութիւններու պատկանող մարդիկ, ինչպէս պուտտայականները, հինտուիսդներ, զարադաշտները, որոնց համար ոչ մէկ օրինական հոգատարութիւն կայ պետութեան կողմէ։ Առաւել եւս, կան անհաւատ մարդիկ, որոնք կը մերժեն պատկանիլ կրօնքներու: Այս բոլորին վիճակը օրինաւորելու համար, պետութիւնը պարտաւոր է եւ իրաւասու կարգ մը որոշումներ տալու, հաւանաբար նաեւ քաղաքացիական ամուսնութիւնը օրինականացնելու ուղղութեամբ։ Բայց որպէսզի այս քայլը առնէ, պէտք է առաջին հերթին վերատեսութեան ենթարկէ իր սահմանադրութիւնը, որ արդէն ինքնիրմէջ խրթին ու բարդ պիտի ըլլայ, եւ շատ մը դժուարութիւններու ու անհամաձայնութեան պիտի հանդիպի, որոնք ինքնաբերաբար ներքին բաժանումներ պիտի պատճառեն: Լիբանանի մէջ, պետութիւնը չի կրնար անձնական կարգավիճակի վերաբերող օրէնքներ վաւերացնել առանց վերադառնելու սահմանադրութեան 9-րդ կէտին, որ զինք կը ստիպէ յարգելու եւ ընդունելու իւրաքանչիւր կրօնքին կարգավիճակը:

Առաւել եւս, մեկնելով մարդկային ազատութիւններու սկզբունքէն, ոմանք կը կարծեն թէ պետութիւնը կրնայ վաւերացնել քաղաքացիական ամուսնութեան վերաբերող օրէնքները անոնց համար որոնք զայն կ’ընդունին ու կը պահանջեն, որով մարդ ազատ կ’ըլլայ ընտրութիւն կատարելու կրօնական կամ քաղաքացիական ամուսնութիւններուն միջեւ: Խորքին մէջ այս տեսակէտը կը հակասէ օրէնքներու սկզբունքին: Օրէնքը ընտրանի չի կրնար ըլլալ, այլ՝ պարտադիր հաւասարապէս բոլորին: Աշխարհի մէջ չկայ օրէնք մը որ ընտրովի է, կարելի չէ որ պետութիւն մը օրէնք վաւերացնէ ըսելով թէ եթէ մէկը փափաքի զայն գործադրել թող գործադրէ, թէ ոչ կրնայ զանց ընել զայն: Օրինակի համար ազդալոյսի օրէնքները չեն կրնար իւրաքանչիւրի յարմարութեան համաձայն կիրարկուիլ. այսինքն կարելի չէ որ կարմիր լոյսին ոմանք կանգ առնեն, եւ ուրիշներ զայն անտեսեն: Լիբանանի մէջ մանաւանդ, կարելի չէ ընտրանի օրէնք մը դնել, որովհետեւ ատիկա բաժանումներ կը ստեղծէ, համայնքային ու կրօնական: Օրէնքը բոլորին համար է, եւ ոչ ոք զանց է օրէնքէն, ուստի քաղաքացիական ամուսնութեան օրէնքը եթէ պիտի վաւերացուի, պէտք է պարտադիր ըլլայ բոլորին համար: Ֆրանսայի մէջ, օրինակի համար, քաղաքացիական ամուսնութիւնը պարտադիր է բոլորին, իսկ կրօնական ամուսնութիւնը վերապահուած է անոնց որոնք հաւատացեալ են, եւ համոզումով կը մօտենան ստանալու սուրբ Պսակի խորհուրդը:

Ի դէմս այս բոլորին, հիմնական հարցը որ կը մնայ քաղաքացիին պատրաստակամութիւնն ու գիտակցութիւնն է այսպիսի որոշումի մը դիմաց։ Ամուսնութեան ձգտող անձերը, եւ անոնցմէ մանաւանդ երիտասարդները, որքանո՞վ կարող են այսպիսի կարեւոր ընտրանք մը կատարելու, որքանո՞վ գիտակից են իրենց առած որոշումին ծանրակշռութեան:

Զոյգ մը ներկայացաւ եկեղեցի փափաք յայտնելու ամուսնութեան: Զիրենք ընդունեցայ գրասենեակս, որպէսզի խօսէինք բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին, մանաւանդ եկեղեցական ու հոգեւոր: Յուսախաբութիւնս մեծ եղաւ երբ անոնք ըսին. «Վարդապետ, մենք չենք ուզեր եկեղեցւոյ մէջ պսակուիլ, կը նախընտրենք քաղաքացիական ամուսնութիւն կատարել»: Անոնք չէին ուզեր սուրբ Պսակի խորհուրդը կա տարել, կը մերժէին Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալ: Թէեւ անոնք հաւատացեալ երիտասարդերիտասարդուհի էին, ծառայած եկեղեցւոյ միութենական շարժումներու մէջ, ստացած քրիստոնէական դաստիարակութիւն, մասնակցած ծիսական արարողութիւններուն, բայց ափսո՛ս որ երբ կեանքի կարեւորագոյն որոշումներէն մէկուն առջեւ գտնուեցան, մերժեցին եկեղեցին, մերժեցին Աստուած, ու անտեսեցին իրենց հաւատքը: Զարմանալին այն էր թէ անոնք եկած էին եկեղեցի խնդրելու համար քաղաքացիական ամուսնութիւն. ասիկա ցոյգ կու տայ անոնց գիտակցութեան չափանիշը իրենց կատարածին: Որպէս հոգեւորական, ջանք թափեցի համոզելու զիրենք իրենց ամուսնական ու ընտանեկան կեանքը հիմնելու սուրբ Պսակի խորհուրդին վրայ, անդրադառնալով անոր կարեւորութեան մասին: Աւարտին, երբ զգացի թէ անոնց որոշումը կարելի չէր այդ վայրկեանին խախտել, մղուած որոշ հետաքրքրութենէ, հարց տուի անոնց թէ ինչո՞ւ կը նախընտրէին քաղաքացիական ամուսնութիւնը, մերժելով եկեղեցականը: Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Վարդապետ, որովհետեւ քաղաքացիական ամուսնութիւնը կ’ընդգրկէ օրէնքներ որոնք կը պաշտպանեն մեր իրաւունքները, ինչպէս նաեւ աւելի կը հեշտացնեն ամուսնալուծումը»: Չափազանց լուրջ որոշում առած էին, աւելի համոզեցին զիս թէ իրենց գիտակցութեան չափանիշը անգիտակցութիւնն էր: Եկեղեցին արդեօք մինչեւ օրս որո՞ւ իրաւունքները պաշտպանած է եթէ ոչ Մարդուն, զոր կը նկատէ գերագոյնը բոլոր ստեղծագործութիւններուն: Եկեղեցին որո՞ւ համար կը պայքարի, որպէսզի անոր արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը պահպանէ: Առաւել եւս, ինչո՞ւ ամուսնանալ եթէ բաժնուելու հնարաւորութեան գաղափարը արմատացած է մեր մէջ։ Արդեօք այլեւս ամուսնալուծման մասի՞ն պէտք է մտածել, նախքան ամուսնութիւնը: Արդեօք քաղաքացիական ամուսնութիւնը եղած է աւելի հեշտացնելո՞ւ ամուսնալուծումը: Եթէ Եկեղեցին ժամանակ կը տրամադրէ որպէսզի զոյգերը հաշտեցնէ, հոգ տանի անոնց, որպէսզի իրենց ընտանեկան կեանքը չի քանդուի, ու զաւակները զոհ չերթան ծնողքներու անմիաբանութեան երբեմն անհիմն ու անիմաստ, որոշումներուն, այս չի նշանակեր թէ Եկեղեցին կը դժուարացնէ ամուսնալուծումը, կամ չի փնտռէր մարդուն բարիքն ու իրաւունքը: Անոնց պատճառաբանութիւնները երբեք չէին արդարացնէր իրենց որոշումը: Ոմանք նաեւ կը փորձեն արդարացնել իրենց որոշումը յանցաւոր նկատելով կղերականներն ու Եկեղեցին. ի՛նչ ամօթ: Մեր մատներուն ետեւ չի պահուըտինք: Թող իւրաքանչիւր հաւատացեալ քննէ իր խիղճը, քննէ իր հաւատքը, եւ յետոյ մատը բարձրացնէ ցոյց տալու համար յանցաւորը:

Յամենայն դէպս, դարձեալ հարց կու տանք թէ քրիստոնեայ հաւատացեալները որոնք միմիայն քաղաքացիական ամուսնութեան կը ձգտին, մերժելով եկեղեցականը, որքանո՞վ գիտակից են իրենց որոշումին, ինչպէ՞ս կրնան արդարացնել իրենց վիճակը, ինչպէ՞ս կրնան ապրիլ հանգիստ խիղճով դաւաճանելէ ետք իրենց նախահայրերուն հաւատքին, որուն համար բիւրաւոր նահատակներ արիւն թափեցին:

Գիտակից ենք թէ Եկեղեցին քաղաքացիական ամուսնութիւնը ստորագնահատելով չէ որ կ’արժեւորէ եկեղեցական ամուսնութիւնը՝ սուրբ Պսակի խորհուրդը։ Սակայն Եկեղեցին, որպէս մայր եւ դաստիարակ, պարտականութիւնն ունի ուղղելու իր զաւակները ճիշդ որոշում տալու իրենց ամուսնական կեանքի վիճակին։ Քաղաքացիական ամուսնութիւնը, որ պարզապէս ընկերային համաձայնագիր մըն է, դաշինք մըն է կնքուած երկուքի միջեւ, երբեք չի կրնար սուրբ Պսակի խորհուրդը փոխարինել։ Ճշմարիտ ընտանեկան կեանքը կը հիմնուի սուրբ Պսակի խորհուրդով, ուր Աստուած կ’օրհնէ զոյգերը որպէսզի անոնք իրարու բարիքը փնտռեն եւ սրբութեան ուղիով ընթանան։ Չես կրնար քրիստոնեայ ըլլալ եւ հակասել սուրբ Պսակի խորհուրդին։ Միայն քաղաքացիական ամուսնութիւնը կատարելով, քրիստոնեան մեղքի վիճակի մէջ կ’ըլլայ սուրբ Պսակի խորհուրդին հանդէպ։

Ի վերջոյ, երբ Քրիստոսի հարց տուին դպիրներուն ու քահանայապետներուն կողմէ ղրկուած դաւադիրները ըսելով. «Ներելի՞ է մեզի Կեսարին տուրք տալ, թէ ո՛չ»: Յիսուս, հասկնալով անոնց խորամանկութիւնը, ըսաւ. «Ինչ որ Կեսարին է՝ Կեսարին տուէք, ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծոյ տուէք»: Ինչ որ պետութեան է՝ պետութեան տուէք, եւ ինչ որ կրօնքին է՝ կրօնքին տուէք:

Ս.Կ.

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՆՈՐ ՍԽՐԱՆՔՈՎ ՄԸ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ԲԱՑԱՒ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

2019, 3-5 Փետրուար, համաշխարհային բեմին լուսարձակները ուղղուած էին Ապու Տապիի վրայ՝ հետեւելու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի Արաբական Միացեալ Էմիրութիււններ պաշտօնական այցելութեան իւրաքանչիր քայլափոխին։ Քիչ է «պատմական» որակել իսլամական երկիր մը այս աննախընթաց այցելութիւնը, որուն արդիւնքը ցոյց տուաւ համաշխարհային շահեկանութիւն ներկայացնող հրատապութիւններու յաղթահարման ճանապարհը։

Արդարեւ, Պապին եւ Ալ Ազհարի Մեծ Իմամին կողմէ 4 Փետրուարին ստորագրուած «ի խնդիր համաշխարհային խաղաղութեան եւ հասարակաց համակեցութեան՝ Մարդկային Եղբայրութեան Յայտարարութիւն»ը իր կարեւորութեամբ աննախընթաց հանգրուան մըն է իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան մէջ։ Ան հանդիսացաւ «Մարդկութեան ապագային համար խաղաղութեան եւ յուսոյ հզօր ազդանշան մը» ինչպէս ըսաւ Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակի տնօրէնը՝ Ալեսանտրօ Ճիզոթի։ Այս փաստաթուղթով՝ ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ալ Թայեպ Մեծ Իմամը միասնաբար ցոյց տուին խաղաղութեան եւ հաշտութեան ճանապարհը զոր կոչուած են որդեգրելու ոչ միայն քրիստոնեաները եւ իսլամները, այլ բարիկամեցողութեան տէր բոլոր մարդիկը։ Անոնք առանց երկդիմութեան զգուշացուցին Աստուծայ անունը օգտագործելէ՝ արդարացնելու համար պատերազմը, ահաբեկչութիւնը կամ ամէն ձեւի բռնարարք։ «Ո՛չ ոքի արտօնուած է Աստուծոյ անունը օգտագործել այսպիսի արարքներու համար» ազդարարեցին անոնք։

Ինչպէս նկատել տուին վատիկանեան աղբիւրները, « ի խնդիր համաշխարհային խաղաղութեան եւ համակեցութեան Մարդկային Եղբայրութեան Յայտարարութիւն»նով՝ «այնքան գաղափարական բաժանումներու եւ կրօնամոլութիւններու հետեւանքով վիրաւոր մարդկութեան դիմաց Պապը եւ Ալ Ազհարի Մեծ Իմամը ցոյց կու տան որ հանդիպումի մշակոյթը երազ մը չէ, այլ անհրաժեշտ պայմանը խաղաղութեամբ ապրելու եւ ապագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելու աւելի լաւ աշխարհ մը քան այն որուն մէջ կ’ապրինք այսօր» ։

Այս փաստաթուղթը առաջին ողջունողը եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխ նախագահ եւ վարչապետ Մոհամէտ Պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթում, փաստաթուղթի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք, Ապու Տապիի «Ֆաուտըրզ Մեմորիըլ»ի մէջ տեղի ունեցած միջկրօնական հանդիպումի մը ընթացքին, նուիրուած ԱՄԷ-ի հիմնադիր Զայէտ Պեն Սուլթան Ալ Նահիանին։ Վարչապետը հաստատեց իր երկրին յանձնառութիւնը շարունակելու եղբայրութեան զարգացումը։ Ապա ան յայտարարեց «Մարդկաին Եղբայրութեան Մրցանակ»ին ստեղծումը եւ առաջին երկու մրցանակներուն յանձնումը Պապին եւ Մեծ Իմամին։ «Այս մրցանակին նպատակն է պատուել բոլոր անոնք որոնք անդուլ եւ պարկեշտութեամբ կ’աշխատին մարդիկը միացնելու համար» ըսաւ ան։

Պապի մը արաբական թերակղզի այս առաջին այցելութեամբ նոր էջ մը բացուեցաւ կրօնքներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ։ Ան միաժամանակ հանդիսացաւ ոչ միայն կաթողիկէներուն, այլ իրենց հաւատքին համար հալածուող քրիստոնեաներուն Վատիկանի զօրակցութեան վկայութիւնը։

Արդարեւ, 5 Փետրուարին «Zayed Sport City» մարզադաշտին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ներկայ 180 հազար գնահատուած հաւատացեալներու մէջ կային բազմա֊թիւ տարբեր ազգի եւ կրօնքներու հետեւորդներ, յատկապէս բազմահազար իսլամներ։

Ապու Տապիէն վերադարձին, Պապը խոստովանեցաւ որ իր այս 27-րդ առաքելական ուղեւորութիւնը եղաւ շատ կարճ (միայն երկու օր), սակայն հանդիսացաւ մեծ փորձառութիւն մը, որ մեծապէս տպաւորեց զինք երկրին արդիականութեամբ, անոր «բացուածութեամբ», «եղբայրական իսլամականութեամբ» որ կը զարգացնէ, «կրթութեամբ», «թեքնիք նորարարութիւններով« եւ «դէպի ապագայ հայեացքով»։

Պապը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Նախկիններու իսլամական Խորհուրդին հետ ունեցած «խոր» հանդիպումին համար, ըսելով որ Նախնիք կոչումն ունին քաջալերելու իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը եւ անոնք զինք տպաւորեցին իրենց իմաստութեամբ եւ հաւատարմութեամբ, որոնք մեկնակէտերն են ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան։

Եւ վերջապէս, անդրադառնալով Մարդկային Եղբայրութեան Յայտարարութեան, Պապը ըսաւ որ անոր մշակումը ամիսներ տեւեց եւ անոր նպատակն է դիմակալել «միակ մեծ վտանգը»՝ քանդումը, պատերազմը, ատելութիւնը մեր միջեւ։ «Եթէ մենք, հաւատացեալներս, կարող չենք իրարու ձեռք ձեռքի տալու, ողջագուրուելու, ինչպէս նաեւ միասին աղօթելու, ուրեմն մեր հաւատքը պարտուած կ’ըլլայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս։

6 / 02 / 2019

ABU DHABI, UNITED ARAB EMIRATES – February 4, 2019: Day two of the UAE papal visit – (L-R) HH Sheikh Mohamed bin Rashid Al Maktoum, Vice-President, Prime Minister of the UAE, Ruler of Dubai and Minister of Defence, His Holiness Pope Francis, Head of the Catholic Church, and HH Sheikh Mohamed bin Zayed Al Nahyan, Crown Prince of Abu Dhabi and Deputy Supreme Commander of the UAE Armed Forces, stand for a national anthem during an official reception at the Presidential Palace.

( Ryan Carter / Ministry of Presidential Affairs )

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Երեքշաբթի, 8 Յունուար 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեան, Արհիապատիւ Տէր Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ գերապատիւ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ գերաշնորհ Տէր Շահէ եպս. Փանոսեան եւ հոգեշնորհ Տէր Պետրոս վրդ. Մանուէլեան։

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու ընդհանրապէս համայն Հայութիւնը յուզող խնդիրներ, եւ մասնաւորաբար Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան առընչուած հարցեր։

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ՝ ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ
Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Մշակութային Միութեան, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց` պատգամախօսութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի եւ մասնակցութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Տը եութ պենտ» երիտասարդական նուագախումբին` ղեկավարութեամբ Վիգէն Չալեանի:

Ներկայ էին սրբազան, գերյարգելի եւ գերապատիւ, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրերը, թաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, հայ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ գործող նշանաւոր դէմքեր, դիւանագէտներ եւ անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որմէ ետք Լորի Եթերեան կատարեց բացման խօսքը, որուն յաջորդեց երեկոյին առաջին մասը, ուր «Թէքէեան» մշակութային միութեան երիտասարդական «Տը եութ պենտ» նուագախումբը ներկայացուց հինգ երգեր` մասնակցութեամբ Լեթիսիա Հէքիմեանի եւ Ալիս Իփրաճեանի:

Տօնահանդէսի երկրորդ բաժինին՝ «Վարդանանց յիշատակին» ասմունքով հանդէս եկաւ Լիւսի Մազմանեան։

Ապա բեմ բարձրացաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Վերապատուելին իր պատգամը ամփոփեց հետեւեալ չորս հարցումներուն մէջ. ի՞նչ է քրիստոնէութիւնը, ի՞նչ է ազատութիւնը, ի՞նչ է հողը եւ ի՞նչ է յոյսը: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն չմոռնալու հայոց պատմութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ մեր ինքնութիւնն է:

Օրուան պատգամին յաջորդեց տօնահանդէսին երրորդ բաժինը, որուն ընթացքին կրկին բեմ բարձրացաւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան երիտասարդական նուագախումբը մասնակցութեամբ Ալիս Իփրաճեանի: Անոնք ներկաներուն հրամցուցին ժողովրդական ճոխ երգաշար մը:

Հուսկ բեմ բարձրացաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան` փոխանցելու համար իր հայրական պատգամը: Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ ապա անդրադարձաւ, թէ ինչպէս այս յայտագիրին եւ այս տօնահանդէսին միջոցով բոլոր ներկաները կրցան վերապրիլ 451 թուականը: Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը փակեց ներկաներուն մաղթելով, միշտ յանձնառու ըլլալ Վարդանանց ճակատամարտի պատգամին:

Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, Գերապայծառ Տէրը պահպանիչով օրհնեց ներկաները եւ ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով։

ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 26 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանի Տիրամայր Նարեկի մատրան մէջ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Արհի. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, նաեւ մասնակցութեամբ ՝ արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Արհի. Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսանի, Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, Գերյ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեանի եւ վարժարանի ժառանգաւորներուն:

Իսկ Հինգշաբթի, 28 Փետրուար 2019-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով, եղբայրական ագապ մը տեղի ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին հրաւէրով, Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Հալէպի եւ Բարձր Ճազիրէի Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդ Արհիա պատիւ Տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան, Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր առաջնորդ Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի առաջին քարտուղար Արհիապատիւ Չիրիլ եպս. Վասիլ, Արհիապատիւ Տիարք, Ք.Լ.Հ.Վ.ի մեծաւոր գերյարգելի Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր եւ վարժարանի ժառանգաւորները:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ֆրանսերէն լեզուով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկայացուց օրուայ Սուրբերուն աննկուն վարքը։ «Այսօր Հայ Եկեղեցին եւ համայն Հայ ժողովուրդը մեծ շուքով կը տօնակատարէ Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց աւելի քան 15 դար առաջ մղուած պատերազմի մը յաղթանակը։ Արդարեւ, Վարդանի, Ղեւոնդի եւ 1036 մարտիրոս նահատակներու անթառամ յիշատակին կը պարտինք մեր Քրիստոնեայ եւ Հայ ինքնութիւնները» ըսաւ ան, շեշտելով հայկականութիւնը պահպանելու եւ ազգասիրութեան կարեւորութիւնը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշատակեց Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքը՝ «Հայերը պէտք է որ Հայ մնան, որպէսզի Քրիստոնեայ մնան»։ Ապա ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին ըսելով. «Բոլորս ականասես ենք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապալի իրավիճակին, որուն հետեւանքով անոնք մեծ թափով կը հեռանան շրջանէն»։ Այս իրողութեան պատճառներէն մէկը նկատելով քաղաքական անորոշութիւնը որ կը տիրէ շրջանէն ներս, ան իբրեւ օրինակ յիշատակեց Լիբանանի նախագահական աթոռին շուրջ երկու ամիս թափուր մնալը , իսկ վերջերս ինը ամիսներ երկրին առանց կառավարութեան գոյատեւումը:

Այնուհետեւ ներկաներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Վասիլը եւ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի ողջոյնները փոխանցելէ ետք, իտալերէնով ընդգծեց համակեցութեան կարեւորութիւնը, նշելով որ ինչպէս 800 տարիներ առաջ Ս. Ֆրանչիսկոսի Եգիպտոս այցելութեան եւ իսլամ հոգեւորականի հանդիպման օրինակին հետեւելով, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Ապա ան գնահատեց հայ ժողովուրդին վարքը եւ բիւրաւոր հայ նահատակ Սուրբերու համբերութիւնն ու հայկականութիւնը պահելու կամքն ու կտակը։ «Դո՛ւք հայերդ, միշտ պահած էք ձեր հայ ինքնութիւնը, հակառակ տառապալի պայմաններուն ու զրկանքներուն: Իսկապէս դուք ցայտուն օրինակ մըն էք Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն: Իսկ մենք՝ մեր կարգին Աստուծոյ կամքով եւ մեր կարողութեան ներած չափով պիտի փորձենք առաւելագոյն կերպով պահել եւ պահպանել բոլոր Արեւելեան Եկեղեցիները» ըսաւ Սրբազանը:

Հուսկ, Հոգեւոր Տիրոջ Հայրապետական օրհնութեամբ եւ «Զկերողս» աղօթքով վերջ գտաւ օրուան տօնակատարութիւնը:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԺԱՌԱՆԳԻՆ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ 10 ՄԻԼԻՈՆ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Ինչպէ՞ս կարելի է համոզել «Հայաստանը ազատող Քաջ Վարդանի թոռը« ըլլալ դաւանող այսօրուան մանուկը կամ նոյնիսկ պատանին, որ 1568 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Աւարայրի ճակատամարտը աւարտեցաւ Հայոց յաղթանակով, երբ այդ ճակատամարտին անմիջական արդիւնքը հակառակը ցոյց կու տայ։

Կրնա՞յ գտնուիլ Վարդանանց պատմութիւնը քիչ թէ շատ չգիտցող հայզաւակ մը, եթէ նոյնիսկ ան Հայ դպրոց յաճախելու բախտը չէ ունեցած։ Կը բաւէ որ ան հայաբոյր ընտանեկան յարկի մը մէջ մեծցած ըլլայ, իր տատիկէն ու պապիկէն «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես» արտասանել սորված լլայ, այնուհետեւ յաճախած ըլլայ Հայ եկեղեցի, հայկական ակումբ, գոնէ տարին անգամ մը մասնակցած ըլլայ 1568 տարիներէ ի վեր կրկնուող Վարդանանց տօնակատարութիւններէն մէկուն կամ միւսին։ Իսկ չեմ ուզեր նոյնիսկ կասկածիլ որ հայկական վարժարանի աշակերտը տիրապետած ըլլայ ոչ միայն Աւարայրի, այլ մեր ժողովուրդին մղած հին ու նոր բոլոր գոյամարտերու պատմութեան։

Բայց, ի՞նչ օգուտ ունի պատմութիւնը սորվեցնելը, եթէ չենք կրցած փոխանցել Աւարայրի ճակատամարտի թուականէն, պատմական դէպքերու նկարագրականէն կամ անոր հերոսներու անուններէն աւելին։ Չենք կրցած փոխանցել անոր խորհուրդն ու անժամանցելի պատգամները, Աւարայրի դիւցազուններու ոգին եւ օրինակը։ Եթէ չենք կրցած պէտք եղած դասերը քաղել սորվեցնել, ներշնչումի աղբիւր դարձնել տալ Վարդանանցը, որպէսզի նորահաս սերունդները արդարացնեն Քաջ Վարդանի թոռները ըլլալու իրենց թելադրուած յաւակնութիւնը։ Օտարներ ալ կրնան սորված ըլլալ Աւարայրի ճակատամարտին պատմութիւնը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր եւ օտարին տարբերութիւնը, եթէ չենք գիտակցիր այդ Ճակատամարտի նշանակութեան Հայ Ազգին համար, եթէ սովորամոլութեամբ կը նշենք Սրբոց Վարդանանց տօնը, զայն կը նկատենք յաւելեալ արձակուրդի առիթ մը պարզապէս։

Ահա թէ ինչո՛ւ ծնողք պէտք չէ՛ բաւարարուին Վարդանի թոռնութեան կոչում տալով իրենց զաւակներուն։ Պարտաւո՛ր են զանոնք մեծցնել այդ կոչումէն թելադրուած յանձնառութիւններուն գիտակցութեամբ։

Հայ ուսուցիչն ու դաստիարակը թերացած կ’ըլլան իրենց պարտականութեան մէջ, եթէ բաւարարուին Դիւցազնամարտին նկարագրութեամբ կամ սորվեցնել նահատակներուն անունները։ Անոնք պէտք է ջանան փոխանցել Վարդանանց խորհուրդը, պատգամները եւ զոհաբերութեան ոգին, որպէսզի մեր գոյապայքարի կռուանները չթոյլնան եւ անոնց պաշտպաններու շարքերը չնօսրանան։

Մեծ է նաեւ Հայ հոգեւորականին դերը իր դաստիարակութեան վստահուած նորահաս սերունդներուն Վարդանանց ոգիով ու գաղափարականով թրծումին մէջ։ Հայ հոգեւորականին խօսքը պէտք է արձագանգը ըլլայ ճակատամարտի նախօրեակին հայոց բանակին ուղղուած՝ Ղեւոնդ Երէցի ոգեշնչող պատգամին։ Ան հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին մօտ պէտք է արծարծէ Վարդանանց նահա տակութեամբ նուիրագործուած արժէքներուն ու սրբութիւններուն մշտարթուն պահակները ըլլալու գիտակցութիւնը, գիտակցութիւնը՝ չդաւաճանելու Քրիստոնէական կրօնքին եւ Հայրենիքին հաւատարմութեան իր ուխտին որ կը վերանորոգէ ամէն տարի, որպէսզի չցամքի Աւարայրէն հինգ տասնամեակներ առաջ հանճարեղ Մաշտոցին վառած Ազգի անմահութեան կանթեղին ձէթը՝ շաղախուած Աւարայրի նահատակներուն արեամբ։

Աւարայրը Վարդանի եւ անոր զինակիցներուն մղած ճակատամարտով չաւարտեցաւ։ Տղմուտի ափին ինկան անոնք, բայց չկորա՛ն, ինչպէս 15 դար ետք կը հաստատէ հայ բանաստեղծը՝

«Մենք չընկանք, մենք միշտ կանգ,

Մենք չյանգանք, դեռ կը գանք»։

Արդարեւ եկան անոնք, ժառանգորդները, շարունակելու համար գոյապայքարը եւ յաղթանակով պսակելու զայն։ Այդ յաղթանակին փաստը Աւարայրի Դիւցազնամարտը 15 դար ետք յիշատակող 10 միլիոն Հայութիւնն է՝ իր հարուստ մշակոյթով, համաշխարհային արժէքներով, Լուսաւորչեան Հաւատքով եւ այդ Հաւատքին խորհրդանիշերով, իր պետականութեամբ եւ յաղթանակած բանակով։ Այս իրականութիւնները կու գան հաստատելու Աւարայրի ճակատամարտի անզուգական պատմիչին՝ Եղիշէի այն վկայութիւնը թէ «կարեւորը այն է որ Հայ ժողովուրդը, այդ օր, դիմագրաւած թշնամիին եւ գալիք բոլոր թշնամիներուն ցոյց տուաւ կռուելու եւ գլուխ չխոնարհեցնելու իր աննկուն կամքը, հասկցուց որ իր ազգային ինքնութիւնն ու հաւատքը չի զիջիր երբեք եւ որեւէ գնով»։

Անգնահատելի է այն ժառանգը որ Վարդանանց յաջորդող սերունդները ստացան։ Դրամով եւ որեւէ հարստութեամբ, ինչքան ալ մեծ ըլլայ, չի գնահատուիր ան։ Լեզուն, Կրօնքը եւ Հայրենիքն է ան։ Ժառանգին տէր կանգնելու կոչուած են 10 միլիոն ժառանգորդները։

20 / 02 / 2019

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵԾ ՀՕՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԻՐ ԹՈՌՆԻԿԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յունուար 14-17 եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր արժանացած էր շատ ջերմ ընդունելութեան եւ արդիւնաշատ շփումներ ունեցած Էմիրութիւններու ղեկավարներուն, մասնաւորաբար Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամէտ Պըն Ալ Նահիանի հետ։ Այցելութեան շարժառիթը Ապու Տապիի մէջ կայացած «Ապագայի Գագաժողով» խորագրով համաժողովն էր, որուն շրջագիծէն ներս ան տպաւորիչ ելոյթներ ունեցաւ։ Ստորեւ այս ելոյթներէն մէկը, որ իր թոռնիկին, Արմէնին՝ Նախագահ Մեծ Հօր կողմէ տրուած խորհուրդն էր միաժամանակ ուղղուած հայ բոլոր թոռնիկներուն, որոնք կոչուած են դառնալու Ազգի ապագան։

«Եթէ ես խորհուրդ տալու լինէի իմ թոռնիկին, ում անունը եւս Արմէն է, ես կ’ասէի՝ սիրելի՛ Արմէն, ես չեմ պատրաստւում քեզ խորհուրդ տալ դառնալ բժիշկ, իրաւաբան կամ ագարակապան։ Ես նախ եւ առաջ խորհուրդ կու տամ նայել քո ներսը, հասկանալ, թէ ով ես դու, քանի որ ցանկացած երեխայ ի ծնէ ունի տաղանդ։ Մէկը տաղանդաւոր է մաթեմատիկայի, միւսը` երաժշտութեան, արհեստի, պատմելու, քաղաքականութեան, մէկն էլ` ուրիշներին լսելու, գուցէ նրանց խորհուրդներ տալու գործում։

«Խնդիրը ոչ թէ այն է, թէ ինչ դառնալ, այլ` հասկանալ, թէ ով ես դու։

«Երկրորդը, որը խորհուրդ կու տամ Արմէնին, հետեւեալն է՝ գտի՛ր քո կեանքի առաքելութիւնը։ Եթէ դու տաղանդաւոր ես երաժշտութեան մէջ, դու պէտք է ունենաս առաքելութիւն՝ դառնալու, օրինակ, լաւագույն ջութակահարը։ Գտի՛ր քո կեանքի առաքելութիւնը, այլ ոչ թէ աշխատանքը։ Այն առաքելութիւնը, որը քո կեանքի տարերքն է։ Դա քո մի մասն է, եւ այդ երկուսը պէտք է ներդաշնակութեան մէջ լինեն մէկը միւսի հետ։

«Երրորդը՝ մտածի՛ր քո կեանքի մասին 21-րդ դարում, մտածի՛ր քո կեանքի մասին՝ որպէս ստարտափի։ Դու պէտք է ստեղծես քո սեփական ստարտափը, որը կոչւում է «Ստարտափ Արմէն»։ Կերտի՛ր ինքդ քեզ՝ որպէս պրոֆեսիոնալ, մէկը՝ որ ունի ստեղծելու կարողութիւն։ Իհարկէ, մի՛ մոռացիր, որ դա դժուարին աշխատանք է. պէտք է ջանասիրաբար գործես: Մի՛ մոռացիր, որ կան պատմական արժէքներ՝ քո ժողովուրդի ու ընտանիքի արժէքները: Մի՛ մոռացիր, որ որեւէ բանի հասնելու համար պէտք է ողջ կեանքում երիտասարդ մնաս։

«Յիշի՛ր, որ երիտասարդ լինելը կապուած չէ այս մոլորակում անցկացրած տարիների հետ. այն հոգու երիտասարդութեան հետ է կապուած։ Եթէ ամէն օր որեւէ նոր բան սովորես, ինչպէս մանուկները, ապա դու կը լինես երիտասարդ։

«Իհարկէ, քո կեանքում ունենալու ես դժուարութիւններ, սակայն պէտք է լինես խիզախ։ Քո յաջողութեանը յաջորդող ամէն եկող օրուայ հետ դու պէտք է ապացուցես, որ արժանի ես նրան, ինչին հասել ես։ Ամէն նոր օր ձախողումից, հիասթափութիւնից յետոյ ընկճուազութեան առիթ չպէտք է լինի։ Պարզապէս կանգնի՛ր ու կրկին քայլի՛ր։ Դու քո առջեւ ունես հրաշալի մի կեանք եւ այս նոր աշխարհը, որը քուանտային է։ Մի՛ անհանգստացիր, մի՛ վախեցիր, ինչպէս չվախեցան գիտնականները հարիւր տարի առաջ։

«Նայի՛ր քո կեանքին, 21-րդ դարին, ճարտարարուեստին, պիզնէսին ու քաղաքականութեանը նորարարի տեսանկիւնից».

«ՄԵՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ ԵՆՔ ԵՒ ՅԱՂԹԵԼԷ ՈՒ ՅԱՋՈՂԵԼԷ ԲԱՑԻ ԱՅԼ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ՉՈՒՆԵՆՔ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ու տիկին Նունէ Սարգսեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ այցելած են նաեւ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցի, ուր ծաղիկներ զետեղած են եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին եւ յարգանքի տուրք մատուցած անմեղ զոհերու յիշատակին:

Ստորեւ հատուածներ՝ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքէն ետք, «Արա Խանոյեան» կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած խօսքէն։

«Այն փաստը, որ մենք կ’ապրինք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, սփռուած ենք աշխարհի տարբեր մասերով, գուցէ ոչ թէ թերութիւն է, այլ ընդհակառակն` առաւելութիւն է, որովհետեւ մենք աշխարհի այն քիչ ժողովուրդներէն ենք, որոնք կրնան շատ յստակ ըսել, որ մենք փոքր պետութիւն ենք կամ նոյնիսկ ունինք երկու փոքր պետութիւն, բայց համաշխարհային ազգ ենք` իրարու հետ շատ սերտ կապուած: Մենք ստեղծած ենք 21-րդ դարու փոքրիկ տիպարը, որովհետեւ 21-րդ դարուն ամբողջ աշխարհը, աշխարհի բնակչութիւնը, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ’ապրի` Աւստրալիայէն մինչեւ Ռուսիա, Եւրոպայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, պիտի ապրի իբրեւ մէկ ընդհանուր ընտանիք` մարդկութեան ընտանիք:

«Ես կը կարծեմ, որ մեր ազգը 21-րդ դարու ազգ է, որովհետեւ 21-րդ դարուն շատ արժէքներ պիտի փոխուին, 21-րդ դարուն հզօր պիտի ըլլայ ոչ թէ այն ազգը կամ պետութիւնը, որ պիտի ունենայ շատ մեծ բնական հարստութիւն, այլ այն ազգը, որ պիտի կարենայ փոքր տարածքի մէջ փոքր ուժերը միաւորել, այն ազգը, որ պիտի կարենայ իր մտաւոր ունակութիւնները ի մի բերել, ծառայեցնել հայրենիքին: Կը կարծեմ` այս բոլորը մենք ունինք, աւելի՛ն, ես կը հաւատամ, որ մենք Աստուծոյ ընտրեալ ազգ ենք: Մենք ազգ ենք, որ Աստուծոյ ընտրութեամբ անցած է ամէնէն դժուար փորձութիւններով, տեսած է աշխարհի ամէնէն վատ դժոխքը` Եղեռնը: Բայց այսօր ո՛չ միայն կանք, ո՛չ միայն գոյութիւն ունինք, այլեւ ուժեղ ենք, հզօր: Մենք յաղթող ժողովուրդ ենք: Յաջորդ յաղթանակները տակաւին պիտի ըլլան, եւ այդ յաղթանակները պիտի ըլլան ո՛չ միայն պատերազմի դաշտին, այլեւ մեր ազգային շահերու, պետականութեան բոլոր մարզերուն մէջ։

«Այս երեք-չորս օրուան ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ իմ իւրաքանչիւր հանդիպումի ընթացքին ես մէկ գնահատական լսած եմ հայերուն մասին` ազնիւ, աշխատասէր, նուիրեալ, բարի, հայրենասէր մարդիկ, որոնք այսօր սփռուած ըլլալով աշխարհի մէջ, աշխարհի բոլոր կէտերէն կրնան հայրենիք բերել իրենց գիտելիքը, կարելիութիւնները, կապերը, ցանկութիւնն ու աշխատանքը:

«Մենք Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ ենք եւ յաղթելէ ու յաջողելէ բացի այլ ճամբայ չունինք» ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:

ԿԱՐԷՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԵՒ ԼԻԱԶՕՐ ԴԵՍՊԱՆ
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանով Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր նոր դեսպան նշանակուեցաւ Տիար Կարէն Նազարեանը (Նստավայրը՝ Վատիկան):

Կարեն Նազարեանի նշանակումին առիթով Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ նախկին արտակարգ և լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան «ֆեյսpուքեան» գրառմամբ շնորհաւորած է նորանշանակ դեսպանը: «Հայաստանի ամենափորձառու դիւանագէտներից Կարէն Նազարեանն այսօր ստանձնեց Սուրբ Աթոռում Հայաստանի արտակարգ և լիազօր դեսպանի պարտականութիւնները: Համոզուած եմ, որ պարոն Նազարեանի երկարամեայ փորձի, նուիրուածութեան ու ջանքերի արդիւնքում հայ-վատիկանեան բարեկամութիւնն աւելի կ’ամրապնդուի: Ժամանակն ու անձինք փոփոխական են, իսկ արուած գործը, ռէալ արդիւնքն ու լաւ աւանդոյթները մնայուն արժէք են: Վստահ եմ՝ լաւագոյն աւանդոյթները կը պահպանուեն, և առաջիկայում բազում նոր ձեռքբերումների ականատեսը կը լինենք: Շնորհաւորում եմ, պարո՛ն դեսպան և բարի երթ եմ մաղթում» գրած է Միքայէլ Մինասեանը։

Կարէն Նազարեան ծնած է 1966-ին Երեւանի մէջ։ Աւարտած է Երևանի Պետական Համալսարանը եւ Մոսկուայի դիւանագիտական ակադեմիան: Մասնագիտութեամբ արեւելագէտ է, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ:

Դիւանագիտական գործունէութեան ծիրէն ներս՝ Կարէն Նազարեան ծառայած է հետեւեալ կառոյցներուն մէջ։

1991-1992 ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութիւն։

1993-1994 Համատեղութեան կարգով ՌԴ ՀՀ դեսպանութիւն։

1994-1996 ՀՀ ԱԳՆ քարտուղարութեան պետ։

1996-2002 ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի եւ միջազգային այլ կառոյցներու ՀՀ դեսպան, մշտական ներկայացուցիչ

2002-2004. ՀՀ ԱԳ նախարարի խորհրդական, Հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի անդամ։

2005-2009 Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպան, Թեհրան

2009-2014 ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ դեսպան, մշտական ներկայացուցիչ, Նիու Եորք

2014 Մայիս 22-ին ՀՀ նախագահի հրամանագրով նշանակուած է Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ:

2015-2017 ՀՀ եւ ԵՄ միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու հայկական կողմէն հանդէս եկած է որպէս գլխաւոր բանակցող: Ներկայիս կը նախագահէ հայ-յունական եւ հայ-կիպրական միջկառավարական յանձնաժողովները:

2018 Յունիսի 8-ին ՀՀ վարչապետի որոշմամբ վերանշանակուած է ԱԳ նախարարի տեղակալ։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆԸ
Փետրուարի 20-ին, Հռոմի Քահանայապետական հայկական վարժարանին մէջ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Սուրբ Աթոռին մօտ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեանը։

Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց հայ-վատիկանեան առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք խարսխուած են վաղեմի հոգեւոր, մշակութային, միջանձնական ու միջեկեղեցական կապերու վրայ։ Կարէն Նազարեանը նշեց նաեւ որ ՀՀ իշխանութիւնները առանձնայատուկ ուշադրութիւն կ’ընծայեն Սուրբ Աթոռի հետ յարաբերութիւններու խորացման եւ այս շրջագիծէն ներս կը կարեւորեն սփիւռքի դերակատարումն ու ջանքերու համատեղումը։

Կաթողիկոս Պատրիարքը իր աջակցութիւնը յայտնեց ՀՀ դեսպանին՝ մաղթելով անոր օրհնաբեր եւ արդիւնաւէտ դիւանագիտական առաքելութիւն։

ՀԱՅՐ ՍԱՀԱԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ՝ ՍՐԲԱԿԵԱՑ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ« ՄԵԾ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ ԵՒ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՀԱՅԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Հանդիպա՞ծ էք մարդու մը որ կեանքէն ու կեանքի նոյնիսկ ամենադաժան պայմաններէն գանգատելու ոչ մէկ պատճառ ու պատրուակ ցոյց տուած է։

Մարդու մը որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Աստուծոյ եւ Ազգին։

Մարդու մը որուն կեանքի օրինակը եղած է հրաւէր մը զինք ճանչցողներուն, հրաւէր ծառայելու, նուիրուելու, բարի գործ մը կատարելու։

Մարդու մը որ իրեն չարիք հասցնողին ներէ եւ մաղթէ որ ան զերծ կացուցուի գործած չարիքին հետեւանքներէն։ Մարդ մը որ բարութեան ու խոնարհութեան մարմնացումը եղած է

Մարդու մը որ իբրեւ սկաուտ եւ սկաուտական խոստումին հաւատարիմ մարդ՝ ապրած ու գործած է մինչեւ խոր ծերութիւն։

Մարդու մը որ պատնէշի վրայ մնացած է մինչեւ վերջին հրաժեշտը այս երկրաւոր կեանքին։

Հանդիպա՞ծ էք բարին ամբողջական առումով իր մեծութիւնը շուքի մէջ պահել ջանացող մեծութեան մը։

Խստակրօն ու խստամբեր պայմաններուն տակ մեծասքանչ աշխատանք կատարող սրբակեաց մարդու մը։

Մարդու մը որ օժտուած է մարդկային անաղարտ բարեմասնութիւններով, հոգեւորականի սրբարար առաքինութիւններով, բայց մանաւանդ Հայ Մարդու բարձր արժանիքներով, ազգային հոգիով ու ոգիով։

Ես բախտաւորութիւնը ունեցայ այդպիսի մարդու մը հանդիպելու 50ական տարիներուն, պատանեկութեանս, երբ խաչակիր էի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին մէջ, եւ այդ հանդիպումով հաստատուած կապը գրեթէ չկտրուեցաւ երբեք։ Ան նորօծ վարդապետ մըն էր։ Խաչակիրներու հոգեւոր վարիչը։ Բարեհոգի։ Կը կոչուէր ՀԱՅՐ ՍԱՀԱԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ։

Ինծի հետ ու ինծմէ ետք, անցնող վեց տասնեակ տարիներու ընթացքին անոր հանդիպեցան, զինք իբրեւ հոգեւոր վարիչ, ուսուցիչ, դաստիարակ, տնօրէն, գրականագէտ, թարգմանիչ կամ պարզապէս իբրեւ մտաւորական ու հոգեւորական ճանչցան իրարայաջորդ սերունդներ, մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ ու մեծահասակներ, պարզ մարդիկ, աղքատներ եւ ունեւորներ, մտաւորականներ ու երեւելի մարդիկ, Լիբանանի մէջ թէ Հալէպի, եւրոպական ոստաններուն թէ Հայաստանի մէջ։ Բոլորին ծառայեց, տուաւ իր միտքէն ու հոգիէն։ Տուաւ անհատոյց, մանաւանդ Ազգին, ժողովուրդին ու Մայր Հայրենիքին։ Փոխարէն՝ անոնց սէրէն ու յարգանքէն տարբեր բան չստացաւ։ Չակնկալեց ալ։ Իր միակ վարձատրութիւնը եղաւ Աստուածահաճոյ գործ մը կատարելու գոհունակութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅ ՅԻՍՈՒՍԵԱՆԸ

Անոր ընդոծին յատկութիւններու եւ երկնառաք շնորհներու փթթումին միջավայրը եղաւ ոչ-հայկական, բայց հայասէր ու հայանուէր Յիսուսեան Միաբանութիւնը, որուն վերջին հայ անդամը եղաւ։ Վերջինը ըլլալու իրականութիւնը ցաւ պատճառեց իրեն, որովհետեւ իր ժողովուրդին ապերախտութեան մէկ արտայայտութիւնը տեսաւ անոր մէջ։ Բայց չգանգատեցաւ երբեք։ Սրտցաւ խոստովանութիւն մըն էր որ կատարեց թերեւս քանի մը մտերիմներու։ Գիտէր եւ հաւատացած էր որ Հայ ժողովուրդը ապերախտ չէ։ Իր եւ իրեն նախորդած Հայր Մսրլեանի նման մեծանուն յիսուսեան վարդապետներու օրինակելի ծառայութիւններուն փոխարէն երախտագիտութեան ոչ իսկ խօսք մը ակնկալող Վարդապետը պարզապէս կ’ակնկալէր որ Հայութիւնը թափուր չձգէ Միաբանութեան մէջ աւանդականօրէն հայերուն վերապահուած աթոռը։ Կ’ակնկալէր որ իր ժողովուրդը իրեն յաջորդ մը տալով ցուցաբերած կ’ըլլար իր երախտագիտութիւնը տառապահար ու գաղթական հայ ժողովուրդին այնքա՜ն ծառայութիւններ մատուցած, Ցեղասպատութենէն ճողոպրած հայու բեկորներուն ազգային, հայեցի դաստիարակութիւն ջամբած Յիսուսեան Միաբանութեան։ Այն Միաբանութեան՝ որուն հոլանտացի մեծաւորը կը մատուցանէր հայածէս Սուրբ Պատարագ, հայագէտ էր ու հիացող հայ ծէսին, հայկական հոգեմտաւոր արժէքներուն ու ժառանգութեան։ Կարծես այդ բացին հեռանկարը կրկնապատկեց Միաբանութենէն ներս զտարիւն Հայու տիպարի օրինակը անջնջելի դարձնելու Հայ Սահակ Քէշիշեանի կորովը։

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉԸ

Այդ կորովը երբեք չպակսեցաւ Հայր Սահակին մօտ մանաւանդ երբ իր մէջ զգաց կոչումն ու կարողութիւնը լծուելու Հայ գրական ժառանգութեան գոհարներու թարգմանութեան ծանր, պատասխանատու եւ կոթողային աշխատանքին, որուն արդիւնքը եղաւ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը նախ Նարեկացիի Աղօթամատեանին (հրատարակուած 1961-ին, Փարիզի մէջ), ապա Ներսէս Շնորհալիի հետեւեալ ստեղծագործութիւններուն. «Յիսուս, Հօր Միածին Որդի» (հրատարակուած 1973-ին դարձեալ Փարիզ), «Ողբ Եդեսիոյ», «Հաւատոյ Խոստովանիմ» եւ «Առաւօտ Լուսոյ» (հրատարակուած յաջորդաբար 1984-ին 1985-ին եւ 1987-ին Սբ. Ղազարի մէջ, Վենետիկ), Ասողիկ Եպիսկոպոսի «Տիրամայր Յուսոյ» ստեղծագործութեան (հրատարակուած 1996-ին, Էջմիածին) եւ վերջապէս, Սբ. Ներսէս Լամփրոնացիի «Մեկնութիւն Սբ. Պատարագի» գործին (2000-ին, Պէյրութ)։ Ան ֆրանսերէնի թարգմանած է նաեւ Վահագն Դաւթեանի «Րեքուիեմ»ը, որ հրատարակուած է 1986-ին Պէյրութ, Հայոց Ցեղասպանութեան Եօթանասունամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին կողմէ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

Եւ այսպէս, շնորհիւ բնիկ մարաշցի (ծնած էր Մարաշ, 15 Դեկտեմբեր 1917-ին) այս խոնարհ ու համեստ վարդապետի երկարամեայ, անխոնջ, համբերատար եւ լուսարձակներէ հեռու աշխատանքին, հայկական գրականութեան գոհարներ միջազգային գնահատութեան արժանացան։ Անոնց հրատարակութիւնը ֆրանսերէն լեզուով ոչ իսկ շնորհահանդէսով մը յիշատակուեցաւ հայկական շրջանակներէն ներս։ Անոնք թարգմանիչը արժանացուցին միայն Մայիտ Աքլի Մրցանակին 1974-ին, իսկ 1996-ին՝ American Biographical Institutի «Man of the Year 1996» կոչումին։

Ոչ մէկ պարգեւ կամ կոչում չէր կրնար փոխարինել Հայր Սահակ Քէշիշեանի Մայր Հայրենիք այցելութիւններուն հոգեկան բաւարարութիւնը։ Ասիկա կը զգացուէր 1967-էն սկսեալ եւ մինչեւ վախճանումէն շուրջ երկու շաբաթ առաջ Հայաստան կատարած 24 այցելութիւններէն իւրաքանչիւրէն վերադարձին։ Զբօսաշրջութեան, պատմական կամ տեսարժան վայրեր տեսնելու համար չէ որ Հայր Սահակ կ’երթար Հայաստան, այլ Մատենադարանին ու Ձեռագրատան մէջ գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ հովուական առաքելութեամբ՝ Սբ. Պատարագ մատուցանելու, հոգեւոր կրթութիւն տալու եւ հարիւրաւոր մկրտութիւններ կատարելու համար գիւղերու մէջ։ Կ’երթար սուրբ գիրքերով եւ վարդարաններով լեցուն ճամպրուկով, որպէսզի զանոնք բաժնէ մկրտածներուն։

1986-ին գացած էր պատօնական հրաւէրով, Երեւանի մէջ մասնակցելու համար Միջին Դարու հայկական գրականութեան միջազգային համագումարին, ուր հանդէս եկած էր «Սուրբ Ներսէս Շնորհալին դիտուած Սուրբ Ներսէս Լամփրոնացիին աչքով» խորագրեալ զեկուցումով մը։

ՀԵՌՈՒ ԻՆՔՆԱԳՈՎԱԿԱՆ ԱՄԷՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵՆԷ

Այս բոլորի եւ իր կեանքի տարբեր հանգրուաններու մասին կը խօսէր զուսպ ոգեւորութեամբ՝ զգուշանալով ինքնագովական ամէն արտայայտութենէ։ Այսպիսի զրոյց տեղի կ’ունենար ամէն անգամ որ իրարու կը հանդիպէինք «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ, ուր մտնելու սովորութիւնը ունէր Պուրճ Համուտէն Ժէիթաուի, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին կից Յիսուսեան Հայրերու իր տունը վերադարձի ճամբուն վրայ, երեկոյեան։ Օրհնաբաշխ ժպիտով մը բարեւելէ ետք համակարգիչներու ետին նստած տղաքն ու աղջիկները, պահ մը կանգ կ’առնէր գրասենեակիս մուտքին՝ սեւ beret-ն գլխուն եւ պայուսակը թեւին տակ։ Կը մերժէր ամէն հիւրասիրութիւն եւ զինք տուն հասցնելու առաջարկս, ըսելով որ «պէտք չէ խմբագրին աշխատանքը խանգարել», նաեւ աւելցնելով որ զինք ճանչցող նախկին աշակերտ մը կը հանդիպի անպայման։ Եւ ինչպէս պիտի չհանդիպեր, երբ նկատի ունենանք որ 1960էն մինչեւ 1998, 38 տարի ամբողջ վարած էր Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին տնօրէնի պաշտօնը, կրթական հաստատութիւն մը՝ հիմնուած իրեն պէս Յիսուսեան բարեհամբաւ ուրիշ հայ վարդապետի մը, Հայր Յովհաննէս Մսըրլեանին կողմէ, 1923ի Մայիսի Մէկին, ուր իբրեւ տնօրէն, տեսուչ, ուսուցիչ կամ հոգեւոր վարիչ պաշտօնավարած Յիսուսեան օտար հայրերէն շատեր ոչ միայն հայախօս էին, այլ հայերէնագէտ եւ հայկական դաստիարակութիւն ջամբեցին ինծի պէս հազարաւորներու։ Եթէ չըլլային Հայր Մսըրլեանին եւ Հայր Սահակ Քէշիշեանին նման զտարիւն նուիրեալներ, ո՞վ պիտի կարենար Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ Հայագիտութեան Ամպիոն մը ստեղծել, ո՞վ հայ գրականութիւն ու մատենագիտութիւն պիտի դասաւանդէր միեւնոյն Համալսարանին մէջ։

Հայր Սահակ Քէշիշեան քահանայ ձեռնադրուած էր կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք մեծանուն Կարդինալ Աղաճանեանին ձեռամբ, հայածէս արարողութեամբ։ Անոր յոգնատանջ մարմինը հողին յանձնուեցաւ յետ հայածէս կարգի, որուն նախագահեց Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ուրբաթ, 26 Օգոստոս 2005ին։ Այդ օր եկեղեցին լեցնող սգակիրները՝ հին ու նոր սկաուտները, տարբեր տարիներու աշակերտները, մտաւորականները, տարբեր դիրքերու ու պաշտօններու տիրացած անձնաւորութիւնները առանց զիրար ճանչնալու, առանց նոյնիսկ իրարու հանդիպած ըլլալու չէին տարբերիր ննջեցեալ Վարդապետին ընտանեկան պարագաներէն եւ միաբանակից հոգեւորականներէն, որովհետեւ նոյնացած էին իրենց մտածումներուն, զգացումներուն ու ապրումներուն մէջ, որոնց աղբիւրը լուսահոգի Վարդապետն էր, Հայր Սահակը, բոլորին սիրոյն ու յարգանքին առարկան դարձած սրբակեաց մարդը, տիպար Հոգեւորականը, մեծ մտաւորականն ու հայագէտը, եւ մանաւանդ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին նուիրեալ ծառան։

01/09/2005